Մուշեղ Իշխան

ՊԱՐԶՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆ 

Նախակրթարանի աշակերտ էինք: Հայերէնի մեր ուսուցիչը օր մը շարադրութեան համար մեզի տուաւ հետեւեալ նիւթը. «Գի՞ւղը թէ քաղաքը»: Առանց վայրկեան մը վարանելու ես ընտրեցի գիւղը եւ գրեցի շարադրութիւն մը որ մասնաւոր գնահատանքի արժանացաւ:   
     Մինչեւ այսօր տակաւին կը յիշեմ այն գոյները, գիծերը եւ զգացումի ջերմութիւնը, որոնց շնորհիւ յաջողեցայ նահապետական հայ գիւղի մը պատկերը նկարել եւ հոն ապրելու անփոխարինելի քաղցրութիւնը պատմել: Ուսուցիչս վկայեց թէ կենդանի էր գիւղի իմ պատկերացումս եւ իրական ապրումէ կը բխէին իմ զգացումներս: 
     Ես գիւղ չէի ճանչցած սակայն: Գիւղի եւ գիւղացիի կեանքին ծանօթ չէի անձնական փորձով: Ուրկէ՞ կու գար ինծի գիւղին այս խորունկ սէրը: Ի՞նչ հրաշքով հոգիս լեցուած էր նախիրներու բառաչով եւ երդիկներէն բարձրացող թոնիրի ծուխերուն խնկանման կախարդանքով: 
    Գիւղի ամբողջական ապրումս կը պարտէի Համաստեղին: 
     Համաստեղի քանի մը պատմուածքները բաւական եղած էին որ ես անդառնալիօրէն սիրահարիմ հայ գիւղերու աղքատիկ, պարզունակ եւ չարքաշ կեանքին, ինչպէս եւ հայ մշակներու բարի, միամիտ եւ տառապած հոգիներուն: 
    Շարադրութիւնս բանագողութիւն մըն էր անկասկած: Համաստեղի ներշնչած տեսանելի եւ ոգեղէն աշխարհներու հարստութենէն մասնիկ մը թռցուցած էի պատանեկան իմ խանդավառութեանս մէջ եւ զայն հրամցուցած նախակրթարանի իմ ուսուցիչիս: 
    Այնուհետեւ Համաստեղի գիւղն ու տիպարները շարունակեցին իմ մէջ ապրիլ միշտ նոյնքան տիրական գոյներով, նոյնքան պայծառ ու կենդանի: Բազմաթիւ առիթներ ներկայացան իր «Գիւղն» ու «Անձրեւը» կրկին ու կրկին կարդալու, դասարանային վերլուծումներու ենթարկելու եւ ամէն անգամ ալ զգացած հաճոյքս աճեցաւ եւ խանդավառութիւնս նորոգուեցաւ: 
    Այս չէ՞ միթէ արուեստի ճշմարիտ գործերուն անվիճելի արժէքը: Դիմանալ ժամանակի աւերներուն, շրջանի մը եւ միջավայրի մը բաբախուն սիրտը դառնալ եւ սրտի մը զարկերուն ջերմութիւնը փոխանցել բոլոր սերունդներուն։ 
     Ոմանք կը սիրեն «գաւառի գրականութեան» ներկայացուցիչ կամ «գիւղագիր» կոչել Համաստեղը, հաւատարիմ մնալով գրական հին տարազի մը. ուրիշներ սահմանափակ եւ անճիշդ կը գտնեն այս բնորոշումը: Կարեւորը անուններն ու տարազները չեն անշուշտ, այլ մեր մշակոյթին ժառանգ ձգուած գործը: 
     Համաստեղ մեծարժէք գործի մը հեղինակն է, մեծ արուեստագէտ մը, զտարիւն գրագէտ մը: 
     Կէս դարէ ի վեր կանգուն է ահա մեր գրականութեան պատնէշին վրայ, վէճերէ հեռու, աղմուկներէ խոյս տալով, ինքն իր մէջ խորասոյզ եւ ունկնդիր լոկ իր ներքին ձայնին, վերստեղծելու համար կեանքն ու աշխարհը արուեստի դիւթական գոյներով, երբեմն իբրեւ պատմուածք, երբեմն իբրեւ լայնաշունչ վէպ եւ երբեմն ալ արձակ կամ չափածոյ բանաստեղծութիւն:
     Կարելի է վիճիլ Համաստեղի փորձած գրական բազմաթիւ սեռերու համեմատական յաջողութեան շուրջ, բայց կարելի չէ չխոստովանիլ թէ ամէնուն մէջ ալ ներկայ է ինք, այսինքն ներկայ է ցորենի արտերուն վրայ փռուած արեւուն բարութեամբ եւ պայծառութեամբ լի հոգի մը, որ մարդուն, կենդանիին, բնութեան եւ իրերուն հանդէպ հաւասարապէս զգայուն է եւ գիտէ թրթռալ համապարփակ յուզումովը անոնց բոլոր վիշտերուն եւ ուրախութեանց: 
     Բանաստեղծի այս խոր զգայնութիւնը, հոգիի այս բնական բարութիւնը եւ կեանքին ու մարդոց հանդէպ յորդող այս անսպառ սէրն է որ կը գունաւորեն եւ կը կենդանացնեն Համաստեղի գծած պատկերները, ըլլան անոնք գիւղէն առնուած թէ քաղաքէն։
     Համաստեղի գրականութիւնը միայն ժպիտ ու լոյս չէ:
     
Տառապանք, վիշտ, արցունք շատ կան իր պատմուածքներուն մէջ, որովհետեւ կեանքը ինքը շաղուած է այդ դառնութիւններով, բայց մենք հոն չենք գտներ կեանքը սեւ անէծքի վերածող թոյն ու ժահը, ամօթ ու գարշանք, մեղք ու ոճիր: Համաստեղի ստեղծած տիպարներուն ցաւն անգամ համակրելի է, համակող ու սրտառուչ, առանց երբեք ընդվզեցուցիչ եւ ըմբոստացնող դառնալու։ Երբ կը կարդանք իր գործերը, կը կապուինք անոնց մէջ գործող անձերուն, բարեկամ ու մտերիմ կը դառնանք անոնց հետ, կ’ուզենք բաժնեկից ըլլալ ոչ միայն անոնց յոյսերուն ու երազներուն, այլեւ անոնց տառապանքին եւ դժբախտութեան: 
    Համաստեղի արուեստին գլխաւոր յատկանիշներէն մէկն է այս հաղորդականութիւնը: 
     Ճշմարիտ արուեստը կը յաջողի մեզ փոխադրել իր սեւեռած աշխարհին մէջ, հոգեպէս քաղաքացի դարձնել անոր դրօշին եւ սիրոյ ու կարօտի հազար թելերով մեզ կապել հոն նկարագրուած վայրերուն, անձերուն ու անցքերուն հետ: Արդ, ով որ կարդացած է Համաստեղը, հեռաւոր Ամերիկայի թէ Մերձաւոր Արեւելքի երկինքներուն տակ, կարօտով պիտի փնտռէ հայրենի գիւղին արտերն ու այգիները, կալն ու կուտը, վարն ու ցանքը եւ գունագեղ շինականները: Շնորհիւ Համաստեղի գրչին՝ արեւմտահայ գիւղերու կեանքը տարտամ յիշողութիւն մը չէ այլեւս կամ անցեալի էջերը զարդարող ծանօթագրութիւն, այլ կենդանի ապրում եւ անթառամ տեսիլք: 
     Իր Տափան Մարգարները, Փիլիկ աղբարներն ու Կար Ամուները իրենց ներքին ապրումներով ու տառապանքով մարդ են նախ, մարդկայինը կը մարմնաւորեն եւ ընդհանրական արժէք ունին, սակայն անոնք իրենց զգալու, գործելու եւ արտայայտուելու կերպով հայ շինականի տիպարները կը ներկայացնեն: Առանց քարոզչութեան տրուած այս հայկականութիւնը, որ տոհմային դրոշմ մը ունի միշտ եւ հարազատի մտերմութիւն, Համաստեղի տիպարները կ’օժտէ ինքնուրոյն դիմագիծով: Մենք կը սիրենք զանոնք, որովհետեւ անմիջապէս կը զգանք թէ մեր արիւնէն են, մեր լեզուն կը խօսին, մեր սրտէն կը խօսին:
     Դասական բոլոր մեծ գրողներուն նման Համաստեղ պարզութիւնը հասցուցած է այնպիսի հիւթեղ եւ կենսալից լիութեան մը, որ ընթերցողը բնութեան եւ բնականութեան առջեւ կը գտնէ ինքզինք տեւաբար: Գրական ոչ մէկ շողշողուն զարդարանք, ոճային ոչ մէկ անսովոր դարձուածք: Գեղջկական աղբիւրներու պէս յստակ լեզու մը, որ գիտէ բառերը գործածել տնտեսութեամբ, խտացնելով, պատկերաւորելով: Այն հեղինակներէն է, որոնց համար բառերը միջոց են եւ ոչ թէ նպատակ, խորութիւնը պարզութեան մէջ է եւ ոչ թէ մթասքօղ արտայայտութեանց մշուշին ներքեւ: Համաստեղ ժամանակ չունի «գրականութիւն ընելու», որովհետեւ կեանքի նկարիչն է, լեցուած մշտավառ անցեալի հոծ ապրումներով եւ տառապահար ներկայի մակընթաց յոյզերով: Իր շունչով կենդանացած մարդիկն ու միջավայրը այնքան իրական են, տեսանելի, գրեթէ շօշափելի, որ բառերու ներկայութիւնը չենք զգար իսկ, ինչպէս կնոջ մը գրաւիչ աչքերուն առջեւ կը մոռնանք զարդն ու հանդերձանքը: 
    Արուեստի մարզին մէջ գուցէ ամէնէն դժուար բանն է նուաճել կեանքը այս բնականութեամբ եւ հասնիլ ձեւի կատարելութեան՝ այս պարզութեամբ: 
     Ճիշդ է որ Համաստեղ մեր գրականութեան մէջ յեղաշրջող նորութիւններ չբերաւ, արուեստի յեղափոխութիւն մը չառաջացուց, նոր հորիզոններ չբացաւ, բայց ան մեր գրականութեան բերաւ տոկուն եւ ինքնայատուկ խառնուածք մը: Պատմութեան էջերէն վայրագ բռնահարուածով խլուած ու փոշիի վերածուած մեր բնաշխարհը վերապրեցուց, կարելի է ըսել՝ վերաշինեց քար առ քար, գերան առ գերան, ոսկեղէն մուրճի մը ստեղծագործ հարուածներով: 
     Որքան ալ կարօտաբաղձութեան խորունկ թախիծով դողդղան իր «Գիւղ»ին ծառերն ու հասկերը, որքան ալ արցունքի վիշտով տեղան իր «Անձրեւին» ջերմ կաթիլները, Համաստեղ կը մնայ միշտ այն լաւատես հեղինակը, որ կը հաւատայ կեանքին, կը հաւատայ անցեալի յարութեան, կը հաւատայ ազնիւ ու գեղեցիկ արժէքներու յաղթանակին եւ արարչական լայն ժպիտով գիտէ ընդգրկել բովանդակ կեանքն ու մարդիկը: 

(Թիւ 1, 1966)