Արամ Հայկազ

ՄԵՐ ՎԱՐԺԱՊԵՏՆԵՐԸ. Յ. ՕՇԱԿԱՆ

1921ին, երբ Պոլսոյ Կեդրոնականի մէջ ուսանող էի, իմ ալ միւսիւն եղաւ ան: Իրմէ առաջ, 1920ին, մեր շարադրութեան ուսուցիչն էր պր. Լ. Թաշճեանը, որ յունաց հին պատմութեան եւ հայերէնի ընթերցանութեան դասերն ալ կ՚աւանդէր միաժամանակ: 1921ի սկիզբն էր, որ դասարանին մէջ շշուկ մը տարածուեցաւ, թէ պր. Թաշճեանի տեղ՝ շարադրութեան դասերու ուսուցիչ պիտի ունենանք «Ազատամարտ»ի մէջ պատմուածքներ եւ «Հարթենք»ներ գրող Յ. Օշականը, որ այդ օրերուն, մեր գրական հրապարակին վրայ, ամենէն շատ խօսուած, դատուած, դատապարտուած, հաւնուած ու հալածուած անունն էր: Չմոռնամ ըսելու, որ այդ տարին մեր դասաժամերու ցուցակին մէջ «Շարադրութիւն» դասը փոխարինուած էր «Գրականութիւն» դասով, ինչ որ աւելի ուժ կու տար ուսուցչական կազմի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութեան մասին շրջող զրոյցներուն: Իրաւ ալ, երբ հասաւ դասի առաջին հինգշաբթին, հանդարտ ու ամուր քայլերով մեծ մարդ մը մտաւ դասարան, անցաւ ուսուցչական սեղանին ետեւ, աչքերը մեր վրայ պտըտցուց անգամ մը ու ըսաւ.    
    – Բարի լոյս, տղա՛ք, նստեցէք: 
    Ինքն ալ նստաւ: Աթոռը, որուն վրայ դրաւ ան իր մսեղ ու խոշոր մարմինը, ճարճատեց ու սպառնաց փլիլ, բայց, ի մեծ յուսախաբութիւն մեզի, միտքը փոխեց ու որոշեց տոկայ:
    – Ձեզմէ ով որ բան մը գրած ունի, թող ոտքի ելլէ ու կարդայ, ըսաւ ան՝ խօսքը ընդհանուրիս ուղղելով: 
    Բարտիներու ծառաստանի մը վրայէն հովը անցածի պէս շշուկ մը մտաւ դասարանին մէջ. ոչ ոք կը յանդգնէր առաջինը ըլլալու, ու ամէն մարդ, քովինին կ՚ըսէր, որ ինք ելլէ ու կարդայ:
    – Աղէկ, հասկցանք, – կը միջամտէ Օշական, հարկ չկայ իրար անցնելու ու, մատով ցոյց տալով խոշորկեկ տղայ մը կ՚ըսէ.
    – Դուն ե՛լ կարդա՛ տեսնեմ, մենծ տղայ: 
    Ու մինչ «մենծ աղան» կը կարդայ, ան կը ծամածռէ իր դէմքը ու հիասթափման նշաններ ցոյց կու տայ (մեզի այնպէս կը թուի):
    – Կը բաւէ,- կ՚ըսէ ան վերջապէս՝ խօսքը կարդացողին ուղղելով, ու անմիջապէս յետոյ՝ մեզի տղա՛ք, մտիկ ըրէք, ձեզի քանի մը ընդհանուր խորհուրդներ տամ. լաւ մտիկ ըրէք, որ կարենաք օգտուիլ անոնցմէ: 
    Ու կը դնէ թեւերը սեղանին վրայ, մատները կը հիւսէ իրարու, եւ թեթեւ մը առաջ, ու արմուկներուն վրայ հակած կը սկսի խօսիլ։
    – Մոռցէ՛ք մինչեւ հիմա ձեր գիտցածը ու գրեցէք ձեր ապրած ու տեսած միջավայրէն, ձեր յուզումներէն, ձեր կեանքէն: Ձեզմէ ուզուածը՝ այդ ապրումներուն կարելի իրաւութիւնն է, հարազատութիւնը, համոզկերութիւնը: Նիւթերու ընտրութեան մէջ կը ձգեմ ձեզ ազատ, գրեցէ՛ք ինչ բանի մասին որ կ՚ուզէք ու կը խորհիք թէ կրնաք: Սկսեցէ՛ք արտաքին աշխարհէն, ձեր շրջապատէն, անշունչ իրերէն, մարդերու արտաքիններէն, ու ասոնք թող առաջնորդեն ձեզ մարդոց ու ձեր ներքին աշխարհներուն: Ձեր շարադրութիւնը թող մինակ քերականութիւն չըլլայ, ոչ ալ ածականներու շեղջակոյտ: Հոգի դնել ջանացէք անոր մէջ: Դրէք ձեր անձէն ու անձնականութենէն մասնիկներ, երեսիկներ: Շարադրութիւնը միակն է, որ ձեզի պատեհութիւն կու տայ ձեր եսը ցուցադրելու, օգտուեցէք այդ պատեհութենէն: 
    «Սորվեցէք դիտել. նայիլը տեսնել չէ. տեսնելը՝ ուրիշին նայուածքէն խուսափածը, ուրիշին տեսնել չկրցածը բռնելն է. ահա այդ խուսափածը, թաքնուածը տեսնել եւ ճշգրտօրէն նկարագրելը գրականութիւն ընել ըսել է, արուեստ ըսել է: Ճշմարիտ արուեստը, ցանցառ վիճակներ վերարտադրելուն մէջ կը կայանայ… Ու երբ կը վերարտադրէք, այսինքն՝ երբ կը նկարագրէք ամէն բան, մա՛նաւանդ մէկ տեսակի բան մի՛ դիզէք իրարու վրայ, տարտղնեցէք, քիչ մը կեանք, քիչ մը շարժում, քիչ մը սիրտ, քիչ մը խռովք եւ քիչ մըն ալ՝ նկարագրական, որ… եթէ ասոնցմէ մէկէն կամ միւսէն ձանձրոյթ յառաջացնելու վտանգը գլուխ վերցնէ՝ ճզմուի: 
    «Գրեցէք ձեր հայրենի երկրէն, իր դաշտերէն, մարդերէն, անուշութիւններէն, կարօտներէն: Ձեր դէմքերէն կը կռահեմ, որ շատ գաւառացիներ կան ձեր մէջ, բախտաւորներ, որոնք մեծ հայրիկներ ու մեծ մայրիկներ, պապեր են ճանչցած. հարս ու կեսրոջ վէճերու եւ գզուըռտուքներու են ունկնդրած. թող գրեն անոնց մասին: Ամէն գեղ ունի իր խենթը, իրապէս պակասաւոր խենթը, նաեւ չակերտուած խենթը, որ միշտ ալ, աղուոր տիպ մըն է, յանդուգն, կտրիճ, ղապատայի, սիրուած: Սիրուած մա՛նաւանդ աղջիկներէն, որոնց միշտ ալ կ՚արգիլուի անոնց հարսը դառնալ… Հաւատարիմ մնացէք նախատենչերուն: Իրապաշտ արուեստը, ամենէն առաջ, պարկեշտ ու հաւատարիմ գծագրութիւն մըն է, ուր գոյներու խտացումը չափազանցութեան չի տարուիր ու ներքին կեանքին հանդէպ կը պահէ իր լրջութիւնն ու հարազատութիւնը: Այսօր այսքան»: 
    Իր մեկնումէն ետք, իր մէջ քառուսունէ աւելի աշակերտ համրող դասարանին կարծիքը շուկային մէջ Օշականի մասին տիրող կարծիքէն բնաւ տարբեր չէր: 

* * *

    Ամէն հինգշաբթի, դասասկիզբը ծանուցող զանգակէն հինգ վայրկեան առաջ, անպատրաստները կ՚աճապարէին ապաստանիլ դասարանի հեռաւոր ու անմատչելի անկիւնները, մինչ ուրիշներ, գրածնին կարդալու մարմաջով, կը գրաւէին անոնց լքած դիրքերը, աղմկելով, կռուելով, իրար հրելով:   
    Խաղաղութիւնը ետ կու գար դասարան, երբ դուռը բացուելով ներս կը մտնէր եթէ ոչ կլորիկ, գէթ գիրուկ ու ամրակազմ մարդ մը, բարի դէմքով ու հաստատ քալուածքով: 

Օշականի ծաղրանկարը՝ Տիրան Աճէմեանի


    Դուրսի աշխարհը Օշական անունով կը ճանչնար զինք, մենք՝ «Մենծ աղա»։ Ուսուցչական սեղանին առջեւ «բարի լոս» մը կը նետէր ոտքի վրայ սպասող տղոց ու ժպտող աչքերը պտըտցնելով անոնց վրայ, որ ցաւագնօրէն կը ճարճատէր, խօսք կ՚ուղղէր առաջին տղուն.
    – Ել նայիմ, «մենծ փիլիսոփայ», ո՞ւրտեղացի ես:
    – Մշեցի։
    – Մուշը կը յիշե՞ս. քանի՞ տարի է անկէ հեռանալդ:
    – Վեց տարի:
    – Քաղաքէ՞ն ես:
    – Ո՛չ, գիւղէն:
    – Հելէ ատոր գեղ ըսէ: Ձեզի խրատ՝ բոլոր անոնք, որոնք գաւառացի են, թո՛ղ գիւղի տեղ գեղ գործածեն: Կարդա՛։
    – «Վերջալոյսի պատկերներ»…
    – Ա՜յ, ի՜նչ շողշողուն վերնագիր է. քալէ՛:
    – «Իրիկուն է. հորիզոնին վրայ արեւը մահին կը մօտենայ մինչ նուաղկոտ ու մաշած ցոլքեր կը վէտվէտին՝ ճերմակ ամպերու խառնիխուռն գեղմին մէջ ոսկեզօ…»
    – Ճանըմ,– կ՚ընդմիջէ Օշական,- տղան թամ բանաստեղծ է: Ես ձեզի ըսած չե՞մ, որ պարզ գրէք, առանց զարդի: Գրականութիւն ըրած ըլլալու համար մի գրէք. աշխատեցէք պարզ ու բնական ըլլալ. մի տարուիք շիք բառերու հրապոյրէն: Շարունակէ՛:
    – « … ծելով անհունի մէջ նիհար բազուկներու պէս նետուող, մահիկաւոր մինարէթներու երկար սիլուէթները եւ հեռաւոր հորիզոններու կապոյտին մէջ գծագրուող նոճիներու ստուերախիտ պուրակները, որոնց մէջ…»
    – Կեցի՛ր,- կ՚ընդմիջէ Օշական,- ես շարունակեմ, հաւանաբար թռչնոց խումբեր եւ անոնց կապած քաղցր դայլայլիկներ ունիս։
    – Այո՛, միւսիւ:
    – Գետի՛նն անցնին այդ բոլորն ալ, նոճիներն ալ, թռչուններն ալ, պուրակն ալ: Հիմա անցիր տեղդ եւ աշխատէ չմոռնալ խրատներս:
    – Միւսիւ, վերջը պարզ գրած եմ:
    – Սկի՞զբը ինչու այնպէս է. սա նախաբա՞նն է. քալէ՛, տեսնենք: 
    Խեղճ տղան թաշկինակը կ՚անցընէ ճակտին վրայէն ու քանի մը հատուած ցատկելով՝ կը սկսի կարդալ. «Գլխարկս գլուխս կը դնեմ ու հացիս ծրարը առած…» – Կը բաւէ, անցի՛ր տեղդ,- կը սրտնեղի Օշական,- գլխարկը ոտքերնիս չենք դներ, ոչ ալ կրնանք ուտել. յետոյ, վերջալոյսին հացիդ ծրարով ո՞ւր կ՚երթաս: Այս սովորական ու անկապները մեզի մի պատմեր. ամէն մարդու տեսածը ու լսածը մեզ չի շահագրգռեր: Աշխատէ նոր ու չլսուած բաներ ըսել. եթէ չես կրնար տեսնել զանոնք, գէթ նոր ձեւ մը գտիր, մա՛նաւանդ գրէ տեսած ու ապրած միջավայրէդ. այլապէս անօգուտ է այն ազատութիւնը, զոր ես ձեզի կու տամ նիւթերու ընտրութեան մէջ: Բարեբախտ ես, որ Մուշի պէս տեղ մըն ես ծնած: Քեպապ դարձուցած չէ՞ք հոն: Կրնաս հրամցնել մեզի անոր բերնի ջուր վազցնող գոյնը, հոտը, բրինձով լեցուած դառը կամ հնդկահաւի մը արքայական զիստը: Ասոնք բացառիկ բաներ են: Հացիդ ծրարը իր երկու կուտ ձիթապտուղով մի բանար մեր առջեւ վերջալոյսներու տակ, լսեցի՞ր: Անցիր տեղդ եւ մի մոռնար խրատներս: Չեմ ըսեր, թէ բոլորովին պարապ է գրածդ. հոն քանի մը յաջողած պատկերներ կան, բայց կորած են ընդհանուր շփոթին մէջ: Յաջորդը թո՛ղ գայ: 
    Դեղնած ու ճզլած տղայ մը կը բաժնուի սեղաններէն ու, տետրակը ձեռքը՝ կը սպասէ հարցաքննութեան:
    – Դո՞ւն ուրտեղացի ես:
    – Գում-Գափուցի:
    – Կարդա՛:
    – «Պալըքճիները»…
    – Թա՛մ գլխուն զարկիր. հայտէ՝  նայինք: 
    Ձկնորսներու առօրեայ կեանքէն առնուած հասարակ նկարագրական մըն է աս տղունը, զոր կարդաց առանց ընդմիջուելու:
    – Ինծի նայէ, տղա՛ս, կը խօսի Օշական,- գրածիդ մէջ ինչ որ գետնին վրայ է, կարելի է յաջողուած համարել, բայց քու ձկնորսդ թուղթով շինուած է, հոգի չունի: Յաճախ բառ մը, խօսք մը փրցուած անոր բերնէն, կամ հոն դրուած, շատ աւելի բան կ՚ըսեն մեզի, քան ամբողջ հատուածներ ու էջեր: Չե՞ս լսած, անոնք թոհաֆ խօսքեր ունին: Օրինակ, «հայտէ՛, գնա՛, դուն ատ ձուկը չես կրնար ուտել, փշոտ է»: Սուղ ձուկերու գնորդ ելլող աղքատ յաճախորդներու կ՚ըսեն ատանկ բաներ: Յաջորդը գայ:
    Այս վերջինը գաւառացի մըն է, որ գիւղի մը պատկերը կը վրձինէ քանի մը հարուածով. կը նկարագրէ աղբիւրին գիշերուան երգը ձմեռ ժամանակ:
    Զգայուն տղայ մը ըլլալու է: Բառերը, կարծես հնչիւն ու կարկաչ դարձած կը հասնին մեր ականջներուն, եւ կարծես մենք կը տեսնենք ձիւնապատ դաշտին մէջէն իր ուղին գծող առուին խաղաղ ու ջինջ ջուրերը: 
    Կ’աշխատինք կարդալ ուսուցիչին դէմքը, որ ամփոփուած է. անոր աչքերը տարօրինակ ու անանուն բան մը ունին իրենց մէջ, որ կարելի չէ նկարագրել՝ կարծես ան ճիգ կ՚ընէ մտաբերելու տեսարան մը ու անոր կապուած հնչիւն մը, որ կը փախի մտքէն եւ որ ըսուած է անգամ մը, այնտեղ, հեռուն, գեղի պարտէզներուն խաղաղ կիսախաւարին մէջ, հին ու երջանիկ օրերուն: 
    Երբ ընթերցողին ձայնը կը կտրի, ան յաջորդ մը կանչելէ առաջ, իր չհատնող «բայց»երէն եւ առարկութիւններէն հատ մը երկուք ալ ասոր կու տայ՝ իր «աղէկ էր»ի գնահատումին պոչին փակցուած: 
    Զանգը կը փակէր վէճը: Աղմուկը գլուխ կը վերցնէր դասարանին մէջ եւ խառնակութիւնը ծայր կու տար:
    – Կեցէ՛ք, դեռ հոս եմ, դիտել կու տար Օշական ու կը պատրաստուէր մեկնելու:
    – Միւսիւ, տետրակները չէ՞ք տանիր սրբագրելու,- կը հարցնէր անհամարձակ պոլսեցի մը:
    – Մինչեւ հիմա ըրածնիս ի՞նչ էր:
    – Ուղղագրական սխալները ըսել կ՚ուզեմ:
    – Ըսէք տնօրէնին, ձեզի քերականութեան ուսուցիչ մը թող յատկացնէ: Ես գրականութեան դաս տալու կու գամ: 

* * *

     Ու իր օրով սորվեցանք սիրել գրականութիւնը: Չորրորդ դասարանը, որ դպրոցի ամենէն հրաբորբ, անառակ, անհանդարտ ու անզուսպ կարգն էր, սարէն բերուած մատաղ ձիու մը պէս ընտելացաւ ու սանձուեցաւ: Դեռ մինչեւ հիմա ալ չեմ կրնար վճռել, թէ սէրը գրականութենէ՞ն սկսելով տարածուեցաւ ուսուցիչին վրայ, թէ՝ հակառակը, բայց որն ալ որ եղած ըլլայ, իրողութիւնը այն է, որ տղաքը սկսան կենդանի հետաքրքրութիւն ցոյց տալ դէպի գրականութիւնը. յառաջացող տարւոյն հետ, անպատրաստներն ու դասարանի հեռաւոր մասերն ապաստանողները պակսեցան, ու գտանք, որ անհամբերութեամբ կը սպասէինք հինգշաբթիին՝ գրականութեան դասը ըմբոշխնելու համար: Ֆրանսերէն գիտցողները սկսան Ֆլոպէր ու Ալֆրէտ տը Միւսէ կարդալ, որովհետեւ միւսիւն շատ կը հաւնէր անոնց – Զապէլ Եսայեանը փնտռուած հեղինակ դարձաւ, որովհետեւ միւսիւն կ՚ըսէր, որ «մեր ամենէն վաւերական կին գրողն է ան»։ Վարուժան, Տէրեան, Մեծարենց, Դուրեան աթոռնին առած հայկական Ողիմպոս փոխադրուեցան, որովհետեւ միւսիւն կը հաւնէր անոնց, ու շատ մը տղաք, իրենց մասնագիտական դասընթացքը փոխեցին, որովհետեւ միւսիւն գրելու շնորհ գտած էր իրենց մէջ:  
    Ու երբ այս տողերուն հեղինակը «մնաք բարի» կ՚ըսէր միւսիւին, ան մէկ պատուէր տուաւ՝ «Ուր ալ երթաս, մենծ աղա, գրականութիւնը չմոռնաս»: Չմոռցայ, վարպետ, ու ահա գրական գործունէութեանդ 40ամեակին առթիւ խոր ակնածանքով կը սեղմեմ բեղմնաւոր աջդ ու կ՚ըսեմ.
    – Շնորհակալութիւն եւ ապրէ երկար, վարպե՛տ, ապրէ երկար: 

(Թիւ 10, 1977)