Յակոբները Գրիգոր Պըլտեանի պատումներու «Գիշերադարձ» անուանուած շարքին իններորդն է եւ առաջին հատորներուն պէս կը վերադառնայ իր պատումը կատարող անձին ծննդավայրը՝ Բլուրը (Բլուրը իմ կողմէս գլխագրուած է), որ ցեղասպանութեան աղէտէն վերապրածներու վայրերէն մէկն է, եւ կը փորձէ հասկնալ աղէտին ազդեցութիւնը վերապրողներուն վրայ:
Պատմողը փիլիսոփայութեան վկայականով Փարիզէն վերադարձած է իր մայրենի տունը. հաւանաբար եօթանասունական թուականներու սկիզբներն ենք, եւ մամուլի մէջ տեսած Կարնեցի Կապոյտ Յակոբի մահազդի յայտարարութիւնը, անոր անունէն մեկնած, իր հետաքրքրութիւնը կ՚արթնցնէ անոր մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու: Պատմողին մայրը, որ յաճախ Բլուրի կապուած առօրեային հիմնական աղբիւրներէն մէկն է, կը յայտնէ որ պէտք է ճանչնար Կապոյտ Յակոբը, որ իր հօր բարեկամներէն մէկը եղած է եւ անոր աղջիկը՝ Աննան, որ յաճախ կը հանդիպի իրենց …: Եւ այսպէս, Կապոյտ Յակոբի շուրջ պատումը կը փոխադրուի մօրմէ դէպի դպրոցի տնօրէնը՝ պարոն Մղտէսեանը, Կանանչ Յակոբը, Աննան եւ ասոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ծանօթութիւնները, իր գիտցածը կամ չգիտցածը, մեկնաբանութիւնը կը բերէ Կապոյտ Յակոբի կեանքին եւ անոր կապուած դէպքերուն մասին: Բնականաբար, երբ իւրաքանչիւրը իր անկիւնէն ու իր լեզուով՝ բարբառայինէն մինչեւ պարոն Մղտէսեանի ճեմարանական մշակուած հայերէնը, կը ներկայացնէ այդ անձն ու դէպքերը, պատումը միագիծ չ՚ընթանար, այլ անընդհատ կը շրջի Եղեռնէն ազատած այդ տիպարին շուրջ՝ փորձելով հասկնալ զայն:
Գործին մէջ երկու ժամանակ կայ. առաջինը եօթանասունականներու՝ գրութեան արխիւացումի ժամանակն է, երբ պատումը կատարողը, ձեռքը լուսանկարչական մեքենայ մը, կը շրջի եւ տարբեր տիպարներուն խօսակցութիւնները կ՚արձանագրէ: Յաճախ այդ օրերուն կատարած իր նոթերը եւ տպաւորութիւնները կամ մտածումները կը մէջբերէ, ինչ որ նորութիւն չէ այս շարքին համար, որովհետեւ նման արձանագրութիւններ տեսած էինք Հարուածը[1]Պըլտեան, Գրիգոր. Հարուածը. «Մաշթոց» մատենաշար, Փարիզ, 1998, 276 էջ: հատորին մէջ, ուր յաճախ, շեղակի կերպով շարուած, էջին մէկ անկիւնը կամ մէջտեղը, այդ ժամանակի իր տպաւորութիւնները կ՚արձանագրէր ան: Հոս, սկզբնաւորութեան, նաեւ նոյն այս աշխատանքը կը կատարէ, ինչ որ Հարուածըի վերջին էջին վրայ արձանագրած էր. «Ուզեցի տեղերը շօշափել: Տարիներով փորձած եմ այդ տեղերը որոշել: Չէի կարօտցած: Ոչ: Կ’ուզէի միայն գիտնալ՝ ինչպէ՞ս կ՚ապրէինք: Ո՞ւր կ՚ապրէի» (Հարուածը, էջ 276): Հոս աւելի ո՞ւր կ՚ապրէիին վրայ է շեշտը եւ այդ վայրին հետ Աղէտէն վերապրածներէն մէկուն վրայ, սակայն վերոյիշեալ հատորին մէջ նաեւ այլ բաղձանք մը արձանագրուած էր՝ մօտենալ հայրիկին, երթալ անոր լռութենէն անդին, ինչ որ որոշ չափով կ՚իրականանայ այստեղ: Երկրորդ ժամանակը այդ բոլորը հաւաքելու, գիրի վերածելու, ստեղծագործելու ժամանակն է, ուր պատմողը միշտ կը մտածէ իր աշխատանքին մասին, կը վերլուծէ զայն, գիտակից է գրողական արարքին, ինչ որ Գրիգոր Պըլտեանի ամբողջ բանաստեղծական թէ արձակ գրականութիւնը կը բնորոշէ:
Գործին մէջ երկու ժամանակ կայ.
առաջինը եօթանասունականներու՝
գրութեան արխիւացումի ժամանակն
է, երբ պատումը կատարողը, ձեռքը
լուսանկարչական մեքենայ մը, կը
շրջի եւ տարբեր տիպարներուն
խօսակցութիւնները կ՚արձանագրէ։
Ամէն պարագայի, Սեմերէն[2]Պըլտեան, Գրիգոր. Սեմեր. «Մաշթոց» մատենաշար, Փարիզ, 1997, 237 էջ: սկսեալ, որքան ալ վայրերուն, տիպարներուն եւ իրականութիւններուն շեմէն, դուրսէն դիտելու մօտեցումը կայ Պըլտեանի մօտ, փաստօրէն հոս իր պատմող տիպարին շարունական հարցումները, որոնք միջամտութիւններ են, ներս կը մտնեն հարցապնդած անձերու կեանքին մէջ, որոշ չափով կը խռովեն կամ տակնուվրայ կ՚ընեն շրջապատի առօրեան: Մարդիկ չեն ուզեր քրքրել անցեալը, իրենց առտնին մտահոգութիւններով տարուած են, թերեւս այդ մասին չմտածելը մոռնալ փորձելով գոյատեւելու ձեւ մըն է …: Իսկ հիմնական հանդիպումները տեղի կ՚ունենան Աւագ Շաբթուան ընթացքին, երբ Քրիստոսի խաչելութիւնն ու յարութիւնը տեղի կ՚ունենան, այսինքն՝ քրիստոնէութեան հաւատքի հիմքը կազմող յարութեան դէպքը, որ հայկական ցեղասպանութեան վերապրողներու ապրած կեանքէն մեկնած մտածելու կը մղէ մեզ, թէ անոնք իսկապէս ապրեցա՞ն:
Կապոյտ Յակոբը թերեւս ամէնէն աննշանը կամ լուսանցքայինն է հոն յիշատակուած Յակոբներէն: Անոր լուսանկարն իսկ չկայ կամ այդպէս կ՚ըսէ Աննան՝ իր աղջիկը: Հոն կը գտնենք Կանանչ կամ Դեճիր Յակոբը, որ ամենէն լայն տեղեկութիւնները կը փոխանցէ պատմողը հետաքրքրող անձնաւորութիւններուն, մա՛նաւանդ՝ իր հօր մասին. Կարմիր Յակոբը, որ զաւակ մը կորսնցուցած է ազգամիջեան կռիւներու ընթացքին, եւ Դեղին Յակոբը, որ պատմողին հայրն է եւ զայն ճանչնալու, հասկնալու ճիգը մէկ-մէկ գլուխը կը ցցէ պատումներու այս շարքին մէջ։
Կանանչ Յակոբի պարտէզին մէջ ամենամտերիմ ու շահեկան պահերէն մէկը կը ստեղծուի այս գործին մէջ: Վերջիվերջոյ Կանանչը Դեղինի մօտ ընկերներէն մէկը եղած է, օղիի սեղանակիցը եւ մաքուր օղի կ՚առաջարկէ պատմողին: Դեղին Յակոբն է, որ Կանանչին կեանքը ազատած է, այն իմաստով որ զայն վերադարձուցած է հայութեան, որովհետեւ Կանանչ Յակոբը, Ցեղասպանութեան օրերուն, կ՚իյնայ արաբ պետեւիի մը քով եւ երբեմն պետեւիին ու անոր տղուն հետ որսի կ’երթայ: Պետեւին կ՚որոշէ զաւկին հետ ուխտի երթալ Մեքքէ. մեկնումի գիշերը Յակոբ կը տեսնէ, որ պետեւիին տղան դանակը դրեր է իր վզին եւ թլուատ հայերէնով մը կ՚ըսէ, որ հոս չմնայ …: Տղան Դեղին Յակոբն էր: Այս կը նշանակէ նաեւ, որ Դեղինը այն օրերուն իսլամացած է, թլփատուած՝ Մեքքէ մտնելու համար: Երբ Կանանչը երիտասարդին հօրը մասին կ՚ըսէ. «թլիփը կտրեր էին» (էջ 252), ինք զարմացական արտայայտութեամբ՝ չի հասկնար բառը, որուն համար հօրը ընկերը կ՚աւելցնէ. «ատ ի՞նչ է որ, հատէ՜, աւելի գէշ բաներ շատ էղան. Հապա՞ տաճկացողները, ուրացողները, երդումնին ուտողները …. թլփատեցի՛ն ծօ» (էջ 252): Հոս է որ այս արարքին անդրադարձը, իր ամբողջ ուժգնութեամբ, կը հարուածէ պատմողը. ինք դուրսէն դիտողը չէ, թլփատուելու արարքը իր նշանը, դրոշմը կը դնէ ընտանիքի պատմութեան վրայ, իսկ «կտրել» բայը մեղսակցութիւն մը կը նշէ կոտորածին եւ կտրտելուն հետ: Ասոր կը հետեւի խորհրդածութիւնը, որ մտածումի մակարդակին կը բերէ իրողութիւնները եւ կը յատկանշէ Պըլտեանի գրականութիւնը: Ան պիտի արձանագրէ. «Ի վերջոյ հայրիկը ակամայ, վատութեամբ կամ անտարբերութեամբ, թերեւս նոյնիսկ յօժարակամ, ինչպէս կ՚ըլլան խոստմնադրոյժները, ուզելով գացեր է մինչեւ ծայրը, հոն ուր դանակը կը գործէ, հոն ուր սահմանի մը վրայ ինքնութիւն կոչուած ցնորքը կը շրջուի մէկէն, դիրք-տեղ, անուն կը փոխէ, հոն ուր՝ տոհմի, պատմութեան րոպէական ջնջումով՝ ողջ մնալու համար կը կորսնցնէ մարմնին ամբողջութիւնը, հոն ուր վերջապէս մտքին մէջ հաւանաբար շատ տարտամ արգելքը կտրած՝ սարափով ու ազատումի զգացումով միատեղ՝ հին աշխարհը կը տեսնէ միւս կողմէն, դարձերեսէն. այդ դանակի մը շեղփին վրայ՝ հայրիկը չէ պատկանած «մեզի»: «Մենք»: Այն ատեն ի՞նչ էինք որ … անապատի փոշի: Անկէ մարմին առեր, յառներ էր: Բայց իբրեւ ի՞նչ … իբրեւ ո՛չ ոք: Անասուն: Գազան: Ենթամարդ: Կամ մարդու ձախողած փորձ: Մէկը: Շունչ մը: Մարմին մը, որ կը վարանէր, կը դողար, բայց քիչ թէ շատ հլու-հնազանդ, տրուեր էր ա՛դ … , հերքումին դաւաճանութեան, ինչպէ՞ս ըսել, բուսային կեանքի՞ն, ստանձնուած գոյութեա՞ն, թէ՞ աւելի ճիշդ՝ մահուան» (էջ 253-254): Ասկէ անդին՝ մինչեւ հօրը ձիակառքով կազ ծախելը բաւական մանրամասնութիւններ կը պատմուին, ինչպէս հօրը քաղաքացիներէն կիւրինցի աղջկան մը հետ նշանտուքի կամ ամուսնութեան ձախող փորձը եւ այլն: Երկրորդ նշան մը կայ հօրմէն, թերեւս այդ օրերու լեզուի կորուստին հետ կապուած, որ դարձեալ Կանանչը կը նշէ, հօրը լեզուին մէջ երեւցող «թլիկ-թլթլիկ» բան մը, որ կակազութիւն չէ եղած, ինչ որ դարձեալ իր մէջ կ՚արթնցնէ գիտակցութիւնը այդ օրերէն մնացած նշանին, որ իր մէջ եւս մանկութեան յայտնուած է, երբ Արեւիկ իր կարդալու ձեւին մասին ակնարկութիւն կատարած է: Շահեկանօրէն, աւելի ուշ, պատմողը իր հօրաքրոջ հետ հանդիպումի աւարտին կ՚ըսէ.«երբ թլիփը ինկաւ՝ եկաւ թլուատութիւնը» (էջ 403):
Այս ու Կանանչ Յակոբին հետ տեղի ունեցած երկրորդ հանդիպման ընթացքին պատմողը կը զգայ, որ կը մտնէ աշխարհ մը, ուր աղէտին կապուած բազմաթիւ ողբերգական, այլեւ ամօթալի դէպքեր պատահած են եւ Կանանչին մէջ ցասում ու ընդվզում կայ այդ բոլորին հանդէպ: Կանանչը յաճախ ծօով կը խօսի հետը եւ կը բացուի, որովհետեւ ձեւով մը եղբօր տղան կը նկատէ զինք: Առաւել, թուրքին նկատմամբ իր ընդվզումը կը հակադրուի տէր հօր թշնամիին ներելու գաղափարին:
Երկրորդ ժամանակը այդ բոլորը
հաւաքելու, գիրի վերածելու,
ստեղծագործելու ժամանակն է,
ուր պատմողը մ իշտ կը մտածէ իր
աշխատանքին մասին, կը վերլուծէ
զայն, գիտակից է գրողական
արարքին, ինչ որ Գրիգոր Պըլտեանի
ամբողջ բանաստեղծական թէ արձակ
գրականութիւնը կը բնորոշէ:
Ցեղասպանութեան վերապրածներէն իսկական ժխտական կերպարը անզաւակ դրամափոխ Հայկն է, որուն մասին կը խօսին, որ անկախ դիակապուտ մը ըլլալէն, թուրքի պէս խօսուածք ունեցած է, եւ այդ օրերուն ամենասիրուն տղաները կը տանէր միւտիրին, գայմագամին եւ ուրիշներու, որոնք այդ տղաքը գործածելէ ետք՝ Եփրատ կը թափեն եղեր, թաղը կը խօսի իր տան մէջ կատարած վատութեանց եւ վաշխառութեան մասին: Երբ անգամ մը ան բախում կ’ունենայ Կարմիր Յակոբին հետ, ան Հայկի երեսին կու տայ. «… մեռելները շուլլեցիր, հիմա ողջերո՞ւն կարգը եկաւ …» (էջ 237): Սակայն Հայկը շրջանին մէջ, անունը մաքրելու համար, դպրոցին ու եկեղեցիին նուիրատուութիւններ կատարած եւ բարերարի համբաւ շահած է: Աննա կը պնդէ, որ պարոն Հայկ ու իր կինը միշտ ազնիւ գտնուած են իր հօր եւ իրենց հանդէպ, թերեւս պատճառը այն է, ինչ որ Կապոյտին կինը՝ Վերոն կը վկայէ, «…Ընչըղ իմ մարդին զարկեց … գետին նետեց … իդիկ ջրի մօտ» (էջ 459), այսինքն՝ Հայկը այդ օրերուն նաեւ հայ մը Եփրատ նետած է, սպաննած, եւ որքան ալ Աննա փորձէ լռեցնել մայրը, ան կը հաստատէ. «իմ Ակոբ տեսուկ ի … կանանչուտը … էնտեխ էր» (էջ 461): Մեսքենէի դժոխքը տեսած Յակոբը,ինչպէս անգամ մը նշեցի, ամենախեղճն է Յակոբներուն, որուն իշուն հետ կապուած ծիծաղելի պատմութիւնը բլուրին նիւթը դարձած է: Անգամ մը Կանանչ Յակոբ կը տեսնէ անոր խեղճ կերպարանքը դաշտին մէջ եւ կ՚ուզէ բռունցքի հարուած մը տալ անոր, սակայն չի կրնար, որովհետեւ նոյն աղէտին հետեւանքները, պարապութիւնը կը կրէ իր մէջ …: Հեգնականը սակայն այն է, որ երբ պատմողը տեղեկութիւններ կ՚ուզէ դպրոցի տնօրէն պարոն Մղտէսեանէն Կապոյտ Յակոբի մասին՝ ան կ’առաջարկէ ոչ թէ այդ «աննշան» մարդուն մասին գրել, այլ՝ պարոն Հայկին …:
Պատումներու շարքին մէջ, անկախ
մտածում ի ընդգծուած առկայութենէն,
կորսուող բարբառներու
ներկայութիւնն է: Հրաշալի լսողական
յիշողութիւն մը ունի Պըլտեան:
Պատումներու շարքին մէջ, անկախ մտածումի ընդգծուած առկայութենէն, կորսուող բարբառներու ներկայութիւնն է: Հրաշալի լսողական յիշողութիւն մը ունի Պըլտեան: Մօրը գործածած լեզուն բնականաբար ընտանի պիտի ըլլար իրեն, որովհետեւ զայն շարունակ լսած է, սակայն Գիշերադարձի ինը հատորներուն մէջ Բլուրէն եկող բարբառներու ամբողջ շարք մը կը տողանցէ, ինչպէս հոս կատարուած մէջբերումներուն մէջ կարելի է տեսնել: Կը նշեմ լսողական յիշողութեան զօրութիւնը, որովհետեւ ան չէր կրնար, նոյնիսկ սղագրութեամբ, բոլոր այդ խօսակցութիւնները արձանագրել: Հետաքրքրականը այն է, որ Կանանչ Յակոբին հետ իր երկար խօսակցութիւններէն ետք, երբ դուրս կու գայ անոր պարտէզէն, կ՚անդրադառնայ որ իր նոթերու տետրակը հոն մոռցած է, սակայն գիտէ նաեւ, որ որոշ կէտեր, երբեմն՝ միայն բառեր սղագրած կամ արձանագրած է այնտեղ … ինչ որ կը նշանակէ, որ հատորին մէջ մեր տեսած ամբողջ խօսակցութիւնը վերարտադրուած է: Սակայն նոյն ատեն կը տեսնենք նաեւ, որ կ՚անդրադառնայ իրենց բնաշխարհներուն պէս կորսուած վայրերու հարազատ լեզուի կորուստին: Երբ Մարթա հօրաքրոջ հետ հանդիպումին ընթացքին հօրաքոյրը կը պատմէ, որ իր խանութի կողքի սենեակը հայրն ու Կէյմիր Յակոբ կը խորհէին սպաննել Հայկը, այդ Տէր-Զօրի աղբը վերցնել մէջտեղէն, պատմողը մտքին մէջ կը կրկնէ կէյմիր ածականը, չմոռնալու համար կարմիր բառին այդ բարբառային տարբերակը:
Պատկերի եւ լուսանկարի կապուած
մտածումներու ամբողջ սարք մը կը
բանի Սեմերէն սկսեալ մինչեւ հոս։
Պատկերի եւ լուսանկարի կապուած մտածումներու ամբողջ սարք մը կը բանի Սեմերէն սկսեալ մինչեւ հոս, որ առանձին ուսումնասիրութեան նիւթ է եւ անոր մէկ երեսին անդրադարձած է Մարկ Նշանեան իր «Վաղակատար վէպը» յօդուածին մէջ [3]Նշանեան, Մարկ. Պատկեր պատում պատմութիւն. Բ. Հատոր, Երեւան, 2016, 556 էջ:: Կապոյտ Յակոբ պատկեր չէ ունեցած, ըստ իր աղջկան՝ Աննայի, սակայն գործի վերջաւորութեան, երբ պատմող հեղինակը Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հանդիպի անոր տղուն՝ Կարոյի, որ իր դիմագիծերով իր մտքին մէջ կ՚արթնցնէ Կապոյտին պատկերը, ան կ՚ըսէ որ հայրը լուսանկար ունէր, պարզապէս լուսանկարուելու օրը Աննան աշխատանքի ըլլալով բացակայ էր: Պատմողն է նաեւ, որ անկախ իր քաշած նկարներէն, հին Պէյրութի լուսանկարները ձեռք կը ձգէ եւ կը փորձէ հոն Հայկ աղայի դրամափոխի խանութը գտնել: Սակայն ամէնէն կարեւորը իր հօր՝ Դեղին Յակոբի լուսանկարն է, առնուած իր ընկերակցութեամբ, հօրը հիւանդութեան օրերուն: Լուսանկարիչը՝ Ֆոթօ Վահէ, մանրամասնօրէն աշխատած է դիմանկարին վրայ, խորշոմներ, պզտիկ թերիներ վերացուցած եւ «փաշա մարդու» պատկեր մը ստեղծած է, պատկեր մը որ պիտի մնայ անոր մահէն ետք …: Որքան ալ զինք խանգարէ գեղագիտական գործողութեան ենթարկուած այդ դիմանկարը, մայրը շատ բնական կը գտնէ կատարուածը եւ գոհ է արդիւնքէն: Իսկ ինք կը խորհի. «ան որ պատկեր կը դառնայ՝ կը մեռնի, լուսանկարը ա՛յս է որ կը պատմէ, կը շշնջէ պիտի ըսէի. միայն մեռնողը պատկեր կ՚ըլլայ, չէ՞. կը թոթովէր, գրեթէ այդպէս կը թլփատէր ինքզինք հոգեւին։ Ուրեմն վճռեր էր երբեք չխօսիլ. բայց կրնա՞ր իսկապէս, քանի մեռնիլը լռել մըն է ընդմիշտ եւ լռելը՝ շարունակ պահել մահը որ քուկդ չէ. Խաթարուեր էի ես ալ հետը, այո՛, ես էի զինք տանողը հոն, նկարչագեղ սպանդին» (էջ 444): Եւ մինչ պատմողը կը փորձէ իր հաւաքած պատկերներն ու նոթերը մտածել, «թարգմանել», մայրը ընդվզած կը բողոքէ. «հոս հասանք քի աշխարհքս խառնշտկես, ատ ամեն փիսութիւնը տո՞ւն բերես … պատկեր քաշես. ես ամեն բան կը տեսնամ. պապադ ըլլար» (էջ 476): Ինք, աւելի ուշ, իր քաշած բոլոր լուսանկարները կը կտրտէ: Հետաքրքրականը այն է, որ այս ամբողջ շարքը կը սկսի Սեմերուն մէջ յիշուած, պատմողին փոխանցուած ընտանեկան լուսանկարներու տրցակով մը, եւ այդ հատորի աւարտին, պատմողը մտքով հաւաքական լուսանկար մը կը փորձէ կազմել, ուր կան Էլմոնը, Մարիամը, Վերժինը, Անթիքան, իսկ այս պատումի աւարտին, երբ տուն կը վերադառնայ, կը տեսնէ որ մայրը պատէն վերցուցած է բոլոր լուսանկարները եւ կ’արգիլէ իրեն՝ զանոնք ետ բերել եւ վերստին կախել իրենց վաղնջական տեղերը …:
Յստակ տարբերութիւն մը կայ
պատմողին եւ գրական հիմնանիւթը
գեղարուեստական պատում ի վերածող
Գրիգոր Պըլտեանին միջեւ, որ իրարու
հետ պէտք չէ շփոթել կամ զանոնք
նոյնացնել:
Երբեմն, մասնաւորաբար խօսակցական ծիրի մէջ, ակնարկութիւններ կ՚ըլլան Պըլտեանի Գիշերադարձը շարքի ինքնակենսագրական բնոյթին մասին: Անձնական եւ ընտանիքի կենսագրութիւնը, ընտանիքի անցեալը, ծննդավայրը եւ հոն գտնուող կարգ մը անձնաւորութիւններ իբրեւ հում նիւթ կը ծառայեն գրողին համար. աշխարհ մը որ ծանօթ է իրեն: Առաւել, կարգ մը կարեւոր եւ երկրորդական տիպարներ իրենց իսկական անուններով կը նշուին, իսկ ամբողջ շարքը ամբողջութիւն մը կը կազմէ, ուր անգամ մը խորապէս ներկայացուած կերպարներ վերստին կը յայտնուին կամ կը յիշատակուին: Սակայն այ բոլորը օգտագործուած են իբրեւ նախանիւթ եւ կը ծառայեն Աղէտը եւ անոր վերապրողները հասկնալու (եթէ իսկապէս կարելի է), Աղէտը մտածելու, շրջապատը հասկնալու, Ցեղասպանութենէն փրկուած ծնողները, յա՛տկապէս՝ հօրը լռութեան թափանցելու ճիգին: Բնականաբար իր աճումը, զարգացումը եւս մտածումի ու քննարկման առարկայ կը դառնան, սփիւռքեան իրականութեան տարբեր փուլերը եւ այլն: Հոս կեդրոնացումի եւ ընտրութեան նուրբ ու խորունկ աշխատանք մը կատարուած է: Փաստօրէն, հայրն ու մա՛յրը միայն գործին մէջ են եւ ընտանիքի միւս անդամները դուրս ձգուած են, որոհետեւ գրողի ծրագրին մաս չեն կազմեր: Թերեւս նաեւ Յակոբներու կարեւոր հանդիպումները ու գործողութիւնները Սբ. Յարութեան-մեռելոցի շաբթուան ընթացքին չեն կատարուիր, պարզապէս գրող Պըլտեանն է, որ այդ բոլորը այդ ժամանակաշրջանին մէջ կը զետեղէ՝ համաձայն իր գրական ծրագրին …: Կարելի է տրուած օրինակներու շարքը երկարել: Այսպէս յստակ տարբերութիւն մը կայ պատմողին եւ գրական հիմնանիւթը գեղարուեստական պատումի վերածող Գրիգոր Պըլտեանին միջեւ, որ իրարու հետ պէտք չէ շփոթել կամ զանոնք նոյնացնել: Իսկ շարքին մէջ ներկայացուած մօրը կերպարը՝ Հռիփը, հայ գրականութեան մէջ երեւցող ամենազօրաւոր անձնաւորութիւններէն մէկն է, եւ կ՚արժէ ուսումնասիրութիւն մը կատարել Պըլտեանի ներկայացուցած մօր եւ Հրանտ Մաթեւոսեանի Աղունին միջեւ:
Յաճախ յիշեցի Գիշերադարձը կազմող շարքին սկզբնաւորութիւնը եւ քանի մը յղումներ կատարեցի շարքի կարգ մը գործերուն: Հոս անպայման պէտք է նշել Գրիգոր Պըլտեանի հատորներու էջերուն աստիճանական ընդարձակումը, մասնաւորաբար վերջին չորս հատորներուն մէջ, որ շունչի ծաւալումին եւ առաջադրուող հարցերը խորացնելու աշխատանքին արդիւնքէն կը բխի: Ամէն պարագայի, Գիշերադարձը, իր ծրագրով եւ իրականացմամբ, իւրայատուկ տեղ մը կը գրաւէ հայ գրականութեան մէջ:
*Պըլտեան, Գրիգոր. Յակոբներ. Զանգակ հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 510 էջ: