Գրիգոր Պըլտեան.
Ասատուր – պատկերը ընթացքի մէջ եւ այլք.
«Արի» մատենաշար

Երեւանեան մշակութային-հրատարակչական շարժումի գործօն բեւեռներէն է «Արի» մատենաշարը՝ իր այլազան հրատարակութիւններով: Այս պարագային, անոր արտադրութիւններէն՝ դարձեալ Ասատուր-երեւոյթին եւ գործին առնչուող եւ դարձեալ Գր. Պըլտեանի գրիչէն,- կ՚անդրադառնանք «Ասատուր – Պատկերը ընթացքի մէջ» հատորին:
Առաջին բաժինով մը, հազուադէպ մտերմական զրոյցի մթնոլորտի մը մէջ, կը հետեւինք երկու արուեստագէտներու զրոյցին, որ կը ցուցահանէ Ասատուրի մտորումները՝ իր անցեալին ու ներկային, եւ անշուշտ արուեստի պատկերացումներուն շուրջ:
Հատորին երկրորդ կէսով, Պըլտեան, արուեստաբանական վերլուծումի յաջորդական խաւերով, թափանցումը կ՚ընէ «ասատուրեան» գծաշխարհին եւ գունաշխարհին:
Գործը գրեթէ կիսադարեան կամրջումով մը կ՛առնչուի Պըլտեանի գրիչէն բխած «ասատուրեան» թեմայով մէկ ուրի՛շ գործի, երկլեզու «Objets et Débris», «Իրեր եւ բեկորներ» (Փարիզ, 1977) քերթուած-հատորիկին:
«Արի» մատենաշարի այս հատորը, հրատարակչական «առձեռն» ձեւաչափով, մաս կը կազմէ Գր. Պըլտեանի գործերէն բազմաթիւ (ճշգրիտ՝ երեք հնգեակ) ոչ-ծաւալուն գործերու շարքի մը, մեծ մասամբ գրաբանական, ինչպէս՝ «Լեզուներ», «Պատում», «Ճարտասանական արուեստ եւ կեանքի ոճ», «Հրապարակներ», «Երկլեզու ցանցը», «Մէջընդմէջ», «Տեսութիւն Ս. Փարաջանովի», «Սկսիլ», «Կ. Պոլսոյ անկումը»…
Բազում այլ ողջունելի գիծերու կարգին, այս եւ նման հրատարակութիւններ՝ շնորհալի են իբր հրատարակչական «առարկայ», գրաւիչ՝ իրենց գոյնով եւ առձեռն ձեւաչափով: Երեւոյթը ինքնին նոր չէ, բայց է՛ մեր մշակութա-հրատարակչական իրականութեան համար, յատկապէս՝ Սփիւռքի տարածքին, որ մեզ առաջնահերթաբար հետաքրքրող մարզն է: Եւ ուր գիրքը՝ ճանչցուած իբր ծանր, կարծրակազմ եւ բաւական խոժոռադէմ արարած, հազուադէպօրէն ընկալուած՝ իբր հրատարակչական ծրագրուած, մշակուած-խնամուած արտադրութիւն, իբր մեր առօրեային հեշտօրէն եւ հաշտօրէն առնչուող իր…:
Ի դէպ, իբր այդպիսին՝ քաջալերական է նոյնպիսի մտահոգութիւններու առկայութիւնը, կամ ատոր մասնակի նշանները, սփիւռքեան մեր հրատարակչականներու ծրագրումներուն եւ արտադրութիւններուն մէջ — ինչպէս «Համազգային Գրատարած»ի կողմէ հրատարակուող քանի մը հատորներ, որոնց կարգին, դարձեալ Գ. Պըլտեանէ, «Հարուածը» վէպը՝ այս տարի (քանի մը տարի առաջ նկատած էինք նոյն հաճելի ձեւաչափով հրատարակուած «Սեմեր» արձակը, նոյն անունէն):