Յակոբ Պալեան (Լուսանկար՝ Աշնակի)

ՀԱՄԱՍՏԵՂ՝ ԴՐԱԽՏ ԿՈՐՈՒՍԵԱԼԻ ՎԿԱՅԱՐԱՆ

Հայ գրականութիւնը մեր ժողովուրդի լինելութեան վկայարանն է: Հայ գրողները ընդհանրապէս եկած են գաւառէն, բերելով հայաշխարհի շունչն ու շնչառութիւնը, ժողովուրդի երակը, հող-հայրենիի զգացողութիւնը։ Այդպէս էր մօտաւոր անցեալին, է նաեւ այսօր, քանի որ հողին եւ մարդուն միջեւ կայ առհաւական կապ։ Համաստեղ Յակոբ Մնձուրի եւ մեր անմիջական ժամանակակիցները Մկրտիչ Մարկոսեան կամ Հրանտ Մաթեւոսեան կը յատկանշուին բնաշխարհէն ստացուած հարստութեամբ։ 
    Համաստեղի մասին չի խօսուիր, զայն բանտարկած ենք դասագրքերու մէջ, մինչդեռ անոր գործը արմատախիլ զանգուածներուն համար անցեալի եւ հայրենի հողի հետ հաղորդուելու միջոց է, գրականութիւն՝ ի հարկէ, բայց նաեւ՝ քաղաքականութիւն, այս բառին ազնիւ իմաստով, ոչ կարգախօս: Արմատներ, որպէսզի հայրենասիրութիւն եւ յանձնառութիւններ օտար եւ պղտոր ջուրերով չսպանին։ Համաստեղի գրականութեան ծանօթացումը, կը բերէ ազգային որակ, պատկերներով, տիպարներով, լեզուով։ Պատառի կը վերածուի այն հայաշխարհը որ կայ, զոր չենք տեսած, մեծ մրրիկը զայն ընկղմած է։ Ան ճշմարիտ յիշողութիւնը կը բերէ: Յակոբ Մնձուրի իր ժողովուրդի եւ իր ապրած ողբերգութիւնը վարագոյրի ետին պահելով, աշխարհի մը սոսկ պատմիչը ըլլալու փորձով ապրեցաւ, դառնալով արեւմտահայ ժողովուրդի, մարդոց եւ բարքերու սեւեռումի գրագէտը։ Իսկ Մկրտիչ Մարկոսեան խորշակէն ճողոպրած մնացորդացի վկան է, անպաճոյճ, հարազատ, թափանցող։ Մեր ազգի պատմութիւնը հասկնալու համար, ուսումնասիրութիւններ եւ դասագրքեր անբաւարար են, որքան ալ մասնագիտական ըլլան, հայերէն թէ օտար լեզուներով։ Իսկական պատմութիւնը, որ ըմբռնում է, ոգեկանութիւն, տեսիլք եւ հեռանկար, կու գայ գրականութեան ճամբով: Առանց անոր, պատմութիւնը ժամանակագրութեան եւ թուականներու կուտակում է։ Գիւղացիներու ապրումի խորքը կը գտնուի Մկրտիչ Խրիմեանի յաւերժաշեշտ խօսքը, երբ Պապիկ կ’ըսէ Թոռնիկին որ հողը պէտք է կեանքի եւ մահուան օրը, կր պատգամէ որ ան անհող չմնայ, նախապայման՝ որպէսզի մեր գիւղի լուսնկան ալ, բոլոր գիւղի լուսնկաներուն պէս, եկեղեցիի գմբէթէն չհեռանայ։
    Քաղաքները, մանաւանդ մեծերը, նոյնիսկ սեփական երկրի բնակիչները կը վերածեն աշխարհաքաղաքացիի։ Սփիւռքի հայերը անխուսափելիօրէն փոքրամասնութիւններ են, յաճախ չնչին, անոնք կը դառնան աշխարհաքաղաքացի, կ’այլասերին, ընդհանրապէս մարդ, արուեստագէտ, գրող, աշխատաւոր, յաճախ տխուր լըվանթէններ են, չափանիշները կը նոյնանան, մարդիկ կը նմանին իրարու։ Փարիզ բնակողները փարիզցի են, նոյնն է պարագան Նիւ Եորքի, Մոսկուայի, Լոնտոնի, Պուէնոս Այրէսի, մեր օրերուն նոյնիսկ Պէյրութի, Հալէպի, Թեհրանի։ Այդպէս եղած են Պոլիսը եւ Թիֆլիսը, ի հարկէ տարբեր պայմաններով եւ իւրայատկութիւններով։ Մեծ քաղաքներու մէջ գրականութեան վրայ կ’ազդեն գեղագիտութիւնը, տեսութիւնները, ի հեճուկս բնականութեան, հողին եւ ժողովուրդի երակին։ Գաւառի մէջ կը տիրէ բնութիւնը, մարդիկ ներկայ են իրենց այլազանութեամբ, զիրար այդպէս կր ճանչնան։ Գիւղին մէջ ծառեր չկան, այլ կան նշենի, ընկուզենի, նռնենի, բարտի, կաղնի։ Համաստեղէն կէս դար ետք այդպէս է Մկրտիչ Մարկոսեան։ Գիւղագիրներու խօսքն ու բանը չեն բաղդատուիր ֆրանսացի, ռուս, անգլիացի կամ ամերիկացի այս կամ այն մեծանուն գրողներու ստեղծագործութեան։ Անոնք վարձու գրականութիւն չեն մշակեր, չեն բեմադրեր կապկուած հոգեվիճակներ։ Անոնց մօտ կեանքը, իրականութիւնը, բնութիւնը, հարազատ են ու ճոխ, վաւերական յատուկ, ուր մարդու գաղափարը կը մարմնաւորուի մարդոցմով, յատակ անուններով, եւ ոչ հարթուած ու անգոյն ընդհանրացումներով։ Արձակագիր թէ բանաստեղծ, չեն գրեր տպաքանակի կամ դասագրքի արժեչափերով, գրքունակ եւ կրկնող ըլլալու վտանգէն զերծ են։ Իրենց երանգապնակը գեղակազմ հատորներու մէջ չի գտնուիր, իրենց գաղափարները գրական դպրոցներու դասակարգումէն չեն բխիր։ Իրենց բաղդատութեան եզրը ոչ Պալզաքն է ոչ Կոկոլը, ոչ Ժան-Փոլ Սարթրը եւ ոչ Ժորժ Քոնշոնրը, այլ՝ ժողովուրդը իր ողջախոհութեամբ, բնութիւնը՝ իր ոչ-երեւակայական երանգներով եւ ճոխութեամբ, բանաւոր կերպով սերունդէ սերունդ փոխանցուող հարազատ երգն ու տաղը, ասութիւններն ու առածները։
    Խարբերդի Փերչենճ գիւղացի Համբարձում Կելէնեան ծնած է աւելի քան դար մը առաջ, 1859ին։ Այդ տարիներուն, հայկական գաւառներու խուլ անկիւններն անգամ օժտուած էին հայ դպրոցներով։ Հայ ուսուցիչները հանդիսացան հայ նահանգներու մշակութային, ազգային եւ քաղաքական զարթօնքի ներուժը, որ արդէն հասունցած էր երբ կը ծնէր ապագայ գրողը։ Կ’աւարտէ իր գիւղի նախակրթարանը, կը յաճախէ Մեզրէի Կեդրոնական վարժարանը 1911ին։ Տասնվեց տարեկանին կը դառնայ ուսուցիչ, չափահա՞ս, հասո՞ւն։ Տարբեր էր ժամանակը։ 1913ին կը մեկնի Ամերիկա։ Ինչպէս շատեր: Հետեւաբար ականատես պիտի չըլլայ հայաշխարհի աւերման։ 
    Այս բացակայութիւնը հասկնալի կը դարձնէ որ իր գրականութիւնը ըլլայ պատկերը իր մէջ դրոշմուած յիշատակներու գիւղը, ընկերային կեանքը, տպաւորութիւնները դէմքերը: Անոնց անհարթութիւնները կը կորսուին ժամանակի եւ հեռաւորութեան բերումով, կը մնայ գեղեցիկը, տեղի կ’ունենայ իտէալականացամը։ Ինչպէս կ’ըսեն շարժանկարի արուեստին մէջ, նկարի վրայ կանգառում, arret sur l’image։ Հայ գիւղը դրախտ չէր Ի. դարու առաջին տասնամեակին։ Համաստեղ դրախտ կորուսեալի յառաջացուցած զգացումով կը զգեստաւորէ տիպարները, շրջապատը, կացութիւնները, գեղանկարիչի պէս։ Կրնանք ըսել որդիական սիրոյ աշխարհ մը, դիտուած հեռուէն, չխաթարուած պատանիի յուշ-ժառանգութեան յատուկ լուսաւորումով։ Իր հայրենի գիւղէն պոկուած հազիւ երիտասարդ տղան, Ամերիկայի մէջ, երկնուղէշ բարտիներու սլացքին փոխարէն կը գտնէ երկնաքարեր, ուր լոյսը ստուեր է, արտը՝ գործարան։ Համաստեղ մշակած է իր գաղտնի պարտէզը, քանի որ Փերչենճի բնութեան եւ մեծ քաղաքներու խառնարանին միջեւ խրամատ կար։ Ինչպէ՞ս չգեղեցկանար գիւղը, ուր մարդիկ կ’ապրէին իրենց թերութիւններով եւ մարդկային շնորհներով, ճարտարարուեստական քաղաքի կեանքէն տարբեր, աւելի ճիշդ՝ անտեղեակ, տեսակ մը անմեղութեամբ, նախնականութեամբ, կուսութեամբ։ Փերչենճի տղան կը դառնայ Համաստեղ, միացնելով իր եւ եղբայրներու անունները. Համբարձում, Աստուր, Եղիա։ 
    Այս ապրումներուն մասին կը խօսի իր ինքնակենսագրութեան մէջ մահուան տարին գրուած. «Ծնած եմ 1895ին, Խարբերդի Փերչենճ գիւղին մէջ… Իմ մանկական եւ պատանեկան աշխարհը գիւղը եղած է իր հեռաւոր լեռներու սահմաններով, իր քարաշէն մեծկակ եկեղեցիներով, իր դպրոցով, իր հոգերով եւ աշխատանքներով, իր սուրբերով, որոնք գիւղի սահմաններէն ներս կ’ապրէին։ Զարմանալի մտերմութիւն մը կար սուրբերու, աստղերու եւ գիւղացիներու միջեւ, ես հիմա կը տարուիմ ըսելու, որ այդ գիւղի երկինքը ուրիշ էր, ուրիշ էին նաեւ գիւղացիները»։ Երկինքը ուրիշ էր, ուրիշ էին մարդիկ, հաստատում՝ որ դարձաւ առաջնորդող գիծը Համաստեղի գրականութեան։ Հոն եւս մարդիկ կային, եւ ան կը յիշէ «գիւղի աղջիկները, որոնք կը ջերմացնէին ու թեւ կու տային պատանեկան մեր առաջին երեւակայութեան»։ 
    Հայ դպրոցը պիտի ընդլայնէ պատանիի հոգեկան աշխարհը։ Կը գրէ որ Մեզրէի երկրորդական վարժարանին մէջ իր «հորիզոնը այլեւս հեռաւոր կապոյտ լեռները չէին, այլ հայ գրականութիւնը, որ կու գար Կովկասէն ու Պոլսէն»: Կը յիշատակէ Վարուժան, Սիամանթօ, Րաֆֆի, Ահարոնեան, Իսահակեան եւ «մեր Խարբերդի մեծ վարպետ Թլկատինցին եւ փափկաճաշակ Զարդարեանը»։ Կը սկսի կազմաւորուիլ պատանիին միտքը, մեծերու ընթերցումով կը զարգանայ ճաշակը։
    Ամերիկա գաղթած երիտասարդը կ’ուսանի, կ’աշխատի, կր ծանօթանայ, եւ կը գրէ։ Նոր Աշխարհի չափերն ու չափանիշները չեն խամրեցներ զինք։ Երախտաշատ «Հայրենիք» ամսագիրը, ինչպէս շատերու, կ’ըլլայ նաեւ իր բեմը։ 1924ին լոյս կը տեսնէ «Գիւղը», պատմուածքներու  հատոր մը, 1929ին լոյս կը տեսնէ «Անձրեւը», ուր կրկին ամփոփուած են պատմուածքներ։ Արդէն ճանչցուած գրող է Համաստեղ։ Կը հրատարակէ բազմաթիւ այլ գործեր, ինչպէս երկհատոր «Սպիտակ ձիաւորը», ապա, իրարու կը յաջորդեն «Քաջ Նազար եւ 13պատմուածքներ», «Աղօթարանը», «Այծետոմար»ը, «Առաջին սէրը»։ Ինչպէս ճակատագիրն է նաեւ այլ գրողներու, բազմաթիւ պատմուածքներ եւ վիպակներ կան թերթերու եւ պարբերականներու մէջ, ինչպէս «Սրբազան կատակերգութիւն» եւ «Հայաստանի լեռներու սրնգահարը» թատերական-երաժշտական երկ մը, որ լոյս տեսած է Հայաստան, նոյնանուն հատորին մէջ, ուր ամփոփուած են գրողի գործերուն մէկ մասը։ Խարբերդի Փերչենճը գիւղ մըն է, ուրիշ գիւղերու պէս, բայց Համաստեղի տիպարներով եւ մթնոլորտով կը դառնայ Հայաշխարհ, ընդհանրապէս Աշխարհ։ Տիպարներ կեանք կու տան այդ աշխարհին, անոնք կը կոչուին Տափան Մարգար, աւանդապահ Կարօ Մասրուպ, սիրահարներ՝ Մարուշ եւ Մուրատ, անկրկնելի քանդակուած Գանձակ Պարսամ, Թորիկ Պետօ՝ որուն սէրը գրական համամարդկային նուաճում է։ Հեղինակին կենսագրութիւնը կը լուսաբանէ մասամբ գործը, անոր վերլուծումը չի փոխարիներ ընթերցումը։ Համաստեղով կը գտնենք հայոց յափշտակուած հայրենիքը, մակերեսային եւ քարտէսագրական պատկերներէ անդին, վերակենդանացած՝ յաւերժութեան համար։ 
    Իր գրականութիւնը ինքնատիպ է բազմաթիւ պատճառներով։ Յորդող կարօտ ունի, ըսելիքը շատ, այս պատճառներով երեւութապէս իմաստուն խորացումներու չ’երթար, կը մնայ թելադրականի սահմանին վրայ, բառերու կուտակումով չի սպառեր ինքզինք եւ իր տիպարները։ Ուրուագծումները կը պահեն խորհուրդները:
    «Գիւղը» պատմուածքներու հատորը կը բացուի Տափան Մարգարով, գիւղացին՝ ընդելուզուած հողին, անասուններուն, գիւղի կեանքին։ Հողն է սնուցիչ, տիեզերք՝ իր գոմէշներով, կենդանիներով, որոնք գուրգուրանքի առարկայ են, մեկնակէտ, հարազատ։ Մարգար երբեք այնքան գեղեցիկ խօսքեր չէ ըսած իր կին Թամարին:
     Համաստեղ ուրուագիծերու նկարիչն է:

Դուք տեսա՞ծ էք խրտուիլակները արտերուն: Յարդով ու ցախով լեցուած խրտուիլակներն այլանդակ, գինովի զանազան ձեւերով-մէկուն հասակն ինքն իր վրայ փլած. ուրիշ մը կարծես գինետունէն նոր ելած՝ մէջքը ծուռ, այլեւս անկարող քալելու աւելի. ուրիշ մը գինետուն նոր մտնողի դիրքին մէջ, ոտքերը փարտ, թեւերը վեր բռնած, իր մէկ ուսին հետ ծռած է նաեւ գլխարկը. խրտուիլակները, թզուկ, փայտերուն կռթնած խրտուիլակներն հաշմանդամ, սմքած կամ ուռած փորերով, ծալուած ոտքերով, կախաղանէն դեռ նոր վար առնուած ոճրագործի մը լխկած մարմնով: Սակայն էն գեղեցիկը մեր այգիի քովի պարտիզպանին խրտուիլակն էր։ Հասակը երկար, թեւերը լայն-լայն, բացած անապատի Յիսուսի պէս առանձին կ’աղօթէր կարծես-սո՞վ կար, թէ արտերուն ջուրն էր ցամքեր: Արթիստը պարտիզպանն էր: Տնկած էր երկար խաչաձեւ ձող մը, հագցուցած էր գզգզուած շալվար մը, կապած էր գօտի մը ծալ-ծալ: Թեւերուն, կռնակին անցուցած էր այծի մազերէ շինուած, հինցած, շատ հինցած ապա մը։ Գլխուն տեղ դրած էր պարապ դդում մը, շինած էր քիթ, փորած էր բերան, ակռաներուն տեղ տեղաւորած էր արտերուն մէջ նետուած ու ճերմկած իշու մը ծնօտին ակռաները, իսկ աչքերու տեղ դրած երկու թաւշագոյն չորցած սալորներ: Օ՜, ի՜նչ այլանդակ էր, ճիշդ ու ճիշդ քիթը մաշած ու աչքերը դուրս ինկած չինական կուռք մը: Ամէն աշունի պարտիզպանը, երբ իր գործը լմննար, էն վերջը իր ուսին կը նստէր խրտուիլակն ու տուն կը մտնէր: Ամէն Գարունի, երբ լայն ճակատներով փոքրիկ գառնուկները դուրս կ’ելլէին իրենց փոքրիկ տոտիկներով հողին պորտը դրոշմելու պարտիզպանը կը շալկէր իր խրտուիլակն ու պարտէզ կ’ջնէր: Խրտուիլակը հոն էր, միշտ անշարժ, հեքիաթի այն ճգնաւորին պէս, որուն ափերուն մէջ, կ’ըսեն թէ, թռչունները իրենց բոյնը դրած էին: Օր մը սակայն տեսայ խրտուիլակը կը քալէր։ 

                                                                   («Գիւղը», Տափան Մարգար)

    Շարժանկարի արուեստագէտները, այս նկարագրութեան մէջ, պիտի տեսնեն իրենց յատուկ մօտեցումները.
    «… Թումբին վրայէն կը քալէր յաղթ հասակովը, ուսերը լայն ու ծուռ, յարդ լեցուած»… «Այս անգամ ուսին աւելցուցած էր միայն բահ մը»:… «Այդ մեր գեղին Տափան Մարգարն է», կ’ըսէ մայրը:… «Անդին երկու արտ հեռու,կապոյտ պաստառին վրայ գծագրուած, ամպի կտոր մը անութին տակ, կ’երեւէր Տափան Մարգարին նկարը հսկայ»: (Նոյն)
    Համաստեղ քանի մր բառով կը դաջէ գիւղը, մարդիկն ու ժամանակը.

Կ’անցնէին տարիներ: Տափան Մարգար միեւնոյնն էր, երկու գոմէշներով, միշտ բահն ուսին, կարծես միեւնոյն ձեւով եւ միեւնոյն տարազով ծնած ըլլար»։ … «Ան հոն արտերուն մէջ էր միշտ, քարերը կը հաւաքէր, նոյնիսկ կոշկոռ հողերը ձեռքով կը փշրէր, տեսակ մը փայփայանք արտերուն…                                                                                                 
    
                                                                                                                                                                                                                        (Նոյն)

     Տափան Մարգար հողն էր: Բայց կար գիւղը, ինքնատիպ թատերական հրապարակ մը, յունական ակորան, իր դաշտերով, հերկով, եզներով, դրացիներով, կագ ու կռիւէ խուսափող ամօթխած կիներով, պզտիկ վաշխառուներով։ «Անձրեւը» գրքին մէջ, համանուն պատմուածքը այս մթնոլորտը կը բեմականացնէ։ Քաղաքաբնակին անհանգստութիւն պատճառող անձրեւը ոսկի է գիւղացիին համար։ Անձրեւը որ կ’իջնէ, խաղաղութիւն արտերուն եւ… Գանձակ Պարսամին ու Թորիկ Ղուկասին։ Համաստեղ ունի իւրայատուկ արուեստը։ Քանի մը բառով կերպարներ ոտքի կը հանէ, կացութիւններու հոգեբանական բարդութիւնը ու լարումը կը ներկայացնէ։ Գանձակ Պարսամ, Թորիկ Ղուկաս, միւսները, ծերացած գոմէշը, արեւուն տակ երաշտէ տքացող արտերը։ Գանձակ Պարսամ եւ Թորիկ Ղուկաս աւանդական տամայի ընկերներ են, մինչեւ այն ատեն որ դրամը չէր սառեցուցած յարաբերութիւնները։ 

«Գանձակ Պարսամ եւ Թորիկ Ղուկաս իրարու շատ լաւ բարեկամներ էին։ Օր չէր անցներ, որ իրարու մօտ չգային ու տամա խաղալու հաճոյքը չապրէին։ Թորիկ Ղուկաս հպարտ էր Գանձակ Պարսամի պէս բարեկամ մը ունենալուն համար: Թորիկ Ղուկաս միւս րէնճպէրներուն պէս շատ զբաղուած չէր։ Գիշերը ցերեկին խառնելու չափ գործ չունէր։ Ունէր երեք արտ, երկու եզ, մէկ կին եւ մէկ աչք.- ահա բոլորը։ Ամէն անգամ որ արտին մէջ թումբ մը շինէր կամ կաւառ մը շտկէր, միտքը կ’իյնար Գանձակ Պարսամը, խանութին զովութիւնն ու տաման: Տամային քարերը աչք, քիթ, բերան կ’առնէին: Թորիկ Ղուկաս կը սրբէր քրտինքը, բահը ուսին կը նետէր եւ ուղիղ գիւղ կու գար»։                           

(«Անձրեւը») 

    Թորիկ Ղուկաս կանգնած է գիւղացիի ողբերգութեան առջեւ։ Իր եզը, Տիքքոն, ծեր է։ 

… ախոռ գնաց եզները դուրս հանելու համար: Թորիկ Ղուկասի ուշադրութիւնը Տիքքոյի վրայ էր թէ ինչպէ՜ս կը շարժէր գլուխը ինչպէ՜ս կը բռնէր ոտքերն ինչպէ՜ս կը դնէր։ Տան դռնէն դուրս հանած պահուն, ոտքը սեմին դպաւ ու քիչ մնաց ամբողջ մարմնով գետին իյնար: Տիքքոն փողոցին մէջտեղ կեցած էր. գոց դեղնագոյն մորթով, կարծես տախտակներով շինուած Ուստա Զաքարի ձեռագործն ըլլար»:… «Չորս կողմէն րէնճպէրներ լուծքի կ’երթային, իրարու ձայն կու տային, ուրախ էին ուրախ։ Միայն Թորիկ Ղուկասի սիրտն էր մութ ծերացած Տիքքոյի աչքերուն պէս։ Խէրով-բարով այս տարի իր գործը գլխէր… 
– Մաքօ, հէյ Մաքօ, գետինը մտնես,- սրտնեղած պոռաց իր կնոջ: Հայտէ ալ ինչի՞ կը սպասես: Արեւը պորտի վրա՞յ գայ։ Երեք սըհաթ է՝ հացին ծրարը կը կապես։ 
– Մէրս, քորս, ինչ երեք սըհաթ, տահա եզներուդ սամիները չես կապեր,- տրտնջաց կինը, հացին ծրարը տալով:
– Էս նեղութեանս ատենը լեզուդ կարճ կ’ընե՞ս, թէ չէ… 
Պոռպռտուքի ու հայհոյութիւններու տեղի չգալու համար՝ կինը լեզուն իրեն քաշեց։ Ամօ՞թ չէ դրացիներուն առջեւ» :

                                                                                                                                                                                                                                              (Նոյն)

     Փուլ կու գայ եզը եւ Թորիկ կը դիմէ Գանձակ Պարսամին։

Բարեւ Ղուկաս, էսպէս շուտ… 
– Չես հարցներ, թէ ի՞նչ հալի եմ.– պատասխանեց, արօրը ուսէն վար առնելով ու պատն ի վեր երկնցնելով: Էսօր Տիքքոն, մեծ եզը, արօրին տակ ինկաւ։ Էհ, ինտոր, ինտոր ընես գարունի ատեն, մէկ եզով ինտոր ընես։ Որ էշ մը ունենայի՝ Տողանին հետ կը լծէի, մինչեւ կալ որ ձգէի՝ ալ Աստուած ողորմած է… 
– Հոգ մի ըներ, Ղուկաս, ջանդ սաղ թող կենայ, եկ սանկ տամա մը խաղանք:
Թորիկ Ղակաս ոչ տուն երթալու սիրտ ունէր, ոչ ալ տամա խաղալու: Գանձակ Պարսամ մէկ կողմէն կը շարէր տամային քարերը…
Թորիկ Ղակաս կ’ուզէր առանձին խօսիլ Պարսամին՝ քանի ծերուկը չէր եկեր։ 
– Վերցուր քարդ, հիմա, մէկ երկու… 
– Պարսամ, խօսեցաւ վերջապէս Ղուկաս,- քեզի որ չըսեմ, ալ որո՞ւ ըսեմ. իշտէ կ’երեւայ հալս: Էս տարի բամբակներէն բան դուրս չեկաւ: Պարսամ տամայի վրայ կը նայէր հաշիւներ կ’ընէր միեւնոյն ատեն ականջին մէկը Թորիկ Ղուկասին ծռած:
– Պարսամ, որ կրնաս ձեռք մը երկնցուր ինծի, ճահիլ եզ մը առնեմ: Հինգ ոսկի փոխ դրամ որ տաս, ես քեզի կալին էվէլն էվէլոք կը վճարեմ։
Թորիկ Ղուկաս լուրջ էր։ Ահա թէ ինչո՞ւ Գանձակ Պարսամի դէմքին խաղաղութիւնը սփռուեցաւ յանկարծ»:

                                                                                                                                                                                                                               (Նոյն)

    Համաստեղ կը ճանչնայ մարդիկը, կը քանդակէ զանոնք արագօրէն, իրենց նկարագրային իւրայատկութիւններով։ Գանձակ Պարսամ հինգ ոսկին կու տայ, վկայով եւ սէնդով, քանի որ «ինչ կ’ըլլի՝ ինչ չըլլիր, ֆախաթ, մարդ ըսածդ հում կաթ կերած է»: Տոկոսով կու տայ դրամը: «Իշու ականջներով լեցուն ոսկիներուն հինգ հատը միայն, ակամայ յիշեցին վկաները…» (նոյն): Կենսատու անձրեւը չի գար, արտերը ծարաւ են, մտահոգ է Գանձակ Պարսամ՝ իր դրամին համար: Երկու բարեկամները ալ տամա չեն խաղար: Եւ կը սկսի տագնապեցնող սպասումը.

Շաբաթէն աւելի էր որ անձրեւ չէր եկած: Այդ այն ժամանակն է, երբ կը սկսին ցորենները քողքերուն մէջ հասկեր կապել: Ոմանք քողքերնին պատռած արեւ ելած էին, ինչպէս նկատած էր Թորիկ Ղուկաս: Անձրեւը կ’ուշանար: Գիւղացիներուն երեսներուն վրայ թեթեւ ծռութիւն մը կար: Անձրեւը կ՚ուշանար: Այդ բոլորին մէջ էն շատ մտահոգուողը Թորիկ Ղուկասն էր: Ինչպէ՞ս չմտահոգուէր։
                                                                                                                                                                                                                         (Նոյն)

    Գիւղը մղձաւանջ կ՚ապրի: Պարսամ եւ Ղուկաս երկնքէն անցնող ամպի կտորները կը զննեն: Համաստեղի ոսպնեակին ընդմէջէն ամպի ծուէնը կ՚ըլլայ բանաստեղծութիւն եւ գծանկար:

Թորիկ Ղուկաս, սովորականին պէս, այդ օրն ալ ձեռքը ճակատին վրայ հովանի բռնած՝ երկնքի վրայ ամպի կտոր փնտռեց ու գտաւ այլուխի չափ փոքրիկ կտոր մը՝ Մարգարենց ուռիներուն վրայ բացուած: Դրացի Ակոբն ալ արտէն նոյնպէս կը դիտէր միեւնոյն ամպի կտորը, որ փռուած այծի փոստի կը նմանէր: Թորիկ Ղուկաս, բահը ուսին, մօտեցաւ դրացի Ակոբին:
– Երկար ատեն է. էդ ամպը էդ տեղ է։ 
– Ես էլ քիչ առաջ տեսայ։ 
– Հեղ մը արագիլները վար գային… 
Երկու րէնճպէրները կը դիտէին բաց գոյն ամպի կտորը, որ հետզհետէ սկիւռի ձեւ կ’առնէր: Տեսան, որ պոչը բաժնուեցաւ յետոյ մէջքը կիսուեցաւ, գլուխը կտրուեցաւ ու չքացաւ, չքացաւ…։
                                                                                                                                                                                                                           (Նոյն):

    Կը նուազի ջրաղացին ջուրը: Գիւղը մտահոգ է։ Վերջապէս կը հասնի անձրեւաբեր ամպը, որ խաղաղութիւն կը բերէ դաշտերուն եւ հոգիներուն։ 

Թորիկ Ղուկաս սովորականին պէս վեր նայեցաւ ու տեսաւ Հողդարի վրայ ամպի կտոր մը։ Այդ կտորը գորշ մթութիւն մը ունէր, որ արտին վրայ բացուած էր մագաղաթունակ աւետարանի մը նման։ Շատ չանցաւ, կարծես հով մը աւետարանին հազար էջերը թափեց ու գոցեց կապոյտն ու արեւ։                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                  (Նոյն)

     Համաստեղ կը նկարէ՝ ինքնատիպ վրձինով։ Գիւղին մէջ հարսանիք է։ Ղուկաս կը վերագտնէ Պարսամը։ 

    – «Պարսամ, Պարսամ, ա՜յ, երեք պուտ, երեք պուտ անձրեւ ինկաւ վրաս, տես, տես, երկու խոշոր պուտեր ձեռքիս վրայ. որ կ’ըսէի. չէիր հաւատար. տես անձրեւը, ձեռքիս վրայ։ Ալ եզներս չպիտի ծախեմ»։
    … Թորիկ Ղուկաս կը դիտէր կուշտ կուշտ ու կ’ուզէր դուրս ելլել անձրեւին տակ։ Անձրեւն աւելի սաստկացաւ կաթիլները քարերուն վրայ վրայ թափուող մարգարիտէ հատիկներ ըլլային կարծես։ Տանիքին ճռթոնները սկսան վար՝ փողոցի քարերուն վրայ թափիլ յորդ ու ուրախ աղմուկով։ 
    – Ղուկաս, – խօսեցաւ Պարսամ, – եկ տամա մը խաղանք վաղուց է, որ խաղցած չենք…:
                                                                                                                                                                                                                            (Նոյն)

     Քանի մը բառ, եւ կը խտանայ կեանքը ինչպէս որ է։ Խաղաղութեան անձրեւն է՝ արտերուն, գիւղին եւ հոգիներուն վրայ։ Այս Համաստեղի գիւղն է, իր բնական-տեղական գոյներով, երանգներով, առանց յաւելեալ ճիգի, ոչ պատկերներ շինելու, ոչ բառեր փնտռելու։ Այս արդէն մեծ գրողի յատկանիշ է։ 
    Հեռուն մնացած գիւղը անսպառ հարստութիւն է, յիշողութիւն՝ զոր կը պեղէ Համաստեղ, բնութեան գեղեցկութիւն, մարդկայնութիւն, սէր, առաքինութիւններ։ Բայց չ’անգիտանար միջավայրը, նորը, ճարտարարուեստական քաղաքակրթութիւնը, ուր հայ մարդիկ, երբ Արեւելքէն կու գան, դիմաշրջումներ կ’ունենան։ Յասմիկը կ’ըլլայ Ճեսիքա, ուրիշներ՝ Մայքըլ եւ Պապ – որ կապ չունի մեր թագաւորի անուան հետ։ Գիւղագիր, բայց նաեւ արուեստագէտ, ան անտարբեր չէ շրջապատի կեանքին հանդէպ։ «Պուպրիկը» պատմուածքը նմուշ մըն է այդ գծով։ Բանուորը, ինչպէս գիւղացին, հականիշն է վատսերած դրամատէրերու, անոնց ամբարտաւանութեան, անոնց ամբարտաւան կիներուն։ Բանուոր Թովմաս, հարուստի մը տան պարտէզէն «գտնուած, աղբի մէջէն առնուած» պուպրիկը՝ իր աղջկան ընկերներէն տրուած, կը վերադարձնէ, բայց կ’արժանանայ վատ վերաբերումի, փոխան գնահատանքի։ Իր աղջկան կը խոստանայ պուպրիկ մը գնել Ծնունդին։ 

Ծնունդին Հելենան աղուոր պուպրիկ մը պիտի ունենար, Միլէին պէս: Ա՜խ թէ Ծնունդ գար… Հօրաքոյրը շատ լաւ կը հասկնար Հելենային ցաւը ու ուզեց անոր համար քուրջէ փոքրիկ պուպրիկ մը շինել, մինչեւ որ Ծնունդը գար:… Պուպրիկի սէրը իր մէջ արթննալէն ի վեր Հելենան այլեւս Ժօզէֆին եւ Մայքին հետ չխաղաց, անոնց հետ պարտէզ չգնաց:… քուրջէ պուպրիկը հոգի չունէր, թեւերը միշտ կը փրթէին: Ծիծաղ չունէր, աչքեր չունէր: Օր մը ալ բարկացած զայն փողոց նետեց ու սպասեց, մինչեւ որ Ծնունդը գար»։

 «Գիւղը»

    Երբ քաղաքը կը զուարճանայ եւ Ծնունդ կը տօնէ, բանուոր Թովմաս կ՚աշխատի մինչեւ ուշ ատեն: Ապա կը զուարճանայ իր ձեւով, կը խմէ։

Բանուոր Թովմասն ալ գինետան աւլուքին հետ միասին դուրս ինկաւ:… Ձիւնը հանդարտ կը տեղար ու քաղաքին մէջ ժխորը տակաւին դադրած չէր։.. Բանուոր Թովմաս ՝ լապտերի մը ձողին կռթնած, տուն երթալու համար, թրամվէյի կը սպասէր: Թերեւս մոռնար Հելենայի Ծնունդի նուէրը, եթէ ցուցափեղկէ մը կախուած պուպրիկներ չտեսնէր։
                                                                                                                                                                                                                            (Նոյն)

     Հայր է Բանուոր Թովմաս։ Պիտի գնէ Պուպրիկը։ Կըը գնէ քաուչուկէ շինուած պուպրիկ մը, «որ մէկ կողմի վրայ ինկած՝ կը խնդար ու կը դիտէր կապոյտ կապոյտ աչքերով»։ Վաճառողին կ’ըսէ. 

    – Ձուլարանատիրոջ պուպրիկն ալ էսպէս էր. շարունակեց դրամը տալով ու պուպրիկն անութին տակ տեղաւորելով: Չէ, չէ, էն աւելի լաւն էր, շատ սուղ պուպրիկ էր։ Դուն տեսնելու էիր, պարոն խանութպան. Էնպէս կին… Դէ՜հ, դժոխք, դժոխք – Բանուոր Թովմաս բարկացաւ յանկարծ։
                                                                                                                                                                                                                            (Նոյն)

    Վերադարձի ճամբուն վրայ, Թովմաս կը շարունակէ իր գինովի գառանցանքը. «Դժո՜խք, դժո՜խք…»։ Կը հասնի տուն։ 

     – Հելենա, ա՜յ անիծուած աղջիկ, պոռաց, երերտկալէն դուռը բանալով։
 
Հելենան դողաց փոթորիկէն ցնցուող թափի մը պէս:
     – Մինչեւ հիմա ինչո՞ւ էս ճրագը կը վառես, ա՜յ անիծուած աղջիկ, էս դրամ է, կ’երթայ, դրամ: Ո՞րտեղէն էս դրամը: Ես ձուլարան չունիմ, ձուլարանի տէր չեմ, կը պոռար բարկացած:…
    – Ըսէ, ըսէ, ինչո՞ւ չպառկեցար, մինչեւ հիմա ճրագն ինչո՞ւ վառուած պահեցիր։
    – Պուպրիկին կը սպասէի,– խօսեցաւ Հելենան արցունքներուն մէջէն։
    – Պուպրիկին հա՞: Առ քեզի պուպրիկ: 
    Բանուոր Թովմաս կատղած շան մը պէս ցնցուեցաւ, պուպրիկը ճմռտեց իր կոշտ ձեռքին մէջ ու վառարան նետեց:
 Հելենան ճչաց ու գետին ինկաւ:…Քաուչուէ պուպրիկը կը վառէր կանաչ բոցով մը, կը վառէ իր ժպիտով, կապոյտ կապոյտ աչքերով։ Ամբողջ տունը քաուչուի հոտ մը բռնած էր կարծես հոտն ըլլար մարդկային դիակի մը, հեղձուցիչ ու ոճրային:… Հազիւ ժամ մը անցած էր, երբ բանուոր Թովմաս արթնցաւ, իր կօշիկները հանելու համար: Տեսաւ, որ մոռցուած կազէ լամբարը կր մարմրէր պատերուն վրայ ստուերներ խաղցնելով։ Հելենան ալ գետինը պառկած, քնացեր էր: Արցունքները տակաւին չորցած չէին աչքերէն։
    – Հելենան,- ձայն տուաւ հայրական շեշտով մը– արթնցիր, Հելենա, ե՛լ, աղուոր աղջիկս, վաղը Ծնունդ է, առանց աղօթքի մի պառկիր, արթնցիր արթնցի՛ր…                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                          (Նոյն)

    Կոշտ, կոպիտ, մարկային Թովմաս, գործարաններու Տափան Մարգարը… 
    Բայց Համաստեղի էութիւնը հայ հողն է, հայ ու հողը, ոչ տեսութիւն հողը քաղաքական ճառերու, այլ հողը՝ կեանք եւ բոյր, գիւղացիներ՝ քաղաքներու խաթարումէն եւ արուեստականացումէն գերծ մնացած, ինչ որ կը շեշտէ անոնց մարդկային շնորհները։ Ան չի չարչարեր բառերը, անոնք վարժապետական բացատրութեան հեւքի մէջ չեն։ Կը թելադրեն։ Հեզասահ են։ Կարիք չկայ վերադարձ ընելու, թաքուն գաղափարներ գտնելու համար։ Ոճ մը՝ իր տիպարներուն պէս թափանցիկ։ Առաքինի գրագէտ մը, որ ճիգ չ’ըներ տպաւորելու, անպայման յուզելու։ Բառ մը, գիծ մը, կը բաւեն մթնոլորտ ստեղծելու։
    «Սպիտակ ձիաւոր» երկհատոր վէպը պատկերացումն է հայ ազատագրական շարժման։ Պայքար՝ իրաւունքի համար՝ հողին վրայ։ Տիպարները ապրած դէմքեր են բայց գիրքը յուշագրութիւն չէ։ Համաստեղ պատմաբան չէ, այլ ամենայն ազատութեամբ վէպ կը գրէ, այդպէս կը վարուի իր կերպարներուն հետ։ 
    «Հայաստանի լեռներու սրնգահարը» երաժշտական թատերական երկ է։ Օրին, երաժշտութիւնը յօրինած է Ալան Յովհաննէս։ Համաստեղ կ’ըսէ՝ «Նուէր ամերիկահայութեան, որ ծերացաւ աչքերուն մէջ բռնած կարօտը երկրին, որ ապրեցաւ ու երազով դարձուց իր կեանքն իրական»: Ինչպէս ինք։ Բանաստեղծական յուզումով կը նկարագրուի տուայտանքը Ամերիկա նոր հաստատուածներու, որոնք չեն կպած նոր միջավայրին եւ առօրեային, կ’աշխատին, բայց իրենց հոգին այլ տեղ է։ Կը լսեն Նախշունակ կամ Լալեզար... Երկիրը, որուն մասին կը խօսուի Էրգիրն է, Վիգէն Խեչումեանի հող-հայրենին։ Զրոյցը կը խորանայ, իրականութեան եւ անիրականի սահմանին վրայ։ 

    Մարգար.– Որ էդպէս է, ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ, Մարթա, ջանս: Մենք շատ անգամ կ’իյնանք էս տեսակ երազներու մէջ։ Երկիրը, Ամերիկա շատ անգամ իրար կը խառնուին։ 
    Գրիգոր.- Մարգար, սա ձեռքս բռնէ՝ տեսնեմ։ Բռնէ, ժիր բռնէ։ Այ էդպէս, ու սեղմէ ցաւցնելու աստիճան։
    Մարգար.- Կը սեղմէ ցաւցնելու աստիճան – էս ինչի՞ համար է։ 
    Գրիգոր.- Կրնայ ըլլալ որ արթննամ էդ ցաւով։ 
    Մարգար.- Բայց եթէ երազ տեսնողը դուն չես:
    Գրիգոր.- Էդ էլ ճիշդ է։ Ինծի էնպէս կը թուայ, որ էս երազ տեսնողը Սաթոն է։ Անկողնին մէջ քնացած հանգիստ՝ էս երազները կը տեսնէ։ Մենք այն ատեն կ’ազատուինք, երբ արթննայ Սաթոն։ 
    Մարգար.- Ճիշդ ես, Գրիգոր, ինձ ալ կը թուայ, որ մենք բոլորս ալ Սաթոյի երազին մէջ կը չարչարուինք։ Ուրիշ մէկը չէր կրնար այծեմարդը տեսնել:
    Մարթա.- Թէ որ էդպէս է, մենք ազատում չունինք: Ան չի քնանար: Ան արթուն է ան կախարդին հետ է:..
    Մարգար.- Գրիգոր, աղբերս, դուն կեցիր էստեղ: Մարթան գնաց: Թէ որ Սաթոյին ձէնը էդքան մօտ է, ուրեմն մօտ են հայրենի լեռները։ Ես երազիս մէջ շատ եմ թռչեր: Կրնայ ըլլալ որ թռչելով հասնինք:
    Գրիգոր.- Բայց պիտի թափառիք, շատ պիտի թափառիք: Էդ ձէնին որքան մօտենաք, էնքան ալ ան պիտի հեռանայ։ Մարգար կը մեկնի – Մինչեւ էն տեղ մինչեւ հայրենի լեռներ…
    Գրիգոր.- Չէ, Մարիամ, դուն էստեղ կեցիր, գէթ երազներուս մէջ զիս հանգիստ կը ձգես: Որ պանքային մարդը գայ, ըսէ, որ Գրիգորը Ճորճը չկայ: Ըսէ, որ գնա՜ց, կորսուեցաւ իր երազներուն մէջ: – Չալոն ետեւէն: Սրինգին ձայնը կը դադրի…։
                                                                                                                                                                                                                            (Նոյն)

    Երբ կը դադրի սրինգին ձայնը, հայկական ձայնը… 
    Համաստեղ ազգային բովանդակութեամբ գրականութիւն մշակած է, առանց քաղաքական ճառի։ Զգացումները թափանցող են, առանց թանձր յուզումներու։ Այս բոլորէն անկախ, ան արուեստագէտ է, բառերով կը նկատէ եւ նկարին մէջ կը կախէ հայու հոգին, աշխարհ մը՝ ուր ժամանակը կանգ առած է մարդոց չարութեան հետեւանքով: 

«Մեր գիւղի լուսնկան ալ, բոլոր գիւղի լուսնկաներու պէս, եկեղեցիի գմբէթէն չէր հեռանար, շատ անգամ անոր վրայ կ’իյնար, հոն կը հանգչէր: Չալոյին դունչը, հիւսիս երկարող մագնիսի մը պէս, այն կողմն էր միշտ. կը կաղկանձէր ու կ’ոռնար պղինձի պէս արձագանգուող քարայրներու ձայնով։
                                                                                                                                                                                                                       («Չալօ»)

    Էրգիր մը կար որ չկայ: Ժամանակակից Մկրտիչ Մարկոսեանի մօր յիշողութեան մէջ, ամրօրէն նստած պէրէքէթ ունեցող Տիգրանակերտին պէս: Փերչենճը: Ինչպէս Դրախտ Կորուսեալի բոլոր գիւղերն ու քաղաքները: 
    Գիւղագիրները, Համաստեղ, Մնձուրի, Մկրտիչ Մարկոսեան, եւ իրենցմէ առաջ Խրիմեան եւ Թլկատինցի, հողի հետ կորսուող եւ կորսուած Արիանի թելը գտնելու եւ պահելու հրաւէրներ են: Առանց հողի ապրումին գրականութիւնը տարաշխարհիկ բոյս է, ինչպէս քաղաքականութիւնը բեւեռային գօտիի մէջ տնկուած արմաւենի, բախտաւոր պարագային տարաշխարհիկ բոյս, կակտենի, քաքթիւս, մանր քաղքենիներու դահլիճները զարդարող:
    Ինքնութիւն վերանուաճելու եւ պահելու ցանկութիւն ունեցող հայուն համար Համաստեղ ոսկեղէն դուռ է։ Ըսենք. Ազգի ոգիի հայելին է գրականութիւնը:

(Թիւ 2, 2005)