Գրիգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» շարքի հատորներու երկայնքին կ՚երեւին Լիբանանի ու յատկապէս Պէյրութի 50-ականներու եւ 60-ականներու փողոցները իրենց «լուսանկարչական» մանրամասնութիւններով։ Հետեւեալ տողերը առնուած են «երկուք» հատորէն լոյս տեսած Կլէնտէյլ, Ապրիլ հրատարակչատան մօտ, 2006-ին։
1
«բայց հա.՜… մոռցայ, ճամբա՛ն մոռցայ, ատիկա է՛ն կարեւորն է, նոյնիսկ շատ լաւ տեղ է, Վերտէօնի կողմերը, չե՞ս գիտեր, Հանրային պարտէզ գացած ես, Ճեմարանէն անդին է՝ ո՞չ, ծօ քու մամադ պապադ քեզ առեր խութիի մէ՞ջ դրեր են, տունի տղայ, տունի տղայ, ճիշդ օրիորդ Ընծային ուզածը, նայէ՛, Հանրային պարտէզին քովը վեց յարկնոց շէնք մը կայ, նոփս-նոր, հոն է, քալելով պիտ չերթաս եա, դրամ չունի՞ս, չունիս նէ տամ. սա Գափիթոլը գիտես, անշուշտ գիտես, սինեմա է, ատոր ետե՛ւը գնա, ըսթասիոնը, սինեմա Ամիրին քովը, Անթուանէն մէկ փողոց վերով, անտեղ սերվիս մը առ, Սանա՛ա ըսէ, չէ նէ ուրիշ տեղ կ՚երթաս, քիչ մը անդին իջնաս նէ աւելի լաւ,
կռահելով որ կրնաս անորոշին առջեւ անձկութեան պահ մը ունենալ,
դիւրին է, մէկ կողմը Ապրոյեանին վիլլան է, միւսը Պէյլերենց շէնքը, աս կողմը նկարի սթիւտիօ մը կայ, հատէ, իրիկունը անցիր տեսնամ, ես թելեֆոն կ՚ընեմ նորէն.
դարձեր է մէկ ուրիշ յաճախորդի, կարծես քեզ մոռցած, քանի որ կը տնտնաս, առանց նայելու գրպանէն քսանհինգնոց մը կը հանէ, կ՚երկարէ,
ունիմ,
ան ատեն ա՛ռ սա փաքէթը,
գրեթէ անհամբեր է, քայլ մը անդին Ռոքսիի միջանցքն է, լոպիի, ինչպէս կ՚ըսեն, ապակեպատ գոց դրան ետին եւ անոր քովի ցուցափեղկին մէջ, դռնակներուն առջեւ ցուցադրուող հոլիվուտեան ֆիլմէն տեսարաններ կան, սեւ ճերմակ լուսանկարներ, որոնց չես կրնար չնայիլ, կը լսես կարծես խուլ քունի մը մէջէն եկող յանկարծ պարոն Բաբգէնի կանչը,
աս քարտէսն ալ ա՛ռ,
ապա խնդալով՝
նայէ որ աղջիկներուն աչքը մտնաս, օրիորդ Ֆէթթէլին, դերասանուհիին ալ, բարեւներս.» (49-50)
…
«միշտ նոյն դժուարութիւնը պիտի ունենաս նոր քաղաքի մը մէջ- երբ պիտի գտնուիս անոր քարտէսին առջեւ, ոչ թէ կողմնորոշուելու անկարողութիւն մը, տեսանկիւնէ մը ուրիշ տեսանկիւն մը որդեգրելու, այլ աղօտ զգայութիւնը իրականութենէն դուրս գտնուելու, անկէ զրկուած ըլլալու, կարծես այդ առաջին զարմացումը, առաջին կորուստն է որ պիտի վերստին ապրիս, Լոնտոն, Հռոմ, Մատրիտ. ծանօթ ճամբադ, կանգնած տեղդ անկարող ես ճշդելու եւ կը մնաս շուարած, շլմորած, բայց նաեւ հրապուրուած այս ամէն կողմ գացող ուղղութիւններով, որոնք սակայն էջին վրայ կը շրջուին, կը կլորնան, կը հանդիպին իրարու…» (54)
…
«պահ մը քարտէսը կ՚ուզես ծալել, նայուածքդ կը մնայ կառչած դիմացի շէնքի կարմրաւուն, յոգնած պատերուն- ծանուցումէ մեծադիր պաստառներ կը հրմշտկեն զիրար, կը լսուի երթեւեկի ոստիկաններու սուլոցը՝ յետոյ տեւական ժխորը, որ պահ մը անհետացեր էր ականջէդ, հիլի ու սուրճի թունդ հոտին հետ, եւ երբ թուղթը կը մօտեցնես նայուածքիդ, անցորդ մը, ձեռքը թերթ մը, գուցէ Կլորիայէն ելած, կը կանգնի, քովդ, ճիշդ քովդ, հպելու պէս կը ծռի թուղթին վրայ…
ի՞նչ կը փնտռես, կ՚ըսէ, շո՞ւ, շո՞ւ, կը կրկնէ,
եւ կարծես միտքդ կարդացած ըլլար, մատը կը դնէ պզտիկ կէտի մը վրայ, հրապարակը ձեւացնող ճերմակ պարապին, հոս ես, հոս, քիթին տակէն կը մրթմրթայ, կը կորսուի փողոցի լոյսին մէջ…» (55)
2
«Դէպի Գափիթոլ, պիտի քալես, անգամ մը եւս, ինչպէս տարին ինը ամիս, կը ձգես ետիդ սերվիսները, որոնցմէ մին վերի կամ վարի ճամբով քեզ կը տանի Տըպպասի պզտիկ հրապարակը, մէջտեղը մշտադալար ծառերու փունջ մը կը վերապրի տեւական փոշիին, աղմուկին մէջ. կայարան մը կը թուի, հանդիպման վայր թաղէն քաղաք, քաղաքէն թաղ գացող-եկողներուն, ուր սուս ու սուրճ շրջիկ վաճառողներ կան, ամէն տարիքէ, անչափահաս պատանիէն մինչեւ ֆէսոտ ծերունին, մուրացկաններ, կայարանի մեծաւոր, սանկ նանկ ապատայիներ, այդ փողոցներուն իշխանութիւնը ձեռք առած զայիմներ, սովորաբար շուքին նստած՝ արաբական խմիչքի գաւաթ մը մէկ ձեռքին, միւսին անխուսափելի սիկարէթը կամ երբեմն նարկիլէն. հոն դասընկերդ Թոմաս կը սպասէ. երբ կը նկատէ սերվիսէն իջնելդ, հրապարակին միւս կողմը կ՚անցնի, կ՚ուզէ՝ կարճցնէք ճամբան, մինչ դուն սինեմա Միամիի կողմէն անցեր ես սինեմա Տիւնիա, ցուցադրուող ֆիլմի տեսարանները նորէն դիտելու, լուսանկարները նորէն աւելի մօտէն զննելու, կիրակի առաւօտեան նիստին համար որոշում մը տալու.» (77-78)
«… Թոմաս, հետզհետէ կարծես կը փոխէ երեւոյթը, կը դառնայ աւելի ստահակ, Ռոքսիի միջանցքին պիտի անպայման կանգ առնէ, գիտես իր ակամայ բացագանչութիւնը,
ծօ՜, նորէն աս կողմէն եկանք,
կ՚ուզէ՝ միշտ նոր կառուցուած Լազարիէի վերի բակէն անցնիք, դանդաղելու համար ցուցափեղկերուն առջեւ, ուր ծախու կը հանուին լուսանկարչական մեքենաներ, հեռադիտակներ, աստղադիտակներ, կողմնացոյցեր, պատի կամ ծովու ժամացոյցեր…» (79)
…
«… կը քալէք շաուըրմայի, հազար տեսակ խոռովուող աղիքի, սիրտի, ստամոքսի միսերու, կրակին վրայ եփ եկող ֆուլի հոտերուն մէջէն, Լազարիէի մայթէն, դիմացը Սէն Ժորժ եկեղեցիի փակ պատուհաններուն ու մեծ դարպասին վրայ արեւը շերտ մը լոյս ձեւեր է վերէն վար՝ մայթին եզերքը կանգ առած ինքնաշարժներուն վրայ, անցնող հանրակառքերուն. կը դիտէք արտասահմանէն նոր ներածուած գրենական պիտոյքը՝ կարկին, գծաքաշ, Փելիքանի, Փարքըրի ոսկեզօծ ինքնահոսներ, մասնագիտական գրիչներ, դպրոցական գիրքեր, արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն հրատարակութիւններ. ասոնք Մեծ Թատրոնին անկիւնը մէկէն տեղի կու տան սափրիչի հայելիներուն, կօշիկ ներկողներուն, վիճակահանութեան տոմսակ ծախող հաշմանդամներուն կամ պարզապէս հոն կանգ առած, անգործներու ամբոխին որ կը սպասէ աշխատանք առաջարկող հազուագիւտ դէմքին, մինչ եգիպտացի թմրամոլները արդէն գրաւեր են անկիւնի սրճարանին խորքի աթոռները, թէյ կամ սուրճ կը ծծեն, բոլորովին անտարբեր՝ դէպի Ռիատ Սոլհ հրապարակ խուժող կամ Պաստայէն վար դարձող հանրակառքերու աղմկոտ սլացքին.» (82)
…
«իսկ հիմա, այո, հիմա՝ կ՚անդրադառնաս որ թուղթի կտորը ձեռքիդ մէջ ճմռթկուեր է,— ձեռքդ կը բանաս, բուռիդ մէջ՝ ոչինչ- մատի հետքեր կը ծածկեն քառանկիւնին բոլորտիքը, կռնակը, կորսնցուցեր ես ճամբան բայց գտեր՝ կայարանին մուտքը, պարոն Բաբգէնին ըսթասիոնը. հոն կը խուժեն սերվիսները, գլխաւորաբար ամերիկեան քիչ մը յոգնած, աղմկող մեքենաներ, նախքան մերսետէսներուն յաղթանակը, որ պիտի նոր փուլ արձանագրէ եօթը անգամ հիմնայատակ քաղաքի տոմարներուն մէջ. հոն, այդ նորաշէն զանգուածի ընդերքներուն, ուր պենզինի, իւղի, մէզի եւ այլ տարտամ հոտերու լաբիւրինթոսը կը բացուի, կիսամութ ներքնայարկն է որ ինքնաշարժներու թրթռուն լուսարձակները խծբծելով կը լուսաւորեն. բնական լոյսը կու գայ հեռուն նշմարուող ելքի սեպ դռնէն, որուն առջեւ շուքեր, շուքի կտրարուող շերտեր կը շարժին, մարդիկ, սրընթաց ուրիշ ինքնաշարժներ, հովանոցով սիլուէթ մը.» (84-85)
3
«համեմատաբար նուազ խճողուած ժամերու, պիտի ըմբոշխնես վայրին այլուրային մթնոլորտը, երբ ինքնաշարժները կարծես քունի մէջ մտած, թանձր անտառներու մէջէն յառաջացող ու դժոխային կանաչը գրաւող բանակ մը կը թուին՝ ձախ պատին կանգնած միականի մարդուկը նստած պիտի ըլլայ՝ իր աթոռին վրայ, ծուռ, արմուկը կռթնած բազրիքին, աչքով ունքով, մանաւանդ մատով նշան պիտի ընէ ճամբորդներուն կամ վարորդներուն, ինք՝ աստուածը աղմուկով արձագանգող սանդարամետքի դարպասին առջեւ, վերէն վար քննող, ընտրող մարդիկը այս մթին խաւարուտքին.
իսկ այս բանուկ ժամուն, ան, որ աւելի ուշ պիտի անուն առնէ, վերածուի քիչ մը շոշորդ Աթանասի, խեղճին, հաշմանդամին, որբեւայրիին, կնիկներու պաշտպանին, ոտքի է, տեղւոյն վրայ կ՚երթեւեկէ, յաւիտենական, ա՛լ իր ճերմակ գոյնը շատոնց կորսնցուցած պրըթելով, տափատը սահած, իջած է մէջքէն վար, փորըտնկած է յղի կնոջ մը պէս որ կը կարծէ արու զաւկի մը ծնունդ տալ եւ ուրեմն՝ կը քալէ ուղիղ՝ թեթեւ մը շորորալէն, կը թուի արաբ զայիմ մը, վարչարարական պետութեան մէկ անկոչ պաշտօնեան, որ տեղին ղեկավարը, ապատային, երեսփոխանի գործակալը կանչեր է հոն աշխատանքի, լրտեսութեան, հսկիչի տարտամ դեր մը կատարելու համար, ամէն վարորդի շաբաթական սանկ նանկ քանի մը ոսկիի պատուագին կամ նուէր պարտադրելու, եւ ինչպէս գիւղեր տանող փոստաներու կայարանները, ուր տեղանունները՝ Պիքֆայա՝ Մրուժ, Շթորա, Պիսքենթէ, Ժթիթա, Տուար, Համտուն, Ալէյ, Զահլէ, օդը կ՚արձակուին, ճամբորդ կը կանչեն եւ կը դառնան չմեկնողին համար երեւակայական ու ցանակալի կայքերը, ամրան շոգէն փախչող բախտաւորներու ապաստաններ, այնպէս ալ հոս Քանթարի, Գիւլլիէ, Ռաուշէ, Պէն Միլիթէր, Մանարա, Համրա, Զարիֆ, Սնուպրա, Սանաա դուրս կու գան թեթեւ, խորտակուած թենորի բերնէն, մէկ ու միակ նախադասութեան մը երկայնքին, կարծես թէ մէկ բառ ըլլային անոնք, քաղաքին այդ զարմանազան թաղերը միացած մէկէն արտաբերումի արտակարգ երկարութեամբ, վերածուած անզանազելի ամբողջի մը, որ հետզհետէ պիտի կարենաս քակել որքան պիտի պեղես, զանազանես, ամէն թաղամաս իր գոյնով, իր հոտով, բնակչութեան ծագումով, կրօնքով, հարստութեան կամ աղքատութեան մակարդակով, մանաւանդ ամէն մէկը իր կլիմայով, մթնոլորտով, եւ ինչպէս քարտէսին վրայ, բայց կարծես ուրիշ, չորրորդ մակարդակի մը, ուղղութիւնները պիտի սկսին որոշուիլ, անջատուիլ իրարմէ, հեռաւորութիւնները պիտի ճշդուին, քաղաքին ցնորային աշխարհագրութիւնը պիտի կազմակերպուի այդ փողոցներուն բոլորտիքը.» (86-87)
«Կը վարանիս, մնացեր ես անշարժ, այդ աշխարհի սեմին գրեթէ տարտամ խռովք մը, անձկութիւն մը կարծես քեզի կ՚արգիլէ որ մօտենաս ինքնաշարժներուն, ցատկես անոնցմէ մէկուն մէջ, ինչպէս կ՚ընեն այդ մարդիկը երբ կը հրմշտկեն զիրար, դեռ կանգ չառած ինքնաշարժին դռները կը բանան կը նետուին ներս առանց գիտնալու թէ ո՞ր ուղղութեամբ պիտի երթայ վարորդը, երբեմն առջեւը նստողը երկու հոգինոց տեղ կը գրաւէ կամ քալէ՛, գացինք, կը թելադրէ. իսկ դուն կը մնաս շուարած, մէկ օթոյէն միւսը կը քալես, դռները կը գոցուին, ապարդիւն կը վերադառնաս ձախ պատի երկայնքին, միակ ապահով տեղը կը թուի…
… արդէն ճամբորդներու թիւը նուազեր է, երթեւեկը սկսած է դանդաղիլ, կարծես մէկէն Աթանաս կ՚անդրադառնայ գոյութեանդ, վերէն վար կը չափէ հասակդ, անկարող է քեզ առայժմ զետեղել մտային իր աշխարհագրութեան մէջ, ո՞վ, ո՞ւր, քննութեան ենթարկելու պէս կը զննէ ծրարդ, մինչ դուն քարտէսը կը սահեցնես ետեւի գրպանդ-
ո՞ւէյն…
կը հարցնէ, ինչպէս սովոր են նետել ձեր թաղի վարորդները դրսեցիներուն…» (88-89)
4
«Սերայլի բարձունքէն ետք՝ Ֆարաօնի զառիթափը հաճելի ընկրկում մը կը ստեղծէ մէջդ, մինչեւ հոն քալեր ես, մէկ կողմէն դէպի Ճեմարան, միւս կողմէն Առլըքէնի խանութը, հրեաներու թաղամասը, դէմէն Շամունի դղեակը Քանթարիի մուտքին. վարորդը կը ճչակէ անդադադար, Զօհրապին պէս, աջէն ձախէն եկող ինքնաշարժներուն, կը ջանայ իջնող ճամբորդի տեղ ուրիշ մը ճարել, ուստի անդադար կ՚արագացնէ գնացքը, կը դանդաղեցնէ, ձեռքդ կը տանիս գրպանդ, կը քաշես քարտէսը, կը ջանաս օձապտոյտ ճամբան գտնել, թուղթը կը հեռացնես ակնարկէդ, կարծես թէ հեռաւորութիւնը պիտի ճշդէ տեղերը, որոնց մէջէն, ինչպէս կրկնուող տեսարանները փրթած ժապաւէնի մը, կ՚անցնիք, ծառ մը հոս, տուն մը փողոցի մը անկիւնը, ծովու շերտ մը, զանգուածները, ծովը նորէն, ձեւեր, դարձուածքներ որոնք երբեք չես տեսած, կարծես այս բոլորը կը դիտես այնքան մօտէն որ կորսնցուցեր ես տեսանկիւնդ, կը յենիս նստարանիդ, վախով որ արդէն անցեր ես իջնելիք տեղէդ, կը նայիս աջին, ձախին, իրարու նմանող փողոցներուն, որոնք կը բացուին, կը գոցուին, ցուցատախտակներուն, շէնքերու մեծ դարպասներուն, կարծես քարտէսի փողոցներուն մէջ ես որ կը ձուլուին իրարու մէջ…
վարորդը կը դառնայ քեզի,
ո՞ւր կ՚երթայ կոր պարոնը,
մտեր էք արդէն մանուշակագոյն ծաղկող ծառերու ճամբան, օհ ճագարանտաները, Սանաա կը կրկնէ բառը, ըսել կ՚ուզէ ինք պիտի շարունակէ, ձախին Հանրային պարտէզն է, յետոյ Վերտէօն. յայտնօրէն բարկութեան երանգ մը մտած է ձայնին մէջ, ճամբուն երկճեղման, կը կեցնէ ինքնաշարժը, շարժիչը կը մարէ, ցոյց կու տայ միւս մայթը, ատա՛նկ. օր ցերեկով խարխափումի մը տպաւորութիւնը կը գրաւէ քեզ, կ՚ապաստանիս նշուած մայթին կողմը, հին պալատանման շէնքին, չինական ծառերուն շուքը կայ հոն, անոնց թափած ծաղիկներուն գարշելի հոտը, իսկ հոն, վերը, այո, բայց աջին, արաբական ոճով կառոյց մը կը յայտնուի, Ապրոյանենց վիլլան է եւ անոր դէմը, ճիշդ անոր դէմը, անկիւնը, քիչ մը կլոր դարձուածքի վրայ, տենդենիներու շարակարգի մը դիմաց՝ վեցյարկանի շէնքն է, դրան մուտքին՝ սեւ մելանով՝ քարի վրայ փորագրուած Immeuble Osmanié, որ պարոն Բաբգէնի նկարագրութեան կը պակսէր կամ դուն ուշադիր չես եղած ատոր, աւելի մտքիդ մէջ արձանագրեր ես մանրամասնութիւնը երկու
կնիկով պահակին վերաբերող, որ ահա տնկուեր է դէմդ, ատեն չունիս ճշդելու Ճարտարապետական կեդրոնին անունը ցանկին մէջ…
ո՞վ կ՚ուզես…
կ՚ըսէ, ձեռքին մէկը ետին բացուած դրան, փակելու շարժումով մը, արանքէն երկու աչքեր կ՚երեւին լաչակի մը ներքեւ, դրան ապակեպատ քառակուսիէն վարագոյրը կը քաշուի մէկդի, ապա կ՚իյնայ նորէն իր տեղը…» (90-92)
5
«…նամակատունը գիտե՞ս չէ, պանքաներուն փողոցը, կայարանին քովը, կէս ժամէն կ՚երթաս կու գաս, այսօր աս գետինները պէտք է մաքրուին, վաղն ալ՝ պատուհանները.
կը սպասէ դրան սեմին, օրիորդ Ընծայ շորորալէն կը վերադառնայ, պահարանի մը մէջ տեղաւորած է արդէն նամակը, փակած, խէժն ալ լզած, հեգնական ժպիտ մը դէմքին…
Մինչեւ անկիւնի ապարանքը ճամբան այնքան ալ երկար չէ, քալած պահուդ չէիր նշմարած՝ մայթը սովորականէն աւելի լայն է հոս, պզտիկ, նորատունկ ծառեր կան, որոնք կ՚երթան կը միանան ծառուղիին, ինքնաշարժը դանդաղ կը յառաջանայ, վարորդը ճամբորդ կը փնտռէ, անդադար մեքենան կ՚ուղղէ ճամբէն դէպի մայթը, կը ճչակէ, հայելիէն կախուած յուռութքները կը ճօճին, վրայէն կ՚անցնին ծառերու շուքերը, մանաւանդ մանուշակագոյն ծաղիկներու փունջերը, որոնք կը ծփան, կը փայլփլին, կապոյտ շերտի մը մէջ կը կորսուին, կը կանաչնան, ապա կը վերադառնան, փայլերու խաւերուն տակէն, Արուեստից եւ Արհեստից վարժարանը կարծես ապաստանած է քաղաքի այս հազուագիւտ ծառուղիին կից, պաշտպանած զայն պիտի ըսէի, քանդելու, նորը շինելու մոլուցքին դէմ, որով ծառուղին, իր այս զանգակաւոր ու մեծղի, տարաշխարհիկ ճագարանտաներու երկու շարքով կը թուի այդ արհեստին ու արուեստին մէկ բուսային օրինակը, աւելի քան խեղճուկ Հանրային պարտէզը իր նոյնքան ալ խեղճուկ պահակով.
ամէն անգամ երբ Սնուպրայէն եկող սերվիսը կը մտնէ ծառուղի կամ կեդրոնէն կը բարձրանայ, այն տպաւորութիւնը կ՚ունենաս որ քաղաքին տապը ոչ միայն կը մեղմանայ այստեղ, այլ կը հասնիք նոր ոլորտի մը, նոր որակի մը, չէիր գիտեր այն ատեն որ ատիկա խորքին մէջ մնացորդ մըն էր Հոգատարութեան շրջանէն, երբ քաղաքը չէր ընդարձակած իր սահմանները մինչեւ հոս եւ բարձունքը ամառանոցի դեր կը կատարէ եղեր, յետոյ, Բարձր կոմիսարութիւնը փորձեր է տեղաւորուիլ, բարեզարդել, յօրինել վայրեր զբօսանքի, պտոյտի, զուարճութեան, որոցմէ մէկ մասը արդէն չկայ, միւսը մտած է քայքաման փուլ.
ծառուղին կորսուեր է արդէն, անոր տուած զովութիւնը կը շարունակէ մորթիդ վրայ, մինչ ինքնաշարժը կարծես կը շեղի ճամբէն, վարորդը ձայնասփիւռին կայանը կը փոխէ, Էլվիսի ռոք-ըն-ռոլէն (That’s all right) կ՚անցնի Փոլ Անքային, չէ, չեղա՛ւ, կը դառնայ Սապահին, չէ, ատ ալ չեղաւ, Ում Գալսումին, ծխախոտը կը տանի շրթներուն, ձախ բազուկը միշտ պատուհանին կը յենի, մէկ ձեռքով ղեկը շրջանակային շարժումով կը դարձնէ. հոն, Զարիֆի վերելքին՝ դրոշմաթուղթի խանութն է, Մոնագոյի, Սան Մարինոյի իր փոշոտ հաւաքածոներով, այստեղ կու գայիք, կէսօրները, դիտելու այդ գաճաճ երկիրներու գրաւիչ տեսարանները կամ դէմքերը, կը ջանայիք հաւաքածոներ կազմել, փոխանակել դրոշմաթուղթեր, հիմա չես իսկ գիտեր ո՞ւր են քուկիններդ. ինքնաշարժը կը դառնայ հիմա դէպի ձախ, կը մտնէ Ճեմարանի փողոցը, որ երբեք չես տեսած այս կողմէն, զառիվարէն, հին առանձնատուները ձախին, իրենց մագլցող թուփերով, ֆըթնէի, ուրիշ արեւադարձային ծառերով, մինչ զառիվերի կատարին, աջէն, մանուշակագոյն պուկէնվիլիէի թաւալն է, ճամբեզրի արմաւենիի շուքով, լուռ է փողոցը, բանջարեղէնի փերեզակ մը կը տնտնայ դրան մուտքին, աւելի անդին՝ ինքնաշարժ մը, որ կարծես կը սպասէ որ ճերմակ մօրուքով մարդը վար իջնէ պատշգամէն, բայց պատշգամը մարդ չկայ, եւ փողոցին այդ առաւօտեան պարապը, որուն լռութիւնը սերվիսին ճչակը ի զուր կը խզէ, ճնշիչ բան մը ունի, կարօտալից, ինչպէս երբ տարեվերջին վիճակացոյցերը կը բաժնեն եւ հետզհետէ մին աճապարնքով, միւսը դժկամութեամբ, տնտնալէն բոլորը կը լքեն բակը, նստարանները, պարտէզները արեւուն, բացակայութեան, ամրան, որ ահա սկսեր է փոշիացնել բոլոր գոյները վարսավիրանոցէն մինչեւ դարձուածքի ֆելեֆիլի կարմրաւուն խանութները, հովահարները կը դառնան առաստաղներէն, կը թռցնեն ճանճի առկախ թուղթերը նախքան անանուխի հոտին ու տապկոցին սփռումը ամէն կողմ. տարեշրջան մը ամբողջ ամէն կէսօր նոյն այդ ֆելեֆիլը ծամած ես, սկիզբը հաճոյքով, յետոյ անտարբերութեամբ, ի վերջոյ նողկանքով, գրեթէ անկարող կլլելու այդ թահինին խառնուած ազատքեղն ու լոլիկը, մանաւանդ թրջուած, խխում եղած ու շուտ մը քայքայուող հացը, որ չի կշտացներ, չի բռներ ստամոքսը, այլ կարծես այնտեղ հազար ու մէկ ցաւոտ ծակեր կը բանայ, մինչեւ իրիկուն, մինչեւ այս տեղերէն դէպի տուն ձեր դարձը. երբ կ՚ընկերանայ քեզի, Թոմաս տոպրակէն պանիր-հաց կը հանէ, կը լափէ գրեթէ անմիջապէս, ջուր կը փնտռէ, ձախի մզկիթին առջեւ յաճախ կը կենայ, կ՚ուզէ անպայման ափ մը ջուր խմել հոն գլգլացող աղբիւրէն, չես հասկնար ի՛նչ համ ունի այդ գաղջ, կարծես ծանր հեղուկը, որուն գուռին մէջ հաւատացեալները կու գան իրենց ոտքերը, ձեռքերը, դէմքերը լուալու.
ինքնաշարժը կը սպրդի նեղցող փողոցէն- Ապաճեանի գրատան մակարդակին կը սկսի արգելակել, Յովակիմեանի դիմաց՝ սուրբ Նշանի մայթը այսպէ՞ս է զառիթափին, անկանոն, տեղ-տեղ արդէն կոտրտած, կարծես քալեր ես ու դիտեր առանց նայելու, նայեր ես առանց տեսնելու եւ հիմա դուն քեզ յանձնած ոստոստուն ինքնաշարժին կարծես մերթ կը գլորիս, մերթ կը կանգնիս, կը խարխափես, լուսանկարի մը մէջէն մակերերսները կը յայտնաբերես, կը շօշափես, առանց իսկապէս հաւատալու որ կը շօշափես, հայելիէն առկախ յուռութքները կը ցնցնուին.
գրպանէդ կը հանես քարտէսին թուղթը, կ՚ուզես վերջապէս գտնել այս զառիվարին տեղը պարապին մէջ, քառակուսիներուն միջեւ, աչքդ կը մնայ կառչած վերի կապոյտ ծովուն, որմէ հատուած մը կը յայտնուի հոն, հեռուն, Սերայլի տանիքներէն անդին, հորիզոնական, ամպի նմանող գիծ մը, որուն ուղղութեամբ կը դարձնես քարտէսը, այդպէս է, կը կարծես որ տեսածդ ու կարդացածդ նոյնացեր են, վարորդը կը նայի թուղթին եւ խօսակցութիւն մը սկսելու ակնյայտ ճիգով,
խա՛րթա,
կ՚ըսէ, յայտնի չէ՝ հարցակա՞ն թէ՞ զարմացկոտ, անշո՛ւշտ, անշուշտ ի՜նչ պէտք կայ, մարդ ի՞նչ պէտք ունի քարտէսի գիտցած տեղերէն անցնելու համար, կը ծալեմ, գրպանս կը դնեմ, Ում Գալսումը լռեր է արդէն եւ ձայնը տեղի տուեր է ծափահարութիւններուն, մեքենայի ինքնաբան աղմուկին. տարածութիւնը հետզհետէ կը ցածնայ. վերէն, իր խիտ երեթեւեկով, որ կարծես պար է բռնած կեդրոնական արձանին շուրջ, հրապարակը կը թուի այնքան տարբեր, այնքան աղմկոտ ու արեւահար, տափարակ մակերես փոսի մը յատակին, որուն վրայ, Գափիթոլի ճակատին՝ Տին Մարթին իր երգախառն կատակերգութիւնը կ՚աղաղակէ, մինչ նամակատան կողմէն պատգարակի վրայ դրուած, հազիւ պատանքուած մեռել մը կը տանին Պասթայի ուղղութեամբ, ետեւէն ու առջեւէն քալող այրերու թափօրը երթեւեկը կը դանդաղեցնէ, իսկ հանրակառքի գիծերու երկայնքին, ամբոխ մը շրջուն ներկարարներու, վիճակահանութեան տոմսակ ծախողներու, բեռնակիրներու կը շարժի, կը վազվզէ, կը կտրէ ճամբան, մէկէն ինքնաշարժը կ՚անշարժացնէ, ոստիկանները կը դարձնեն իրենց գլուխը, կը նային կա՛մ Մեծ Թատրոնի ուղղութեամբ, կա՛մ սինեմա Ամիրի, կը կրկնեն կամ կը ջանան կիրարկել իտալացիներէն երթեւեկի ղեկավարման իրենց սորված դասերը, արդէն շատոնց մէկդի նետած ճերմակ ձեռնոցները, որ սկիզբը հպարտութեամբ կ՚անցընէին իրենց իւղոտ մատներէն մինչեւ դաստակները, ատոնց մէջ պաշտօնի բարձրացման նմանող ճանաչում նշմարելով.
Հիմա չես տեսած, երբեք չես տեսած այս կայուն քաոսը, հետզհետէ բարձրացող, ուռճացող, հաստատուող մակընթացութիւնը ճչակներու, զանգակներու, հայհուչի ու հայհոյանքի, այս խառնակութիւնը, որ ինչ ընեն կարգ ու կանոնի մէջ չի մտներ, Սուք-Նուրիէ՜, կը հաստատէ Արտաւազդ, աւազակութիւն, չէ, եղբա՛յր, պազար, վաճառականութեան արուեստ, կը հակադարձէ Էֆրիկեան, իր քսան տարուան փորձառութիւնը առաջ քաշելով, ինք որ ուսումնասիրեր է վերածննդեան շրջանի քաղաքային ճարտարապետութիւնը Ֆիրենցէ, Փիզա, …» (165-169)։
6
«Պտղավաճառներու ժխորին ընդմէջէն կը դիմես հրապարակ, երբեմն կը հրմշտկես անցքերուն մէջ տնտնացող լաչակաւոր կնիկները, միշտ պատրաստ սակարկելու, ոռ խաղցնելու, քրքրջալու, կը հետեւիս պտուղ գողցող տղոց խաղերուն, կսմիթներուն, սուլոցներուն, որ կը կորսուին ընդհանուր պոռչտուքին, եղանակաւոր գովեստներուն, երկրի բոլոր շրջաններու զարմանազան շեշտով բացագանչութիւններուն մէջ, ձայնաշխարհի ետին ուրիշ ձայնաշխարհ, իրականութիւն մը, ուրիշ երեւոյթ մը. շունչ կ՚առնես ոսկերչնոցի կողմնակի դրան մօտ, որուն ճաղերէն առկախ կը մնան պայուսակի, գօտիի, կօշիկի բոլոր տեսակները.
… ակնյայտ ցուցամոլութեամբ թերթը կ՚առնես ձեռքդ, առաւօտեան թերթը, որուն տրցակը քեզի կը յանձնէ պարոն Բաբգէն. էհ, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ կոր, իշալլահ գոհ ես, կ՚ըսէ, հիմա շատ ընտանի, գրեթէ մտերիմ շեշտով կը խօսի հետդ, կ՚օգտուիս առիթէն թղթատելու համար նոր հասած գիրքերը, որ կը զետեղէ թերթերու դասին էն վերը, քով քովի, քանի մը էջ կը կարդաս՝ կը հարցուփորձէ, քեզմէ աւելի գոհ կը թուի որ ատանկ տեղ կ՚աշխատիս, պատուաւոր մարդիկ են, ամսականդ օրին կու տան, ատիկա կարեւոր է, կը կրկնէ որ կարեւո՛ր է, քանի որ իր վարպետը բնաւ այդպէս չէ, կը ձգձգէ. հակառակ առաջին տպաւորութեանդ, ինք այդ կրպակին տէրը չէ, այլ միայն ծախողը, որ եօթի վրայ վեց օր ձմրան ցուրտին ամրան տօթին կը բանի, անդադար ոտքի, քիթին տակէն կը մրթմրթայ ասոր անոր հասցէին, պապայական, ընչաքաղց, մարդու միս ուտող՝ քեզի համար մասամբ երեւակայական տիպարներուն, որոնց շուքերը կ՚ընդնշմարես միայն ճչակով անցնող թափօրներուն մէջ, ինքնաշարժի ետեւի նստարանին վրայ
ծուարած, վարագոյրի ետին պահուըտած գիշատիչներ, աւազակներ, քաղաքական կրկէսի լարախաղաց ասպետներ, որոնց պոռոտախօս յայտարարութիւնները արաբական մեծ ազգին վերամիացման, պաղեստինեան դատին, սիոնականութեան, կայսերապաշտութեան մասին մեծատառ կը պառկին թերթերու ճակատին. երբեմն մեկնած պահուդ կ՚ընկերանայ քեզի մինչեւ մայթը, կը զգուշանաս մազոտ ձեռքը սեղմելէն, դուն քեզ կը պահես քիչ մը հեռու, վերապահ, անտարբեր՝ սովորական դարձած այդ տրտունջին, ամուլ բողոքին հանդէպ, որ երեւի միշտ անցեալ մը կը կարօտնայ եւ որ այլեւս մաս կը կազմէ կենցաղին՝ սա խայտաբղէտ աշխարհին դիմաց կեցուածքին, պահ մը կը դիտէ հրապարակը, Մեթրոփոլի խաւաքարտէ տեսարանը, Ռատիօ Սիթիի ճակատին՝ Խաւարումը-ին Մոնիքա Վիթին, անձկութիւնը պտտցնելով Փալերմոյի փողոցներուն մէջ դեգերած պահուն…
ետիդ չես դառնար, զինք ձգելէդ ետք, կը քալես Լազարիէի մայթէն, Թոմասի շուքը կը հալածես, կը հետեւիս անոր արագ վազքին, մէկէն կանգ կ՚առնէր անուշեղէն ծախող վաճառատան առջեւ, անօթիներու պէս կը դիտէիք այդ ցուցափեղկին ետին, թափանցիկ թուղթի մը տակ, պսպղող ոսկեգոյն, արծաթագոյն, արաբական քաղցրեղէնները, յետոյ կ՚անցնէիք կամարակապ անցքերը, գրավաճառներուն առջեւէն ուրկէ տարեմուտին գործածուած դասագիրքերը կը գնէիք, է՛ն աժանը, է՛ն քրքրուածը, տարեվերջին ծախելու համար մեռած գինով, մինչեւ այն օրը երբ Թոմաս փոխարժէքի այդ մէկ յիսուննոցը բթամատով կը դարձնէր օդին մէջ, եալլա, ձեր երազած պաղպաղակով խառն անուշեղէնը կը հրամցնէր, նախքան կորսուիլը ասպարէզի ճամբուն վրայ.
կը նախընտրես Անթուանին գրախանութը տնտնալ, սկիզբը չես երեւակայած որ այդ պզտիկ մուտքին, գանձանակին քովէն սանդուխները կը տանին դէպի նկուղներու լաբիւրինթոս մը, գետնայարկ գրադարան մը ամբողջ, բազմածալ ու բազմաթերթ ինչպէս պապիրոսէ մատեան մը Աղեքսանդրիոյ մատենադարանին մէջ, որ կարծես կը մխրճուի մինչեւ քաղաքին հնագոյն մասերը, տեսակ մը ենթաշխարհ, որուն փակ միջոցի խոնաւ զովութիւնը քեզ կը գրաւէ, նոյն ատեն այնքան անսպասելի, հեռասոյզ այլուր մը, քարանձաւ մը, Պերիթոսի գաղտնի գրադարանները ուր հարիւրաւոր հատորներ, նոր ու հին, կը պահուին, կը պահուըտին, հեռու դիտող աչքէ, ինչպէս ամրափակ ձեռագիրներ կը զետեղէր միտքդ լեռներու խոռոչներուն մէջ, փրկուած ալան-թալանէն, հրդեհէն, սրածումէն, սպասող անոր որ պիտի գար զանոնք բանալու, կարդալու, արտագրելու իր կարգին, որով մէկէն այդ չոր, փոշոտ արտաքին պատկերը շէնքերուն, քաղաքին այդ գորշութիւնն ու շոգը կ՚այլակերպուին, ինչ որ կը տեսնես այն չէ որ կը տեսնէիր, ինչ որ կ՚երեւի՝ կը ծածկէ, թոյլ չի տար որ ընդնշմարես իրականութեան իսկ էութիւնը, որմէ կը թուիս վտարուած, աքսորուած, թէեւ վերէն անցնող ինքնաշարժները, հանրակառքերը կը դղրդացնեն, կը ցնցեն միջոցը, եւ բռնած գիրքդ արձագանգէն կ՚իյնայ գետին, կը դնես տեղը, կը մնաս տարուած այդ ներքին լռութեամբ որ հատորներու գոյութիւնը կը յօրինէ, այդ տարտամ, գրեթէ սարսուռ յառաջացնող մտմտուքով, չարտասանուած լեզուով, ուր հարիւրաւոր բերաններ կը խօսին իրարու, կ՚երեւակայեն կեանքը, մահը, կը ձեւաւորեն վիպային բոլոր հնարաւորութիւններն ու կացութիւնները, բոլոր դրուագներն ու դէմքերը, աչքեր՝ որ բազմաթիւ հատորներ կը կարդան նոյն ատեն եւ կը սկսին շփոթել մէկը միւսին հետ…» (271-274)
7
«Կը սիրես շարժանկարը, աւելի ճիշդ սինեմաները, որ գրասենեակի աշխատանքէն ետք անմիջապէս կը կազմէ միւս կեանքդ. քաղաքը շատոնց վերածուեր է քեզի համար մութ վայրերու ցանցի մը. սկիզբը Տըպպասէն մինչեւ Պուրճի սրահներուն ծանօթ ես, հետզհետէ կը լայնցնես անոնց ծիրը, որ կեդրոնէն կը հասնի մինչեւ Գափիթոլ ու Սթարքօ, նախքան Համրային յաղթանակը աւելի
ուշ. կը նախընտրես անոնք որոնք օժտուած են զովացնող մեքենաներով, Գափիթոլը, Ամփիրը, Տիւնիա , երբեմն Ռոքսին, ուր այդ յետմիջօրէի ժամերուն հաւաքուած բազմութիւնը քեզի պէս շուք, զովութիւն ու հաճոյք փնտռող մարդոցմէ կը բաղկանայ, կան որ գրեթէ կը ճանչնաս, նոյներն էք, բայց չէք խօսիր իրարու հետ, ամէն մարդ հոն առանձին է իր մտապատկերներուն հետ, իր սեւեռումներուն, իր ֆանթազմներուն…
կիրակի առաւօտները կը դեգերիս մայթերուն վրայ դուրսը ցուցադրուած պատկերները դիտելու, կողմնորոշուելու, քիչ մըն ալ հաճոյքը երկարաձգելու համար, ինչպէս Լազարիէի փակ խանութներուն առջեւ աճուրդի հանուած գիրքերը կը զննես ու սակարկելէ, գնելէ առաջ կը կարդաս սկիզբը, վերջը, այնպէս ալ այդ թափառումը ոչ թէ մէկ ֆիլմ այլ բազմաթիւ ֆիլմեր ըմբոխշնելու ձեւ մըն է, ամէն մէկ լուսանկար կը խտացնէ իր մէջ ժապաւէնէն տեսարան մը, եւ եթէ հոն յայտնուին սիրած դերասաններդ կամ դերասանուհիներդ, Ճօն Ուէյն կամ Կէրի Քուփըր, Սիւզան Հայուըրթ կամ Սիլվանա Մանկանօ, տպաւորութիւնն ունիս որ հին ծանօթութիւն մը կը նորորոգուի, ուստի սրահը տհաճ ալ ըլլայ, ինչպէս Շեհերազատը, Վենիւսը կամ հին ֆիլմեր տուող Ռեքսը, ծխողներուն թիւը մեծ ալ ըլլայ, քանի որ եկած են, քեզի պէս, Ռիթա Հայուըրթի պարը կամ Ճէյն Մենսֆիլտի կուրծքը վայելելու, այդ ֆիլմը կ՚ընտրես.
հեշտալին ներսն է, խորութիններուն մէջ, ուր կը մխրճուիս տենդով, քիչ մըն ալ անորոշ երկիւղով, ինչպէս մէկը որ կը գտնուի նոր կեանքի մը սեմին, պահ մը կ՚երկմտի, իր ցանկութեան ուժգնութենէն արգիլուած. կը յառաջանաս կիսամութ անցքէն, անհասկնալի դիւթանքէ մը տարուած, կը նստիս բազկաթոռին խորքին, շարքին կեդրոնը, յաճախ պատշգամին վրայ՝ ուրկէ կը խուսափին շատեր, կարմիր թաւիշէ սրահը դատարկ կ՚ըլլայ եւ ժապաւէնը կը թուի ցուցադրուիլ միայն քեզի համար. խորքին սիւներն են, ոսկեզօծ զարդանախշեր, մինչ գմբէթն ի վար կը կախուի հսկայ, հին թատրոններ յիշեցնող ջահը. ինչ որ կը խռովէ քեզ, կը լեցնէ անհամբերութեամբ, այն ալ լոյսն է, լոյսին դանդաղ նուազումը, սրահին կիսամութը որ դուրսէն ներս անցումը կը դարձնէ շարունակական, կը ջնջէ անոնց հակադրութիւնը—կարճատեւ րոպէ, երբ դէպքերը տեղի չեն ունեցած եւ յուզումը կը մնայ ամբողջ, աչքերը, հոգին, մարմինը կը պատրաստուին ուրիշ խորութեան, ուրոյն դուրսի մը, որ քաղաքի ընդերքներէն, երբ վարագոյրը կամաց-կամաց կը բացուի, քեզ կը տանի, ծովէն անդին, Հոլիվուտի, Չինեչիթայի տարաշխարհը, գուցէ նոյնքա՛ն խաբէական որքան գեղեցկութի՛ւնը» (357-359)։
«Րոպէական, շատ արագ այդ հաճոյքը՝ երբ փակուող վարագոյրին հետ պահ մը կը գոցէի աչքերս։ Կը փորձէի պահպանել պատկերները նախքան անոնց ընկղմումը, անոնց փարատումը քաղաքի իրիկունին մէջ. մայթերը կը դատարկուէին, յետոյ կը լեցուէին տարբեր բնակչութեամբ մը, լոյսերը աւելի յստակ կը դարձնէին փոշոտ գորշութիւնը, այն որ կարծես աւելի կը թանձրանար ու կը դառնար ակներեւ որքան գրաւիչ կ՚ըլլային Համրայի, Մանարայի փողոցները։ Հիմա այլեւս պէտք էր կտրէի անցնէի, Ռոնտայի քովէն, կարելի էր ականջ տալ սինեմա Վենիւսի խուցին մէջ դարձող ֆիլմին, Ռոքսիի պառը բաց էր արդէն, պարոն Բաբգէն շատոնց հաւաքած էր թերթերը եւ նրբանցքը կը թուէր լայն, շէնքի սովորական մուտք մը իր այլեւս փակ փեղկերու նմանող պահարաններով որ երկաթէ նիգը կը կղպէր։ Երթեւեկը սկսեր էր դանդանղիլ, գուցէ շատոնց Տըպպաս հրապարակը կը թուէր մշուշոտ, սերվիսներու կարգը երկաերեր էր վերով, Զօհրապը, Ստեփանը, Զայիմ Կարոն, թաղին միւս վարորդները, մայթին վրայ կը մնային կանգնած, իրենց թիկունքը տուած եկեղեցիի մետաղէ ցանկապատին՝ սիկարէթը իրենց բերնին, սպասող յաճախորդի, նշան կ՚ընէին որ մտնէի առաջին ինքնաշարժը» (419)։
Ծանօթ. լուսանկարները առնուած են http://oldbeirut.com կայքէն։
Քարտէս՝ http://almashriq.hiof.no/lebanon/900/910/912/maps/beirut/beirut-02.jpg
իրաւունքները վերապահուած տէրերուն։