Կարօ Փօլատեան

ԶՐՈՅՑ՝ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ Ն. ՍԱՐԱՖԵԱՆԻ ՀԵՏ

Արձակագիրներով աւելի հարուստ Սփիւռքի մեր գրականութեան ամենէն ինքնատիպ եւ ամենէն վաւերական բանաստեղծն է Նիկողոս Սարաֆեան
    Ծնած է Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ 1902, ապրիլ 14–ին, զատկի օր մը:
    Այս տարի իր ծննդեան վաթսունամեակն է ուրեմն: Քառասնամեակը նաեւ իր գրական գործունէութեան: Արդարեւ, իր առաջին քերթուածները լոյս տեսած են 1922ին, Վահան Թէքէեանի «Ժողովուրդի ձայն»ին մէջ, Պոլիս:
    Այս յիշեցումները ո՛չ մէկ հրաւէր կամ առաջարկ կը ներկայացնեն, մեծարանքի կամ այդ կարգի ցուցական որեւէ արարքի:
    Ոչ մէկ մտածում աւելի խորթ է այս ինքնասոյզ ու ինքնաբաւ, ամբոխէն հեռու ապրող բանաստեղծին:
    Այս թուականները յիշեցի պարզապէս աւելի՝ շեշտելու համար ա՛յն բացառիկ պարագան, որ կը ներկայացնէ բանաստեղծ Նիկողոս Սարաֆեանը, Սփիւռքի բանաստեղծութեամբ հետաքրքրուող զրուցագրին համար, որ ես եմ:
    Ըսել կ’ուզեմ, որ չէի կրնար աւելի որակաւոր ներկայացուցիչ ընտրել, խօսելու համար Սփիւռքի բանաստեղծութեան մասին: Քանի մը տարի առաջ, «Ո՜ւր է Սփիւռքի բանաստեղծութիւնը» ընդհանուր խորագրին տակ, այս մասին հարցումներ ուղղած եւ պատասխաններ արձանագրած էի Ահարոնի, Կ. Զարեանի, Բ. Թօփալեանի, Գ. Ճիզմէճեանի, Յ. Կոստանդեանի եւ ուրիշներու հետ: Խոստացած նաեւ, մեր գրականութեան համար կենսական նշանակութիւն ունեցող այս հարցին ուսումնասիրութիւնը շարունակել Նիկողոս Սարաֆեանով: Կը յարգեմ ահա՛ խոստումս: Ա՛յնքան աւելի մեծ ուրախութեամբ, որ ան տեղի կ’ունենայ «Բագին»ի մէջ:
    Այս մասին քիչ յետոյ, բանաստեղծին հետ, դէմ դիմաց:
    Ինչո՞ւ բացառիկ պարագայ մը կոչեցի Նիկողոս Սարաֆեանը:
    Սփիւռքի գրականութեան տռամը որովհետեւ, իր ամենալայն եւ ամենասուր հանգամանքներովը, գոյութիւն ունի Սարաֆեանի մէջ: Մարդկայինը, ազգայինը, իմացականը:
    Մեզի կը թուի թէ Վ. Շուշանեանի եւ Շ. Շահնուրի հետ՝ Սարաֆեան աւելի խորապէս ապրեցաւ այդ ողբերգութիւնը:
    Մեր սերունդին միւս երէց անդամները, բոլորն ալ տաղանդաւոր, մասնակից ու դերակատար ըլլալով հանդերձ, մինչեւ իրենց կոկորդը մխրճուած ըլլալով հանդերձ այդ նոյն տռամին մէջ, տարբեր կեցուածք ունեցան: Տարբեր եղան անոնց հակազդեցութիւնները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը մօտեցաւ ողբերգութեան, ըստ իր աշխարհայեացքին, իր նկարագրին: Համաստեղ՝ իր հանդարտ բարութեամբ, Նարդունի՝ իր սկեպտիկ ժպիտով յաճախ, Բ. Թօփալեան՝ փիլիսոփայօրէն, Պէշիկթաշլեան եւ Արամ Հայկազ՝ իրենց ծիծաղով: Մէկն իր բարձրաձայն, միւսն իր նուրբ, մելանուշ ժպիտով: Եւ դեռ ուրիշներ՝ ուրիշ վահաններով պաշտպանուած, մէկն իր եսասիրութեան, միւսները, մեծամտութեան ետին:
    Անոնք նոյն «խենթութեամբ» չնետուեցան կրկէս, ուստի եւ նուազ վէրք ստացան:

Ինչո՞ւ բացառիկ պարագայ մը կոչեցի Նիկողոս Սարաֆեանը:
Սփիւռքի գրականութեան տռամը որովհետեւ,
իր ամենալայն եւ ամենասուր հանգամանքներովը,
գոյութիւն ունի Սարաֆեանի մէջ:
Մարդկայինը, ազգայինը, իմացականը:

    Ամենածանր վիրաւորները հանդիսացան Շուշանեանն ու Շահնուրը, անկասկած: Ու նաեւ Ն. Սարաֆեանը:
    Մինչ առաջին երկուքը հեռացած են արդէն բեմէն, Շուշանեան իր վաղաժամ մահով, Շահնուր՝ անողոք հիւանդութեան մը, ու նաեւ, թերեւս աւելի դժուար բացատրելի պատճառներով, Սարաֆեան կը շարունակէ:
    Պատնէշին վրայ է միշտ, ամուր կանգնած: Տռամին ամենէն տոկուն հերոսը կը թուի ըլլալ ան, կառուցուած ըմբիշի մը պէս: Վաթսունին կը շարունակէ ցուցադրել քառասունի եռանդ եւ ուժ: Եւ ա՛յս, թէ ֆիզիքական եւ թէ ստեղծագործական մարզերուն մէջ հաւասարապէս:
    Տարօրինակը սակայն, ու նոյն ատեն զմայլելին ա՛յն է, որ այս հուժկու մարմնին մէջ կ’ապրի գերզգայուն էակ մը: Ամենէն գերզգայունը, որուն երբեւիցէ հանդիպած եմ ես ամբողջ կեանքիս ընթացքին: Վճիտ ու բարդ, կասկածամիտ ու սիրտը բաց միանգամայն: Երբեք խորամանկ, միշտ խորաթափանց, ու երբեմն, զինաթափ ընելու աստիճան պարզամտօրէն բարի: Հաւանաբար չէ ստեղծուած արտաքին աշխարհին համար, կ’ապրի ինքն իր մէջ: Անոր մէջ իմացական ներքին պայքարը հասած է զօրաւորագոյն չափերու։
    Քառասուն տարի է ան ինքզինք կը վերլուծէ, ինքզինք կը պեղէ։
    Եւ ան, այդպէս, ինքն իրմէ միշտ դժգոհ, բարդոյթներէ տառապող, շէյքսբիրեան մռայլ հերոսի մը կը նմանի, բայց որ կը յառաջանայ անյողդողդ, գլուխը բարձր բռնած: Մռայլ հերոսի մը, որ զիտէ թէ ո՛ւր կ’երթայ, ի՛նչ կը փնտռէ, ի՛նչ կ’ուզէ։
    Ստեղծագործութեան տենդը, իր ներքին սատանան (սօն տէմօն տը լա քրէասիոն) կը չարչարէ զինք գիշեր ցերեկ, կը կրծէ սիրտը, կ’արիւնէ ուղեղը, թոյլ չտալով որ ան ապրի խաղաղ, ըլլայ ուրախ, երջանիկ, ուրիշ մարդոց նման:

Վճիտ ու բարդ, կասկածամիտ ու սիրտը բաց միանգամայն:
Երբեք խորամանկ, միշտ խորաթափանց, ու երբեմն,
զինաթափ ընելու աստիճան պարզամտօրէն բարի
:

    Ստեղծագործական իտէալ հոգեվիճակ մը, պիտի ըսուի, բացառիկ խառնուածք մը, տաղանդ եւ ըսելիք ունեցող արուեստագէտի մը համար: Ճիշդ է: Ճիշդ է ու նաեւ ահռելի: Սպառիչ՝ այդ մշտատեւ մենամարտը, իր շուրջ եւ իր մէջ թաւալող մթին, ամեհի ուժերուն դէմ:
    Իրաւ է որ ճշմարիտ բանաստեղծութիւն մը միշտ ալ հազուագիւտ իմացական պտուղն է ներքին այդ ահաւոր պայքարին:
    Սարաֆեան իրաւ բանաստեղծը մեզի կ’ընծայաբերէ այդ եզակի պտուղը: Հայ քերթողութեան ամենէն աչքառու յաղթանակներէն մէկը, շահուած օտար հողի վրայ, ամենէն դժուարին պայմաններու տակ:
    Ատով իսկ աւելի արժէքաւոր:
    Իր առաջին քերթուածները ամփոփուած են «Անջրպետի մը գրաւումը» հատորին մէջ, լոյս տեսած միայն 1928ին: Անոնց մեծամասնութիւնը սակայն գրուած է աւելի կանուխ, 1922–1926 թուականներուն:
    Սարաֆեանի գործը ուստի Սփիւռքի առաջին կարեւոր քերթողական մատեանն է:
    Ու չէ՞ք կարծեր որ այդ խորագիրը ինքնին աւելի քան թելադրական է:
Բոլորովին նոր բանաստեղծութեան մը ծնունդը կ’աւետէ ան, նոր «Անջրպետի մը գրաւումը», ի նպաստ եւ ի շահ հայ քերթողութեան:
    Եւ ա՛յս, Սփիւռքի կազմաւորման տարիներուն իսկ:
    Հատորները, որոնք յաջորդեցին այս առաջինին, «14»ը (1933) «Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն»ը (1939), «Միջնաբերդ»ը (1946) եւ անկէ ի վեր գրուած բազմաթիւ քերթուածներ, ու որոնք հատորներու չեն վերածուած տակաւին, կու գան վճռապէս հաստատելու թէ 1919ին սկսուած թռիչքը պսակուած է յաղթանակով: Նոր բարձունքներու ի խնդիր ճամբայ ելած «Սաւառնորդ»ը, ինչպէս կը սիրէր կոչել զայն Օշական, հասած է իր նպատակակէտին, աւարտած՝ նախատեսուած այդ «անջրպետին գրաւումը»:
    Ու այսօր, հրճուանք եւ հպարտութիւն է մեզի դիտել հայ քերթողութեան դրօշը, որ կը ծածանի ահա՛ նոր բարձունքի մը վրայ: Հայ մտքին այդ յաղթական դրօշը, բազմածալ ու բազմագոյն, ծիածանուած մարդկային հոգիին բոլոր նրբերանգներովը:

Սարաֆեան իրաւ բանաստեղծը մեզի կ’ընծայաբերէ
այդ եզակի պտուղը: Հայ քերթողութեան ամենէն
աչքառու յաղթանակներէն մէկը, շահուած օտար
հողի վրայ, ամենէն դժուարին պայմաններու տակ:

    Իմ մտքիս մէջ այս «զրոյց»ը երկու գլխաւոր նպատակ ունի: Առաջին՝ պատմել բանաստեղծին այդ խռովայոյզ, հերոսական թռիչքը: Երկրորդ՝ մօտէն ծանօթանալ այդ նոր «անջրպետ»ին, բանաստեղծ Սարաֆեանի միջոցով հայ քերթողութեան «ազգայնացուցած» այդ հրաշալի կալուածը: Նախ քան այդ, հարկ է թերեւս ակնարկ մը նետել բանաստեղծին կեանքին վրայ: Միշտ ալ հետաքրքրական է այդ:
    Ուստի առաջին հարցումս.

    – Սիրելի Սարաֆեան, ըսիր որ ծնած ես Վառնա, 1902ին: Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս անցուցած ես մանկութիւնդ, պատանեկութիւնդ: Ինչպէ՞ս տեղի ունեցած է մտաւորական կազմութիւնդ: Ի՞նչ ազդեցութիւններ կրած ես եւ ի՞նչ յիշատակներ կը պահես այդ հեռաւոր տարիներէն:    
    – Մինչեւ տասներկու տարեկանս մնացած եմ ծնողացս մօտ, որոնք Պուլկարիա հաստատուած էին: Հայրս հացագործ էր: Ունէր շատ մը ձիեր, որոնցմով իր եփած հացը կը բաժնուէր շրջակայ բնակչութեան: Ընդարձակ կալուած մըն էր մեր ունեցածը: Անկէ մտնողն ու ելլողը յայտնի չէր: Տարօրինակ մարդիկ էին ձիապանները: Մանկութիւնս անցած է այդ քիչ մը առասպելական միջավայրին մէջ: Բնական է դպրոց կ’երթայի: Բայց յաճախ կը տեսնէին զիս ձիու մը քամակին: Խօլ արշաւներ պուլկարական բնութեան մէջ:
    – Կը սկսիմ հասկնալ թէ ինչո՞ւ …
    – Այո՛, քաջառողջ մանուկ մը, շնչած լեռներու մաքուր օդը: 1914ին զիս ղրկեցին մեծ եղբօրս քով, որ Ռուսաստան հաստատուած էր: Երկու տարի մնացի Օտեսա, Ռոստով:
    – Հոն դպրոց գացի՞ր:
    – Ո՛չ, երկու տարի կօշկակարի աշակերտ եղայ, մինչեւ տասնչորս տարեկանս:
    – Կօշկակարութի՞ւն, բայց ինչո՞ւ. …
    – Յետոյ վերադարձայ Վառնա, ծնողքիս մօտ: Պատերազմը շղթայազերծուած էր արդէն երկու տարիէ ի վեր: Ամէն կողմ կրակ: Կ’այրէ՜ր աշխարհը: Ծնողքս զիս դարձեալ դպրոց դրին, Ֆրէրներու մօտ:
    – Ֆրանսերէնդ ուրեմն հո՞ն սորվեցար:
    – Այո՛, ու դասարանին առաջինը հանդիսանալով միշտ: Բաւական ֆրանսերէն եւ հայերէն գիտէի արդէն, երբ զինադադարին ընտանեօք փոխադրուեցանք Պոլիս: Սկսայ յաճախել Կեդրոնական:
    – Թէքէեանը հո՞ն ճանչցար:
    – Այո՛, իբրեւ ուսուցիչ: Առաջին ոտանաւորներս ան տեսած է, քաջալերած, հրատարակած: Միշտ ալ արթուն աշակերտ մը եղած եմ, եւ բոլոր դասերուս մէջ: Սիրուած՝ ուսուցիչներէս, ընկերներէս: Խելօք, բարի ուսանող մը, երազներու մէջ կորսուած յաճախ: Շատեր օգտագործած են այդ բարութիւնս, զիս յաճախ միամիտի մը տեղ դրած: Նոյնիսկ աւելի ուշ, գրական ընկերներս շարունակած են զիս նկատել…
   – Չե՞ս ուզեր որ այդ մասին խօսինք քիչ մը յետոյ…: Կեդրոնականը աւարտեցի՞ր:
  – Ո՛չ բոլորովին: Վեց ամիս մնացած էր, բայց մեզ վկայականի արժանի դատեցին ու տուին: Ամէն ինչ տակն ու վրայ եղած էր արդէն ու անգամ մը եւս մեր շունչը Պալքանները առինք: Բախտը ունեցայ 1923ի գարունն ու ամառը անցընելու դարձեալ Թէքէեանի հետ: Գիշեր ցերեկ միասին էինք, բանաստեղծութիւն հոլովելով:
    Ապա Ֆրանսա, 1923ի աշնան: Շուտով քառասուն տարի պիտի ընէ:
    – Բանաստեղծի կոչումդ ուրեմն կը պարտիս Թէքէեանին:
    – Թերեւս, եթէ կ’ուզես: Թէքէեանը չճանչցած սկսած էի գրել արդէն:
    – Չե՞ս կարծեր որ որոշ ազդեցութիւններ կրած ես «Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս»ի հեղինակէն:
    – Հա՞…
    – Միայն լեզուի տեսակէտով: Երկուքիդ ալ գործածածը նոյն հայերէնն է, մաքուր, զտուած, գիտական ճշգրտութեամբ յաճախ, նոյնիսկ քիչ մը չոր: Բայց չունիք նոյն ոճը, չէք կրեր մանաւանդ նոյն հոգին: Սիրոյ բանաստեղծն է Թէքէեան առաւելապէս: Կինն է առանցքը անոր քերթուածներուն, որոշ տեսակի կին մը, ա՛ն որ չի կենար, կու գայ ու կ’անցնի, շոյանք ու վէրք տալով…: Դուն գրեթէ չես մօտեցած այդ նիւթին: Իմացական է քու բանաստեղծութիւնդ:
    – Այո՛, կը մտածեմ թէ ճիշդ է բնորոշումդ, Փօլատեան:
    – Ունիս առանձնայատուկ ոճ մը ու յետոյ տարբեր են տագնապներդ, կեանքդ, ամէն ինչ…
    – Այո՛, այո՛, ամէն ինչ տարբեր:
    – Ի՞նչ կը մտածես գործիդ մասին, Սարաֆեան:
    – Ինչպէ՞ս. .. Ե՞ս…
    – Ըստ քեզի ի՞նչ կը բերես հայ բանաստեղծութեան:
    – Անսպասելի հարցում մը. չե՞ս կարծեր որ պէտք է շրջել զայն, ես ընեմ հարցումը եւ դուն տաս պատասխանը:
   – Մեր զրոյցին ընթացքին իմ պատասխանս արձանագրուած է, եւ դեռ ուրիշ առիթ ալ պիտի ներկայանայ, բայց հետաքրքրական է իմանալ քո՛ւ կարծիքդ:
    – Ի՞նչ կ’ուզես որ ըսեմ, ի՞նչպէս կրնամ… Քանի մը մտածումներ արտայայտած եմ թերեւս, ուրիշներէն տարբեր ձեւով մը: Ա՛յսքան, ուրիշ ոչի՛նչ: Առնուազն մեծամտութիւն է, ըստ իս, չըսելու համար յիմարութիւն, կարծել որ նոր բան մը կը բերենք աշխարհին ու մարդոց: Ամէն ինչ գտնուած է արդէն, ըսուած: Արտայայտուած՝ հազար ու մէկ ձեւով, բոլոր լեզուներով, դարերէ ի վեր: Կեանքի գլխաւոր հարցերուն, եղելութիւններուն դիմաց նոյն հակազդեցութիւնները կ’ունենան մարդիկ: Սիրոյ, տառապանքի, մահուան դիմաց՝ իմ եւ քու մտածումները գրեթէ նոյնն են:
   – Քեզի համաձայն եմ եւ չե՛մ, սիրելի Սարաֆեան: Նախ այդ եղելութիւնները երբեք նոյնը չեն, նոյն ձեւով տեղի չեն ունենար: Կը տարբերին ժամանակաշրջանէ ժամանակաշրջան, ընկերութենէ ընկերութիւն, մարդէ մարդ: Սէրը, կեանքը, տառապանքը, մահը անլուծելի առեղծուածներ են, ու այդպէս ալ պիտի մնան: Մարդոց համար անսպառ նիւթ խորհրդածութեան, վերլուծումի, ապրումի: Բայց մենք կը զգանք, կ’ապրինք տարբեր ձեւով: կ’արտայայտենք մանաւանդ տարբեր եղանակով, ըստ մեր ներքին էութեան: Արտայայտութեան այս տարբերութիւնն իսկ կը բաւէ, որ մարդիկ զանազանուին իրարմէ, Նարեկացին՝ Շնորհալիէն, Քուչակը՝ Սայաթ–Նովայէն, Վարուժանը՝ Չարենցէն, Սիամանթօն՝ Մեծարենցէն: Նոյնիսկ Մեծարենցը՝ Վ. Տէրեանէն: Եւ դեռ ասոնք նոյն աղբիւրէն ջուր կը խմեն, նոյն լեզուով կը գրեն: Հապա մնացածնե՞րը…: Ի՛նչեւիցէ, ձգենք այս խնդիրը, եթէ կ’ուզես: Ուրիշ հարցում մը, Սարաֆեան, ինչո՞ւ կը գրես:
    – Օ՜, հետզհետէ աւելի բարդ… Ինչո՞ւ կը գրեմ… Ո՞վ կրնայ ըսել թէ ինչո՛ւ կը գրէ: Նախ ճշդեմ թէ արտաքին աշխարհը զիս չի՛ հետաքրքրեր: Ներքին աշխարհն է, ներքին յոյզերն ու մտածումներն են, որ զիս իրենց կը քաշեն: Ու կը մտածեմ թէ քերթուածներուս մէջ կ’ուզեմ անոնցմէ ոմանք բռնել, հաստատել, բանտարկել, եթէ կը նախընտրես ու յետոյ զանոնք յանձնել…
    – Յաւիտենականութեան…
    – Օ՜, մեծ բառ մըն է յաւիտենականութիւնը, ըսենք գալիք մարդերուն, մեր յաջորդներուն: Բայց կը կարծեմ թէ ամէն արուեստագէտի՝ խոստովանուած թէ գաղտնի փափաքը ա՛յդ է:
    – Գիտեմ, ու պէտք է որ այդպէս ըլլայ:
   – Ահաւոր է սակայն ստեղծագործութեան տռամը: Կը նախանձիմ անոնց, որոնք մտածումի մը մէկ երեսը կը տեսնեն միայն, մի՛ միայն լուսաւոր երեսը: Ինծի համար ամէն ինչ բազմաթիւ երեսներ ունի: Քաոս մըն է մեր ներաշխարհը: Պէտք է բարձրանալ լոյսին, խարխափելով, արիւնելով: Զտուած վիճակի մէջ չենք գտներ երբեք մեր մտածումները: Մեր զգացումները գորդեան հանգոյցներու կը նմանին յաճախ: Ինչպէս չենք գտներ հողին մէջ ոսկին՝ զտուած, կամ ադամանդը՝ տաշուած, վերջնական ձեւի վերածուած: Այդպէս են մեր մտածումներն ու զգացումները: Մե՛նք է որ պիտի զտենք, տաշենք, ձեւաւորենք, գեղեցկացնենք:
    – Շատ լաւ ձեւով սահմանեցիր բանաստեղծութիւնդ: Օգտուելով առիթէն, կը փափաքիմ քեզի ուղղելիք հարցումներէս մէկը այստեղ զետեղել: Բնականօրէն հասանք անոր:
    – Ի՞նչ է այդ հարցումը:
    – Ի՞նչ եղաւ հակազդեցութիւնդ, երբ յանկարծ դուն զքեզ գտար ֆրանսական ծովածաւալ մշակոյթին դիմաց։
  – Ա՛յդ հարցումին կը սպասէի: Սիրով կը պատասխանեմ եւ անմիջապէս: Առաջնակարգ կարեւորութիւն ունի ան մեր սերունդին գրականութեան հետ, ուստի իմ գրածներուս հետ: Մեր ազգային դժբախտութեանց կողքին, կատարեալ տռամ մը նաեւ այդ մէկը, իմացական տռամը: Կը նմանէինք լուղորդներու, որոնք վարժուած են իրենց պարտէզներու փոքր աւազաններուն մէջ լողալ միայն եւ որ յանկարծ կը նետուին հսկայ ովկիանոսի մը փրփրադէզ ալիքներուն մէջ: Քիչ մնաց խեղդուէինք:
    – Խեղդուողներ ալ եղան:
  – Անխուսափելի էր: Բայց պէտք չէ կարծել որ միայն իմացական էր տռամը: Մարդկայինը, ազգայինը, աշխարհի բոլոր խռովքները թափեցան մեր վրայ: Սահմռկած էինք, շփոթած: Տարագիրներ էինք, ջարդերէն ազատած որբեր՝ շատերս:
 Նախ կար կեանքը: Հարկ էր ապրիլ։ Նետուած էինք լաբիւրինթոսի մը մէջ, մինակ, վիրաւոր, վիրաւոր մեր ազգային արժանապատուութեան մէջ: Պանդուխտներ էինք, մեր սիրելիներէն զատուած, տխուր: Ու մեր շուրջ լոյս էր, ուրախութիւն, վայելք: Հարկ էր չարաչար աշխատիլ, ապահովելու համար մեր կեանքը, ապրելու համար մարդկօրէն: Ու քառասուն տարի է կ’աշխատիմ ես, Փօլատեա՛ն, առանց կանգ առնելու, յաճախ օրական տասը տասներկու ժամ: Աշխատած եմ ու գրած։ Մինակս շինած եմ բոյնս, հասած որոշ ապահովութեան մը: Իմ աշխատանքովս, ճակտի քրտինքովս։ Եւ ես հայ բանաստեղծ եմ…: Ու կեանքը աւա՜ղ, միշտ չժպտեցաւ ինծի, տագնապներ ունեցայ: Վիշտեր ու ցաւեր անպակաս են կեանքէն: Ոչ ոք զիս հասկցաւ, ոչ ոք ինծի ձեռք երկարեց: Եւ ոչ ոք, կը հասկնա՞ս, ոչ ոք կրնայ խմել իմ դառնութեան բաժակէս: Բայց ինչո՞ւ կը պատմեմ այս բոլորը քեզի, քու հետաքրքրութիւններդ գրականութեան կը վերաբերին։
    – Կարելի՞ է բաժնել կեանքը գրականութենէն:
    – Ո՛չ, ի հարկէ: Գալով բանաստեղծութեան. … Այս մարզին մէջ նոյնքան խոր էր շփոթութիւնը, խզումը: Անկարելի էր ինծի համար երգել հին ձեւով: Բոլորովին նոր կեանք մըն էր, նոր զգայնութիւններ, նոր աշխարհ մը: Վարուժան, Թէքէեան կ’արձագանգէին դեռ մեր մէջ, հայութիւնը ամբողջական ձեւով ներկայ էր մեր հոգիներուն մէջ: Բայց կեանքի, արուեստի նոր ըմբռնումներ դրուած էին մեր դիմաց: Գերիրապաշտները կ’աղմկէին, կը քանդէին ամէն ինչ: Պոտըլէրը զիս գրաւած էր արդէն, Մալարմէ՜ն…: Կարդացի Վալերին: Նոր արուեստի մը քրմապետներն էին: Ի՞նչպէս կարելի էր հին ձեւով հայերէն քերթուածներ գրել, զանոնք կարդալէ ետք:
   – Այո՛, դժուար էր: Եթէ կը յիշես, սիրելի Սարաֆեան, փորձած եմ վերլուծել այդ տռամը, Փարիզահայ բանաստեղծներուն նուիրուած նախորդ զրոյցի մը մէջ: 1923ին երբ Փարիզ հասաք, դո՛ւն, ընկերներդ, գտաք բանաստեղծութեան ըմբռնում մը, որ հիմնովին կերպարանափոխուած էր: Վարուժանի, Թէքէեանի վարպետները, Հիւկօ, Վէրլէն, Սամէն, շատոնց դադրած էին ֆրանսացի բանաստեղծները ներշնչելէ, հրապարակէն քշուած էին, «գլխատուած»:
  Ծիծաղելի էր այլեւս զգացումներով յորդուն, երաժշտութեամբ միայն հարուստ քերթուածներ գրել: Քերթուածի մը յօրինումը կը հպատակէր շատ աւելի բարդ օրէնքներու: Երգ մը չէր ան այլեւս, ո՛չ մեղեդի եւ ոչ իսկ լոկ մտածում: Ճարտարապետական բարդ կառոյց մը, որուն յօրինումին կը մասնակցէին մեր բոլոր ուժերը, մեր գիտակցութեան ու նաեւ անգիտակցութեան մէջ պահուած ուժերը: Ամփոփելու համար ըսենք որ քերթուած մը այլեւս չէր կրնար սրտածնական ըլլալ, այլ միա՛յն հոգեծնական, իմացական:
    Եւ դո՛ւն, Սարաֆեան, ըմբռնեցիր այս, առաջին օրէն: Հո՛ս է քու արժէքդ: Փարիզահայ քու միւս ընկերներուդ հետ, դո՛ւն էիր որ նոր ածու մը բացիր, նոր ակօս, «նոր անջրպետ»՝ հայ քերթողութեան համար:
    – Այո՛, թերե՛ւս…
    – Վստահ եմ. վստահ նաեւ որ դո՛ւն ալ վստահ ես…
    – Թերե՜ւս, թերեւս նոր բան մը աւելցուցի մեր նախորդ սերունդի ժառանգութեան վրայ:
    – Անպայման, սիրելի բանաստեղծ:
    Այստեղ ուրիշ հարցում մըն ալ կ’ուզեմ ուղղել քեզի. հարցում, որուն պատասխանը տուիր արդէն:
    – Չեմ հասկնար, ի՞նչ ըսել կ’ուզես: Եւ ո՞րն է այդ հարցումը:
    – Քիչ մը առաջ ընդարձակ գրութիւն մը կարդացիր ինծի, արձակ: Հարցումս ծնաւ անկէ: Ահաւասիկ.
    Ի՞նչ կը մտածես, Սարաֆեան, Հայութեան մասին, մեր մշակոյթին մասին: Ուրիշ ձեւով մըն ալ դնեմ հարցը.– Ի՞նչ է հայկական ոգին. ինչո՞վ կը տարբերինք ուրիշներէն: Նոյն ձեւո՞վ կը տեսնենք աշխարհը թէ ունինք մեզի յատուկ, տարբեր նայուածք մը:
    – Հասկցա՜յ, ո՛ր հատուածին կ’ակնարկես. ա՛ռ եւ ընդօրինակէ:
    – Շնորհակալ եմ, դուն ալ զի՛ս հասկցար: Ուրեմն վերոյիշեալ հարցումիս՝ ահա՛ քու պատասխանդ.
    – «Մենութիւն՝ աշխարհի մէկ ծայրին վրայ: Կտրուած կապեր: Ո՛չ հայրենիք, ոչ ազգ: Մենութիւն՝ տարիներու ճիգերէ ետք:
    Անօզուտ այդ ճիգերն ու վաստակը: Խլուած՝ ճիգին եւ վաստակին ուրախութիւնն իսկ։
    Եւ սակայն, ոչ մէկ կապ կտրուած է իրականին մէջ, ոչ ալ զանոնք կտրելու փափաք: Ազգութիւնը շատ աւելի զգալի է այս մենութեան մէջ, ծովուն առջեւ: Օտարութիւնը, կտրուած կապերը շատ աւելի ցայտուն կը դարձնեն ինքնութիւնը: Եթէ մոռնանք իսկ զայն, մեր երեսին կը զարնեն մեր ինքնութիւնը:
    Շատ աւելի ցայտուն է, եւ մեզ՝ իմացական ու զգացական խորութեան տանող զօրութիւն է մեր Հայութիւնը:
   Այլ ազգերու զաւակներ կրնան աւելի խելացի, զարգացած եւ խոր ըլլալ, բայց չեն կրնար տեսնել ա՛յն ինչ որ կը տեսնենք մենք՝ աշխարհին նայելով, չեն կրնար տալ ա՛յն, ինչ որ կու տանք մեր հայութեամբ:
    Չեն կտրած կապերը եւ ո՛չ մէկ փափաք կտրելու: Այլ զանոնք աւելի եւ աւելի տարածելու կամք:
    Ոչ ոք կրնայ արհամարհել աշխարհը՝ մեզի պէս եւ գեղեցիկ ու մարդկային աշխարհի մը կարօտը զգալ նոյն ատեն: Ոչ ոք կրնայ արարչութեան սեւեռել նայուածքը մեզի պէս:
    Աւելի ընդարձակ են ներքին հորիզոնները: Տեսողութիւնը աւելի մեծ, մինչ մեր բոլոր տեսածները կ’երեւան մեզի՝ խախուո, փոփոխական եւ մեծ խռովք է մեր մէջ:
    Սպառում բայց աճում է նաեւ՝ նոյն ատեն»:

  – Այս իսկապէս գեղեցիկ արձակը զիս փոխադրեց տասնհինգ տարի ետ: Նոր ծանօթացած էինք իրարու, կը յիշե՞ս, Սարաֆեան: Մեծամտութիւն չըլլա՞ր արդեօք իմ կողմէս, եթէ ըսեմ որ ձեւով մը ինծի կը պարտիս զայն:    
    – Ի՞նչ բան քեզի կը պարտիմ… չեմ հասկնար…
    – Այդ հրաշալի արձակդ:
    – Կրնայ ըլլալ, բայց դա՛րձեալ չեմ հասկնար:
    – Կը յիշե՞ս որքա՜ն ետեւէդ ինկայ արձակ գրութիւններ առնելու համար քեզմէ, «Արեւմուտք»ի մէջ տպելու, երբ ժամանակ մը կը զբաղէի այդ թերթով: Կը յիշեմ նոյնիսկ որ օր մը բռնեցիր զիս Ռիւ Ռիշէի անկիւնը եւ տարօրինակ դէմքով մը հարցուցիր. «Փօլատեա՛ն, իսկապէս ա՛յդքան կը սիրե՞ս արձակս, որ շարունակ կը պահանջես…»։
    Խանդավառ արտայայտութիւնս թէեւ չփարատեց կասկածդ, բայց բարեբախտաբար, շարունակեցիր նոյն ուղղութեամբ: Կատարեալ արուեստի գործեր են եւ ես շատ բարձր կը գնահատեմ «Վէնսէնի անտառը», «Մանուկ Դուինեանը», «Մեծն Տիգրան կամ Լոյսի Սատանան», ու նաեւ ուրիշներ:
    – Կը կարծե՞ս որ անոնք, Փօլատեա՛ն…
    – Կրկի՞ն պիտի սկսինք վիճիլ… Բայց դուն իմ պահանջիս գոհացում չտուիր:
    – Եթէ իսկապէս լաւ են, ա՛յդ պարագային միայն կ’ուզեմ պարտական ըլլալ քեզի: Որովհետեւ յիշեցումդ ճիշդ է, դուն պնդեցիր ամենէն աւելի:
    – Օր մը թերեւս զիս յիշեն Հայոց գրականութեան մէջ, ա՛յս խոստովանութեանդ առնչութեամբ…
    – Չե՞ս կարծեր որ դարձեալ կը չափազանցես:
    Լա՛ւ, այդպէս թող ըլլայ: Ապագան կը ճշդէ: Գրուածքի մը կեանքը, Սարաֆեան, շատ տարօրինակ է: Դուն ալ, ես ալ չենք գիտեր թէ ապագայ սերունդները ի՞նչ պիտի պահեն մեզմէ: Ինծի կը թուի թէ քերթուածներուդ կողքին, արձակդ պիտի մտնէ Հայոց գրականութեան մէջ ու գրաւէ տեղ մը, որուն մասին գաղափար չունիս ու չես կրնար ունենալ:
    Բայց եթէ կ’ուզես, դարձնենք այս էջն ալ։
    – Դարձնե՛նք, բայց ինչի՞ մասին կ’ուզես շարունակենք խօսիլ տակաւին:
    – Քու մասիդ:
    – Ի՞մ մասիս. … Բայց վերջ ունի՞ այդ, յետոյ, չի՞ բաւեր: Ի՞նչ կ’ուզես գիտնալ ինձմէ, որ դեռ չես գիտեր:
   – Ի՞նչ է կարծիքդ արդի համաշխարհային գրականութեան մասին: Ո՞ւր հասած ենք: Քառասուն տարուան փորձերը ո՞ւր հասցուցին քեզ: Ինչի՞ կը հաւատաս։
    Այո՛, հասկցա՜յ…: Կը հաւատամ յեղաշրջումի մեծ օրէնքին: Յեղաշրջումով նիւթը կը փոխակերպուի լոյսի, իմացականութեան: Տիեզերքի միակ մեծ հրաշքը այս է: Այդ յեղաշրջումին մաս կը կազմեն պայքարն ու տառապանքը: Վալերի կը կարծէ թէ անգլուխ է տիեզերքը ու ամէն ինչ կ’աճի ինքնաբերաբար, բոյս, կենդանի, մարդ: Համաձայն չեմ, չեմ կրնար ըմբռնել տիեզերքը այդ ձեւով: Չեմ կրնար մանաւանդ համաձայն ըլլալ Սարթրին, Քամիւին: Անտրամաբանական, ապսիւրտ կը գտնեն տիեզերքը, մարդը, մարդկային կեանքը: Աւելի ճիշդ չէ՞ ենթադրել որ մե՛նք չենք հասկնար: Ո՛չ թէ տիեզերքն է ապսիւրտը, այլ մե՛նք…: Չենք հասկնար շատ մը բաներ, բարութիւն, չարութիւն: Նոյն բանն են սակայն, նոյն իրողութեան երկու երեսները: Ինչպէս են տառապանքն ու ուրախութիւնը: Մեծ տառապանքներէ միայն կրնանք հասնիլ իրական ուրախութեան: Հարցուր միսթիքներուն: Հա՜, կը հարցնէիր, Փօլատեան, թէ ո՛ւր եմ հասած ես: Կը կարծեմ թէ հասած եմ տեղ մը, ուրկէ ամէն ինչ կը դիտեմ ա՛լ, տարբեր աչքերով: Կը տխրիմ մտածելով թէ ինչո՞ւ յաճախ զբաղած եմ երկրորդական խնդիրներով, պզտիկ վէճերով ժամանակ վատնած: Կ’ամչնամ շատ մը արարքներէս, ըսածներէս, գրածներէս: Հաւանաբար այդ տկարութիւններն ալ մաս կը կազմեն կեանքին: Հարկ է յաճախ սայթաքիլ, պայծառութեան հասնելէ առաջ: 1950ին էր որ յանկարծ այդ քաոսային վիճակը վերջ գտաւ ու ես հասայ պայծառութեան:
    – Ուրախ եմ լսելով այդ լաւատես մտածումներդ:
   – Լաւատե՞ս, թերեւս բոլորովին ճիշդ չէ բառը: Հասունութեան մը, աշխար(հա)իմացումի մը, որ լաւատեսութիւն չէ՛ անպայման: Կրցա՞յ բացատրել արդեօք, ու գոհացուցի՞ քեզ:
   – Այո՛։
   – Եթէ կ’ուզես հոս ալ վերջացնենք մեր զրոյցը:
 – Չենք կրնար, քանի մը ուրիշ հարցումներ ունիմ տակաւին: Ի՞նչ կը մտածես արդի գրականութեան մասին, Հայաստան եւ արտասահման:
  – Հասկնալի է որ Հայաստանի մէջ գրուած բանաստեղծութիւնը չի գոհացներ զիս։ Չի գոհացներ նաեւ զիս Սփիւռքը: Չկրցանք անկախ գրականութիւն ստեղծել՝ իմաստութիւնը չունեցանք հաւաքական աշխատանքի լծուելու: Բանաստեղծներ, գրողներ ունեցանք, բայց գրականութիւն չստեղծեցինք:
  – Քանի որ հոս հասանք, կ’ուզե՞ս քիչ մըն ալ խօսիլ «Յարդգող»ի, «Մենք»ի շրջանի մասին։ Ինչո՞ւ ա՛յդքան կարճ տեւեց այդ հրաշալի շարժումը:
  – Խառնաշփոթ շրջան մըն էր եւ իրարու հետ շաղախուող տարրեր չէինք: Ամէն մէկս տեսակ մը, Շուշանեանը, Շահնուրը, միւսնե՜րը…։ Նարդունին, զոր կը սիրեմ, կրնար վճռական դեր կատարել, ըլլալ մեր ղեկավարը, բայց չեղաւ: Չեմ կրնար մեղադրել զինք: Հակամարտ, զիրար չհանդուրժող ուժեր էին: Շուշանեանը, կրակ ու բոց կտրած, ոգի ի բռին նետուեցաւ քաղաքական կրկէս, Շահնուրը հեռացաւ, ուրիշ ձեւով մը:
    Ես, քանի մը ուրիշներու հետ, ամենէն անկեղծն էի, ամենէն հեզը: Ոչ ոքի չարութիւն չեմ ըրած, չեմ ցանկացած։ Բայց շատեր ելան դէմս, վիրաւորեցին, զիս միամիտի մը տեղ դնելով:
    – Եւ կամ ալ նախանձելով:
    Թերե՛ւս … Ամէն պարագայի բարութիւն, խոնարհութիւն՝ տկարութիւն չեն նշանակեր: Ամէն գրող իր եսը ունի: Ոչ ոքէ պակաս խելացի եմ: Խելք եւ խորամանկութիւն նոյն բաները չեն: Իմ մէջս կայ հպարտ մարդ մը ու նաեւ տղայական հոգի մը: Ամէն ճշմարիտ արուեստագէտ այդպէս է: Տարր մը կայ որ դեր կը կատարէ արուեստին մէջ: Խորամանկ պախալը չի կրնար արուեստագէտ ըլլալ: Իմ դէմքս պայծառ է, կ’ուզեմ որ ամէն մարդ զայն տեսնէ: Ես իմ պայծառ դէմքս կ’ուզեմ:
    – Պայծառ կը տեսնենք դէմքդ, ամէ՛նքս ալ, կրնաս վստահ ըլլալ, Սարաֆեան:
    – Շնորհակալ եմ: Գիտեմ որ դուն ալ ինծի նման ես, անկեղծօրէն բարի, բա՛յց…
  – Ձգենք ուրիշները, Սարաֆեան, ինչո՞ւ զբաղինք չարերով, քիչ մը առաջ դուն էիր ըսողը, որ հասած ես տեղ մը, ուրկէ կը դիտես աշխարհը, մարդի՜կ…
    – Իրաւունք ունիս: Ուրիշ հարցո՞ւմ:
    – Լման չպատասխանեցիր նախորդին: Ըսիր թէ Հայաստանը քեզ չի գոհացներ, ոչ ալ Սփիւռքը…
    Աղուոր է եւ շատ յստակ:
    «Զրոյց»իս նպատակներէն մէկն էր ներկայացնել գործդ, բայց կարծեմ թէ շատ տարածուեցանք, եւ դեռ չենք հասած եզրակացութեան։ Գիտե՞ս որ ամբողջութեամբ կրկին կարդացի գործդ:
    – Իրա՞ւ, եւ ի՞նչ եղաւ տպաւորութիւնդ։
    – Դուն կը կարդա՞ս գրածներդ, Սարաֆեան:
     Ո՛չ, գրեթէ ո՛չ: Բայց չպատասխանեցիր հարցումիս:
   – Կարդացի հաճոյքով, յուզումով: Բանաստեղծութիւն մը տասը տարին անգամ մը պէտք է վերստին կարդալ, հաստատելու համար թէ կը հիննա՞յ ան եւ կամ ալ կը փոխուի՞նք արդեօք մենք:
    Ո՛չ մէկը, ոչ միւսը այս պարագային: Աւելի մեծ գեղեցկութիւններ գտայ, զոր չէի տեսած տասը տարի առաջ: Կատարեալ է «14»ը, ու չեմ կարծեր որ ա՛լ մոռնամ զայն.
    «Կարելի չէ քեզ մոռնալ, ո՜վ արիւն…»: Ան կը հնչէ մեր ականջին, հաւաքական երդումի մը պէս։
   – Սփիւռքին հետ եմ ես, սիրտս տկարներուն հետ է: Կը ճզմուի մեր ժողովուրդը: Չեմ կրնար բաժնուիլ անկէ: Տառապած է, ջարդուած, ի՞նչպէս չըլլալ անոր հետ: Կ’ուզես քերթուած մը կարդամ քեզի: Անցեալ ամառ գրեցի ու դեռ անտիպ է: Եթէ կ’ուզես արտագրէ միայն սա չորս տողը, մտածումս կու տայ. 

    «Մերթ կը տեսնեմ «խեղդամահ հայրենիքիս աչքին պէս»
    Լուսինն՝ ու մերթ հայրենիք մը նոր ու վառ կը յիշեմ:
    Հին կարօտներ կը հանեն զիս մերթ ընդ մերթ՝ նորին դէմ,
    Եւ նորերուն առջեւ՝ զիս հիներով խեղճ կը զգամ ես»:

  – Զիս գրաւեց սակայն ամենէն աւելի «Միջնաբերդ»ի Հրահաւը: Հրաշալի քերթուածաշարք մըն է, ծայրէ ի ծայր գեղեցիկ: Չէի ըմբոշխնած ա՛յս հաճոյքով: Ամբողջութեամբ ներկայ ես հոն, Սարաֆեան, մտածումներովդ, ինքնատիպ արուեստովդ:   
   Մտիկ ըրէ զիս վայրկեան մը.

     «Հրէշը մեռաւ
    Հրեշտակ մը փող հնչեցուց:
    Եւ այդ հրեշտակը թռչուն մըն էր հսկայական:
    Անոր անունն էր Հրահաւ:
    Հրէշին արեամբ կազմուեցաւ լիճ մը կարմիր:
    Եւ այդ լիճին մէջ կղզի մ’էր թռչունը մեծ,
    Կղզի մը՝ որջ ոճիրներու,
    Եւ ովասիս նոյն ատեն:
    Կը շառայլէր արմաւենւոյ մը նման:
    Եւ նաւ մ՛էր ան, ազատութեան հովերէն
    Ուռած փարթամ առագաստով:
    Իր անունն էր Մտածում»:

     Ու սա քանի մը տողը, բարձունքին հասած մարդուն աղօթքը.

     «Եւ մարդն յոգնած՝ սարսափահար՝ աղերսեց սէր,
                                                                   կանչեց, պոռաց
    Անո՛ր, որ տէրն էր ցաւերուն տարածութեան այդ
                                                                   անսահման,
    Ուր ան լքուած կը զգար ինքզինք: Պատմեց տանջանքն
                                                                    իր բարձրացման,
    Ան խնդրեց գութ ու բարութիւն, աղաղակեց սրտով
                                                                    մ՝այրած:
    – Մարդացեալ Տէ՛ր, մարդացո՛ւր զիս, մարդկայի՜ն Լոյս,
    Մարդո՛ց Աստուած…

     Ու վերջին քերթուածը մանաւանդ,
    այդ մեծ, իմացական պոէմին վերջաբանը,
    կատարեա՛լ ամէն տեսակէտով։
    Թոյլ տուր կարդամ ու վերջացնեմ.

     Ուզեցի միշտ որ դուն գաս, Գեղեցկութիւն՝ ուղեղէս
    Ծընունդ առած, հըսկեցի, եւ յուսացի ես նըման
    Անոր որ հողն աւետեց ծովերէն վերջ անսահման,
    Գաս եւ ինծի բերկրութիւն, անդորրութիւն մը բաշխես:
    Գաս մահիճիս քով՝ անձայն, քայլովն այգի մը վըսեմ,
    Զիս հաւատքով, բարութեամբ, գեղեցկութեամբ ոռոգես:
    Ըզգամ թէ չեմ խաբուած ես նախընտրելով քեզ կեանքէս,
    Բերես շնորհներս իմ, որոնց տարիներով կը սպասեմ:
    Բայց եթէ դուն, սրբութիւն իրագործման, ինծի՝ իմ
    Գոհացումիս հետ պիտի տաս ամլացում մը եւ ես,
    Նըման անոր որ հասաւ, պիտի ընդմիշտ զրկըւիմ
    Քենէ, ինէ, ըլլալու քաղցրութենէս, ծարաւէս,
    Բիւրեղացած, խաղաղած՝ պիտի փակեմ ապագաս,
    Լաւ է որ միշտ ուշանաս, ըսպասեմ, զիս խըռովես,
    Չըգա՛ս, քանի որ իմ մէջս այդպէս է լոկ որ կաս…:

   – Ի՞նչպէս կը գտնես գրածդ, Սարաֆեան:  
   – Իրաւունք ունիս, ես ալ չէի գիտեր թէ ա՛յդքան գեղեցիկ էր, կը թուի թէ ես չեմ գրած…
  – Դո՛ւն ես գրած, ու այսպիսի քերթուածներով է որ կը շարունակես, կը ճոխացնես արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը: Արժանաւոր քուրմն ես այն բագինին, զոր հիմնեցին արեւմտահայ քերթողները, իրենց տաղանդով, իրենց արիւնո՛վ ոռոգեցին զայն: Ու ըրին այնպէ՛ս, որ ան դառնայ հայ բազմածալ ու լուսաշող հանճարին մէկ նոր կոթողը: Դուն, Սարաֆեան, օրինաւոր ժառանգորդն ես, պահապանն ու շարունակողը արեւմտահայ այդ մեծ շարժումին:
    Սփիւռքը երկար ատեն մոռցաւ որ տէրն էր այդ գանձին եւ թէ պարտաւոր էր զայն պահել, շարունակել, ճոխացնել:
  Տասնեակ տարիներ թափուր մնացած բագինը: Ցանցառ թիւով ուխտաւորներ միայն այցելեցին անոր: Ան չդարձաւ ուխտատեղի, հաւաքական ճիգի, ներշնչման ու ստեղծագործութեան աղբիւր:
   Բայց ահա որ նորեր, հայորդիներ, հաւատաւոր ու շքեղ, շքեղ իրենց հայութեամբ, ձեռք կ’առնեն ջահը, կը լուսաւորեն թողլքուած բագինը ու կը կանչեն մեզ կոչունքի, հոգեկան եւ իմացական հարսնիքի:
    Պարտաւոր ենք պատասխանել հրաւէրին, բոլորս, անո՛նք որոնք տաղանդ ունին, անոնք որոնք հաւատք ունին, դո՛ւն, ես, բոլորս:
   Մեր փրկութիւնն է, մեր կեանքին իմաստը: Պէտք է համախմբուինք: Սփիւռքի բոլոր մեկուսացած, կեդրոնախոյս ուժերը պէտք է համախմբուին, բոլոր գետերն ու գետակները պէտք է հոսին դէպի հո՛ն, դէպի մեր իմացական աւազանը:
    Այնպէս չէ՞, սիրելի բանաստեղծ, համաձայն չե՞ս ինծի:
   – Ի՞նչպէս կրնամ համաձայն չըլլալ, ի՞նչպէս կրնամ չհրճուիլ…
   – Ուստի սօթտենք մեր թեւերը, մէկդի նետենք տարիներէ ի վեր մեր կրած յուսահատութեան ցնցոտիները, մերկանանք մեր անիմաստ ու ամուլ վէճերէն եւ վճռաբար նետուինք այդ կենարար ջուրերուն մէջ, լողանք ափէ ափ, իրարու ձեռքէ բռնած, իրարմով երջանիկ:
  Ու թոյլ տուր ինծի, սիրելի Սարաֆեան, որ իբրեւ եզրակացութիւն այս «զրոյց»ին, քու եւ իմ կողմէս, ողջունեմ «Բագին»ի շուրջ հաւաքուած մեր եղբայրները, եւ ըսեմ թէ իրենց հետ ենք մենք, հոգիով, սրտով, թէ արեւմտահայ միտքը, լեզուն, գրականութիւնը մե՛ր ալ «կրօնքն է»:
   Անով կ’իմաստաւորուի Սփիւռքի մեր հաւաքական կեանքը, անով կ’իմաստաւորուին մեզմէ իւրաքանչիւրին ճիգերն ու վաստակը:  

 (Թիւ 3, 1963)