Վահէ Օշական գոյութենապաշտ ներշնչումով՝ անհեթեթի գրողն է։ Անոր գոյութենապաշտութիւնը, որ կը սնանի եւրոպական, մասնաւորաբար՝ ֆրանսական յետպատերազմեան մթնոլորտէն, քննադատներու կողմէ յաճախ գրաւած է քննադատներուն ուշադրութիւնր, յատկապէս բանաստեղծական գործերուն պարագային։ Ինչ կը վերաբերի... Կարդալ աւելին
Վահէ Օշական
1972, Օգոստոս 14, կէսօրէ ետք ժամը չորսը քառորդ անց։
***
Չորս մեթրով երեք մեթր է ճաշասենեակը։ Էրիկ կնիկ նստեր են դէմ դիմաց ու քառակուսի գիծերով գոց կարմիր մոմլաթ կայ քառակուսի սեղանին վրայ։ Պատերը մերկ են, անօթի ծարաւ ու անարձագանգ՝ ուր ամէն ինչ կը հատնի. Բաց է պատուհանը ու դիմացի տասյարկանի շէնքի Կարդալ աւելին
Վահէ Օշական
Նայեցաւ նախ Ալիսին, այդ ծանօթ, նոյնիսկ մտերիմ կերպարանքին, որուն շուրջ աչքերը ու երեւակայութիւնը դարձեր էին մանկութենէն ի վեր, փորձելով գոհացնել անքուն հետաքրքրութիւն մը անոր ու հօր մասին։ Թէ ի՞նչ էր փնտռածը, պահանջածը, ինչո՞ւ կը նախանձէր երբ հայրը զայն ծունկերուն վրայ նստեցուցած հրաշալի, անվերջանալի, անկարելի պատմութիւններ կը պատմէր, ու յետոյ... Կարդալ աւելին