ԱՒԵԼԻ քան դարէ մը ի վեր, Գրիգոր Զօհրապի կեանքն ու գործունէութիւնը լայնօրէն լուսաբանուած են գրականութեան մէջ, բայց միշտ պէտք է պատրաստ ըլլալ անակնկալներու եւ նորութիւններու։     Օսմանեան Սահմանադրութեան վերականգնումէն ետք (1908), Զօհրապի հանրային գործունէութիւնը թէ՛ իբրեւ Խորհրդարանի հայ երեսփոխան եւ թէ՛ իբրեւ Ազգային Երեսփոխանական Կարդալ աւելին
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ Լեւոն Էսաճանեան (1885-1935) 1900ական թուականներուն հրապարակ իջած եւ արեւմտահայ գրականութեան պատմութեան մէջ տեղ չգտած անուններու փաղանգին մաս կը կազմէ։ Անոր մահուան առիթով, գրադատ Մկրտիչ Պարսամեան կը գրէր.
Էսաճանեան մէկն էր անոնցմէ, որոնք ընդունակ էին արուեստի խենթութեան համար զոհելու ամէն բան, բացի իրենց անհատականութենէն, բարձրէն Կարդալ աւելին
    Այս հատորին կազմութիւնը, խմբագրութիւնը եւ ծանօթագրութիւնը կատարած է Վարդան Մատթէոսեան, որու գրական վաստակին մէջ նկատառելի տեղ կը գրաւէ... Կարդալ աւելին
Վարդան Մատթէոսեան եւ Արծուի Բախչինեանի հեղինակած այս աշխատութիւնը արդիւնքն է երկու տասնամեակներու հետազօտութեան, որուն սկզբնական արդիւնքը լոյս տեսած էր հայերէն... Կարդալ աւելին
1.
1960ական-1970ական թուականներու անկիւնադարձին մանրամասն արժեւորումը դեռ ապագայի գործ կը մնայ, որուն համար պէտք է հաշուի առնել Լիբանանէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա եւ Ֆրանսայէն մինչեւ Հիւսիսային Ամերիկա խաչաձեւ ու զուգահեռ հոսանքները իրենց բազմաթիւ երեսներով, նաեւ՝ Հայրենիքի ու Սփիւռքի միջեւ գոյացած անջրպետը չափով մը...
  Կարդալ աւելին
Խօսող լերան պատմութիւնը հատորը ի մի կը բերէ Վեհանոյշ Թեքեանի գրական խոհագրութիւններու շարք մը, գրուած՝ երեք տասնամեակներու ընթացքին (1984–2015)։ Հեղինակը իր հայեացքը սեւեռած է Սփիւռքի վրայ, ու այդ նպատակով՝ տարբեր ժամանակներու գրուած ու տարբեր Կարդալ աւելին
Բերիաշէն
Հայկական մտածողութեան մէջ «Հարաւ»ի գաղափարը գրեթէ անգոյ է, նշած է Վարդան Մատթէոսեան։ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի սահմանումները տիրապետած են մեր իրականութեան։ Հետեւաբար, Սփիւռքի հարաւային գաղութները, արդէն հարիւրամեայ Արժանթինի գաղութը (եւ թերեւս աւելի նոր... Կարդալ աւելին