«ՊՍԱԿ» ԺՈՂՈՎԱԾՈՒՆ

Իր Կեանքի ուղիներով շարքի երկրորդ հատորին մէջ,[1]Ս. Վրացեան, Կեանքի ուղիներով, դէպքեր, դէմքեր, ապրումներ, Բ. հատոր, տպարան Մշակ, 1960, էջ 121-127։ Սիմոն Վրացեան, այլ բաներու կարգին, կը նկարագրէ «Պսակ» ժողովածուի հրատարակութիւնը։
     1910-ի սկիզբները Փեթերսպուրկի դաշնակցական ուսանողութիւնը Եղիշէ Թոփչեանի յիշատակին կը կազմակերպէ գաղտնի սգահանդէս մը, նախագահութեամբ Խաչիկ Կարճիկեանի։ Սգահանդէսի աւարտին կը յղացուի գաղափարը Եղիշէ Թոփչեանի յիշատակին ժողովածու մը հրատարակելու։ Կ՚ընտրուի խմբագրական մարմին մը, որ կը բաղկանայ հինգ անդամէ – Խաչիկ Կարճիկեան, Համբարձում Տէրտէրեան, Միշա Արզումանեան, Հայկ Թորոսեան եւ Սիմոն Վրացեան։ ժողովածուն պիտի կոչուէր «Պսակ»։[2]Նոյնտեղ, էջ 122։ «Խմբագրական մարմնի պարտականութիւնը պիտի լինէր հաւաքել եւ խմբագրել նիւթերը, ապահովել ծախսը եւ հոգալ ժողովածուի տպագրութեան բոլոր կարիքները»։[3]Նոյնտեղ։ Կարճիկեանն ու Արզումանեանը պիտի զբաղէին դրամ հաւաքելու գործով. Տէրտէրեանն ու Վրացեանը՝ յօդուած հաւաքելով։
    Մեծ թիւով մտաւորականներ կ՚ընդառաջեն խմբագրական մարմինի յօդուածագրութեան առաջարկին։ Այսպէս. Աւետիս Ահարոնեան Բագուի բանտէն կ՚ուղարկէ երկու գրութիւն, Ռուբէն Զարդարեան՝ Պոլիսէն՝ գրական կտոր մը, Վահան Փափազեան՝ ուսումնասիրութիւն մը Թուրքիոյ ազգային եւ քաղաքական կազմի մասին, եւ ուրիշներ, որոնց գրութիւնները կը ներկայացնենք այս յօդուածով։
     Խաչիկ Կարճիկեան եւ Միշա Արզումանեան չեն յաջողիր ապահովել ժողովածուին տպագրական ծախսերը՝ համալսարանական քննութիւններու եւ այլ զբաղումներու պատճառով։ Ամբողջ աշխատանքը գործնականօրէն կը մնայ Սիմոն Վրացեանի վրայ։[4]Նոյնտեղ, էջ 126-127։ Կարելի է հաստատել, որ «Պսակ» ժողովածուի գլխաւոր խմբագիրը փաստօրէն Սիմոն Վրացեանն է։ Իրեն օժանդակած է Համբարձում Տէրտէրեանը։
     1910 Մայիսի կէսերուն Ս. Վրացեան կը ստիպուի հեռանալ Փեթերսպուրկէն՝ «ոստիկանութեան ճանկը չընկնելու համար»։ Ան իրեն հետ կ՚առնէ ժողովածուի նիւթերը եւ իր դասընկերոջ՝ Միշա Արզումանեանին հետ կը մեկնի Մոսկուա։
     Երկուքով կ՚երթան Ե. Աւետիքեանի «էլեքտրաշարժ» տպարանը։ Տպարանատէրը հաշուելէ ետք ժողովածուի թերթերը կու տայ գին մը, որ «մեր կարողութիւնից վեր գումար էր»։ Սակարկութիւնը երկար չի տեւեր սակայն։ «Աւետիքեանը յանձն առաւ տպագրութեան սկսել փոքրիկ կանխավճարով։ Մնացեալ գումարը պիտի վճարէինք ժողովածուի լոյս տեսնելուց յետոյ»։[5]Նոյնտեղ, էջ 125։
     ժողովածուին տպագրութիւնը իր վախճանին չհասած, Սիմոն Վրացեան լուր կը ստանայ անմիջապէս հեռանալ Մոսկուայէն՝ ցարական կառավարութեան խստութիւններուն պատճառով։ «Առանց սրբագրութիւնները լրացնելու, հաւաքեցի ինչ որ ունէի եւ ճանապարհ ընկայ ուղիղ դէպի Ռոստով-Նախիջեւան՝ մի քանի օր ծնողներիս հետ անցընելու համար եւ այնտեղ որոշելու անելիքս»։[6]Նոյնտեղ, էջ 126։ Հազիւ մէկ օր կը մնայ իր ծնողներուն հետ, երբ կը ստիպուի երթալ Խրիմ, ուրկէ՝ Բաթում, ապա՝ Պոլիս եւ վերջապէս՝ Կարին։ ժողովածուի վերջին մասի սրբագրութիւնը կը մնայ Միշա Արզումանեանի վրայ։
     Կարին գտնուած ժամանակամիջոցին Սիմոն Վրացեան «Պսակ» ժողովածուի «մամուլի տակից լոյս տեսած առաջին թիւը կը ստանայ տպարանատէր Աւետիքեանի նամակին հետ միասին»։[7]Նոյնտեղ։ Տպարանատէրը կը յայտնէր, թէ ժողովածուի տպագրութիւնը պատրաստ է։ Տպուած է 3000 օրինակ եւ հրապարակ պիտի հանուի գրաքննիչէն արտօնութիւն ստանալէ եւ տպագրութեան ծախսը ստանալէ ետք։ Գրաքննիչը, Գալուստ Կարպովիչ Չարըխեան, որ Վրացեանի յաճախած Թեմականի նախկին տեսուչն էր, «պետական խորհրդական եւ ասպետ», կ՚արգիլէ ժողովածուի ցրուումը։ Այդպէս է, որ Մոսկուայի ոստիկանական վարչութիւնը կը գրաւէ 2999 հատորները եւ կ՚այրէ։ Կը մնայ միայն մէկ օրինակ, որ, ինչպէս յայտնեցինք, Սիմոն Վրացեանին հասած էր Կարին, ուր եւ կազմել տուած էր զայն։
     «Պսակ»ի միակ օրինակը կ՚ապրի ոդիսական մը եւս։ Կեանքի ուղիներովը չի յիշատակեր այս պարագան։ Ս. Վրացեան «ճեմարանի թանգարանին» խորագրեալ մեքենագրուած էջի մը վրայ տեղեկութիւն ներ կու տայ «Պսակ» ժողովածուին մասին։[8]Տեսնել «Պսակ» ժողովածուի ներսի վերջին կողքը։ Այս էջը կցուած է ժողովածուի վերջընթեր կողքին։ Ան կը յայտնէ, թէ 1914-ին, երբ պիտի վերադառնար Միացեալ Նահանգներէն, իր բոլոր գիրքերը (ներառեալ «Պսակ»ը) եւ գոյքերը կը թողու «Հայրենիք»ի շէնքին մէջ։ Գոյքերը, իբրեւ յիշատակ, Ամերիկայի ընկերները իրարու մէջ բաժնած են «եւ ի վերայ պատմուճանի վիճակս արկանէին»,[9]Նոյնտեղ։ կը գրէ Վրացեան իրեն յատուկ սրամտութեամբ։ «Պսակ»ն ալ, այլ գիրքերու հետ, տարած էին «գրասէրները»։ «1956 Սեպտեմբերին, տոքթ. Ա. Մարգարեան տուեց ինձ «Պսակ»ը – մէկ հատիկը ամբողջ տիեզերքում»։[10]Նոյնտեղ։
     Այժմ, «Պսակ»ը կը գտնուի Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի թանգարանին մէջ։

***

     «Պսակ» գրական-գիտական ժողովածուն, 264 էջ, ինչպէս խորագիրը կը թելադրէ, ունի երկու բաժին – գրական եւ գիտական-ուսումնասիրական։ Թէեւ ժողովածուի ներքին էջին վրայ գրուած է «Հրատարակութիւն՝ Պետերբուրգի մի խումբ ուսանողների», սակայն մէկ էջնոց յիշատակարանին վրայ Սիմոն Վրացեան կը յայտնէ, թէ ատիկա հրատարակութիւնն է «Պետերբուրգի Հ. Յ. Դ. ուսանողութեան»։

     Գրական բաժինին մէջ գրութիւններ ունին Աւետիս Ահարոնեան՝ «Յոգնութիւն (պարտուածներ սերիայից)»՝ արձակ. Ոնոփրիոս Անոփեան՝ «Տերեւընկեցի ժամեր»՝ բանաստեղծութիւն, Անոփեան նաեւ թարգմանած է Եան Կասպրովիչի «Իրիկնաժամի երգս» խորագրեալ երկար պոէման. Լէյլի՝ «***» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը. Ռուբէն Զարդարեան՝ «Բարձունքի փառաբանութիւն» ընդարձակ պոէման. Վ. Արեան (ըստ Սիմոն Վրացեանի, ծածկանունն է Միշա կամ Վարդան Արզումանեանի)՝ «Մահը» խորագրեալ արձակ գրութիւնը, որ նուիրուած է Եղիշէ Թոփչեանի. Գ. Քեալաշեան ունի հետեւեալ բանաստեղծութիւնը – «П. Я-ից», «Բալմոնտից» եւ «* * * ». Մ. Մասուրեան՝ «Ջրապտոյտը»՝ արձակ. Սիմ. Բաբիեան՝ «Քո դռան առաջ»՝ բանաստեղծութիւն, Ա. Նալբանդեան՝ «Աչեր» եւ  «* * * » խորագրեալ բանաստեղծութիւնները. Հր. Ֆալեան՝ «Ողջակէզը» բանաստեղծութիւնը. Միստիկ՝ «* * * » բանաստեղծութիւնը. վերջապէս՝ Յովս. Միրզոյեան՝ «Էքսելսի՛որ» բանաստեղծութիւնը, որ թարգմանուած է անգլերէնէ։

* * *

     «Պսակ»-ի գիտական բաժինը աւելի ընդարձակ է. ընդհանրապէս ուսումնասիրութիւններ են՝ ազգային, ազգագրական, ընկերային եւ տնտեսական նիւթերու վրայ բաժնուած։ Գալիք էջերուն մէջ կը ներկայացնենք այդ գրութիւնները։
     Այս բաժինի առաջին գրութեան հեղինակն է Վահան Փափազեան, որ ուսումնասիրած է «Ազգերը Թիւրքիայում» նիւթը։ Ասիկա ընկերային-քաղաքական թռուցիկ տեսութիւն է Թուրքիոյ մէջ ապրող ազգերու մասին։ Հեղինակը իր ուսումնասիրութեան առաջին իսկ տողէն կը հաստատէ, որ «ազգութիւններու (իմա՛ ազգերու) հարցը Թիւրքիայում սկզբից ի վեր երիտասարդ թիւրքերի ամենածանր մտահոգութեան առարկան է եղել»։[11]«Պսակ» գրական-գիտական ժողովածու, Մոսկուա, «էլեքտրաշարժ» տպարան Ե. Աւետիքեանի, 1910, էջ 57։ Երիտասարդ թուրք կառավարութիւնը ամէն գնով կը ձգտի խեղդել ազգայնական պայքարը. այդպէս է, որ հրապարակ նետած է «օսմանցիութեան» տարազը։ Սակայն զուտ թրքական խորհրդարան ունենալու ջանքերը պատճառ եղան, որ հրահրուի ազգային հարցը։ Թուրքիոյ ազգաբնակչութեան գլխաւոր ազգերէն արաբները, քիւրտերը, յոյները եւ պուլկարները իրենք զիրենք օսմանցի չեն նկատեր, այլ կապուած են իրենց ազգին եւ երկրին։ Կը մնան հայերը, որ եթէ ուզեն իսկ, աշխարհագրական եւ ազգագրական անկարելիութեան պատճառով չեն կրնար անջատում ցանկալ։ Անկախութեան ձգտումներու ծագման եւ զարգացման մէջ, իբրեւ ընդհանուր օրէնք, մեծ դեր կը խաղայ ազգերու միատարր ըլլալը։ Երիտասարդ թուրքերը մահմետական գաղթականներ տեղաւորեցին քրիստոնեայ միատարր շրջաններու մէջ այն աստիճան, որ մէկ-երկու տարիէն անոնք կը հեղեղեն եւրոպական եւ ասիական Թուրքիոյ քրիստոնէաբնակ մասերը։
     Հեղինակը կը ներկայացնէ կայսրութեան ընկերատնտեսական կացութիւնը, դասակարգերը, շահագործման եւ կեղեքումի ձեւերը։ Ինչ կը վերաբերի հայ քաղքենի դասակարգին (ամիրաներէն սկսեալ), իր ուժը կեդրոնացուցած է պատրիարքարանին վրայ. անիկա վնասակար կը գտնէ քաղաքական կուսակցութիւններու գոյութիւնը եւ կը պահանջէ, որ անոնք ձուլուին պատրիարքարանին մէջ։ Այսօր, կղերապահպանողական ոգին կը սաւառնի մանաւանդ կեդրոնական վայրերու մէջ։[12]Նոյնտեղ, էջ 72։ Փափազեան կը հաստատէ, որ հայերու եւ պուլկարներու ապագան կը կայանայ գաւառին մէջ, որ ուղղութիւն պիտի տայ կեդրոնին մտաւորական-հասարակական խնդիրներու մէջ։
     Իշխող տարրը – Իթթիհատ վէ Թերաքքը – լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւի փոքր ազգերու արտաքին գաղտնի եւ ներքին-խորհրդարանական գործունէութեան, աշխատելով չէզոքացնել անոնց ազգայնական քայլերը։ Արդեօք երիտասարդ թուրքերը պիտի յաջողի՞ն օսմանցիացնել քրիստոնեայ եւ մահմետական ազգերը։ Վերջիններուն մէջ կան ոմանք, որոնց մէջ չափազանց զօրաւոր է ազգայնական ոգին՝ ազգայնամոլութեան հասնելու չափ։[13]Նոյնտեղ, էջ 76։ Արաբները, քիւրտերը եւ ալպանները, թէեւ քաղաքակրթական տեսակէտէ աւելի ցած մակարդակի վրայ կը գտնուին, սակայն անոնք միատարր են, ունին փառաւոր անցեալ։ Քրիստոնեայ ազգերը կը ձգտին իրենց գոյութիւնը պահպանել քաղաքակրթական գերազանցութեամբ, ներքին ինքնավարութեամբ եւ տնտեսական նուաճումներով, իսկ մահմետականները՝ քաղաքական ինքնուրոյնութեան կեդրոնախոյս ձգտումներով։ Երիտասարդ թուրքերը պիտի պայքարին երկու թեւի վրայ – մէկ կողմէ՝ քաղաքակրթական, միւս կողմէ՝ քաղաքացիական։ Բոլոր պարագաներուն պայքարը աւելի եւ աւելի սուր կերպարանք պիտի ստանայ, բան մը, որուն նախօրեակին ենք։
     Ն. Ա.[14]Ըստ Ս. Վրացեանի, Ն. Ա.ը Նիկոլ Աղբալեանն է։ Տեսնել «ճեմարանի թանգարանին», անդ։ ուսումնասիրած է «Պարսկաստան»ը։ Ան կը յայտնէ, թէ Պարսկաստանի մէջ հինէն ի վեր գոյութիւն ունի չորս դասակարգ-ազնուական, հողագործ, հոգեւորական եւ առեւտրական։ Երկու տեսակ ազնուականութիւն կայ – արիւնի եւ դիպուածի։ Արիւնի ազնուականները այլեւայլ ցեղերու գլխաւորներն են, իսկ դիպուածի ազնուականները անոնք են, որ ժամանակի ընթացքին գիւղերու եւ ագարակներու տէր դարձած են։ Գիւղացին չունի իր սեփական հողը, որ կը պատկանի ազնուականին, հոգեւորականին, դրամատէրին կամ պետութեան։ Գիւղացին կը ստանայ չնչին վարձատրութիւն։[15]«Պսակ», անդ, էջ 78-79։
     Շատ զօրաւոր դասակարգ է պարսիկ հոգեւորականութիւնը։ Ան ունի հողեր եւ կ՚իշխէ ժողովուրդին սիրտին ու միտքին վրայ։ Հոգեւորականը միեւնոյն ատեն Պարսկաստանի մտաւորական դասն է. դպրոցները կը գտնուին իր հակակշիռին տակ։
     Առեւտրական դասակարգը բաւական մեծ թիւ կը կազմէ եւ կեդրոնացած է քաղաքներուն մէջ։ Անոր ձեռքին կը գտնուի երկրին դրամագլուխը։
     Վերոյիշեալ դասակարգերու յարաբերութիւնը ենթարկուած է փոփոխութեան։ Ազնուականները, կեանքի նոր պահանջներէն մեկնելով, կարիքը կը զգան հնչուն դրամի. գիւղացին աւելի կը շահագործուի. հոգեւորականին ազդեցութիւնը կը թուլնայ, իսկ առեւտրական դասին մէջ երեւան կու գան ազգային ինքնագիտակցութեան նշաններ։ Դասակարգերու յարաբերութեան մէջ ծնունդ կ՚առնեն միջնորդներ, իսկ առեւտրական դասակարգը հետզհետէ կը զօրանայ։ Հակամարտ դասերու մրցակցութենէն կը ծնի սահմանադրութիւն ունենալու հարցը։ Պարսկաստանի մէջ չկայ հարկերու արդար եւ համաչափ բաշխում։ Իսկ հարկերը մեծաւ մասամբ գանձարան չեն մտներ։
     Երկիրը հնարաւորութիւն չունի իր տնտեսական վիճակը բարելաւելու։ Ներածումները աւելի շատ են, քան արտածումները։ Դրամական առումով երկիրը կը քայքայուի եւ կ՚ընթանայ դէպի սնանկութիւն։
     Ելեւմտական այս թշուառ վիճակին առընթեր, վարչական նոյնքան թշուառ դրութիւն մը գոյութիւն ունի։ Պարսկաստանը մինչեւ այսօր եւրոպական իմաստով չէ ճանչցած կառավարութիւն եւ վարչութիւն։ Կաշառակեր են կառավարական պաշտօնեաները։ Այլ երկիրներու մէջ յեղափոխութիւնները կը նպատակադրեն նորոգել հին կառավարութիւնները, մինչդեռ Պարսկաստանի մէջ ո՛չ կառավարութիւն կայ, ո՛չ օրէնք, ո՛չ գործադիր եւ ո՛չ դատական իշխանութիւն։ Եփրեմի[16]Ակնարկութիւնը կ՚երթայ Եփրեմ Խան Դաւթեանցին (1869-1912), որ Պարսկաստանի մէջ սահմանադրական (խորհրդարանական) կարգ … Continue reading ստեղծած նոր խորհրդարանը դարձեալ կազմուած է անկարող մարդոցմէ։ Կը պակսի ընդհանուր հայրենիքի եւ համապետական շահերու անկեղծ գիտակցութիւնը, որովհետեւ ամէն մարդ կը հետապնդէ իր անձնական շահերը։[17]«Պսակ», անդ, էջ 87։
     

     Ն. Ա. իր ուսումնասիրութեան վերջին բաժինով կը ներկայացնէ առաջարկներ՝ երկրի բարելաւման համար։
     Այդ առաջարկներն են.
     Առաջին. ստեղծել զօրաւոր իշխանութիւն, որուն հնազանդին բոլորը եւ, որ, իր կարգին, հնազանդի խորհրդարանին։ Իշխանութիւնը պէտք է որ ունենայ հմայք եւ բոլորին մէջ արթնցնէ Իրանի քաղաքացիութեան գաղափարը։
     Երկրորդ. Պարսկաստանի մէջ պէտք է ստեղծել զօրաւոր բանակ, որմէ պատկառին բոլոր իրանցիները, եւ որուն մաս կազմեն բոլոր իրանցիները անխտիր։ Բանակը պէտք է ենթարկուի իր հրամանատարին եւ այս վերջինը՝ խորհրդարանին։ Աւելի՛ն. բանակը իր իշխանութիւնը պէտք է հաստատէ բոլոր ցեղապետներուն վրայ։
     Երրորդ. լաւ բանակ ունենալու համար անհրաժեշտ է ունենալ դրամ։ Ասիկա չի կրնար գոյանալ արտաքին փոխառութիւններով, այլ պէտք է գոյանայ ներքին միջոցներով։ Պէտք է փոխել երկրին հարկային դրութիւնը եւ կազմակերպել հարկերու գանձումը։ Բարեկարգումները պէտք է կատարել աստիճանական կերպով։
     Չորրորդ. ապակեդրոնացնել երկրին վարչութիւնը՝ լայն ինքնավարական հիմքերով։ Ասիկա կը նպաստէ, որ արթննան քաղաքական-վարչական քնացած կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ խթանուի անոնց կորովը։ Այս ձեւով գաւառն ու քաղաքները կարելիութիւն կ՚ունենան զարգանալու։
     Հինգերորդ. ելեւմտական եւ վարչական բարեկարգութեան պէտք է յաջորդէ ժողովրդական կրթութեան վերակազմութիւնը, այսինքն՝ դպրոցի աշխարհականացումը։
     Վեցերորդ. ստեղծել ընտրովի դատարաններ, որոնք դուրս մնան հոգեւորականներու իրաւասութեան սահմաններէն։

* * *

     Հ. Մուսայէլեանի ուսումնասիրութեան խորագիրն է «Հողային հարցը Անդրկովկասում»։ Ան կը հաստատէ, որ շատ հին է Անդրկովկասի հողային հարցը եւ ներկայիս ամէնէն հրատապ խնդիրներէն մէկն է։ Հողը տնտեսութեան հիմնաքարն է, իսկ գիւղացիութիւնը՝ ժողովուրդի գոյութեան խարիսխը։ ճարտարարուեստականացումը եւ գիւղատնտեսութիւնը զիրար լրացնող բաներ են։ Եթէ գիւղացիներու վիճակը բարելաւուի, այն ատեն կ՚ապահովուի երկրին յառաջդիմութիւնը։ Մեր մէջ գիւղացիութիւնը շատ քիչով ուշադրութեան արժանացած է։ Անդրկովկասի մէջ հողային հարցը ունի ինքնուրոյն բնոյթ մը։
     Այս ուսումնասիրութիւնը, որ նախապէս գերմաներէնով իբրեւ աւարտաճառ ներկայացուած է, կը բաժնուի երկու մասի։
     Առաջին մասին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ Անդրկովկասի գիւղացիներու իրաւական դրութիւնը։ Նախքան ռուսական տիրապետութիւնը Անդրկովկասի հողային հարցը կը բաժնուէր վրացիներու, պարսիկներու եւ օսմանցիներու միջեւ։ Ներկայիս գիւղացիութիւնը կարելի է բաժնել հինգ կարգի – պետական, ժամանակաւոր-պարտադրեալ, բէկական, սեփականատէր եւ եկեղեցական գիւղացիներ։ Իւրաքանչիւրին սահմանումը կատարելէ ետք Մուսայէլեան կ՚եզրակացնէ, որ Անդրկովկասի գիւղացիներու իրաւական դրութիւնը աննպաստ եւ վատառողջ ձեւակերպում ունի, եւ շատ անորոշութիւններ ու պակասութիւններ կան այս մարզին մէջ։[18]Նոյնտեղ, էջ 96-103։
     Երկրորդ բաժինին մէջ, որ հարուստ է վիճակագրական տախտակներով, կը ներկայացնէ Անդրկովկասի գիւղացիներու տնտեսական դրութիւնը։ Հեղինակը կը յայտնէ, թէ Անդրկովկասի գիւղատնտեսութիւնը ունի շատ մեծ յարմարութիւններ. հարուստ է անոր բնութիւնը եւ շատ դիւրութեամբ կարելի է զարգացնել գիւղատնտեսութեան զանազան ճիւղերը, մանաւանդ որ Անդրկովկասի ճարտարարուեստը տակաւին կը գտնուի սաղմնային վիճակի մէջ։
     Երրորդ եւ եզրափակիչ բաժինին մէջ հեղինակը կը հաստատէ, որ Անդրկովկասի գիւղացիութեան վիճակը, որ ներկայիս շատ անտանելի եւ վտանգաւոր դարձած է, օրէ օր կը վատթարանայ։ Ասոր գլխաւոր պատճառները իրաւական ու տնտեսական են։ Դժուարութիւնները հարթելու համար անհրաժեշտ է կատարել բարենորոգումներ, մանաւանդ որ գիւղացիութեան վիճակը շատ քիչ ուշադրութեան արժանացած է կառավարութեան կողմէ։ Այդ բարենորոգումներն են՝ հաղորդակցութեան կանոնաւորում, ոռոգման բարելաւում, գիւղական պզտիկ վարկի համագործակցականներդ հաստատում եւ Գիւղատնտեսական գիտելիքներու տարածում։ Եթէ վերցուին իրաւական աննպաստ պայմանները, եւ եթէ հողաբաժիններ աւելցուին եւ հողի մշակութիւնը աւելի լաւ հիմերու վրայ դրուի, հողային հարցը կրնայ կորսնցնել իր սուր բնոյթը։ Պէտք է շեշտը դնել իրարօգնութեան վրայ եւ արտաքին օժանդակութիւններուն վրայ յոյս չդնել։ «Կովկասի գիւղացիութեան մէջ գոյութիւն ունին համայնական ոգին եւ համայնական գործունէութիւնը. ընկերակցութիւններ հիմնելու պատրաստի հող կայ, միայն դրան պէտք է ձեռնարկել»։[19]Նոյնտեղ, էջ 123։

* * *

     Յաջորդ ուսումնասիրութիւնը կը պատկանի Հ. Թորեանի, որ, ըստ Սիմոն Վրացեանի, ուսանող Հայկ Թորոյեանն է։[20]«ճեմարանի թանգարան», անդ։ Ուսումնասիրութեան խորագիրն է «Անդրկովկասեան արդիւնաբերութիւնը եւ հայ բանուորական շարժումը»։
     Ըստ հեղինակին, հայութեան մէջ վաճառականութեան կողքին զարգացած է քաղաքային արհեստաւորութիւնը։ Ռուսական տիրապետութիւնը Հայաստանի մէկ մասին վրայ, ինչպէս նաեւ կեանքի, գոյքի ապահովութեան երաշխաւորումը այնտեղ արագացուց երկրի տնտեսական զարգացումը։
     Անդրկովկասը իր բնական ու ընկերային պայմաններով արդիւնաբերութեան զարգացման համար աւելի նպաստաւոր միջավայր է, քան ներքին Ռուսաստանը։ Հակառակ այս իրողութեան, Անդրկովկասն ու Ռուսաստանը տնտեսական զարգացման մէջ նոյն աստիճանի վրայ կը գտնուին։
     Այս երկար ուսումնասիրութիւնը (էջ 124-164) բաժնուած է ութ մասի.
     ա. Արտադրութեան կեդրոնացում – Ռուսաստանի նօսր արդիւնաբերութիւնը, որ կեդրոնացած է ովասիսներու խորքը, թաղուած է գիւղական անծայրածիր ազգաբնակչութեան մէջ։[21]«Պսակ», անդ, էջ 128։ Արտադրութեան միջոցներն են՝ գործարանը եւ բանուորութիւնը։ Ռուսաստանի մէջ 1901-1908 թուականներուն գործարաններուն թիւը պակսած է, իսկ միջին գործարանի վրայ ինկող բանուորներու թիւը արագօրէն աճած է։ Ինչ կը վերաբերի Անդրկովկասի արդիւնաբերութեան, անոր կը պակսին վիճակագրական տեղեկութիւններ, իսկ եղածներն ալ թերի են ու անվստահելի։
     բ. Աշխատանքի արդիւնաւէտութիւն– Աշխատանքի արդիւնաւէտ դարձնելը կախում ունի կատարելագործուած մեքենաներ ներածելէն, բա՛ն մը, որ կը պակսի Անդրկովկասի եւ Ռուսաստանի մէջ։ Առանց այդ մեքենաներուն, բանուորներուն արտադրողականութիւնը շատ տկար կ՚ըլլայ։
     գ. Գիւղատնտեսութիւն – Եթէ արդիւնաբերութիւնը կը գտնուի նախնական վիճակի մէջ, ապա գիւղատնտեսութիւն գրեթէ գոյութիւն չունի։[22]Նոյնտեղ, էջ 136։
     դ. Դասակարգային փոխյարաբերութիւններ – Բոլոր եւրոպական երկիրներու մէջ դրամատիրութեան անցած ճանապարհը եղած է կարմիր արիւնով եւ մարդոց բազմաթիւ դիակներով։ Դրամատիրութիւնը իր զարգացման համար կարիքը զգացած է դրամական մեծ գումարներու։ Այս վերջինները գոյացած են առեւտրական եւ վաշխառուական գործունէութենէն, բայց գլխաւորաբար շնորհիւ այն արիւնահեղ եւ երկարատեւ կռիւներուն, զորս տարած են այդ երկիրները իրարու դէմ եւ երկրագունդի զանազան մասերուն մէջ։ Մեր հայրենի կեանքը եւս զերծ չէ գործարանին մէջ աշխատող բանուորի ծայրայեղ կեղեքուելէն։ Մասնաւորաբար, ուշադրութեան արժանի են վերին 22 Նոյնտեղ, էջ 136։ աստիճանի հակառողջապահական պայմանները, որոնց տակ կ՚ապրի բանուորութիւնը։
     ե. Բանուորական շարժման պատմութիւն – Բանուորական շարժումները տակնուվրայ ըրին աշխատանքի պայմաններու հին հասկացողութիւնները։ Քանի մը տարուան մէջ անոնք վախի մէջ պահեցին դրամատիրական դասակարգերը։ Այս շարժումը հետեւանք էր մտաւորական շրջանակներու գործունէութեան եւ քարոզչութեան։ Հայ բանուորական շարժումը սկիզբ առած է Պաքուի մէջ. 1903-1907 թուականներուն անիկա հասաւ իր գագաթնակէտին։ Հայ բանուորութիւնը, գործադուբներու միջոցաւ, տիրացաւ իր իրաւունքներուն. այսինքն, հո՛ն, ուր ընդդիմութիւն ցոյց տուաւ։ Այսպէս, աշխատավարձը բարձրացաւ 20-40 առ հարիւր, աշխատանքի ժամերը կրճատուեցան մինչեւ 9-10 ժամ, բանուորական օրէնքները սկսան հետզհետէ գործադրուիլ։ Անդրկովկասի բանուորական շարժումները սկզբնական շրջանին շատ մեծ յաջողութիւն արձանագրեցին, սակայն արտաքին զօրաւոր ճնշումներուն եւ ներքին յոգնածութեան պատճառով թուլցան եւ տեղի տուին՝ զրկելով բանուորութիւնը իր ձեռք բերած իրաւունքներու մեծ մասէն։ Այսօր բանուորական կազմակերպութիւն ներուն մէջ կատարեալ քայքայում կը տիրէ։
     զ. Բանուորներու տնտեսական կազմակերպութիւն ներ – Բանուորական շարժման ընթացքը գլխաւորաբար կապուած է բանուորներու տնտեսական կազմակերպութիւններու աշխատանքին հետ։ Ներկայիս, արհեստակցական միութիւնը կը նկատուի դասակարգային պայքարին օժանդակող գլխաւոր գործօնը։ Հայ բանուորութիւնը առաջին անգամն էր, որ կը ծանօթանար արհեստակցական միութեան նպատակներուն։ Այս է պատճառը, որ երբ սկսաւ հալածանքը արհեստակցական միութիւն ներուն դէմ, ուժեղ դիմադրութիւն չեղաւ. այդպէս է, որ արհեստակցական միութիւնները սկսան քայքայուիլ։[23]Նոյնտեղ, էջ 159-161։
     է. Սոցիալիզմ – Աշխատաւորական գաղափարներով տոգորուած 90-ական թուականներու մեր լաւագոյն մտաւորականները հրապարակ իջան այն ատեն, երբ հայ ժողովուրդին մեծ մասը ներքին դասակարգային անարդարութիւններէն աւելի արտաքին ստրկական լուծէն կը տառապէր։ Բնական էր, որ այս երիտասարդները ամէնէն առաջ իրենց հարազատ մորթոտուող ժողովուրդը ազատելու մասին մտածէին։ Սակայն, երբ ձախողութիւններու հան դիպեցան, հայ մտաւորականները պառակտուեցան։ Ռուսահայ մտաւորականները սկսան քարոզել, որ աւելորդ է զբաղիլ Տաճկահայաստանի հարցով։
     ը. Յարատեւ տագնապը – 1900-էն ի վեր Ռուսաստանը կ՚ապրի յարատեւ տագնապ մը, որուն մէջ կը գտնուի ներկայիս։ Արդիւնաբերութիւնը, հակառակ բոլոր ճիգերուն, կը մնայ հիւանդ։ Ցաւալի վիճակի մէջ կը գտնուի մասնաւորաբար Անդրկովկասը։ Քանի մը նահանգներու մէջ զգալապէս պահուած է բանուորներուն եւ գործարաններուն թիւը։[24]Նոյնտեղ, էջ 163։ Կ՚ըսուի, թէ ասոր պատճառը բանուորական շարժումն է։ Ասիկա ճիշդ չէ, որովհետեւ Ֆինլանտան, իբրեւ օրինակ, ռուսական պետութեան այդ ինքնավար մասը, արագ եւ հաստատուն քայլերով առաջ կ՚երթայ. ասիկա կ՚ըլլայ ընկերվարականներուն շնորհիւ, որոնք շարժման ուղղութիւն տուողներն են։ Ինչո՞ւ ճահիճներու մէջ կորսուած երկիրը կը յաջողի բարգաւաճիլ, սակայն բնութեան բոլոր բարիքներով մեր երկիրը չի գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պիտի ազատի ճգնաժամէն։

* * *

     Վ. Արեանի ուսումնասիրութիւնն ալ–«Ազգային հարցը եւ սոցիալիստական մտքի զարգացումը» խորագրեալ– նախորդ ուսումնասիրութեան նման, երկար է։ Վ. Արեան, ըստ Ս. Վրացեանի, ծածկանունն է Միշա կամ Վարդան Արզումանեանի։[25]Նոյնտեղ, էջ 159-161։
     Վ. Արեան կը յայտնէ, թէ ներկայիս, մարդկային պատմութեան այս փուլին, բոլոր ժամանակներէ աւելի կը զգացուի անհրաժեշտութիւնը ազգային հարցի շուտափոյթ լուծման։ Հեղինակը իր ուսումնասիրութիւնը բաժնած է չորս մասի.
     Առաջին մաս – «ժողովրդի դերը պատմութեան մէջ»։
     Ազգային հարցի լուսաբանման մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ ժողովուրդի դերը պատմութեան ընթացքին։ Ազգային գոյութեան եւ անոր մշակութային ընդունակութիւն ներու զարգացման, այսինքն՝ ազգային հարցի լուծման համար բաւարար է բազմալեզու պետութիւններու սահմաններուն մէջ ստեղծել ազգային ինքնավարութեան բնոյթ կրող մարմիններ։
     Երկրորդ մաս – «Ազգային հարցը հին մարքսիզմի դատաստանի առաջ»։
     Քարլ Մարքսը անտարբեր էր ազգային հարցի նկատմամբ։ Ան նկատի առած էր տնտեսական գործօնը միայն, որ պատմութեան գլխաւոր մղիչ ուժն է։
     «Կոմունիստական մանիֆեստ»ին մէջ Մարքս կ՚ըսէ. «Պրոլետարիատը հայրենիք չունի։ Կարելի չէ զրկել զինք այն բանէն, որ չունի»։[26]«Պսակ», անդ, էջ 179։Այս հաստատումին մէջ կարելի է տեսնել Մարքսի թշնամական վերաբերմունքը դէպի ազգային հարցը եւ դէպի այն բոլորը, որ ազգային անունը կը կրեն – ազգային մշակոյթ, ազգային դպրոց, ազգային լեզու կամ գրականութիւն։ Ահա այստեղ էր, որ Մարքս կը սխալէր, որովհետեւ կեանքը աւելի ուժեղ դուրս եկաւ եւ ստիպեց, որ ետ առնուի ազգային հարցին հանդէպ հին դատավճիռը։
     Երրորդ մաս – «Պրոլետարիատը հայրենիք չունի» լոզունգի յիսնամեայ յոբելեանը»։
     Շտուտկարտի ընկերվարական համագումարին ընկերվարութիւնը սկսաւ ազգայնանալ, իսկ մարքսիզմը կը դադրէր նախկին միջազգային բնոյթը կրելէն։ Համագումարը վերջ դրաւ «պրոլետարիատը հայրենիք չունի» կարգախօսին։ Անիկա ցոյց տուաւ, որ բանուոր դասակարգի գործը թէ՛ ազգային է եւ թէ՛ միջազգային միեւնոյն ատեն։ Ահա՛ թէ ինչու ընկերվարութիւնը պէտք է բաւարարութիւն տայ ամբողջ մարդկութեան աշխատաւոր դասակարգի թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միջազգային պահանջներուն։
     Չորրորդ մաս – «Ազգային հարցը եւ նրա նուազագոյն լուծումը»։
     Վերջին տասնամեակին մարդկային ընկերութիւնը հետզհետէ սկսած է զբաղիլ ազգային հարցով։ Ասիկա կը տեսնուի յատկապէս այն երկիրներուն մէջ, ուր կայ խօսքի ազատութիւն։ Կան բազմաթիւ տուեալներ, որոնք կ’արտայայտուին յօգուտ ազգային հարցի շուտափոյթ լուծման։ Այդ տուեալներն են.
     ա) Պատմական տեսակէտէ. անվիճելի է դերը ազգերու ն մարդկութեան զարգացման մէջ, մարդկային ամբողջ մշակոյթը կը պահուի եւ կը զարգանայ ազգային շրջանակ ներու մէջ։
     բ) Մարդկային հոլովոյթի բնական սկզբունքի տեսակէտէ. փոխադարձ օգնութեան սկզբունքը գլխաւոր գործօնը կը հանդիսանայ մարդկային զարգացման եւ յառաջդիմութեան։ Հո՛ն, ուր կը տեսնուի այս սկզբունքը, պէտք է պաշտպանել զայն եւ առանձին ազգերէն տարածուի բովանդակ մարդկութեան վրայ։
     գ) Սոցիալիստական տեսակէտէ. ընկերվարութիւնը իբրեւ համամարդկային ազատագրութեան ձգտող շարժում մը, իր յաջողութեան համար պէտք է հաշուի առնէ այդ հանգամանքը՝ հնարաւորութիւն տալով բոլոր ազգութիւններուն ազատ եւ ինքնավար կերպով զարգանալու։ Ազգայնութիւնն ու միջազգայնութիւնը կամ սոցիալիզմը հակադիր ու տարամերժ գաղափարներ չեն, ընդհակառակը, փոխադարձաբար զիրար կը լրացնեն։[27]27 Նոյնտեղ, էջ 192-199։

 

* * * 

     Համբարձում Տէրտէրեան ստորագրած է ուսումնասիրութիւն մը՝ «Ի՞նչ է ինտելլիգենցիան» խորագրեալ։ Վերջին շրջանին, կը գրէ Տէրտէրեան, եւրոպական եւ ռուսական իրականութեան մէջ լոյս տեսան կարգ մը աշխատութիւններ, որոնք կը քննարկեն, «ինտելլիգենցիա» անուան տակ, ընկերային խմբակի էութիւնը։ Ասոր գլխաւոր պատճառը այն է, որ մտաւորականութիւնը կարեւոր դեր ունի ընկերային զարգացման մէջ։
     Ուսումնասիրութիւնը բաժնուած է վեց մասի։ Առաջին մասին մէջ հեղինակը «Ի՞նչ է ինտելլիգենցիան» նիւթին շուրջ կու տայ տարբեր բնորոշումներ, որ կարելի է բաժնել երկու խումբի։ Առաջին խումբը կ՚ընդունի, որ ինտելլիգենցիան ընկերային-տնտեսական հիմք ունի, իսկ երկրորդը՝ ընկերային բարոյական։ Այսինքն, առաջինները կ՚ընդունին, որ ինտելլիգենցիան մտաւոր աշխատանքով աշխատողներու խմբակ է, իսկ միւսները՝ որ անիկա ընկերային-քաղաքական որոշ գաղափարներով եւ ձգտումներով միացած ընկերային խմբակ է։ Առաջին խմբակի կողմնակիցները թէեւ չեն ընդունիր, որ ինտելլիգենցիան առանձին դասակարգ է, սակայն կը յայտնեն, թէ անիկա դասակարգային է եւ ընդհանուր առմամբ բուրժուական (քաղքենի)։ Երկրորդ խմբակին կողմնակիցները կը հաստատեն, որ ինտելլիգենցիան ապադասակարգային եւ ապադասային խմբակ է եւ բուրժուական ըլլալէ բաւական հեռու։
Առաջինները կ՚ըսեն, թէ ինտելլիգենցիան կը բաժնուի գոյութիւն ունեցող դասակարգերու միջեւ եւ կը պաշտպանէ անոնց դասակարգային շահերը, մինչդեռ միւսները կը յայտնեն, թէ ինտելլիգենցիան ամբողջական խմբակ է եւ կը պաշտպանէ ոչ թէ դասակարգի մը շահերը, այլ ժողովուրդի ընդհանուր, հասարակութեան մնայուն շահերը։ Առաջին տեսակէտը կը պաշտպանեն մարքսականները, իսկ երկրորդ տեսակէտը՝ սոցիալ-յեղափոխական ուղղութեան ներկայացուցիչները։

* * *

     Երկրորդ մասին մէջ Հ. Տէրտէրեան կը յայտնէ, թէ մարքսականները չունին ինտելլիգենցիայի ներքին բովանդակութեան պարզ եւ հաստատուն բնորոշում։ Ըստ Պիսարեւի, ինտելլիգենցիան «մտածող պրոլետարիատ է»։[28]Նոյնտեղ, էջ 202։ Բոգդանովի համար ինտելլիգենցիան ընկերային խմբակ մըն է, որ առանց շահադիտական միտումներու, կը ծառայէ ժողովուրդին եւ կը կռուի անոր շահերուն համար եւ ոչ թէ կը միանայ զայն կեղեքողներուն։[29]Նոյնտեղ, էջ 203։ Ըստ Պլեխանովի, ինտեբլեգեցիան բուրժուական է շնորհիւ անոր ընկերային-տնտեսական բնոյթին։ Կաուցկին ինտելլիգենցիան կը նկատէ իբրեւ դասակարգ մը, որ կը պարապի մտաւոր աշխատանքով եւ դրամատիրական շահագործման հարցով շահագրգռուած չէ։ Շուլիատիկովի համար ինտելլիգենցիայի ընկերային կերպարանքը պարզելու համար, անհրաժեշտ կը գտնէ որոշել, թէ ինտելլիգենցիան ի՞նչ դեր ունի արտադրութեան գործընթացին մէջ. արդեօք ան երեւան կու գայ իբրեւ բանուորական ուժը վաճառո՞ղ, թէ՞ ընդհակառակը, իբրեւ արտադրութեան միջոցներու սեփականատէր։[30]Նոյնտեղ, էջ 206։

* * *

     Երրորդ մասին մէջ Հ. Տէրտէրեան կը հաստատէ, որ որքան ալ, ըստ երեւոյթին, իրարմէ տարբեր ըլլան Պլեխանովի, Կաուցկիի եւ Շուլիատիկովի կարծիքները, ըստ էութեան անոնք նոյնն են, չնչին տարբերութիւններով։ Երեքին տեսակէտը կարելի է բաժնել երկու մասի – արտաքին՝ ձեւական բնորոշման եւ ներքին՝ ըստ էութեան։ Ինչ կը վերաբերի ինտելլիգենցիայի ձեւական բնորոշման, ինտելլիգենցիան դասակարգային է եւ, իբրեւ այդպիսին, ընդհանուր առմամբ բուրժուական։ Ինտելլիգենցիայի ըստ էութեան բնորոշումին վերաբերեալ, անիկա դասակարգերու գաղափարախօսն է, որովհետեւ բացի դասակարգային շահերէ ուրիշ շահեր գոյութիւն չունին, իսկ մարդկային գաղափարները կը ծագին դասակարգային շահերէ։

* * *

     Սոցիալ-յեղափոխական դպրոցին կողմնակիցները, կը յայտնէ Հ. Տէրտէրեան չորրորդ մասին մէջ, համաձայն չեն մարքսականներու ինտելլիգենցիայի մասին արտայայտուած կարծիքին։ Սոցիալ-յեղափոխականներուն համար ինտելլիգենցիան ընկերային-բարոյական հիմք ունի, ապադասակարգային եւ ապադասային ընկերային խմբակ է, որ կը պաշտպանէ ոչ թէ այս կամ այն դասակարգի ժամանակաւոր եւ մասնաւոր շահերը, այլ ժողովուրդին՝ ընդհանուր, մնայուն շահերը։ Անոնք կը գտնեն, որ գաղափարները դասակարգային շահերէ՝ տնտեսութենէն չեն բխիր, այլ գաղափարները գաղափարաբանութեան եւ տնտեսութեան միեւնոյն գործընթացի, միեւնոյն երեւոյթի համահաւասար տարրերն են։[31]Նոյնտեղ, էջ 212։ Մէկ խօսքով, գաղափարները չեն բխիր դասակարգային շահերէ, այլ կը գտնուին անոնց հետ գործառական կամ կատարողական (functional) յարաբերութեան մէջ։ Հետեւաբար, գոյութիւն ունին արտադասակարգային գաղափարներ եւ արտադասակարգային գաղափարական ինտելլիգենցիա։
     Մարքսականներու բացասական վերաբերումը սոցիալ-յեղափոխական դպրոցի հետեւողներուն կը բխի անոնց պատմութեան նիւթապաշտական ըմբռնումէն։ Իսկ սոցիալ-յեղափոխականներուն համար ներկայ հասարակութեան մէջ ընկերաբանութեան ենթակայական եւ առարկայական պայմաններու փոխազդեցութիւնը փաստօրէն կ՚իրականանայ բանուոր դասակարգի եւ քննադատ օրէն մտածող անհատներու մէջ գոյութիւն ունեցող սերտ կապով։

* * *

     Լաւրովը նոյն տեսակէտը կը յայտնէ տարբեր եզրեր գործածելով, կը յայտնէ Տէրտէրեան հինգերորդ մասին մէջ։ Ենթակայական եւ առարկայական գործօններու փոխադարձ պայմանաւորուածութենէն առաջ կու գայ քաղաքակրթութիւն կամ ընկերային զարգացում. բան մը, որ անհնար է առանց քննադատող մտքի գործունէութեան եւ առանց քննադատօրէն մտածող անհատներու միջամտութեան։ Այս անհատները կը գործեն ոչ թէ իրարմէ անջատ, այլ միացած են եւ կռիւ յայտարարած հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունեցող չարիքներուն դէմ։

* * *

     Սակայն ի՞նչ կը հասկնանք ինտելլիգենցիա ըսելով, ի վերջոյ հարց կու տայ Տէրտէրեան իր ուսումնասիրութեան վեցերորդ եւ վերջին մասին մէջ։ Մինչեւ այսօր տակաւին չկայ միօրինակ ըմբռնում։ Ըստ հեղինակին, ինտելլիգենցիա ըսելով պէտք է հասկնալ բոլոր մտաւոր աշխատանքով պարապողները։ Ինտելլիգենցիան չի կազմեր առանձին դասակարգ, որովհետեւ ան չունի տնտեսական հիմք եւ չի մասնակցիր հասարակական տնտեսական կեանքին եւ – ինչ որ գլխաւորն է – ան չունի իրեն հակադիր ընկերային այլ խմբակ մը միանգամայն ներհակ շահերով։ Ինտելլիգենցիան արտադասակարգային ընկերային խմբակ է բաժնուած տարբեր արհեստներու եւ պաշտօններու։ Այդ առումով, ինտելլիգենցիան կը բաժնուի երկու մասի – արհեստակցական ինտելլիգենցիա, որ կը ծառայէ միայն իր շահերուն, եւ գաղափարական ինտելլիգենցիա, որ կը ծառայէ գաղափարներու։ Գաղափարական ինտելլիգենցիան ընկերային խըմբակ մըն է, որ իր գործունէութիւնը կը համաձայնեցնէ իր ընկերային-քաղաքական եւ բարոյական գաղափարներուն։ Անիկա ոչ մէկ դասակարգի շահերը կը պաշտպանէ, «որովհետեւ այս կամ այն դասակարգի շահերից բարձր է դասում ընդհանուր հասարակական շահերը կամ, ընդհանրապէս, սոցիալական զարգացումը»։[32]Նոյնտեղ, էջ 222։
     Վերջացնելով, հեղինակը կը յայտնէ, թէ ամէն ընկերվարական կուսակցութեան հիմքը պէտք է կազմեն արդիւնաբերական բանուորութիւնը, աշխատաւոր գիւղացիութիւնը եւ առաջադէմ գաղափարական-սոցիալիստական ինտելլիգենցիան, եւ անոր գործունէութեան հիմքը պէտք է ըլլան միայն այդ տարրերը»։[33]Նոյնտեղ, էջ 226։

* * *

     «Պսակ»ի վերջին ուսումնասիրութիւնը կը պատկանի Սիմոն Վրացեանին՝ «Ֆրանսիական սինդիկալիզմը» խորագրեալ։ Ան կը յայտնէ, թէ միջազգային աշխատաւորական շարժումը օրէ օր կ՚ընդարձակուի։ Այդ շարժումին մաս կը կազմէ սինդիկալիզմը, որ Ֆրանսայի մէջ յատկապէս մեծ աղմուկ հանած է եւ դարձած է Ֆրանսայի բանուորութեան մեծ մասին մտաւոր եւ գործնական ղեկավար ուժերէն մէկը։
     Երկար ժամանակ սինդիկալիզմի հանդէպ արհամարհական կեցուածք կար։ Տեսաբանները չէին ուզեր ընդունիլ, որ անիկա ընկերվարական շարժումին մաս կը կազմէ։ Սակայն այսօր, փոխուած է իրականութիւնը։ Անիկա կը վայելէ աշխատաւոր զանգուածներու համակրանքը։ Գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ զարգացած է սինդիկալիստ շարժում։ Սակայն, սինդիկալիզմի օրրանը Ֆրանսան է, «սոցիոլոգիական մեծ փորձերի հայրենիքը»։[34]Նոյնտեղ, էջ 228-229։
     Ի՞նչ շարժառիթներէ ծնունդ առած է սինդիկալիստ շարժումը, դէպի ո՞ւր կ՚երթայ։ Անիկա ոչ կանոնաւոր պատմագրութիւն ունի, ոչ ալ հաստատուն տեսութիւն։
     Սինդիկալիզմը, այսօր, ընկերվարական մեծ ընտանիքի առանձին բաժանմունքն է ուրոյն ձգտումներով եւ գործելակերպով։ Սինդիկալիզմի տեսութեան մասին խօսիլը շատ դժուար է, որովհետեւ անիկա չունի բոլորին կողմէ ընդունուած տեսութիւն։ Օրինակ, Սորելը կը յայտնէ, թէ սինդիկալիստները ոչ ծրագիր ունին, ոչ ալ մնայուն տեսութիւն. «Իրենց փիլիսոփայական դրութիւնները հանում են ընթացիկ կեանքի բազմազան երեւոյթներէն. միշտ “գործնականը նախորդում է տրամաբանութեան”, թէորիան բղխում է կեանքի ընթացքից, երէկուայ թէորիան այսօր կարող է հնացած եւ անպէտք համարուիլ վաղուան համար»։[35]Նոյնտեղ, էջ 239։
     Եթէ սինդիկալիստները չունին հաստատուն եւ ընդհանրական տեսութիւն, ասիկա չի նշանակեր, թէ անոնք չեն աշխատիր ունենալու զայն։ Սակայն, ապագայի նկատմամբ ունին անորոշութիւն։ «Այսօրուան հաւկիթը վաղուայ հաւից թանգ է»։[36]Նոյնտեղ, էջ 241։
     Իւրաքանչիւր սինդիկալական իր դաւանանքը կը սկսի «Վերադարձ դէպի Սարկսը» հրաւէրով։ Հակառակ անոր, սինդիկալականները կու տան այս վարդապետութեան խիստ եւ հիմ նաւեր քննադատութիւնը։ Սինդիկալականներու եւ ուղղափառ մարքսականներու միջեւ մեծ տարբերութիւն կայ ինչ կը վերաբերի տնտեսական նիւթապաշտութեան։ Սինդիկալականներուն մօտ կայ անհատի քննադատող եւ ստեղծագործ միտքի կարեւորութիւնը ընկերային զարգացման մէջ։ Պատմական գործընթացը արտաքին ուժերու կոյր ու ճակատագրական ընթացքի արդիւնքը չէ, այլ բնական ու ընկերային միջավայրի եւ մարդու գիտակից միջամտութեան համագումար ջանքերու հետեւանք։[37]Նոյնտեղ, էջ 245։
     «Արհեստակցական միութիւնը սինդիկալիստներին համար սոցիալական շարժման սկիզբն ու վախճանն է. նրանով է սկսւում սոցիալիզմը, նրա մէջ է աճում, զարգանում եւ նրանով էլ վերջանում է։ Սինդիկատն ապագայ հասարակակարգի բջիջն ու նախատիպն է»։[38]Նոյնտեղ, էջ 245-246։ Պրոլետարիատը արհեստակցական միութիւններու մէջ պէտք է կազմակերպուի իբրեւ անկախ եւ առանձնացած ուժ, անհրաժեշտ է որ ծաւալէ եւ խորացնէ իր ներամփոփ յեղափոխական կարողութիւնը։ Եւ, իբրեւ այդպիսին, կռիւ պէտք է մղէ ժամանակաւոր եւ մշտական ոսոխներու դէմ։[39]Նոյնտեղ, էջ 248։ Իւրաքանչիւր դասակարգ իրեն յատուկ կազմակերպութիւններ կը ստեղծէ։ Բուրժուազիան սկզբնական շրջանին կը խմբուէր համայնքներու մէջ, աւելի ուշ՝ խորհրդարաններու մէջ, որ անոր դասակարգային գործիքն է։ Իր կարգին, բանուոր դասակարգը իր զարգացման համար կը մշակէ դասակարգային կռիւին յարմար մարմիններ, օրինակ՝ արհեստակցական միութիւններ։
     Պետութիւնը հանրային-իրաւական մարմին է, քաղաքացիին եւ անոր միջեւ կայ իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու փոխյարաբերութիւն։ Արհեստակցական միութիւնը մասնակի-իրաւական կազմակերպութիւն է՝ հիմնուած ազատ համաձայնութեան սկզբունքի վրայ։ Պետութիւնը, սակայն, բուրժուական հիմնարկութիւն է, որ կը նուիրագործէ սեփականատիրական իրաւակարգը, անիկա պէտք է կործանի եւ տեղի տայ սինդիկալիզմի առջեւ, որուն նպատակն է «խլել պետութիւնից բանուորական աշխարհին վերաբերող բոլոր գործառնութիւններն եւ յանձնել սինդիկատին»։[40]Նոյնտեղ, էջ 250։ Պետութեան ոչնչացումով պէտք է վերանան այն բոլոր հաստատութիւններն ու գործառնութիւնները, որոնք կապուած են անոր հետ։ Այդ պատճառով սինդիկալիզմի սլաքները ամէնէն առաջ կ՚ուղղուին խորհրդարանին եւ քաղաքականութեան եւ անոնցմով զբաղող ընկերվարական կուսակցութիւններուն։
     Ներկայիս քաղաքական ընկերվարութիւնը գործ կ՚ունենայ այնպիսի հիմնարկութիւններու հետ, որ կը ծառայեն տիրող դասակարգերու շահերուն։ Այստեղ կը դրուի հայրենիքի գաղափարը եւ ռազմապաշտութեան հարցը։ Հայրենասիրութիւնը այն գաղափարներէն է, որուն անունով դարեր շարունակ տիրող դասակարգերը շահագործած են աշխատաւորութիւնը։ Հայրենիքի գաղափարով է, որ տիրող դասակարգերը կ՚արդարացնեն զինուորական պահանջը։ Սակայն զինուորութիւնը, որուն վրայ կը ծախսուին միլիոններ եւ միլիառներ, գոյութիւն ունի ոչ թէ հայրենիքի պաշտպանութեան, այլ ներքին եւ արտաքին շուկաներ շահելու, ինչպէս նաեւ աշխատաւոր դասակարգը հնազանդ պահելու համար։ «Ներկայ հասարակակարգի ամենաուժեղ նեցուկը զօրքն է»։[41]Նոյնտեղ, էջ 254։ Եւ հասկնալի է, որ ինչու սինդիկալիզմը կը կռուի այդ ուժին դէմ։
     Սակայն անկարելի է հայրենիքն ու զինուորականութիւնը նոյն նժարին մէջ դնել, միեւնոյն արժէքի երեւոյթները նկատել։ Մինչդեռ զինուորականութիւնը կը ծառայէ որոշ դասակարգերու շահերուն եւ խոչընդոտ կը հանդիսանայ ընկերային զարգացման, հայրենիքի գաղափարը աւելի բարձր մարդկային երեւոյթ է։ Հայրենասիրութիւնը այնքան հին է, որքան մարդկութիւնը։ Անիկա չէ ստեղծուած այս կամ այն դասակարգի հետ եւ, հետեւաբար, կախուած չէ դասակարգերէն։
     Սինդիկալիստները իրենց գործունէութեան առաջին իսկ օրէն իբրեւ գործելակերպ կ՚ընդունին ընդհանուր գործադուլի գաղափարը եւ ասիկա՝ ի տարբերութիւն ընկերվարականներուն։ Աւելի ուշ, այս վերջինները, իրենց կարգին, սկսան ընդհանուր գործադուլի գաղափարը որդեգրել իբրեւ իրենց նպատակներուն հասնելու միջոցի։ «Սինդիկալիստական ընդհանուր գործադուլը պրոլետարական կռուի ամենավճռական եւ միակ զէնքն է. նա հակադրւում է քաղաքական եւ այլ կարգի գործունէութիւններին. նա մինչեւ անգամ նոյնացւում է սոցիալիզմին, ընդհանուր գործադուլը նոյն սոցիալիզմն է»։[42]Նոյնտեղ, էջ 254։

* * *

     «Պսակ» ժողովածուի վերջին գրութեան հեղինակն է Սկեպտիկ, որ ծածկանունն է Աւետիս Ահարոնեանի։[43]«ճեմարանի թանգարանին», անդ։ Գրութեան խորագիրն է՝ «Մենութեան մէջ»։
     Սկեպտիկ զուիցերիական լեռներու ծոցին մէջ, «այս ցաւագին մեծութեան մէջ», ուր գամած է զինք հիւանդութիւնը, պայքարէ հեռու, կ՚արտայայտէ իր մտածումները։
     Ահարոնեանի այս գրութիւնը ուսումնասիրութիւն չէ, սակայն տեղադրուած է «Պսակ»ի գիտական բաժինին մէջ, ուսումնասիրութիւններէն ետք. անիկա գրական հրապարակագրութիւն է։
     Իրաւացի է ժողովածուի խմբագրութիւնը, երբ կը յայտնէ, թէ «հեղինակի մի քանի մտքերին համակարծիք չենք»,[44]«Պսակ», անդ, էջ 256։ որովհետեւ գրութիւնը բաւական յոռետես գաղափարներ կ՚արտայայտէ։ Նոյն տրամադրութեան ազդեցութեան տակ պէտք է գրուած ըլլայ «Պսակ»ի առաջին գրութիւնը՝ «Յոգնութիւն («Պարտուածներ» սերիայից)» եւ վերջին գրութիւնը՝ «Մենութեան մէջ (խոհեր)» խորագրեալ։ Երկու գրութիւններն ալ, յատկապէս վերջինը, պէտք է գրուած ըլլայ Ատանայի 1909-ի աղէտի ազդեցութեան տակ։ «Հեռու, հայրենի աշխարհում լ…յ, ինձ թւում է, թէ ծեծում, քաշքշում, կրծոտում, տրորում են Մէկին, որ անզօր ու հնազանդ՝ հեծեծում է, եւ աչքերից թափւում են կարմիր կայլակները»։[45]Նոյնտեղ։
Կամ՝
     «Հայկական ամբողջ պատմութիւնը, իր այնքան ցաւոտ, յաճախ, դաժանօրէն անփառունակ ընթացքում այնպիսի աղտոտ, մինչեւ կեանքի տականքն իջնող ամօթալի էջեր չէ ունեցել, ինչպէս մեր օրերը»։[46]Նոյնտեղ, էջ 257։
     Կամ՝
     «Ա՜հ, ինչպէս կ՚ուզէի այս օրերի պատմութիւնը ընդմիշտ ջնջուի հայ ժողովրդի մարտիրոսութեան Մեծ Գրքից»։[47]Նոյնտեղ։
     Սկեպտիկ կը գրէ, թէ դատարկութեան մէջ կ՚ապրինք։ Միտքի եւ հոգիի ներքինիները ամէն օր մաս առ մաս կը փշրեն իտէալը։ Ամբոխը չի տեսներ բաց դատարկութիւնը, որովհետեւ ան զբաղած է հարուածելով իր լաւագոյն իղձերը, իր սրբութիւն սրբոցը։
     Հայ ժողովուրդը հինգ դար շարունակ, բարբարոսներու կրունկին տակ փնտռած է իր ինքնութիւնը եւ աչքերը դարձուցած է դէպի այն կողմը, ուր յոյսի նշոյլ մը փայլած է։ Ան թափած է իր ընտրելագոյն զաւակներու արիւնը, որպէսզի իրաւունք ունենայ իր հայրենի հողին վրայ առանց վախի յօրինէ իր աշխատանքի երգը, եւ բաց ճակատով նայի երկինքին, աշխարհին, արեւուն եւ աստղերուն։
     Երբեք չթուլցաւ հայ ժողովուրդին եռանդը։ Ան հաւատաց, որ սահմանադրական Թուրքիոյ մէջ իրագործուած է իր իտէալը։ Սակայն Ատանան եկաւ ցրուելու երջանիկ պատրանքը։ Անկէ ետք՝ դատարկութիւնը, անդունդը։ Ահա՛ թէ ինչու շուարած ամբոխը սկսաւ վազել անառակներու եւ հոգիի ներքինիներու ետեւէն։ Ահա՛ թէ ուր պէտք է փնտռել «այս շշմեցնող դաւերի, մատնութիւնների, ցածութիւնների այս անասելի գարշանքի աղբիւրը, որ պղծում, ապականում է մեր կեանքը է. ամէն տեղ, ուր հայ կայ»։[48]Նոյնտեղ, էջ 259։
     Մեծ գաղափարներու աւերածութենէն ետք, իշխողները միշտ կ՚ըլլան գաճաճներն ու ներքինիները։ «Եւ մեր կեանքի շատ ասպարէզներում այսօր ներքինիներն են իշխում»։[49]Նոյնտեղ։
     Մեծ աղէտներէ ետք, ստեղծագործ աշխատանքի փոխարէն սկսած է թշնամանքի համաճարակը։ Մխիթարութիւն կ՚ըլլայ երբ գտնուի յանցաւոր մը, որուն վրայ կանգ առնէ աւերուած ամբոխի աչքը։ «Ահա յանցաւորը», ճչացին միմոսներն ու ներքինիները, ցոյց տալով հայ ընտիր երիտասարդութիւնը, որ խիտ շարքերով ինկած էր ազգի գողգոթայի ճանապարհին։ Յանցաւորը կ՚իյնայ ոչ թէ հարուածներու տակ, այլ մատնութիւններու եւ ցածութիւններու ձեռքէն։ Յանցաւորը ինկած է, «եւ այն ժամանակ կոյր ամբոխը բաց աչքերով կը տեսնէ Անդունդը ահագին, անծայր դատարկութիւնը, ուր երէկ իտէալն էր, ուր այսօր սարսափն ու մահն է իշխում»։[50]Նոյնտեղ, էջ 261։
     Իտէալը, Մեծ իտէալը չկայ։ Շատ լայն է բաց թողած տեղը։ Ոչ մէկ բան կրնայ լեցնել իտէալին յառաջացուցած մեծ պարապը, ուր կը մխայ ամբողջ ազգի վիրաւոր սիրտը։ Ո՞ւր են 15-20 տարի առաջուան գործող գաղափարական սերունդի մեծ աւանդութիւնները։ «Այս ի՞նչ բարոյական հիւծախտի համաճարակ է, որ քամում է հոգիները…»։[51]Նոյնտեղ, էջ 263։
     Աղէտի առջեւ կանգնած ենք մենք. ժամանակն է սթափուելու։[52]Նոյնտեղ, էջ 264։

* * *

     Վերջացնելու համար,
     «Պսակ» ժողովածուի խմբագիրը՝ Սիմոն Վրացեան, կը տեղեկացնէ, թէ հրատարակուած գործերէն դուրս խմբագրութիւնը ստացած էր նաեւ այլ գրութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ, որոնք դուրս մնացած են ժողովածուէն։ Այսպէս, Յարութիւն Շահրիկեան ղրկած էր յօդուած մը Պեոտր Կրոպոտկինի անիշխանական տեսութեան մասին։ Խաչիկ Կարճիկեան գրած է ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը հայկական իրականութեան մասին։ Լոյս պիտի ընծայուէր յօդուած մը Եղիշէ Թոփչեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին։ Եւ որքան լաւ պիտի ըլլար եթէ հրատարակուէր, որովհետեւ մինչեւ այսօր անծանօթ կը մնան կարգ մը մանրամասնութիւնները անոր կեանքին (օրինակ՝ ծննդեան թուականը)։ Սիմոն Վրացեան գրած էր նաեւ յօդուած մը՝ «Նալբանդեանի առեղծուածը» խորագրեալ։ Վերոյիշեալ բոլոր գրութիւններն ալ զոհ գացած են գրաքննիչի «մողոքին»։[53]Կեանքի ուղիներով, Բ., անդ., էջ 122։

* * *

     Ինչ որ ներկայացուցինք նախորդ էջերուն մէջ ցոյց կու տայ, որ խղճամիտ ուսումնասիրութիւններ են բոլորն ալ։ Մեր նպատակը եղաւ պարզապէս ներկայացնել «Պսակ» ժողովածուն, որ, ինչպէս ըսուեցաւ գրութեան սկիզբը, միակն է ամբողջ աշխարհին մէջ։ Թէ՛ գրական եւ թէ գիտական բաժիններու գրութիւններէն ոմանք նոր լոյս կը սփռեն հեղինակներու գործերուն մասին, մանաւանդ որ անոնք նկատի չեն առնուած – բնականաբար – անոնց ամբողջական գործի հրատարակութեան ատեն, ինչպէս եղած է պարագան Ռուբէն Զարդարեանի, Աւետիս Ահարոնեանի, Նիկոլ Աղբալեանի ու Սիմոն Վրացեանի։
     «Պսակ»ը հրատարակուած է ի գին մեծ դժուարութիւններու, մանաւանդ՝ նիւթական։ Սիմոն Վրացեան համով-հոտով տեղեկութիւն ներ կու տայ այս մասին ալ։ Երկուքով, ինք եւ Միշա Արզումանեանը, այցելութիւն ներ տուած են մեծահարուստներու, որոնք շատ սիրալիր ընդունած են զիրենք եւ մեծ համակրանքով խօսած են երիտասարդութեան եւ «մեր ձեռնարկին մասին»։ «Քաղցր խօսքեր շատ լսեցինք, բայց դրամ քիչ ստացանք. դրամ էր, հոգի հո չէր մեր ուզածը…»։[54]Նոյնտեղ, էջ 123։
     Մեր առաջարկն է վերատպել «Պսակ»ը, որպէսզի միակը չմնայ ամբողջ տիեզերքի մէջ։

 

ԵՂԻՇԷ ԹՈՓՉԵԱՆ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան փայլուն մտաւորականներէն մէկը (՞-1909)։ Եղած է ուսուցիչ, կուսակցական գործիչ (քարոզիչ), խմբագիր եւ հրապարակախօս։ 1898-1903 յաճախած է Փեթերսպուրկի եւ ապա Պերլինի համալսարանները։ Աւարտած է հասարակական գիտութիւններու ճիւղը։ Հմուտ տնտեսագէտ էր եւ մասնագէտ՝ ընկերային հարցերու։ 1905-ին մասնակցած է Կովկասեան յեղափոխական խմորումներուն, Թիֆլիս. շարժումի վարիչներէն էր։ Ատեն մը վարած է Թիֆլիսի «Յառաջ» օրաթերթի խմբագրութիւնը։ Մասնակցած է Վիեննայի մէջ գումարուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան Դ. Ընդհանուր ժողովին (1907)։ Նոյն թուականին ընտրուած է Հ. Յ. Դ. Արեւելեան Բիւրոյի անդամ, Լըժինեան հալածանքներու ատեն կ’անցնի Կարին, ուր 31 Մայիս 1909-ին կը հիմնէ «Յառաջ» թերթը. միեւնոյն ատեն կ’ընտրուի տեղւոյն ազգային վարժարանի տեսուչ։ Արձակուրդին կ’երթայ Պոլիս, ուր կը կատարէ հանգանակութիւն։ Պոլսոյ մէջ ներկայ կ’ըլլայ կուսակցական ժողովներու եւ կ’ապահովէ ուսուցչական նոր ուժեր Կարնոյ իր վարած դպրոցին։ 23 Հոկտեմբեր 1909-ին, երբ Պոլիսէն Կարին կը վերադառնար, կը սպաննուի Յաբէթ Քեշիշեանի կողմէ, որ եղբայրն էր գործակալ խմբապետ Միհրանին։ Քանի մը շաբաթ ետք, դատավարութեան մը աւարտին, Յաբեթ կախաղած կը հանուի։ 

Թոփչեան հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու։ (Եղիշէ Թոփչեանի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար տեսնել Գաբրիէլ Լազեան, «Դէմքեր հայ ազատագրական շարժումէն» գիրքը, Գահիրէ, տպարան Յուսաբեր, 1949, էջ 77-85)։

ԾԶ. Տարի, 2017 թիւ 1

References
1 Ս. Վրացեան, Կեանքի ուղիներով, դէպքեր, դէմքեր, ապրումներ, Բ. հատոր, տպարան Մշակ, 1960, էջ 121-127։
2 Նոյնտեղ, էջ 122։
3, 7, 9, 10, 45, 47, 49 Նոյնտեղ։
4 Նոյնտեղ, էջ 126-127։
5 Նոյնտեղ, էջ 125։
6 Նոյնտեղ, էջ 126։
8 Տեսնել «Պսակ» ժողովածուի ներսի վերջին կողքը։
11 «Պսակ» գրական-գիտական ժողովածու, Մոսկուա, «էլեքտրաշարժ» տպարան Ե. Աւետիքեանի, 1910, էջ 57։
12 Նոյնտեղ, էջ 72։
13 Նոյնտեղ, էջ 76։
14 Ըստ Ս. Վրացեանի, Ն. Ա.ը Նիկոլ Աղբալեանն է։ Տեսնել «ճեմարանի թանգարանին», անդ։
15 «Պսակ», անդ, էջ 78-79։
16 Ակնարկութիւնը կ՚երթայ Եփրեմ Խան Դաւթեանցին (1869-1912), որ Պարսկաստանի մէջ սահմանադրական (խորհրդարանական) կարգ հաստատեց 1909-1912։
17 «Պսակ», անդ, էջ 87։
18 Նոյնտեղ, էջ 96-103։
19, 54 Նոյնտեղ, էջ 123։
20 «ճեմարանի թանգարան», անդ։
21 «Պսակ», անդ, էջ 128։
22 Նոյնտեղ, էջ 136։
23, 25 Նոյնտեղ, էջ 159-161։
24 Նոյնտեղ, էջ 163։
26 «Պսակ», անդ, էջ 179։
27 27 Նոյնտեղ, էջ 192-199։
28 Նոյնտեղ, էջ 202։
29 Նոյնտեղ, էջ 203։
30 Նոյնտեղ, էջ 206։
31 Նոյնտեղ, էջ 212։
32 Նոյնտեղ, էջ 222։
33 Նոյնտեղ, էջ 226։
34 Նոյնտեղ, էջ 228-229։
35 Նոյնտեղ, էջ 239։
36 Նոյնտեղ, էջ 241։
37 Նոյնտեղ, էջ 245։
38 Նոյնտեղ, էջ 245-246։
39 Նոյնտեղ, էջ 248։
40 Նոյնտեղ, էջ 250։
41, 42 Նոյնտեղ, էջ 254։
43 «ճեմարանի թանգարանին», անդ։
44 «Պսակ», անդ, էջ 256։
46 Նոյնտեղ, էջ 257։
48 Նոյնտեղ, էջ 259։
50 Նոյնտեղ, էջ 261։
51 Նոյնտեղ, էջ 263։
52 Նոյնտեղ, էջ 264։
53 Կեանքի ուղիներով, Բ., անդ., էջ 122։