«Երկիր մոլորակին վրայ, մարդ արարածը միշտ ենթադրած էր թէ ինք աւելի խելացի էր քան դելփինները, որովհետեւ այնքան աւելի մեծ ձեռքբերումներ իրագործած էր – անիւը, Նոր Եորքը, պատերազմներ, եւայլն – մինչդեռ միակ բանը որ դելփինները գիտէին ընել՝ ջուրին մէջ տապլտկելով զուարճանալ էր։ Բայց հակադարձաբար, դելփինները միշտ հաւատացած էին թէ իրենք շատ աւելի խելացի են քան մարդը – ճիփ-ճիշդ նոյն պատճառներով»։ Արթիւր Տէնթի համար սովորական Հինգշաբթի առաւօտ մըն է, մինչեւ այն ատեն՝ երբ տունը կը սկսի քանդուիլ։ Շատ չանցած՝ Երկրագունդն ալ կ՚ենթարկուի նոյն ճակատագրին, գերանջրպետային ճեպընթաց նոր երթուղիի մը տեղ բանալու համար, իսկ Արթիւրի լաւագոյն բարեկամը կը յայտարարէ որ ինք արտմոլորակային մըն է։ Սա պահուս անոնք սանձարձակ կը սուրան անջրպետին մէկ կողմէն միւսը, հետերնին առած միայն անձեռոց մը ու գիրք մը, որուն վրայ ծաւալուն ու համակրելի գիրերով դրոշմուած է՝ ԱՌԱՆՑ ԽՈՒՃԱՊԻ։
Գիրքը Աստղագնաց ճամբորդին ուղեցոյցն է եւ շաբաթավերջը դեռ նոր կը սկսի։