Նշան Պէշիկթաշլեան

ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Տիրան Աճէմեանի քրոքիները, յաճախ, կէս օրուան մէջ, մինչեւ գիշեր, կ’արձակեն յատկանշական ճիւղեր, գիծերը կը տեղափոխուին ու կը նստին՝ գրաւելով իրենց տեղերը, ոմանք կը բարակնան, իսկ ուրիշ գիծեր ալ կ՚ուժովնան. կը շարունակուի ձեւափոխութիւնը մինչեւ ոճաւորում, մինչեւ կատարելագործութիւն ու կը ծնի ծաղրանկարը: Երբ դէմք մը, ձերբակալուած է, իւրացուած, կլլուած ու մարսուած իրմէ եւ նետուած իր երեւակայութեան գանձարանին մէջ, ա՛լ իր բեհեղզեբուղեան հրամանին ներքեւ է: Այդ դէմքը, ըլլայ նոյնիսկ առիւծի, գայլի կամ շան, կը դառնայ կրկէսի կենդանի ու ծաղրանկարիչին հրահանգին համաձայն՝ կը ցատկէ, կը թաւալի, կը նահանջէ, կը յարձակի, կը վիրաւորուի, կը խօսի քոմփոզիսիոնի մը մէջ: 
     Տիրան Աճէմեան ունի կրակէ արագութիւն: Սատանան դանդաղաշարժ չի կրնար ըլլալ: Երգիծանքը, գիրով ու քարով, եւ ծաղրանկարը իր գիծով ու գոյնով, դժոխքի արուեստներ են եւ սադայէլի մասնագիտութիւններ, որոնք կը գործադրուին կայծակնարագ: 
    Երգիծագիրներն ու ծաղրանկարիչները շուտ ու սուր շարժողներ են: Այդ ասպարէզներուն մէջ անտաղանդներ ալ սուր կլլողներ են, որոնք անկարող խոցելու, ձախաւեր աճպարարութեամբ կը վիրաւորեն իրենց որովայնը, գալարուելով փորացաւէ: 
    Եւ Տիրան Աճէմեան, որ կը բաժնուի մենէ՝ քանի մը շաբաթէն, կազմեց ժողովածոյ մը, փարիզահայ մտաւորականներէն: Օր մը, կէսօրէ առաջ, Բալուեան գրատունը եւ օր մըն ալ, կէսօրէ յետոյ, Պարսամեան գրատունը վերածեց աշխատանոցի: Ու թանգարան մտան Պարսամեան Մկրտիչ, Բալուեան Հրանդ, Գույումճեան Մեսրոպ, Նարդունի Շաւարշ, Մեսումենց Աւետիս, Խանէտանեան Արշաւիր, Փօլատեան Կարօ, Թօփալեան Բիւզանդ, Մելիքեան Վաղարշակ, Աճէմեան Գեղամ, Ադդէ քահանայ եւ Չօպանեան Արշակ: 
    Երգիծանքը թէեւ իր սրախօսութեան ամենակարողութեամբ կը մտնէ մարդուն մէջին մէջը, աղիքները դուրս թափելու աստիճան, սակայն, կը խնայէ դէմքին: Ծաղրանկարը, առաւելապէս, կը հարուածէ գլուխը, մասնաւորապէս անխնայ ըլլալով մարդկային դէմքին տգեղութեան հանդէպ: Իր առաւել անգթութիւնը ակամայ է։ Ծաղրանկարչութիւնը, բոլոր հրեշտակները տապալած, կը ճանկէ ճիւաղին կամ ճանճին մէկ անգեղ մասէն ու կը նահատակէ զայն, պատանքելով թուղթին վրայ: Վա՜յ անոնց, որ երկար բան մը ունին (քիթ, ականջ), կամ շատ պզտիկ բան մը (աչք, ճակատ) կամ շատ հաստ բան մը (շրթունք, մորթ): Մէկ խօսքով՝ խուսափիլ չկայ հարուածէն: 

Մ. Իշխանի ծաղրանկարը՝ Տիրան Աճէմեանի


    Ծաղրանկարչութիւնը սատանային պարզ ու պայծառ դիմանկարչութիւնն է։ Կ’արժէ որ ամէն մարդ տեսնէ ինքզինքը, սատանային աչքով: Մարդուս սեփական աչերը կը ստեն: Մարդկային մեքենաներն անգամ մասնակից են ստախօսութեան: Քաջութիւնն ու անկեղծութիւնը սատանային ապրանքներն են: Բաց հոգիով մեղանչելը դժուարին առաքինութիւն է. դժուարին՝ սրբութեան չափ: 
    Ինչքան անպատեհութիւններու առաջքը պիտի առնուած ըլլային, եթէ մարդիկ իրենց ծաղրանկարը կախէին, իրենց սենեակին պատէն, նայելով այդ պատկերին եւ թոյլ տալով որ բոլորը դիտեն։ Հրաշալի բան պիտի չըլլա՞ր, եթէ ամէն մարդ իր ալպոմը ունենար, ծաղրանկարներու ալպոմը, փոխանակ ունենալու լուսանկարներու առաւել կամ նուազ խաբուսիկ հաւաքածոն: Զմայլելի բան մը պիտի չըլլա՞ր, եթէ ամուսնութեան թեկնածուները, ինչպէս նաեւ սիրահարեալները, փոխանակէին իրենց ծաղրանկարները: 
    Մարդիկ կը դժուարանան ինքզինքնին ճանչնալ ծաղրանկարին մէջ: Կը վարժուին սակայն, երբ մա՛նաւանդ բարեկամները կը վաւերացնեն նմանութիւնը: 
    Ծաղրանկարը արուեստն է չափազանցութեան մը, որ ամէնուն չափը կու տայ: Իր չափազանցութիւնը միջոց է եւ ոչ նպատակ: Իր չափազանցութիւնը թռիչ մըն է, ընդգրկելու համար ենթակային տիրութեան կենսական տարածութիւնը ու մէջէն գրաւելու համար միջնաբերդը: Սատանային յարձակումն է ան, օդային, գլխիվայր, յաղթահարող, շանթային: Եւ մարդու մը իրական պատկերը իր ծաղրանկարն է: 
    Տիրան Աճէմեան, այս բարի, խորադէտ, այս անուշ ու տաք արուեստագէտը, այս հրեշտակապետը ծաղրանկարչութեան տաղանդաւոր սատանան է: 
    Իսկ մենք իր զոհերը եւ հիացողները: 

 

Փարիզ
(Թիւ 11, 1978)