Գեղամ Տէր Կարապետեան
Անահիտ Տէր Մինասեան

ՏԱՏՐԱԿ ԿԱՄ ՄՇՈՅ ԳԵՂԱՄ ՎԵՐԱՀԱՍ ԱՂԷՏԻ ՄԸ ԱՐԹՈՒՆ ԴԻՏՈՐԴԸ

ՎԵՐԱՀԱՍ  ԱՂԷՏԻ ՄԸ ԱՐԹՈՒՆ ԴԻՏՈՐԴԸ. ԳՐԵԼ՝  ՅԻՇԱՏԱԿԱԳՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

     Իբրեւ Տարօնի գրագէտը, Գեղամ այդ հողին կապուած է կենդանի, մարմնեղէն կապով մը: Մանկութենէն ի վեր շրջած է ամէն կողմ. ունի անոր ամբողջական ճանաչումը: Տարօնը կը կազմէ բնական շրջանակը իր պատմուածքներուն, որոնց մէջ կ’ոգեկոչէ անոր հրաշալի բնանկարները, անոր լեռներուն՝ Սիփանի, Նեմրութի եւ Պինկէօլի անտառներն ու լիճերը կենդանացնող առասպելները, մարդն ու բնութիւնը կապող յարաբերութիւնները: Առաջնորդարանի քարտուղարի իր պաշտօնին բերումով, ան տեւաբար ականատես է եղած ամէն տեսակի թշուառութիւններու եւ ընդվզումով է լեցուած՝ անարդարութեան դէմ:
     Գեղամի այն պատմուածքներն ու պատումները, որոնք հասած են մեզի, հրատարակուած են 1890-էն 1914, մեծամասնաբար` 1908-ին, Կոստանդնուպոլսոյ հայատառ մամուլին մէջ («Մասիս», «Արեւելք», «Հայրենիք», «Բիւզանդիոն», «Բիւրակն», «Մանզումէի Էֆքիար», «Ազատամարտ», «Ժամանակ», «Սուրհանդակ», «Լոյս»): Պատմուածքներուն նիւթը Մշոյ դաշտի հայկական գիւղերու բնակչութիւնն է, Եփրատով եւ անոր վտակներով ոռոգուած, Տարօնի նախալեռներով շրջապատուած Մշոյ դաշտի պատմութիւնը[1]Յ. Պետրոսեան, Ճեմարանականներ, Գեղամ Տէր Կարապետեան, Էջմիածին, Օգոստոս 2012, էջ 107-119:: Գետերը, լեռները եւ նահանգները նշուած են հայկական ճիշդ տեղանուններով, որոնք ժառանգուած են միջնադարեան պատմագրութենէն եւ աշխարհագրութենէն: Գիւղերը յաճախ յիշուած են ոչ թէ ամբողջական անուններով, այլ այբուբենի գլխագիր մէկ գիրով (Չեխովի պատմուածքներու օրինակով), բացառութեամբ Սուրբ Կարապետէն, որ վանք ու վանական տարածք ըլլալով, ամբողջական անունով կը վկայակոչուի տեւաբար:

     Այս պատումներուն ներկայացուցած դէմքերը միմիայն հայեր են: Երբեք ակնարկ չի կատարուիր թուքերուն, իշխանութեան վարչական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, ոստիկանութեան կամ բանակին մասին: Շատ հազուադէպօրէն կը խօսուի քիւրտերու[2]«Լուսնեակ գիշերով ուղեւորութիւն մը ի Մուշ (Այց մը քրդաց վրաններուն)», «Մասիս», թիւ 3425,  1889, բանաստեղծական … Continue reading մասին՝ շրջանին մէջ քոչուորութիւն ընող եւ համիտիէի[3]Համիտիէ, 1891-ին կազմուած քիւրտ հեծելազօր: (Եզրը ստեղծուած է Ապտիւլ Համիտի անուան հիման վրայ):խումբերուն մասնակցող: Աւելի եւս սակաւ են ակնարկները մուհաճիր մահմետականներու, չէրքէզներու, չէչէններու, ինկուշներու, ուբիխներու կապակցութեամբ, որոնք XIX-րդ դարու Կովկասի ռուսական նուաճումէն ետք շարունակաբար եկած եւ հաստատուած էին շրջանին մէջ: Արդեօք «գրագէտի հայեա՞ցք»՝ այս ոճը, որուն համար երկիրը եղած է ու կը շարունակէ մնալ «Հայաստան», թէ՞ ոճը մարդու մը, որ կ’ապրի Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի բռնատիրական համակարգին եւ օսմանեան գրաքննութեան, միանգամայն Պատրիարքարանի հսկող աչքին տակ, եւ որ միաժամանակ ներշնչուած է բարենորոգումներու յոյսերով, նաեւ մասնակից՝ յեղափոխական շարժումի մը:

     Իրապաշտ գրագէտ՝ Գեղամ իր պատումներուն մէջ կ’արտայայտէ աշխարհէն ունեցած իր յոռետես ընկալումը: Տարօնի գիւղերէն փոխանցած անոր պատկերը ճնշող է: Սովի ու թշուառութեան մէջ տարուբերող հայ գեղջուկներու իրավիճակը կը հանդիսանայ շարունակ կրկնուող նիւթը իր պատումներուն, որոնց հերոսները լքուած, աղքատութեան գիրկը ինկած որբեր եւ մանուկներով բեռնաւորուած երիտասարդ կիներ են, կամ հողազուրկ, պարտքերու տակ կքած անյոյս գիւղացիներ, որոնք, ինչպէս Սարգիս Աղբար[4]Սարգիս Աղբարը, «Արեւելք» թիւ 1943, 1890:, Ստամպուլի մէջ թափառելով եւ պանդուխտներու շարքերը խտացնելով, լուծում կը փնտռեն իրենց տառապանքին: Մեծամասնութիւնը համալի (բեռնակիր)[5]Ամուրի տղամարդիկ կամ սիլա կատարողներ (ընտանիքի հօր ժամանակաւոր պանդխտութիւն, որմէ ետք հերթաբար զայն կը … Continue reading վերածուելով, կը դատապարտուի մինակութեան եւ ալքոլամոլութեան: Արտագաղթը, որ կը համարուի «Երկիր»ը իր բնակչութենէն պարպող աղէտ, ունի իր տնտեսական եւ քաղաքական դրդապատճառները: Միաժամանակ առաջին համաշխարհայնացումին հետեւանքները զգալի են Անատոլիոյ գիւղական համայնքներուն մէջ: Այս բոլորին դիմաց, Գեղամի պատգամը բարոյախօսի մը արդարութեան եւ կրթութեան յորդորն է:
     Տարօնի կիներու ճակատագիրը Գեղամի աշխատութեան առաջնահերթ նիւթերէն է: Կինը, կամ աւելի ճիշդ երիտասարդ կինը, այն էակն է որուն ամենէն աւելի առարկան է իր ուշադրութեան եւ գութին: Մահմետական աշխարհի մէջ մեկուսացած՝ հայկական ընկերութիւնը կը յաջողի յարատեւել կիներու` խիստ օրէնքներու վրայ հաստատուած «փոխանակում»ով[6]Եկեղեցին կ’արգիլէր ամուսնութիւնը ընտանիքի անդամներուն միջեւ մինչեւ «եօթը պորտ» (ինչ որ կը համապատասխանէ … Continue reading: Արդարադատ պատմիչ` Գեղամ խելացի կերպով կը ներկայացնէ աւանդոյթներու կարեւորութիւնը իրարայաջորդ սերունդներ համախմբող «մեծ ընտանիքին»[7]Ընտանիքը կրնար իր տանիքին տակ համախմբել մինչեւ 30-40 հոգի: Տես. J.-P. Mahé, Structures sociales et vocabulaire de la parenté et de la collectivité en … Continue reading մէջ, հօր կամ անդրանիկ որդիի կողմէ անոր վարումը «պատիւ»ի եւ «ամօթ»ի ուժեղ զգայնութեամբ – նոյնիսկ ամենէն համեստ ընտանիքներուն մէջ: Ան կը դատապարտէ երիտասարդ աղջիկներու պարտադրեալ ամուսնութիւնը հայրենական գիւղերէն հեռու  գտնուող եւ յաճախ իրենցմէ շատ աւելի տարեց տղամարդոց հետ: Երիտասարդ կինը իր նոր ընտանիքին մէջ, քողածածկ, չափահասներու մօտ համրութեան դատապարտուած, ենթակայ է կեսրոջ իշխանութեան, ինչպէս Շողիկի յիշատակին պատմուածքի երիտասարդ ու անպաշտպան հերոսուհին, որ մահով միայն կ’ազատագրուի իր տանջանքներէն[8]Հրատարակուած Մանզումէի Էֆքիար-ի թիւ 414-ին մէջ, 1902: Պատմուածքը կը ներկայացնէ Հայկանուշի՝ Գեղամի աւագ աղջկան … Continue reading: Երիտասարդ կինը կրնայ ամուսնական բրտութեան զոհ դառնալ, կամ ամուսնութեան յաջորդ օրն իսկ լքուիլ պանդուխտ ամուսնոյն կողմէ, մնալ անպաշտպան՝ ընկերութեան մը մէջ ուր եկեղեցին կ’արգիլէ ամուսնալուծումը: Երեխաները, աղջիկ ու տղայ, միասին կը մեծնան գիւղի փողոցներուն ու դաշտերուն մէջ, սակայն կրտսեր տարիքէն իսկ իգական ու արական աշխատանքները յստակօրէն կը բաժնուին: Աղջիկները մայրերու եւ մեծ մայրերու կողմէ նախանձախնդրօրէն կը պահպանուին, եւ յաճախ արբունքի տարիքէն առաջ նշանուելով կամ ամուսնանալով՝ կը հեռանան հայրական տունէն: Թէեւ տասնեօթ կամ տասնութ տարեկանին մանչերը արդէն ամուսնութեան տարիքի են, այդուհանդերձ աղքատութիւնը, որ անյաղթահարելի արգելք մըն է, սեռական եւ զգացական մեծ զրկանքներու պատճառ կը հանդիսանայ: Այդ անգութ աշխարհին մէջ, սէրը բացակայ չէ: Ան տեւաբար կը նշուի երգերու, ոտանաւորներու եւ աւանդավէպերու մէջ, եւ գիշերները թոնիրի[9]Թոնիրը կեդրոնական ջեռոց մըն է, փորուած գետնին մէջ, որու պատերուն վրայ կը թխուի թթխմորով պատրաստուած հացը: Երբ … Continue reading շուրջ համախմբուած չափահասներու զուարճալի խօսակցութիւններու նիւթ կը դառնայ: Սէրը հազուադէպօրէն կը յայտարարուի, բացի այն պարագայէն երբ երկու սիրահարները կը յաջողին փախուստ տալ եւ վանքի մը մէջ ապաստան գտնելով պարտադրել ընտանիքներուն՝ զիրենք ամուսնացնել: Գեղամ միաժամանակ կրնայ նրբութեամբ նկարագրել շրջանի սովորոյթներուն համապատասխանող երկու երիտասարդներու սէրը: Տարօնի երիտասարդները բարձրահասակ են, առողջ եւ ամրակազմ, եւ ունին անկեղծ հայեացք: Երիտասարդ աղջիկները յաճախ խարտեաշ են, այտերը՝ միշտ վարդագոյն, եւ «եղնիկի աչքեր» ունին: Սէրը կը ծնի պատահական հանդիպումի մը ընթացքին, սրընթաց փոխանակուած նայուածքի մը առիթով: Անիկա կ’աճի ամօթխածութեամբ, չարախօսութիւններէ հեռու, լռութեան մէջ, առանց խոստովանութեան, առանց հպումի: Այս սէրը միշտ դժբախտ սէր մըն է, որուն կրակը կը մարի երիտասարդ աղջկան ամուսնութեամբ:
     Գեղամի պատմուածքներուն մէջ, որոնց հերոսները հողագործ են կամ հովիւ, ինչպէս ամենուր՝ կան հարուստներ ու աղքատներ: Լեռնային այս երկրին մէջ, ուր կեանքը դաժան է, մարդկային յարաբերութիւնները բիրտ են, աղքատները միշտ ենթակայ՝ խիստ վերաբերմունքի, ինչպէս կ’ընէր Մխօն[10]Փոր-Մշակը, «Մասիս», 15, 1902:: Հարուստները (ռէս, տանուտէր…) թիւով շատ չեն: Ունին տարածքներ, կենդանիներ եւ ցանք: Դրամ փոխ կու տան: Անոնք անողոք պարտատէրերն են խեղճ գիւղացիներուն, որոնք գրաւոր կամ բերանացի պայմանաւորուած են պարտք վերցնելու  վաշխառուական տոկոսներով: Պարտք՝ որ կը տեւեն, կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ, եւ կը հարկադրեն արդէն իսկ հարկերու տակ կքած գիւղացին՝ կորսնցնելու իր հողը, լքելու ընտանիքը, եւ գիշերը ճամբորդող շարասիւնի մը միանալով՝ քառասնօրեայ ճամբորդութենէ ետք Անատոլիի խորերէն, հասնիլ Իսթանպուլ…
     Ըստ Գեղամի՝ Տարօնի բնակչութեան վերագրած հաւաքական հոգեբանութեան, գիւղացիները պարզամիտ են,  անկեղծ եւ պարկեշտ, իսկ հարուստները` խաբեբայ եւ վայրագ: Հարուստներու ամբարտաւանութեան կը պատասխանէ աղքատներու խոնարհութիւնը: Սակայն հարուստ եւ աղքատ ունին հասարակաց մէկ յատկանիշ, այն է` մեծահոգութիւնը, ու ատկէ անբաժանելի` հիւրընկալութեան մղումը: Գեղամ ստեղծած է գիւղական եւ նախնական աշխարհ մը, ուր երեւակայականը բացակայ չէ բնաւ: Տարօնի գիւղացին ամբողջովին անտեղեակ է հայկական քրիստոնէական ու աստուածաբանական նրբութիւններէն, սակայն կը պաշտէ իր Աւետարանն ու Նարեկը[11]Առանձնաշնորհեալներու մօտ նախնիներէն ժառանգուած մատեան: (Հոգեւորական, բանաստեղծ, փիլիսոփայ` Գրիգոր … Continue reading, աշխարհը կը դիտէ իր հաւատքի աչքերով: Իր ճակատագիրն ու իր տեղը այս աշխարհին մէջ բնորոշելու համար ան միշտ կ’ապաւինի «Աստծոյ կամքին»: Բայց այս պարզ մարդը, տգէտ ու միամիտ (այս եզրը յաճակ կ’օգտագործուի), ժառանգորդն է աւանդոյթներու, գիրքերէն դուրս` բերանացի փոխանցուած աւանդոյթներու, երկրի մը մէջ ուր յօրինուեցաւ հայկական այբուբենը:
     Քրիստոնեայ, բայց եւ յստակատես՝ Գեղամ խստօրէն կը քննադատէ տեղական հայ կղերը: Յաճախ, գիւղական քահանաները հազիւ գիտեն կարդալ, ու նուազ եւս՝ գրել: Իրենց մատուցած պատարագը բերանացի սորված են, եւ յաճախ՝ ո՛չ իրենք, ո՛չ ալ իրենց հօտը կը հասկնայ արտասանուածին իմաստը:  Յուսախաբիչ հաստատում՝ որ կը փաստուի նաեւ կաթողիկէ ու բողոքական միսիոնարներու դիտարկումներով:  Գրաճանաչ քահանաները բացառութիւն են, եւ ժողովուրդի դիւրահաւանութիւնը անոնց կը վերագրէ հրաշագործ կարողութիւն, այնքա՛ն գիրքն ու «գրուած»ը անոր աչքին ունի հմայեկի արժէք: Այս բոլորը Գեղամին կը ներշնչեն զուարթախոհութեամբ համեմուած երկու հրաշալի պատմուածքներ[12]Թղթաբաց, «Մասիս», 14, 1902: «Վեցհազարեակն ու թղթարար Մարտօն», «Արեւելք», թիւ 5277-5289, 1903:: Վերջապէս, քահանաները կը վարձատրուին գիւղացիներուն կողմէ` նուիրատուութեամբ կամ սնունդի պաշարով, ու թէեւ անհրաժեշտ են մկրտութեան, ամուսնութեան եւ յուղարկաւորութեան համար, բազմաթիւ են նաեւ այն թշուառ գիւղերը որոնք քահանայ չունին: Գեղամի միակ վէպը, անաւարտ մնացած Տիրացուն եւ ժամկոչը[13]Հրատարակուած «Արեւելք»ի մէջ, 1896, թիւ 3685-3750, եւ ամբողջութեամբ վերարտադրուած՝ Տարօնի Աշխարհի մէջ (մէջբերուած` … Continue reading, կը ներկայացնէ մրցակցութիւնը ռես Մարգարի եւ Սուրբ Կարապետ վանքի դպիր տիրացու Մարտոյի, ուսանած՝ Սուրբ Կարապետի վանքը, ուր սովահար վանականներ կը ջանան խլել որբերու հացը: Ագահ այս երկու էակները կը համաձայնին՝ օգտուելով գիւղացիներու միամտութենէն, անխնայ շահագործելու համար զանոնք: Ընկերաբանական այս վէպը, զուրկ՝ սիրային «հանգոյց»է, մեծ յաջողութիւն չունեցաւ Պոլսոյ մէջ:
     Տարօնի վանքերը, որոնք պաշտուեր են Գեղամէ, եւ ուր ան շրջագայեր է՝ գտնելու համար հայ մշակութային ժառանգութիւնը, ցուցակագրելով զանոնք[14]Տարօնի վանքերը (մէջբերուած` նոթ թիւ 6), էջ 90-94: Յիսուն վանքերու բացատրական ցանկ:, յաճախ աւերուած են ու լքուած: Աւելին՝ այն վանքերուն մէջ, ուր ուսուցիչներու եւ գրագէտներու բացակայութեան դեռ կ’ապրին ծերացած քանի մը վարդապետներ, կրօնական դպրոցները դադրած են գործելէ, գրչագրատուները անհետացած են, ձեռագրերը չեն խնամուիր, աղբը կը նետուին, կամ անոնց էջերը կ’օգտագործուին լուսամուտներու խորշերը գոցելու համար: Գեղամ բանաստեղծական լեզուով ու կսկիծով կը պատմէ 1887-ին Առաքելոց Վանք իր այցելութեան եւ տապալուած խաչքարերու փլատակներու մէջ Սրբոց Թարգմանչաց նշխարները փնտռելու մասին[15]Նոյն տեղը, էջ 61-67::
     Ան չի խօսիր երբեք, կամ՝ կը խօսի հազուադէպօրէն, այս բոլորի պատճառներուն` պատերազմի, ջարդի, երկրաշարժի մասին: Միջնադարեան կարօտախտով տարուած, միշտ կը դիմէ անցեալի մեծերուն, կը վկայակոչէ Մովսէս Խորենացին, կ՛ափսոսայ որ այս վանքերը այլեւս չեն կատարեր հայ ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդի եւ դաստիարակի դերը: Գեղամի ուշադրութենէն չի վրիպիր նաեւ Սուրբ Կարապետը, որ յայտնի ուխտատեղի ըլլալով՝ ամէն տարի կը համախմբէ մինչեւ Կովկասէն ու Պարսկաստանէն եկող ուխտաւորներու խուռն բազմութիւն մը[16]Նոյն տեղը, էջ 19-59:։

 

ԲԱՐԲԱՌ, ԼԵԶՈՒ, ՄՇԱԿՈՅԹ

     Դասուած «գաւառագիր» հեղինակներու՝ Թլկատինցի եւ Ռուբէն Զարդարեանի[17]Թլկատինցի (Յովհաննէս Յարութիւնեան, 1860-1915), ծնած է Խարբերդ նահանգի գիւղերէն մէկուն մէջ:  Ռուբէն Զարդարեան … Continue reading կողքին, Գեղամ նկարագրած է հայ կեանքը՝ Արեւելեան Անատոլիի հեռաւոր նահանգներուն մէջ,  օգտագործելով բարբառային արձակ մը[18]Գրական հայերէնի երկու ճիւղերու միաւորման եւ XIX-րդ դարու աւարտին բարբառներու բազմապատկման հարցի … Continue reading, 1889-էն սկսեալ: Տարօնի բարբառը արդէն իսկ գրաւած էր հայ լեզուագէտներու ուշադրութիւնը եւ ծնունդ տուած կարգ մը ուսումնասիրութիւններու եւ հրատարակութիւններու, ինչպէս օրինակ հանրայայտ Հրաչեայ Աճառեանի աշխատութիւնները[19]Հ.Աճառեան (1876-1953), Հայ բարբառներու դասակարգումը, Փարիզ, 1909, երկարօրէն մէջբերուած է Կարօ Սասունիի Պատմութիւն … Continue reading: Սակայն այս լեզուագէտները առաւելաբար անդրադարձած են հին հայերէնէ ժառանգուած Մշոյ բարբառին ու հնչիւններուն, ուր ձայնաւորները սակաւաթիւ են, իսկ բաղաձայնները՝ բազմաթիւ. ուր առատ են արաբերէնէ եւ թուրքերէնէ փոխառուած բառերը: Անոնք նաեւ քննարկած են անցեալ ժամանակի պատմողական ոճի եւ յարակցուած բայերու գործածութեան հարցը: Քիչ հաւանական է, որ Գեղամ 1908-էն առաջ իր Մշոյ մէջ կատարած գրական ստեղծագործութեան օրով՝ տեսած ըլլայ այս աշխատութիւնները: Ծնած՝ 19-րդ դարու կէսերու գրաբարի[20]Յետադիմական եւ «ոչ իրատես» ընտրութիւն մը, բայց հիմնաւորուած՝ Իսրայէլի մէջ եբրայերէնի իբրեւ  պաշտօնական … Continue reading եւ աշխարհաբարի հակադրման շրջանէն ետք, եւ իր կեանքի մեծ մասը անցուցած՝ Մշոյ դաշտի խորքերը, անշուշտ առիթ չէ ունեցած մասնակցելու Կոնստանդնուպոլսոյ մէջ արդի հայերէնի զարգացման ընթացքին: Այս վիճարկումի արձագանգները սակայն հասած էին մինչեւ Մուշ եւ Սուրբ Կարապետ Վանք, ուր Գեղամ ստացած էր իր հիմնական ուսումը, եւ ուր առկայ էր ազդեցութիւնը Մկրտիչ Խրիմեանի, որ ընտրած էր գրաբարը[21]Հոս է նաեւ որ Գեղամ հրատարակած է Արծուիկ Տարօնոյն, որմէ օրինակներ մնացած էին վանքին մէջ:: Հայ լեզուաբանական մտքի պատմութեան ծանօթ չըլլալով հանդերձ, Գեղամ կը զգայ անոր կարեւորութիւնը. կը հետաքրքրուի մտքի, լեզուի (հետեւաբար նաեւ բարբառի), ընկերութեան եւ մշակոյթի առնչութիւններով:
     Ըստ իր աշխատութիւններու բնոյթին, Գեղամ օգտագործած է հայերէնի երեք տարբերակներէ մէկը կամ միւսը: Վանական իր կրթութեան բերումով, ան տիրապետած է դասական հայերէնին: Տարօնի վանքերու պատմութեան առնչուող կամ մանկավարժական աշխատութիւններու մէջ, կը գտնենք գրաբարի հին արտայայտչաձեւերը, որ կ’արտացոլուին խօսքի կարգի, շարահիւսութեան եւ իմաստաբանութեան մէջ: Բայց նաեւ գիտէ եւ կ’օգտագործէ Կոստանդնուպոլսոյ հայ մամուլին ու գրողներուն միջոցով ձեւաւորուած արդի արեւմտահայերէնը, որ միաժամանակ կը դասաւանդուի Օսմանեան կայսրութեան տարածքին գործող ազգային վարժարաններուն մէջ: Ան այս լեզուն է որ կ’օգտագործէ՝ իր տեղեկագրերուն եւ քաղաքական յօդուածներուն համար: Ինչպէս եւ իբրեւ իր պատմուածքներու եւ հեքիաթներու պատումին: Բայց Գեղամ կարդացած է Սրուանձտեանցի Գրոց-Բրոց-ը[22]Հրատարակուած է 1874-ին, Կոստանդնուպոլիս, ուր հեղինակը կը հրամցնէ Սասունցի Դաւիթը Մշոյ բարբառով: Այստեղ կ’արժէ … Continue reading, որ իրեն համար կը մնայ օրինակելի աշխատութիւն: Իր պատմուածքներուն մէջ, Տարօնի գիւղերու, քաղաքներու եւ լեռներու մէջ ներկայացուած անձեր կը խօսին «երկրի լեզուն»: Տղամարդոց անունները յաճախ կրճատուած ձեւ ունին՝ «օ» աւարտով՝ Մարտօ, Արաբօ, Աւօ, Սարգօ, Մկօ, Մկրօ, Կարօ, Գեւօ:  Իսկ կիներ կը կոչուին` Մարիամ, Շողիկ, Եղսիկ, Հռիփսիկ: Բոլորը կ’արտայայտուին իրենց գիւղի լեզուով, ուր տարբեր շրջաններու բարբառները յստակօրէն կը զատորոշուին տեղական «շեշտերով»՝ Մշոյ դաշտէն մինչեւ Սասուն, Ախլաթ, Խնուս, հասնելու համար Պիթլիս եւ Վան: Բարբառներու օգտագործումը գրական լեզուին մէջ՝ Կոստանդնուպոլսոյ հայ մամուլի ընթերցողներուն համար Գեղամի աշխատութիւնները կը դարձնէր անախորժելի, եթէ ոչ՝ անհասկնալի: Աւելի ուշ, 1914-ին, Աղէտի նախօրէին, առանց Մեհեան-ի գրական շրջանակին պատկանելու, Գեղամ մասնակից դարձած էր այս միամսեայ հանդէսի կարճ կեանքին եւ անոր հիմնադիրներ` Յակոբ Օշականի եւ Կոստան Զարեանի նախագծին, գրական լեզուին ներարկելով բարբառներ, «յայտնագործելու համար հայկական ներաշխարհը» եւ «հայոց լեզուի կազդուրիչ պատուաստը»[23]Նշանեանի “Âges et usages de la langue arménienne” աշխատութիւն (մէջբերուած թիւ 102-ով), էջ 352-353, եւ էջ 358-359. Գ. Պըլտեան, … Continue reading: Ապագային, երբ անհետացած ըլլան բոլոր անոնք որոնք կ’օգտագործեն Մշոյ բարբառը, անհրաժեշտ պիտի ըլլար Փարիզի եւ Երեւանի մէջ լոյս տեսած Գեղամի գիրքերուն մէջ տեղադրել բարբառային արտայայտութիւններու ցանկ մը[24]Տարօնի աշխարհ (մէջբերուած նոթ թիւ 2-ով), էջ 325-340. Տարօնի աշխարհ (մէջբերուած նոթ թիւ 5-ով), էջ 377-402: Գրաբարէն … Continue reading:

     Եւ վերջապէս, մարդաբանութիւն կոչուած կրթանքի ո՛չ անուան, ո՛չ իսկ գոյութեան տեղեակ ըլլալով հանդերձ, Գեղամ կիրքով նուիրուեր է մշակութային մարդաբանութեան: Հալածուած՝ գիւղական շրջաններու գաղթէն, ընկերութեան «արդիականացում»էն, գիտելիքներու բանաւոր աւանդման նուազումէն,- այս բոլորի ստեղծած ստիպողականութենէն, Գեղամ իր համեստ միջոցներով, բայց եւ այնպէս մեծ հաճոյքով, լծուեր է Տարօնի գիւղերու մէջ պատմուած առասպելներու, ասացուածքներու, առածներու եւ հանելուկներու հաւաքագրման աշխատանքին[25]Գեղամին կողմէ պատրաստուած ծաղկաքաղ մը, Ա. Գեւոնեանի հեղինակած Գիւլիզար վէպին մէջ. նախաբանը` Շաւարշ … Continue reading:

 

ՀՈՂԱՅԻՆ ՀԱՐՑԸ[26]Գեղամ Տէր Կարապետեան, «Հողային հարցը կամ արիւն-արցունքով վէճը»: Ուսումնասիրութիւն մը, որ նախ լոյս տեսած է … Continue reading

Հողային հարցը նստած է հայկական հարցի սրտին մէջ:
Հողային վէճը ընկերային ամենէն կարեւոր հարցերէն մէկն է.
ան կը հետաքրքրէ Օսմանեան կայսրութեան գիւղական ամբողջ
բնակչութիւնը, եւ կը պահանջէ արմատական լուծում: (էջ 1): 

«Հողային հարցը» խիտ գրութիւն մըն է, վատ կառուցուած, գրուած կրկնաբան ոճով. սակայն քաղաքական ուսումնասիրութիւն է, եւ մէկը այն շատ փոքրաթիւ գործերէն, ուր Գեղամ կը ներկայանայ, կը խօսի իր անունով: Առաջին իսկ տողերէն, ան կը յայտնէ թէ ո՛չ նպատակ եւ ո՛չ ալ կարողութիւն  ունի այս հարցին մասին ամբողջական ուսումնասիրութիւն ներկայացնելու. բայց կը փափաքի վիճակագրական ճշգրտումներ բերել հողերու բռնագրաւման մասին, որուն զոհ կը դառնան հայերը,

աւելցնելով թոռուններու եւ ռայաներու[27]Թոռուն-ը քիւրտ ցեղապետերու մէջ ունի «ազնուականի» կարգավիճակ, իսկ ռայա-ն` գիւղացի ճորտի: մասին բացատրութիւն մը, ըմբռնելու համար քիւրտերու ներկայի կացութիւնը, որոնք մեր հարեւաններն են, որոնց հետ կ’ապրինք, եւ որոնք պէտք է արժանանան մեր ուշադրութեան :

     Ըլլալով նախկին դպրեվանեցի եւ գաւառական ինքնուսոյց մարդ, Գեղամ Կովկասի կամ Կոստանդնուպոլսոյ հայ մտաւորականութեան օրինակով չի կրեր արեւմտեան փիլիսոփայական ու քաղաքական գրականութեան քիչ թէ շատ մակերեսային կնիքը: Իր բառապաշարը Հողային հարց-ին մէջ՝ զերծ է Եւրոպայէն ստացուած ընկերա-տնտեսական հասկացութիւններ պարունակող նորաբանութիւններէ: Ան չի ճանչնար ֆիզիոքրաթները, չէ կարդացած Ռուսօ, Մարքս, ոչ ալ ռուս ժողովրդապաշտ (փոփիւլիստ) հեղինակներու աշխատութիւնները. նոյնիսկ չէ լսած Տիւրքհէյմի մասին: Գեղամ կարդացած է եւ խորհրդածութեան նիւթ դարձուցած՝ Սրուանձտեանցի (Գրոց-բրոց, 1874. Մանանա, 1876), Խրիմեանի (Հրաւիրակ Արարատեան, 1894) եւ Մովսէս Խորենացիի Հայոց Պատմութիւն  աշխատութիւնները, որոնք իր մէջ արթնցուցած են սէրը դէպի «ժողովրդական աղբիւրները» եւ զայն ներշնչած այն աշխարհով՝ ուր պիտի իշխէր ատալաթ[28]Գեղամ կ’օգտագործէ թուրքերէն այս եզրը: (արդարութիւնը՝ մահմետականներու առաջնային արժէք-պահանջը), եւ ուր իր ժողովուրդը պիտի կրնար ապրիլ ու զարգանալ  խաղաղութեամբ: Այս գործերուն կը պարտի իր ընկերային ու քաղաքական հիմնական աշխատութիւնները. արեւելեան նահանգները[29]Կը թուարկէ արեւելեան վեց վիլայէթները, Պիթլիս (եւ Մուշ), Վան, Տիարպէքիր, Էրզրում, Խարբերդ, Սվազ: կը կազմեն հայութեան իսկական բնավայրը, հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ ապրած ու աշխատած է այդ հողերուն վրայ եւ պատմութեան ընթացքին սրբագործած իր կապերը՝ այդ երկրին հետ: Հայ գիւղացիութեան պէտք է վերադարձնել իրմէ անարդարօրէն խլուած հողերը, պէտք է կանխել արտագաղթը, իսկ անոնք որոնք մեկնած են Կոստանդնուպոլիս կամ այլուր, պէտք է վերադառնան երկիր:
     Գեղամ տնտեսագէտ չէ, եւ անոր միամիտ ու յետադիմական հայեացքները բարոյախօսի մը հայեացքներն են. անոնց սահմանները Տարօնի գիւղերէն անդին չեն անցնիր, իր միտքը արդէն կը դժուարանայ հեռանալ անոնցմէ, բարձրանալ մինչեւ վերացականութիւն: Տարօնի այս իրական աշխարհին մէջ, ուր դարեր շարունակ հողագործութիւնն է որ ապրեցուցած է բնակչութիւնը, հողերու բռնագրաւումը`

կը դատապարտէ [այսօր] հողազուրկ, թշուառ, անօթի [հայ] գիւղացիութիւնը գաղթելու, ցրուելու եւ անհետանալու[30]Պանդուխտի վերածուած «Մշակ»ի նիւթը միշտ ներկայ է Գեղամի յօդուածներուն մէջ: Տես Պոլսէն Պաթում տաճկահայ … Continue reading:

     Այս քանի մը տողերուն մէջ, գիւղական համայնքներու արտագաղթի հարցը կը ստանայ քաղաքական տարողութիւն. Տարօնը, այսինքն Հայաստանը, կը պարպուի իր հայ բնակչութենէն:

     Գեղամ իրաւաբան ալ չէ, սակայն կ’ուսումնասիրէ մահմետական կրօնքին ու օսմանեան արդարադատութեան սկզբունքները, փորձելով բացատրել հողային սեփականութեան հարցը: Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ամենուր սեփականութիւնը կը հաստատուի Պետութեան կողմէ երաշխաւորուած թափու-ով[31]Տես. 1885-ի հողային օրէնսգիրքը:: Հոն ուր չկայ նման փաստաթուղթ, հողը կը «պատկանի» անոնց` որոնք ժառանգած են զայն, մշակած են ու հարկ վճարած՝ անոր համար: Արեւելեան վիլայէթներու մէջ հողային հարցը կը բացատրուի մէկ բառով՝ թալան (կողոպուտ): Բազմապատկելով օրինակները, նշելով վայրերու, զոհերու, ցեղախմբերու, ամէն տեսակի գիշատիչներու, աշիրէթներէ մինչեւ վալիներու  անուններ, Գեղամ կը ներկայացնէ զանազան տեսակի կողոպուտները որոնց կանոնաւոր կերպով զոհ կը դառնար հայ գիւղացին. սալաֆ, մուրապա, ինթիքալ, խաֆիր[32]Սալաֆ (վաշխառուական վարկ). մուրապա (ստրկութեան համազօր ագարակապանութիւն). ինթիքալ (իրաւական սեփականատիրոջ … Continue reading: Այս գրեթէ պաշտօնականացուած թալանին՝ ան կ’աւելցնէ հարկերու գանձումին ձեւը, գիւղական դրամատան իրաւական իւրացումները, եւ ամենուր ու յարատեւ անապահովութիւնն ու ֆիզիքական բռնութիւնը:
     Հ.Յ.Դ.-ի հետ իր յարաբերութեան բերումով ընկերվարական թեթեւ երանգ մը ստացած ըլլալով, ազգային եւ կրօնական տարբերութիւններէն անդին` Գեղամ կը հաստատէ նաեւ «գիւղական դասակարգի» մը գոյութիւնը: Համիտեան բռնապետական վարչակարգի զոհերը միայն հայերը չեն եղած, այլ նաեւ քիւրտ ռայաները, ասորիները, եզիտիները: Պէտք է վերապահ ըլլալ այն շուտափոյթ դատողութեան նկատմամբ, որ կը հակադրէ հայ եւ քիւրտ գիւղացին,  քանի հողերը յափշտակողները ոչ թէ ռայաները, այլ բէկերն ու աղաներն են:
     Այն ինչ կը պահաջեն հայ գիւղացիները մեր քաղաքական նոր կարգերու մէջ, ուր իրենք եւս օսմանեան քաղաքացիներ են, արդարութիւնն է ու բռնագրաւուած հողերու վերադարձը:

     Անոնք կ’ուզեն ո՛չ «հողերու համայնացում»ը, ո՛չ ալ ագարակներու (մեծ տարածքներ) անհետացումը, որոնք ամբողջովին օրինական կերպով հաստատուած են Մշոյ դաշտի տարածքին:

     Ներկայացնելով «այլազան դէպքերու»[33]Մարքսիստ ընկերվարական Ժիւլ Կէտ, 1870-ական թուականներուն լոյս ընծայուող իր L’Egalité թերթին մէջ, «այլազան … Continue reading աներեւակայելի շարան մը, «հողային հարցին բանավէճը» կը յանգի աղէտալի կանխատեսումի մը: Հայ ընտանիքներ եւ գիւղեր, մահմետական մուհաճիրներու[34]Մահմետական, չէչէն, ինկուշ, ուբիխ եւ այլ գաղթականներ, որոնք XIX-րդ դարուն Ռուսաստանի կողմէ Կովկասի գրաւումէն … Continue reading եւ քիւրտ ցեղերու կողմէ կողոպուտի ենթարկուելէ, տուն ու հող ձեռքէ տալէ ետք, նոյնինքն տեղական իշխանութիւններու եւ դատարաններու մեղսակցութեամբ՝ կը ստիպուին գաղթել: Մօտ ապագային յաջողութեամբ պիտի պսակուի օսմանեան իշխանութիւններու կողմէ 1828-ի ռուս-թրքական պատերազմէն ետք գործադրուած քաղաքականութիւնը, քանի հայ բնակչութիւնը պիտի անհետանայ արեւելեան նահանգներէն իր տեղը տալով մահմետական բնակչութեան[35]Ակնարկ Ադրիանոպոլսոյ պայմանագրին (1830), որ կը նախատեսէ բնակչութեանց փոխանակում (քրիստոնեայ-մահմետական) … Continue reading: Կանխազգուշացնող հիմնաւորում մը, որ XXI-րդ դարու պատմաբանները պիտի կոչէին demographic engeenering[36]Ֆ. Տունտարի (F. Dündar) կողմէ պաշտպանուած տեսութիւն մը, Modern Türkiye’nin sifresi: Ittihat ve Terekki’nin etnisite mühendisligi, 1913-1918, Պոլիս, … Continue reading: Միեւնոյն կերպ կանխազգուշացնող է նաեւ այն իրողութիւնը, որ ջարդերէն ճողոպրած ու կայսրութեան այլ շրջաններուն մէջ հաստատուած բնակչութեան ունեցուածքը յայտարարուած է մալուլ (լքուած)[37]Եզր, որ կ’օգտագործուի «լքուած» կնոջ համար:: Գեղամի ընդվզումին պիտի հետեւի Ահմէտ Ռիզայի ընդվզումը, որ Սեպտեմբեր 1915-ին Ծերակոյտի ամբիոնէն առանձինն կը բողոքէ լքուած գոյքերու օրէնքին դէմ (Emvâl-i-Metruke), որ հռչակուած էր հայերու տեղահանումէն անմիջապէս ետք[38]E.Kaynar, Ahmed Riza (1858-1930): histoire d’un vieux jeune-turc, thèse, EHESS, Փարիզ, 2012, էջ 791::
     Հողային հարցը, իր յոգնեցնող կրկնութիւններով հանդերձ, հրատարակուած է 1911-ի տագնապի օրերուն[39]1911-ին Օսմանեան կառավարութիւնը դէմ յանդիման կանգած էր Եմէնի եւ Ալպանիոյ ապստամբութիւններուն, ինչպէս նաեւ … Continue reading, երբ Հ.Յ.Դ.-ի եւ Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն Կոմիտէի (CUP-Comité d’Union et Progrès) յարաբերութիւնները, պահ մը բնականոնացուած՝ Սալոնիկի համաձայնագրէն ետք (1910), նորէն լարուած էին` արեւելեան նահանգներու ապահովութեան, հայ գաղթականներու վերադարձի հարցերուն ու բռնագրաւուած հողերուն վերատիրանալու պահանջներուն շուրջ: Ի՞նչ եղաւ արդիւնքը: Գիտենք, որ «հողային հարցի լուծումը, իբրեւ անհրաժեշտ պայման` Օսմանեան իրաւական նորարար պետութեան»[40]H.-L. Kieser ; Réformes ottomanes et cohabitations entre chrétiens et kurdes (1839-1915), Etudes rurales 186, 2010, էջ. 43-62:, չիրականացաւ:

 

ՎԵՐՋԻՆ ԱՐԱՐԸ

«… Տարօնը աւերուած է… Հայկական հէքիաթներու եօթ գլխանի սատանան անցած է երկրի վրայէն»:

     Տարիներու հիւծող աշխատանքի, անքնութեան, անբաւարար սնունդի ու խնամքի hետեւանքով ֆիզիքապէս մաշուած, խորապէս ցնցուած՝ ընտանեկան ողբերգութիւններէ (եղբօր` Զաքարի սպանութիւնը՝ 1906-ին[41]Զաքարի մահը հետեւանք է ֆետայիի մը ձեռքով հայ «դաւաճանի» մը հրապարակաւ սպանութեան ընթացքին պատահած դէպքին: … Continue reading, աղջկան` Հայկանուշի մահը՝ 1909-ին), Գեղամ կը վարակուի հիւծախտով[42]Հիւծախտը տարափոխիկ ու մահացու հիւանդութիւն էր այն օրերուն, որ կը սարսափեցնէր ու ամօթով կը ծածկուէր: Եւրոպայի … Continue reading: 1915-ի Ապրիլ 11/24-ի՝ Կոստանդնուպոլսոյ հայ մտաւորականութեան ձերբակալութեան գիշերը, թուրք ոստիկաններ կը ներկայանան Գեղամին բնակարանը ձերբակալելու համար զայն եւս: Առանձին է, անկողինին մէջ, մահամերձ: Թրքախօս հայ տանտիրուհին, շէքսփիրեան անվախ ու բամբասկոտ տիպար մը, իր ճարտասանութեան շնորհիւ կը յաջողի քանի մը ժամուան արտօնութիւն ստանալ ոստիկաններէն: Յաջորդ օրը ոստիկանները չեն վերադառնար: Գեղամ կը փրկուի, կ’ապաքինի եւ քանի մը շաբաթ ետք կը ներկայանայ Օսմանեան Խորհրդարան, պահանջելով ենթարկուիլ իր ընկերներուն` Զոհրապի եւ Սէրէնկիւլեանի ճակատագրին[43] Ձերբակալուած եւ տեղահանուած, անոնք սպաննուած էին Ուրֆայի մօտակայքը (1915):: Խորհրդարանի նախագահը, Մէհմէտ Ռիֆա, անոր կը պատասխանէ` «Գեղամ էֆէնտի, տուն վերադարձէք»: Եւ այսպէս է, որ 1916-էն 1918 Գեղամ կը պահէ Յուլիս 1915-ի կիզարաններուն մէջ մոխրացած Տարօնի հայութեան ներկայացուցիչի պաշտօնը[44]Կիներ, երեխաներ, քահանաներ ողջակիզուեցան Մշոյ Դաշտի մարագներու եւ եկեղեցիներու մէջ: Տես. A. Ter Minassian, Un exemple, … Continue reading:
     Տակաւին չէ գրուած Պոլսոյ եւ շրջանի հայ բնակչութեան պատմութիւնը առաջին աշխարհամարտի ընթացքին, երբ կ’իրագործուէին հայոց ցեղասպանութեան իրերայաջորդ փուլերը[45]Այս փափաքն է, որ 2007-ին սպաննուած «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինք արտայայտած էր Իսթանպուլի մէջ, մեր … Continue reading: Թէեւ հայ քաղաքացիական եւ կրօնական ընտրանիները տեղահանուեցան եւ ոչնչացուեցան, ու թէեւ համայնքային կառոյցները կասեցուեցան ու դադրեցան աշխատելէ, այդուհանդերձ քանի մը տասնեակ հազար հայեր շարունակեցին ապրիլ եւ աշխատիլ պատերազմին մասնակցող Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ:  Հայկական կրթարաններ, եկեղեցիներ ու նոյնիսկ թերթեր շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը իթթիհատական «եռապետութեան» իշխանութեան ներքեւ:  Քանի մը հայ պատգամաւորներ եւ ծերակուտականներ շարունակեցին իրենց պաշտօնը Խորհրդարանէն եւ Ծերակոյտէն ներս, առանց անշուշտ որեւէ դերակատարութեան: Գաղթականներու արտօնուեցաւ վերադառնալ Պոլիս, եւ անատոլցի փոքրաթիւ փախստականներ եւս ապաստան գտան հոն:  Գեղամ ինչպէ՞ս ապրեցաւ այդ խաւար տարիները: Ան, որ կը հիանար Կոմիտաս Վարդապետի աշխատանքով[46]Վարդապետ, երաժշտագէտ, խմբավար եւ երգահան, Կոմիտաս Վարդապետ (1869-1935) բացառիկ դէմք մըն է, հայ երաժշտութեան … Continue reading, կը զմայլէր հայերէն լեզուով քայլերգը հնչեցնող անոր երգչախումբի եւ մենակատար Շահմուրատեանի[47]Գեղամ Տէր Կարապետեան ոգեւորուած նամակ մը ուղղած էր Արմենակ Շահմուրատեանին (1878-1939) «Տարօնի սոխակը», … Continue reading կատարողութեամբ` հայ գիրի յոբելենական տարուան (1912-1913) փակման շքեղ հանդէսին: Արդեօք Կոմիտասի՝ աքսորէն դարձին հանդիպա՞ծ էր անոր: Պատերազմական այս տարիներուն, մինչ կը կնքուէր հայ գաղթականութեան ճակատագիրը, ի՞նչ գիտէր ան կովկասեան ճակատի, Պաքուի Կոմունայի, Արեւելեան Լեգէոնի մասին: Ի՞նչ գիտէր Թուրքիոյ կողմէ 4 Յունիս 1918-ին դաժան դաշնագրով մը ճանչցուած փոքրիկ ու անհաւատալի Հայաստանի Հանրապետութեան մասին: Ինչպէ՞ս արձագանգած է Ալէքսանդր Խատիսեանի գլխաւորութեամբ ժամանած պատուիրակութեան, որ եկած էր Կոստանդնուպոլիս բանակցելու այդ փոքրիկ պետութեան սահմանները ընդլայնելու շուրջ: Չորս ամիսներու ընթացքին (15 Յունիս-1 Նոյեմբեր 1918) ուր Բերայի յայտնի Թոքաթլեան հիւրանոց իջեւանած պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ թուրք բոլոր պաշտօնատարներուն, Թալաթ Փաշայէն մինչեւ Էնվէր Փաշա, Հիւսէյն Ճահիտ Պէյէն մինչեւ Սուլթան, հայերը  «ծայրայեղ զգուշաւորութիւն չցուցաբերեցի՞ն»՝ ի բացառութիւն լրագրող Տիգրան Զաւէնի[48]Ա. Տէր Մինասեան, Tigrane Zaven et son Yerkri Tzaïne (1906-1908), ou L’attente de la Révolution, Penser, agir, et vivre dans l’Empire Ottaman et en Turquie: études réunies pour … Continue reading, որ Գեղամ լաւ կը ճանչնար[49]Ա. Խատիսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը, (Eclosion et développement de la République arménienne, հայերէնէ … Continue reading:  Իսկ քանի որ Գեղամ յաջողած էր Թաքսիմ այգիին մէջ թաքուն կերպով հանդիպիլ իր կուսակցական «ընկերոջ»` Աւետիս Ահարոնեանին, արդեօք տեղեկացուա՞ծ էր բանակցութիւններու բովանդակութեան մասին: Ի՞նչ իմաստ ունէր «Կովկասեան Հայաստանը» անոր համար, երբ Թուրքիոյ մէջ դեռ թարմ էր զոհերու արիւնը, տակաւին չէր վերացած կիզարան-գերեզմաններու հոտը:
     Կարօ Սասունի կը հաստատէ, որ Գեղամ 1915-ի ամրան խիստ հիւանդ եւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ անշարժացած, «մօտէն հետեւած է [Տարօնի] ցաւալի իրադարձութիւններուն»: Տարօնին նուիրուած իր հոյակապ աշխատութեան մէջ, ան կը հրատարակէ Գեղամին վերագրուած ձեռագրի մը հատուածները իբրեւ «վկայութիւն մը հայերու բնաջնջման նպատակով Թալաթի ճարտարապետութեամբ մշակուած իթթիհատականներու ծրագրին», պատերազմին մասնակցելէ առաջ (Նոյեմբեր 1914)[50]Կ. Սասունի (Պատմութիւն, մէջբերուած նոթ թիւ 103-ով, էջ 771-775), այս բնագրին հատուածները կը հրատարակէ` «Եղեռնը … Continue reading:

Թուրքերը,- մասնաւորապէս Իթթիհատականները,- չափազանց գրգռուած էին Հայոց դէմ բարենորոգմանց խնդրոյն յարուցումով եւ չէին քաշուէր ծանր սպառնալիքներ ընելէ […]: Ներքին գործերու նախարարը [Թալաթ], կանխակալ դիտումով, հետզհետէ հայաբնակ նահանգներու կուսակալներ, կառավարիչներ եւ անոնց օգնականներ, ամէնքն ալ կը նշանակէր Ռումելիի կողմը պաշտօնավարող` ռումելիցի իսլամներ, կամ թունդ Իթթիհատականներ, որոնց համար վստահ էր, որ իր հրահանգներուն մեքենայօրէն կ’ենթարկուին ու բերան առ բերան` անոնց կարեւորը ներշնչելով` կ’ուղարկէր Հայաստան, ուրկէ ետ կը քաշէր հին իսլամ պաշտօնեաները, որոնք, պէտք է ըսել, առաջիններու անխղճութիւնն  ու վայրագութիւնը չունէին, գուցէ մերժէին իր սեւ հրահանգները, ինչպէս եղեր էին տեղ տեղ: Օրինակ Կարնոյ կուսակալ Ռեշիտ փաշան ետ կանչուեցաւ, որովհետեւ պիտի չհամակերպէր, այսպէս` Տիարպեքիրի կուսակալ Համիտ պէյ, Հալէպի կուսակալ Պեքիր Սամի պէյ, Գոնիայի կուսակալ Ճելալ պէյ, Ատանայի կուսակալ Իսմայիլ Հագգը պէյ : Շուտով Վանի, Բաղէշի, Տիարպեքիրի, Մուշի, Խարբերդի, Էրզրումի, Սեբաստիայի, Տրապիզոնի, Ուրֆայի եւ Երզնկայի կառավարիչները, բոլորն ալ իթթիհատական, Ռումելիցի ու ներքին գործոց նախարարի վստահած մարդիկ նշանակուեցան եւ որոշուած պաշտօնատեղիները ղրկուեցան:

     Արդեօք Կարօ Սասունի (լրագրող եւ կուսակցական գործիչ) փոփոխութիւննե՞ր կատարած  է Գեղամին վերագրուած վերոյիշեալ գրութեան մէջ, որուն ո՛չ ոճը եւ ո՛չ ալ բառապաշարը կը յիշեցնեն Գեղամին գրութիւնները: Փոխարէնը,  «Տարօնի սրտապատառ եւ անհամեմատելի աղէտը» խորագրեալ բնագիրը, (գրուած 1916-ին եւ վերանայուած 1918-ին), վաւերական է[51]Տարօնի սրտապատառ ու անհամեմատելի աղէտը, Գեղամի նօթերն են, Գեւոնեան, «Գիւլիզար»  (մէջբերուած թիւ 109-ով), էջ … Continue reading: Այս քանի մը էջերը, որոնց առաջին բաժինը կը խօսի Մովսէս Խորենացիի մասին, միայն ողբ են ու ժամանակագրուած տեղական ջարդերու պատմութիւններ: Աներեւակայելիին ի տես, անճրկումով, անսահման տառապանքով ու սարսափով գրուած այդ էջերը կը փաստեն, որ Գեղամ տեղեկութիւններ ունեցած ու փնտռած է յանցաւորները: Կինճի, Տիարպէքիրի, եւ Մշոյ մահմետական երեսփոխանները (մէպիւս) մասնակցած էին հայ բնակչութեան տեղահանումին (Մշոյ երեսփոխան` Հոճա Իլիաս Գեղամին մօտիկ գործակիցն էր): «Ջարդարարները», սկսած տեղական կառավարիչներէն մինչեւ կանոնաւոր բանակի հրամանատարներ ու քիւրտ ցեղապետեր, որոնց շարքին «Մուսա Բէկի յանցախումբը», բացայայտուած եւ թուարկուած են[52]Տարօնի սրտապատառ ու անհամեմատելի աղէտը, (նշուած նոթ թիւ 136-ով), անուններու ցանկ, էջ 159-160::

     30 Հոկտեմբեր 1918-ին, երբ Թալաթ, Էնվէր եւ Ճէմալ արդէն իսկ փախած էին Գերմանիա, նորակազմ թուրք կառավարութիւնը կը ճանչնայ Օսմանեան Կայսրութեան պարտութիւնը եւ կը ստորագրէ Մուտրոսի զինադադարը: Գեղամ անկողնին գամուած է. քայքայուած է հիւանդութենէն. կը տառապի` կոտորուած ընտանիքի ճակատագրին համար ինքզինք մեղաւոր զգալով:  Արիւնաքամ,  կը մաքառի մահուան դէմ. վերջին պայքար մը ունի տանելիք: Պէտք է վկայէ որպէսզի աշխարհը գիտնայ եւ յիշէ: Սեբաստացի հայ երեսփոխան Տիգրան Պարսամեանի օգնութեամբ կը թելադրէ թաքրիր մը, թրքերէնով, 5 Նոյեմբեր 1918 թուակիր, ստորագրուած երկուքին կողմէ: Երբ նշեալ թաքրիրը 5 Դեկտեմբեր, 1918-ի  խորհրդարանական նիստին կ’ընթերցուէր Տիգրան Պարսամեանի բերնով, Գեղամ արդէն քանի մը օրէ ի վեր մահացած էր (29 Նոյեմբեր, 1918): Այս բնագրին մէջ, Գեղամ կը նշէ թէ լուսամիտ մարդիկ, թուրք պաշտօնեաներ եւ մտաւորականներ, ցաւ յայտնած են համաշխարհային պատերազմի ժամանակ հայ ժողովուրդի հանդէպ գործադրուած վայրագութիւններու կապակցութեամբ, զոհերու թիւը գնահատելով շուրջ մէկ միլիոն, մինչդեռ ուրիշներ, յարգելի մահմետականներ, կը յայտնեն թէ զոհերու թիւը հազիւ 100 000 եղած է:

 Ես կը կարծեմ, որ հիմնական հարցը զոհերու ճիշդ թիւը չէ, այլ անմեղներու հանդէպ գործադրուած ոճիրը […] : Այո, կը կրկնենք, խնդիրը այդքան ալ ջարդերու տարողութիւնը չէ, որքան  արդարութեան ոտնահարումը, օրէնքի ու բարոյականութեան խախտումը […]: Ինչպէ՞ս կը պատահի որ արեւելեան նահանգներուն մէջ, այսինքն Էրզրումի, Սեբաստիոյ (Սվազ), Խարբերդի, Վանի, Տիարպէքիրի եւ Ուրֆայի  մէջ, ճիհատը յայտարարելէ ետք, հայ ամբողջ բնակչութիւնը տեղահանուած է եւ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայ անհետացած, սպաննուած, ոչնչացուած է: Այն շրջանին մէջ որ ես կը ներկայացնեմ, Մուշ, Պիթլիս (Բաղէշ) եւ անոնց շրջակայքը, կատարուած են պատմութեան մէջ նախընթաց չունեցող բռնարարքներ: Մշոյ մէջ, խաղաղ եւ անմեղ հայեր, քաղաքի բնակիչներ, եւ կամ շրջակայ վայրերէն եկող, գնդակահարուած, այրուած, ոչնչացուած են: Մշոյ դաշտի գիւղերու մեծ մասը յարձակման ենթարկուած, ռմբակոծուած ու աւերուած են: Այս համատարած ջարդի հետեւանքով, հայերուն ամբողջ ունեցուածքը, ազգային բոլոր գոյքերը, այն բոլորը որոնք իբրեւ սրբութիւն կը պահուէին վանքերու եւ եկեղեցիներու մէջ, կողոպտուած, քար ու քանդ եղած եւ կամ ոչնչացուած են: Հոն ապրող վանականները սպաննուած են : Այս աղէտէն վերապրած երեխաները կրօնափոխ եղած եւ ցրուած են ամէնուր[53]Մէջբերուած Վ. Տատրեանի կողմէ, Հայկական ցեղասպանութիւնը յետ-պատերազմական Օսմանեան խորհրդարանին մէջ: Հայ … Continue reading:

     Ինչպէս Սասնոյ հեքիաթներուն մէջ, ճակատագիրը հասաւ ու կալանեց Գեղամը: Ան մեծ շուքով թաղուեցաւ Շիշլիի հայկական գերեզմանատան մշեցիներուն յատկացուած բաժնին մէջ: Իր ժողովուրդն ու երկիրը, որ այդքան սիրած ու պաշտպանած էր, անհետացան. բայց ինք մեզի  հասցուց Տարօնի մարած աստղին նշոյլը:

(Ֆրանսերէնէ թարգմանեց`
Հերմիկ Ներսիսեան)

Դեկտեմբեր 2016

ԾԶ. ՏԱՐԻ, 2017 ԹԻՒ 2

References
1 Յ. Պետրոսեան, Ճեմարանականներ, Գեղամ Տէր Կարապետեան, Էջմիածին, Օգոստոս 2012, էջ 107-119:
2 «Լուսնեակ գիշերով ուղեւորութիւն մը ի Մուշ (Այց մը քրդաց վրաններուն)», «Մասիս», թիւ 3425,  1889, բանաստեղծական բացառիկ պատմուածք մը:
3 Համիտիէ, 1891-ին կազմուած քիւրտ հեծելազօր: (Եզրը ստեղծուած է Ապտիւլ Համիտի անուան հիման վրայ):
4 Սարգիս Աղբարը, «Արեւելք» թիւ 1943, 1890:
5 Ամուրի տղամարդիկ կամ սիլա կատարողներ (ընտանիքի հօր ժամանակաւոր պանդխտութիւն, որմէ ետք հերթաբար զայն կը փոխարինեն որդիները), պանդուխտները ժողովրդական երգերու մէջ յիշուած հայրենաբաղձ գաղթականներ են: Համալները, մեծամասնաբար անգրագէտ են, եւ կը բնակին հաւաքական պանդոկներու՝ խաներու մէջ: 1875-ին Պոլսոյ մէջ անոնց թիւը կը հասնէր շուրջ 45.000-ի: Անոնց միջոցով է որ հայ մտաւորականութիւնը կը ծանօթանայ երկրի իրականութեան: Տես նաեւ` V. Kh. Davidian, Simon Hagopians’s Hamal painting and Hrant’s Letters of the bantoukhd, Ph. University of London, 2013:
6 Եկեղեցին կ’արգիլէր ամուսնութիւնը ընտանիքի անդամներուն միջեւ մինչեւ «եօթը պորտ» (ինչ որ կը համապատասխանէ երրորդ աստիճանի ընտանեկան կապակցութեան):
7 Ընտանիքը կրնար իր տանիքին տակ համախմբել մինչեւ 30-40 հոգի: Տես. J.-P. Mahé, Structures sociales et vocabulaire de la parenté et de la collectivité en arménien contemporain, Revue des Etudes Arméniennes 18, 1984, էջ 327-345:
8 Հրատարակուած Մանզումէի Էֆքիար-ի թիւ 414-ին մէջ, 1902: Պատմուածքը կը ներկայացնէ Հայկանուշի՝ Գեղամի աւագ աղջկան կերպարը:  Աւանդական սովորոյթներուն հետեւելով, ան իր դեռատի աղջիկը ամուսնացուցած էր անծանօթի մը հետ: Հայկանուշին մահը իրեն համար յաճախանք պիտի դառնար, մինչեւ կեանքին վերջը:
9 Թոնիրը կեդրոնական ջեռոց մըն է, փորուած գետնին մէջ, որու պատերուն վրայ կը թխուի թթխմորով պատրաստուած հացը: Երբ յանգած է, անոր տաքութենէն օգտուելով տնեցիները կը համախմբուին անոր շուրջ:
10 Փոր-Մշակը, «Մասիս», 15, 1902:
11 Առանձնաշնորհեալներու մօտ նախնիներէն ժառանգուած մատեան: (Հոգեւորական, բանաստեղծ, փիլիսոփայ` Գրիգոր Նարեկացիի Մատեան ողբերգութեանը, որ կը կոչուի նաեւ Նարեկ):
12 Թղթաբաց, «Մասիս», 14, 1902: «Վեցհազարեակն ու թղթարար Մարտօն», «Արեւելք», թիւ 5277-5289, 1903:
13 Հրատարակուած «Արեւելք»ի մէջ, 1896, թիւ 3685-3750, եւ ամբողջութեամբ վերարտադրուած՝ Տարօնի Աշխարհի մէջ (մէջբերուած` թիւ 5), էջ 209-293:
14 Տարօնի վանքերը (մէջբերուած` նոթ թիւ 6), էջ 90-94: Յիսուն վանքերու բացատրական ցանկ:
15 Նոյն տեղը, էջ 61-67:
16 Նոյն տեղը, էջ 19-59:
17 Թլկատինցի (Յովհաննէս Յարութիւնեան, 1860-1915), ծնած է Խարբերդ նահանգի գիւղերէն մէկուն մէջ:  Ռուբէն Զարդարեան (1874-1915), ծնած է Տիարպէքիրի մօտակայ գիւղի մը մէջ:
18 Գրական հայերէնի երկու ճիւղերու միաւորման եւ XIX-րդ դարու աւարտին բարբառներու բազմապատկման հարցի ուսումնասիրութեան համար, կարդալ Մ.Նշանեանի շատ հետաքրքրական “Âges et usages de la langue arménienne” աշխատութիւնը (էջ 239-241), Փարիզ, 1989:
19 Հ.Աճառեան (1876-1953), Հայ բարբառներու դասակարգումը, Փարիզ, 1909, երկարօրէն մէջբերուած է Կարօ Սասունիի Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի աշխատութեան մէջ, Անթիլիաս, 2013 (Ա. հրատարակութիւն՝ Պէյրութ, 1956), էջ 381-385 : Այս էջերուն մէջ Կարօ Սասունի կ’անդրադառնայ ի մասնաւորի հնչիւններուն, եւ նշում կը կատարէ Լեւոն Մսերեանցի մասին, որ հեղինակն է Մշոյ բարբառի հնչիւնաբանութեան նուիրուած աշխատութեան մը,  Արեւելագէտներու 11-րդ ժողովի արձանագրութիւնները, Փարիզ, 1897, Փարիզ, 1899, էջ 299-316 : Աճառեան կը թուարկէ Մշոյ բարբառով խօսող 21 գիւղեր, եւ կը զանազանէ Մշոյ, Պուլանըխի, Ալաշկերտի, Ապարանի, Նոր Պայազէտի, Սասունի, Բաղէշի, Խութի բարբառները, անոնց աւելցնելով Արճէշի, Խլաթի եւ Խնուսի բարբառները, որոնք արձանագրուած են Ս. Հայկունիի Ժողովրդական գրականութեան բեկորներ աշխատութեան մէջ, 1896  (հրատ. վայրը՝ անյայտ): Հրաչեայ աճառեան կ’ընդծէ նաեւ ուղղական եւ ստացական (ո՞րն է) հոլովներու վերջածանցներու տարբերութիւնները, բայերու ձեւաբանական տարբերութիւնները, շարահիւսական տարբերութիւնները, եւայլն : Այս աշխատանքները շարունակուած են Խորհրդային Հայաստանի մէջ. տես. Վ.Ա. Պետոյեան, Սասունի բարբառը, Երեւան, 1954: Այս բարբառը վերապրած է Թուրքիոյ մէջ, Ցեղասպանութեան ընթացքին կրօնափոխ եղած Սասունի ծպտեալ կարգ մը հայերու մօտ: (Տես. L. Ritter M. Sivaslian «Les restes de l’épée : les Arméniens cachés et islamisés en Turquie» Փարիզ, 2012, նախաբան` G.Aktar):
20 Յետադիմական եւ «ոչ իրատես» ընտրութիւն մը, բայց հիմնաւորուած՝ Իսրայէլի մէջ եբրայերէնի իբրեւ  պաշտօնական լեզու որդեգրման օրինակով:
21 Հոս է նաեւ որ Գեղամ հրատարակած է Արծուիկ Տարօնոյն, որմէ օրինակներ մնացած էին վանքին մէջ:
22 Հրատարակուած է 1874-ին, Կոստանդնուպոլիս, ուր հեղինակը կը հրամցնէ Սասունցի Դաւիթը Մշոյ բարբառով: Այստեղ կ’արժէ յիշել նաեւ Գարեգին Սրուանձտեանցի Մանանա (1876) եւ Համով հոտով (1884) երկերը:
23 Նշանեանի “Âges et usages de la langue arménienne” աշխատութիւն (մէջբերուած թիւ 102-ով), էջ 352-353, եւ էջ 358-359. Գ. Պըլտեան, “Cinquante ans de littérature arménienne en France: du même à l’autre”, Փարիզ, 2001, էջ 83:
24 Տարօնի աշխարհ (մէջբերուած նոթ թիւ 2-ով), էջ 325-340. Տարօնի աշխարհ (մէջբերուած նոթ թիւ 5-ով), էջ 377-402: Գրաբարէն առնուած եզրերէն անդին, յատկապէս զարմանք կը պատճառեն առատօրէն օգտագործուած արաբերէն եւ թրքերէն բառերը: Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի մէջ (մէջբերուած նոթ թիւ 103-ով), Ս. Շահնազարեանին վերագրուած բառացանկը, «Բառերը եւ անոնց գործածութիւնը», էջ 388-420, քիչ մը աւելի հարուստ է: Երեւանի գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը կը պահէ Գեղամ Տէր Կարապետեանին պատկանող նիւթեր: Հոն կարելի է գտնել Մշոյ բարբառի ձեռագիր բառարան մը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ՝ այդ բարբառի ընկերային գործածութիւններուն վերաբերեալ: Մասնաւոր շնորհակալութիւններ թանգարանի գիտաշխատող պատասխանատու Գուրգէն Գասպարեանին:
25 Գեղամին կողմէ պատրաստուած ծաղկաքաղ մը, Ա. Գեւոնեանի հեղինակած Գիւլիզար վէպին մէջ. նախաբանը` Շաւարշ Նարդունիի, Փարիզ, 1946, էջ 161-205:
26 Գեղամ Տէր Կարապետեան, «Հողային հարցը կամ արիւն-արցունքով վէճը»: Ուսումնասիրութիւն մը, որ նախ լոյս տեսած է Հ.Յ.Դ. պաշտօնական օրկան «Ազատամարտ»ի 1911-ի 489, 490, 492, 494-496 թիւերուն մէջ, Կոստանդնուպոլիս, եւ այնուհետեւ հրատարակուած իբրեւ գրքոյկ: Վերարտադրուած է «Տարօնի աշխարհ»-ին մէջ (մէջբերուած նոթ թիւ 5-ով), էջ 310-355: Գեղամ այս հարցը արդէն իսկ արծարծած էր գիւղական աշխարհի թշուառութեան, գիւղատնտեսական աշխատանքին, եւ հայ գիւղացիութեան արտագաղթին նուիրուած  զանազան այլ յօդուածներու մէջ:
27 Թոռուն-ը քիւրտ ցեղապետերու մէջ ունի «ազնուականի» կարգավիճակ, իսկ ռայա-ն` գիւղացի ճորտի:
28 Գեղամ կ’օգտագործէ թուրքերէն այս եզրը:
29 Կը թուարկէ արեւելեան վեց վիլայէթները, Պիթլիս (եւ Մուշ), Վան, Տիարպէքիր, Էրզրում, Խարբերդ, Սվազ:
30 Պանդուխտի վերածուած «Մշակ»ի նիւթը միշտ ներկայ է Գեղամի յօդուածներուն մէջ: Տես Պոլսէն Պաթում տաճկահայ գաղթականներ, «Ազատամարտ», թիւ 238-241, 1910. «Թիֆլիս եւ գաղթական մշակները», «Ազատամարտ», թիւ 243-244, 1910:
31 Տես. 1885-ի հողային օրէնսգիրքը:
32 Սալաֆ (վաշխառուական վարկ). մուրապա (ստրկութեան համազօր ագարակապանութիւն). ինթիքալ (իրաւական սեփականատիրոջ անունը փոխելու ծառայող վարչական գործողութիւն). խաֆիր (աշիրէթներու [քիւրտ ցեղապետեր] կողմէ հայ «ճորտ»-երէն  պահանջուած հարկ):
33 Մարքսիստ ընկերվարական Ժիւլ Կէտ, 1870-ական թուականներուն լոյս ընծայուող իր L’Egalité թերթին մէջ, «այլազան դէպքերու» հրատարակումը կը համարէր ընկերային անարդարութիւնները բացայայտելու միջոց:
34 Մահմետական, չէչէն, ինկուշ, ուբիխ եւ այլ գաղթականներ, որոնք XIX-րդ դարուն Ռուսաստանի կողմէ Կովկասի գրաւումէն ետք հաստատուած են Օսմանեան Կայսրութեան արեւելեան նահանգներուն մէջ: Անոնց թիւը, որ կը գերազանցէր մէկ միլիոնը, աւելի կը բազմանայ 1908-էն ետք, երբ «Եւրոպական Թուրքիոյ» կորուստին հետեւանքով կը հասնին նաեւ պալքանեան գաղթականներ:
35 Ակնարկ Ադրիանոպոլսոյ պայմանագրին (1830), որ կը նախատեսէ բնակչութեանց փոխանակում (քրիստոնեայ-մահմետական) Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութիւններու միջեւ:
36 Ֆ. Տունտարի (F. Dündar) կողմէ պաշտպանուած տեսութիւն մը, Modern Türkiye’nin sifresi: Ittihat ve Terekki’nin etnisite mühendisligi, 1913-1918, Պոլիս, 2008, որ որդեգրած է Գալիկեան, Հայկական կազմակերպութիւն (մէջբերուած՝ նոթ թիւ 74-ով):
37 Եզր, որ կ’օգտագործուի «լքուած» կնոջ համար:
38 E.Kaynar, Ahmed Riza (1858-1930): histoire d’un vieux jeune-turc, thèse, EHESS, Փարիզ, 2012, էջ 791:
39 1911-ին Օսմանեան կառավարութիւնը դէմ յանդիման կանգած էր Եմէնի եւ Ալպանիոյ ապստամբութիւններուն, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ հետ ծայր առած հակամարտութեան, որը եզրափակուեցաւ Լիպիոյ եւ Տոտէքանէս կղզիներու կորուստով:
40 H.-L. Kieser ; Réformes ottomanes et cohabitations entre chrétiens et kurdes (1839-1915), Etudes rurales 186, 2010, էջ. 43-62:
41 Զաքարի մահը հետեւանք է ֆետայիի մը ձեռքով հայ «դաւաճանի» մը հրապարակաւ սպանութեան ընթացքին պատահած դէպքին: Այդ ժամանակ է որ Գեղամ կ’ըմբռնէ «յեղափոխական բռնութեան» վտանգաւոր բնոյթը:
42 Հիւծախտը տարափոխիկ ու մահացու հիւանդութիւն էր այն օրերուն, որ կը սարսափեցնէր ու ամօթով կը ծածկուէր: Եւրոպայի ու Արեւելքի մէջ, հաւասարապէս, կը բնորոշուէր իբրեւ «հիւծում»:
43 Ձերբակալուած եւ տեղահանուած, անոնք սպաննուած էին Ուրֆայի մօտակայքը (1915):
44 Կիներ, երեխաներ, քահանաներ ողջակիզուեցան Մշոյ Դաշտի մարագներու եւ եկեղեցիներու մէջ: Տես. A. Ter Minassian, Un exemple, Mouch, 1915, dans L’actualité du génocide des Arméniens, նախաբանը` J. Lang, Paris, 1999, էջ 231-252: Տես. Կովկաս գաղթած վերապրածներու պատմութիւններ, 1916-էն սկսեալ հաւաքագրուած Պաքուի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիայում. վերապրածներու վկայութիւններ,  Ա. Վիրապեան, Երեւան, Հատոր Բ. (Պիթլիսի նահանգ), 2012:
45 Այս փափաքն է, որ 2007-ին սպաննուած «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինք արտայայտած էր Իսթանպուլի մէջ, մեր ներկայութեան (2005):
46 Վարդապետ, երաժշտագէտ, խմբավար եւ երգահան, Կոմիտաս Վարդապետ (1869-1935) բացառիկ դէմք մըն է, հայ երաժշտութեան մեծագոյն վարպետը: 1914-էն առաջ, ան շրջած է հայկական գաւառները եւ հաւաքագրած հայ ժողովրդական երգերը: 1915-ին տարագրուած եւ ապա «ներում»ով վերադարձած է. սակայն հոգեկան խանգարում ստանալով՝ մահացած է հոգեբուժական հիւանդանոցի մը մէջ, Փարիզ:
47 Գեղամ Տէր Կարապետեան ոգեւորուած նամակ մը ուղղած էր Արմենակ Շահմուրատեանին (1878-1939) «Տարօնի սոխակը», հրատարակուած «Ազատամարտ» թ. 1356-ի մէջ, 1913: Հրաշալի ձայնով օժտուած այս թէնորը բնիկ տարօնցի էր, եւ արդարեւ Տարօնի փառքերէն մէկը: Կոմիտաս զայն յայտնաբերած էր Էջմիածնի մէջ, եւ այնուհետեւ հետեւած էր անոր քայլերուն եւ առաջ մղած՝ Փարիզի մէջ, ուր մեծ յաջողութիւն արձանագրած էր Փարիզի Օփերային մէջ՝ Ֆաուսթի կատարումով: 1914-էն առաջ, Ֆրանսայի մէջ հայ երաժշտացանկը ծանօթացնելու գծով աշխատակցած է Արշակ Չոպանեանի հետ: Շահմուրատեանին առնչուող բազմաթիւ յիշատակումներ կարելի է տեսնել Գ. Գասպարեանի աշխատութեան մէջ`Կոմիտաս Վարդապետ. Նամականի, Երեւան, 2009:
48 Ա. Տէր Մինասեան, Tigrane Zaven et son Yerkri Tzaïne (1906-1908), ou L’attente de la Révolution, Penser, agir, et vivre dans l’Empire Ottaman et en Turquie: études réunies pour François Georgeon, par N. Clayer et E. Kaynar, Paris-Louvain-Walpole, 2013, p. 125-150:
49 Ա. Խատիսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը, (Eclosion et développement de la République arménienne, հայերէնէ թարգմանուած, Աթէնք 1989, էջ 107-122): Բացի Ալեքսանդր Խատիսեանէն (1876-1945, Թիֆլիսի նախկին քաղաքապետ, եւ ապագայ վարչապետ), պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Աւետիս Ահարոնեան (1866-1948, բանաստեղծ եւ դաշնակցական գործիչ, Սեւրի դաշնագրի ապագայ ստորագիր), Միքայէլ Բաբաջանեան՝ Դումայի պատգամաւոր, հրամանատար Կորգանօֆ, եւ երկու օգնականներ:
50 Կ. Սասունի (Պատմութիւն, մէջբերուած նոթ թիւ 103-ով, էջ 771-775), այս բնագրին հատուածները կը հրատարակէ` «Եղեռնը ծրագրուած էր: Իթթիհատի եւ կառավարութեան կանխամտածուած ծրագրերը»  խորագրեալ բաժնին մէջ: Ըստ սովորութեան, Կարօ Սասունի ոչ մէկ յստակացում կը կատարէ իր աղբիւրներուն մասին: Կը հաստատէ, որ իր տրամադրութեան տակ ունեցած է Գեղամէն ձեռագիր մը, բայց ուրիշ ոչինչ կ’ըսէ այս փաստաթուղթի ծագումին ու ճակատագրին մասին:
51 Տարօնի սրտապատառ ու անհամեմատելի աղէտը, Գեղամի նօթերն են, Գեւոնեան, «Գիւլիզար»  (մէջբերուած թիւ 109-ով), էջ 149-160: Այս էջերուն մէկ մասը վերարտադրուած է Սասունիի Պատմութեան մէջ (նշուած նոթ թիւ 103-ով), էջ 776-778: Ըստ Գեղամի աղջկան անտիպ յուշերուն, այս բնագիրը ան ստացած է Աւետիս Ահարոնեանէն, 1920-ական թուականներուն, Փարիզի մէջ:
52 Տարօնի սրտապատառ ու անհամեմատելի աղէտը, (նշուած նոթ թիւ 136-ով), անուններու ցանկ, էջ 159-160:
53 Մէջբերուած Վ. Տատրեանի կողմէ, Հայկական ցեղասպանութիւնը յետ-պատերազմական Օսմանեան խորհրդարանին մէջ: Հայ երեսփոխաններու մեղադրական ելոյթները, Ուոթըրթաուն, 1995, էջ 55-57:
Վահէ Օշական
նախորդ
ԿԱՄՈՒՐՋ