Չորս նամակներ Զ. Սիւրմէլեանէն պահպանուած են Սարաֆեանի արխիւին մէջ, Անթիլիասի Մայրավանք։ Մեր ենթադրութեամբ հաւանաբար նամակ մը եւս փոխանակուած է անոնց միջեւ, որ մեզի չէ հասած եւ որուն մասին ակնարկութիւններ կան։
Այս թղթակցութիւնը, ինչպէս կ՚ըսէ Սիւրմէլեան, երկար չէ տեւած, եւ հոս տպուած վերջին գիրը, 13 յունիս 1923 թուականը կրող, արդէն գուշակել կու տայ անոր դադարումը։ Սիւրմէլեանի եւ Սարաֆեանի կապը ըստ երեւոյթին Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանէն սկսած, խորացած է աւելի ուշ եւ մէկէն ընդհատուած։ Յայտնի չէ թէ ինչո՞ւ։
Սիւրմէլեանի մէջբերած տողերէն կարելի է ենթադրել, որ Սարաֆեան խանդավառ չէր Սիւրմէլեանի քերթուածներով։ Այս կեցուածքը աւելի արմատացած կ՚երեւայ 1951ին, երբ լոյս կը տեսնեն Վահան Թէքէեանի նամակները Սիւրմէլեանին եւ կը վերահրատարակուի Լոյս Զուարթը։ Այս հրատարակութեան Սարաֆեան երկար ուսումնասիրութիւն մը կը նուիրէ. «Յառաջդիմութի՞ւն թէ ձուլում» («Ակօս» 1951, թիւ 5, էջ 83-102, նաեւ Տեսարանները, մարդիկը եւ ես, Երեւան, 1994)։ Հոն կը քննէ Թէքէեան–Սիւրմէլեան կապը, խնդրոյ առարկայ դարձնելով նաեւ Օշականի գնահատումները։ Սարաֆեան իր տարակուսանքը կը յայտնէ Սիւրմէլեանի քերթողութեան հանդէպ. «Բանաստեղծէն աւելի բանաստեղծական բառն է որ աւելի կը պատշաճի «Լոյս Զուարթ»ի հեղինակին, որուն մէջ կը տեսնենք կանխահաս, ճարտար virtuosité մը[1]Կատարումի ճարտարութիւն։ իրական խառնուածքէ աւելի, վարպետը՝ խճանկարներու, ծաղիկներու, ծաղիկներ հաւաքող աղջնակի մը հոգիով, թարմ, պարզ ու անկեղծ՝ անշուշտ տեղ-տեղ» (Տեսարանները, էջ 236)։
Սարաֆեան Թէքէեանի նամակներու հատորի իր անձնական օրինակին վրայ լուսանցքային նշումներ ըրած է, որ չեն մտած յօդուածին մէջ եւ որոնցմէ մի քանին կարեւոր կը նկատեմ։ Աոաջին նամակի լուսանցքին, Սարաֆեան մատիտով կը գրէ. «Թէքէեան բանաստեղծէն աւելի վեր կը դասէ Զաւէնին հոգին» եւ աւելի անդին. «Ի՜նչ կարօտով կը սպասէ նամակներուն, ինչպէս կ՚ուրախանայ երբ կը ստանար զանոնք», եւ այլն։
Սիւրմէլեանի հակազդեցութիւնը յայտնի չէ։ 1972ի օգոստոսին, երբ ծանօթ վիպագիր է եւ Փարիզ այցելած է, ուզած է հանդիպիլ Սարաֆեանին, ըստ Զ. Որբունիի 24 օգոստոս 1972 թուակիր նամակին՝ ուղղուած Սարաֆեանին։ Այդ հանդիպումին մասին, եթէ տեղի ունեցած է, որեւէ հետք չկայ մեզի հասած արխիւին մէջ։ Չենք խորհիր որ անիկա տեղի ունեցած է։ Այդ ամիսներուն յայտնաբերուած էին հիւանդութեան ախտանշանները, որոնք նման հանդիպում կը դարձնէին չափազանց թէական։
Արխիւի ցանկագրումին մէջ, նշուած է «կիսատ» նամակ մը։ Ասիկա թիւրիմացութիւն է։ Այդ «կիսատ» կոչուած նամակը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ վերջին նամակին միջին մասը. թուղթին որակը, էջին վերը գտնուող համարակալումը ատոր փաստերն են։ Որով այդ նամակը փոխանակուած նամակագրութեան ամենէն երկար գրութիւնն է, շատ մօտիկը օրագրային էջերու։
Նամակներուն կցուած է Սարաֆեանի արխիւին մէջ պահուած Սիւրմէլեանի «Մեռելոց» քերթուածին մէկ նախնական տարբերակը, որ բաւական տարբեր է Լոյս Զուարթի մէջ տպուած, սրբագրուած օրինակէն (էջ 15), եւ իբրեւ այդ՝ որոշ շահեկանութիւն մը կրնայ ներկայացնել։ Թղթածրարին կցած եմ Սարաֆեանի «Ծխամորճ» քերթուածը որուն կ՚ակնարկէ Սիւրմէլեան եւ որ չէ հրատարակուած բանաստեղծի հատորներուն մէջ[2]Չափածոյ երկերը (խմբագիր Յ. Քիւրքճեան), Սարաֆեանի արտադրութեան այս առաջին շրջանի քերթուածները զանց առած է։ … Continue reading։
Ա.
յունուար 1, 1923
Սիրելի Նիկողոս[3]Այս նամակի առաջին էջի վերի անկիւնը, Սիւրմէլեան աւելցուցած է. «Նամակ գրել չեմ գիտեր, շուտ մը կը ձանձրանամ»։,
Ստացած եմ նամակդ, զոր երբեք չէի սպասեր։ Սրտիդ ու սրտիս մէկ կտորն է անիկա, տառապանքով զայն կարդացի, կրկին ու կրկին, հեւիհեւ ու գինով։ Խորհեցայ իւրաքանչիւր խօսքին վրայ, աշխատելով բռնել անոնց հոգին ու ուժը։ Ինձ կը թուի թէ Զաւէնն է որ կը խօսի Զաւէնին, եւ ոչ թէ Նիկողոսը։
Մօտենալ կ՚ուզէր հոգիս քուկինիդ, այդ պզտիկ աղջկայ հոգիին, բայց պզտիկ տղու մը պէս, ես կը վախնայի, որովհետեւ հեռուէն քեզ հպարտ ու իմաստուն էի տեսած։ Ես խենթ տղայ, ինչպէս քալէի հոգիէդ ներս, որ ինծի բարձր ու կարծր կ՚երեւար, ու կը կարծէի թէ դուռը գոց պիտի գտնայի։
Ու հիմա կը զարմանամ թէ ինչո՞ւ ծովերն ու ճամբաները մեզ իրարմէ կը բաժնեն, մենք որ այնքան երջանիկ կրնայինք ըլլալ իրարու քով, գլուխ գլխի, շունչ շունչի։
«Մինակ եմ ու ատիկա կը ճնշէ վրաս», կ՚ըսես։ Դուն որ մօտդ ընկեր մը ունիս, հայ ընտանիքի մը մէջ ես, ուր մանաւանդ «աղջիկներ կան», Պրն. Թէքէեանին սենեակը կ՚երթաս, հոգիդ տաքցնելու համար((Սարաֆեանի նամակը գրուած պէտք է ըլլայ Վառնայէն, գուցէ Դեկտեմբերին։ Այդ օրերուն Թէքէեան կը գտնուէր Վառնա, ուրկէ նամակ յղած է Սիւրմէլեանին, տե՛ս Վահան Թէքէեանի Նամակները Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանին, Նիւ Եորք, 1950, էջ 25, 27, 29։)), վերջապէս դուն, որ սիրելիներու մէջ ես, կը գանգատիս։ Իսկ ես… լացս կու գայ… աւելի լաւ է չխօսինք։
Եղնիկի մը նման զատուեցայ լեռներէն ու ինքզինքս գտայ խոշոր քաղաքներու աղմուկին մէջ։ Ակռաներս սեղմած սկսած եմ վազել ու չեմ գիտեր թէ ո՞ւր։
Այնքա՜ն կարօտ եմ մտերիմ ձայնի մը, շուքի մը, սրտի մը, երբե՛ք այսքան որբ զգացած [չ]էի ինքզինքս։ Օ՜ բոլոր գանձերս կու տամ սիրելիի մը համար, մէկ հոգիի առանձնութենէն աւելի մեծ տառապանք չկայ։ Ես գիտէի ասիկա, բայց ստիպուած էի։ Զգացումներս այնքան շատ գտայ մէջս, որ վախցայ, մտածեցի երկար, ու ահա միտքս բռնապետը եղաւ հոգիիս. ես կ՚ատեմ զայն, բայց ստիպուած կը յարգեմ։
Ու հիմա կռիւը այս երկուքին։ Ես երբեք հաշտուիլ կրնա՞մ ինծի հետ։ Ինչպէ՜ս հաշտուիմ, երբ ես, զգացում ամբողջ, կեանքին համար, սպաննած եմ ինքզինքս մտքիս մէջ։ Մարդիկ շատ անգութ են հոս, ու կ’ուզեն որ հոգիս ծախեմ, մարմինս գնելու համար։ Մարդիկ շատ յիմար են հոս, անոնք նոյնիսկ չհասկցան այն հեգնական ծիծաղը որ շրթներուս վրայ կայ։ Որքա՜ն երջանիկ ես երբ ազատ կը խօսիս։ Ես այդպէս միայն ինծի՛ կրնամ խօսիլ, գիշերները, վերմակիս տակ։ Եթէ մէկը հասկնար, թէ ի՞նչ է այն կրակը որ կը շողայ աչքերուս մէջ. եթէ մէկը զիս խղճար հոս, ես անոր պիտի ցուցնէի սիրտս։ Բայց հոս անիւ մը միայն կայ հողին վրայ ու մտքերուն մէջ։ Հոս ծխնելոյզներ կան, երկար ու կարմիր ծխնելոյզներ, ու եկեղեցիներ առանց խաչի։
Ու հիմա, ես գտած եմ հայրիկս, կամ աւելի ճիշդը, հայրիկս գտած է զիս[4]Այս տողերը կը լուսաբանուին Թէքէեանի նամակով, գրուած 21 Դեկտեմբեր 1922ին, ուր բանաստեղծը կը գրէ. «ես արժանի՞ եմ … Continue reading։ Բայց մեր աղուոր օրերը շատ կարճ եղան ու ես ճամբայ ինկայ ուրիշ աշխարհներու համար։ Համբերութեամբ պիտի տանիմ այս մէկ քանի տարիները, մինչեւ որ կրկին իր գիրկը իյնամ. ա՜հ երբ իր գիրկը իյնամ, այնքան պիտի լամ, այնքան բաներ պիտի պատմեմ։ … Բայց կը վախնամ զայն կորսնցնելէ, անոր առաքեալի սիրտը վիրաւորելէ։ Ու այս մտածումը տառապանք մըն է ինծի համար։ Որքան երջանիկ ես, եթէ ծուխին մէջէն անոր աչքերը կը դիտես. ներսս պարապ է հիմա. ես սիրտս իր մօտ ձգեցի, որպէսզի մարդերը զայն չգողնան։ Երբ կրկին զայն տեսնաս, լաւ նայէ իր աչքերուն ու ճակատին. երկար նայէ՛. ու երբ ան իր բարի ծիծաղով հարցնէ պատճառը, ըսէ թէ Զաւէնին կարօտն է որ կ’ուզեմ առնել։
Եկու՛ր եղբայր մեր հոգիներէն ներս։ Մենք մեծ ընտանիք էինք ու բաժնուեցանք։ Եկուր ու բաց սիրտդ վարդի մը պէս։ Միայն զայն համբուրելով պիտի տաքցնենք։ Մենք, տղայ չեղած տղաներ, հայր չեղած հօր մը քով… Բայց այնքա՜ն կը վախնամ ձեզ կորսնցնելէ, որ այս յուզումը արդէն իսկ զիս դժբախտ կ՚ընէ։
Եթէ գիտնայիր, թէ առանձնութեանս պահերուն, քանի անգամ եմ կրկնած անունդ, ուրիշներու հետ, չպիտի ուզէիր ըսել թէ ես քեզի չեմ հասկնար, ու եթէ ճանչնամ, պիտի սիրեմ. ես ձեր անունները այնքան գուրգուրանքով եմ տաքցուցած ու մեծցուցած, որ եթէ օր մը դուք հեռանաք իսկ ինձմէ, այդ անունները պիտի մնան, սիրելի, մտերիմ ու աղուոր։
Այս օրերս J. J. Rousseauի Les Confessionseը կարդացի։ Ու ինձ կը թուի թէ իմ խոստովանութիւնս կարդացի։ Այնքան նմանութիւն այդ գրքին, ինծի ղրկած երկու կտոր թուղթերուս ու հոգիիս միջեւ։ Երբեմն անկարելի եղաւ ինձ զայն շարունակել, իսկ երբեմն ալ չքնացայ ու կարդացի։ Այսպէս են գրեթէ բոլոր գրքերն ու թուղթի կտորները։ Ինծի կ՚ըսեն. կարդա՛, բայց ինչպէ՞ս կարդամ երբ չեմ կրնար. շատեր գրքերով մխիթարութիւն կը գտնան։ Ես այն-քան կը տարուիմ անոնցմով, որ ինքզինքս կը մոռնամ ու այդ գրքերն ու թուղթի կտորները կ՚ըլլամ։ Յետո՞յ։ Չոր կեանքին կը վերադառնամ, մահապարտի նման, սպանդանոց գացող ճերմակ գառնուկի մը նման։ Ու ասիկա վնասակար է ինծի։
Մեր թղթակցութիւնը, եղբայր, պէտք է արագ արագ ըլլայ. ու նամակս ղրկելէ վերջ հիւանդագին գինովութեամբ մը պատասխանիդ պիտի սպասեմ։ Միտքս շատ ցրուած է, ու անփոյթ են շարած տողերս. ասիկա կ՚ըսեմ նախապէս, որպէսզի յետոյ ընկերոջդ հետ սրճարանի մը անկիւնը զայն չքննադատես։
Թող ասիկա նախաբանը ըլլայ այն գրքին որուն վրայ մեր ճակատները կախած, պիտի թղթակցինք։
Սիրով ու կարօտով
պզտիկ եղբայրդ՝ Զաւէն։
Յ. Գ. Պրն. Թէքէեանին հասցէն չեմ գիտեր. նոյնպէս Պրն. Գարանֆիլեանին։ Ասոնք ինծի կը ղրկես։
Խաչիկին[5]Ակնարկութիւնը Խաչիկ Ջուլֆայեանին է, որ Սարաֆեանի մօտիկ ընկերներէն էր, որուն նուիրած է «Շթաքար» քերթուածը, … Continue reading համբոյրներ։ Անոր հետ ալ կ’ուզեմ թղթակցիլ, զայն լաւ չեմ ճանչնար, բայց չէ՞ որ ընկերդ է։ Զ.
Բ.
Ապրիլ 9, 1923 Մէնհէթըն, Քէնս.
Սիրելի Նիկողոս,
Նամակդ իր ժամանակին ստացած եմ. այսօր միայն պատասխանելու հնարաւորութիւն ունեցայ։ Գրած նախորդ նամակս, Վառնայէն ետ եկաւ, դուն մեկնած ըլլալուդ համար։
Դժբախտ նամակ մըն է ատիկա, Նիկողոս։ Ու ես կ՚ըսեմ թէ ամենէն մեծ տառապանքը իր մտքի եւ հոգիի ընկերոջ բան մը ընել ուզելն ու չկրնալն է։ Չէ թէ դժուար է, որովհետեւ սորված եմ դժուարութիւններու հետ դէմ դիմաց կենալ, այլ անկարելի է, գոնէ առայժմ, որ ես կարենամ օգտակար ըլլալ քեզի։ Ձմեռէն ի վեր կ՚աշխատիմ Աշոտին((Աշոտը մեզի ծանօթ չէ։)) համար, ու հազիւ յաջողեցայ, բայց լաւ յաջողեցայ, իրեն թուղթ մը ղրկել այս երկիրը գալու, իմ մօտս, հաւանաբար ճարտարապետութեան հետեւելու։ Ես ոչ միայն բարոյապէս, այլ զոհած պզտիկ նիւթական օգնութիւններս չպիտի զլանամ կրկին, ու չնայած որ շատ ուրախ եմ որ վերջապէս մէկն ու մէկը քովս պիտի ըլլայ շուտով, միշտ կը տրտմիմ քեզ յիշելուս։ Բայց սրտիս զովութիւն մը տալու համար, քեզի համար ալ դիմեցի, ու պատասխանեցին թէ այլեւս ուրիշի մըն ալ օգտակար չեն կրնար ըլլալ, որովհետեւ պետական համալսարան մըն է փորձածս, ու որոշ գումարէ մը աւելի չեն կրնար տրամադրել որ հայ տղաք ձրի ուսում ստանան։
Բայց ես վստահ եմ որ, եթէ կամքը չպակսի, դուն ալ այս երկիրը կը նետես ինքզինքդ, բայց չեմ կարծեր որ իմ մօտս ըլլաս։ Նիկողոս, «ապագայ»ի սիրոյն, ես եղբօրմէս ու քրոջմէս զատուեցայ, հազար ու մէկ նեղութիւն յանձն առի ու այսքան ծանր բեռ մը միս մինակս դեռ կը կրեմ։ Այնպէս որ ահա իմ խօսքս։
Սա յայտնի է որ այս անորոշ վիճակը չէ կարելի շարունակել, ու օր աոաջ ամէն մարդ որոշ ապահով ճամբայ մը գտնալու է։ Ամերիկայի համալսարանները — Harvard, Yale, Columbia, Princeton եւայլն, աշխարհիս ամենէն հարուստ ու լաւ համալսարաններն են։ Քանի որ դուն երեք-չորս ամիս ունէիր գրական ճիւղը աւարտելու, ինչո՞ւ զայն լքես։ Ընդհակառակը հոս համալսարանի մը մէջ կրնաս Romanic languages and literaturesին հետեւիլ, մանաւանդ որ բաւական ֆրանսերէն գիտես։ Ամերիկայի մէջ մարդ նիւթականէն շատ քիչ պատճառներ ունի վախնալու, բայց Ամերիկան ամէն բանէ աոաջ ջիղի ու երկաթի աշխարհ մըն է, ուր մենք պէտք է արուեստագէտներ ըլլանք… զինուորի հագուստով։ Անշուշտ դուն չես վախնար նեղութիւններէն, «ապագայիս սիրոյն»։
Արդ, Նիւ-Եորք Հայ Ուս. Միութիւնը կայ։ Բաւական թիւով ուսանողներ, իր միջոցաւ թէ այս երկիրը մտան եւ թէ տեղաւորուեցան։ Քարտուղարը եւ անդամներէն ազդեցիկները ռամկավար են, եթէ կրնաս ազդեցիկ մարդերու միջոցաւ — օրինակ Թէքէեանը — դիմել անոնց որ քեզի յարմար համալսարան մը գտնան ու նաեւ որոշ դիւրութիւններ, իսկ եթէ ոչ, դուն պատշաճ նամակ մը կը գրես, ուր չես մոռնար Կեդրոնականի շրջանաւարտ մը ու այլ նման կարեւոր պարագաներ յիշել։ Դուն ըսէ՛ կամ ըսել տուր որ Կեդրոնականի շրջանաւարտ ես, հոգ չէ թէ թուղթը չունիս, անգամ մը որ հոս գաս ու քիչ մը ֆրանսերէն խօսիս, որեւէ համալսարան քեզ սիրով կ՚ընդունի։
Ես խորհուրդ պիտի տայի մանաւանդ միայն ազդեցիկ կռնակով մը գործել։ Ա՛լ քեզի կը մնայ բոլոր ճամբաները գտնալը։
Ուրիշ ճամբայ մը չկա՞յ արդեօք, Նիկողոս. ա՜խ որքան կը ցաւիմ որ ձեռքերս կոտրած են. ինչո՞ւ այսքան ուշ ըսիր ինծի խօսքդ. գոնէ կանուխէն բան մը ընէի, քու եւ Աշոտին խնդիրը միասին կը յաջողէր։
Ինչ որ է, Ուս. Միութեան կամ ուրիշ ոեւէ մէկուն միջոցաւ affidavit մը[6]Պաշտօնապէս հաստատուած յայտարարագիր, երդումնագիր ըստ անկլօսաքսոն իրաւունքին։ ձեռք պէտք է ձգես։ Երբ Ամերիկա եկար, շատ շատ տարի մը կը կորսնցնես, ու յետոյ ամէն բան իր բնական ուղղութիւնը կ՚առնէ։ Սա ալ ըսեմ որ, իմ վարժարանս միայն էնժէնիօրութեան եւ երկրագործութեան ճիւղեր ունի, այնպէս որ ես չեմ կարծեր թէ ուզես այս ճիւղերէն մէկը քեզի ասպարէզ ընել։
Այնքան շատ զբաղած եմ, որ չպիտի կրնամ երկար նամակ մը գրել քեզի մինչեւ ամառ։ Որեւէ կերպով որ կրնամ ես քեզի օգտակար ըլլալ, ըսէ՛ , Նիկողոս։ Ես զոհել գիտցող տղայ եմ։ Մենք աճելու ու զարգանալու համար, իրար մօտ պէտք է ըլլանք, Աշոտն ու Խաչիկը այս երկիրը կու գան, Նիկողոսն ալ գոնէ գայ, ու քչիկ-քչիկ կը հաւաքուինք, կը սեղմուինք, իրարմով կը կշտանանք, ու յետոյ այդ ցաւի երկիրը կը վերադառնանք, մեր պարտականութիւնը զինուորներու նման կատարելու համար։ Յուսահատելու պատճառ չկայ։ Եթէ կամք ունիս ու գիտես բանաստեղծի հոգին մարտիկի հոգիի մը փոխել ու փոխադարձաբար, նեղ աշխարհը գոնէ քչիկ մը կը լայննայ։
Վահրամը[7]Վահրամ Կաքաւեանն է, հեղինակ Պողպատէ սերմեր հատորին, Փարիզ, 1929։ 1928ին հրատարակած է «Ցոլքեր» գրական ամսագիրը, … Continue reading ինծի կ՚ըսէ որ լաւ չէ իմ ունեցած գաղտնապահութիւնս իրեն հանդէպ, քու մասին։ Ես այնքան միամիտ եմ ու բարի, ինծի համար բոլոր այս «երազի գոյն» պատանիները այնքան սիրելի են ու հաւասար, որ ես այդպիսի նկատումներ երբեք ունեցած չեմ։ Ի պատասխան իր յանդիմանութեան, քու նամակներդ ղրկեցի իրեն, ցուցնելու համար մեր միջեւ եղած յարաբերութիւնը։
Ես շատ քիչ խօսիլ կը սիրեմ, բացառութիւն ըլլալով հոգիի մէկ քանի պահերը։ Մենք ճանչցանք զիրար ու ըսինք մեր խօսքը գրաւոր։ Ասկէ յետոյ նամակներու գէթ պէտք է փոխուի։ Իրար հետ կը խօսինք «գրականութեան» մասին ու այն ամէն բանի՝ որ օգտակար է ու անհրաժեշտ մեզի։
Քեզի ոտանաւոր մը[8]Նկատի ունի «Մեռելոց»ը, որ գրուած է առանձին էջի վրայ։ կը ղրկեմ Նիկողո՛ս։ Երկտունդ նամակիդ մէջ շատ սիրեցի, որքա՜ն հարազատ ու բնական էր։
Ես շատ եմ հաւնած «Ծխամորճ»ին[9]«Ծխամորճ»ը կարելի է կարդալ յետագայ էջերուն մէջ։։ Կ՚արտասանեմ կրկին ու կրկին, ու միշտ իր հեթանոս թարմութիւնն ու ազատութիւնը կը պահէ։ Կը ցաւիմ որ ես հազիւ տարի մը եղայ Կեդրոնական, ու անկէ աւելի չէի կրնար սորվիլ։ Ես գիրք չեմ կարդացած, ու ա՛յս է իմ պակասը։
Ես կը գրեմ իմ procédéներով[10]Գրելու միջոցներ, գրելաձեւ։. յետոյ մէկ վախ ունիմ, որ ուրիշները չեն հասկնար զիս։ Ինչ որ է, դուն կրնաս ինծի օգտակար ըլլալ, Նիկողոս։ Ես սրտագին կը խնդրեմ քեզմէ որ չխնայես այդ օգտակարութիւնը, որ միայն քեզմէ կրնամ ստանալ գոնէ։ Ղրկէ ինծի կտոր մը քովիններէդ. կարծեմ դուն քիչ գրողներէն ես, ու քիչ գրողները միշտ լաւ կը գրեն։
Թող մեր այս ազատ յարաբերութիւնը օգուտ մը ունենայ ինծի, որ գրականութիւնս գոնէ մինչեւ իմ վերադարձս, եւ մխիթարութիւն մը քեզի, որ մեծ եղբօր մը նման մեծցուցիր զիս։
Շատ սիրով ու կարօտով,
պզտիկ եղբայրդ
Զաւէն
Ուս. միութեան հասցէն է.
D. P. Damlamian
Armenian Students’ Association of America, Inc.
2929 Broadway, New York, N.Y.
Գ.
Bonner Springs, Kans. յունիս 7, 1923
Սիրելի Նիկողոս,
Ստացած եմ Պուքրէշէն ղրկած նամակդ։ Նամակ չէր ատիկա, աւետարանէն վերցուած թերթի մը, աղուոր, ու տրտում գրքի մը էջը, սիրտ ու հոգի, ինքը Նիկողոսը ինչպէս որ է ինքն իր մէջ, մերկ, հեռու ուրիշներէ — եթէ կան — ինչպէս որ ենք մենք մեր մէջ։ Բայց լաւ տղայ, ես քեզի անցեալ նամակիս մէջ ըսի թէ դուն զիս Verlaineը կը յիշեցնես, ես կ’ուզեմ որ դուն զիս յիշեցնես Պետրոնիուսը[11]Լատին արձակագիր, հեղինակ Սաթիրիքոն վէպին։, Աբուլլէն[12]Լատին գրող, հեղինակ Այլակերպումներ կամ Ոսկի էշը վիպական արձակին։, հին յոյն գրողները՝ որոնց կեցուածքը այնքան կը նմանի. ես կ’ուզեմ որ դուն զիս յիշեցնես աշխատաւորի պատկեր մը, զինուոր մը, գիւղացի մը, նոյնիսկ, այո, նոյնիսկ լաւ սրիկայ մը։ (Սրիկայ բառը ոչ այնպէս ինչպէս հասարակ ժողովուրդը կը հասկնայ)։ Մենք մեր մէջ, ու իրարու հետ, սրտերնիս մեր ձեռքերուն մէջ առած՝ կրնանք մօտենալ, բայց աշխարհին հետ, «դուրսեցիներուն» հետ, չենք կրնար, չենք կրնար նոյնը ընել, անոնք շատ նեղ հորիզոնով մտքեր ունին, հորիզոն մը որ լեցուած է շուկայի գներով, ծիծաղելի կրնանք ըլլալ անոնց մօտ, երբ սրտի խօսք մը բերներնէս փախցնենք ու կը խուսափին, կը վախնան մեզի մօտենալէ։ Ինչո՞ւ արուեստագէտը չըլլայ առաջին մարդը, մարդը՝ ինչպէս որ է փողոցին մէջ, տան մէջ, կռուի առջեւ, գործի ժամանակ, մարդերու հետ։ Կ’աղաչեմ ըսէ ինծի, ի՞նչ է իմաստութիւնը միայն թղթեր լեցնելուն։
Շատեր կը խորհին որ արուեստը «հիւանդութիւն» մըն է որմէ վարակուողը կ՚ըլլայ հիւանդ, «անարեւ», մարմնով ու մտքով։ Անոնք կը սխալին, սա կը խորհիմ։ Արուեստը պէտք է կրօնքի մը չափ ուժով ըլլայ, արուեստը պէտք է արեւուն չափ անսահման ու երջանիկ ըլլայ, որուն մէջ ամէն դէմք կը ժպտի, — թերեւս տրտում ժպիտ —, որուն մէջ ամէնքը մանուկներ են ճամբաներու վրայ խաղցող, որուն լոյսով մենք կը տեսնանք մեր ներսը, ինչպէս նաեւ ջուրին, հողին, ծաղիկին ու ձայներուն եւ գոյներուն «ներսի» կողմը, այսպիսով զատուելով հասարակ մարդերէն, որոնց զգայարանքները ձիի մը զգայարանքներէն շատ չեն տարբերիր, որոնք չեն գիտեր գործածել իրենց ականջը, աչքը, երեւակայութիւնն ու մտածումը։ Ես կը սպասեմ որ դուն ըլլաս ամենէն երջանիկ մարդը աշխարհիս վրայ, տղայ մնաս միշտ ու երբեք չմեծնաս։ Նոր մտածումներ գտնաս քեզի համար, փառքի ու խոնարհութեան մտածումներ, կռուի ու խաղաղութեան մտածումներ, ու խանդավառուիս, պրկուիս անոնցմով։ Ես չեմ հաւատար որ մարդ կրնայ լալ աստղազարդ գիշերի մը մօտ ու լուսնի տակ, պարտէզի մը մէջ, աշխատանքի ատեն, բահի մը կամ հրացանի մը մօտ։ Թերեւս մինակ մնալդ է որ կը ստիպէ քեզի սիրտդ խածնել, նոր կեանք ու նոր ապրելու պայմաններ, «խաչէն» զատուած, մեծ մարդու մը շունչէն, պակասէն զրկուած։ Բայց գիտցիր որ կարճ ժամանակի մը համար հեռու երկիրներ է գացեր պզտիկ տղայ մը, որ այնքան շատ կը սիրէ քեզի հիմա, երկիւղածութեամբ կը խորհի քու վրայ։ Հաւատա՛ որ վաղը, մօտ ատենէն, նոր շունչ մը նոյն ծառերուն տակ պիտի հաւաքէ մեզի, մենք՝ թափառական փիլիսոփաներ, արեւը տարբեր պիտի թուի երբ մենք կ՚աշխատինք արտերուն վրայ։ Ես առայժմ կը մաղթեմ քեզի աղուոր, թռչկոտուն ու միշտ ուրախ աղջիկ մը, որուն դուն շատ սիրես ինչպէս սիրեց Պետրոնիուսը, հին ասպետի մը նման, իշխանական ծանրութեամբ ու խորհրդաւոր ձեռքերով, սիրես, ինչպէս պէտք է սիրէ առաջին մարդը։ Ուրախ սէր, վայրի սէր, չար սէր։ Ես կը մաղթեմ քեզի նաեւ յարմար գործ մը, զոր ընես խանդավառութեամբ ու զինուորի մը նման, եւ գործէդ յետոյ, իրիկունները առանձին սենեակ մը, սեղան ու գրքեր, մտերիմ լամբար, երեկոյեան մտածումներ։ Յետոյ, ապագային, ես քեզի կը մաղթեմ բազմութիւններ, պատանիներու ու աղջիկներու թափօրներ, թափօրները անոնց մտածումներուն ու զգացումներուն, քու գրածներդ կարդալէ յետոյ։ Յետոյ, ես կը մաղթեմ քեզի ճերմակ ու փառաւոր ծերութիւն մը, պարտէզի մը ցանկապատին մօտ գտնուող փայտէ նստարանի մը վրայ նստած։
Մի՛ խնդար միամտութեանս վրայ։ Դուն եթէ իմ տառապանքիս մէկ մասը միայն ունենայիր, ո՞վ գիտէ, որքան շատ պիտի հասկնայիր զիս։ Հաւատք, յոյս, սէր եւ բարեգործութիւն, սիրելիս։
Մօտ երկու շաբաթ է որ ուրիշ քաղաք մըն եմ, ու ագարակի մը վրայ կ՚աշխատիմ։ Չեմ գիտեր թէ ածուխի գործը այդչափ դժուար է, բայց ածուխէն յետոյ, ամերիկեան ագարակի աշխատանքը թերեւս է՛ն դժուարն է։ Օրը 12 ժամ աշխատիլ։ Արեւ, արեւ, տաք արեւ։ Շատ գոհ եմ վիճակէս։ Բաց օդի ու արտերու սեւ «լակոտ» մըն եմ հիմա, կ՚աշխատիմ՝ բանաստեղծութիւններ մռմռալով, սիրելի պատկերները յիշելով, երազելով, շատ երազելով։ Ու լաւ կ՚աշխատիմ։
Երախտապարտ եմ քեզի որ շատ շատ ինծի կը գրես։ Յաջորդ նամակիդ մէջ կ՚ուզեմ նոր հոգի մը տեսնալ։ Ցուցիր ինծի հոգիիդ տրտում կողմը։ Տուր որ տեսնամ եւ անոր ուրախ մասը։ Գիտե՞ս, քարեր կան, թանկագին քարեր, որոնք երբ մեր մատներուն մէջ կը տաքցնենք նոր ու նոր գոյներ կը ցուցադրեն։
Սիրով ու երկիւղածութեամբ
քոյդ՝
Զաւէն
Մինչեւ սեպտեմբեր հասցէս է.
Henry Lobenstein, Bonner Springs, Kansas, USA
Օշականէ լո՞ւր։ Լուսանկարս վերջին նամակիս հետ ղրկած եմ քեզի։
(Առաջին էջին վրայ, վերէն վար)
Բանաստեղծութիւններ ղրկէ ինծի անպայման։
Դ.
յունիս 3, 1923
Bonner Springs[13]Բնագրին մէջ թուականը 31 Յունիս է, ինչ որ գրչի վրիպակ է, գուցէ Յուլիս պէտք է կարդալ, ինչ որ աւելի հաւանական կը … Continue reading
Սիրելի Նիկողոս1[14]Ակնարկութիւնր Խաչիկ Ջուլֆայեանին է, որ Սարաֆեանի մօտիկ ընկերներէն էր, որուն նուիրած է «Շթաքար» քերթուածը, … Continue reading,
Այսօր կրկին մօտս եկար, ինձ կը թուի թէ սենեակիս մէջ մինակ չեմ։ Աղուոր էր նամակդ, այն աղուորութենէն որ միայն տրտում ու շուարած մեծ հոգիները ունին։
Հիանալի թղթակցութիւն մըն է ասիկա, թերեւս պատմական ալ ըլլայ, ես չեմ կրնար նամակներ գրել քու նամակներուդ պէս, խօսիլ կ’ուզեմ ես, դէմ դիմաց ու մսկոտ կեցուածքով մը, խօսիլ քեզի հետ։ Սիրոյ խօսքերու մէջ ես շատ ժլատ եմ, ոչ թէ սիրտ չունիմ սրտի մը տալու, այլ որովհետեւ ես կը խորհիմ թէ արդէն դիմացինս գիտէ ինծի ու աւելորդ է կրկնութիւններ ընելը. եղբայրը իր եղբօր կը սիրէ, բայց շատ քիչ անգամներ կ’ըսէ այդ սէրը իրեն։ Ու դուն կարծես թէ կը ջանաս վստահեցնել զիս քու զգացումներուդ մասին հանդէպ ինծի. ես պէտք չունիմ ատոր։ Ոճիր պիտի ըլլար կասկածիլ քու անկեղծութեանդ մասին, ես հոգեբան եմ ու գիտեմ հոգիներուն վիճակը։ Մարդեր կան որ չարութիւն չեն կրնար ընել, այսինքն չեն գիտեր չարութիւն ընել, այդպէս մարդ մըն ես ե՛ւ դուն, ես միայն եղբայրական զգացումներ ու բարեկամի մը գուրգուրանքն ու գթութիւնը կը սպասեմ քենէ, ու դուն արդէն տուիր զայն ինծի, պարտքի տալ ալ դնելով զիս։
Ես վիրաւորելը չեմ սիրեր, ներողութիւն կը խնդրեմ եթէ վիրաւորած եմ քեզի տխմար տողով մը, մենք դեռ շատ պիտի վիճաբանինք իրարու հետ, որովհետեւ կեանքը դիտելու մեր կեցուածքը կը տարբերի, մենք դեռ շատ պիտի խծբծենք մեր գրուածքները, որովհետեւ սկսնակները քիչ մը անգութ ու չար ալ են, մեր հոգիները մակընթացումի ենթակայ ըլլալնուն՝ երբեմն պիտի լացնենք ու բարկացնենք ալ մէկզմէկու, բայց այս բոլորը քարն ու աղիւսն ու շաղախը պիտի ըլլան բարձրացնելու համար մեր շէնքը, որուն փառահեղ ու թռչուն հասակը հիացումով պիտի դիտեն քիչ մը բարի ու խելացի եղող մարդեր։
Ես պիտի ուզեմ քննադատել նամակիդ մէկ քանի մասերը, օրինակ ես երբեք հեգնանք դրած չեմ «քիչ մը շատ բանաստեղծական է» տողին մէջ((Այս ակնարկութենէն կարելի է ենթադրել, որ ուրիշ նամակ մը գրած է Սիւրմէլեան, որ չէ հասած մեզի։)), անկեղծօրէն ըսելով ես կրկին ու կրկին կարդացի զայն ու չհասկցայ, թերեւս իմ յանցանքն է եւ ոչ թէ կտորինը։ Շատ նուրբ ես սիրելիս, ինծի շատ կը քննադատեն ու ես խոնարհաբար կ’ընդունիմ զանոնք, որովհետեւ վերջապէս ի՞նչ են աս մեր գրածները, ես չեմ կարծեր որ դեռ բան մըն եմ, տղայական ու ոչ լուրջ շրջան մըն է այս շրջանը, խոնարհ ըլլալու է, Նիկողո՛ս։
Կը մերժեմ ընդունիլ որ Թէքէեանը պիտի յուսահատեցնէ զիս «որովհետեւ չի կրնար այս վիճակը երկար տեւել եւ օր մը ոտքս պարապին պիտի գայ»։ Ես կը մերժեմ ընդունիլ որեւէ ազդեցութիւն, ըլլայ հայ, ըլլայ օտար, Մեծարենցէն միայն «Ջրտուք»ն ու «Ծաղիկներէն հովը փերթեր կը թափէ»ն[15]Յիշողութեամբ գրուած Մեծարենցի այս տողը կու գայ անշուշտ Մեծարենցի «Աքասիաներու շուքին տակ» քերթուածէն։ կարդացած եմ Մեղրագետներուն մէջ. ես Մեծարենց չեմ յիշեր։ Paul Verlaineի եւ Մեծարենցի մասին խօսած պահուս, ես անոնց կեանքը կ’ուզէի ցուցնել քեզի եւ ոչ թէ գործը։ Ես չեմ սիրեր այդ կեանքը։ Verlaineը մուրացիկ է եղած գրեթէ, բանտի ու հիւանդանոցի զաւակ, ու ծերանոցի մը մէջ տղու մը պէս մեռեր է. իսկ Մեծարենցը արդէն գիտես։
Եթէ չափս է որ քեզի Թէքէեանր կը յիշեցնէ, կը սխալիս, որովհետեւ չափը մէկու մը սեփականութիւնը չէ ու ամէնուն կը պատկանի. ես կրնամ ամէն չափի վրայ գրել. փորձած եմ։ Ի՞նչ կարելի է հասկնալ սա տողէն. «այլ դուն առած ես անոնց տողերուն ճարպիկութիւնը եւ անոնց քայլերուն հետեւելով վստահ կ՚ըլլաս որ բան մը ըրած ես»։ Երբ դեռ նոր սկսած էի «Ժ. Ձայն»ին մէջ երեւալ, օր մը Օշականը դասարան եկաւ.
— Ծօ բեր նայինք աս ոտանաւորդ։
«Ձմեռ գիշեր»ն էր։ Կարդաց։
— Լաւ է, ըսաւ։
Յետոյ խօսք բացուեցաւ «Արեգ»ին մասին[16]Նկատի ունի Ս. Յակոբեանի ամսագիրը, Պերլին լոյս տեսած (1922-1924)։ու ի միջի այլոց ըսաւ.
— Արդէն քու արժանիքդ ինքնատպութիւնն է. բան մը որ կը պակսի բոլորովին մեր նորերուն մօտ. դուն կը տանիս հետդ վճիտ ձեւին կաղապարը. դուն ակօսն ես որմէ սկսող ջուրը քաղցր է ինծի երեւակայել. բայց խորհուրդը կ՚ուզեմ քեզի համար»։ Այս վերջինը բառ առ բառ իր ըսածն է։
Բայց թերեւս դուն ալ իրաւունք ունիս. եթէ ապացուցանես կարծիքդ ես երախտապարտ կ՚ըլլամ քեզի։
Շատ սիրեցի «Ես առանձին եմ միամիտ»։[17]Սարաֆեանի այս քերթուածէն ոչ մէկ հետք «ժողովուրդի ձայն»ին կամ բանաստեղծի հատորներուն մէջ. խորագիրն ալ արդէն … Continue reading Կայտառ, նոր ու ինքնատիպ է. կեցցես։
Շուտով Վահրամին միջոցով կ՚ապսպրեմ Sully-Prudhomme, A. Samaine եւ հաւանաբար Lislee[18]Երեք ֆրանսագիր բանաստեղծներ — Sully-Prudhomme, A. Samain եւ L’Isle — առաջին երկուքը կու գան խորհրդապաշտութենէն, երրորդը … Continue reading. ես կարդացած չեմ. անգլերէնս ինծի թոյլ կու տայ ուսումնասիրել Edgar Allan Poeն եւ Wildeը ու միւս անգլիացիները. ֆրանսերէնս առայժմ բաւ է հասկնալու համար մէկ քանի գրքեր. ես միտք ունիմ այս վարժարանս աւարտելէ յետոյ, նախքան Երեւան երթալս, Փարիզ գոնէ տարի մը մնալ։ Գիտեմ բաւական ռուսերէն։ Եթէ տարի մը ինքնիրենս աշխատիմ կրնամ այդ պարտէզին ալ դուռը բանալ, հաւանաբար, կարենամ նաեւ հին յոյներու մէկ քանի բանաստեղծը կարդալ։ Ահա՛ իմ ծրագիրս։ Առայժմ ստիպուած եմ համալսարանս աւարտել ու վաղը միւս օր անկախ մասնագէտ մը ըլլալ, որմէ կախում ունի նաեւ հոգիին անկախութիւնը։ Հիմա դասեր ու հաց վաստկելու գործով տարուած եմ բոլորովին, բայց վստահ եմ թէ օր մը, ըսենք վարժարանս աւարտելէ վերջ, պիտի կրնամ կարդալ ու գիւղի մը մէջ քաշուելով գիրք մը տալ աս մեր ժողովուրդին։ Հիմա ոչինչ եմ, 0, բայց եթէ 0-ին առջեւը 1 դնես, 10 կ՚ըլլայ. ես այդ 1ին կը քալեմ։
Բան մը չըսիր ինծի «Լոգանք»իս[19]Քերթուածի hետագայ խորագիրն է «Լոգանք լուսնին հետ», Լոյս Զուարթ, էջ 26։ մասին. Վահրամը շատ հաւնեցաւ այդ կտորին[20]Սիւրմէլեան-Կաքաւեան նամականին պահպանուած է, կը հրատարակենք աւելի ուշ։։
Այս ամառ եւ հաւանաբար գալ տարի ոչինչ կարենամ գրել։ ժամանակ չունիմ։
Վիճակդ լիովին կ՚ըմբռնեմ։ Հաւանաբար հիմա կը խնդաս ալ, ես ալ ձմեռը հիւանդագին մտածումներ ու սիրտ ունէի, հիմա կարծես թէ հիւանդութենէ մը ապաքինած եմ. խնդա՛ բարեկամս. «կեանքը է՛ն աղուոր բանն է»։ Թեթեւ ու տղայ եղիր միշտ, ականջ մի՛ տար ոչ մէկուն, ես երկար խօսած եմ այս մասին նախորդ նամակիս մէջ, որուն պատասխանը շաբաթէ մը ստանամ թերեւս, հոն տուած եմ իմ ըմբռնումներս կեանքի մասին։ Հաւատք, յոյս, սէր, եւ բարեգործութիւն… եւ խնդուք։ Վահրամը ինծի կը գրէ թէ քահ քահ կը խնդայ միշտ, ու քովինները յիմար կը կարծեն զինք, ես ալ շատ կը խնդամ, ու եթէ Վահրամին երկու երեք տարի յետոյ հանդիպիմ, վստահ եմ թէ դէմ դիմաց պիտի կենանք ու առանց խօսք մը ըսելու պիտի խնդանք կուշտ ու կուռ։
Ի՞նչ է սա կեանքը վերջապէս։ Քանի կ՚ապրինք, լաւ ապրինք, շէն ապրինք։ Վահրամը միշտ ուզած տղաս կ’ըլլայ կոր. սինեմայի մը տնօրէնին գացեր է դերասան ըլլալու համար, կ’ուզէ զրահանաւի մը նաւաստի ըլլալ, նաւակ կը նստի ու Սէնի վրայ պտոյտի կ’երթայ, կեցցես Վահրամ, aventure, aventure ու նորէն aventure։ Հաւատա՛, եթէ տարիքոտ ըլլայի Gabriele d’Anunzio((Gabriele d’Annunzio, իտալացի բանաստեղծ, արձակագիր ու թատերագիր։)) մօտ կ’երթայի։ Ես կ’ուզեմ ըլլալ,
1 Հայաստանի լեռներուն վրայ,
2 աղուոր ու եայլայի աղջիկով մը,
3 բարձր, շատ բարձր պաշտօնով ու գործով,
4 գրքերու լակո՛տ,
Ահա իմ պատասխանս, ոչ էւել, ոչ պակաս։ Կ’ուզեմ նաեւ որսորդ ըլլալ ու կարմիր ձի մը նստիլ, կ’ուզեմ նաեւ ճառ խօսիլ գիւղացիներուն առջեւ, կ’ուզեմ նաեւ խնճոյք սարքել ընկերներուս հետ ու գինի խմել, գիւղական «օրքեսթրա» մըն ալ կ’ուզեմ, քեմանչէով ու թմբուկով։ Կ’ուզեմ ծառեր տնկել ու վարժարաններ բանալ, նաեւ պտոյտի ելլել հին եկեղեցիներն ու վանքերը ուսումնասիրելու։ Կ’ուզեմ նաեւ, ամուսնանալէս աոաջ, քարի մը վրայ կանգնիլ, չիփուխս լեցնել ու «Ծխամորճդ» արտասանելէն ծուխը կլկլացնել բերնիս մէջ։ Կ’ուզեմ նաեւ պատերազմի ատեն զինուոր ըլլալ, պայուսակներով ու փամփուշտներով։ Կ’ուզեմ Փարիզի cabaretները այցելել ու սրիկաներու հետ մտերմանալ, աւազակ ըլլալ, առաքեալ ըլլալ, խենթ ըլլալ, գիւղացի ըլլալ, գիրք գրող ըլլալ ու խնդալ, շատ խնդալ։
Կը հաւնի՞ս։
Ահաւասիկ Զաւէնը. գրիչը տասներորդական է իմ մօտս, ես գրիչին համար ոչ կրնամ լալ, ոչ ալ լռել. երբ կու գայ, կը գրեմ, երբ չի գար, կը խնդամ։ Կեանքս կ’ուզեմ կռիւի ու բազմութեան մէջ անցնել, երբեմն բացարձակապէս առանձնանալով ու գրքեր գրելով։ Alternative։
Հիմա իշու պէս ու իշու չափ կ’աշխատիմ, կատարեալ թափթփած գիւղացի լակոտի մը կերպարանքը ունիմ։ Բայց երբեմն ձանձրացուցիչ է աշխատանքս, մանաւանդ շատ երկար ալ է, օրը 12 ժամ։ Ինչ որ է, այս երկու-երեք տարին տառապողը յետոյ հանգիստ կ’ըլլայ, հիմա հանգիստ եղողը, յետոյ կը տառապի։
Ի՞նչ է հիւանդ ես։ Պատուհանին մէջ նայելու եւ դէմքի գոյնը ստուգելու սովորութիւնը ես ալ ունիմ! Քիչ մը ծանր խօսքեր կ’ըսես ինծի մարմինիդ մասին, բան մը կա՞յ, չէ նէ բանաստեղծութիւն է ըրածդ։
Առողջութեանդ հո՛գ տար, մտի՛ր գիւղական կամ բանուորական կեանքի մէջ, մի՛ վախնար բահէն կամ մուրճէն։ Գտի՛ր աղջիկ մը քեզի, բաւական մեծ ես, ու կարծեմ տգեղ ալ չես, սրիկայ եղիր, այս է օրուան նշանաբանը. «անսաստողները պատժւում են յեղափոխական ժամանակի ամենախիստ օրէնքներով»։
Ես ասկէ յետոյ նամակներս ասանկ անկանոն պիտի գրեմ. Վահրամն ալ ինծի պէս կ՚ընէ, ու ես անկէ սորվեցայ. Վահրամին աղուոր մը խօսեցայ քու մասին. ըսի որ յանցաւոր է ու պարտական է նամակիդ պատասխանել։
Տաղանդաւոր տղայ մ՚ալ դուն ես։ Ու տաղանդաւորը տաղանդաւորին կը պատասխանէ։ Ըսի նաեւ թէ ձեր երկուքը կը նմանցնեմ երկու ցուլերու որոնք միայն կը զգուշանան շատ հանդիպելէ։
Գործ մը գտիր քեզի Նիկողոս, ու աղջիկ մը։ Գործը պիտի խնդացնէ քեզի, աղջիկը երբեմն խնդացնէ, երբեմն լացնէ պիտի։ Թերթ կարդա՛, Հա՛յ եղիր։ Հայաստան պիտի գա՞ս։ Երբեք չզարմանաս եթէ ես պօլշէվիք երթամ ըլլամ։ Օյլէ տէ պաթմըշ ըք, օյլէ տա։[21]Թրքերէն. «ալ ընկղմեր ենք», այսինքն՝ բանը բանէն անցեր է։ Эорш богуп։[22]Ռուսերէն. «Սատանան տանի»։
Ոտանաւոր ու լուսանկար ղրկէ ինծի, նաեւ նոր ու անփոյթ նամակներ. մենք իրար մօտ անկեղծ պէտք է ըլլանք։
Նամակս շուտ մը լմնցեմ, հիմա գործիս պիտի վազեմ։ Եթէ նամակիս չպատասխանես յաջորդը չեմ գրեր։ Այս կէտին շուրջ ալիշվերիշճի եմ։ Եթէ կ՚ուզես նամակս դի՛ր կշիռին մէջ, նոյնքան ծանրութեամբ ալ դո՛ւն գրէ։ Ես շահաւոր կ՚ելլեմ, որովհետեւ քու գիրերդ մուկի մը ձագին ակռաներուն չափ սիրուն ու անուշիկ են։
Եթէ սիրտդ է տիրապետողը, սիրտ գտիր, եթէ միտքդ է, միտք, եթէ մարմինդ է, մարմին։ Ազատ եղիր, եղբայր։ Ինքզինքդ մի՛ կապեր, բանաստեղծ եմ մի՛ ըսեր մարդոց. ոտքերդ ամուր զարկ գետին երբ անոնց մօտէն կ՚անցնիս։
Կարդա՛ J. J. Rousseauի Les Confessions։
Չկարծես թէ խելագարուած եմ! Այսօր հոգիս այսպէս կ՚ուզէ։ Ես ազատ մարդ եմ. ոչ մէկէն կը վախնամ, ոչ մէկէն կը քաշուիմ։
«Բարի, բարի ըլլանք, համեստ ըլլանք, ազնուական ըլլանք, քաջ ըլլանք»։
Ես կ՚ուզեմ որ այսօր երթաս սինեմա ու պաղպաղակ ուտես, ես կ՚ուզեմ որ այսօր հանրային պարտէզ երթաս, չարութեան համար։ Ես կ՚ուզեմ որ այսօր բանուոր կամ գիւղացի ըլլալու որոշում տաս։
«Մեռելոց»ը սրբագրեցի լաւ կերպով, այսինքն փոխեցի. Թէքէեանն ու Վահրամը շատ հաւնեցան. Թէքէեանը կ՚ուզէ Թէոդիկի տարեցոյցին տալ[23]Ակնարկութիւն Թէքէեանի 15 Մայիս 1923 նամակին, տես Վահան Թէքէեանի Նամակները Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանին, էջ 33։։
Առանց գութի կը համբուրեմ քեզ։
Շատ սիրով ու երկիւղածութեամբ՝
քոյդ՝ Զաւէն
Ե.
ՄԵՌԵԼՈՑ
Մեռելոցի կէս-գիշեր։ Օդը տաք է ու բուրեան.
Մեռելի մուխ մը կ’ելլայ կակաչներէն ու հողէն…
Ջուրի խոշոր ծաղիկներ բաժակն իրենց կը փակեն…
Ու հազի՜ւ թէ կ’առնեն շունչ գորգինաներ բացուած լայն…
Հեկեկանք մը թաւ ջութի հեռուներէն դեռ կու գայ,
Որուն ի զուր ծաղիկներ խաչերուն տակ կը բուսնին…
Երկնքին մէջ թափօր կայ… ու տրտմութիւնը լուսնին
Բարձերուն մէջ ընկղմած դէմք մ’է մեռած աղջկայ…։
Խենթի մը պէս կը վախնամ այս կէս-գիշեր ես ինէ…
Շա՜տ կը տանջեն իմ հոգին պատկերներ հին, մտերիմ…
Ինչպէս, ինչպէ՜ս ես գտնամ մեռելներըս ով Տէ՜ր իմ…
Ճերմակ քարեր ես չունի՜մ… 0 ես տղա՜յ մ’եմ մոմէ…։
Գիշերուան մէջ միս մինակ, ուր մուխեր գաղջ ու բուրեան
Կակաչներէն ու հողէն մեռելոցի դուրս կ’ելլան…։
Գորգինան ծաղիկ մըն է, Dahlia
(Զ. Սիւրմէլեանի նշում)
Զ.
ԾԽԱՄՈՐՃ [24]«ժողովուրդի Ձայն», Պոլիս 6 Օգոստոս 1922։ Թերթի նոյն էջին մէջ տպուած է Սիւրմէլեանի «Տրտմութիւն»ը։
Խաչիկ Թաշճեանին
Ծխամո՛րչ[25]Ծխամորճ/ծխամորչ ուղղագրութիւնը բնագրային է։, ընկոյզի գոյն, տղու ափին պէս անմեղ՝
Ծխամորչ, երազներուս խնկաման,
Պիտի վառեմ այս իրիկուն ես քու մէջ
Թնճուկ մ’Անոր մազերէն,
Եւ առանձին ու գինով՝
Ես՝ Պիւթիա՛ն
Իմ ծերացած մանկութեան,
Պիտի փնտռեմ Անոր հոգին,
Պզտիկ հոգին
Մուխին մէջէն
Որ կը մանուի՜ ծանրօրէն…։
Ծխամո՛րչ, վարդի կոկոն, տղու ափին պէս անմեղ
Ծխամորչ, երազներուս խնկաման,
Պիտի վառեմ այս իրիկուն ես քու մէջ
Թնճուկ մ’Անոր մազերէն…
Ն. Սարաֆեան
↑1 | Կատարումի ճարտարութիւն։ |
---|---|
↑2 | Չափածոյ երկերը (խմբագիր Յ. Քիւրքճեան), Սարաֆեանի արտադրութեան այս առաջին շրջանի քերթուածները զանց առած է։ Կեդրոնական վարժարանի աշակերտ՝ Սարաֆեան 1922ին աշխատակցած է «Ժողովուրդի Ձայն»ին, ուր տպուած է անվերնագիր քերթուած մը «Սպասէ,/սպասէ իմ դարձին» տողով սկսող (19 Փետրուար 1922), ապա՝ «Անցնելէն վերջ», 19 Մարտ 1922։ Նոյն շարքին կարծէք կը պատկանին «Կիլիկեան տարեցոյց»ին մէջ լոյս տեսած երկու քերթուածներ որ Ժ. Դանիէլեան հրատարակած է նախ «Շիրակ»ին, ապա իր Գրական որոնումներ հատորին մէջ (Պէյրութ 2007, էջ166)։ |
↑3 | Այս նամակի առաջին էջի վերի անկիւնը, Սիւրմէլեան աւելցուցած է. «Նամակ գրել չեմ գիտեր, շուտ մը կը ձանձրանամ»։ |
↑4 | Այս տողերը կը լուսաբանուին Թէքէեանի նամակով, գրուած 21 Դեկտեմբեր 1922ին, ուր բանաստեղծը կը գրէ. «ես արժանի՞ եմ այդ հայրութեան», տես յիշուած հատոր, էջ 25։ |
↑5 | Ակնարկութիւնը Խաչիկ Ջուլֆայեանին է, որ Սարաֆեանի մօտիկ ընկերներէն էր, որուն նուիրած է «Շթաքար» քերթուածը, տե՛ս Անջրպետի մը գրաւումը, Փարիզ 1928, էջ 24։ Ջուլֆայեան հեղինակն է Արբուն սրինգ, Կիթառ, Նեկտար եւ մոլեխինդ, Աւելի լոյս, Ինքնաստեղծութիւն քերթողագիրքերուն, մեռած, Փարիզ, 1947ին, արկածով։ |
↑6 | Պաշտօնապէս հաստատուած յայտարարագիր, երդումնագիր ըստ անկլօսաքսոն իրաւունքին։ |
↑7 | Վահրամ Կաքաւեանն է, հեղինակ Պողպատէ սերմեր հատորին, Փարիզ, 1929։ 1928ին հրատարակած է «Ցոլքեր» գրական ամսագիրը, որուն աշխատակցած է Սարաֆեան։ Հետագային Victor Gardon ծածկանունով հրատարակած է երեք ֆրանսերէն հատորներ. Le Vert Soleil de la vie (1959), Le Chevalier à l’émeraude (1961), L’Apocalypse écarlate (1970). |
↑8 | Նկատի ունի «Մեռելոց»ը, որ գրուած է առանձին էջի վրայ։ |
↑9 | «Ծխամորճ»ը կարելի է կարդալ յետագայ էջերուն մէջ։ |
↑10 | Գրելու միջոցներ, գրելաձեւ։ |
↑11 | Լատին արձակագիր, հեղինակ Սաթիրիքոն վէպին։ |
↑12 | Լատին գրող, հեղինակ Այլակերպումներ կամ Ոսկի էշը վիպական արձակին։ |
↑13 | Բնագրին մէջ թուականը 31 Յունիս է, ինչ որ գրչի վրիպակ է, գուցէ Յուլիս պէտք է կարդալ, ինչ որ աւելի հաւանական կը թուի։ |
↑14 | Ակնարկութիւնր Խաչիկ Ջուլֆայեանին է, որ Սարաֆեանի մօտիկ ընկերներէն էր, որուն նուիրած է «Շթաքար» քերթուածը, տե՛ս Անջրպետի մը գրաւումը, Փարիզ 1928, էջ 24։ Ջուլֆայեան հեղինակն է Արբուն սրինգ, Կիթառ, Նեկտար եւ մոլեխինդ, Աւելի լոյս, Ինքնաստեղծութիւն քերթողագիրքերուն, մեռած, Փարիզ, 1947ին, արկածով։ |
↑15 | Յիշողութեամբ գրուած Մեծարենցի այս տողը կու գայ անշուշտ Մեծարենցի «Աքասիաներու շուքին տակ» քերթուածէն։ |
↑16 | Նկատի ունի Ս. Յակոբեանի ամսագիրը, Պերլին լոյս տեսած (1922-1924)։ |
↑17 | Սարաֆեանի այս քերթուածէն ոչ մէկ հետք «ժողովուրդի ձայն»ին կամ բանաստեղծի հատորներուն մէջ. խորագիրն ալ արդէն բաւական դժուար վերծանելի է այստեղ։ |
↑18 | Երեք ֆրանսագիր բանաստեղծներ — Sully-Prudhomme, A. Samain եւ L’Isle — առաջին երկուքը կու գան խորհրդապաշտութենէն, երրորդը Պառնասեան շարժումի հիմնադիրն է։ |
↑19 | Քերթուածի hետագայ խորագիրն է «Լոգանք լուսնին հետ», Լոյս Զուարթ, էջ 26։ |
↑20 | Սիւրմէլեան-Կաքաւեան նամականին պահպանուած է, կը հրատարակենք աւելի ուշ։ |
↑21 | Թրքերէն. «ալ ընկղմեր ենք», այսինքն՝ բանը բանէն անցեր է։ |
↑22 | Ռուսերէն. «Սատանան տանի»։ |
↑23 | Ակնարկութիւն Թէքէեանի 15 Մայիս 1923 նամակին, տես Վահան Թէքէեանի Նամակները Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանին, էջ 33։ |
↑24 | «ժողովուրդի Ձայն», Պոլիս 6 Օգոստոս 1922։ Թերթի նոյն էջին մէջ տպուած է Սիւրմէլեանի «Տրտմութիւն»ը։ |
↑25 | Ծխամորճ/ծխամորչ ուղղագրութիւնը բնագրային է։ |