Լուսանկարը՝ Կապրիէլ Պասիլիքոյի
Լուսանկարը՝ Կապրիէլ Պասիլիքոյի

Պ.՝ ՍԻՐԵԼԻՍ

Նկարներդ, սեւ ճերմակ, կը շարունակեն տողանցել մտքիս հորիզոնին՝ անմեղութեան ժամանակի մը անվերջանալի երթը յուշելով։ Երբ անոնց կը նայիմ, կարծես ես ինծի է որ կը նայիմ անցեալի մը ոսպնեակէն, անցեալ մը ուր կամ ու չկամ, եւ ուրեմն կը մնամ միշտ անվերջ փնտռտուքի մը մէջ։ Կը փնտռեմ քաղաքիս փողոցներն ու անոր ժամանակները։ Ինչ որ կը գտնեմ՝ հոսկէ հոնկէ հաւաքուած կցկտուր յուշ ու պատառիկ, կը լուսարձակեմ յիշողութեանս մութ բաւիղները լուսաւորելու յոյսով, սակայն անոնք ալ սկսած են կամաց-կամաց խամրիլ ծածկուելու համար 1991ին ոսպնեակովդ դիտուած քաղաքի փլատակներով։ Նկարներդ սկսած են գրաւել յիշողութեանս տեղը. անոնց է որ կը հանդիպիմ ամէն անգամ որ ետ կ՚երթամ մտքով։ Քաղաքակեդրոնի փլատակ շէնքերը, ամէն մէկը ասեղնագործութեան նմոյշի մը վերածուած ու մնացած ժամանակէն դուրս տեղ մը որպէս վկան կորսուած իրականութեան մը։ Կը դիտեմ ու չեմ կրնար նայուածքս հեռացնել այդ էջերէն. տասնհինգ տարուան խօլ պայքար մը քարացած կը յամենայ հրապարակի փողոցներուն մէջ. զինեալները մեկներ են, սակայն շատոնց մոռցուած ֆիլմերու անուններն ու հերոսները դեռ կը սպասեն ծակծկուած աֆիշներուն վրայ որ ընդմիջումը վերջ գտնէ, հանդիսատեսները ետ գան ու ցուցադրութիւնը վերսկսի։
     Նկարներդ[1]Ակնարկը կ՚երթայ Կապրիէլ Պասիլիքոյին (1944-2013), որ իտալացի քաղաքներու փնտռուած ու աշխարհահռչակ լուսանկարիչ մըն … Continue reading սակայն ուրիշ պատմութիւն մըն ալ կը պատմեն, միջերկրականեան քաղաքներու պատմութիւն մը, ուր մէկուն անցեալը միւսին ապագան կրնայ ըլլալ։ Բոլոր քաղաքները իրարու կը նմանին, մէկուն ճարտարարուեստական փայլուն անցեալի այսօր լքուած ու ամայացած գործարանները կը յուշեն միւսին նախկին բաբախող սրտի կիսափուլ շէնք-քանդակները։ Անցեալը կը շարունակուի տարօրինակ բանաստեղծութեամբ մը նկարներուդ մէջ։ Ճիշդ է, փողոցները մաքրուած են։ Տասնհինգ տարուան «կանաչ գիծ»ի փլատակներու արանքներուն աճած վայրի բուսականութիւնը վերացուած է։ Դարանակալ նստած նշանառուները չկան, ոչ ալ օրն ի բուն կորսուած գնդակի անմեղ զոհերը։ Հրացանաձգութիւնը վերջ գտած է ու թէեւ զէնքերը լռած են, ամայի փողոցներուն վրայ ծփացող մթնոլորտը ապահովութիւն չի ներշնչեր։ Ըսեր էին որ կողմերը յոգներ են ու զինեալները իրենց տուները ու գիւղերը վերադարձեր։ Սակայն քաղաքին փողոցները կը մնան դատարկ, կարծես կը տատանին իրականի ու անիրականի միջեւ տեղ մը։
     Զինեալները, այդ ալ ուրիշ պատկեր։ Միտքս Վեհանոյշին[2]Վեհանոյշ Թեքեան, «Տեսիլքի եւ արարքի միջեւ», Ճեղքուած մանրանկար, Պէյրութ, 1977։ Տե՛ս նաեւ Րաֆֆի Աճէմեան, Բագին, … Continue reading Նասըրը ու ձեռքին ունեցած «պոնպոն»ն ու «հաթ տակը» կու գան։ Ուրիշ նկարիչ[3]Ռէյմոնտ Տըփարտօն, ֆրանսացի լրագրող, լուսանկարիչ ու բեմադրիչ, լուսանկարչական Կամմա գործակալութեան … Continue reading մը անմահացուցած է կիսաբաց շապիկներով ու ծխախոտը շրթներուն, քլաշիններ շալկած այդ կռուողները քաղաքին՝ պատերազմի սկիզբի տարիներուն։ Ի՜նչ ահաւոր իտէալիզմ մը կայ այդ նկարներուն մէջ։ Հազիւ տասնութ տարեկան երիտասարդ տղաք, դէմքերուն վրայ անսահման լաւատեսութիւն, կեանքը ապրելու կորով ու երազ։ Ո՞վ գիտէ քանին մնացին կեանքի սեմին եւ քանին չվերածուեցան իրենք ալ իրենց կարգին փլատակներու՝ կորսուած երազի խլեակներ։ Որովհետեւ իսկապէս երազ մըն էր կարծես այդ բոլորը։
     Կը նայիմ մանկութեան սեփական նկարներուս ու ազգիս ապագայի երազն է, որ կ՚արտացոլայ անոնց մէջէն։ Ի՜նչ ռոմանթիկ լաւատեսութիւն։ Օրէ օր բազմացող դպրոցներ, նեղ ու տժգոյն դասարաններով ու բակերով՝ բերնէ բերան լեցուն աշակերտներով։ Ակումբներ, մարզավայրեր, թատերասրահներ, ամբողջ գաղութ մը որ կ՚եռայ հայութեամբ ու հայերէնով։ Շուկաներ ու զբօսավայրեր՝ ամբողջութեամբ հայ վաճառականներով ու յաճախորդներով յորդող։ Այդ ամէնուն մէջ հասակ նետող երեխայ մը ինչպէ՞ս կրնար օտար զգալ ինքզինք։ Ծննդավայր ու հայրենիք՝ թէկուզեւ տարբեր անուններով, լիուլի կը համապատասխանէին իրարու՝ տունէն մինչեւ շուկայ, դպրոց, ակումբ ու աւելի անդին, մինչեւ օդափոխութեան վայրերը ու թէկուզեւ ճիշդ էր որ ամէն քայլափոխի կը հանդիպէինք հայերէն չխօսողներու, անոնք կը գտնուէին մեր իրականութեան զուգահեռ ոլորտի մը մէջ՝ քովը, եթէ ոչ դուրսը։ Պատերազմը նաեւ այդ երազն էր, որ մէկ օրէն միւսը կը պայթեցնէր։ Ո՞րն էր իրականութիւնը։ Կ՚արթննայինք ընդոստ ու չէինք ուզեր հաւատալ։ Երազը քիչ-քիչ կը հեռանար մեզմէ, մինչ մենք ալ աւելի կը կառչէինք անոր, կը կառչէինք անոր բառերուն, ինչպէս ընկղմողը կը կառչի ծփացող որեւէ խլեակի։ Տարիներ ետք, երբ պարբերական ցրւումը կը շարունակէր անապատէն հասնող Խամսինին նման տարտղնել հազիւ տուն-տեղ եղած գաղութները, պիտի հաւաքէինք երազէն ինչ որ ողջ մնացած էր որպէս պատառիկ, ի մի բերէինք՝ կազմելու համար անկախութեան նոր երազ մը, նոր հայրենիք մը։ Սակայն տարտղնումը արմատական դարձած էր արդէն ու երազուած համախմբումը հազիւ թէ լոզունգէն անդին պիտի անցնէր, մինչդեռ ետեւ ետեւի հասնող ցնցումներն ու պայթումները պիտի շարունակէին երազը եւս հեռացնել մեզմէ, պատճառելով անսահման վիշտ ու յուսախաբութիւն։
     Նկարներդ սակայն, սիրելի Պ., երազէ մը աւելին են։ «Ի՞նչ կը մնայ երբ ոչինչ մնացած է…» գրեր էր յօդուածագիրը[4] Beyrouth, Basilico et les barbares, Հոկտ. 9, 2014՝ https://on-the-battlefield.blogspot.com/2014/10։ Պլոկի հեղինակին անունը տրուած չէ։ ակնարկելով պատերազմին ու բարբարոսութեան, երբ քաղաքին ոչ միայն բնակիչները չկան, այլ նաեւ շէնքերը՝ քանդումի վերջին թափով մը՝ հողին կը հաւասարեցուին։ Ահաւասիկ յիշողութեան հարցը։ Ի՞նչ կը մնայ երբ ամէն բան կը մոռցուի, երբ մոռցուած ըլլալը ինքնին կը մոռցուի։ Այդ չէ՞ վերջնական ողբերգութիւնը մարդ արարածին, հողին վերադառնալու հրամայականին։ Քաղաքներն ալ հող կը դառնան, ու անոնց յիշողութիւններն ալ կը ջնջուին, հակառակ որ անունները կրնան դարերով երկարաձգուիլ։ Ուրիշ քաղաքներ կու գան կայք հաստատելու կորսուածին տեղը։ Նկարներդ, սիրելի Պ., այդ կորուստն է որ կը պատմեն, ուր շէնքերու խլեակները կանգնած կը մնան միջանկեալ ժամանակի մը մէջ, որպէս վկաները այն ամէնուն, որ կար առաջ այդ փողոցներուն մէջ։ Փլատակները այդ յիշողութիւնը կրողներն են ու հիմա գիրքիդ էջերէն մեզ կը դիտեն, մենք՝ կորսուածներս, որ կորսնցուցած ենք քաղաքին յիշողութիւնը, եւ ուրեմն կորսնցուցած ենք մենք մեզ։ Կը թափառինք անյիշողութեան բաւիղներուն մէջ։
     Քաղաքներուն յիշողութիւնը։ Այդ է, որ կը պատմեն նկարները։ Կարելի է ժամերով թափառիլ անոնց մէջ, երկար նայիլ, դիտել, զմայլիլ, ու յանկարծ դուք ձեզ կը գտնէք անոնց փողոցներուն մէջ։ Հրաշք է։ Կը մտնեմ նկարներէն մէկու մէջ ու կը սկսիմ քալել, պէտք է ըսել խարխափիլ՝ փողոցէ փողոց, անցնիլ նկարէ նկար, մտքիս մէջ փորձելով միաժամանակ ամբարել պատկերային յիշողութիւն մը։ Նախ սակայն պարապն էր, փլուզումի գործողութեան ձգած պարապը։ Տարիներ առաջ էր, երբ օր մը զուգադիպութեամբ տեսած էիր աւերուած քաղաքին հողին հաւասարեցուած՝ դատարկ սիրտը։ Վայրը կար. շէնքերը չկային։ Ամբողջ մանկութիւնդ մէկ երկվայրկեանի մէջ շոգիացեր էր։ Ինչպէ՞ս կարելի էր տարիներով սպասել պատերազմի աւարտին, վերադառնալու եւ այդ փողոցները կրկին տեսնելու յոյսով, քալել կարենալու համար անոր ճամբաներէն, փնտռելով ո՛չ թէ անցեալի յուշեր՝ նոսթալժի, այլ վերագտնելու համար կիսատ մնացած յիշողութիւնդ, փորձելով վերականգնել մտքիդ քարտէսին խոցող բացերը։ Այդ բացերը չէի՞ն, որ յաճախանքի նման կ՚այցելէին քեզ երազներուդ մէջ։ Ճամբաները ո՞ւր կը տանէին։ Ի՞նչ կար այս դարձուածքէն ետք, կամ այդ խանութին ետեւի փողոցը։ Ամէն բան մնացած էր պլլուած մշուշի թանձր թաղանթի մը ետին երբ մէկ օրէն միւսը ճամբաները փակուեր էին ու վերադարձը անորոշ կերպով յետաձգուեր։ Դարձեր էինք արեւելք ու արեւմուտք, կտրուած իրարմէ, սկիզբը ժամանակաւոր թուացող խզումով մը, սակայն իրականութեան մէջ վերջնական կերպով բաժնուած իրարմէ, բաժնուած մենք մեզմէ։ Կարելի չէր կրկին քալել մանկութեան ճանապարհներէն։ Կեանքը կը շարունակուէր։ Նոր փողոցներ, նոր պատմութիւններ։ Բայց ռմբակոծումներու արձագանգը կը շարունակէր պարբերաբար հասնիլ այդ կողմերէն, ամայացած քաղաքակեդրոնի փողոցներէն։ Գիտէիր որ փողոցները հոն էին, շէնքերը՝ թէեւ անհասանելի ու կիսափուլ՝ կը մնային տակաւին կանգուն։ Իսկ հիմա, պարբերաթերթին էջերը կը բանաս ու քաղաքը չկայ։ Կարծես երկիրը կուլ տուած ըլլայ զայն։ Քաղաքները ո՞ւր կ՚անհետանան։ Ռումբը կը պայթի ուղեղիդ մէջ։ Յիշողութեանդ փլատակն է, որ անվերադարձ կերպով մեկնած է, գաղտագողի, գիշերով, առանց որ լուր ունենաս ու հիմա կը գտնուիս անկարելի պարապի մը առջեւ։ Ինչպէ՞ս բռնել յիշողութեան կորսուած թելը, ինչպէ՞ս յիշել դուն քեզ։ Ինչպէ՞ս հասնիլ անցեալին։
     Ետքն էր որ յայտնուեցան նկարները։ Նախ քու նկարներովդ, սիրելի Պ., այնքան գեղեցիկ ու այնքան տխուր։ Քաղաքը կը շարունակէր իր սպիներով վերապրիլ ոսպնեակիդ մէջէն, ու այդ բոլորը այնքան յուզիչ էր, սակայն միաժամանակ յուսադրիչ։ Քաղաքը կար, շէնքերը կային, գոնէ նկարներուն մէջ։ Բարբարոսները չէին կրցած զայն խլել ու շէնքերը կը շարունակէին կոտտալ իրենց վէրքերուն վիշտով։ Անոնց վէրքերուն մէջէն իսկ կարելի էր տեսնել անցեալի անոնց երազին շողերը։
     Ապա եկաւ համացանցը ու բերաւ նկարներու անվերջանալի կծիկները։ Ամէն տեղ նկար կար ու ամէն մարդ նկար ունէր։ Մինչեւ անցեալ դար երկարող նկարներ, չնաշխարհիկ տեսարաններով, բայց մանաւանդ ազգիդ գաղթականութենէ վերածնունդին հետ համընկնող քաղաքի բարգաւաճման նկարները, խուռներամ փողոցներով։ Ամէն տեսակի մարդիկ ու բարքեր կը խաչաձեւեն զիրար, ուր Պըլտեանին հետ պիտի թափառիս փողոց առ փողոց ու գծես մինչեւ Համրա գացող երթ ու դարձին մանրամասն դիմանկարը[5]Գրիգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» ընդհանուր խորագրով վիպային մեծ գործին գլխաւոր յաճախանքներէն մէկն է … Continue reading։ Քարտէսը սկսած էր կամաց կամաց յստականալ մտքիդ մէջ, փողոցները սկսեր էին քակուիլ ու յայտնել իրենց գաղտնիքները, բայց մանաւանդ ճամբաները սկսեր էին տեղ հասնիլ, իրարու կապուիլ։ Յիշողութեան անելները սկսած էին պակսիլ ու խզումը կամաց կամաց կը չքանար։ Այդ ատեն էր, որ օր մը դուն քեզ ներթափանցած գտար նկարներու աշխարհէն ներս ու սկսար թափառիլ։ Փողոցները կենդանացան ու սկսար անոնց մայթերէն քալել, լսել աղմուկը, ճչակները, առնել խայտաբղէտ շուկաներէն եկող հոտերը։ Քաղաքը իրական էր։ Յիշողութիւնդ կը վերագտնէիր, ուրեմն կայիր։ Նման փորձառութիւն մըն ալ չէ՞ր միթէ հաւաքական վերապրումի փորձառութիւնը, երբ նոր երկրին վրայ հագցուցինք հինին անունները ու սկսանք ապրիլ որպէս անոր նոր բնակիչները։ Կորսուածը կը շարունակուէր մեր կեանքերով, մինչ կը վերածնէինք ու կ՚ապրէինք ծաղկումի աղուոր փորձառութիւն մը։ Երա՞զ էր այդ ամէնը։
     Պ.՝ սիրելիս, փողոցներդ մանկութեանս խաղավայրը եղան ու երազդ մեր ալ երազը դարձաւ, երբ հաւատացինք հայրենիքներու բազմակիութեան ու ազգային զարթօնքի տեսլականին։ Այս տողերը որ կը գրեմ այդ երազին հետեւանքն են, ու ամէն մէկ տողին ետեւ քու ծաղկումիդ ու ընկրկումիդ հետքը կայ։ Քեզմով է որ գտանք մենք մեզ ու դարձանք այն ինչ որ ենք այսօր, կանգուն կամ վիրաւոր։ Քու ճակատագիրդ մերն ալ եղաւ ու կիսեցինք զայն ցմրուր մինչեւ որ կամաց կամաց նոր անկախացող հայրենիքը սկսաւ գալ դառնալու հաւաքական երազին մեր կիզակէտը, ան ալ իր կարգին վիրաւոր։ Փողոցներդ սակայն չեն լքեր յիշողութիւնս։ Անոնց յաճախորդն եմ օրն ի բուն, թէեւ ոտքերս կը քալեն աշխարհի տարբեր քաղաքներու փողոցներէն։ Սակայն, այնքան ատեն որ կաս նկարներուն մէջ, կաս մեր մտքերուն մէջ, ու երազդ կը շարունակէ վառ մնալ մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ։ Գիրքդ, սիրելի Պ., այդ է որ կը յուշէ. չկորսնցնել երազը ինչ որ ալ պատահի, ինչպէս որ նկարներուդ մէջ կիսափուլ շէնքերը կը մնան քաղաքին երազին կտակակատարները։ Շէնքերը յիշողութիւն ունին, այնքան ատեն որ կան։ Հաւաքական յիշազրկումի գործողութիւնը, որ բուն նպատակն էր պատերազմի աւարտին յաջորդած կիսափուլ բայց կանգուն մնացած հազարաւոր շէնքեր փլելու մոլուցքին, չի կրնար ջնջել նկարներդ։ Քաղաքին յիշողութիւնը կը շարունակուի անոնց էջերուն վրայ։ Ոչ որպէս մխիթարանք, այլ որպէս շարունակուող յիշողութիւն։ Կանք, որովհետեւ կը յիշենք, այնպէս ինչպէս կորսուած երկրին յիշողութիւնը կը շարունակուի մեր մտքերուն ու երազներուն մէջ։
     Նկարած քաղաքդ, սիրելի Պ., իմս ալ էր եւ բոլոր քաղաքներէն ուր ժամանակը մեզ նետեց, որոնց մայթերէն քալեցինք ու կայքեր հաստատեցինք պարբերաբար, կը մնայ միակը, որուն փողոցները, շէնքերը, խանութները, պատշգամները ու բնակիչները կը շարունակեն երկարաձգուիլ մտքիս ոլորտներուն մէջ ու կը շարունակեն ապրիլ իրենց ուրոյն պատմութիւնները։ Ձեռքս կ՚երկարեմ դպնալու համար նկարներու մակերեսին, բայց արդէն միւս կողմն եմ, անոնց մէջ կը քալեմ։ Քաղաքս կը շարունակուի անոնց մէջ։ 

ԾԹ. ՏԱՐԻ,  2020 ԹԻՒ 3

ԿԲ. ՏԱՐԻ, 2023

References
1 Ակնարկը կ՚երթայ Կապրիէլ Պասիլիքոյին (1944-2013), որ իտալացի քաղաքներու փնտռուած ու աշխարհահռչակ լուսանկարիչ մըն էր, բազմաթիւ ցուցահանդէսներ տուած ու հեղինակ բազմատասնեակ հատորներու։ Ան հեղինակն է ամայի փողոցներով քաղաքներու լուսանկարներու շարքերու, սկսեալ իր ծննդավայր Միլանոյի նախկին ճարտարարուեստական թաղամասերու լքուած նկարներէն, որոնց ընդմէջէն ստեղծած էր իր ուրոյն գեղագիտական մօտեցումը քաղաքներու ընդերքին։ Նկարած է ընդհանրապէս սեւ-ճերմակ խոշոր տեսախցիկով։ Պասիլիքօ մաս կը կազմէր նաեւ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի աւարտին ֆրանսագիր լիբանանցի հեղինակ՝ Տոմինիք Էտտէի կազմակերպած լուսանկարչական առաքելութեան խումբին, կազմուած վեց աշխարհահռչակ լուսանկարիչներէ (Պասիլիքոյի կողքին կային նաեւ Ժոզէֆ Քուտելքա, Ռընէ Պուռի, Ռէյմոնտ Տըփարտոն, Ֆուատ Էլխուռի եւ Ռոպըրթ Ֆրանք), որուն նպատակն էր փրկել քաղաքին տեսողական յիշողութիւնը նախքան զայն ի սպառ վերացնելու կոչուած մեքենաներու ժամանումը։ Արդիւնքը 130 նկարներով գիրք մը կ՚ըլլայ՝ Beyrouth Centre-ville անունով (édition du Cypres, 1992), որ օրին մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ եւ որուն տպաքանակին մէկ կարեւոր մասը սակայն հրոյ ճարակ կը դառնայ պահեստանոցային հրդեհի մը հետեւանքով, գիրքը վերածելով փնտռուած առարկայի, եւ ուրեմն քիչերու կողմէ տեսնուած։ Պասիլիքօ կը խոստովանի որ Պէյրութ ժամանելէն ետք սկիզբը դժուարութիւն ունեցած է փլատակներուն մէջ կողմնորոշուելու, սակայն օր մը երբ բարձրայարկէ մը կը դիտէ քաղաքը, կ՚անդրադառնայ որ միջերկրական քաղաքները իրար հետ ազգականութիւն ունին, ու շէնքերը իրենք են բուն բնակիչները քաղաքին։ Պէյրութի նկարները շրջադարձային դեր կը խաղան անոր նկարչական արուեստին մէջ ու ատկէ ետք Սոլիտեռի հրաւէրով Պէյրութ կը վերադառնայ քանի մը անգամ, մէյ մը 2003ին, երբ նոր լուսանկարներ կ՚առնէ ու կողք կողքի զետեղելով 1991ի նկարներուն հետ կը հրատարակէ Gabriele Basilico, Beyrouth 1991(2003) անունով հատորը (Baldini Castoldi Dalai editore/Solidere, 2003)։ Ապա կրկին 2011ին, երբ այլեւս անճանաչելիօրէն կերպարանափոխուած քաղաքը անգամ մը եւս նկարելու առիթ կ՚ունենայ։ Խմբային հատոր մը կը յայտարարուի Beirut Mission: Photos 2009-2011 անունով (Խմբագիր՝ Նուհատ Մաքտիսի, Steidl/Solidere, 2018), որ կը խմբէ՝ Պասիլիքոյի կողքին, կրկին Ֆուատ Էլխուռիի, ինչպէս նաեւ Ռոպեր Փոլիտորիի ու Քլաւիճ Սլուպանի նկարները։ Հատորը թէեւ հրատարակիչին (Steidl) կողմէ ծանուցուած էր նախ 2014ին, ապա կրկին 2018ին, սակայն գիրքը առ այսօր կը մնայ անգտանելի։ Անոր մասին կան միայն իրար հակասող տեղեկութիւններ։
2 Վեհանոյշ Թեքեան, «Տեսիլքի եւ արարքի միջեւ», Ճեղքուած մանրանկար, Պէյրութ, 1977։ Տե՛ս նաեւ Րաֆֆի Աճէմեան, Բագին, թիւ 3-4, 2019։
3 Ռէյմոնտ Տըփարտօն, ֆրանսացի լրագրող, լուսանկարիչ ու բեմադրիչ, լուսանկարչական Կամմա գործակալութեան հիմնադիրներէն, Մակնում գործակալութեան նշանաւոր աշխատակից։ Որպէս լրագրող-լուսանկարիչ գտնուած է ռազմական բազմաթիւ հանդիսավայրեր, ինչպէս Վիէթնամ, Ալճէրիա, եւայլն, ու նկարները ստացած են բազմաթիւ մրցանակներ։ Նաեւ ֆիլմերու բեմադրիչ է։ Առաջին անգամ Պէյրութ այցելած էր 1965ին նկարելու համար, ինչպէս ինք կ՚ըսէ՝ «Միջերկրականի նոր Սէնթ Թրոփէզը», ապա 1978ին, երբ քրիստոնեայ կռուողներու (մանաւանդ Ահրար խմբակցութեան զինեալներ, որոնց հետ շրջագայած է բախումներու գիծերուն վրայ) նկարները կը դառնան աշխարհահռչակ։
4 Beyrouth, Basilico et les barbares, Հոկտ. 9, 2014՝ https://on-the-battlefield.blogspot.com/2014/10։ Պլոկի հեղինակին անունը տրուած չէ։
5 Գրիգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» ընդհանուր խորագրով վիպային մեծ գործին գլխաւոր յաճախանքներէն մէկն է գաղթականութենէն մինչեւ պատերազմի սկիզբ հասնող քաղաքին պատկերը ու անոր փողոցները, արուարձաններէն մինչեւ քաղաքակեդրոն ու անդին։ Քարտէսին համար, տե՛ս Րաֆֆի Աճէմեան, Բագին, թիւ 1-2, 2016։
Dialogue, 2006, Ink, Watercolour on Paper, 35 x 27 cm (Գործ՝ Կարէն Պետրոսեանի)
նախորդ
ՔԱՂԱՔ
յաջորդ
ՎԵՐԱԴԱՐՁ