Արլէն Թենի,
Կիրքով ըսելու՝ ինչո՞ւ հոս եմ լոյս
ԱՐԻ Գրականութեան Հիմնադրամ
Երեւան, 2021

Հատորը լոյս տեսած է 2021ի դեկտեմբերին, Երեւան, ԱՐԻ Գրականութեան Հիմնադրամ հրատարակչութեան կողմէ, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան աջակցութեամբ։ Բովանդակութիւնը կազմուած է բանաստեղծութիւններէ եւ սակաւաթիւ արձակ կտորներէ։ Հատորի աւարտին, Յակոբ Կիւլլիւճեան իր «Յետգրութիւն»ին մէջ կը նշէ թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ ամերիկածին անձի մը կողմէ հայերէնով ստեղծուած ու լոյս տեսած գեղարուեստական գրականութեան առաջին ամբողջական հատորն է այս, աւելի քան դարէ մը ի վեր։ Ան վեր կ՚առնէ նաեւ այն բացառիկ իրողութիւնը, որ կը վերաբերի չափահաս տարիքին հայերէն սորված հեղինակի մը, լեզուն որդեգրած կամ «հայրագրած» անձի մը, որ արեւմտեան Սփիւռքի մէջ լեզուին ու գրականութեան կարելիութիւնը կ՚ապացուցէ։ Շապիկի ձեւաւորումը՝ Մէյկըն Արլէնի։