1972, Օգոստոս 14, կէսօրէ ետք ժամը չորսը քառորդ անց։
***
Չորս մեթրով երեք մեթր է ճաշասենեակը։ Էրիկ կնիկ նստեր են դէմ դիմաց ու քառակուսի գիծերով գոց կարմիր մոմլաթ կայ քառակուսի սեղանին վրայ։ Պատերը մերկ են, անօթի ծարաւ ու անարձագանգ՝ ուր ամէն ինչ կը հատնի. Բաց է պատուհանը ու դիմացի տասյարկանի շէնքի մոխրագոյն պատէն վախկոտ, պարպուած լոյս մը ներս կը մտնէ, անզգալիօրէն։ Թաղին աղմուկը ժանգի համ մը ունի, աւելցած ու կորսուած հոս, ժամանակէն ու աշխարհէն կտրուած տունին մէջ։
Բայց տիկին Սիրվարդ ձմերուկի կուտ կ’ուտէ, մէկ մէկ, անճիգ ու յամառ. մսոտ միօրինակ են շարժումները թեւին։ Ուրիշ շարժում չկայ սենեակին մէջ։ Տիկին Սիրվարդ անսեռ, տարիներով կուտակուած մարմինը դուրս փլած է ինքիրմէ – միայն աչքերը կը մնան կեանքի մակերեսին, սեւ չմեռնող բայց մահամերձ. փայլ մը պահած են հեռաւոր կարճ, կէսօրէ վերջ մը տեւած երիտասարդութենէն։ Այս պահուս, տմոյն, պշնած՝ պատուհանէն դուրս կը նայի։ Պատճառ մը չկայ որ պահը մինչեւ յաւիտենութիւն չտեւէ։
− Դեղդ գնեցի՞ր։
− Տասնըհինգ ոսկի եղեր է։
Չվերցներ քարէ նայուածքը պարապ պնակէն։ Տարիներէ ի վեր յոգնած է, ասանկ պարապ պնակի մը պէս կէս մը աղտոտ, յոգնած է իր անձին բեռէն, ինքզինքը բռնելէն մարդոց կողմէ ամայի ձգուած կտոր մը տեղին մէջ, մանաւանդ անոնց բացակայութեան, յոգնած է պարապութեան դէմ կռուելէն առանց յոյսի նպատակի միայն թէ կարենար ոտքի մնալ։ Ծանր էր գլուխը, սրունքներու ուսերու ցաւերը այնպէս կը քաշէին զինք դէպի հեռուն, իրմէ դուրս տեղ մը որ ոչ առաջ էր ոչ ալ վերջը. ամէն ինչ անորոշ էր։ Ամէն մարդու պէս ինքն ալ վաթսունի շուրջերը սկսել էր զգալ բանի մը, անստոյգ ներկայութեան մը կործանումը մարմնէն ներս, ու մանաւանդ իրմէ դուրս, շուրջը. մարդոց շահեկանութիւնն էր որ կը քայքայուէր։ Աշխարհ կը դադրէր կարեւոր ըլլալէ, ինքը դուրս էր ամէն ինչէ։ Աս դեղի պատմութիւնը, օրինակի համար։
− Ելլեմ սուրճը դնեմ։
Նայեցաւ կնկան – ամէն ինչէն աս մնացեր էր, անխօս, անթափանցելի՝ որուն դէմ անիմաստ ատելութեան մը կուտակումը յաճախ հազիւ կրցեր էր զսպել։ Իրեն պէս բան մը, հաստ ու ծանր ինչպէս շինած տուներուն պատերը։ Հինգ անգամ բնակարան փոխեր էր. տասը տեսակ գործ ըրեր էր, զաւակները յանկարծ մեծցեր էին ու կը փախէին արդէն ինքը դեռ տեղ մը չհասած, չհանգչած, ոչինչ աւարտած։ Իր խարխլած սթէյշըն ուակընով մէկ շանթիէէն միւսը վազող, ամէն ինչ միշտ կէս կատար, բանի չնմանող շէնքերու փոշիին մէջ ու հազիւ աւարտած՝ արդէն ուրիշ տեղ մը կը փորձէ, հիմերը դիր, պոռա քնացող բանուորներու, կռուէ քարին ու յուսահատութեան դէմ… բայց Սիրվարդ միշտ նոյնն էր, քսանհինգ տարիէ ի վեր, հին օրացոյցին պէս խոհանոցին դրան ետին մոռցուած, ինքն ալ կրնար մոռնալ ինչպէս մաշեր էր յիշողութենէն ծնողքին հետը, ընկերները, ինչպէս մոռցեր էր Շարզէի վիլլային կինը որուն հետ շարունակեր էր շէնքը լմննալէն ալ ետքը մինչեւ որ հաքիմը կասկածիլ սկսեր էր. մոռցեր էր նոյնիսկ եղբայրը Սիւրիոյ ճամբաներուն վրայէն իր քամիոնին փոշոտ հսկայ աղմուկով հին պատմութեան թագաւորի մը պէս որոնք սորվեր էր նախակրթարանին մէջ, մոռցեր էր քոյրը իր աշխատանոցի լաթերուն տակ ու կարի մեքենային կլոր կլոր ձայնը մինչ ուռած կարմիր այտերով, թաց ափերով մեռած աչքերով տղան շուրջը կը դառնար ու երեկոները աշխատանոցի անկիւնը կը շուլլէր անկասկած որովհետեւ դրամ կար ծայրը, այրի կին մը որ դրամ ունի, ինքը ըլլար՝ նոյնը կ’ընէր։
Գլուխը կը կախուէր։ Քունը կու գար։
***
Պատուհանին առջեւ պիրկ, փխրուն, ջղուտ կայնած, անուշադիր տեսնելով իտալական ճերմակ նաւը որ երազի պէս կը սահէր դէպի բաց ծովը մօտ է օրը կ’երթամ կ’ազատիմ մտածելով մինչ կռնակէն տղուն ձայնը ու՝ յունարէնի սողսկուն, կտրատուած չոր շեշտը որ իր մէջ կը քաշէր, կը հատցնէր, կը սպառէր մաշած, շնչասպառ օդը գրասենեակին հարիւր տարիէ ի վեր հոն սնանող քրտինքի, աժաննոց սիկարէթի ու ժամանակի անյոյս մաշումի հոտով պատերուն վրայէն թափող անհատնում համբերութեամբ։ Կեանքը կը հատնէր շուրջը, չորրորդ յարկէն առկախ երկու տարիէ ի վեր նայելով պատի նաւերուն հինցած պատկերներուն, ճանճի հետքերով աղտոտած հսկայ դեղնած քարտէսներուն, տարիներէ ի վեր հոն մոռցուած, իրեն պէս, գրամեքենային առջեւ, աշխարհի մէջ աւելորդ էակ մը կծկուած հոն, խիտ ու ջղային, սպասելով առիթին… ով ըլլայ ըլլայ, միայն թէ կեանքի ալիքը հոս չի լմմնայ, չի հատնի։ Նոյնիսկ յոյն աննկարագիր արկածախնդիր մը, դէմքը փշտիկներով ծածկուած, որ մորթիդ մէջէն կը խօսի հետդ այնքան որ կը քանիմ իրմէ, բայց այդ չէ կարեւորը հիմա։
Յոյնը գոցեր էր թէլէֆոնը։ Եկաւ իր քով անշշուկ, նեղ ուսերէն բռնեց պատուհանէն ներս դարձուց, մարմինը գրեթէ փակելով իրեն.
− Ուրա՞խ ես հիմա։
− Ի՞նչ ըսաւ։
− Ուրա՞խ ես, ան ըսէ, երջանի՞կ ես ի վերջոյ… եղաւ, վաղը կ’երթանք կոր։
− Ի՞նչ ըսաւ։
Լռութիւն։ Առաստաղի հովահարը մէկ տարիէ աւրուած էր։ Տաքը կը խեղդէր սենեակը մինչ տղան կը փորձէր իր դէմքին ու ձայնին խաղը ճշդել։ Բառերը կարեւոր չէին այլեւս։ Այդքան մօտէն, տղուն դէմքը բանի մը չէր նմաներ։ Սպասեց։
− Հինգ հարիւր ոսկի կ’ուզէ կոր։ Ան ալ այսօր, ժամը վեցին, իր տունը պիտի երթանք, գործիքները հոն են… բայց ես այդ մարդուն վրայ վստահութիւն չունիմ։ Դեռ խօսեցաւ տղան բայց ինք մտիկ չըրաւ։ Ետ պատուհանին կողմը շտկեց մարմինը. ներսէն տեսնուած, կարճ խիտ վայրկեանի մը մէջէն, ոչ մէկ զգացում գտաւ, ոչ իսկ զղջում կամ նոյնիսկ պզտիկ խղճահարութիւն մը։ Ի վերջոյ, մտածեց ու մոռցաւ տղան որ կը խօսէր որովհետեւ ան չէր պատասխանատուն, հետը պառկած էր աչքերը սեղմած շունչը բռնած որպէսզի Ապու Հապիպին հասցէն տար 500 ոսկի կրկնեց միտքէն ու յիշեց Համրա Սէնթըրի տասերորդ յարկի սենեակը Տիգրանի թեւերուն մէջ ու տաք գինին որ գիտնալով խմեր էր առտուան երկուքին մինչ ան Չարենց կ’արտասանէր պատռած գիրքէն որ Պարսկահայ աղջիկը իրմէ քանի՞ ամիս առաջ մոռցեր էր հոն ու փախեր ետ ու հիմա յիշեց ինչպէս մութին մէջ երկուքը մէկէն վրան խնդացեր էին ու Տիգրան խոստացեր էր յաջորդ գիշեր աղջկան պատմութիւնը պատմել բայց արդէն յաջորդ երեկոյ ինքն ալ փախեր էր անոր քովէն։
Հիմա միայն դառնութիւնը մնացեր էր, ու փախուստի աճապարանքը, չորս կողմէն ամէն ինչ գոց, ոչ սէր ոչ դրամ ոչ ալ մանաւանդ կեանքի անհրաժեշտ շունչը որ Նահրի փողոցներուն մէջ հազիւ երեխայ մը կ’ապրեցնէ կէս ժամ բոպիկ նստած դրան մուտքին կոտրած սուլիչ մը բերնին։
− Հիմա՞ ինչ պիտի ընենք։
− Ի՞նչ կ’ուզես որ ընենք։ Պիտի երթանք։
− Քանի՞ է ժամը։
− Չորսը քառորդ կ’անցնի, ինչո՞ւ։
− Հայրս եկած կ’ըլլայ հիմա։ Տուն մի տանիր, չեմ ուզեր տեսնել լոյս աչքով։
− Լաւ, ո՞ւր կ’ուզես երթալ։
Ալիս հեռացաւ տղուն քովէն, առանձնութեան պէտք ունէր, տեղ մը ուր մարդիկ չհրէին, չքաշէին, չստիպէին որ մտածէր իրենց մասին, Աբոյին մասին իր բարակ ճերմակ մատներով կատուի պէս քալուածքով եւ որ եթէ լսէր եղածը կը սպաննէր զինք սիկարէթի տուփ բանալու պէս հանդարտ, մինչ Սարգիսին հոգն իսկ չէր թէ տունը ինչ կ’ըլլայ, թէ հայր ու աղջիկ ինչ կռիւ կ’ընեն ներսը ու Աբոն ուր պահուըտած է նորէն, թէ ընտանիքը կը քայքայուի, կը հոտի աւրուած կերակուրի պէս մէջը որդը մտեր է շուրջի հազարաւոր տուներէն աչքդ մինչեւ ուր որ հասնի տուներու անպէտ կեանքերու դէզին վրայէն Յակոբիկ… եալլա տուն եկուր, պապան եկաւ… գարուն վարուն գարուն է, սիրուն… պէն սէնին ավրատընը հազար սովահար ճզմուած մութին մէջէն կայծի պէս չնչին փայլող ներկայութիւններու կոկորդներէն, աչքերէն որ հալածեն զինք իր պզտիկ հայելիին մէջէն անգամ, որ իրենց դէմքը մազը ձայնը բառերը կու տան քեզի որ ճանչնաս ինքզինքդ, կապուիս իրենց, մէջը մնաս ընտանիքին՝ որ տունէն կը սկսի կը տարածուի մինչեւ թաղին հեռաւոր սահմանները ուրկէ դուրս չես կրնար ելլել որովհետեւ ուր երթաս նէ նոյն մարդիկն են, փլասթիքէ խաղալիքներ որ կը պտտին, կ’ուտեն, կը խօսին կը շուլլեն թուալէթի սեղանին վրայ ինկած.
− Ես ալ չեմ գիտեր։
***
Վայրկեան մը նայեցաւ հեռացող թաքսիին ետեւէն, քննեց փողոցը կատուի մը պէս, յետոյ զգոյշ թեթեւ կտրեց աղտոտ մայթը, մտաւ սրճարան։ Մարդոցմէ աւելի կը սիրէր այդ նարկիլէի ու սուրճի խառնուրդ սուր, ապահով հոտը, գոց-դեղին ու անշարժ-ծփուն դարերէ ի վեր։ Հոն էին մարդիկը-կորաքամակ, ցանցառ, ու աղքատներու յատուկ զուսպ, նիհար աղմուկը որ իրենց սանտալներու տակ կը կոտրուէր. յետոյ առաստաղին հսկայ, ֆրանսական մանտայէն մնացած, մոռցուած բայց դեռ դանդաղ դարձող հովահարը որուն տակը չէր նստեր որ մազերը չխանգարուին, հակառակ որ տուած հովը աւելի խորհրդանշական էր քան իրական։ Բեռնակառք մը անցաւ դուրսէն։ Անկիւնի սիւնին քով սեղանը իրեն կը սպասէր, մարդ չէր նստեր հոն, գիտէին ու ինք միշտ հոն աւելի ապահով կը զգար, չէր գիտեր ինչու։ Բայց չնայեցաւ շուրջիններուն, սիկարէթ մը հանեց գրպանի ոսկեզօծ տուփէն, նստաւ։ Նոր ածիլուած տժգոյն նուրբ երիտասարդը քակեց բաճկոնի կոճակը, ոսկի հրահան մը հանեց ներսի գրպանէն ու վառած պահուն արագ ակնարկ մը նետեց շուրջի անդէմ, ծոյլ, սրսփուն կտոր կտոր բազմութեան։ Մեծ մասը բեռնակիրներ էին, կոշտ ու անկիւնաւոր բայց անվնաս, հեռաւոր աղմուկի մը պէս. ու հոս հոն քանի մը թմրած, ողորկ պաշտօնեաներ որոնք միշտ կու գային նոյն տեղը թուղթ խաղալու։ Կարսօնը մէտեղ չկար։
Նոյն ակնարկով քննեց փողոցէն անդին, նաւահանգիստի կողմէ մայթը – սեւ բէօժոն հոն էր, միս մինակ, ան ալ հնութիւն մը։ Ու ետին, նաւահանգիստի ցանկապատէն անդին խարխլած, օրօրուն առագաստանաւները, խնճոյքէ գինովցած ու իրար վրայ ինկած, քիթ քիթի երերուն ծերունի գիւղացիներու պէս։ Նայուածքը վայրկեան մըն ալ տնտնաց կայմերու, պարաններու ցանցին վրայ ու երբ օրուայ այս ժամուն խոնաւ, ծանր օդը, առկախ տարածուն անձկութեան մը պէս կը ճօճուէր լքուած նաւերու ու մարդերու շուրջ, Աբօ մասնաւոր, ծածուկ հաճոյք մը կ’առնէր գիտնալով որ ինք արթուն, առոյգ էր, ազատ մանաւանդ, մինչեւ կարճ երեւակայութեան սահմանները։
Ժամացոյցին նայեցաւ։ Չորսը քառորդ անց։ Հիմա ուր է նէ կու գայ մտածեց, երեւակայելով քրոջ արագ, ջղային, խորտ ու բորտ քալուածքը, ներս դարձած ծուռ սրունքները, գլխուն մազերուն ծիծաղելի մանկական խաղը, կարմիր պզտիկ աժաննոց պայուսակը որ Ռիվոլիի անկիւնէն գներ էր։ Փորձեց մտաբերել յոյնն ալ. թափթփած, աղմկոտ, քսանէն քառասուն տարեկան, վերէն վար կոր, նեղ գիծ ու դրամի ախորժակ, դրամի ձայնին փակած շունշանորդի։ Հիմա վար պիտի գային օֆիսէն ու ինք որոշած էր միայն վախցնել, ոչ աւելի, ոչ տակաւին, անշշուկ մօտենալով տղուն որ վստահօրէն քրոջ ոչ թէ քովէն այլ ետեւէն պիտի քալէր որովհետեւ միայն քոյրն էր որ կրնար իր վրայ պատիժ հրաւիրել իր անկանոն, խենթ գլուխով որ ցաւն ու հաճոյքը նոյն բուռն վարակիչ թափով կ’ապրէր իրեն նման, քոյր եղբայր իրար քաշելով… բայց տղան արժանի իսկ չէր պատժուելու։ Վերէն հովահարը դանդաղ, անդիմադրելի՝ կը կտրտէր պահը։
***
− Սարգիս։
− Այո Պրն. Չիլեան։
− Ես հինգ վայրկեանէն կու գամ։
− Այո Պրն. Չիլեան։
Պզտիկ քայլերով վազեց բացաւ դուռը, այս մէկ նախադասութեան կը սպասէր առտուընէ ի վեր, տասը վայրկեան է դիմացի շէնքի երկրորդ յարկի պատշգամէն կարմիր ծածկոցը կախուեր էր ու տակաւին ան նոր կը նշմարէր իր մանր ակնոցներուն մէջէն, կոկիկ անարիւն շրթունքները նոր կը դառնային իր կողմ։ Դրան մէջ կայնեցաւ – մայթին երկայնքին ոստիկան մը կը քալէր ու աւելի մօտ՝ կին մը երեխայի մը ձեռքէն բռնած կը շարժէր դէպի իր կողմը։ Ան կոճկուեցաւ, ձեռքերուն քիչ մը անուշահոտ դրաւ, շփեց իրարու, ստուգեց գրպանի սիկարէթը, ոսկի հրահանը, մատները տարաւ քունքի մազերուն պարզ հպումի մը համար ու դէպի դուռ ուղղուեցաւ։ Քիչ մնաց որ Սարգիս կռնակէն հրէր որ շուտ դուրս ելլէր շուտ մտածեց, յաճախորդ չեկած ու ապակիէ դուռը գոցեց մարդուն ետեւէն։ Ու թելէֆոնին քով աճապարեց, երկվայրկեան մը եռանկիւն հայելիին մէջ քննեց ճակտին նօսրացող մազերը, խոշոր քիթը, մարած աչքերը, քրտներ էր։ Կազմեց թիւը, սպասեց, բարակ սիւնին կռթնած, անկիւնին մէջ ապաստանած։ Թաց էր ափը ընկալուչին շուրջ, պաղուցիչ օդը կը փչէր աջ կողմէն, կինը ներս նայեցաւ երեխային ձեռքէն բռնած ու անցաւ։
− Ալօ ալօ, Պարոն Քարա՞մ… ես եմ, Սարգիսը, մտիկ ըրէ, ժամանակ չկայ… ի՞նչ։
Աչքը դրան, հաստ շրթունքները չոր դող մը բռնած, գլուխը շարժելով միւսին խօսքերուն հետ, աշխարհի փողոցներու հեղեղատէն սա նեղ ծակը նետուած, ապաստանած անցքին հեռաւոր ծայրը, գորշ ու տենդագին գիտակցութիւնը փորձելով հաւաքել բերնին ու ականջին շուրջ մինչ մարդը արդէն հաստ փայտէ դուռը կը զարնէ, ժամանակ չմնաց իրեն մինչ Քարամ դեռ կը խօսի խաւաքարտէ սնտուկներու ետին պահուըտած, սիկարէթին մոխիրը երկննալով։
− … Նայէ Պրն. Քարամ, հիմա ժամանակ չունիմ ատով զբաղելու… լաւ, լաւ, բայց վերջը, վաղը… այո, ոչ, հոս չէ դուրս ելաւ, առանձին եմ դեղարանը պատրաստ է ապրանքը քսան տուփ քոլիր հոս քովս է… հիմա եկուր… չէ չէ ան դիմաց գնաց աչքս վրան է կնիկի պատմութիւն կլիրին մէկն է… կամ դուն եկուր կամ…
Ամերիկացի նիհար, ակնոցաւոր, խարտեաշ, բոլորովին աննշան դէմքով կին մը մտեր էր։ Չէր ճանչնար զայն բայց գիտէր որ երերուն վախ մը կը պահուըտէր խնդումերես այդ արտայայտութեան ետին բոլորն ալ կը ժպտին մտածեց ու կիները միշտ անձկութեամբ մը կը մտնեն դեղարան ըսուած տեղը ու նայեցաւ կապոյտ աչքերուն լաւ որ արաբերէն չի հասկնար մտածեց։
− … Հիմա ժամը ճիշդ… ճիշդ չորսը քառորդ կ’անցնի… երեք վայրկեանէն հոս թող ըլլայ… հա, շուտ թող գայ, եա՛լլա։
Գոցեց։ Կինը կշիռքին վրայ ելեր էր, կռնակը իրեն։ Թէ կը սարսափին թէ ալ շունչերնին հոս կ’առնեն մտածեց ու վար ծռեցաւ, ծունկին կոճերը ճաթռտեցան, դուրս քաշեց քառակուսի քարթոն մը ապակի սեղանին տակէն ու քովը դրաւ։ Կինը դեռ նոյն տեղն էր խեղճը մտածեց ու «Օրիան»ը վերցուց աթոռին վրայէն, գոցեց տուփին երեսին ու անաղմուկ գնաց իր սովորական տեղը ու ժպիտը դէմքին սպասեց որ կինը իր կողմը դառնայ։
***
Հողաթափին ծայրը ճանճ մը նստեր էր։ Երեք տարուայ բաներ էին այդ հինցած մուճակները, բայց Ստեփան չէր սիրեր հագուստ մագուստ փոխել, ոչ թէ խնայողութեան համար այլ որովհետեւ մարմինը մանկութենէն իր վեր հեռու, օտար եղեր էր իր անձին ու որովհետեւ գործածուած մաշած առարկաները մտերմութիւն մը ունէին որ իրենց յատուկ ինքնութիւն կու տար։ Իրար կը պատկանէին, ինք ու անոնք։ Եալովայէն գնած էր, ուր գացեր էին երկու շաբթուայ համար, ջերմուկի պանդոկին մէջ ծոյլ ու անհանգիստ, կորսուած ու յիշելով ինչպէս սինեմայէն ելած ատեննին ըսեր էր կնիկ, մեր ամուսնութեան երեսուներորդ տարեդարձի նուէրս գիտե՞ս ինչ պիտի ըլլայ ու աւելի ուշ ան լալ սկսեր էր ուսին սինեմային պէս որովհետեւ կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը ճամբորդէր Պէյրութէն դուրս ու ա՞ս էր ամուսնի սէր ըսուածը թէ դեռ ուրիշ բան կայ կեանքին մէջ Եալովան ո՞ւր է հարցուցած էր, վախնալով որ սխալ լսած էր։ Բայց հասնելուն յաջորդ շաբաթն իսկ Սարգիս յանկարծ պանդոկին թէրասը տնկուեր էր, ոչ ուրախութիւն ոչ բարկութիւն ոչ ալ զարմանք քանի որ կը ճանչնար իր տղան որ հաշիւ մը ունէր ճարպոտ ուղեղին մէջ անպայման, հոն կայնած իր տղայական, մեղքնալիք արտայայտութեամբ որ աւելի նեղացուցեր էր զինքը որովհետեւ արդէն, մէկ շաբաթ հազիւ անցած, ջղայնոտ, կռուազան, անբանական տրամադրութիւն մը կը խաղար ջիղերուն հետ ու իրեն հետ՝ արուեստական, խաբուսիկ կեանքը ծառերու շշուկին մէջ առկախ մինչ շուրջը բարակ ուրախութեան խաւ մը կը թուէր ծածկել իրարմէ գժտուած կամ զիրար նոր գտած հին բարեկամներու բազութիւնը կնիկ, ես հոս պիտի խենթանամ։ Բայց չէր խենթացեր այլ բոլորին պէս շարժեր էր յոյսի ու վախի մէջերէն քալող մարդոց քովէն, ծոյլ անշարժութեան, անինքնութեան մէջ դատապարտուած անդամալոյծի մը պէս, կարսօններու, բժիշկներու, կաթիլ կաթիլ թափող հիւանդներու հոյլ ներկայութեան մէջէն սահելով, անցնելով կարմիր գորգով ծածկուած նրբանցներու երկայնքով առանց ինքնութիւնը զգալու, յիշելով Պէյրութի բոզանոցը ու Եարզէի կինը մինչ Սիրվարդ կը հետեւէր, աննշան ու ճզմուած՝ ամբողջ փորձառութեան նորութեան, մեծութեան տակ։ Այնպէս որ երբ Սարգիս իր այդ դիւրին, ինքնագոհ դէմքով, թեւերու արտառոց շարժումներով զինք առաջնորդեր էր անդին, բազմութեան ու շէնքի պշնած հեռու օտարութեան մէջէն դէպի պարտէզին մէկ կորած անկիւնը ու պատմեր էր ինչու Պէյրութէն հոն եկեր էր՝ Ստեփան չէր կրցեր զսպել ջղայնութիւնը, զայրոյթը, շուարումը։ Ու անոր կակուղ ուսերէն բռնած այնպէս մը ցնցեր էր, շշնչալով ծօ էտէփսիզ, ինծի ալ պիտի խառնես այդ քու աղտոտ գործերուդ մէջ… տէֆ եղիր գնա հոսկէ նայիմ՝ որ Սարգիս շուարած՝ գրեթէ խնդացեր ու ատոր վրայ ինք այնքան կատղեր էր որ տղան զգացեր էր աչքերուն մէջէն, ձայն չհանող շրթունքներէն ու մէկէն փախեր գացեր էր առանց հանդիպելու մօրը քովն իսկ։ Կէս ժամ վերջը հանդարտած, ամբողջ ջղայնութիւնը անհետացած մէկ անգամէն, նոյնիսկ երջանիկ ու զօրացած, աս էր ինք, աս էր բուն Ստեփանը – գացեր էր կնկան քով որ ոչինչ նշմարեր էր ամբողջ եղածէն, ոչ իսկ տղուն հոն եկած ըլլալէն ու երեկոյեան հանդարտութեան հետ թմրեր էր բազմոցին մէջ։
Գուլպան սեւ է ու ծայրի լաստիկը թուլցած ըլլալով վերէն վար կը թափի։ Սեւ գոյնը միշտ սիրած է, մօր պատկերը սեւ հագուստով կու գար ու կը յիշէր Հալէպի տան պատին անկիւնէն կախուած մարդուն նկարը, շուրջը սեւ սա հայրդ է, ըսեր էր մայրը թուրքերը կերան գլուխը… յեղափոխական էր մինչ ինք կը նայէր մօր սեւ լաջակին ու մազերուն չհասկնալով ինչու թուրք բառը լսելուն վախի բարակ թել մը կ’անցնէր սրտին մէջէն, նոյնիսկ երբ հինգ վեց տղոց գլուխը անցած ամրան կէսօրներուն չորցած գետի ժայռերուն ետին երեւակայական թուրքեր կը բռնէին ու կ’այրէին։ Յեղափոխական բառին իմաստը չէր կրցեր հասկնալ սակայն մինչեւ պատանութիւն ու մօրն ալ չէր հարցուցեր որովհետեւ մայր ըսուածը մէկ կտոր կ’աշխատի, կը խօսի եւ երբ լուռ է, անշարժ ու անթարթ՝ բոլորովին անծանօթ, նոյնիսկ վախցնող մէկը կ’ըլլայ։
Գուլպային ու տաբատին միջեւ սրունքէն մօտ տասը սանթիմեթր կը տեսնուէր։ Սահուն, կարծր, ճերմակ էր մորթը։ Ու բոլորովին անմազ, ինչպէս էր եւ ամբողջ մարմինը։ Երիտասարդութեան կը քաշուէր ծով երթալէն ընկերներով աղջկայ մարմին ունիս կաթի պէս ըսեր էր օր մը արաբ կին մը խնդալով շէզլոնկին վրայ. նայելով իր փորին ճարպի ալիքներուն, կոյս մորթին ու ինք ատկէ ետք անգիտակցաբար զգայուն դարձեր էր իր մարմնին մասին, փնտռելով գիշերուայ պաշտպանութիւնը, գիրուկ կիներու քաշողութեան տակ ինկեր էր մինչեւ որ 16 տարեկանին տէրտէրի մը տարիքը առած աղջիկը որոնց տունը մօր ու քրոջը հետ այցելութեան գացեր էին՝ զինքը մութ սենեակ մը քաշեր էր ու մէջքէն վեր մերկանալէ ետք վրան ինկեր էր խենթի պէս համբուրելով ու իր մէջքը եկեր էր նեղ բազմոցին վրայ տաբատին մէջէն։ Այդ գիշեր ի՞նչ փոխուեր էր մէջը. ինչպէ՞ս մանկութենէն հետը եկած անծանօթ վախը փարատեր էր. ինչու մէկ ամիս ետքը Յովսէփին հետ բոզանոց կրցեր էր երթալ։ Սակայն միշտ բան մը մնացեր էր, տեսակ մը օտարութիւն, ամօթի պէս զգացում մը մարմնին մէջ մինչեւ մօրը մահը։ Այդ դէպքէն ետք, ամէն ինչ փոխուեր էր առանց իր գիտնալուն կամ ուզելուն, սկսեր էր մտածել ամուսնութեան մասին, սիրահարուելու մասին, մանաւանդ քրոջը հետ այդ նշանաւոր կռիւէն յետոյ դուն տղամարդ չես ծօ, ինչ է մայր մը առեր նստեր քիթդ կախեր կ’ողբաս ամիս մըն է երէցկինի պէս … մեռաւ գնաց մինչ ինք խուճապահար գամուեր էր դրան մէջ, զգալով ինչպէս պզտիկ եղբայրը լռութիւնը կը ծծէր, անոր խոշոր դէմքը գոց, հալած անձկութեամբ կը սպասէր իր պատասխանին բայց Արմինէ իր անկողինէն ուր փէշը քաշած երկնցեր էր, իր տարիքէն այնքան աւելի հասուն, եփած չես գիտեր ուր եւ ինչպէս այդ գոց տունին գողի պէս արգիլուած շունչին մէջ մինակը մեծցեր էր ու աւելցուցեր յանկարծ դաշնակցական ալ եղեր է։ Բայց այդ բառը դպեր էր մերկ ջիղին ու պայթեր էր ինք այնքան անիմաստ, երեխայական, փորձելով հօրը նմանիլ, սպառնալով, հայհոյելով մինչ ան անդիէն կը խնդար ու եղբայրը մէջտեղ չկար։ Ատկէ վերջ էր որ մեկներ էր Պարսկաստան։
Տաբատին ծայրը իւղի բիծ մը կայ, երկու սանթիմեթր տրամագիծով։ Մոխրագոյն կտաւին վրայ այդ մեկուսացած, յստակ շրջանակը աղտոտութեան նոր ըլլալու է որովհետեւ Սիրվարդ մաքուր կը պահէ ամուսնին զգեստները. նոյնիսկ երբեմն կը լուայ Ստեփանին մարմինը երբ շատ յոգնած տուն գայ շաբաթ երեկոյեան, փոշիի մէջ թաթխուած մուխը մարած ու ոչ իսկ սիրտ կ’ունենայ բերան մը ճաշ ուտելու, հալածուած, պարտուած անասունի մը պէս անկիւն մը ինկած. անզօրութեան, յուսահատութեան ու կատաղութեան ծայրը հասած։ Սակայն այս բիծը Սիրվարդ չէ տեսած տակաւին, չորս օր առաջ էր, Զահլէի Ուատին՝ ուր ճաշի հրաւիրեր էր ինք իր յաճախորդը կնկան հետ որովհետեւ վիլլային հիմը այդ առտու թափեր էին։ Ինք սկիզբէն չէր զգացեր ինչու երիտասարդ կինը այնքան շատ կը խօսէր իր հետ, նայուածքը երկար կը մնար արեւէն խանձուած երեսին վրայ, մատները անգամ մը հպեր էին պատահմամբ քարի պէս կարծր ձեռքին անհոգ դրուած սեղանին։ Չէր հասկցեր ինչու անվերջ կը շարժէր աթոռին վրայ, կը ծխէր ետեւ ետեւի ու բարձրախօսի արաբական երգերուն կ’ընկերանար գրեթէ բարձրաձայն երբ չէր խօսեր հետը. ամուսնին կռթնելով որ անոր ճաղատ գանկը շոյէր ու թեւին շարժումը կը բանար կուրծքերուն ճեղքը վար քաշելով իր նայուածքը մինչեւ որ յանկարծ հասկցաւ։ Լեցուն օղին մինչեւ երեք գաւաթներուն շրթունքները իմ կենացս է ասիկա մտածելով, հպարտութեամբ նայելով անոր թանձր կարմիր շրթունքներուն ու ամուսինը լուռ ջուրին վազքը կը դիտէր է՛Ստեփան, դեռ քեզի ինկող կայ, հա՛, երբ առանց լուրի կինը գինովցեր էր ու գաւաթը սեղանին զարկած ատեն շրջեր էր ֆուլի պնակը եւ իւղը վրան թափեր էր։ Ատկէ ետք անգամ մըն ալ տեսեր էր, կինը հսկայ պուիքը քշեր բերեր էր ամուսինը քովիկը կծկուած, կնկան ճերմակ թեւը դուրս կախուած քովէն։ Միասին ճաշեր էին նորէն բայց ինք խուսափեր էր անկէ ոչ թէ Սիրվարդի հանդէպ որեւէ հաւատարմութեան համար (զգացումը մեռեր էր բայց սովորութիւնը մնացեր էր) այլ գթալով մարդուն վրայ առանց իսկ լաւ մը անոր նայած ըլլալու, գիտնալու թէ ինչին համար պիտի գթար անոր… այդ ահաւոր մռայլ կպչուն գութը որ կը փակէր մարդոց մորթին ու իր ամէնէն տարտամ մտածումներուն, տեսակ մը բարութեան անսահման ախորժակ՝ որ զինք կը լափէր էն առաջ (ու յետոյ) ուրիշներուն կը դառնար, այդ սարսափը ցաւին՝ որ կրնայ ուրիշէն իրեն անցնիլ ու լեցնել իր աշխարհը, գուրգուրանքի այդ լուռ, անբիծ անօթութիւնը, աղօթքի մը պէս մաքուր որպէսզի այլեւս յանցաւոր չզգայ ինքզինքը, չկտրուի կապը մարդոց հետ, չմնայ առանձին ու անինքնութիւն։
Ծունկին մօտ, տաբատին կտաւը թոյլ է ու դէպի դուրս ուռած գունաթափ կլորութիւն մը ունի որովհետեւ գործի տաբատն է ու երբ շանթիէ այցելէ քանի մը վայրկեան քննելէ ետք՝ կը խառնուի բանուորներուն աշխատանքին, կը սիրէ օգտակար ըլլալ առանց սակայն մտերմանալու, ծռիլ ելլել հակառակ տարիքին ու յօդացաւին։ Բայց քիչ կը խօսի մարդոց հետ, ոչ մէկ կատակ, ոչ իսկ որեւէ ճիգ իր տարբերութիւնը զգացնելու, ոչ մէկ ժպիտ կամ մօտիկութիւն մինչ կը պտտէր անոնց մէջտեղերը ինքնիրեն խօսելով երբեմն կամ հայերէն հին, աշուղական կամ յեղափոխական երգ մը մռլտալով։ Բայց հոս հոն բառեր մը միայն ու ամէն մէկը իր անունով կոչելով լաւ գիտնալով մանաւանդ անոնց ընտանեկան կացութիւնը ու յաճախ հարցնելով այդ մասին պահելու համար հեռաւորութիւնը իրենց անձերուն միջեւ, վախնալով մարդոց գաղտնի անձէն, այդ փոխանցիկ այդ գաղտնի բայց անծածկելի ծարաւէն որ մարդիկ ունին իրարու համար, տեսակ մը հասարակաց կողոպուտ ուր միշտ ինքն էր որ զոհ կ’երթար, կը հատնէր կը կորսուէր, ինչպէս եղեր էր Դաշնակցութեան մէջ որու շարքերը մտեր էր երիտասարդութեան, յուսալով որ կ’ազատէր ի վերջոյ իր անձին պղտոր, անտէր ու անուղղութիւն ներկայութենէն որու ետին ու առջին ոչինչ, ոչինչ կար բացի ուրիշներու, անծանօթ մարդերու ծգած յիշատակներէն ու կեանքի աւելցած փշրանքներէն որոնցմով մրջիւնն իսկ չի կշտանար ըսեր էր այդ ժամանակ, նայելով ընկերներուն երբ կատաղի, անվնաս, դերասանութեան սահմանը հասած ֆետայական երգեր կ’երգէին ու իր աչքերը կը լեցուէին ու անձը կը յորդէր, կը կորսուէր նորէն հաւաքական երեւակայութեան մէջ բայց ետ կու գար աւելի ուշ, կէս ժամ վերջ ուր որ ըլլար, ետ կու գար քիչ մը յոգնած ու պակսած, տխրած նոյնիսկ, բայց մանաւանդ տկարացած, անճանաչելի դարձած ծիծաղելի անձ մը, ի՛նքը։ Խանդավառութիւնը, ատանկ տեղը կայնած մարդուն՝ որ քիչ վերջը սիկարէթը կը վառէ, սուրճը առջին կը խօսի շուկային մասին, ատանկ մարդուն խանդավառութիւնը, բարեկամ, կնիկ գրգռելու ու կէս ճամբան ձգելու պէս բան մըն է, ըսեր էր մէկը օր մը ու ինք վրան խնդացեր էր։ Յետոյ էր որ հասկցաւ, երբ կը տեսնէր հարիւրաւոր հին ընկերները որոնք քսան տարի վերջն ալ նոյն եռանդով նոյն երգերը կը պոռային նոյն ակումբին մէջ, որոնք անգոյն օրեր ակումբ կը քաշկռտուէին, ժողովի հինցած աթոռները կը հաւաքէին, այդ խակ ու հասած անցած մարդիկը, միայնակ ու տրտում որոնք այնքան տկարացեր էին որ շարքերէն դուրս ելլելու ուժն իսկ չունէին այլեւս, բանտարկուած իրենց պատանութեան երազանքներու խոզակին մէջ կարծրացած, շուկայի խարտոցին տակ խորտ ու բորտ բայց դեռ շեշտ մը պահած իրենց միամիտ օրերու խանդերէն, հիբնոսացածներու պէս լսելով, միայն լսելով ու կրկնելով հազարերորդ անգամ նոյն ճառերը, խօսքերը, խօսքերու շեշտերը ու նախադասութիւններու միջեւ դադարներն անգամ մինչ ինք ուրիշ բան կ’ուզէր կեանքէն, ինք ալ չէր գիտեր ինչ բայց ուրիշ, ուրի՛շ բան, ոչ թէ մարդ կամ աստուած կամ դրամ կամ կին կամ ինչ որ ալ ըլլայ այլ գաղտնիք մը պահուըտած իր անձին մէջ չէ չէ, այդ ալ չէ կը մտածէր նայելով բանուորներուն Տահր Էր Պայտարի շանթիէին վրայ, ինք քարի մը կռնակը նստած ծխելով ու փնտռելով կամ փախելով բայց կարեւորը չկորսուիլն է մարդկութեան ու երկնքի հսկայ տարածութեան միջեւ, չպզտիկնալ մինչեւ անկարելի ծայրը, զգալով արդէն գալիք տարիներու յուսահատութիւնը ու գութը հիմա որ նորէն կ’ուռէր, կը կոտտար վէրքի մը պէս անուշ… ։
***
− Եկուր տունս երթանք։
Չհաւատաց ականջներուն, յիշելով ապտակը որ փակցուցեր էր, վախով ու զարմանքով, անոր երեսին երկու օր առաջ տակաւին, երբ փորձեր էր նորէն տաքցած գինի խմցնել, գետինը ոտքին առջեւ երկնցած, սիկարէթի ռէքլամներու մարդոց պէս։ Բայց հոն ոչ հարուստի սենեակ էր ոչ ալ գետեզերք մը մշուշի մէջ արգիլուած, անկարելի։ Հոն իր պէքեարի ողորմելի սենեակն էր կամ իրապէս կը սիրէ կամ ալ ապուշ մըն է անցաւ միտքէն։ Նայեցաւ հիմա անոր թափ աչքերուն, ծանր կոպը ու քրտնած քիթը ամբողջ անձը խոնաւ ու խարխուլ – ոչ մէկն էր ոչ ալ միւսը պարզապէս բան մը ըսելու համար էր մտածեց։
− Ո՛չ։
Կարճ լռութիւն մը։
− Եկուր սուրճ մը առնեն Պապ Իտրիս։ Կամ պաղպաղակ մը, ինչ որ կ’ուզես։
Նորէն նայեցաւ քրտինքին, ինչպէս անցեալ օր ապտակէն ետք երբ ան իրարանցումը ծածկելու համար ծռեր էր գաւաթի կտորուանքները հաւաքելու. յետոյ առանց բառ մը խօսելու, պատժուած տղեկի մը նման, մեկներ էր տունէն զինքը հոն ձգած, ու ինք խնդացեր էր, ինչպէս ֆիլմերու մէջ կ’ըլլար։
− Սպասէ հիմա կու գամ։
Դանդաղօրէն, պայուսակը՝ սեղմած, կտրեց գրասենեակը ծուռիկ մուռիկ գիծով եւ ուղղուեցաւ աջ նրբանցքին կողմը ուր թուալէթը կար։ Առանձին կ’ուզէր ըլլար նորէն, բայց կը սիրէր քալել գրասենեակին մէկ ծայրէն միւսը որովհետեւ գիտէր որ բոլորն ալ ծածուկ ձեւով մը զինք կ’երեւակայէին ոչ միայն այդ վայրկեան այլ մանաւանդ մօտիկ ապագային երբ իրենց պիտի պատկանէր ինչպէս ամէն աղջիկ որ պիւրոյի մէջ կ’աշխատի, կը գնուի կը ծախուի։ Բայց ոչ ոք համարձակեր էր մօտենալ, դպնալ նրբանցքներուն ու պիւրոյի նեղ տեղերը. գոհացեր էին նայելով ու երեւակայելով ու հետեւելով սա անհրապոյր, տգեղ, պոչ-չշարժող, աղքատ ու ազատ աղջկան որուն ուժը սակայն չէին երբեք հասկցած դուն ուրիշ ես ըսեր էր առտու մը Իպրահիմ վերելակին մէջ կաս կարմիր կտրելով ու ինք նայեր էր հայելիին ոչ մազերը մազ էին ոչ շրթունքները, ոչ դէմքը բանի մը կը նմանէին, կուրծք ու կոնք ալ չունէր որ գրգռէր անոնց ախորժակը ու նիւթ տար խօսակցութեան երբ առանձին ըլլային բան մը չունիմ ես ըսեր էր ցած ձայնով խօսելով գրեթէ հայելիին ուրկէ տղան իրեն կը նայէր երջանիկ ու շուարած բայց ինք շատ լաւ գիտէր որ տարբեր էր, ուրիշ մէկն էր ինք, բոլոր աղջիկները մէկդի, ինքը մէկդի, ոչ մէկ ընտանիքի ու ազգի ու անձի կրնար պատկանիլ սկիզբէն ի վեր, մանկութեան թշուառութեան ու կռիւներէն ի վեր մինչեւ հիմա պայքարելով մարդ արարածին ու անոր շինած պարիսպներուն ու բանտերուն դէմ պաշտպանելու համար իր ուրիշութիւնը, իր տգեղութիւնը, իր մաքրութիւնը ես մաքուր եմ կրկնելով մանաւանդ երբ մինակն էր սակայն առանց հասկնալու ինչ արժէք ունէր ատիկա մինչ ընկերուհիները կուրծքերնին ցնցելով յետոյքնին խաղցնելով կ’անցնէին առջեւէն, դեռ հազիւ տասը տարեկան ու արդէն քանի՞ տարիէ ի վեր գիշերը անկողնին մէջ գիջութիւն կ’ընէր եւ ուսուցիչները ի՞նչ կը գտնէին իր կատաղի արհամարհոտ մեկուսացումին մէջ որ նախակրթարանի ցած սեղաններուն քովը կու գային կը նստէին որեւէ պատրուակով, ծեր ու երիտասարդ, ծունկերնին ցաւելով ու կարմրած քիչ մը, շունչը բռնած, վախնալով ու սպասելով որ տասը տարեկան աղջիկը շարժում մը ընէ, խօսք մը ձայն մը որ փարատէ սառոյցը – բայց ինք արդէն ամէն բան կը հասկնար։ Բացի մէկ բանէ որ աւելի ուշ գիտցաւ, երբ ձգեց դպրոցը ու գործի անցաւ Օրդ. Արաքսիին քով – թէ մարդիկ բոլորն ալ առանց բացառութեան մեղքերու, յանցանքներու տակ ճզմուած, աղտոտած շրջուն կորած ճամբորդներ էին որոնք զիրար կը փնտռէին, կը հոտուըտային այո, Ալիս, կը հոտուըտան կ’ըսեմ քեզի աւելցուցած էր Օրդ. Արաքսի պզտիկ քիթը առաջ հրելով ու խոշոր աչքերը ու գլխուն փակած մազերը իրեն շունի մը երեւոյթը տալով ու ինք խնդացեր էր բացի անոնցմէ որոնք մաքուր են աւելցուցեր էր կարուհին ու անոնք չէին փնտռեր որովհետեւ շատ քիչ էին ու կը ճանչնային զիրար, անոնք ազատ էին, բարի ու ուժով ուժով մանաւանդ հօրս պէս եզրակացուցեր էր ինք, մէկ ականջով մտիկ ընելով աշխատանոցի աղջիկներուն պատմութիւնները իրենց գինով, խումարճի ու ծոյր հայրերուն եղբայրներուն ամուսիններուն աշխարհի մասին ուր կռուազան մազոտ նետող-բռնող կամ երկչոտ աննշան ամչկոտ կամ քիթը գործին մուկի պէս փակցուցած դրամի համար մեռնող երիտասարդներ իրենց կը սպասէին գործէն ետք օթօմաթիք սուրճի մը յետոյ Պուրճի սինէմաներէն մէկուն մէջ մինչ իրենք կ’երազէին յղի փորով փողոցը անոնց թեւը անցած քալելու երջանկութեան մասին ու ինք կը յիշէր հօրը խօսքը աղջիկս ես քեզի մինչեւ համալսարան ալ կը ղրկեմ իրիկուայ տխուր լռութեան մէջ ձայնը այնքան վիրաւոր, մարդկային որ ցաւ մը անցեր էր մէջէն ու ինք վախցեր էր որ կրնար գթալ անոր վրայ մինչեւ կեանքին վերջը ու ատոր համար ըսած էր ոչ հայրիկ, ես պիտի աշխատիմ վստահ շեշտով մը որ զինք ալ զարմացուցեր էր գիտեմ աղջիկս լսեր էր հօրը ձայնը վերէն, քովը կայնած՝ նայելով պատուհանի ապակիին ինկող անձրեւին ու հաւանաբար ուզելով ձեռքը գլխուն դնել. կրնաս աշխատիլ լաւ դրամ ալ շահիլ… բայց ատոր համար չէ որ կ’ուզեմ դպրոց երթաս ու ինք սպասեր էր բուն գաղտնիքին, նայելով մօր աւելորդ, ամբողջութեամբ նիւթեղէն կերպարանքին որ կ’երթար կու գար սենեակէ սենեակ ու ինք մտածելով ես ասանկ բան չեմ ըլլար տեսնելով մօրը մտահոգ դէմքը ու մարմինը գետնին փակած հազիւ հողէն դուրս ելած։ Այն ատեն հայրը շարունակեր էր, նոյն կակուղ, խիտ ձայնով որ իտէալ ունենաս, մաքուր մնաս, ազատ ըլլաս, ազա՛տ։ Բառերը այնքան անբնական, անսովոր էին հօր ձայնին մէջ որ շուարեր էր ու կարծեր էր որ վրան իշխել կ’ուզէր ան, իր իմաստութեան, իր հովանաւորութեան, գութի ու սէրի խառնուրդ բանի մը տակ դնել զինքը, իր 14 տարեկանի կեանքը, հակառակ որ լաւ գիտէր թէ ինք բնաւ չէր հանդուրժեր ատանկ հայրութիւն, կը փախէր կ’երթար ինչպէս անգամ մը երբ բարկութեան անիմաստ նոպայի մը մէջ պոռացեր էր վրան ու ինք դուռը քաշեր գացեր էր քաղաքէն դուրս Անթիլիասի ընկերուհիին քով մինչեւ որ Աբոն գտեր էր զինքը անձրեւին տակ ու թաքսի մը դնելով քշեր տարեր էր Պիքֆայա սրճարան մը երկու ժամ ցած ձայնով երկուքական սուրճ պաղէն դողալով սիրահարներու պէս հեռուէն եթէ նայէին բայց ներսէն կարծրանալով, ատելով ու սիրելով իր եղբայրը հոս նայէ Ալիս, ի՞նչ է ասիկա ասանկ չեն խաղար մեծ բաներու հետ ու ինք գիտէր որ եղբայրը անճարակ էր խօսելու մէջ, խնդալը կը բերէր, հօրը քիթէն ինկած էր լուրջ եմ հա կրցած էր ըսել քառորդ ժամուայ ընթացքին դուն չես հասկնար պատասխաներ էր ինք, առանց սակայն համարձակելու սիկարէթ ծխել անոր ներկայութեան, իր պզտիկ եղբայրը ան ալ… ինչո՞ւ չեմ հասկնար եղեր բայց օգուտ չունէր բացատրելը անձրեւին մաշող քերթող աղմուկին մէջ մինչ կարսօնը սառեր էր քիչ անդին առանձին անհոգ, որպէս թէ գոյութիւն չունէին իրենք ու մանաւանդ տեղատարափը որ կը խարտոցէր կը բանտարկէր իր պզտիկ աշխարհը որ պէտք էր ազատէր եղբօր ու հօր ու բոլոր մարդոց ձեռքերէն աչքերէն եթէ միայն կարենար դիմադրել քաշողական խենթանալիք ուժին որ վրան կը նետէր հին աշխարհէ մը մթութիւններէ ու անհասկնալի խռովքներէ եկած արձագանգը հսկայ հսկայ սրտի մը պայթումին որ սակայն բզիկ բզիկ բոլորին մէջ կը շարունակուի չմեռնիլ, կը փորձէ ամբողջանալ կրկին…։
Դուռը կղպեր էր։ Կը փախէր միշտ գոց, նեղ վայրերէ, հոն ուր մարդիկ իրենց անցքին հետքը կը ձգեն, անանձնական մտերմութիւն մը կը ծփայ աղտոտ յախճապակիին երեսին ու խեղդուած հոտերու մէջ։ Ինչո՞ւ եկայ մտածեց, նեղուելով արդէն այդ գրեթէ կպչուն, խոնաւ օդէն։ Պէտքարաններուն օդը չէին զովացներ ու ամէն ինչ աւելի մորթային էր։ Սակայն ցնցեց ինքզինքը։ Մէկ բան կը մնար ընելիք – մերժել, մերժել վերէն վար մեծերուն ու անոնց աղիքներէն շինուած պզտիկ մարդոց աշխարհը, հայրն ու մայրը պէտք է երթան իրենց հայրութեան ու մայրութեան զառիթափէն վար, պէտք է կորսուի նաեւ եղբօրը շեղբի պէս սուր, կարծր իտէալիզմը, պէտք է երթայ կուսակցութիւն եւ հայութիւն, ամէն ինչ աւելորդ կը թուէր։ Ինքը գրեթէ անդին անցեր էր, իր մանկութեան ու երիտասարդութեան աժաննոց, օքքազիոն աշխարհէն անդին, շատ կեղծիք կար մէջը, եղբօրը կեցուածքին ու նեղ բառերուն մէջ, հօր ակնկալութիւններուն, մօր լուռ աղաչանքին մէջ իրաւունք չունիս մտածեց, սուտ են։ Ուրիշ բան չկար ընելիք ասկէ ետք, Ժորժը կրնար սպասել դուրսը, ափերը իրար շփել արդէն երկու հազարի յոյսով, բայց ինք գիտէր այդ բոլորը ու որոշեր էր իր կեանքը ուզածին պէս շինել ասկէ վերջ։ Եթէ միայն յաջողէր ընտանիքէն ազատուիլ, մեռցնել այդ մոգական ուժը որ զգացումներէն ու գաղափարներէն անդին գտնուող առանցքի մը կապուեր էր, տեսակ մը հազարամեայ բնազդ, մեռցնել անոնց եղերական անվերջանալի հաւաքական սպասումին մէջէն ելլէր ու փախէր Կիպրոն կ’ընեմ վիժումը կրկնեց կ’ազատուիմ ամէն ինչէն ու երկվայրկեան մը տեսաւ ընտանիքին սարսափահար գայթակղութիւնը, ճիչն ու ապտակը, յետոյ մօրը ապուշ լացը ու հօր անասնային նայուածքը պատուհանէն դուրս ու եղբօր կատաղի կեդրոնացումը, խտացումը լռութեան բռունցքին մէջ ու Սարգիսը որ կը խնդար միւս սենեակը մինչ Տիգրան արդէն ուրիշ աղջկայ մը փէշը վեր կ’առնէր ու Ժորժը կ’երազէր իր երկու հազարը։ Բայց երեւակայութիւնը կարճ մնաց, չտեսաւ թէ ուր կ’երթար, ինչ կրնար ընել ասկէ վերջ։
Հայելիին նայեցաւ ու անշարժացաւ յաղթեցի մտածեց։
Սան Ֆրանսիսքօ-1988
(Շար. 1)
Կարդալ Շար.2 այստեղ