Սեդա Գրիգորեան

Վերստին դա՞րձ մը
Թէ 
Դառնալ – նորէն 
Դէպի անոր որ վայր մըն էր երէկ 
Օդանաւէն դիտուած մանկութիւն մր լոկ 
Որ լոյս ու ստուերի մէջ,
Տարուբեր կ՚ըլլար 
Հեռու–հեռաւոր անծանօթ ու բիրտ 
Արեւանման մոլորակի պէս

—–––––––––––––––––––––––––––––––––––––––––––––––––––––––

Իբրեւ թէ ամերիկեան հիւսիսը 
Վայր մ՛է կեանքի–վայելք…  
Անիկա հորիզոնական գիծի վրայ է 
Սիպերիա կոչուած այն միւս վայրին հետ 
Որուն սիւներուն – ճաղերուն ներքեւ 
Հարիւր հազարներ արնաքամ ինկան 
Մարմնի 
Սիրոյ 
Սեռի 
Հոգիի Սառնամանիքի մահուան ծաղիկներուն պէս

—–––––––––––––––––––––––––––––––––––––––––––––––––––––––

Ներէ՛ մայր իմ 
Որ առանց քեզի կը վերադառնամ Լիբանան 
– Ծննդավա ՜յր – 
Ուր մարտեան հովեր 
Տե՛ս թէ ինչպէս ականջիս կը փսփսան 
կորսուած դիմանկարիդ
Ան–յիշողութիւնը
Ու կր փղձկի սիրտս 
Չգոյութեանդ լուռ աստուածներուն պէս 
Որոնք վերէն 
– է՜ն բարձրէն–
Քիթս կը հրեն սա պճլիկ պատուհանին մէջ 
Որպէսզի կապոյտին փրփուրներուն հետ 
Ես վերստի՜ն հոտուըտամ քեզ  

Որպէսզի հանդիպումը մեր 

Պէյրութեան տաք ջուրերուն հետ 
Ըլլայ վերադարձ 
Դէպի վայրը այն 
Ուր մենք երկար փնտռեցինք զիրար 

(Թիւ 4, 2009)