Նայեցաւ նախ Ալիսին, այդ ծանօթ, նոյնիսկ մտերիմ կերպարանքին, որուն շուրջ աչքերը ու երեւակայութիւնը դարձեր էին մանկութենէն ի վեր, փորձելով գոհացնել անքուն հետաքրքրութիւն մը անոր ու հօր մասին։ Թէ ի՞նչ էր փնտռածը, պահանջածը, ինչո՞ւ կը նախանձէր երբ հայրը զայն ծունկերուն վրայ նստեցուցած հրաշալի, անվերջանալի, անկարելի պատմութիւններ կը պատմէր, ու յետոյ, երբ աւելի մեծցան անոնք՝ երկուքը մէկ, շաբաթ երեկոները շուկաները կը պտտէին, խօսելով, կատակելով իբրեւ ինք գոյութիւն չունենար կամ թէ մայրը աշխարհի մէջ քրոջը չափ կարեւոր մէկը չըլլար, որ այդ ատենները պատշգամը մինակը կը նստէր բուրդ կը հիւսէր տխուր, անիմաստ բան մը դէմքին։ Ինչո՞ւ այս ամբողջը կ՚ըլլար — բան չէր հասկնար այդ ժամանակ բացի հօր լրջութենէն, խիստ կտրուկ լեզուէն երբ իրեն հետ կը խօսէր այն օրերուն ուր կ՚օգնէր անոր դերձակի խանութին մէջ դուն մեծ տղայ ես այլեւս կրկնելով երբ հազիւ ինը տարեկան էր։ Յաջորդ տարին արդէն հայրը ոստիկան էր ու բոլորովին անմերձենալի իրեն համար այլեւս, բացի երբ հիւանդ ըլլար ձմեռները ու այն ատեն այնքան մարդկային, անուշ դէմք մը կ՚առնէր որ իր լալը կու գար ինչո՞ւ Ալիսը բնաւ հիւանդ չըլլար մտածելով ու հասկնալով հիմա տասը տարեկանին թէ հօրը սէրն էր որ զայն ատանկ առողջ կը պահէր։ Հօրը ձեռքերը ու մօրունքին հոտը, որոնք այնքան կը սիրէր զգալ, հեռուէն ու գաղտնի ու ատոր վրայ էր որ սկսեր էր հեռանալ քրոջմէն ու երեւակայութեան բոցը տակաւ կը մարէր ու աշխարհին մէջ իրեն տրուած պզտիկ անկիւնը աւելի պաղեր էր, աւելի մոռցուեր էր մարդոց կողմէ, մինչ իր ամբողջ ուզածը մարդկութենէն ու աշխարհէն քիչ մը սէր էր, անուշ խօսք մը։ Այսպէս հասեր էր տասնը մէկ տարիքը, անխօս, վտիտ տղեկ մը, բացարձակապէս մերկ՝ մարդկային փորձառութենէ, որեւէ հաւաքական, ընտանեկան ապրումէ, առանց մէկ հատ ընկերոջ դպրոցին մէջ ու դուրսը խելայեղ փնտռելով եղբօր ներկայութիւնը, բայց անշուքի պէս բան մըն էր, կատուի պէս կենդանի մը իր ծածուկ կեանքով այդ տարիներէն իսկ։ Այդ տարին էր որ առանց գիտնալու ինչպէս կամ ինչու, հայրը յանկարծ նշմարեր էր իր գոյութիւնը, լուռ վերացական իր պտտիլը ամէն ինչի քովերէն։ Ատկէ վերջն էր որ կը խօսէր հետը հերոս տղաս ըսելով ու ինք էր հիմա որ իր ամբողջ կծկուած, լռութեան դատապարտուած, ապրուած գուրգուրանքը հօր ձեռքերուն, ոստոստուն աչքերուն մէջ թափեր էր. միասին սինեմա կ՚երթային, նոյնիսկ մէկ երկու անգամ ակումբի հանդէսներուն տարեր էր զինք ու քովը նստեցուցեր անհանգիստ աթոռներուն վրայ, իր պզտիկ ձեռքը անոր խոշոր ափին մէջ մինչ հեռուն բեմէն մէկը պոռալով, աչքերը դուրս ինկած կը խօսէր հայ ժողովուրդի, Հայաստանի ու Դաշնակցութեան մասին ու իրմէ զատ ամէն մարդ այնքան կեդրոնացումով մտիկ կ՚ընէր, որ կը կարծէր թէ արձաններ ըլլային որոնք յանկարծ կեանքի կը փշրուէին, կը սկսէին խօսիլ, խնդալ, ծափահարել հօրը հետ որ կը խառնուէր, կը ձուլուէր աղմուկին մէջ, որմէ ինք այնքան հաճոյք կ՚առնէր, բոլոր սա մարդիկը, մէկ հատ կին չկար, ամէնն ալ ուժով, տոկուն մարդիկ հօրը պէս ուս ուսի, կոշտ ու մերկ դէմքերով, մեծ բառերու ցանցին մէջ բռնուած, անկարող իրարմէ ու բառերուն ստեղծած կապերէն դուրս շարժում ու խօսք ընելու, բանտի պէս սրահին մէջ թխմուած — ու ոչ մէկ հարցում ոչ մէկ բացատրութիւն՝ կեանքի մեծ խնդիրներուն մասին, ոչինչ՝ որ հասկցնէր իրեն թէ ինչ է Հայաստանը ու Հայութիւնը, ինչ կապ ունին իր թեթեւ մարմնին հետ, իր հօր պատմութիւններուն հետ, թէ ինք Աբոն մեծ հայր մը ունէր ժամանակին, որ Ուրֆայի պատերուն տակ կռուեր էր թուրքին հետ հայհոյելով ու խնդալով, կեանքէն մեծ ու տարբեր շինուած մէկը, որ դեռ տեղ մը ողջ էր ու կը շարունակէր իր կռիւը թուրքին հետ։ Մէկ բան սակայն զինք կը չարչարէր, այդ ալ թուրքն էր որուն դիմագիծը, կերպարանքը, նետուած ակումբի ծուխին ու ժխորին մէջ՝ կը շարունակէր մնալ ամենէն տարտամ ու խարխափուն իրականութիւնը իր աշխարհին, թուրքը աշխարհէն դուրս տանող ճամբան, թուրքը Աստուծոյ քով սատանայի պէս ու թուրքը ամէն հայու սրտին ցաւի պէս այրող, հայը չարչրկող, թուրքը ամէն կողմ ուր հայ կար, հայէն աւելի իրական երբեմն երբ կու լային պարահանդէսներու մէջ ու իրար կը պատմէին հին օրերէն, երբ կը կատղէին այդ հանդէսներուն, երբ կը բարկանային անծանօթ պատճառով մը ու կը զգար թէ կը թուլնար անոնց ուժը, իրար քիթ քիթի կու գային… այդպէս էր որ Աբոն իր հօր վրան էր փոխադրեր իր բոլոր շուար սպասումը աշխարհէն, այդ անհանդարտ, կորսուած, աննախատեսելի մարդը, օր մը բարկացող օր մը քաղցր, դերասանի պէս գրեթէ, օր մը անգտանելի իր գիշերուան մէջ կորսուած, մէկու մը հետ չխօսելով տան մէջ, ուր կեանքին սահմանները կը կծկուէին, ձայները կը դադրէին ու երեկոյեան մանաւանդ կը հատնէր աննշան երթալ-գալերու, նայելու եւ նայուելու, մինակութեան մէջ ծալլուելու, բան մը չընելներու եւ սակայն տեւելու ցիր ու ցան թափթփուքին մէջ կեանքի հաւաքուիլը փշրանքներուն ճաշարանէն սալոն ու ետ սենեակի վարդագոյն բազմոցը իր հին հոտով ու մանկութեան գորգը իր պզտիկ ծաղիկներով ու եռանկիւններով որոնց ժամերով կը նայէր երբ հիւանդութենէն նոր ելած կը նստեցնէին զինք… ու այդ անհատնելի շշուկը անտեսանելի շարժումի մը որ գոյութեան անցնիլն էր իր մէջէն ու դէպի տան կարասիները ու դէպի հայրն ու մայրը մինչեւ խոհանոցի մթութիւնները… որպէսզի նորէն փնտռէ կապը, իմաստը այս բոլորին ու չգտնէր։ Ատոր վրայ էր որ, անզգալաբար վախը մտաւ մէջը թէ կրնար կորսնցնել հայրը, թէ մահ ըսուածը ու հայրը շատ մօտ էին իրարու, անբաժանելի մասերն էին կեանքի մէկ անսահման ապահովութեան, երկուքն ալ ապրելու սէրն էին տարբեր ձեւերով՝ որոնց մէջ անխուսափելիօրէն կը մտնէր թուրքը իր լեղի բայց քաշողական համով մտքին համար ու մանաւանդ երեւակայութեան ճամբաներուն։ Մինչեւ որ վստահութիւն գտաւ թէ պէտք չէր որ կորսնցնէր զանոնք, բայց կամաց կամաց հայրը կորսնցնելու անձկութիւնը կը դառնար ջղային մեղմ տագնապ մը՝ երբ ան ոստիկան եղած իր գիշերային պաշտօնին վրայ ըլլար, մինչ ինք, Աբոն, մութին ու լոյսին մէջ նոյնքան արթուն պառկած տեղէն փեղկի ճեղքէն փողոցին լոյսին կը նայէր երկար երկար պահերով, մտածելով հօր մասին, որ գիշերուան վախերուն մէջ անորոշ կերպարանք մը կը դառնար։ Գիտէր որ հօրը գործը վտանգաւոր էր, ու մտածումէն ուժ մը, ուրախութիւն մը ու նաեւ վախ մը կ՚անցնէր իրեն, սակայն իր ճերմակ երեւակայութիւնը ոչինչ յստակ կրնար շինել իրեն մտքին՝ բացի քանի մը աղօտ խօսքերէ, որ հայրը ըսեր էր իրեն ու քրոջ։ Աբօ չէր գիտեր թէ երջանիկ էր թէ դժբախտ, բայց բարի, անվնաս դժգոհութիւն մը ունէր բոլոր այն բաներուն դէմ, իրական թէ անիրական, որոնք հօր ձայնին կեցուածքին ու տրամադրութեան մէջ իր հասկացողութենէն դուրս երանգ մը կը մտցնէին։ Օրինակ սա թուրքի պատկերը, առաջին հերթին։ Ցետոյ, խեղճ մարդոց տառապանքը ու գինովներու, գողերու, ծուռ մարդոց մասին լսած ամբողջ կէս կատար խօսակցութեանց պատառները, որոնք առտուն հայրը տուն կը բերէր ու սրտէն փրցնելով, անտանելի ցաւի մը պէս, սեղանին ու իրենց անպատրաստ ականջներուն մէջ կը նետէր, ընկճուած ու մռայլ՝ եթէ չըլլար իր հետաքրքրիր ներկայութիւնը անոր քով, հարցական նայուածքը անոր երեսին ուղղուած։ Ասով հանդերձ կեանքի հեղեղը անցեր գացեր էր քովէն ու անիրական, գրեթէ շինծու իրականութիւն մը միայն կրցեր էր բռնել ան ոչ թէ մարմնով որ կը թուէր թէ իրը չէր… այլ մտքի պզտիկ ցանցով։ Այսպէս, երբ աւարտեր էր նախակրթարանը, սպասեր էր որ հայրը որոշէ թէ ինչ պիտի ընէ հօրը շուրջ պրկուած իր թոյլ ու խիտ ժամանակով։ Ոչ մէկ պահանջ ունէր, ոչ մէկ ցանկութիւն, ոչ մէկ տառապանք ետին մնացեր էր մանկութեան օրերու մաղէն եկուր քեզի մեքանիսեանի քով դնեմ, գոնէ արհեստ մը կը սորվիս, հէ՞, ի՞նչ կ՚ըսես Աբօ…դուն շատ գլուխ չունիս դպրոցի ու յաջորդ օրն իսկ վարպետ Մովսէսի կարաժին ու կրպակին մէջ նեղ անկիւն մը գտեր էր ինքզինքը, առանց հարցումի կամ պատասխանի, առանց երեւակայութեան, քննելով վարպետին խոշոր կերպարանքը, թաւ յօնքերը ու տակը կորսուած աչքերը, ձեռքերու ուռած երակները ու ամբողջ անձը որ ոչ կը խօսէր ոչ ալ կը շարժէր տեղէն, այլ սառած փողոց կը նայէր մինչ երկու աշկերտները կը զբաղէին օ դոներով ու փողոցին աղմուկը ներս կը բերէին մարդուն լուռ դէմքին շուրջ ու ինք կը մտածէր թէ ով որ ալ ըլլար աս հսկայ մարդը՝ անկասկած լաւ մէկն էր, ուժով ու բարի իր հօրը պէս, կեանքի խորհրդաւոր պաշարը հաւաքած ու պահած հոս իրենց համար ու կը բաւէր որ ինք ճիշդ անոր պէս ըլլար, որպէսզի ոչինչ կորսուէր կեանքի շարունակականութենէն, որ կը տարածուէր տունէն հոս ու ետ տուն հօր քով ընկ. Մովսէս կ՚ըսէ որ քեզմէ գոհ է, Աբօ, ամմա քիչ մը աչքը բաց պէտք է ըլլաս։ կու ամիս ետքն էր ասիկա երբ ինք արդէն սկսեր էր հասկնալ ինչ կը նշանակէ աչքը բաց ըլլալ, առանց աւելորդ շարժումի ու խօսքի, դանակի պէս սուր ու վերջնական՝ կայնիլ երկու վիտա սակարկող, վարանող, ոլորուն հոգիով որդերու պէս մարդոց առջեւ ու սպասել որ վերջ գտնէ դերասանութիւնը՝ թէ մարդիկ իրաւ այդպէս խեղճ են, հինգ ղրուշի համար տասը երդում կ՚ընեն, կը ստեն ու զաւակներուն աչքին լոյսը գրաւի կը դնեն, որովհետեւ քաջութիւն ըսուածը չունին, կը վախնան իրարմէ ու հայր չունին որ հոն գայ ու կռթնին վրան..։ Սակայն Աբոն միտքը այս հարցերով շատ չի չարչրկեց օր մը պատասխանը կը գտնեմ մտածելով։ Դեռ հազիւ տասներեք տարեկան ու իր ամբողջ խելքը ու կամքը դրաւ քիչ բայց պարզ մտածումներով զբաղելու, մարդոց հետ կապուած զգացումները սրելու, դիւրացնելու, իր յստակ տեղը գտնելու բազմութեան մէջ ու քանի մը յստակ գաղափարներ շինելու, տեղաւորելու առանց սակայն հօր հարցնելու— սիրել կամ ատել, բարի կամ չար, արդար ու անարդար, շիտակ կամ սխալ, հայ ու օտար, ինքը եւ ուրիշները, ծուռը եւ ուղիղը։ Քոյրը, օրինակի համար՝ ծուռ էր։
Որքան նայեցաւ հիմա անոր անսեռ, երկրաչափական մարմնին, այնքան յստակացաւ ընելիքը, այնքան աղջիկը դադրեցաւ իր հին, վտանգաւոր քոյրը ըլլալէ։ Թեթեւ քրտինք մը կար ափին մէջ, որուն վարժուեր էր ասանկ պարագաներու։ Ետեւէն երկու հոգի կը վիճէին, սակայն իր մէջ նուազագոյն ջղայնութիւնն իսկ չկար, միայն աճապարանք մը կանգ չառնելու, շարժումները շարունակելու պահանջ մը, սովորութիւն մը։ Հիմա լռութիւն նորէն, յետոյ կրկին աղմուկը սրճեփին ու երկու վիճողներուն։ Աչքերն ու ականջները ամբողջովին կլանուած շուրջի յետին մանրամասնութիւններով, բայց միտքը բոլորովին պարպուած, ինքն իր մէջ բոլորովին մինակ ու անկապ, պաղ անտարբերութեամբ տեսաւ տղուն կերպարանքը աղջկան մարմնէն երկու քայլ ետեւ, անոր գորշ, ուռած տաբատը, գլուխը քիչ մը առաջ ինկած լա՛ւ ըսաւ ինքնիրեն ու զգաց որ ինք մայթէն վար էր իջեր արդէն ու կը քալէր շուրջի ամբողջ իրականութիւնը հետը շարժելով դէպի քոյրը ու մաքուր անբիծ ապագայի մը մէջ, որ միայն ինք կրնար ստեղծել իր ուզած ձեւով։
Ալիս յանկարծ ետ նայեցաւ, շողացին աչքերը ու կանգ առաւ, աջ ձեռքը կարմիր պայուսակին մէջ։ Ինք սակայն շարունակեց, տասը քայլ կար լռութեան ու անշարժութեան՝ որ պիտի լեցուէին իրմով։ Ուրախ էր առանց մասնաւոր բան մը զգալու, այլ պարզապէս այնքան բնական էր ամէն բան որ գեղեցկութիւն մը ստեղծուած էր, իր ուզած գեղեցկութիւնը, կատարելութիւնը կացութեան որմէ միայն վտանգը կը պակսէր։ Երբ հասաւ՝ կանգ առաւ։ Հիմա երեքն ալ ժորժի խարխլած օդոյին քովն էին։
– Քալէ։
Առանց սպասելու, հազիւ հասած, ցած նոյնիսկ մեղմ ձայնով, գլուխն ալ շարժելով, առանց տղուն նայելու բայց գիտնալով անոր շուարումը, ինքնիր լուռ վախին մէջ խրած։
– Գործիդ նայէ, Աբօ։
Արագ, գրեթէ գոց սորված ու սկիզբէն պատրաստուած, նոյնիսկ շեշտը մարմարի պէս կարծր, ողորկ բայց ապրուած ոչ թէ մակերեսէն այլ ներսէն, գիտակցութեան տաքութեան մէջէն, տարիներու ընթացքին հոն հապճեպ կտոր կտոր թխմուած, ճմռթկուած ու տակաւին չգործածուած նոփ նոր սէրը՞ թէ կարօտը՞ որ իր գաղտինքն էր աշխարհէն ամբողջովին ծածուկ շինուած ու պահուած ու գաղտնի պահուած մանաւանդ եղբօր մաքուր, անբեկանելի ջինջ ներկայութենէն, հիմա այսպէս պրկումի ու պայքարի պահերու երբ իրար այնքան կը մօտենային՝ որ կրնար ձեռքը երկարել առանց վախի ու դպնալ անոր, շոյել այտը ու հասկցնել առանց խօսելու թէ իրենց խճողուն, աննշան կեանքին մէջ, իր կէս-մանչ, ոսկրուտ արտաքինին, ձեւի չմտնող մազերուն ու դէմքին մէջ ուրիշ իրականութիւն մը կար, որ միայն ինք ու եղբայրը կրնային ապրիլ, միասին ապրեցնել։
– Քալէ՛ ըսի։
…Միայն թէ ինքզինքը այդպէս սարսափելիօրէն լուրջի չ՚առնէ, որովհետեւ այդ ամբողջը՝ կուսակցութիւն, Հայաստան, հայրիկ ըսուած բաները, որոնց մասին ոչ ոքի կը խօսէր, բայց ինքը քոյրն էր ու գլխուն մէջէն կրնար հետեւիլ իր մտածումներուն՝ գանկին մէջ ուռած գունաւոր պալոններ էին ու եթէ մարտական իսկ չըլլար Աբօ այդպէս երեխայական, եղերական ու անփոխարինելի մէկն էր իրեն համար, ոչ թէ իր մէջ պահուած կտրիճ սրտին համար այլ այդ անկարելի քաջութեան, կտրիճութեան իսկ պատճառով՝ որ աւելորդ, ձրի բան մըն էր, տղայական նոյնիսկ ու մանաւանդ քայքայիչ, որովհետեւ գիտէր թէ եղբայրը կեանքէն դուրս տեղ մը կ՚ապրէր ու ջիղերու մնայուն պրկումով մըն էր որ կը դիմանար աշխարհի իրականութեան, զայն հեռու կը պահէր իրմէ, կրնար ինքն իրմով գոհանալ ու մերժել մարդոց սէրն ու չարութիւնը, կոյր մնալ ուրիշներու տագնապներուն ու հիմա, քսանվեց տարեկանին նախակրթարանէն նոր ելած տղու մը պէս կայնիլ հոն, կոկիկ ու անբիծ, անմեղ մանաւանդ եւ ուրիշներու կեանքին ծրագիրը ուզել գծել իր տղայական, ծիծաղելի սկզբունքներուն համաձայն։ Ալիսին խնդալը եկաւ բայց զսպեց։
– Աբօ, խելքդ չի հասնիր ասոր։
Աբօ կամաց մը քակեց վարի կոճակը բաճկոնին զոր մէկդի դրաւ, ձեռքերը նստեցուց գօտիին ու կը պատրաստուէր խօսելու բայց Ալիս ժամանակ չտուաւ։
– Կը զարնեմ հա, կատակ չեմ ըներ կոր… ձեռքս զէնք կայ, գիտցած եղիր։
Անմիջապէս զղջաց ըսելուն, զգալով ինչպէս անոր միտքը շփոթեցաւ երկվայրկեան մը, ինչպէս ան չկրցաւ մէկ անգամէն ըմբռնել բարդ կացութիւնը ու հիմա պիտի չկրնար խօսիլ իսկ անոր հետ, որովհետեւ ի՞նչ կրնաս ըսել եղբօրդ մէկ երկվայրկեանի մէջ որ տեղը բռնէ տարիներու մօտ ու հեռու լռութիւններու մէջ կորսուած սիրոյ բնական ցաւին ու վայելքին, ինչպէ՞ս հասկցնել հիմա անոր որ պատիւ, քաջութիւն, սկզբունք ու իտէալ՝ պարզ բառեր են, որոնք ցեխին խառնուելով միայն կ՚ապրին, ապրուելիք կը դառնան ու ինք եթէ կորսնցնէ իսկ այդ գեղեցիկ, անբռնաբարելի բառերը՝ դեռ ուրիշ շատ բաներ կան կեանքին մէջ, որոնք կ՚արժէ որ առնես ու տաս մարդոց հետ, սեղմես կուրծքիդ ու մոռնաս, թէ ինք, Ալիս, իր ամբողջ ողորմելի, չմարսուած փորձառութեամբ իրմէ աւելի հասուն էր, կեանքէն աւելի մեծ պատառ մը կրնար խածնել։ Այնպէս որ լռեց։
Աբօ, յանկարծակիի եկած, հեռու պահեց նայուածքը կարմիր պայուսակէն ուր գիտէր որ զէնքը պահուած էր անոր ջղային, ոսկրուտ ձեռքին մէջ ու անկէ վեր բարակ թեւին մէջէն երկարելով մինչեւ մանրուկ, խիտ երեսը գիծերը աւրուած, նեղ շրթունքները, ծուռ քիթը, մինչեւ դէմքին ետին անշարժ կայնած գաղտնի մէկը՝ որուն մասին ոչինչ գիտէր։ Ո՞վ էր այդ մէկը…։ Աբօ իր բոլոր ուժով, փորձեց այդ կարճ երկվայրկեանին բառեր գտնել, որ ինքզինքին ըսէր թէ ինչ պէտք է ընէ քրոջ որ կեանքին ու մահուան մէջտեղ իյնար ինք, որ տակաւին մաքուր մնար աշխար հը…կարելի չէ այլապէս շնչել երբ չես գիտեր թէ մարդոց անձկութիւնը ինչ ձեւեր կրնայ առնել ու քեզ ներսէն իսկ կամաց կամաց քանդել մէկ երկվայրկեանի մէջ, պղտորել այնպէս մը որ ամէն ինչ անկարելիօրէն դժուար անիմաստ կը դառնայ ի վերջոյ ու արձանի պէս կը լսես քրոջդ ձայնը։
– …քեզի սիրելուս կ՚ըսեմ, Աբօ…
Աբոյի միտքը հօրը գնաց ու տեսաւ Գէորգ Չաւուշի նկարը, մէկ ոտքը քարի մը վրայ դրած բնական ու այնքան մարդկային ու դիւրին, ինչքան պարզ էր հերոս ըլլալը առաջ, երբ մարդ մինակն էր լեռներուն մէջ, սեւ ճերմակ ամէն ինչ։ Մեծ տխրութիւն մը կը կուտակուէր տեղ մը ու Աբօ շատ տարտամ վախ մը զգաց այդ աննախատեսելի նոր իրականութիւնը ո՞ւր պիտի տանէր զինքը։
– …գիտեմ որ քաջ ես, Աբօ, չես վախնար… գիտեմ… բայց մեղք է, ամօթ է աղջկայ վրայ զէնք քաշել…պատիւ չկայ մէջը։
Եղբօրմէն չորս տարի փոքր էր բայց անկէ աւելի արագ մեծցեր էր ու կրնար մօտաւորապէս հասկնալ եղբօր միտքը, այդ ծաղիկի պէս տղեկը, որ իրեն նման մեծերու շուրջ, աներեւակայութիւն, անգուրգուրանք, փայտի պէս չոր աշխարհին մէջ հասակ նետեր էր։ Ինքը գոնէ իր մեծ որոշումները իր կամքով առեր էր, մեղքի մէջ մտեր ու դուրս ելեր էր միս մինակը — երկվայրկեանային արագութեամբ տեսաւ Տիգրանն ու Այնճարցի տղոց խանութը, Համրա սէնթըրի սենեակին պատուհանը, յետոյ ժորժը իր քրտինքոտ երեսով։ Այս ամբողջը շահած էր կեանքէն ու չէր կրնար ձգել որ եղբայրը աւրեր մէկ ապուշ շաժումով։ Տեսաւ եղբօր դէմքը ու անոր բարակ, թափանցիկ կեանքին փորձառութիւնը հաւաքուած կէս-ծանօթ, շիլ ու թոթով, չկրկնուող, կէս-հասուն ու արդէն ապրուած անթիւ տարիներու քացխած համը բերաննին հոս հոն պտտող մարդոցմէ ու հիմա յանկարծ ամլացած, անկարող զգացումները բնական անմիջականութեամբ ապրելու առանց միջնորդի, որ պիտի գար անպայման ակումբէն, սրճեփի հին օրացոյցի պատկերներէն, խմբական երգերու կէս-հասկցուած բառերէն ամէն տեղէն բացի սրտէն եզրակացուցեր էր Ալիս շատոնց, վախնալով ու գթալով նոյն ատեն։
– Ո՞ւր կ՚երթաս կոր։
– Անանկ, կ՚երթամ կոր։
– Ո՞վ է ասիկա։
– Հէչ, ծանօթ մը։
Ալիս շունչ մը առաւ, անցեր էր վտանգը, ծրեր էր եղբօր կամքը ու կարճ լռութեան ընթացքին գիտեր որ այլեւս չէր կրնար առաջուան պէս սիրել զայն աս ալ քեզի դաս մը ըլլայ աղբարիկ մտածեց, չուզելով տեսնել անոր կործանումը աւելի երկար։ Բայց սպասել, հետաքրքրուած թէ ինչ կ՚ընեն կուսակցական ու ազգային պատուին պաշտպան մարտականները երբ յանկարծ կեանքի գաղտնի իրականութիւնները, բառերէն, երգերէն ու պողպատէն անդին գտնուող հում հեղեղը մարդկային ճշմարտութեան՝ գլուխ ցցեն ու աւրեն գոց սորված, հին ժաքէթ մտածումները ու առանց ժամանակ տալու պահանջեն որ անմիջապէս ապրուին։
Աբոյին համար երազի պէս անցաւ պահը։ Մէկ վայրկեան ամէն ինչ յստակ դիւրին անխուսափելի էր ու յաջորդին՝ քոյրը խառնուեր էր ֆետայիներուն, կոմիտէի ընկերոջ ու ազգին պատիւին — նայեցաւ քրոջ անջնջելի իրաւութեան, անոր նեղլիկ ուսերուն բեռցած տարիներու սէրին ու ցաւին. յանկարծ դէմը մարդկային էակ մը ելեր էր։ Ու ինք, առանց պատճառի թակարդը ինկած ըլլալու, անզօր անպաշտպան խեղճ մարմին մը ըլլալու զգացումը ունեցեր էր։ Ու վախը ինկեր էր սրտին։ Ոչ թէ մեռնելէն որու երեւակայութիւնը երբեք չէր ունեցեր, այլ պարապ, անել լռութենէն, որուն մէջ մնացեր էր ինչ պիտի ընեմ… ինչ պիտի ընեմ կրկնելով մտքին մէջէն, հազիւ զգալով սկիզբը այն հսկայ տագնապին որուն մէջ պիտի իյնար եթէ աղջկայ վրայ ուժ բանեցնէր, նոյնիսկ եթէ զայն վախցնէր ու արթնցնէր անոր մէջ կին էակին թաքուն, սարսափելի զօրութիւնը որմէ միշտ խուսափեր էր… ու այս բոլորին ետին ընտանիքին անտեսուած, խորհրդաւոր ուրուականն էր որ կը տեսնուէր։
Հազիւ նշմարելի շարժում մը ըրաւ, կէս քայլ մը դէպի տղան որ Ալիսին քով հասած կը սպասէր, թոյլ դէմքը աւելի կակուղցած, քրտնած նորէն, թուքը կլլելով, ափերը թաց, տարտամօրէն հասկնալով որ իր գլխէն վեր որոշումներ կը տրուէին։ Բայց Ալիս Աբոյին ժամանակ չտուաւ։
– Չդպնաս։
– Մի՛ խառնուիր։
– Չդպնա՛ս ըսի։
Տղան արդէն քայլ մը կ՚առնէր հեռանալու համար։ Ալիս զգաց ու եթէ եղբայրը չըլլար հոն կայնողը պիտի քանէր անկէ։ Սակայն հիմա ուժ պէտք էր տար անոր։ Օդօ մը անցաւ քովէն։ Նաւահանգիստէն մուրճի խուլ հարուածները վերսկսեր էին։
– Եղբայր մեղբայր չեմ ճանչնար, Աբօ։ Ասոր մինչեւ ծայրը կ՚երթամ, հա, գիտցած եղիր…։
Վար առաւ պայուսակը։ Պէտք չկար այլեւս, գիտէր։ Կեանքին մէջ այսքան մեղքցած չէր որեւէ մէկուն վրայ… Ինք որ սիրոյ թաքուն ակնկալութեամբ քալեր էր եղբօր հանդիպումին ու նոյնիսկ աչքը առած էր անոր զէնքին ձայնը լսել, զգալ իր մէկ հատիկ եղբօր հարուածը երեսին, մարմնին այնքան մեծ կարօտով, անկարելի սիրով, որու դէմ բոլորովին անզէն կ՚ուզէր զգալ։ Հիմա սակայն տխուր էր նորէն, յոգնած գրեթէ ու լսեր էր որ մարդիկ երբեմն կու լան նոյնիսկ երբ առանձին են ու ամօթն ու գութը չեն կրնար զսպել։ Աչքին պոչով տեսաւ ինչպէս ժորժ կամաց մը օդոյէն ներս սպրդեցաւ։ Այն ատեն վերցուց նայուածքը դէպի եղբօր դեղնած, պզտիկցած կերպարանքը։ Կայներ էր հոն, ճզմուած կեանքի իրաւութեան տակ, իջած յանկարծ իր, կուսակցութեան ու հայութեան բուն, անխուսափելի համեմատութիւներուն աս է եղեր ուրեմն խեղճ ու միս մինակ, ոչ կարող սիրելու ոչ ալ ուրիշ բանի, միջատին պէս որ միայն մէկ բան լաւ կրնայ ընել ինչը՞ վերջին անգամ նայելով եղբօր որ արդեօք ըսելի՞ք մը ունէր իրեն, ծանր ու խճողուն ամայութեան մէջ առկախ, անճանաչելի գրեթէ, բարի ու մաքուր ու եթէ կարելի ըլլար վրան պիտի վազէր, կուրծքին սեղմեր զայն, իր աննման աղբարը զոր նոր կը տեսնէր անմիջապէս մոռնալու համա՞ր թէ այս պատկերը պիտի մնար աչքին մէջ մինչեւ ուր որ երթայ կեանքը։
– Մնաս բարով, Աբօ։
Պատասխան չկար անշուշտ ու պիրկ մորթը երեսին չթուլցաւ, ամբողջ կեանքը կը փախէր մէջէն ու ոչինչ կրնար ընել, ոչ իսկ ատել սա աղջիկը որ կը ժպտէր հիմա, ոչ թէ իրեն անշուշտ անկարեյի բան է մտածեց նայելով անոր ծուռ սրունքներուն որոնք կը շարժէին դէպի օդօ, ոչ իսկ ատել՝ երբ ընտանիքին պատիւը երկու փարայի կ՚ընէ… անկարելի է ու իրեն այնպէս թուեցաւ, որ ոչ ատելութիւնը ոչ ալ պատիւը այնքան իրական էին որքան քրոջ այդ արտայայտութիւնը որ այնքան քիչ անգամ տեսեր էր իր կեանքին մէջ, մանաւանդ իր կողմը ուղղուած, տեսակ մը գութ ու գուրգուրանք ու սէր միասին։
– Կեցիր…մի՛ երթար…։
Տարօրինակ, անփորձ յուզում մը կար ձայնին մէջ ու ինք հազիւ հազ լսեց իր բառերը, այնքան օտար էին անոնք։ Թեւերը կախուեցան, երկու հոգի խօսելով անցան քովէն, ապրիլ մը կար տեղ մը ու ինք դադրած, լմնցած էր ամբողջ տիեզերքի բեռը վրան։ Միայն թէ կարելի ըլլար մէկ անգամ շերտ մը հացի պէս մութին մէջէն տեսնել առանց փնտռելու, սպասելու ու այսպէս բանտարկուած իրմէ ուժով կացութեան մը տակ, դիտել ինչպէս քոյրը կռնակը իրեն կը դարձնէր։ Ձեռքի փոքր շարժում մը ունեցաւ դէպի անոր կողմը բայց Ալիս չնշմարեց։ Ներս մտաւ օդոյին մէջ, նստաւ տղուն քովը ու շշնչաց։
– Եալլա, քշէ՛, ուշացանք։
ժորժ աշխատցուց մեքենան։
– Քանի՞ է ժամը։
– Քիչ առաջ հարցուցիր։
– Քանի՞ է։
– Չորսը քսան անց ըլլալու է։
Ամբողջ հանդիպումը մէկ վայրկեան չէր տեւեր, սակայն Ալիսին այնպէս թուեցաւ որ ժամէ մը ի վեր ջիղերը պիրկ ու սպառած պայքար կը մղէին անծանօթ ուժի դէմ։ Տղան նորէն բան մը հարցուց, բայց ականջ չտուաւ։ Գոցեց աչքերը, կրթնեցաւ, բոլորովին ուժաթափ ու այն ատեն տեսաւ հօր պատկերը, տրտում, բեկուած իր մեծ ուժին մէջ ու եթէ տղան չըլլար քովը հաւանաբար լար եղբօ՞ր թէ հօր կերպարանքին վրայ ոչինչ ոչինչ…ոչ մէկ ըմբոստութիւն կրկնելով ու դեռ երեւակայելով անոր փլատակ պատկերը փողոցին եզերքը, ոչ տղայ ոչ մարդ ոչ եղբայր ոչ ալ օտար…անանուն անտէր մէկը որ պայթած պալոնի պէս կը սմքէր, իր հօր հետ…։
Հատուած՝ Կամուրջ անտիպ վէպէն