Կարէն Ջալլադեան

ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆԻ ԱՆՀԵԹԵԹԻ ԱՐՁԱԿԸ

Վահէ Օշական գոյութենապաշտ ներշնչումով՝ անհեթեթի գրողն է։ Անոր գոյութենապաշտութիւնը, որ կը սնանի եւրոպական, մասնաւորաբար՝ ֆրանսական յետպատերազմեան մթնոլորտէն, քննադատներու կողմէ յաճախ գրաւած է քննադատներուն ուշադրութիւնր, յատկապէս բանաստեղծական գործերուն պարագային։ Ինչ կը վերաբերի անհեթեթին, ըստ Օշականի, անիկա բանականութեան, տրամաբանութեան եւ նոյնիսկ մտածողական կառոյցներէն դուրս է, եւ ըլլալով մշտական սպառնալիք այս վերջիններուն՝ մարդկային կեանքի ողբերգականութեան աղբիւրն է։ Օշական անհեթեթը կը մտածէ գոյութենապաշտ տեղիքներով, որոնցմէ հիմնականներն են՝ մարդկային լքուածութիւնը իմաստէն, հա­ղորդակցելու մեկուսացնող դժուարութիւնը, ինչպէս նաեւ ազատու­թեան կարելի­ու­թեան վրայ դրուած շեշտը, որպէս անյոյս ըմբոստութիւն։ Ով որ կը գիտակցի տիեզերքի անհեթեթութեանը՝ աւելի մօտ է մարդկային այս խորագոյն ճշմարտութեան եւ հետեւաբար կ’ապրի աւելի վաւերական կեանք մը։ Գրականութիւնը որպէս արուեստ նախ եւ առաջ կոչումն ունի ծառայելու կեանքի ողբերգականութեան լուսաբանումին՝ որդեգրելով գիտակցութեան բացարձակ դրսութեան տեսանկիւնը, ազատագրուած եւ ազատագրող բարոյախօսական կապանքներէն։ Այդ կապանքներուն մասին, Վահէ Օշա­կան չէ խնայած իր քննադատութիւնները,  վաթսունական թուականներու սկիզբէն «Բագ­ին»ի մէջ հրատարակած իր յօդուածներով։ Աւելի ուշ փորձած է անհեթեթի ողբերգականութեան մասին զուտ գրական վկայութենէն անդին մտածել՝ առաջարկելով բացարձակ սէրը որպէս կեանքը տանելի դարձնող տեսլական։ Թէ ինչպէ՛ս Օշականի ար­ձա­կը կը յենի գոյու­թենապաշտ բնանիւթերու վրայ, բայց կը զարգանայ իւրովի՝ այդ մասին վարի հակիրճ մատնանշումներր կը փորձեն գաղափար մը տալ։ Կամուրջ անտիպ վէպը այս ստեղծագործական հոլովոյթին կարեւոր հանգրուաններէն մէկն է։

Օշական անհեթեթը կը մտածէ գոյութենապաշտ տեղիքներով,
որոնցմէ հիմնականներն են՝ մարդկային լքուածութիւնը իմաստէն,
հաղորդակցելու մեկուսացնող դժուարութիւնը, ինչպէս նաեւ
ազատութեան կարեփութեան վրայ դրուած շեշտը, որպէս անյոյս
ըմբոստութիւն։

     Նախ փորձենք պարզել Կամուրջ վէպին տեղը Վահէ Օշականի արձակ գործերու ծիրին մէջ։ Յայտնի է որ հեղինակին առաջին հրատարակութիւնը «Պիրատէր Յակոբ» (ՍեպտեմերՀոկտեմբեր 1945) պատմուածքն է, երկրորդը՝ «Սրճարանը»[1]1«Սրճարանը» գրութիւնը կը կրէ «ՎԱՀէ» ստորագրութիւնը։ Ոճի եւ թեմայի նմանութիւններէն մեկնած, կարելի է … Continue reading (Նոյեմբեր 1946), երկուքն ալ լոյս տեսած Գահիրէի «Յուսաբեր» հանդէսին մէջ։ Յետոյ կու գան «Գի­շեր» եւ «Վարագոյր» պատմուածքները, որոնք լոյս տեսած են Պէյրութի «Ակօս» գրական հանդէսին մէջ (Փետրուար 1955 եւ Փետրուար 1958)։ Ասոնցմէ ետք ունինք նախ՝ «Հայր եւ որդի» անտիպ պատմուածքը, որուն մեքենագրուած բնագիրը «3 Յուլիս 1967» թուականը կը կրէ, եւ նոյնպէս անտիպ, բայց մեքենագրուած «Կայարան թիւ չորս» վիպակը` «4 Մայիս 1968» թուականով։ Վերջինս մասամբ լոյս տեսած է «Ահե­կան» հանդէսին մէջ (1968, թիւ 34, էջ 69-78)։ Յետոյ կու գայ «Փախստականը» պատ­մուածքը (1971), որ աւելի ուշ մտած է նոյն վերնագիրը կրող հատորին մէջ (1987)։ Եւ վերջապէս՝ «Շղթան» արձակ գրու­թիւնը, որ լոյս տեսած է «Երիտասարդ հայ» թերթին մէջ (30 Դեկտեմբեր 1971, թիւ 46, էջ 10-12)։ Ըստ երեւոյթին՝ Կամուրջ վէպը (Յուն­ուար 1973)[2]Կամուրջի մեքենագրուած բնագիրն ունի 122 էջ եւ ստորագրուած է «3 Յունուար 1973»։ Կայ անոր երկրորդ տարբերակ մը, զոր … Continue reading գրուած է վերը նշուած արձակ գործերէն ետքը։ Անոր գոյութենապաշտ դրոյթներով պայմանաւորուած բո­վան­դակութիւնն ու յատկանշական կառոյցը աւելի յստակ կ’երեւին նախորդ գրու­թիւններու ընթերցման լուսարձակին տակ։

Օշականի արձակը կը յենի գոյութենապաշտ բնանիւթերու
վրայ, բայց կը զարգանայ իւրովի։

     Առաջին շրջանի կտորները («Պիրատէր Յակոբ», «Սրճարանը» եւ «Գիշեր») գոր­ծեր են, որոնք անհեթեթի խնդի­րը գրեթէ չեն շօշափեր։ Անոնք մեծապէս կը զար­գանան պատումի ներկայ ժա­մանակով, արտաքին գործողութեան մակարդակի վրայ, մինչ պատ­մողին ձայնը կամ նկարագրութիւնները քիչ անգամ կը կրեն գոյութենապաշտ երանգներ։ Մինչ­դեռ «Վարագոյր»ը, զգալիօրէն աւելի ծաւալուն, եւ «Հայր եւ որդի»ն կը զարգանան յստակ գոյութենապաշտ բնանիւթերով։ «Վարագոյր»ը մէկու մը մասին է, որ տարի­ներու վրայ երկարող նկրտումներէ ետք, երբ կը կարծէ, թէ յաջողութեան հա­սած է, անկարող կը գտնուի ներ­կային մէջ իր տեսած խորին անձնական իմաստը բաժնել ոեւէ մէկու հետ։ Իմաս­տաւորելու այս պահանջը եւ անկարողութիւնը ցոյց կու տան, թէ մարդիկ ի՛նչպէս իրենց կեանքերը անվաւեր կ’ապրին։ Պատմուածքի բուն գործողութիւնը ար­տաքին իրա­դարձութիւններէն չէ բաղկացած, այլ այս ձա­խողութեան փորձա­ռու­թեան ընթացքին՝ գիտակցութեան տագնապին կը հետեւի։ «Վա­րագոյր»ի պատմուածքի այս ներքին գործո­ղութիւնը կը մատուցէ շարք մը այլ գոյութենապաշտ տե­ղիքներ, որոնք յաճախ ներ­կայ են Օշականի միւս գրութիւններու մէջ։ Ասոնցմէ առաջնակարգը ազա­տութեան փորձառութիւնն է, զոր «Վարագոյր»ի հե­րոսը մասամբ միայն կը կատարէ գիտակ­ցութեան մակարդակին։ Կայ նաեւ կատաղի սեռա­կա­նութիւնը, որ նոյնպէս կը խորհրդանշէ մարդկային մոլորուածութիւնը, երբ ան կեանքի իմաստա­զրկութեան հետ տակաւին հաշուի չի նստիր։ Եւ վերջապէս՝ խորհր­դա­ւոր աչքը, որ գաղտնաբար կը հե­տեւի եւ գիտակցութեան բացարձակ դրսութիւնը կը խորհրդանշէ։ Իսկ «Հայր եւ որ­դի»ն, արձագանգելով Դոստոյեւսկիին, անհեթեթին կը մօտենայ անմեղ տղեկի մը մահուան պատահարով։ Այս ողբերգութեան դէմ յան­դի­ման՝ պատուելի հայրը աղօթ­քով որեւէ իմաստ փրցնելու անկարող է, ու այդ անկարո­ղութիւնը անհեթեթը քողար­կող անվաւերութեան ախտանշանն է։ Կայարան թիւ չորս վիպակը վերստին ձեռք կ’առնէ անհեթեթը չգիտակցելու պատճառով ՝ անվաւեր կեանք վարելու բնանիւթը։ Վէպին առանցքային դէպքը կեդրոնական տիպարին կողմէ արթննալն է անհեթեթին, ինչ որ տեղի կ՚ունենայ մահացու վտանգի մը դէմ յանդիման, ու տիպարին կու տայ հոգեբանական եւ գաղափարաբանական սովորութիւն դար­ձած թակարդներէ ազատ­ուած ըլլալու գիտակցութիւնը։ Այսպէս ուրեմն՝ վիպակը եւ վէպը, որպէս տա­րածուն գրական սեռեր, Օշականին կ’ընձեռեն տիպարներու կերպարանափո­խում­ները աւելի մանրամասնօրէն նկարագրելու միջոցը, որոնց յաճախ՝ նոյն այդ տի­պարները մա­սամբ միայն կը գիտակցին կամ կը հասկնան։ Սակայն գրականութիւնը՝ անոնց մասին աւելի ընդարձակ վկայութիւն բերելով, իր պարտականութիւնը կը կա­տա­րէ եւ միեւնոյն ատեն՝ Օշականեան իրապաշտութեան վերաբերեալ սահմանում մը կը թելադրէ։ Ինչ կը վերա­բերի «Փախստականը» պատմուածքին, ան հաղորդակցութեան անկարելիութեան եւ մա­հը դիմագրաւելու բնանիւթերը կը սրէ լկտիութեան եւ գռեհ­կութեան վայրագ դրուագներով։ Եւ վերջապէս կայ «Շղթան», գրութիւն մը որ կը յի­շեցնէ Կամուրջին ոճը. երեք էջնոց, նախադասութեան եւ պարբերութեան բաժանում­նե­րէ զուրկ յեղում մըն է, որ մասամբ կը փորձէ նոյնանալ փոքրիկ տղեկի մը դիտան­կիւնին,  տղեկի մը որ առանց մօր մնացած է եւ որուն հայրը ի վիճակի չէ մօր կորուստը ընդունելու։
     Կամուրջ վէպը Օշականեան արձակի վերը նշուած յատկանիշներուն բարդ համադրութիւնը կը հանդիսանայ։ Հոս ալ հիմնական գործողութիւնը գիտակ­ցութիւն­ներու մակարդակին կը ծաւալի։ Վէպին մէջ գոյութենապաշտ անհե­թեթը աւելի օրկա­նական կերպով է մանուած արտաքին իրականու­թեան հանգա­մանք­նե­րուն հետ։ Այս­պէս՝ ընթերցողը կը մխրճուի 1960-70-ականներու Պէյրութի կեան­քին մէջ, կտրտուած տեղեկութիւններ ստանալով ընտանիքի մը անդամներու անցեալէն, առօրեայէն եւ վէր­քերէն, մարդիկ ովքեր մեծապէս թակարդուած են անվաւերութեան ճիրաններուն մէջ։ Դերակատարներն են՝ վաթսուննոց հայ աշխատաւոր տղամարդ մը՝ երեք զաւակ­ներու հայր, կինը՝ լուռ եւ անտեսուած, նուազագոյն կերպով նկարագրուած վիպողին կողմէ, երեք զաւակ­նե­րը՝ մէծ տղան, երեսուննոց, վաճառականի աշխարհահայացքին զոհ, միջ­նեկ աղջիկը՝ յայտնատեսական ընդունակութիւններով, ամենէն հասուն տի­պարը, նոյն ատեն սե­ռականութենէն ազատագրուած, եւ փոքր տղան՝ գրեթէ պատանի, իտէալապաշտ ու հայրենասէր։ Աւելցուցէ՛ք ասոր Պէյրութի միջավայրը, դաշնակցական առասպելական մթնոլորտը, ամերիկայէն այցելող գործարար զարմիկը եւ վէպին պարզած պատկերը ամբողջական կ’ըլլայ։ 

Կամուրջր կառոյցով ամենէն կուռն է Օշականի արձակ գործերէն։ Անոր
արտաքին գործողութեան (որ կր ներառնէ պատումի ներկան)
տեւողութեան կարճութիւնր ընթերցողի ուշադրութիւնր կ՚ուղղէ
դէպի գիտակցութեան ներքին ժամանակի անսահմանութեանր։

     Կամուրջը կառույցով ամենէն կուռն է Օշականի արձակ գործերէն։ Անոր ար­տա­քին  գործողութեան (որ կը ներառնէ պատումի ներկան) տեւողութեան կարճու­թիւ­նը ըն­թերցողի ուշադրութիւնը կ’ուղղէ դէպի գիտակցութեան ներքին ժամանակի ան­սահ­մա­նու­թեանը։ «Բագին»ի այս թիւին մէջ հրամցուած էջերը վէպին սկիզ­բէն առ­նուած են եւ կու տան առանձին տիպարներու կեանքերը, վիպելով գիտակցական, մար­մնային ապրումներու խիտ իրականութիւն մը, ու ծփալով ներկայէն անցեալ։ Ոճով դժուար ընթեռնելի է ու ընթերցողէն լարում կը պահանջէ. երկարաշունչ եւ ոլորապտոյտ նա­խադասութիւններ, որոնք մտազուգորդական տրամաբանութեամբ կողք կողքի եկած, անկանխա­տե­սե­լիօրէն կ’անցնին ժամանակի մէկ խաւէն միւսը։

     Կամուրջէն ետք՝ Վահէ Օշական հրատարակած է պատմուածքներու երեք հա­տորներ՝ Փախստականը (1987), Թակարդին շուրջ (1988), Սերունդներ (1995), ինչ­պէս նաեւ Պատուաստը վէպը (որպէս շարք «Յառաջ»ին մէջ, Սեպտեմբեր-Դեկտեմբեր 1995)։ Առ­նուազն ութսունականներու կէսերէն՝ ձեռնարկած է նաեւ Հրուանդան պատ­­մական վի­պաշարքին, ու անկէ կրցած է աւարտել միայն երկու հատորներու մեքե­նա­գրուած բնա­գիր­ներ, որոնք նոյնպէս անտիպ են։ Ըլլալով հանդերձ կայացած եւ կա­րեւոր գործեր, այս գրու­թիւններէն քիչերը ունին Կամուրջին ոճային իւրայատուկ սաստկութիւնը։

ԾԶ. Տարի, 2017 թիւ 3

ԿԲ. Տարի, 2023

References
1 1«Սրճարանը» գրութիւնը կը կրէ «ՎԱՀէ» ստորագրութիւնը։ Ոճի եւ թեմայի նմանութիւններէն մեկնած, կարելի է եզրակացնել, որ «Պիրատէր Յակոբ»ի եւ «Սրճարան»ի հեղինակը Վահէ Օշականն է։ Երկու գրութիւններուն գործողութիւնները տեղի կ՚ունենան Պաղեստինին մէջ եւ կը համընկնին հեղինակի Երուսաղէմ ապրած տարիներուն։ Յստակ չէ, թէ ինչու երիտասարդ Վահէ Օշականը միայն իր առաջին անունով ստորագրած է այս գրութիւնը։ Թերեւս փորձ մըն է ծածկելու կապը հօր՝ Յակոբ Օշականի հետ։
2 Կամուրջի մեքենագրուած բնագիրն ունի 122 էջ եւ ստորագրուած է «3 Յունուար 1973»։ Կայ անոր երկրորդ տարբերակ մը, զոր Օշական ստորագրած է «Սան Ֆրանցիսկո 1988»։ Երկրորդ տարբերակը պատճէնն է առաջինին որոշ նուազագոյն փոփոխութիւններով, ըստ երեւոյթին, Վահէ Օշականի ձեռքով կատարուած։ էջագրութիւնն ալ գրեթէ նոյնն է, միայն թէ երկրորդ տարբերակն ունի 123-րդ էջ մը հետեւեալ բովանդակութեամբ «1972, Օգոստոս 14, կէսօրէ ետք ժամը քսան անց», ինչ որ կարեւոր մանրամասնումն է Կամուրջ վէպին համար։