Յ.Քիւրքճեան Հայ Կեանք եւ Գրակա-նութիւն, Հատոր Բ.

Յ.Քիւրքճեան
Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Հատոր Բ.

Դասագի՞րք, թէ՞ գրապատ-մական երկ-ժողովածու, Յ. Քիւրքճեանի գրականութեան շարքի Բ. հատորը…: Հաւանօրէն երկուքն ալ, քանի երկհատոր այս շարքը՝ ահա արդէն տասնամեակ մը ու աւելի՝ գործածութեան մէջ է — որոնման ձգտումի տէր եւ գրականութիւնը իբր կենդանի կրթանք դաւանող ուսուցիչներու կողմէ, Սփիւռքի տարածքին:
Գրականութեան ուսուցման ձեռնարկ, այս երկրորդ հատորի նորագոյն ձեւաւորումն է, նախորդ մշակութային տարեշրջանին իրականացուած, որ հասած է մեր գրասեղաններուն: Որոշ պատշաճեցումով օգտագործելի՝ երկրորդականներու (լիկէոն) բարձրագոյն երկու կարգերուն համար, շարքը, մանաւանդ այս Բ. հատորով, կրնայ շահեկանօրէն տրամադրուիլ նաեւ բարձրագոյն ուսումնական հիմնարկներու ուսանողներու:
Գրականութեան ուսուցման նոր ընկալումի մը, ուրեմն, հոս կը միանայ նոր ձեւաւորում, հրատարակչական նոր որակով: Եւ ասիկա՝ հակառակ բազմակի տագնապներու, մարդկային-տնտեսական թէ թեքնաբանական բնոյթի (տպ. «Համազգային», Լիբանան):