Մեր գրական իրականութիւնը տակաւին տեղ ունի գեղեցիկ անակնկալներու համար։ 2022ին, լոյս ընծայած էինք Կոստան Զարեանի նորայայտ նամակներու փունջ մը, ներառեալ՝ ամերիկահայ նկարիչ Յովսէփ Փուշմանին (1879-1966) ուղղուած նամակ մը, որ կը լրացնէր երեսնամեակ մը առաջ կատարուած հրապարակումը1։ Շնորհակալ են գրագէտի թոռնուհիին՝ բանաստեղծուհի Սիրվարդ Զարեանին (Մոնթրէալ), որ գնահատելով այս հրապարակումը, այնուհետեւ մեր ուշադրութեան յանձնեց մեծ հօր ուղղուած Փուշմանի երեք նամակները, որոնք գրուած են 1930-1931ին։
Այս նամակները կը լրացնեն Զարեանի երկրորդ հայերէն գիրքին՝ Երեք երգեր ասելու համար վիշտը երկրի եւ վիշտը երկնքի (Վիեննա, 1931), հրատարակութեան վերաբերեալ տուեալները։ Այստեղ պէտք է դիտել տալ, որ Փուշմանի եւ Զարեանի փոխյարաբերութեան ոչ բոլոր մանրամասնութիւններ յայտնի են, եւ պէտք է յուսալ, որ յառաջիկային նոր տեղեկութիւններ ի յայտ պիտի գան։ Նամակները կը հրատարակենք նոյնութեամբ, կատարելով անհրաժեշտ ծանօթագրութիւններ։
Ա.
The Park Central
New York
Sept. 23rd 1930
Սիրելի Պր. Զարեան,
Քարդդ ընդունեցինք եւ ուրախ եղանք լսել որ հաճելի վագանձ2 մը կունենաս։
Ինչպէս գիտես քու Veniceը ձգելէդ քանի մը օր վերջը մենք ալ Vienna մեկնեցանք։ Առաջին պատեհութեամբ գացի Մխիթարեան հայրերը տեսայ եւ կարգադրեցինք քու գրքիդ3 տպագրութեան խնդիրը. եւ վստահ եմ թէ անոնք աւելի մաքուր գործ մը պիտի ընեն քան թէ Վէնետիկի [sic] տպարանը պիտի ընէր։
Կը ներփակեմ գրքի երեսի եւ մէջի թուղթերու նմուշները, ինչպէս նաեւ գիրերուն տեսակները։
1 Վարդան Մատթէոսեան, «Կոստան Զարեանի նորայայտ նամակները», Բագին, 2, 2022, էջ 52-63, յատկապէս էջ 55-56։ Տե՛ս նաեւ նոյն, «Կոստան Զարեանի նամակները «Երեք երգեր»ու առիթով», Հանդէս ամսօրեայ, 1-12, 1993, էջ 250, 252-253։
2 Արձակուրդ (ֆր. vacance)։
3 Կոստան Զարեան, Երեք երգեր ասելու համար վիշտը երկրի եւ վիշտը երկնքի, Վիեննա, Մխիթարեան տպարան, 1931, 143 էջ։
Ինծի բաւական թիւով թուղթի նմուշներ ղրկեցին որոնց մէջէն ամենէն լաւը այս ներփակեալն էր։
Երեսի թուղթը, ինչպէս գիտես, որոշած էինք կարմիր ընել. բայց ես կը խորհիմ թէ այս թուխ նմուշը աւելի artistic4 պիտի ըլլայ, որովհետեւ գիրքին մէջի կարմիր գիրերուն հետ հակասական չըլլար
(չեն կռուիր) թէ եւ կարմիր նմուշին թուղթը գէշ չէ. ուստի դուն որը որ աւելի կը սիրես, անմիջապէս գրէ իրենց քու որոշումդ։
Մի քանի օր առաջ գրեցի իրենց, ըսելով թէ – «… ես պրն. Զարեանին կը գրեմ խրկելով իրեն այս նմուշները եւ ինք պիտի գրէ ձեզի իր որոշումը[»]։ Եւ իրենց բացատրեցի այն՝ ինչ որ երկուքնուս գաղափարն էր. գրքի երեսներուն զետեղելու մասին, (կամ տեղադրութեան մասին) բայց որովհետեւ “manuscript ”ը5 չունէի, քիչ մը դժուար եղաւ ճշգրիտ գաղափար մը տալ, ուստի անմիջապէս խրկէ իրենց “manuscript”դ եւ օգնէ կարգադրութեան մասին որպէսզի artistic բան մը ըլլայ, պէտք է շուտով գործի սկսին որպէսզի նոր տարիէն առաջ հոս 100 հատի չափ գիրք ունենանք6։
Ես մեծ յոյս ունիմ որ պիտի կրնանք ծախել. գինին մասին կը փափա քիմ լսել քեզմէ թէ ի՞նչ կը խորհիս որ ուզելու ենք7.ինձ կը խրատեն որ շատ սուղ չուզենք, որովհետեւ գործերը հոս շատ գէշ են8։
Գալէս ի վեր ես շատ զբաղեալ եղած եմ. կը պատրաստուիմ մասնակցելու քանի մը exhibitionներու9 յառաջիկայ ձմեռուան մէջ10։ Յուսամ Տիկինդ11 եւ զաւակներդ12 առողջ եւ հանգիստ են, Տիկինս13 ինձ հետ միացած ձեզ ամենուդ սիրալիր բարեւներ կը խրկենք։
Շատ սիրով
ՓՈՒՇՄԱՆ
Hovsep Pushman
154 West 57th Street
New York N.Y.
U.S. America14
4 Գեղարուեստական (անգլ.)։
5 Ձեռագիր (անգլ.)։
6 Տե՛ս Կոստան Զարեանի նամակը Հ. Մեսրոպ Հապոզեանին, 12 հոկտեմբեր 1930 (Մատթէոսեան, «Կոստան Զարեանի նամակները», էջ 248)։
7 Տե՛ս Զարեանի նամակը Յովսէփ Փուշմանին, 12 հոկտեմբեր 1930, ուր առաջարկած է 3 տոլարի գինը (նոյն, էջ 249)։
8 Նկատի ունի հոկտեմբեր 1929ի Նիւ Եորքի սակարանի անկումէն ետք ծայր առած տնտեսական տագնապը, որ համաշխարհային տարողու թիւն ստացած է։
9 Ցուցահանդէսներու (անգլ.)։
10 Փուշմանի գործերու կարեւոր ցուցահանդէս մը տեղի ունեցած է Փասատինայի (՚ Գալիֆորնիա) Grace Nicolson Galleriesին մէջ, 4-27 փետրուար 1931ին։ Տե՛ս «Նկարիչ Յովսէփ Փուշման», Հայաստանի Կոչնակ, 31 Յունուար 1931, էջ 151. Alma May Cook, “Pushman Gems of Art Shown at Pasadena”, Los Angeles Evening Express, February 11, 1931. «Ամերիկահայ մամուլը կը գնահատէ Փուշմանի գործերը», Հայաստանի Կոչնակ, 4 Ապրիլ 1931, էջ 439։
11 Թագուհի Շահնազարեան-Զարեան (1887-1962), դաշնակահարուհի։
12 Վահէ (1913-1985), Արմէն (1914-1994) եւ Նուարդ Զարեան (1917-2005)։
13 Յուլիա Շալճեան-Փուշման (1874-1966)։
14 Փուշմանի արուեստանոցի հասցէն՝ « Գառնըկի» սրահի համբաւաւոր շէնքին մէջ։
Բ.
Park Central Hotel
New York
Մարտ 1931]15
Սիրելի բարեկամ,
Քու նամակիդ հետ նաեւ ընդունեցի վանքէն գրուած նամակը, ուրախ եմ որ ինձ խրկեցիր16։ Իրենցմէ ես չեմ լսած անցեալ Դեկտ[եմ բեր]էն ի վեր, ան ժամանակ ինձ գրեցին17 ըսելով թէ խրկած են 94 հատ գիրքեր, որ շատ ուշ հասաւ ձեռքս Նոր-Տարիի առթիւ ծախելու համար եւ ծախքը ճիշդ չը գիտնալով ինձ պիտի գրէին… եւ ահա քեզմէ կ'[ը]նդունիմ ծախքին հաշիւը!… Խիստ շատ աւելի քան ինչ որ ինձ գաղափար մը տուած էին. նախ ըսեմ որ սիրտդ հանդարտի, ես իրենց անմիջապէս գրեցի եւ դրամ խրկեցի…18
Աս նիւթին վրայ քու գլուխդ չյոգնեցնեմ. միակ սա ըսեմ թէ աս մարդիկը վանքի մէջ փակուած մնալով երբեք գործի սկզբունք չունին եւ կը վախնամ իրենց հետ գործ ընելու այլ ապագայ Planներուն19 մասին։
Գալով գրքին տպագրութեանմասին, artistic եւ մաքուր է, բայց կազմը շատ խեղճ կերպով ըրած են, ինչու համար երկաթով կապած են եւ ոչ թելով20, եւ փակցուցած Glueն21 խեղճ տեսակէն ըլլալով թերթերը կը թափին։
Կը յուսամ որ դուք [sic] գոհ մնացած ես. գրէք ինձ երկտող մը այդ մասին։
Եւ հիմա ամէն ջանք կը թափեմ որ գէթ ինձ խրկուած 94 թիւերը ծախուին, դժբաղդաբար հոս գործերը անչափ գէշ եղած են Նոր-Տարիէն ի վեր որ անկարելի է հայերը հետաքրքրել այս գիրքով մանաւանդ ան տեսակ գիրք մը որ հոս քիչերը կրնան գնահատել։
Կը ներփակեմ քեզ լրագիրի մէջ գրուածք մը որ բարեկամս գրեց քու գրքիդ մասին22, երբ 20-25 հատ ծախուին քեզ դրամը անմիջապէս պիտի խրկեմ։
Ես վանքը գրեցի որ մնացած գիրքերը քուկդ են, եւ քու տրամադրութեանդ տակ դրած եմ. գրէի րենց եթէ կրնան ծախել թէ ինչ գին կ‘ուզեն որ ծախեն. ես հոս 3.00 տոլար կը ջանամ առնել. երբ յաջողիմ 94 գիրքերը ծախել քեզմէ նորէն կ’ուզեմ…
Իմ ցուցահանդէսս April 10ին է, հոս Նիւ Եորք կը բացուի, շատ յոգնած կ’զգամ, եւ կը փափաքիմ Venice գալ եւ հանգչիլ քիչ մը… տեսնենք…
Կը յուսամ որ բոլորդ ալ աղէկ էք։ Տիկինս ինձ հետ կը միանայ խրկելով քեզ եւ ազնիւ տիկնոջդ եւ զաւակներուդ մեր սիրալիր յարգանքները։
Մնամ անկեղծ
ՅՈՎՍԷՓ ՓՈՒՇՄԱՆ
Գ.
Park Central Hotel
New York
July 7 – 1931
Սիրելի բարեկամ.
“To be and not to be”23 մանաւանդ այս օրերուս՝ որոնց մէջէն կ’անցնինք – շատ պատշաճ հարցում մ[‘]է,… կը փափաքէինք որ այս ամառ, ինչպէս անցեալ տարի, to be in “Venedig”24 հանգիստ ընելու վայելելով անոր գեղեցկութիւնը, սակայն ինչպէս կը տեսնես նամակէս տակաւին Նիւ-Եօրք ենք եւ հոս պիտի մնանք մինչեւ Sept[ember] 15 –
Այս ամառ ստիպուեցանք յետաձգել մեր ճամբորդութիւնը ոպէսզի կարենամ լմնցընել քանի մը նկարներ գալիք աշնան երկու ցուցահանդէսներու համար որ Galleryին25 [sic] կարգադրած է տալ եթէ ամէն բան լաւ երթայ, կը յուսանք աշնան ալ սկիզբը Paris ըլլալ եւ գուցէ անցնինք Venice եթէ թելադրեն թէ աշնան լաւ կ[‘]ըլլան հոդ26։
Գալով Վենետիկ ցուցահանդէս մը տալու՝ գաղափարը լաւ է բայց դժբաղդ մասը ան է որ չունիմ շատ թիւով նկարներ որ կարենամ թէ հոս եւ թէ հոդ զօրաւոր ցուցահանդէսներ տալ։ Թէեւ յարմար պարագայի մը տակ կրնաս խօսիլ Mr. Maraini[ի]27 հետ այդ նիւթին շուրջ գտնալու թէ, եթէ ես ջանամ կարգադրել իրենք պիտի ուզե՞ն տրամադրութեանս տակ դնել դահլիճ մը միջազգային ցուցահանդէսին մէջ28։
Չեմ կարծեր թրէ ինձ կարելի պիտի ըլլայ 1932ին ցուցադրել հոդ. Բայց եթէ հրաւէր տան կը ջանամ 1934ին զօրաւոր exhibitionով մը երեւալ29:
Կը գնահատեմ որ իմ մասիս հոգ ունիս:
Քու գիրքերուդ մասին տակաւին մեծ բան մը ըրած չենք. Հոս գործերը շատ գէշ ըլլալուն համար, քանի մը միայն կրցած եմ ծախել բարեկամներու[.] կը ներփակեմ 25.0030 «տրաֆթ»31 մը եւ կը յուսամ մօտիկ ապագային աւելի յաջող կ[‘]ըլլայ։
Ընդունիր սիրալիր բարեւներ կը խրկենք ձեր ամէնուդ:
Քոյրդ Յ. ՓՈՒՇՄԱՆ
23 «Ըլլալ եւ չըլլալ» (անգլ.)։ Ուիլիըմ Շէյքսփիրի Համլէթի “To be or not to be” խօսքին մէկ տարբերակը։
24 « Վենետիկ ըլլալու համար» (անգլ.)։ Venedig բառը գործածուած է հայերէն ձեւի նմանութեամբ։
25 Կ’ակնարկէ Grand Central Art Galleriesին, որ 1923-1966ին Փուշմանը ներկայացնող պատկերասրահն էր։
26 Էջի լուսանց քին վրայ, Թագուհի Զարեանի ձեռագրով գրուած է՝ «եթէ Palouian ղրկէ 1500 լիր կայ ընդամէնը 900 – կարասի = 350 deposito մեր ընդունած ամսականէն ամսավարձքը կու տանք։ Ուստի կրնանք շարժիլ սեպ[տեմբեր] 7ին առանց ոչ մի սանթիմ շփրթելու [sic]։ Լաւ որ տղաքը խոհեմ են եւ մատիտը ձեռքերնին հաշիւ կ’ընեն։ Վահէն գնաց ըսաւ որ օգ[ոստոս]ը հոն կը մնանք, ուստի գիրքը մօտն է»։ Հրանդ Բալուեան (1903-1966)՝ ֆրանսահայ գրադատ ու Զուարթնոց պարբերաթերթի խմբագիր։ Զարեան աշխատակցած էր Զուարթնոցին անոր առաջին շրջանին (1929-1931), ինչպէս եւ այնուհետեւ։
27 Անթոնիօ Մարայինի (1886-1963), իտալացի արձանագործ, Վենետիկի երկամեայ ցուցահանդէսի ընդհանուր քարտուղար 1928-1942ին։
28 Նկատի ունի Վենետիկի երկամեայ ցուցահանդէսը (Biennale)։ 18րդ ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է 28 – ապրիլ 1932ին:
29 Կողքին, Թագուհի զարեան մատիտով աւելցուցած է՝ «անպատճառ պէտք է յաջողացնել ցուցահանդէսը»:
30 Dollar բառի ամերիկեան հնչողութեան ամերիկահայ տարբերակը:
31Անգլ. draft, դրամատան կողմէ վճարման գրաւոր հրահանգ:
15 Նա մա կը պէտք է գրո ւած ըլ լայ Փուշմանին ուղղուած Զարեանի 26 փետրուար 1931 նամակէն ետք, ուր յայտնած է, թէ «քանի մը անգամ ձեզ գրած եմ, բայց մինչեւ հիմա ոչ մի պատասխան նամակներիս չստացայ» (Մատթէոսեան,» Կոստան Զարեանի նամակները», էջ 252)։
16 26 փետրուար 1931ի նամակին հետ ներփակուած էին Վիեննայի Մխիթարեան վանքէն ստացուած երկու նամակներ (տե՛ս նոյն)։
17 Տե՛ս նաեւ Զարեանի նամակը Փուշմանին, 16 դեկտեմբեր 1930 (նոյն, էջ 251)։ Մխիթարեան հայրերու կողմէ գրուած նամակները պահպանուած չեն։
18 Յետ գրութեան մէջ, Զարեան յայտնած էր. «Բաւականի մեծ հաշիւ են ղրկել. չգիտեմ դուք իրենց հետ քանի՞ էի[ք] որոշել եւ ի՞նչ է իրենց աւելացրած գումարը» (նոյն, էջ 253)։
19 Ծրագիրներուն (անգլ.)։
20 Նոյն դիտողութեան համար, տե՛ս նաեւ Զարեանի նամակը Հ. Մեսրոպ Հապոզեանին, 23 դեկտեմբեր 1930 (նոյն, էջ 251)։
21 Սօսինձ (անգլ.)։
22 Չենք կրցած պարզել այս գրութեան տուեալները։
Չեմ կար ծեր թէ ի նձ կա րե լի պի տի ըլ լայ 1932ին ցու ցադ րել հոդ. բայց ե թէ հրա ւէր տան կը ջա նամ 1934ին զօ րա ւոր exhibitionով մը ե րե ւալ29:
Կը գնա հա տեմ որ իմ մա սիս հոգ ու նիս։
Քու գիր քե րուդ մա սին տա կա ւին մեծ բան մը ը րած չենք. հոս գոր ծե րը շատ գէշ ըլ լա լուն հա մար, քա նի մը հատ մի այն կր ցած եմ ծա խել բա րե կամ նե րու[.] կը ներ փա կեմ 25.00 տա լեր30 «տ րաֆթ»31 մը եւ կը յու սամ մօ տիկ ա պա գային ա ւե լի յա ջող կ[՚]ըլ լայ։
Ըն դու նիր սի րա լիր բա րեւ ներ կը խր կենք ձեր ա մէ նուդ։
Քոյդ Յ. ՓՈՒՇ ՄԱՆ
րիլ – 28 օ գոս տոս 1932ին։
29 Կող քին, Թա գու հի Զա րե ան մա տի տով ա ւել ցու ցած է՝ «ան պատ ճառ պէտք է յա ջո ղաց նել ցու ցա հան դէ սը»։
30 Dollar բա ռի ա մե րի կե ան հն չո ղու թե ան ա մե րի կա հայ տար բե րակ։
31 Ա նգլ. draſt, դրա մա տան կող մէ վճար ման գրա ւոր հրա հանգ։
ԹԻՒ 2 2024 | 45