Բագինի այս բացառիկ թիւին համար ակնարկ մը պէտք է գրեմ գրողի մը մասին, որ գլխաւորաբար կարելի է որակել իբր վերլուծաբան կամ մտածող։ Ներկայ անձնական դժուարութիւններու բերումով զուրկ ըլլալով անոր վաստակին շուրջ վերլուծական ուսումնասիրութիւն մը հրամցնելու կարելիութենէն, խոնարհաբար պիտի մնամ այդ հեղինակի առկայութեան երեւոյթին եւ իր շուրջ դասուած հանգամանքներուն մասին փոքր ինչ խորհրդածելու սահմաններուն մէջ։ Այդպիսի մտադրութիւն մը, այնուամենայնիւ, չի դադրիր մտորում մը ըլլալէ՝ ըստ երեւոյթին մահամերձ ազգի մը մահապարտ մէկ լեզուին հոգեվար մտաւոր կեանքին շուրջերը դարձող, սլքտացող. չհամարձակող՝ բարձրաձայնելու շատերուս վախերը։
ՈՐՄՆԱՆԿԱՐՆԵՐՈՎ զարդարուն ձեղունը, անոր շուրջ ոլորուող ոսկեզօծ նաշխաքանդակները, Օգոստոսի քրտնախաշ օդին ծանրութիւնը, պատուհաններուն միւս կողմը վենետիկեան նաւերու օրօրուն սահանքը՝ ոչինչ կարծես այդ օր մեր հետաքրքրութիւնը կրնար անջատել բեմի սեղանին ետեւ նստած ու երկար-բարակ փաստարկումներ կատարող այս մարդոց ըսածներէն։ Անոնց շարքին կեդրոնական դէմքն էր մէկը, որ առաջին անգամ կը տեսնէի՝ ֆրանսահայու թեթեւ շեշտով մարդ մը, որ Մարկ Նշանեան կը կոչուէր, եւ որուն չէր պակսեր նոյնքան ֆրանսահայ յիշեցնող գերակայ քմծիծաղ մը որ կը գծուէր բերնին շուրջ երբ փաստարկումներու բուռն շարք մը հոսեցնէր։
Չեմ յիշեր անգամ թէ ինչի՞ մասին էր քննարկուող նիւթը, սակայն երբ ներկաներուս առիթ տրուեցաւ հարցնելու կամ մեկնաբանելու՝ երիտասարդական յախուռնութեամբ հակաճառող հարցադրում մը ըրած ըլլալու էի։ Եւ ահա յաջողեր էի գրգռել թատերականութիւնը փիլիսոփայութեան միացուցած ու հաւանաբար այդպիսով ալ երկուքը հետաքրքրական դարձնող այդ մարդը, որ հիմա սկսեր էր պորպռալու բեմէն։ Հաւաքը անմիջապէս ետք աւարտած ըլլալով, փորձեր էի անծպտուն կծիկս դնել, դէմ-դիմաց չգալու համար իրեն։ Սակայն ահա, սրահի նախագաւիթին մէջ խռնուած մարդոց մէջ՝ կռնակէս կրկին իր բարձրաձայն կանչը կը լսէի. «Դո՛ւն, դո՛ւն, հո՛ս եկուր…», ու ձեռքով ուսէս բռնած՝ «ո՞ւր կ՚երթաս. կեցի՛ր»։
Պատրաստ՝ ընդհարումի մը, ետ դարձայ. «Բարեւ»։ Հարցուց. «Ո՞վ ես դուն», ու անմիջապէս՝ «դուն այդ սքանչելի հայերէնդ ո՞ւր սորված ես»։ Օ՜, ուրեմն կռիւ չկար։ Յաջորդ վայրկեանները, ինչպէս նաեւ յաջորդ շաբաթները, ամիսներն ու տասնամեակները զբաղեցուցեր ենք զրուցելով այդ հայերէնին ու այդ հայերէնով գրուած ու չգրուող միտքերուն մասին։ Սրճարաններու մէջ՝ Վենետիկէն Փարիզ, Լոս Անճելըսէն Լիզպոն։ Հոս ու հոն խօսեր եմ իր մասին, քանիցս գրախօսեր, ուսանողներուս ծանօթացուցեր՝ մեր լեզուին մէջ սակաւադէպ իր մօտեցումներն ու վաստակը, դասաւանդեր իր միտքերը, բազում առիթներով բնակարանս կիսեր իր հետ՝ ընտանիքի անդամի պէս, ժամերով վիճաբանելու համար Ֆուքոյի կամ ոեւէ ուրիշ հեղինակի այս կամ այն եզրի թարգմանութեան այլընտրանքներուն մասին, ողբալու մտքի սովն ու նաեւ լեզուի տարածուող սովը, կամ յուսադրուելու՝ նոր կարելիութիւններով։
Երբ ծանօթացանք՝ դեռ ոչ ոք կը համարձակէր հայերէն-արեւմտահայերէն քստմնապիղծ երկուութիւնը բերանն առնելու մոլորութիւնը ունենալ, տակաւին ջուրի երես չէին ելած արեւելեան Հայաստանի բնակիչներէն անոնք, որոնք արեւմտահայերէնը հետագային պիտի շփոթէին գրաբարի հետ՝ մեկնելով անգիտութենէ թէ կայենաբարոյ չարամտութենէ։ Սփիւռքը, թէեւ իր տեւականութեան հանդէպ կասկածոտ կեցուածքով, սակայն դեռ գիտէր կամ գոնէ կը ձեւացնէր թէ տե՛ղ մը կ՚երթար. տակաւին ունէր կեդրոններ, լեզուէն չհրաժարած կազմակերպութիւններ, մտքի ու մշակոյթի նուիրեալներ՝ ի տարբերութիւն ներկայ համայնակուլ անհատակեդրոնութեան, ազգայինի պատրուակով նիւթականով շլմորող ղեկավարներու բազմացումին, այլեւայլ առատ տրտունջներու, ինչպէս նաեւ հեռանկարներու յոգնաթշուառ աղօտութեան։ Օր մը, երբ երկուքիս ալ կողմէ բաժնուած հիասթափութեան եւ ցասումի մէկ պահուն՝ կ՚առաջարկէր որ Սփիւռքի անկախութեան մանիֆեստ մը գրեմ ու ստորագրահաւաք կազմակերպենք, դեռ կարելի էր մտածել որմէ՞ կամ ինչէ՞ն անկախանալու մասին, որ այսօր դժուար է պատկերացնել ի տես հոս եւ այնտեղ տարածուող կազմալուծումին, որ կ՚ընդգրկէ նաեւ արեւելեան Հայաստանի՛ լեզուն, տնտեսութիւնը, ֆիզիքականն ու յատկապէս ժողովրդագրութիւնը։
Մարկ Նշանեան սկսեր էր արդէն հոսանքն ի վեր իր մտաւորական պայքարը. գրադատել, տեսաբանել, թարգմանել, փիլիսոփայել, հրատարակել՝ հայերէնով զբաղողները մղելու համար դէպի մտածելու—լրջօրէն մտածելու— սովորութիւնը, յատկապէս այդ ճիգէն հեռու մնացած արուեստի մասին։ Պնդել ատոր անհրաժեշտութեան՝ խօսքով եւ գործով։ Բազմահարիւր էջերով Կամերէն սկսած մինչեւ աղէտի եւ մեր լեզուի ու մշակոյթի առնչութեանց վերլուծումները՝ քանի հատորներով։ Լճացման ու մտաւոր կղզիացման արմատներու փնտռտուքով՝ գեղագիտական ազգայնականութեան երեւութապէս արդար թէ մոլոր շաւիղներուն մէջ։ Թարգմանական տեսութեան անդրադարձով ու թեւերը սօթտած՝ ինքն իսկ ձեռնարկելով հետզհետէ աւելի ստուարաթիւ թարգմանութիւններու արտաշխարհի մտածողութենէն. Նիցչէէն Ֆուքօ, Պլանշօ, Ակամպէն եւ ուրիշներ։
2006ին, Կամի մէկ գրախօսութեանս մէջ հիմնական հարցադրումը կատարեր էի իրեն պէս մարդոց մասին, որոնք «իրենց գրիչները կը շարժեն մարդու մտածողութեան եւ արուեստին վերջնագոյն պտուղները բերելու համար այստեղ, սակաւաթիւ մարդոց կողմէ խօսուող ու սակաւագոյն մարդոց կողմէ կարդացուող լեզուի մը մէջ։ Ու ատոր վրայ կը բարդեն սեփական մտամարզանք, իւրովի մտածողութիւն»։ Թարգմանութեան ու մտածումի այս աշխատանքին մասին խօսելով, Նշանեան կը շեշտէր, որ «իրապէս ապրող մտածողութիւնն է, որ մուտք կը գործէ մեր անդաստանէն ներս. մտածողութիւն մը, որուն պէտք ունինք մեր կարգին մտածելու համար», աւելցնելու համար. «Եւ ուրեմն յանկարծ այն տպաւորութիւնն ունինք, որ հայերէնն ալ կրնայ եղեր մտնել մտածումի աշխարհէն ներս, հետաքրքրուիլ իր շրջակայքով։ Ուղեղային լճացումի տարիներէն դուրս ելած ենք կարծէք, ազգովին»։ (Դժուար է այստեղ չկրկնել համալսարանական ուսանողներու կողմէ գրեթէ իւրաքանչիւր դասընթացքի աւարտին հնչող նոյնատիպ զարմանքը. «Բնաւ չէի երեւակայեր որ հայերէնն ալ այսպիսի բաներ կրնայ մտածել ու ես կրնամ այդ մտածումները խօսիլ ու գրել հայերէնով». պարզ է՝ ուսանողներու այդ գիւտը մասամբ արդիւնք է Նշանեանէն եւ իրեն պէս քիչերէն մեր դասընթացքներով միջնորդուած ազդեցութեան)։ Քիչ մը եւս պէտք է իրմէ մէջբերել յստակօրէն բնութագրելու համար իր աշխատանքներուն հասարակաց յայտարար եղող այդ նպատակայնութիւնը. «Եւ ուրեմն հիմա վերջապէս՝ կը թարգմանենք, վերջապէս կը շփուինք արտաշխարհին, վերջապէս կ՚ընկալենք օտարը, կը փորձընկալենք մենք զմեզ, մեզմէ դուրս»։ Ու կը դրուի միաժամանակ դիպուկ, խոր եւ պայթուցիկ հարցականը, թէ «արդեօք արդիական ու ժամանակակից դառնալու վրա՞յ ենք։ Մենք մեր ժամանակակիցնե՞րը»։
Նշանեանի ակնարկելով, ուրիշ առիթով կ՚ըսէի՝ այս վաստակով շեշտել ուզուածը պարզ այն է, որ հայերէնով գրաքննադատութիւն եւ փիլիսոփայութիւն հրատարակելը հիմնակա՛ն որոշում է։ Օշականի մահէն ետք արեւմտահայ շուկայի վրայ երկար պարապ մը եղած է արհեստավարժ գրադատներու եւ մտածողներու։ Հարկ է ստեղծել լեզու մը ատոր համար, բանալ տեսադաշտը, եւ գիրին յանձնել մտածողութիւնը։ Մտածել (վերջապէս, գոնէ հիմա) աղէտը, վերապրումը, մե՛ր՝ երրորդ-չորրորդ սերունդեան աղէտները, սփիւռքը, եւ ամենէն առաջ ու ամենէն յետոյ, մտածել արուեստը։ Նաեւ՝ մտածել ու խօսիլ մահը նախքան անոր մեզ կլանելը, մեր իսկ ձայնով զայն բացատրելու, դրոշմելու, արձան-ա-գրելու կարելիութեան հետ միասին, մէկ պատառով։
Վերջերս է միայն, որ մասամբ Նշանեանի արտադրութիւններու մղումով, արեւմտեան հայագիտութիւնը սկսած է շեշտել մտածումի տարրը։
Դեռ լաւատես էինք այն ժամանակ, հազիւ կէս սերունդ առաջ։ Այն ատեն գլխաւոր մտահոգութիւնը ոչ թէ լքումն էր (Վեհանոյշ Թեքեանի բառերով՝ «ողջերու անդորրութիւն մահասարսուռ» եւ «անձայնութիւնը, … ո՛չ թէ ձայնի չգոյութիւնը»), այլ կաղապարներէն հեռանալ ժպրհողին ու միտքերը քիչ մը բարդացնողին դէմ աւանդական մտաւորականութեան կողմէ անտեսող եւ անգամ երբեմն թշնամական կեցուածքը, որ յետոյ եւս պիտի շարունակուէր, Նշանեանի պարագային տարածուելով նոյնիսկ ակադեմական պաշտօններ գրաւելու կարելիութեան դէմ շղթայազերծուած խուլ հակառակութիւններու։ Դժբախտաբար այս վերջինը դրսեւորումներէն մէկն է միայն այն գործելաձեւին, որ քիչ մը ամեն տեղ տիրական կը թուի ըլլալ այն հանգոյցներուն մէջ, որ հանգիտութեամբ կարելի է կոչել «ակադեմաճարտարարուեստակա համալիր»։ Ասոնք է, որ երկար ատեն հայագիտութիւնը սահմանափակած են բանասիրութեան անունին տակ տիրական դարձած բնագրագիտութեան ծիրին մէջ՝ համեմուած արեւելասիրական (orientalism) նկրտումներով։ Վերջերս է միայն, որ մասամբ Նշանեանի արտադրութիւններու մղումով, արեւմտեան հայագիտութիւնը սկսած է շեշտել մտածումի տարրը։ Այդ գործընթացը սակայն դարձեալ ունի իր խոցելի կողմերը՝ շատերը չէ որ հայերէն աղբիւրներն ու հայերէն վերլուծական արտադրութիւնները ուսումնասիրելու հակումն ունին, ու դեռ նուազ՝ ակադեմականօրէն անշահ այդ լեզուով գրելու։ Այս բոլորին մէջ տակաւին կարելի է ընդնշմարել թէ ինչպէս հին արեւելասիրութիւնը դերակատար կը մնայ. ան այսօր կու գայ զգեստաւորուած ժամանակակից նորոյթի (մերթ մոդայիկ, մերթ արդէն հինցող) տիրական տեսութիւններու պատմուճանով՝ յետ-գաղութարարական տեսութենէն հաւասարապաշտութեան ու խտրականութեան տարբեր կիրարկումները եւ անոնց խաչաձեւման գօտիները (հատումայնութիւնները՝ «էլիտար» լեզուով)։ Դժբախտաբար սակայն անոնք եւրոամերիկեան տագնապներու ակնոցին ետեւէն կատարուած վերլուծումները գրեթէ հում-հում կը տարատնկեն հայկական աշխարհ։ Հակազդելու եւ ուղղութիւնը սրբագրելու միջոցը՝ դուրսը հոս բերելուն զուգահեռ, ա՛յս լեզուի եւ ա՛յս ընկերութեան ակունքներէն ել լող տուեալներով մտածելն է. քիչ մը աւելի դժուար աշխատանք, այնպէս ինչպէս ցարդ փորձեր է կատարել Նշանեան։
Շատեր կը կարծեն կամ նոյնիսկ աներկիւղ համոզումը ունին այն մասին, թէ հայ գրողներու շուրջ հայերէնով գրադատողին գործը նարկիզներու ածու մը ջրելն է, ըլլան ատոնք բեղմնափոշիով յորդուն ու հոտաւէտ թէ անբոյր ու անօգուտ բոյսեր, ըլլան հեզ թէ կոկոզավիզ, քանի որ դժուար է գտնել գրող առանց այդ օրհնեալ նարկիզին։ Գերնօսրացած, իրերածանօթ մեր շուկային մէջ գրախօսին համար ուրիշ ի՞նչ կարելի է բացի քաջաբար շ լռելէն։ Ի վերջոյ գրողի մը՝ իր տողերը ասոր անոր չծախելն իսկ արժանիքի կը վերածուի կարծես երբ անապատի բնակիչներ ենք, անկախ այդ տողերու արժանիքէն։
Շեղեցայ։ Շեղումներու հաւաքածոյ մը եւս՝ Նշանեանի վաստակը, նոյնիսկ պատմագրութիւնը քննադատելու ելած ատեն, քանի որ ատոր կարելիութիւնը փիլիսոփայութեամբ ժխտելէն աւելի՝ ի՞նչ շեղում։ Սակայն հասկցո՞ղը չկայ, թէ՞ այդ բարդ միտքերուն ժամանակ յատկացնողը։ Դուն եկուր, սա հաւաքականութեան առանցքային մտահոգութեան ու մտասեւեռումին՝ ցեղասպանութեան յղացքին կարելիութի՛ւնը խնդրականացուր, հատոր մը բաց «ցեղասպանութիւնը իրողութիւն մը չէ» նախադասութեամբ (ոչ թէ մերինը, այլ այդ յղացքին իրողական պատմականացման կարելիութիւնը), ու մարդ չելլէ ու չըսէ՝ «ի՞նչ կ՚ըսես», առանց բան հասկնալու՝ զոբաճիները մէջտեղ չնետէ քեզի դաս մը տալու, անգամ բա՛ն չըսէ, որովհետեւ չէ կարդացած։ Մարդ չհասկնայ, որ խորհրդարաններու եւ ծերակոյտերու անարգանքները, պատմագիրներու սեթեւեթումները, ցեղասպանութիւններու եզակիութիւն հոլովող ու քեզ ժխտող պատիր մտաւորականներու բոլոր պնդումները այդ գիրքով կարծես ջրուեր են, մտածումի ուժեղ հարուածով. այնքան ուժգին, որ պատասխանելու համարձակող չէ եղած։ Բոլոր միւսներու ցաւերուն հանդէպ բացառողական (exclusionary) կեցուածքը յաջողեր է իմաստազերծել Նշանեան՝ իր ու մեր աղէտին շուրջ կապելով նոր իմաստաւորում։ Իսկ մեր պարտէզին բնակիչներէն ատիկա կարդալու եւ մտաւոր զրահի վերածելու կոչուածերը անգիտացած են զայն քանի որ, ի վերջոյ, բանաձեւ մը եւս պէտք է վաւերացնել այսինչ գաւառին այնինչ գիւղի խորհուրդին կողմէ ու ցնծալ։
Մարդ չհասկնայ, որ խորհրդարաններու եւ ծերակոյտերու անարգանքները, պատմագիրներու սեթեւեթումները, ցեղասպանութիւններու եզակիութիւն հոլովող ու քեզ ժխտող պատիր մտաւորականներու բոլոր պնդումները այդ գիրքով կարծես ջրուեր են, մտածումի ուժեղ հարուածով. այնքան ուժգին, որ պատասխանելու համարձակող չէ եղած։
Հարցը միշտ մտածելու անհրաժեշտութեան շուրջ կը դառնայ։ Գիտաժողով կազմակերպելու առիթով անգամ, մերազն ակադեմական աշխարհի որոշ անդամներ քմծիծաղով պիտի ըսեն՝ «ո՞վ կը հասկնայ զինք»։ Ճիշդ ինչպէս Հայաստանի աւագները խոշոր, աւանդական թնդանօթ ուզեր են ու արհեստագիտութեան համար արժանի ժամանակ ու դրամ չեն յատկացուցած եղեր, հայ մտաւորականները եւս գեղեցիկ բառեր կ՚ուզեն, թնդուն ու մեծխօսիկ գաղափարներ, յանգ ու վանկ, ոտանաւոր, հարիւրյիսունամեայ քարոզ ու նշանախօսք։ Վայրկեան մը կանգ առնելու, յամենալու, մտածելու ժամանակ չկայ։ Մտածելու համար պէտք է բացուիլ դէպի դուրս, իսկ բացուողը կ՚աքսորուի միջին ու միջակ— բայց մեծամասնական—մտաւորականութենէն։
Իսկապէ՞ս։
Շուրջս նայելով տակաւ նշաններ կը տեսնեմ, որ ատիկա հաւանաբար այդքան ալ ճիշդ չէ այլեւս։ Այլազան տեղեր խարսխած սերունդ մը յառաջացած է Նշանեանի եւ սակաւ նմաններու ազդեցութեամբ։ Սփիւռքի մէջ անոնց մէկ մասը թերեւս մնայ հայերէնով սոսկ ընկալողի դիրքին մէջ ու արտադրէ միայն այլ լեզուներով։ Կան նաեւ անոնք, որոնք իրմէ եւ միւսներէն ներշնչուելով կը վերադառնան ստանձնելու մեռած լեզուն։ Յարակարծօրէն, այդ մահը վաւերագրողները, փաստարկողներն ու բարձրաձայնողներն է որ զայն կը կենսաւորեն, նորեր կը ներշնչեն, սուգի ընդմէջէն նոր աւանդ կը ստեղծեն ու զայն ու լեզուն փոխանցելի, ստանձնելի, տեսականօրէն շարունակելի կը դարձնեն։ Կամ ալ միայն երազելի. բայց չէ՞ որ Երազն անմահ էր։
Այլազան տեղեր խարսխած սերունդ մը յառաջացած է Նշանեանի եւ սակաւ նմաններու ազդեցութեամբ։ Սփիւռքի մէջ անոնց մէկ մասը թերեւս մնայ հայերէնով սոսկ ընկալողի դիրքին մէջ ու արտադրէ միայն այլ լեզուներով։ Կան նաեւ անոնք, որոնք իրմէ եւ միւսներէն ներշնչուելով կը վերադառնան ստանձնելու մեռած լեզուն։
Միւս կողմէ կայ Հայաստանի մէջ կազմուող հետեւորդներու խումբ մը, որ հետզհետէ կը ստուարանայ։ Հայաստանեան հրատարակիչներ կը տպեն ու կը տարածեն Նշանեանի եւ այլ սփիւռքահայ գրողներու հատորները նաեւ Հայաստանի մէջ, ուր անոնք ո՛չ միայն նոր գաղափարներ կը ներմուծեն, այլեւ արեւմտահայերէն արտադրութիւններու հանդէպ թշնամանքէն ու անտարբերութենէն կը սկսին բան մը զեղչել, նոյնիսկ դրական մօտեցումներ յառաջացնելով։ Ասոնց զուգահեռ կայ նաեւ համացանցային ազդակը, ուր կատարուած ուղիղ հոսարկումներու եւ մատչելի տեսագրութիւններու միջոցով Նշանեան հասանելի դարձած է աւելի լայն հասարակութեան մը, մտաւորական եւ աւանդական կառոյցներու կամակոր պատուարը շրջանցելով։ Դժուար է անտեսել «յարացոյց փոխելու» ունակ այս կարելիութիւնը, որ ժամանակակից միջոցները կ՚ընձեռեն. Լոս Անճելըսի գրատան մը մէջ Նշանեան Պատկեր, պատում, պատմութիւն հատորին պէս ոչ այնքան դիւրամարս գիրք մը կը քննարկէ տասը հոգիի ներկայութեամբ, եւ ահա համացանցային հոսարկումին հետեւողներու թիւը կը հասնի 962ի։
Տեղ մը, ուրեմն, մեր հաստատութիւններու մեծամասնութենէն անջատ, մեր աւանդական մտաւորականութեան հասողութենէն համեմատաբար դուրս՝ զանգուած մը յառաջացած է եւ կ՚ուռճանայ Նշանեանի առաջադրած ձեւերով դիտելու գրականութիւնը, մշակոյթը, լեզուն, արուեստը։
Տարոսը յաջորդներուն եւ անոնց երազներուն ու մտասեւեռումներուն։