Այս հատորին կազմութիւնը, խմբագրութիւնը եւ ծանօթագրութիւնը կատարած է Վարդան Մատթէոսեան, որու գրական վաստակին մէջ նկատառելի տեղ կը գրաւէ Զարեանի կեանքին ու գործին ուսումնասիրութիւնը։
Կղզին եւ մի մարդ առաջին անգամ լոյս տեսած է 1955-ին՝ Հայրենիք ամսագրին մէջ (գիրքով` 2016-ին Հայաստանի մէջ)։ Հեղինակը իր վիպակին նիւթը քաղած է իտալական Իսկիա կղզիի իր կեցութեան տարիներէն, կերպարներու շարքին ներկայացնելով իր վաղեմի բարեկամ՝ անգլիացի նշանաւոր գրագէտ Լօրընս Տառէլը։ Վերջինիս Պրոսպերոյի կղզին ուղեգրութիւնը, որուն կերպարներէն մէկը Զարեանն է եւ որ կը պատմէ անոր տարիները յունական Գորֆու կղզիին մէջ, հայերէնի թարգմանած է հանգուցեալ դոկտ. Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան։
Ներկայ հատորը առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացնէ երկու գրագէտներու յարաբերութեան ամբողջական թղթածրարը։ Այդ նիւթերը մեծաւ մասամբ այս հատորին համար թարգմանած ու հրատարակութեան պատրաստած է Վ. Մատթէոսեան։