ՏԱՏՐԱԿ ԿԱՄ ՄՇՈՅ ԳԵՂԱՄ
ՎԵՐԱՀԱՍ ԱՂԷՏԻ ՄԸ ԱՐԹՈՒՆ ԴԻՏՈՐԴԸ*

«Կենսագրական պատրանք» կոչուած երեւոյթին գիտակից ըլլալով հանդերձ, պիտի փորձեմ այս հակիրճ աշխատութեան մէջ ի մի բերել որոշ դրուագներ դէմքի մը՝ Գեղամ Տէր Կարապետեանի կեանքէն եւ գործունէութենէն: Դէմք մը, որուն գրական եւ քաղաքական յանձնառութիւնները ծանօթ են XIX-րդ դարէն XX-րդի դարձակէտի՝ Օսմանեան Կայսրութեան հայ գրականութեան եւ պատմութեան քանի մը հազուագիւտ մասնագէտներու միայն: Իր վաստակը (պատմուածքներ, վէպ, պատմագիտական ուսումնասիրութիւններ, ուղեգրական նոթեր), ինչպէս նաեւ վարչական եւ քաղաքական գործունէութիւնը մոռացութեան մատնուած են հաւանաբար առանձնայատկութեան մը պատճառով՝ անոնք ամբողջութեամբ նուիրուած են եղած տարածաշրջանի մը՝ Տարօնին, այսինքն Մշոյ Դաշտին, Մուշ քաղաքին, Սասունին, անոնց ներկային եւ անցեալին. անոր աշխարհագրութեան, հայ ազգաբնակչութեան, հնագիտական եւ կրօնական ժառանգութեան, աւանդոյթներուն, ինչպէս եւ բարբառին (կամ բարբառներուն), որուն բառարանագիրը դարձաւ ինք, ջանալով զայն բարձրացնել գրական լեզուի մակարդակին, համոզուած՝ որ անքակտելի կապ գոյութիւն ունի լեզուին եւ բնավայրին միջեւ: Իրողութիւն՝ որ պիտի ապացուցուէր ապագային. հայ բնակչութիւնը, լեզուն եւ բարբառը ամբողջութեամբ անհետացած են այս տարածաշրջանէն, որուն տեղանունը եւս փոխուած է 1915-ի հայոց ցեղասպանութենէն ետք: Գեղամ, անձնաւորումը Ֆերնան Պրոտէլի[1]F. Braudel, Ecrits sur l’histoire, Փարիզ 1984, հատոր 1, էջ 50-53: նկարագրած մարդուն, որ «երկար ժամանակի վրայ» չի կրնար զանցել տուեալ քաղաքակրթութեան մտային շրջանակն ու աշխարհագրական սահմանները, ընդհակառակը, եղաւ մարդը՝ որ կը պաշտպանէ, կը ստանձնէ այդ շրջանակն ու սահմանները:
     Գեղամ Տէր Կարապետեանի (1866-1918) մէկ աշխատութիւնը միայն`Հողային հարցը, հրատարակուած է իր կենդանութեան, գիրքի կամ աւելի ճիշդ պրակի ձեւաչափով, Կոստանդնուպոլիս, 1911-ին: Քսան տարիներ ետք, 1931-ին Փարիզ հրատարակուած Տարօնի Աշխարհ[2]Գ. Տէր Կարապետեան (Տատրակ), Տարօնի Աշխարհ, պատկերներ ու պատմուածքներ, Փարիզ 1931, 340 էջ, նախաբան` Կարօ Սասունիի եւ … Continue reading գիրքին մէջ, լոյս տեսած են անոր յօդուածներէն եւ վիպակներէն մի քանին: Առաջինը իր տեսակին մէջ՝ այս հրատարակութիւնը, որ կը պարունակէ նախաբան մը եւ բարբառային բառացանկ մը, կը պարտինք Կարօ Սասունիին (1889-1977): Այս խարիսխէն մեկնելով է, եւ անոր օրինակով (Կոստանդնուպոլսոյ մամուլին մէջ լոյս տեսած եւ աշխարհով մէկ սփռուած Գեղամ Տէր Կարապետեանի յօդուածներու եւ ձեռագրերու փնտռտուք), որ՝ Երեւանի Համալսարանի Հրատարակութիւններու անխոնջ աշխատակից Յակոբ Պետրոսեան 1970-էն ի վեր սկսած է իր հետազօտական աշխատանքը, եւ զայն կը շարունակէ մինչեւ այսօր: Պատմական հատուցման փափաքով տարուած, խորհրդային շրջանի այս մտաւորականը, զաւակը ցեղասպանութենէն ճողոպրած մշեցի որբ ծնողներու, յամառօրէն տրուած է Գեղամ Տէր Կարապետեանի աշխատութիւնները հաւաքելու, վերլուծելու եւ հրատարակութեան յանձնելու աշխատանքին: Հաւաքումի աշխատանք մը, որ Խորհրդային Միութեան մէջ խոչընդոտներու հանդիպած էր, թէ՛ պատմաբաններուն պարտադրուած գաղափարաբանական արգելքներուն, թէ՛ Գեղամ Տէր Կարապետեանի ձեռագրերու սփռուած ըլլալուն, եւ թէ՛ անոր կողմէ օգտագործուած գրական ծածկանուններուն պատճառով: Օսմանեան գրաքննութիւնը խաբելու, կամ իր ինքնութիւնը մատնող դիմակով ներկայանալու համար ան օգտագործած է` Գ. Տ. Կ. Տարօնեան, Գ., Ուխտաւոր, Գեղամ, Տատրակ, Տարպան, Ասողիկ[3]Ասողիկ (Ստեփանոս Տարօնեցի), X-րդ դարու հայ պատմիչ, ծագումով տարօնցի:, Տարօնեցի, Գեղամ Տարօնեցի, Մշոյ Գեղամ ստորագրութիւնները: Տարիներու տքնաջան եւ մենաւոր աշխատանքի արդիւնք` Յակոբ Պետրոսեանի լոյս ընծայած երեք գիրքերը այսուհետեւ անհրաժեշտ աղբիւրներ են բոլոր անոնց համար, որոնք հետաքրքրուած են Գեղամի[4] Յ. Պետրոսեան, Գեղամ Տէր Կարապետեան (Մշոյ Գեղամ), Կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը, Երեւան 1983: կենսագրութեամբ, գրական աշխատութիւններով, նորավէպերով, վէպերով եւ պատմուածքներով[5]Գ. Տէր Կարապետեան (Տատրակ), Տարօնի Աշխարհ, նախաբան` հրատարակիչ Յ. Պետրոսեան, Երեւան 1995: 1931-ին Փարիզ … Continue reading, ուղեգրական պատմութիւններով եւ Տարօնի պատմական եւ հնագիտական ժառանգութեան նուիրուած յօդուածներով, կամ պարզապէս` Տարօնի վերջին օրերու պատմութեամբ[6]Գ. Տէր Կարապետեան (Մշոյ Գեղամ), Տարօնի վանքերը: Ուղեւորի յիշատակներ: Նախաբան` Յ. Պետրոսեան, Երեւան 2003.: Յակոբ Պետրոսեան յաջողած է օգտագործել նաեւ Գեղամի դուստր` Արմէնուհի Գեւոնեանի վկայութիւնը: Այդուհանդերձ Գեղամի ձեռագրերուն մէկ մասը միայն հասանելի դարձած են անոր[7]Արմէնուհի Գեւոնեան (1902-2002), ծնեալ` Մուշ, մահացած` Փարիզ, երգչուհի, բանահաւաք, գրագէտ: Տես.` Le Dictionnaire universel des … Continue reading: Գեղամ տենդագին գրող մըն էր: Իր ջղային եւ սուր ձեռագրով գրած է հազարաւոր էջեր` սեւ, մանիշակագոյն կամ կարմիր մելանով: Օգտագործած է հնարաւոր բոլոր միջոցները, թուղթի թերթեր, նոթատետրեր, դպրոցականի գծաւոր տետրեր, լուսանցքներ, յաճախ երկու երեսները գրութեամբ ծածկուած թուղթի կտորներ, որ միաժամանակ կ’ապացուցէ թուղթի պակասն ու իր գրելու անյագ ցանկութիւնը: Մահէն ետք, այրին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ 1918-ին անոր ամբողջական արխիւները յանձնած է Տարօն-Տուրուբերանի Հայոց Հայրենակցական Միութեան[8]Հիմնադրուած Կոստանդնուպոլիս` 1918-1919-ին, միութիւնը փորձած է համախմբել այդ տարածաշրջանի ծնունդ վերապրողները: … Continue reading:
     1922-ին, քեմալականներու յաղթանակի նախօրեակին, միութեան արխիւները ղրկուած են Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննա, յանձնուելով Մխիթարեաններու խնամքին[9] Թերեւս անոնք ծառայած են Յ. Ոսկեանի աշխատութեան, Տարօն Տուրուբերանի Վանքերը, Վիեննա, 1953:, եւ այնուհետեւ` Աքրոն (ԱՄՆ), ուր եւ հաստատուած է միութեան նստավայրը: Օհայօ նահանգի արդիւնաբերական այս քաղաքին մէջ այդ օրերուն 1914-էն առաջ գաղթած մեծ թիւով տարօնցի հայ աշխատաւորներ կը բնակէին: Ապա, երկու պատերազմներու միջեւ ինկող ժամանակաշրջանին, այդ ձեռագրերը յանձնուած են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Մոնմորանսիի թանգարանին: Աւելի ուշ, թանգարանը ամբողջութեամբ փոխադրուեցաւ Պոսթոն: Այս փոխանցումներու ընթացքին Գեղամի ձեռագրերէն ոմանք իւրացուած կամ կորսուած են: Այսօր անոնք սփռուած են Պոսթոնի, Փարիզի, Պէյրութի եւ Երեւանի մէջ[10]Յատկանշական օրինակ մը հայութեան ժամանակակից պատմութեան առնչուող վաւերագրերու աշխարհասփիւռ իրավիճակին::
     Գեղամի արխիւներու ամէն կողմ սփռուելէն առաջ, Կարօ Սասունի[11]Կ. Սասունի, նախաբան` Տարօնի աշխարհ-ի, (Տես. թիւ 2), էջ 14-19: կրցած է դասակարգել զանոնք: Ան զատորոշած է «բանասէր, պատմաբան, ազգագրագէտ» եւ միւս կողմէ՝ պատումներու հեղինակ գրագէտ Գեղամի արտադրութիւնները. անջատած՝ հրատարակուածները եւ անտիպ ձեռագիրները: Այսպէս, Մշոյ բարբառին առնչուող 400 էջնոց ձեռագիր մը կը պարունակէ`բառացանկ, քերականութիւն, եւ 1898-էն 1915 հաւաքուած ասացուածքներ ու հանելուկներ. խոշոր տետրակ մը, ուր ներկայացուած են վանքերու եւ Տարօնի շրջանին մէջ պահպանուած 1869 հին ձեռագրերէ առնուած 831 յիշատակարաններ (colophons)[12]Բացատրութիւնը կը վերաբերի երկրորդ տետրակին: Առաջինը կորսուած է:. 1500 էջ հաշուող երկու այլ տետրակներ, նուիրուած՝ «Մուրատատուր Մշոյ Սուրբ Կարապետ» վանքին, ուր գրառուած են Սուրբ Կարապետի պատմութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ ծնունդէն մինչեւ 1907 թուական եւ դարերու ընթացքին զայն ղեկավարած անձնաւորութիւններու անուանացանկը[13]Այս ուսումնասիրութեան 300 էջերը Գեղամին կողմէ թղթածրարներու վերածուած եւ յօդուածներու ձեւին տակ լոյս տեսած … Continue reading. 120 էջնոց տետրակ մը, գրուած Գեղամի ծանր հիւանդութեան շրջանին Կոստանդնուպոլիս (1915-1916)[14]Տես. ստորեւ:, «Էնվէրի եւ Թալաթի կողմէ ծրագրուած եւ իրագործուած» Ապրիլ 1915-ի ջարդերուն վերաբերեալ. Հողային հարցը, փոքրիկ պրակ մը, հրատարակուած 1911-ին:

 

ԱՅՆ՝ ԻՆՉ ՉԵՂԱՒ ՂԵԿԱՎԱՐԻ ՄԸ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ

     Գեղամ Տէր Կարապետեան ծնած է 1866-ին[15]Կը պահենք Պետրոսեանի նշած թուականը, Գեղամ Տէր Կարապետեան (Տես. թիւ 4), էջ 8, թ.1: Այլուր երբեմն կը գտնենք 1865 … Continue reading, Մշոյ դաշտի Խէյպիան գիւղը, որ կը գտնուի Արածանիի կամ Արեւելեան Եփրատի եզերքին: Մանկութեան այս երկիրը երջանկութեան աշխարհ մը չէ: Հայրը, Կարապետ Յովհաննէսեան (1827-1902), որ նմանապէս ծնած էր Խէյպիան, (աղքատ գիւղ, ուր միայն կորեկի հաց կ’ուտէին)[16]Ինչպէս Սասունցի Դաւիթի հերոսները:, 1865-ին դարձած էր գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ քահանայ, եւ այդ պաշտօնը պահած մինչեւ մահը[17]Գեղամ Տէր Կարապետեան կենսագրական տուեալներ փոխանցած է հօր մահուան նուիրուած յօդուածի մը մէջ: Տէրտէրին մահը, … Continue reading: Բազմանդամ ընտանիքի հայր համեստ քահանան, որ բախտն ունեցած էր ճանչնալու Սրուանձտեանց եպիսկոպոսը, անձամբ կը զբաղի անդրանիկ որդւոյն` Գեղամի ուսուցումով, անոր փոխանցելով իմացութեան սէրը, ապա տասը տարեկանին զայն ղրկելու համար Սուրբ Կարապետ Վանք: Երեխան կը մնայ այս փառայեղ, պատմութեամբ հարուստ կառոյցին մէջ մինչեւ 1880, որմէ ետք մուտք կը գործէ Մշոյ Կեդրոնական Վարժարան: Նորաստեղծ[18]Ստեղծուած Միացեալ Ընկերութեան նախաձեռնութեամբ, ընկերակցութիւն` որ ծնած է Կոնստանդնուպոլիս, 1880-ին, հայկական … Continue reading եւ «ժամանակակից» հայկական այս կրթարանին մէջ, որուն տնօրէնն էր հայրենասէր եւ սքանչելի մանկավարժ` Մկրտիչ Սարեան[19]Մ. Միրախորեան, Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի (Voyage descriptif dans les provinces … Continue reading, կը դասաւանդուին… ֆրանսերէն եւ մարմնամարզութիւն: Սակայն 1882-ին, առանց դպրոցական տարեշրջանը աւարտելու, Գեղամ կը վերադառնայ վանք, ուր՝ հաւանաբար նիւթական կաշկանդումներով՝ կը կատարէ զանազան գրաւոր աշխատանքներ: Գեղամ աղքատ է. աղքատութիւնը պիտի ըլլայ անոր հաւատարիմ ընկերը` կեանքի գրեթէ ամբողջ ընթացքին:
     1884-ին 18 տարեկան է, քահանայ չէ դարձած. արդէն իսկ ունի գաւառական ինքնուս մտաւորականի մը յատկանիշները, վերադարձած է Մուշ եւ ստանձնած՝ հայոց առաջնորդարանի քարտուղարի պաշտօնը: 1884-էն 1908, ի բաց առեալ քանի մը կարճատեւ ընդմիջումներ[20]Կ’ենթադրուի թէ մէկ տարի եղած է Էջմիածինի Գերագոյն Հոգեւոր Ճեմարանը (այս տեղեկութիւնը հաստատուած չէ):, Գեղամ ներկայ է Մշոյ առաջնորդարանէն ներս[21]Սուրբ Կարապետ վանքը, որ երկար ժամանակ եղած է Առաջնորդարանին նստավայրը, եւ որուն վանահայրը նոյնինքն Մշոյ … Continue reading: Լաւատեղեակ չենք Սուրբ Կարապետի մէջ անոր ստացած ուսումին մասին, սակայն կրնանք կատարել բազմաթիւ հաստատումներ: Սերտած է գրաբար, որուն շարահիւսութիւնը, բառապաշարը եւ հին արտայայտչաձեւը ներկայ են անոր գրութիւններուն մէջ : Շատ լաւ գիտէ Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւնը: Պաշտամունք ունի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի, Սուրբ Թարգմանիչներ Սահակի եւ Մեսրոպի, Մովսէս Խորենացիի, Գրիգոր Նարեկացիի հանդէպ: Բայց նաեւ` Մկրտիչ Խրիմեանի (1920-1907) եւ Գարեգին Սրուանձտեանցի (1840-1892), որոնք թէեւ իր վարպետները չեն եղած, այդուհանդերձ իրենց գաղափարական շունչով Սուրբ Կարապետ այցերէ (1862-1872) ետք երկար տարիներ պահած են իրենց ներգործօն ուժը: Հին ու ժամանակակից բոլոր այս անձնաւորութիւններու կեանքն ու գործունէութիւնը, Գեղամին համար, անբաժանելի են Տարօն-Տուրուբերան նահանգէն[22]Նահանգին պատմական անունը, որ մօտաւորապէս կը համապատասխանէ Պիթլիսի վիլայէթ-ին:, եւ Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին ինկած Հայաստան աշխարհէն:
     Թանզիմաթի շրջագիծէն ներս` հայ ազգային սահմանադրութեան հռչակումէն ի վեր (1863), հակառակ հեռաւորութեան եւ հաղորդակցութեան դժուարութիւններու, կանոնաւոր յարաբերութիւն կար Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքին եւ իր միջոցով նշանակուած` Տարօն-Տուրուբերանի թեմի առաջնորդին միջեւ: Առաջնորդարան է որ կը հասնէին` Պատրիարքարանին հրահանգները, պահանջներն ու նշանակումները, տեղական հայ բնակչութեան բողոքները, ինչպէս նաեւ Պիթլիս վիլայէթի վալիին եւ Մուշ սանճակի գայմագամին ճամբով կառավարութեան արձակած հրամաններն ու պահանջները: Հոս է որ կը գրանցուէին ծննդեան վկայականները, այստեղէն է որ կը մեկնէին պատրիարքարանին ուղղուած` թեմի թաքրիրները (խնդրագիր), գոյքագրումները, վիճակագրութիւնները, յուշագրութիւններն ու գանգատներու տետրակները: Տեղական ընկերութեան դիտակէտ մըն էր ան, կեանքի դպրոց մը, ուր Գեղամ կը կազմաւորուէր:
     1880-ական թուականներուն, որոնք բնորոշուեցան իբր Վերածնունդի տարիներ, XIX-րդ դարու հայկական վերածնունդը արձանագրեց վճռորոշ թռիչք: Կարելի է խօսիլ «ութսունական թուականներու սերունդին»` Պերլինի վեհաժողովի խոստումներէն ազդուած սերունդին մասին (1878): Գեղամ այդ սերունդին կը պատկանի: Անոր պատանութեան կարճ ժամանակաշրջանը կը զուգադիպի հայկական Հարցի միջազգայնացումին, ծանօթ ու մեծարուած գործիչ` Մկրտիչ Խրիմեանի առաջնորդութեամբ եւրոպական մայրաքաղաքներ մեկնած պատուիրակութեան, եւ «հայերով բնակեցուած նահանգներուն» մէջ Պերլինի պայմանագրի 61-րդ յօդուածին համաձայն բարենորոգումներ կատարելու խոստումի ժամանակահատուածին: Արձագանգները կը հասնին Արեւելեան Անատոլիա, որուն քաղաքական աշխարհագրութիւնը տակն ու վրայ եղած էր Կարսի, Արտահանի եւ Պաթումի կցումով Ռուսաստանի. կցում՝ որու հետեւանքով թափ առած էր Կովկաս մեկնող հայ գաղթականութեան տեղաշարժը: Այս իրադարձութիւնները պիտի ըլլային յոյսերու, նաեւ յուսախաբութիւններու աղբիւր, որոնք ծնունդ տուին Ռաֆֆիի (Կայծեր, Խենթը) եւ Ծերենցի (Երկունք) վէպերով սնուած ամբողջ սերունդի մը բոցավառ երեւակայութեան:
     1880-ին Գեղամ 14 տարեկան է միայն, երբ կը յաջողի Կոստանդնուպոլսոյ Մասիս շաբաթաթերթին մէջ հրատարակել իր առաջին յօդուածը` «Թղթակցութիւն Հայաստանէն»: Հայ մամուլին մէջ վարած տասնեակ տարիներու պաշտօնին առաջին քայլն է այս: Առաւել յատկանշական են 1886-էն 1888 Գարեգին Սրուանձտեանցին հասցէագրուած իր ութ նամակները[23]Գեղամի նամակները պահուած են Երեւանի գրականութեան թանգարանի Սրուանձտեանցի հաւաքածոյին մէջ: Վարդապետ … Continue reading: Սրուանձտեանց նոր նշանակուած է Տրապիզոնի առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոս: Գեղամ կ’արտայայտէ իր մտահոգութիւնը Տարօնի անմխիթար վիճակին մասին. աղքատութեան մէջ կորած եւ հարկերու տակ կքած բնակչութիւն մը, վարժարաններու բացակայութիւն կամ հազուագիւտ դպրոցներու փակում, լքուած եւ աւերուած վանքեր, Սուրբ-Կարապետ վանքին համար նշանակուած անարժան վանահայր մը, կառավարութեան անվերջ սպառնալիքները:
     1889-ի գարնան, Գիւլիզարի առեւանգումը կը փոթորկէ անոր կեանքը: Մշոյ դաշտի Խարձ գիւղի ծնունդ, 14 ամեայ հայ պարմանուհի` Գիւլիզար, կ’առեւանգուի քիւրտ հզօր ցեղապետի մը` Մուսա Բէկին կողմէ, անոր հայրական տան վրայ կատարուած յարձակումէն ետք: Բէկի կրտսեր եղբօր յանձնուելով, Գիւլիզար կ’արգելափակուի եւ բռնի կերպով կրօնափոխ կը դարձուի[24]Ա. Գեւոնեան, Գիւլիզար [Les noces noires de Gulizar, հայերէնէ ֆրանսերէն թարգմանութիւնը` Ժ. Մուրատեանի, համալրուած` Ա. Տէր … Continue reading: Սովորական դէպք՝ Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան այս նահանգին մէջ, ուր ծանօթ են քիւրտ ցեղախումբերու խառնակութիւնները, մայրուղիներու վրայ կազմակերպուած կողոպուտները, քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ անհաւասարութիւնն ու ընկերային բռնութիւնները: Սակայն այս դէպքը, որ սովորական պատահար էր այլոց շարքին, կը վերածուի քաղաքական իրադարձութեան, քանի իր ընտանիքին համար այլեւս ամէն իմաստով «կորած» երիտասարդ Գիւլիզար, տգէտ սակայն հաւատացեալ գեղջկուհի մը, պիտի յամառի պայքարելու՝ իր պատիւը վերականգնելու համար: Անատոլիոյ բնակչութեան մօտ, եւ նոյնիսկ ամենէն համեստներուն, պատիւի զգացումը, ընտանեկան ու ամուսնական յարաբերութիւններու մէջ, հիմնական տեղ կը գրաւէր (կը գրաւէ մինչեւ այսօր): Գիւլիզար պիտի օգտագործէ իր խելամտութեան ու խորամանկութեան բոլոր կարողութիւնները` մերժելու համար իր ճակատագիրը. կը յաջողի յաղթահարել վախն ու ամօթը, կը դատապարտէ Մուսսա Բէկը, Պիթլիսի մէջ կայացած դատարանի մը առջեւ կը հաստատէ, որ հայ է եւ քրիստոնեայ, կը դիմադրէ մահմետական խուժանի զայրոյթին, ու կը յաջողի ազատ արձակուիլ[25] Մահմետական աշխարհի մէջ, իր կրօնքը ուրացողը մահուան կը դատապարտուէր:: Այսօր դժուար է պատկերացնել թէ օրին ի՞նչ արձագանգ գտած է այս իրադարձութիւնը Կոստանդնուպոլիսէն Թիֆլիս, Լոնտոնէն Սէնթ Փեթերսպուրկ[26]Մինչեւ այսօր, Վանէն Պիթլիս, Մուշէն Տիարպէքիր, քիւրտ աւանդական երգիչներ կ’երգեն Գիւլիզարի ողբը:: Դիւանագիտական ճնշումի ներքեւ Օսմանեան կառավարութիւնը կ’ընդունի Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Մուսա Բէկի համար նոր դատավարութիւն մը կազմակերպելու սկզբունքը: Գեղամ մասնակից եղած էր երիտասարդ աղջկան ազատ արձակման համար առնուած քայլերուն: Մշոյ եպիսկոպոսին միջոցով ան պարտականութիւն կը ստանձնէ, Մարգար Վարժապետի ընկերակցութեամբ[27]Մարգար վարժապետ (?-1894). Խարձի մօտակայքը գտնուող Վարդենիս գիւղի դպրոցի ուսուցիչը, որ 1893-ին ձերբակալուեցաւ եւ … Continue reading ուղեկցելու Գիւլիզարը եւ տասնեակ մը հայ հայցաւորներ` Մուսա Բէկի մեծ դատավարութեան, որ տեղի պիտի ունենար Կոստանդնուպոլսոյ մէջ 1889-ին: Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաք իր եռամսեայ այս այցելութիւնը Գեղամին համար առիթ մըն էր Պոսֆորի ափերէն յայտնաբերելու Եւրոպան, եւ կապեր հաստատելու Պոլսոյ[28]Կոստանդնուպոլսոյ հայերէն անունը: Աշխարհի բոլոր հայերուն համար Իսթանպուլը կը մնայ` Պոլիս: հայ մտաւորականութեան հետ: Փորձառութիւն մը, որ կը հասունցնէ զայն, կ’ամրագրէ անոր յանձնառութիւններն ու գրողի կոչումը: Երբ դատավարութենէն ետք Գիւլիզար կը վերադառնայ Մուշ[29]Դատավարութեան վերջնական վճիռին համաձայն Մուսա Բէկ կ’աքսորուի  Կայսրութեան արաբական մէկ նահանգը: 1915-ին զայն … Continue reading, Գեղամ կը խնդրէ անոր ձեռքը, կ’ամուսնանայ անոր հետ, եւ կը փրկէ «ազգային պատիւը» (1892): Երիտասարդ զոյգը, որ կ’ապրի քիւրտերու վրէժխնդրութեան տեւական սպառնալիքին ներքեւ, կ’ապաստանի Տիարպէքիր (1894): «Համիտեան ջարդերու» ահռելի շրջանն է որ կը սկսի Սասնոյ մէջ, ու կը տարածուի Անատոլիոյ տարածքին: Գեղամ կը դառնայ Տիարպէքիրի առաջնորդարանի քարտուղար, եւ այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1896-ի աւարտ: Գիւլիզարի ու իրենց առաջնեկին հետ հոն պիտի ապրի ահռելի փորձառութիւն մը` Տիարպէքիրի քրիստոնեայ բնակչութեան ջարդը (Նոյեմբեր 1895)[30]G.Meyrier, Les massacres de Diarbekir: correspondance diplomatique du Vice-Consul de France, 1894-1896: [Կ. Մէրիէ, Տիարպէքիրի ջարդերը. Ֆրանսայի փոխ … Continue reading: Այս մասին ան մինչեւ 1911[31]«Ես շատ սիրեցի Տիարպէքիրի հայերը: 1895-ին երբ առաջնորդարանի քարտուղար էի, անոնք քաջաբար դիմադրեցին քիւրտերու … Continue reading թուական որեւէ ակնարկ չի կատարեր, թէեւ երկարօրէն արձանագրութիւններ կը պահէ այդ տարածաշրջանի (ուր մեծ թիւով ներկայութիւն են քիւրտերը) հայկական «օճախներու», վարժարաններու եւ անոնց ժամանակավրէպ մանկավարժութեան, յաճախ աւերուած[32]Տես. Ուղեւորի յիշատակներ, (նօթ 6), էջ 153-246 : Յօդուածներու շարք, 1894 –ին եւ 1895-ին հրատարակուած Արեւելք-ի մէջ: Գեղամ … Continue reading եկեղեցիներու եւ վանքերու, ինչպէս նաեւ ձեռագրերու հանդէպ անտարբեր ու տգէտ հոգեւորականութեան մասին: Իսկ Ուրֆայի (նախկին Եդեսիա) եւ Այնթապի մէջ դասաւանդելով առիթ կ’ունենայ առաւել հարստացնելու իր տեսադաշտը: 1897-ին, երբ կացութիւնը համեմատաբար կը հանդարտի, Գեղամ կը վերստանձնէ Մշոյ իր պաշտօնը, որ կը պահէ մինչեւ 1908-ի յեղափոխութիւնը, բացառութեամբ 1898-ին ձերբակալուելէ ետք Մշոյ բանտին մէջ անցուցած քանի մը ամիսներուն: Զուգահեռաբար, թէ՛ մանկավարժութեան համար իր մտասեւեռեալ հետաքրքրութեան, եւ թէ՛ ընտանիքին[33]Զոյգը չորս զաւակ ունեցած է: կարիքները հոգալու անհրաժեշտութենէն մղուած, ան 1900-էն 1906 կը դասաւանդէ Մշոյ Մխիթարեան վարժարանին մէջ:
     Առաջնորդարանի քարտուղարի իր պաշտօնավարութեան շրջագիծէն ներս է անշուշտ, որ Գեղամ շարադրած է Վիճակագիր Մշոյ առաջնորդական բոլոր թեմին[34]Ներկայացուած է առեւտուրի գիրքի մը ձեւաչափով (22,5 cm/32,5 cm), առանց թուականի, որուն 193 էջերէն 187-ը ծածկուած են … Continue reading: Այս թանկարժէք փաստաթուղթը պատրաստուած է պատրիարքարանի 5 Յունուար եւ 21 Յունիս 1902 թուակիր զոյգ շրջաբերականներով ներկայացուած պահանջին ի պատասխան: Կը վերաբերի դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, վանքերուն, մատուռներուն եւ անոնց պաշտօնեաներուն: Ան վիճակագրութիւնն է շուրջ երկու հարիւր քաղաքներու, գիւղերու, անուանեալ վայրերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրի պարագային կը նշուի առկայ հայ օճախներու, եկեղեցիներու վանքերու, ինչպէս եւ ծառայողներու թուաքանակն ու անունները. հայ վարժարաններու առկայութեան պարագային` նաեւ անոնց ուսուցիչներու եւ աշակերտներու թուաքանակը: Այս փաստաթուղթը այսօր մեզի համար կը ներկայացնէ անգնահատելի արժէք` տեղանուններու ուսումնասիրութեան եւ պատմական ժողովրդագրութեան առումով[35]Գիտենք, որ ներկայ Թուրքիոյ տեղանուանագիտութիւնը նոյնը չէ ինչ որ էր Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին: Սեւան … Continue reading, սակայն անհնար է ըսել թէ ան ինչպէս պատրաստուած է: Ցուցատախտակին պատկերը մռայլ է. գիւղերը ընդհանրապէս ունին խառն բնակչութիւն, որու մէջ հայերը փոքրամասնութիւն կը կազմեն. քրիստոնէական բազմաթիւ սրբավայրեր լքուած են, եւ մեծամասնութեան պարագային «դպրոց» գլուխը պարապ ձգուած է:
     1908-ի Երիտթուրքերու յեղափոխութեան շրջանը կը ներկայացնէ Գեղամի կեանքին երկրորդ մեծ շրջադարձը: Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի կողմէ 1876-ի սահմանադրութիւնը վերահաստատուած ըլլալով, Գեղամ առանց դժուարութեան 1908-ի աշնան կ’ընտրուի Մշոյ հայ երեսփոխան (մէպիւս) Օսմանեան խորհրդարանէն ներս[36]Այլ երեսփոխան մը, Հոճա Իլիաս, կը ներկայացնէ Մշոյ թուրք եւ մահմետական ընտրողները:, որ կը գումարուի Դեկտեմբերին` Կոստանդնուպոլսոյ մէջ: Ոչ մէկ կասկած, որ այս նոր կարգավիճակը կը շոյէ Գեղամին ինքնասիրութիւնը, որուն շնորհիւ ան մեծ լրջութեամբ կը ստանձնէ ժողովուրդի ներկայացուցիչի իր հանգամանքը: Ամբողջութեամբ կը նուիրուի այս գործին. կը սորվի քաղաքական կեանքի տարրական սկզբունքները` տարաբնոյթ տարրերէ, անփորձառու եւ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ մահմետականներէ բաղկացած կիսամիապետական այդ երկրի խորհրդարանին մէջ:  Այսուհետեւ, ան կը բնակի Կոստանդնուպոլիս, սակայն կը հաղորդակցի իր ընտրողներուն հետ, կ’արձանագրէ անոնց գանգատները[37]Համազգայինի Պէյրութի կեդրոնական արխիւը կը պահպանէ «Տէր Կարապետեան Գեղամ (Տատրակ)» անունը կրող արխիւ, թիւ 13/1: … Continue reading, եւ մինչեւ «Օգոստոս 14», ամէն ամառ կը վերադառնայ Մուշ, «իր ժողովուրդին» մօտ: Ան միաժամանակ ընտրուած է հայ Ազգային Ժողովի անդամ, ուր իր մասնակցութիւնը եղած է նոյնքան կանոնաւոր որքան զուսպ[38]Ազգային ժողովը, հիմնադրուած` Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ հաւատարիմներու … Continue reading: Գրագէտ-երգիծաբան Երուանդ Օտեան, հայ երեսփոխաններու մասին սրախօսելով, կը գրէ, թէ Գեղամ խորհրդարանի նիստերուն ժամանակ ելոյթ կ’ունենայ միմիայն իր նահանգին` Տարօնի թշուառութեան մասին վկայելու համար.

Անոր խօսակցութեան միակ եւ յաւիտենական նիւթը Մուշն էր, գիւղացիներու գոյավիճակը, ցեղապետերու վայրագութիւնները, կառավարութեան կեցուածքը, [միայն] հողերու բռնագրաւում էր, կողոպուտ, աղէտ ու դժբախտութիւն[39]Ե. Օտեան (1869-1926), Մեր երեսփոխանները, 1914-ին «Մանանա» պարբերաթերթին մէջ հրատարակուած եւ 1959-ին Վենետիկի մէջ … Continue reading:

 Սակայն «սարսափահար, մեղմ ու գրաւիչ աչքերով, համեստ ու տխուր, դարերու տառապանքի կնիքը դէմքին կրող»[40]Նոյն տեղը: մարդու պատկերի ետին կը գտնուէր Հ.Յ.Դ.-ի անդամ գործունեայ դաշնակցականը:

 

 ՏԱՐՕՆԻ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԸ

     Դժուար է ըսել թէ Գեղամ ճիշդ ո՞ր թուականին միացած է Հ.Յ.Դ.-ին, քանի նոյնքան դժուար է յստակօրէն նշել թէ Հ.Յ.Դ. ո՞ր թուականին հիմնած է իր կանոնաւոր կազմակերպական կառոյցը հայ ժողովուրդի առասպելական այս օրրանին` Տարօնի մէջ, ուր ժամանակին իշխած են Մամիկոնեաններն ու Բագրատունիները:
     Գիտենք, որ Պերլինի Դաշնագրի (1878) չիրագործուած խոստումներու հետեւանք յուսախաբութիւններն են, որ հայ երիտասարդութիւնը մղեցին քաղաքական գործունէութեան: Սակայն Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ստեղծումէն առաջ հայ ժողովուրդը Տարօնի մէջ ծնունդ տուած էր «լեռներու արքաներու», որոնց շարքին Արաբօն կամ Մխօն, իսկական անվախ աւազակներ, որոնք քիւրտերու դէմ մղուած պայքարին մէջ դարձան հայ գիւղացիութեան պաշտպան ֆետայիներ[41]Rouben, Mémoires d’un partisan arménien: fragments [Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակները: 1951-1952, 7 հատոր]: Հայերէնէ ֆրանսերէնի … Continue reading՝ սրբապատկերի վերածուած Սերոբ Աղբիւրներ, Ճարտարներ, Մուշեղներ, Հրայրներ, Գէորգ Չաւուշներ (Սարհատ): Ֆետայական կռիւներէն առաջ ծագեր են ինքնաբուխ ապստամբութիւններ, իսկ Զէյթունի, Վանի կամ Էրզրումի մէջ կազմուեր են կարճակեաց գաղտնի ընկերութիւններ: Եղած է նաեւ «առաքեալներու սերունդ»ը, Կովկասէն եկող կամ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին աշխատող հայ ուսեալ երիտասարդներ[42]Մկրտիչ Խրիմեանի, Գարեգին Սրուանձտեանցի, Արիստակէս Տեւկանցի կամ Մանուէլ Միրախորեանի հրատարակութիւններով, … Continue reading, որոնք՝ աշխարհագրագէտի, լրագրողի կամ ազգագրագէտի ծպտումին տակ՝ կը շրջագայէին յայտնաբերելու համար իրենց հայրենի բնաշխարհը:
     Վանի մէջ 1885-ին Մկրտիչ Փորթուգալեանի խումբ մը աշակերտներու նախաձեռնութեամբ կը հիմնուի Արմենական կուսակցութիւնը, որ հայկական առաջին քաղաքական կուսակցութիւնն էր: Մկրտիչ Փորթուգալեան բարեփոխումներու պաշտպան ազատական մըն էր: Գեղամ զայն կը նկարագրէ իբրեւ «ազատատենչ եւ հայրենասէր մանկավարժ», որ կը ծառայէ ի խնդիր լուսաւորութեան[43]1914-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Մկրտիչ Փորթուգալեանի յոբելեանին առիթով լոյս տեսած Նոր անցեալի մը յիշատակներ … Continue reading տարածման: Արմենականները, որոնք առաջին հանգրուանին կեդրոնացած էին միայն Վասպուրականի մէջ[44]Վան նահանգի միջնադարեան անուանումը:, ազատականներ էին որոնք սակայն հայ գիւղացիութեան ինքնապաշտպանութեան համար կիրառած էին յեղափոխական բիրտ գործելաոճը: Բայց կովկասեան մտաւորականութիւնն է որ կը ստեղծէ հայ քաղաքական զոյգ կազմակերպութիւնները: Իրենք զիրենք մարքսիստ կոչող վեց հայ ուսանողներ, Ժընեւի մէջ 1887-ին կը հիմնեն Սոցիալ- Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը: Անոնց ծրագիրն ու մարտավարութիւնը, ահաբեկչական գործելաոճը, կը բացայայտեն ռուսական ժողովրդապաշտութեան (populisme) ազդեցութիւնը: Իսկ ուսանողական եւ մտաւորական փոքր շրջանակներու միաձուլումով, ուր ընդգրկուած են ժողովրդապաշտներ, ազատականներ, անիշխանականներ եւ մարքսիստներ, 1890-ի ամրան, Թիֆլիսի մէջ կը ծնի Հայ Յեղափոխականներու Դաշնակցութիւնը, որ աւելի ուշ պիտի կոչուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն: Այս միաձուլումը կ’արագանայ Գիւլիզարի առեւանգման, Մուսա Բէկի դատավարութեան, ինչպէս նաեւ Կուկունեանի արշաւանքի ձախողութեան իբրեւ հետեւանք[45]Կովկասէն մեկնած եւ թրքահայութեան օժանդակելու նպատակով կազմակերպուած շուրջ հարիւր հայ երիտասարդներու … Continue reading: Երկու կուսակցութիւնները, որոնք ունին ընկերային միեւնոյն հիմքը, եւ կը հետապնդեն միեւնոյն նպատակները, այսինքն` Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին ապրող հայութեան պաշտպանութիւնն ու ազատագրումը, համոզուած են որ «հայկական յեղափոխութիւնը» միջոց մըն է եւրոպական դիւանագիտութեան վրայ ազդելու եւ այդ ճամբով բարենորոգումներու եւ Հայկական Հարցի քաղաքական լուծման շուրջ նպաստաւոր մթնոլորտ ստեղծելու: Թէեւ երկու կուսակցութիւններու միջեւ նախատեսուած միութիւնը կը ձախողի ընկերվարութեան շուրջ տարակարծութիւններու հետեւանքով, այդուհանդերձ երկուքն ալ կը պաշտպանեն ժողովրդային ցոյցերու, զինեալ պայքարի եւ ֆետայիներու առաջնորդութեամբ հայ զանգուածներու ինքնապաշտպանական կռիւներու գործելաոճը, որոնց օրինակը ակնյայտօրէն առնուած էր պուլկարական փորձէն: Ծանօթ են այս բոլորին յաջորդող անխուսափելի իրադարձութիւնները. հայ զանգուածային ցոյցեր, մեծ պետութիւններու բառային «միջամտութիւն»ներ, մահմետականներու զանգուածային վայրագ «խռովութիւններ» ու կառավարական ճնշումներ: Գում Գափուի մէջ հնչակեաններու կազմակերպած ցոյցէն (27 Յուլիս 1890) մինչեւ Պանք Օթոմանի գրաւումը դաշնակցական զինեալներու կողմէ (26 Օգոստոս 1896), «համիտեան ջարդեր»ուն զոհ կ’երթան աւելի քան 200 000 հայեր:
     Նախ՝ հնչակեանները կը յայտնուին Սասնոյ մէջ, ուր աչքի կ’իյնայ անոնց ամենայայտնի անդամներէն` Մուրատ[46] Իսկական անունով` Համբարձում Պոյաճեան (1867-1915), 1908-ին կ’ընտրուի Օսմանեան խորհրդարանի անդամ:: Կը մասնակցին Սասնոյ առաջին ապստամբութեան (1893-1894), զոր կը խեղդուի արեան մէջ: 1896-ին, հնչակեանները կուսակցութեան ծրագրի եւ մարտավարութեան շուրջ տարակարծութիւններու հետեւանքով կը պառակտուին, որուն իբրեւ հետեւանք Տարօնի մէջ անոնց տեղը կու գան գրաւել դաշնակցականները: Դժուարին նուաճում մը` Պարսկաստանէն եւ Կովկասէն՝ անվաղորդայն Խանասորի արշաւանքէն ետք (1897)[47]Դաշնակցական 250 ֆիտայիներու կողմէ Պարսկաստանէն կատարուած վրէժխնդրական արշաւանք` համիտեան ջարդերուն … Continue reading: Հաւանական է, որ Գեղամ իր քաղաքական գործունէութիւնը սկսած ըլլայ այդ ժամանակաշրջանին` նկատի ունենալով անոր ձերբակալութիւնը 1898-ին: Դաշնակցականներու կողմէ կազմակերպուած Սասնոյ երկրորդ ապստամբութիւնը (1904) կ’եզրափակուի թրքական բանակին հետ արիւնայեղ բախումներով (որոնց կը մասնակցին Անդրանիկ[48]Անդրանիկ Օզանեան (1865-1927), ամենէն յայտնի եւ ժողովրդական հայ ֆետային: Ստացած է ռուսական բանակի հրամանատարի … Continue reading ու Սեբաստացի Մուրատ) եւ ապա՝ ֆետայիներու Կովկաս նահանջով, ուր սկսած էին «հայ-թաթարական» կռիւները, 1905-ի Ռուսական Յեղափոխութեան նշանակալի դրուագներէն մէկը:

 

ԳԵՂԱՄ ԵՒ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

     Մինչեւ 1904 թուական, Գեղամին կուսակցական-յեղափոխական գործունէութիւնը մեզի կը մնայ անյայտ: Ան ծայր աստիճան գաղտնապահ է. գաղտնապահութիւն՝ որ կը բացատրուի Մշոյ առաջնորդարանէն ներս անոր պաշտօնական կարգավիճակով, ու իր մնայուն, հասկնալի վախով՝ իշխանութիւններու կամ քիւրտ թոռուններու պատժիչ հակազդեցութենէն: Թէեւ յարումը յեղափոխական կազմակերպութեան մը կը հակասէր օրինապահ, զգուշաւոր ու խոկուն մարդու իր խառնուածքին, այդուհանդերձ այդ յարումը եղաւ անխուսափելի իրեն համար, ինչպէս՝ եւ Տարօնի ողջ ժողովուրդին:

Դուրան-Բարձրաւանդակի ժողովուրդը յեղափոխական է, եւ յեղափոխական է որովհետեւ սոված է : Շատ սխալ կը լինէր որ միմիայն յեղափոխութեան հիմնաքարը հաշուէինք զանազան գաղափարական ձգտումներ. դա այստեղի գոնէ սոված ժողովրդեան համար մի անմիտ ցնորք կը լինէր եւ դժուար թէ կարելի լինէր մի սոված, հարստահարուած «ֆլահ»[49]Գիւղացի ստրուկներուն համար օգտագործուած արաբերէն եզր: դասակարգից [բան] սպասել թագաւորութեան, ազգային զանազան ձգտումների մասին եւայլն. նրա ձգտումը գլխաւորապէս ուղղուած է ձեռք բերել տնտեսական ազատութիւն[50]«Տնտեսական ազատութիւն» այս պարագային կը նշանակէ պարզապէս տէր ըլլալ սեփական աշխատանքի արդիւնքին:0, եւ չգիտենք, դժբախտաբար թէ բարեբախտաբար, [որ] այստեղի յեղափոխական կազմակերպութեան հիմնաքարը դասակարգային տնտեսական ազատութեան մի ձգտում է` գունաւորուած ազգային ազատութեան փայլուն ներկերով: Այդ պատճառով կարծում ենք, որ այստեղի կազմակերպութիւնը շատ հաստատուն է եւ նրա արմատը ողջ կը մնայ եւ անհնար է արմատախիլ անել […] : Առաջին կազմակերպող ուժը սովն ու սուլթանական ռեժիմն են, իսկ երկրորդականները` ժողովուրդի թոյնից ծնուած յեղափոխականները : Այդ կէտը պէտք է պարզ լինի. լոկ ազգային անջատման կռիւ չէ, լոկ յեղափոխականների գլխից ծնուած զանազան աւանտիւրիստների ցնորական գործ չէ, այլ մի ժողովրդական յուսահատ շարժում` բխուած սոսկալի բռնութիւնից[51]Դուրան-Բարձրաւանդակի Կեդրոնական Կոմիտէի տեղեկագիր (Մուշ-Սասուն), 1 Նոյեմբեր 1906, Նիւթեր Հ.Յ. Դաշնակցութեան … Continue reading:

     Հ.Յ.Դ. արխիւները կը փաստեն, որ մինչեւ Սասնոյ ապստամբութեան (1904) հետեւանք հալածանքները՝ կախաղան, ձերբակալութիւն, յեղափոխականներու փախուստ,- Գեղամ բացայայտ դերակատարութիւն չէ ունեցած: Կռիւներու ընթացքին մահացած Հ.Յ.Դ. հանրայայտ քանի մը անձնաւորութիւններու անհետացումէն ետք է (ինչպէս` Հրայր Դժոխք, Թորգոմ, Վահան Մանուէլեան, Կայծակ-Վաղարշակ[52]Նիւթեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար, Բ. Հատոր, էջ 174: Հ.Յ.Դ.-ի կազմակերպական կառոյցէն ներս Տարօնի … Continue reading), որ Գեղամ երեւան կու գայ Տատրակ ծածկանունով, իբրեւ մէկը Դուրան-Բարձրաւանդակի[53]Հոկտեմբեր 1906-ին, երեք միւս յայտնի անդամներն են` Ռուբէն (Տէր-Մինասեան), Վկայ (Վարդան Վարդապետ) եւ Սարհատ (Գէորգ … Continue reading Կեդրոնական Կոմիտէի (ԿԿ) հինգ անդամներէն, եւ իբրեւ անդամ Վասպուրական-Տուրուբերանի պատասխանատու մարմնին[54] Հ.Յ.Դ. շրջանային կազմակերպութեան գերագոյն մարմին, որ կը համախմբէր Վանի եւ Մշոյ Կեդրոնական Կոմիտէները::                       

     Գեղամի հետեւեալ կենդանագիրը կը պարտինք ֆետայի եւ քաղաքական գործիչ` Ռուբէնին (1881-1951)[55] Ռուբէն Տէր Մինասեան, Փաստաթուղթերի եւ նիւթերի ժողովածու, Ա. Վիրապեան, Խ. Ստեփանեան, Երեւան, 2011:, որ 1906-էն 1908 պատասխանատուութիւններ ստանձնած է Գեղամին հետ.

Ան հին յեղափոխական էր, բայց մարտական գործիչներէն տարբեր հայեացքներ ունէր, Հրայրի նման զգոյշ էր ու կողմնակից խաղաղ միջոցներու: Ան մեծ յոյս ունէր եւրոպական պետութեանց միջամտութեան վրայ ու կը հաւատար հասնիլ բարենորոգումներու իրագործման, առանց ըմբոստութեան ու արիւնահեղութեան: Ան կանգնած էր յեղափոխութեան ու պահպանողականութեան միջեւ: Մշոյ Առաջնորդարանի քարտուղարն էր, բայց ըստ էութեան ինքն էր Առաջնորդը, որովհետեւ ինչ Առաջնորդ ալ գար, անպայման կը շարժէր իր ցուցմունքներովն ու խորհուրդներովը: Գեղամ, խառնուածքով ազնիւ ու հայրենասէր, կը սիրուէր բոլորէն, կ’ապրէր ժողովուրդի կեանքով ու ժողովուրդի վիշտը իր վիշտն էր: Ասկէ զատ ան [կը համարուէր] «կուսակցութեան մարդը», այսինքն` ամէն ոք կը կարծէր թէ անոր ետեւ կանգնած է ամբողջ կուսակցութիւնը: […] Ինչ որ ալ ըլլային Գեղամի տեսակէտները կուսակցութեան գործելակերպի այս կամ այն ձեւի մասին, ան այսուհանդերձ հաւատացեալ դաշնակցական մըն էր ու խիստ կարգապահ : […] Ան ցերեկները կ’աշխատէր իբրեւ Գեղամ, գիշերները իբրեւ Տատրակ ու Ասողիկ : Այս կեղծանունները իսկապէս ալ կը համապատասխանէին իր էութեան. տատրակի նման անմեղ էր, երկչոտ ու զգոյշ : Ան զէնքի մարդ չէր, զէնքէն կը վախնար, բայց կը պաշտէր ուժեղները եւ զէնք գործածողները : Նա ասողիկի նման գրող էր, լաւ ծանօթ էր Հայաստան աշխարհի բոլոր անցուդարձերուն, պատմութեան, հայ ժողովուրդի բարքերուն, կը հաւաքէր երգեր, աւանդութիւններ, եւայլն : Ան էր որ կը գրէր կառավարութեան, Պատրիարքարանի ու կուսակցութեան բոլոր նամակները, տեղեկութիւնները, վիճակագրութիւնները : Մէկ խօսքով` Գեղամ Դուրան-Բարձրաւանդակի գրիչն էր, անոր մտաւոր աշխատանքը տանողը, այդ աշխարհի քեաթիպը : Ասկէ զատ` ան գործելով Մուշ քաղաքի Առաջնորդարանին մէջ, կը հաւաքէր բոլոր պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւնները. յարաբերութեան մէջ էր պետական պաշտօնեաներու հետ : Այսպէսով ան թանկագին տեղեկութիւններ կը հայթայթէր կուսակցութեան ու յեղափոխականներուն, կ’իմանար վտանգները, խուզարկութիւնները, զօրքերու շարժումները եւ մեզի կը տեղեկացնէր ըստ այնմ : Կարելի է անվարան ըսել, որ Գեղամին ու ընկերներու շնորհիւ էր, որ շատ կռիւներէ խուսափած ու շատ հաւանական մահերէ ազատած ենք:[56] Ռուբէն, Հայ Յեղափոխականի մը յիշատակները, Լոս Անճելըս, 1951, Հատոր 4-րդ, էջ` 62-63:

      Ամէն բան ըսուած է հոս: Պոստընի Հ.Յ.Դ. արխիւները կը պահեն այս գրութիւնները, տեղեկագրերը, խմորատիպ[57]Տպագրութեան նախնական եղանակ մը։ կամ անտեսանելի մելանով գրուած նամակները, որոնք տարիներ շարունակ Գեղամի կողմէ ղրկուեր են ղեկավար զանազան մարմիններուն, Բիւրօներուն[58]Հ.Յ.Դ.-ի ղեկավարութիւնը կազմուած էր Ժընեւի արեւմտեան եւ Թիֆլիսի արեւելեան Բիւրոներէն: Տես. Հրաչ Տասնապետեան, … Continue reading, ինչ որ կը հաստատէ նաեւ Վահան Փափազեան.

Գեղամ Տէր Կարապետեան- մեր հին յեղափոխականներէն- Տարօնի «Տատրակ»-ը. […] լուռ ու մունջ եւ հազար վտանգներու մէջէն` կրցաւ իր կապերը երբեք չխզել կուսակցական վերին մարմիններու հետ եւ անզուգական Վարդան վարդապետին կից` չափաւորեց բազմաթիւ ասպատակային եւ վնասակար ելոյթներ մեր ֆետայական խումբերու:[59]Վ.Փափազեան (Կոմս, 1876-1973), Իմ Յուշերը, Պէյրութ, 1952, Բ. Հատոր, էջ.` 59: Վահան Փափազեան դաշնակցական գործիչ մըն է, որ … Continue reading

     Հակառակ քաղաքական իսկական վտանգներուն, Գեղամ փափաքած էր Տարօնը ներկայացնել Վիեննայի մէջ կայացած Հ.Յ.Դ. 4-րդ Ընդհանուր Ժողովին (1907)[60]Հ.Յ.Դ. 4-րդ Ընդհանուր Ժողովը տեղի ունեցաւ Վիեննա`1907-ի 22 Փետրուարէն 29 Մայիս: Վճռորոշ Ժողով մը, որ կը կազմէ … Continue reading: Խորհրդապահական շրջանակէն դուրս գալո՞ւ, թէ՞ մարտավարական, ներքին կարգապահական, ընկերվարութեան կամ կովկասեան հարցերուն առնչուող վիճարկումներուն մասնակցելու ցանկութիւն: Գրեթէ անտարակոյս կարելի է հաստատել, որ ինք գրած է Ժողովին ներկայացուած` Դուրան-Բարձրաւանդակի գործունէութեան տեղեկագիրը (93 էջերէ բաղկացած ձեռագիր տեղեկագիր մը)[61]«Դուրան-Բարձրաւանդակի Կեդրոնական Կոմիտէի տեղեկագիր` ուղղուած Հ.Յ.Դ. 4-րդ Ընդհանուր Ժողովին» խորագրեալ … Continue reading: Այդուհանդերձ կը մերժուի անոր թեկնածութիւնը: Նախընտրութիւնը կը տրուի ֆետայի Սարհատին (Գէորգ Չաւուշ, 1870-1907): Սակայն Սարհատ եւս չի մեկնիր Վիեննա: Տարօնէն դուրս երթալու համար, որ 1904-էն ի վեր պաշարուած էր բանակին կողմէ, պէտք էր անցնիլ լեռներու գագաթներով: Ձիւնախառն ահաւոր բուքն ու սառը քամին երկու առիթով կը ստիպեն զիրենք ետ-դարձ ընելու, ինչպէս ժամանակին Քսենոֆոնի զինուորները[62]Վերջապէս Անդրանիկը եւ Սեբաստացի Մուրատն է (1874-1918), որ Տարօնը կը ներկայացնեն Վիեննայի ժողովին:: Ու քանի մը ամիս ետք, Սուլուխի կամուրջին վրայ թուրք ոստիկանութեան հետ կռիւի բռնուելով՝ Գէորգ Չաւուշ կը մահանայ, անցնելով Տարօնի առասպելներու ոսկեայ էջերուն, ուր հերոսներու փառքը կը հիւսեն ժողովրդական երգեր:
     1908-ի ամրան ցնծութեան օրերուն, երիտթուրքերու յաղթանակէն եւ Օսմանեան Սահմանադրութեան հաստատումէն ետք, Սուրբ Կարապետ վանքին մէջ կը գումարուի Դաշնակցութեան Դուրան Բարձրաւանդակի նշանաւոր Շրջանային Ժողովը (15-17 Սեպտեմբեր 1908): Հոն կ’որոշուի ու կը պարտադրուի ֆետայիներու զինաթափումը, որուն մասին Ռուբէն կը պատմէ յուզիչ շեշտերով[63]Յուշեր (տես. նոթ թիւ 41), էջ 241-244:: Ցրուելէ առաջ՝

… ժողովը այդ պատգամաւորութեան կ’որոշէ Պ. [Պրն.] Ռուբէնը….. : Ժողովս միաձայն հաւանութեամբ կը պահանջէ նաեւ Պ. [Պրն.] Ռուբէնի հետ ընկերանայ Պ. [Պրն.] Գեղամ Տէր Կարապետեանը անպայման կերպով` ներկայ գտնուելու դաշնակցական Ե-րդ Ընդհանուր Ժողովին ներկայացնելու Դուրանի ժողովրդեան ցաւերն ու պահանջներն:64

     Բանաձեւ մը, որ կ’ապացուցանէ կազմակերպութենէն ներս Գեղամի ներշնչած վստահութիւնն ու յոյսը: Քանի մը շաբաթ ետք, Նոյեմբեր 1908-ին, ան վերջապէս կ’իրականացնէ երկար ժամանակէ ի վեր զսպուած քաղաքական ձգտում մը` ընտրուելով Օսմանեան Խորհրդարանի Մշոյ շրջանի պատգամաւոր (mebus): Կը պարզուի սակայն, որ Հ.Յ.Դ. օրուան ղեկավարութիւնը նախընտրած էր Անդրանիկը, որ ճանչցուած եւ խիզախ «զինուորական» գիծի գործիչ մըն էր:
     Վիեննայի Ընդհանուր Ժողովէն ետք, Հ.Յ.Դ. դարձած էր Երկրորդ Միջազգայնականի անդամ (1907), եւ այնուհետեւ կը ներկայանար ընկերվարական պիտակով[64]Առաջին անգամ ընդունուած է Շթութկարտի Երկրորդ Միջազգայնականի Համագումարին իբրեւ կովկասեան կուսակցութիւն, … Continue reading: Օսմանեան առաջին խորհրդարանի անդրանիկ նիստին, գումարուած Դեկտեմբեր 1908-ին, Գեղամ, իբրեւ Մշոյ դաշնակցական պատգամաւոր, 7 այլ պատգամաւորներու հետ (3 դաշնակցական, 1 հնչակեան[65]Դաշնակցական պատգամաւորներն են` Արմէն Գարօ Փաստրմաճեան, Վարդգէս Սէրէնկիւլեան, Վահան Փափազեան, հնչակեան … Continue reading, եւ 3 պուլկար, ընդամէնը 8 պատգամաւոր` 266-ի վրայ) մաս կը կազմէր «աշխատաւորներու հոսանքին», որ կը ներկայանար իբրեւ Օսմանեան Կայսրութեան «աշխատաւորներու շահերու» պաշտպան: Այդպէս էր առնուազն տեսականօրէն: Դաշնակցական խորհրդարանականի հանգամանքով Գեղամ կը հրաւիրուի Հ.Յ.Դ. 5-րդ Ընդհանուր Ժողովին, Վառնա (15 Օգոստոս-15 Սեպտեմբեր 1909)[66]Թիւ 52-ով մէջբերուած վաւերագրեր, Զ. հատոր, էջ 20-150:, այն օրերուն, երբ կուսակցութիւնը պէտք է հաստատէր իր զօրակցութիւնը Օսմանեան նոր համակարգին, ինչպէս նաեւ իր համագործակցութիւնը` երիտթուրքերու Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կոմիտէին հետ (CUP/Ittihad ve Terakki), Ատանայի ջարդերէն եւ Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի իշխանութեան անկումէն ետք (Մարտ-Ապրիլ 1909): Գեղամ աշխուժօրէն կը մասնակցի Կոստանդնուպոլսոյ մէջ կայացած Հ.Յ.Դ. 6-րդ Ընդհանուր Ժողովին (17 Օգոստոս – 18 Սեպտեմբեր 1911)[67]Թիւ 52-ով մէջբերուած վաւերագրեր, Ը. հատոր, էջ 8-119:: Ճշմարտութեան ժամը հնչած էր: Յայտնի «աշխատաւորական» ճակատի պատգամաւորները խստօրէն կը քննադատուին համախորհուրդ գործունէութեան պակասի, անհատական թշնամանքներու, եւ մանաւանդ արեւելեան նահանգներու վատթարացող կացութեան շուրջ բաւարար տեղեկութիւն փոխանցած չըլլալու պատճառով (հայ գաղթականներու վերադարձի անկարելիութիւն, հողային հարց, անապահովութեան աճ, արդարութեան բացակայութիւն, ծանր հարկերն ու անոնց գանձումին ձեւը, ինչպէս նաեւ 1909-էն ի վեր ոչ մահմետական բնակչութեան պարտադրուած զինուորական ծառայութեան պայմանները): Գեղամ հռետոր մը չէր եւ ինչպէս կ’երեւի անոր ելոյթները Օսմանեան խորհրդարանէն ներս եղած են հազուադէպ ու անդադար միեւնոյն նիւթը արծարծող[68]Գեղամին ելոյթը Խորհրդարանի 137-րդ նիստին հրատարակուած է Ազատամարտ-ի թիւ 53-ին մէջ 1909-ին: «Այս անխօս մարդը, որ … Continue reading, իսկ խորհրդարանի նշանաւոր դէմքը եղած է Գրիգոր Զոհրապ (1861-1915), «ազատական» պատգամաւոր մը, հրապուրող, հանրայայտ հայ գրագէտ եւ միանգամայն թրքախօս փայլուն իրաւաբան: Գեղամ երկչոտ էր, լռակեաց, զուսպ եւ շուքի մէջ աշխատող, իսկ իր երկչոտութիւնը կը կրկնապատկուէր քանի չէր տիրապետեր թրքերէնին ու մանաւանդ օսմանլի[69]Արմէն Գարօ, Վահան Փափազեան եւ Վարդգէս Սէրէնկիւլեան կ’ամբաստանուին թրքերէն չգիտնալու պատճառով: գրութեան: Սակայն Հ.Յ.Դ. 6-րդ Ընդհանուր Ժողովին, երբ ան իբրեւ տարօնցի մտաւորական կը ներկայանայ Ասողիկ[70]Տես. նօթ թիւ 3:անունով, Գեղամ կը հակադրուի Բիւրոյին: Անոր համար Իթթիհատին հետ կնքուած դաշինքը որեւէ դրական հետեւանք չէ ունեցած արեւելեան նահանգներու հայութեան համար, եւ նոյնիսկ հակառակ ազդեցութիւն ունեցած է տեղի տալով հակազդեցութիւններու եւ «հալածանքներու»: Եթէ Հ.Յ.Դ. կը փափաքի համաձայնիլ Իթթիհատին հետ, ինչո՞ւ չի փորձեր նոյնը կատարել հայկական միւս կուսակցութիւններուն հետ: Ինչո՞ւ չի փորձեր միանալ քիւրտերուն, եւ յատկապէս քիւրտ ռայա-ներուն: Հողային հարցը կարգաւորելու եւ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ լուծում մը գտնելու համար, արդեօք աւելի լաւ չէ՞ խաղաղ յարաբերութիւններ պահել միւսներուն հետ[71]Նիւթեր Հ.Յ.Դ. Պատմութեան համար, Ը. Հատոր, էջ 58:: Այս պատճառով է որ Գեղամ կ’ընդդիմանայ Իթթիհատին հետ յարաբերութիւնները խզելու եւ ինքնապաշտպանութեան մարտավարութեան վերադառնալու հեռանկարին,

որոնց հետեւանքները աւելի վատ կը լինի. գիտնալու էք, որ մեր ժողովուրդը` նոյնիսկ պարզ-անձնական ինքնապաշտպանութեան չէ ուզած դիմել  […] որովհետեւ ինքնապաշտպանութիւնը տեղական իշխանութիւններու կողմէ միշտ մեկնուած է իբր ըմբոստութիւն պետական օրէնքներու դէմ […] Լաւ կ’ըլլար անոր փոխարէն մենք պահանջէինք, որ Իթթիհատը մաքրէր իր գաւառական մասնաճիւղերը հին բռնակալ եւ զեղծագործ տարրերէ եւ ընդունէր խառն մարմիններու կազմութիւնը, երկու կուսակցութեանց համար[72]Միեւնոյն տեղը, էջ 62::

     Սակայն, 1912-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ, երբ Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան եւ Հ.Յ.Դ.-ի յարաբերութիւնները խզուելու ընթացքի մէջ էին, Գեղամ կը դիմէ արեւելեան Բիւրոյին հովանաւորելու իր թեկնածութիւնը Մշոյ մէջ: Հակառակ կուսակցութեան վերապահութեան, որ կը նախընտրէր թուրքերէնին աւելի լաւ տիրապետող թեկնածու մը ունենալ, Գեղամ կ’ընտրուի[73]Տիգրան Մեսրոպ Գալիկեան, Armenian organization and ideology under Ottoman ruel (1908-1914), Լոնտոն, 2009, էջ 124 եւ 129:: Յուլիս 1913-ին, Սուրբ Կարապետ Վանքին մէջ Վարդավառի տօնակատարութեան ժամանակ Գեղամ կ’ընդունուի Վարդան Վարդապետէն (1846-1915)[74]Յ. Պետրոսեան, Վերջին առաջնորդը Տարօն Աշխարհի, (Վարդան ծայրագոյն վարդապետ Յակոբեան), Էջմիածին, Դեկտեմբեր 2012, էջ … Continue reading. Ռոստոմի, Զաւարեանի, Գարմէնի, Ռուբէնի, Կորիւնի[75]Ա. Գեւոնեան, Ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Կարապետ Վանք, 1913 (թարգմ. Ա. Տէր Մինասեան), France Arménie ամսաթերթ, … Continue reading հետ միասին: Ան սակայն չի մասնակցիր Հ.Յ.Դ. 7-րդ Ընդհանուր Ժողովին, որը տեղի կ’ունենայ Օգոստոսին Էրզրումի մէջ[76]7-րդ Ընդհանուր Ժողովը, առաջին անգամ ըլլալով, պիտի գումարուէր Երկիրէն ներս, Սուրբ Կարապետ վանքին մէջ: Սակայն … Continue reading: Ժողովը կը կազմէ «երրորդ Բիւրօ մը Հայաստանի համար», որուն գործունէութեան դաշտը պիտի ընդգրկէր արեւելեան վեց վիլայէթներու եւ Տրապիզոնի շրջանը, եւ որը կը նախատեսէր բնակչութեան վերազինումը` հաւանական ճակատումի մը պարագային զայն նախապատրաստելու նկատառումով[77]Հ. Տասնապետեան, Histoire de la Fédération Révolutionnaire Arménienne Dachnaktsoutioun 1890-1924, Milano 1988, էջ 103. Փաստաթուղթեր (մէջբերուած թիւ 52-ով) … Continue reading :
     Սիմոն Զաւարեանի անակնկալ մահը (1866-1913), ծանր հարուած մըն էր: Ան վերադարձած էր Կոստանդնուպոլիս, երկար ու յոգնեցուցիչ կեցութենէ մը ետք Մուշի մէջ, ուր կը վարէր Տարօնի հայկական դպրոցներու պատասխանատուի պաշտօնը: Հ.Յ.Դ. կը կազմակերպէ իսկական ազգային յուղարկաւորութիւն ի պատիւ այս աշխարհական սուրբին, որուն տուած էր «կուսակցութեան խիղճը» մականունը, եւ զօրաշարժի կ’ենթարկէ իր բանաստեղծները` Աւետիս Ահարոնեան, Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ: Գեղամ, որ իրապէս գնահատած էր Զաւարեանը, կ’ընթերցէ անոր դամբանականը Բանկալթիի գերեզմանատան մէջ (20 Հոկտեմբեր 1913)[78]Ազատամարտ թիւ 1344, 1913: Սիմոն Զաւարեան մաս կը կազմէր Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան, Քրիստափոր … Continue reading
      Պալքանեան պատերազմի թէժ օրերն էին. դիւանագիտական սուր պայքար կը մղուէր եւրոպական տէրութիւններուն միջեւ: Ռուսաստան կը յաղթահարէ Գերմանիոյ ընդդիմութիւնը, ձեռք կը ձգէ տէրութիւններու համաձայնութիւնը թրքահայաստանի բարենորոգումներուն շուրջ, եւ կը յաջողի զայն ընդունիլ տալ օսմանեան կառավարութեան (8 Փետրուար 1914): Արեւելեան վեց վիլայէթները, որոնց միացուած էր նաեւ Տրապիզոնի վիլայէթը, կը դասակարգուին արեւելեան երկու նահանգներու կազմին մէջ, եւ կը յանձնուին երկու տեսուչներու վերահսկողութեան, որոնց պարտականութիւնն էր հսկել բարենորոգումներու ծրագրի գործադրութեան: Ռուսաստանի նախաձեռնութիւնը տեւաբար կը քաջալերուի Հայ եկեղեցւոյ եւ միութիւններու կողմէ, Թիֆլիսէն Կոստանդնուպոլիս եւ Երեւանէն Փարիզ[79]Նոյեմբեր 1912-ին Կաթողիկոս Գէորգ Ե. Փարիզ կը գործուղէ Պօղոս Նուպար Փաշայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, … Continue reading: Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, Գեղամ մաս կը կազմէ քաղաքացիական խորհուրդի մը որուն պարտականութիւնն էր իրազեկել նորանշանակ Պատրիարք Զաւէն` իր ընտրութիւններուն եւ առնելիք քայլերուն մէջ[80]Զաւէն Արքեպս., Պատրիարքական յուշերս, Վաւերագիրներ եւ վկայութիւններ: Կահիրէ 1947, էջ 30-31:: Երկու տեսուչներու, նորվեկիացի Հոֆի եւ հոլանտացի Վեսթընենկի նշանակումը Ապրիլ 1914-ին, նոր յոյս կը ներշնչէ հայութեան[81]W. J. van der Dussen, The question of Armenian reforms in 1913-1914, Armenian review 39/1, 1986, էջ 11-28:: Անկասկած Գեղամ եւս ներշնչուած էր միեւնոյն յոյսերով: Բայց հաւանաբար  նաեւ վախցած մահմետականներու հակազդեցութենէն, նկատի ունենալով որ թուրք բանակը այդ օրերուն Պիթլիսի մէջ խեղդած էր քրտական ապստամբութիւն մը: Այդ օրերուն, 1914-ի գարնան, խորհրդարանական չնախատեսուած ընտրութիւններու աւարտին, որոնք յատկանշուած էին իթթիհատականներու եւ անոնց երրորդութեան` Թալաթի, Էնվերի ու Ճեմալի բացարձակ յաղթանակով[82]Յունուար 1913-ի պետական հարուածէն ի վեր:, Գեղամ «հայկական քուէներով» վերընտրուած էր Մշոյ պատգամաւոր[83]Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1916-1919: Հայկական նշանաւոր տարեցոյցին մէկ բացառիկը, տպուած 1919-ին, Կոստանդնուպոլիս, … Continue reading: Գեղամ չի մասնակցիր Էրզրումի մէջ Օգոստոս 1914-ին տեղի ունեցող Հ.Յ.Դ. ութերորդ եւ պատմական Ընդհանուր Ժողովին: Եւրոպայի մէջ արդէն իսկ պատերազմ յայտարարուած էր, իսկ թուրք կառավարութիւնը տուն ղրկած էր երկու տեսուչները:
     Գեղամի յարաբերութիւնները Հ.Յ.Դ.-ի հետ եղած են անկեղծ բայց երբեմն ալ լարուած, քանի Գեղամ գիւղական մտաւորականութեան պարզ ներկայացուցիչ մըն էր, իսկ կուսակցութիւնը ժամանակի ընթացքին դարձած էր համաշխարհային կառոյցով կազմակերպութիւն, տարածուած՝ մինչեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, օժտուած զինուորական կառոյցով, եւ XX-րդ դարու սկիզբին մասնակից դարձած՝ Պարսկաստանի, Ռուսաստանի եւ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ծագած յեղափոխութիւններուն: Գեղամ տարուած չէ բռնի եւ ցուցական գործողութիւններով, ու թէեւ կը հիանայ հայ առասպելական հերոսներու համեմատելի ֆետայիներու քաջութեան, այդուհանդերձ քննադատական մօտեցում ունի Հ.Յ.Դ.-ի մարտավարութեան նկատմամբ: Ան առաւելաբար պահպանողական է քան յեղափոխական, ամբողջովին համակուած է Տարօնի իրավիճակով, եւ կը մերժէ ինքնապաշտպանութեան ոճի վերադարձը այդ շրջանէն ներս, որ ամբողջովին կտրուած է աշխարհէն եւ ունի մարդուժի, զէնքի ու դրամի մեծ կարիքներ: Լրջօրէն ստանձնելով Օսմանեան պատգամաւորի իր դերը, Գեղամ կը ձգտի ներկայացնել Տարօնի ժողովուրդը, եւ ոչ կուսակցութիւն մը, որուն կովկասեան ղեկավարութեան հեղինակութիւնը չ՛ուզեր ընդունիլ, կը փորձէ ձերբազատիլ անկէ: Հայրենի հողի ու գրչի մարդ ըլլալով, Գեղամ կը ձգտի իր պայքարը մղել գաղափարի ու դաստիարակութեան ճամբով:

Ֆրանսերէնէ թարգմանեց՝
Հերմիկ Ներսիսեան

(Շար. 1)

Կարդալ Շար.2 այստեղ

* Ֆրանսերէն բնագիրը՝ in MELANGES JEAN-PIERRE MAHE., COLLEGE DE FRANCE  – CNRS, Բիւզանդական պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան Հետազօտութեան Կեդրոն, Travaux et mémoires շարք, թ. 18, Փարիզ, 2014:

ԾԶ. ՏԱՐԻ, 2017 ԹԻՒ 1

References
1 F. Braudel, Ecrits sur l’histoire, Փարիզ 1984, հատոր 1, էջ 50-53:
2 Գ. Տէր Կարապետեան (Տատրակ), Տարօնի Աշխարհ, պատկերներ ու պատմուածքներ, Փարիզ 1931, 340 էջ, նախաբան` Կարօ Սասունիի եւ հրատարակուած Նահատակ Գրագէտներու Բարեկամներ մատենաշարին մէջ: 1929-ին Փարիզի եւ Նիւ Եորքի մէջ հիմնադրուած համանուն միութեան հրատարակութիւն, որուն նպատակն էր հրատարակել «զոհուած կամ մահացած գրագէտներու» գործերը:
3 Ասողիկ (Ստեփանոս Տարօնեցի), X-րդ դարու հայ պատմիչ, ծագումով տարօնցի:
4 Յ. Պետրոսեան, Գեղամ Տէր Կարապետեան (Մշոյ Գեղամ), Կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը, Երեւան 1983:
5 Գ. Տէր Կարապետեան (Տատրակ), Տարօնի Աշխարհ, նախաբան` հրատարակիչ Յ. Պետրոսեան, Երեւան 1995: 1931-ին Փարիզ հրատարակուած հատորին համալրուած եւ քննադատական վերահրատարակութիւնը:
6 Գ. Տէր Կարապետեան (Մշոյ Գեղամ), Տարօնի վանքերը: Ուղեւորի յիշատակներ: Նախաբան` Յ. Պետրոսեան, Երեւան 2003.
7 Արմէնուհի Գեւոնեան (1902-2002), ծնեալ` Մուշ, մահացած` Փարիզ, երգչուհի, բանահաւաք, գրագէտ: Տես.` Le Dictionnaire universel des créatrices, Փարիզ 2013, էջ 2298-2299:
8 Հիմնադրուած Կոստանդնուպոլիս` 1918-1919-ին, միութիւնը փորձած է համախմբել այդ տարածաշրջանի ծնունդ վերապրողները: 1922-էն ետք ան աստիճանաբար կը տարածուի նորաստեղծ Սփիւռքի գաղութներուն մէջ (ԱՄՆ, Ֆրանսա, եւլն.) : Գեղամ Տէր Կարապետեան, 1909-ին եղած է գլխաւոր հիմնադիրը Կոստանդնուպոլսոյ Տարօն-Սալնոյ ձոր Հայրենակցական Միութեան, որուն նպատակն էր օգնել Տարօնի բնակչութեան: Սալնոյ ձոր անուանակոչումը կը վերաբերի Պիթլիս-Ախլաթ տարածաշրջանին:
9 Թերեւս անոնք ծառայած են Յ. Ոսկեանի աշխատութեան, Տարօն Տուրուբերանի Վանքերը, Վիեննա, 1953:
10 Յատկանշական օրինակ մը հայութեան ժամանակակից պատմութեան առնչուող վաւերագրերու աշխարհասփիւռ իրավիճակին:
11 Կ. Սասունի, նախաբան` Տարօնի աշխարհ-ի, (Տես. թիւ 2), էջ 14-19:
12 Բացատրութիւնը կը վերաբերի երկրորդ տետրակին: Առաջինը կորսուած է:
13 Այս ուսումնասիրութեան 300 էջերը Գեղամին կողմէ թղթածրարներու վերածուած եւ յօդուածներու ձեւին տակ լոյս տեսած են Բիւզանդիոն-ի եւ այլ պարբերականներու մէջ:
14 Տես. ստորեւ:
15 Կը պահենք Պետրոսեանի նշած թուականը, Գեղամ Տէր Կարապետեան (Տես. թիւ 4), էջ 8, թ.1: Այլուր երբեմն կը գտնենք 1865 թուականը:
16 Ինչպէս Սասունցի Դաւիթի հերոսները:
17 Գեղամ Տէր Կարապետեան կենսագրական տուեալներ փոխանցած է հօր մահուան նուիրուած յօդուածի մը մէջ: Տէրտէրին մահը, Մասիս 30, 1902, էջ 481-484:
18 Ստեղծուած Միացեալ Ընկերութեան նախաձեռնութեամբ, ընկերակցութիւն` որ ծնած է Կոնստանդնուպոլիս, 1880-ին, հայկական երեք մշակութային ընկերութիւններու միացումով: (Տես. A. Ter Minassian «Sociétés de culture, écoles et presse arméniennes à l’époque de Abdul-Hamid II», Revue du monde arménien moderne et contemporain 3, 1997, p. 7-30).
19 Մ. Միրախորեան, Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի (Voyage descriptif dans les provinces arméniennes de la Turquie orientale en 1882 présenté et annoté par J.-P. Kibarian, Paris 2013, p.53, n.107):
20 Կ’ենթադրուի թէ մէկ տարի եղած է Էջմիածինի Գերագոյն Հոգեւոր Ճեմարանը (այս տեղեկութիւնը հաստատուած չէ):
21 Սուրբ Կարապետ վանքը, որ երկար ժամանակ եղած է Առաջնորդարանին նստավայրը, եւ որուն վանահայրը նոյնինքն Մշոյ քահանան էր:
22 Նահանգին պատմական անունը, որ մօտաւորապէս կը համապատասխանէ Պիթլիսի վիլայէթ-ին:
23 Գեղամի նամակները պահուած են Երեւանի գրականութեան թանգարանի Սրուանձտեանցի հաւաքածոյին մէջ: Վարդապետ Սրուանձտեանց գործօն ներկայութիւն եղած է Տարօնի մէջ 1862-էն 1865, եւ 1869-էն 1873: Հիացմունքով նկարագրած է Մշոյ դաշտի ու Սասնոյ բնանկարները, եղած է Սասունցի Դաւիթ դիւցազներգութեան գիւտարարը, յորդորած է մտաւորականութիւնը «նահանգներու» մէջ հիմնելու հայկական վարժարաններ:
24 Ա. Գեւոնեան, Գիւլիզար [Les noces noires de Gulizar, հայերէնէ ֆրանսերէն թարգմանութիւնը` Ժ. Մուրատեանի, համալրուած` Ա. Տէր Մինասեանի Mémoires mêlées, եւ Գեղամ Գեւոնեանի` Tableau d’un monde assassiné աշխատութիւններով]:
25 Մահմետական աշխարհի մէջ, իր կրօնքը ուրացողը մահուան կը դատապարտուէր:
26 Մինչեւ այսօր, Վանէն Պիթլիս, Մուշէն Տիարպէքիր, քիւրտ աւանդական երգիչներ կ’երգեն Գիւլիզարի ողբը:
27 Մարգար վարժապետ (?-1894). Խարձի մօտակայքը գտնուող Վարդենիս գիւղի դպրոցի ուսուցիչը, որ 1893-ին ձերբակալուեցաւ եւ 1894-ին մահապատիժ կրեց Պիթլիսի մէջ:
28 Կոստանդնուպոլսոյ հայերէն անունը: Աշխարհի բոլոր հայերուն համար Իսթանպուլը կը մնայ` Պոլիս:
29 Դատավարութեան վերջնական վճիռին համաձայն Մուսա Բէկ կ’աքսորուի  Կայսրութեան արաբական մէկ նահանգը: 1915-ին զայն կը վերագտնենք Մշոյ դաշտին մէջ, ուր իր եղբայրներուն հետ կը մասնակցի հայոց ջարդերուն:
30 G.Meyrier, Les massacres de Diarbekir: correspondance diplomatique du Vice-Consul de France, 1894-1896: [Կ. Մէրիէ, Տիարպէքիրի ջարդերը. Ֆրանսայի փոխ հիւպատոսի դիւանագիտական թղթակցութիւնները, 1894-1896], ներկայացուած եւ նօթագրուած` Գ. Մուրատեանի եւ Մ. Տիւրան-Մէրիէի կողմէ, Փարիզ 2000: Քիւրտերու կողմէ գործադրուած եւ վալիին կողմէ ղեկավարուած այդ ջարդերուն հետեւանքով մահացած եւ վիրաւորուած են աւելի քան 3000 հայեր եւ քալտէացիներ:
31 «Ես շատ սիրեցի Տիարպէքիրի հայերը: 1895-ին երբ առաջնորդարանի քարտուղար էի, անոնք քաջաբար դիմադրեցին քիւրտերու եւ թուրքերու»: Ազատամարտ, թիւ 490, Կոստանդնուպոլիս 1911:
32 Տես. Ուղեւորի յիշատակներ, (նօթ 6), էջ 153-246 : Յօդուածներու շարք, 1894 –ին եւ 1895-ին հրատարակուած Արեւելք-ի մէջ: Գեղամ Տիարպէքիրի եւ շրջակայքին մէջ լրագրողի դեր կը կատարէ, ուր կը ճամբորդէ ձիով: Ան միշտ մանրակրկիտ բացատրութիւններ կու տայ այցելած վայրերուն մասին. պարիսպներով շրջապատուած Տիարպէքիր քաղաքը, շրջակայ գիւղերը, կլիման, գետերը, կամուրջները, եւ վաճառականական հաղորդակցութեան համար յարմար կամ անյարմար ճանապարհները, Սիլուան հարուստ դաշտի գիւղատնտեսութիւնն ու հողագործութեան համակարգը: Յատուկ ուշադրութին կը դարձնէ աղջիկներու դաստիարակութեան, քոլերայի համաճարակին, տեղական հաւատալիքներուն, աղանդներուն եւ հայկական հասարակութիւնը երկփեղկող ազդակներուն («աղքատները» ընդդէմ «վաճառականներու»):
33 Զոյգը չորս զաւակ ունեցած է:
34 Ներկայացուած է առեւտուրի գիրքի մը ձեւաչափով (22,5 cm/32,5 cm), առանց թուականի, որուն 193 էջերէն 187-ը ծածկուած են մանիշակագոյն մելանով գրուած միեւնոյն ձեռագրով: ՀՅԴ արխիւներուն մէջ, ան արձանագրուած է` «Գեղամ Գեւոնեանի (Տատրակ) աշխատութիւն», 1966/131 համարի ներքեւ: Աշխատութիւնը սիրայօժար կերպով մեզի փոխ տուած է Լոս Անճելըս բնակուող Բաբգէն Սասունի, որ իր հերթին զայն գտած է իր հօր՝ Կարօ Սասունիի արխիւին մէջ:
35 Գիտենք, որ ներկայ Թուրքիոյ տեղանուանագիտութիւնը նոյնը չէ ինչ որ էր Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին: Սեւան Նշանեան, այժմ բանտարկուած՝ Թուրքիոյ մէջ, իր հետազօտական աշխատանքը կեդրոնացուցած է հին տեղանուանագիտութեան վրայ (հայկական, քրտական, ասորիական, արաբական, եւայլն): Հազարաւոր վայրերու առնչուող անոր անկատար մնացած աշխատանքը կարելի է տեսնել այցելելով` Index Anatolicus համացանցային կայք:
36 Այլ երեսփոխան մը, Հոճա Իլիաս, կը ներկայացնէ Մշոյ թուրք եւ մահմետական ընտրողները:
37 Համազգայինի Պէյրութի կեդրոնական արխիւը կը պահպանէ «Տէր Կարապետեան Գեղամ (Տատրակ)» անունը կրող արխիւ, թիւ 13/1: Հոն կը գտնենք Մշոյ քանի մը տասնեակ գիւղերու բնակիչներուն կողմէ Գեղամին ուղղուած նամակներու, զեկոյցներու, եւ բողոքներու տասնեակ մը թղթածրարներ:
38 Ազգային ժողովը, հիմնադրուած` Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ հաւատարիմներու կեանքը կանոնաւորող 1863-ի «Ազգային Սահմանադրութեան» որոշումով, ունէր հոգեւորական եւ աշխարհիկ 140 երեսփոխաններ, կ’ընտրէր պատրիարքը, կը կառավարէր ազգային վարժարանները, եւայլն: Ան կասեցուած էր Ապտիւլ Համիտի կողմէ:
39 Ե. Օտեան (1869-1926), Մեր երեսփոխանները, 1914-ին «Մանանա» պարբերաթերթին մէջ հրատարակուած եւ 1959-ին Վենետիկի մէջ վերահրատարակուած շարք մը դիմանկարներ: Գեղամին նուիրուած վերլուծականը, էջ 36-39, ֆրանսերէնի թարգմանուած է Գ. Գեւոնեանի կողմէ` Գիւլիզար (Les noces noires de Gulizar) գործին մէջ (Տես. թիւ 24), էջ 175-178: Գեղամ Տէր Կարապետեան, որուն «Տարօնի բու» մականունը տրուած էր, ծաղրանկարուած է գիշերային այդ գիշատիչի պատկերով:
40 Նոյն տեղը:
41 Rouben, Mémoires d’un partisan arménien: fragments [Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակները: 1951-1952, 7 հատոր]: Հայերէնէ ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը՝ Վ. Տէր Մինասեանի, La Tour d’Aigues 1990, էջ 269-273:
42 Մկրտիչ Խրիմեանի, Գարեգին Սրուանձտեանցի, Արիստակէս Տեւկանցի կամ Մանուէլ Միրախորեանի հրատարակութիւններով, ընթերցողը 1880-ական թուականներուն յայտնաբերեց Բագրեւանդն ու Վասպուրականը:
43 1914-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Մկրտիչ Փորթուգալեանի յոբելեանին առիթով լոյս տեսած Նոր անցեալի մը յիշատակներ խորագրեալ յօդուած, թարգմանուած Գ. Գեւոնեանի կողմէ Les noces noires de Gulizar-ին մէջ (տես. թիւ 24) էջ 169-174: Մկրտիչ Փորթուգալեան (1848-1925), ծնած Կոստանդնուպոլիս, Վանի մէջ կը հիմնէ դպրոց մը (1878): Ան համոզուած էր, որ կրթութեան տարածումը անհրաժեշտութիւն մըն է պայքարելու ընդդէմ հայկական նահանգներու բնակչութեան տնտեսական եւ մշակութային յետամնացութեան: Փորթուգալեանի գործունէութեան կասկածելով, թուրք իշխանութիւնները 1881-ին կը գոցեն դպրոցը : Փորթուգալեան զայն կը փոխարինէ Կեդրոնական վարժարանով մը, որ նոյնպէս կը փակուի 1886-ին: Այնուհետեւ կը կանչուի Կոստանդնուպոլիս (1885): Կ’աքսորուի Մարսիլիա, ուր 1885-էն 1921 կը հրատարակէ Արմէնիա պարբերականը, որ կոչ մըն էր հայ ժողովուրդի զարթօնքին:
44 Վան նահանգի միջնադարեան անուանումը:
45 Կովկասէն մեկնած եւ թրքահայութեան օժանդակելու նպատակով կազմակերպուած շուրջ հարիւր հայ երիտասարդներու զինեալ արկածախնդրութիւն:
46 Իսկական անունով` Համբարձում Պոյաճեան (1867-1915), 1908-ին կ’ընտրուի Օսմանեան խորհրդարանի անդամ:
47 Դաշնակցական 250 ֆիտայիներու կողմէ Պարսկաստանէն կատարուած վրէժխնդրական արշաւանք` համիտեան ջարդերուն մասնակցած քիւրտ ցեղախումբի մը դէմ: Սփիւռքի մէջ Խանասորի արշաւանքին յիշատակը կը նշուի իւրաքանչիւր տարի:
48 Անդրանիկ Օզանեան (1865-1927), ամենէն յայտնի եւ ժողովրդական հայ ֆետային: Ստացած է ռուսական բանակի հրամանատարի աստիճան (1917):
49 Գիւղացի ստրուկներուն համար օգտագործուած արաբերէն եզր:
50 «Տնտեսական ազատութիւն» այս պարագային կը նշանակէ պարզապէս տէր ըլլալ սեփական աշխատանքի արդիւնքին:
51 Դուրան-Բարձրաւանդակի Կեդրոնական Կոմիտէի տեղեկագիր (Մուշ-Սասուն), 1 Նոյեմբեր 1906, Նիւթեր Հ.Յ. Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար, Դ. Հատոր, Պէյրութ, 1982, էջ 54-55, ստորագրուած` Տատրակ եւ Ռուբէն:
52 Նիւթեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար, Բ. Հատոր, էջ 174: Հ.Յ.Դ.-ի կազմակերպական կառոյցէն ներս Տարօնի գաղտնանունն էր` Դուրան-Բարձրաւանդակ:
53 Հոկտեմբեր 1906-ին, երեք միւս յայտնի անդամներն են` Ռուբէն (Տէր-Մինասեան), Վկայ (Վարդան Վարդապետ) եւ Սարհատ (Գէորգ Չաւուշ): Նիւթեր Հ.Յ.Դ. Պատմութեան Համար, Դ. Հատոր, էջ 7: Տես. ստորեւ նոթ 65:
54 Հ.Յ.Դ. շրջանային կազմակերպութեան գերագոյն մարմին, որ կը համախմբէր Վանի եւ Մշոյ Կեդրոնական Կոմիտէները:
55 Ռուբէն Տէր Մինասեան, Փաստաթուղթերի եւ նիւթերի ժողովածու, Ա. Վիրապեան, Խ. Ստեփանեան, Երեւան, 2011:
56 Ռուբէն, Հայ Յեղափոխականի մը յիշատակները, Լոս Անճելըս, 1951, Հատոր 4-րդ, էջ` 62-63:
57 Տպագրութեան նախնական եղանակ մը։
58 Հ.Յ.Դ.-ի ղեկավարութիւնը կազմուած էր Ժընեւի արեւմտեան եւ Թիֆլիսի արեւելեան Բիւրոներէն: Տես. Հրաչ Տասնապետեան, Հ.Յ.Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցի հոլովոյթը, Պէյրութ, 1974:
59 Վ.Փափազեան (Կոմս, 1876-1973), Իմ Յուշերը, Պէյրութ, 1952, Բ. Հատոր, էջ.` 59: Վահան Փափազեան դաշնակցական գործիչ մըն է, որ 1908-ի Վանի ընտրութիւններուն ընտրուեցաւ խորհրդարանի պատգամաւոր (mebus): Ան հետաքրքրական վկայութիւններ ունի Օսմանեան խորհրդարանի եւ անոր հայ պատգամաւորներուն մասին:
60 Հ.Յ.Դ. 4-րդ Ընդհանուր Ժողովը տեղի ունեցաւ Վիեննա`1907-ի 22 Փետրուարէն 29 Մայիս: Վճռորոշ Ժողով մը, որ կը կազմէ Ռուսահայաստանի եւ Թրքահայաստանի կրկնակ ծրագիրը:
61 «Դուրան-Բարձրաւանդակի Կեդրոնական Կոմիտէի տեղեկագիր` ուղղուած Հ.Յ.Դ. 4-րդ Ընդհանուր Ժողովին» խորագրեալ գրութիւնը կը կրէ «1 Նոյեմբեր 1906, Տարօն (Մուշ)» թուականը: Տեղեկագիրը ծածկագրուած է Մայր Արաքսի ժողովրդական երգի բառերով, եւ ստորագրուած` Տատրակ եւ Ռուբէն: Հոն կը գտնենք արժէքաւոր տեղեկութիւններ Կեդրոնական Կոմիտէի 1904-1906 գործունէութեան շրջանի համեստ պիւտճէին, եւ զէնքի ու դրամի տեսանկիւնէն անոր հսկայական կարիքներուն մասին: Տեղեկագրին մէկ բաժինը հրատարակուած է «Նիւթեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան Պատմութեան համար» Դ. Հատորին մէջ, էջ 54-72:
62 Վերջապէս Անդրանիկը եւ Սեբաստացի Մուրատն է (1874-1918), որ Տարօնը կը ներկայացնեն Վիեննայի ժողովին:
63 Յուշեր (տես. նոթ թիւ 41), էջ 241-244:
64 Առաջին անգամ ընդունուած է Շթութկարտի Երկրորդ Միջազգայնականի Համագումարին իբրեւ կովկասեան կուսակցութիւն, եւ 1909-ին իբրեւ` «յառաջիկային կեանքի կոչուելիք օսմանեան մասնաճիւղի մը ենթաբաժանում»: Տես. Անահիտ Տէր Մինասեան, The role of the Armenian community in the foundation and development of the socialist movement in the Ottoman Empire and Turkey, 1876-1923, «Socialism and nationalism in the Ottoman Empire 1876-1923» աշխատութեան մէջ: Հրատ. M.Tunçay եւ E. Jan Zürcher, 1994 Լոնտոն, էջ 109-156:
65 Դաշնակցական պատգամաւորներն են` Արմէն Գարօ Փաստրմաճեան, Վարդգէս Սէրէնկիւլեան, Վահան Փափազեան, հնչակեան պատգամաւորը` Մուրատ (Համբարձում Պոյաճեան):
66 Թիւ 52-ով մէջբերուած վաւերագրեր, Զ. հատոր, էջ 20-150:
67 Թիւ 52-ով մէջբերուած վաւերագրեր, Ը. հատոր, էջ 8-119:
68 Գեղամին ելոյթը Խորհրդարանի 137-րդ նիստին հրատարակուած է Ազատամարտ-ի թիւ 53-ին մէջ 1909-ին: «Այս անխօս մարդը, որ սկսած էր դառնալ կասկածելի եւ իր անկիւնին մէջ քաշուած կը կերպարանափոխուէր երբ մէկն ու մէկը – ընկեր կամ խորհրդարանի որեւէ երեսփոխան – յանդգնէր ժխտել անոր բերած փաստերը Տարօնի հարստահարութիւններու մասին:…. Իր կից-կտուր ճառերը խորհրդարանի մէջ մերթ կը սկսէին Mus ovasinda-ով [«Մշոյ դաշտին մէջ»]. այդ երկու բառերը հերիք էին որ նստարաններու վրայ նստած մարդիկ խնդային…» : Փափազեան, Իմ Յուշերը, Բ. Հատոր, էջ 60 (մէջբերուած թիւ 59-ով):
69 Արմէն Գարօ, Վահան Փափազեան եւ Վարդգէս Սէրէնկիւլեան կ’ամբաստանուին թրքերէն չգիտնալու պատճառով:
70 Տես. նօթ թիւ 3:
71 Նիւթեր Հ.Յ.Դ. Պատմութեան համար, Ը. Հատոր, էջ 58:
72 Միեւնոյն տեղը, էջ 62:
73 Տիգրան Մեսրոպ Գալիկեան, Armenian organization and ideology under Ottoman ruel (1908-1914), Լոնտոն, 2009, էջ 124 եւ 129:
74 Յ. Պետրոսեան, Վերջին առաջնորդը Տարօն Աշխարհի, (Վարդան ծայրագոյն վարդապետ Յակոբեան), Էջմիածին, Դեկտեմբեր 2012, էջ 49-65: Յեղափոխական վարդապետը 1915-ի ամրան վայրագօրէն սպաննուած է իր հօտին հետ:
75 Ա. Գեւոնեան, Ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Կարապետ Վանք, 1913 (թարգմ. Ա. Տէր Մինասեան), France Arménie ամսաթերթ, Յուլիս-Օգոստոս 2013, էջ 53: Հ.Յ.Դ. երեք հիմնադիրներէն երկուքի` Ռոստոմի եւ Զաւարեանի ներկայութիւնը կ’ընդգծէ այս հանդիպումին կարեւորութիւնը:
76 7-րդ Ընդհանուր Ժողովը, առաջին անգամ ըլլալով, պիտի գումարուէր Երկիրէն ներս, Սուրբ Կարապետ վանքին մէջ: Սակայն անկանխատեսելի դժուարութիւններ ստիպեցին զայն փոխադրել Էրզրում, Կովկասէն ժամանող պատգամաւորներու տեղափոխութիւնը դիւրացնելու մտահոգութեամբ:
77 Հ. Տասնապետեան, Histoire de la Fédération Révolutionnaire Arménienne Dachnaktsoutioun 1890-1924, Milano 1988, էջ 103. Փաստաթուղթեր (մէջբերուած թիւ 52-ով) Ժ. Հատոր, էջ 9-49: Շնորհակալութիւններ խմբագիր Ե. Փամպուքեանին:
78 Ազատամարտ թիւ 1344, 1913: Սիմոն Զաւարեան մաս կը կազմէր Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան, Քրիստափոր Միքայէլեանի (1859-1905) եւ Ռոստոմ Զօրեանի (1867-1919) կողքին:
79 Նոյեմբեր 1912-ին Կաթողիկոս Գէորգ Ե. Փարիզ կը գործուղէ Պօղոս Նուպար Փաշայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, ապահովելու համար Եւրոպայի զօրակցութիւնը Հայաստանի բարենորոգումներուն գծով:
80 Զաւէն Արքեպս., Պատրիարքական յուշերս, Վաւերագիրներ եւ վկայութիւններ: Կահիրէ 1947, էջ 30-31:
81 W. J. van der Dussen, The question of Armenian reforms in 1913-1914, Armenian review 39/1, 1986, էջ 11-28:
82 Յունուար 1913-ի պետական հարուածէն ի վեր:
83 Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1916-1919: Հայկական նշանաւոր տարեցոյցին մէկ բացառիկը, տպուած 1919-ին, Կոստանդնուպոլիս, կը ներկայացնէ պատերազմի ընթացքին հայերու տեղահանութեան եւ ջարդերու առաջին հաշուեկշիռը: «Չտեղահանուած մէպիւսներ» խորագրեալ արձանագրութիւնը կը ներկայացնէ եօթ հայ մէպիւսներու (պատգամաւորներու) ցանկը, որոնք չեն տեղահանուած Ապրիլ 1915-ին, նշելով թէ «անոնք մեր պատրիարքարանին կողմէ նկատի չեն առնուած իբրեւ հայութեան անունէն խօսող պատգամաւորներ» սակայն «ինչ կը վերաբերի Մշոյ մէպիւս Գեղամ Տէր Կարապետեանին, ան միակ անձն է, որ հայութեան քուէներով ընտրուած ըլլալով հանդերձ, չէ աքսորուած, նկատի ունենալով անոր հիւծուած վիճակը» էջ 116:
նախորդ
Յակոբներ*