Այդ օր Ս. Բարթողիմէոս վանքին օրն էր։ Լերան քարերուն չափ հին օրերուն, չգիտես ո՛ր տեղէն, Սուրբը իր լայն մօրուսը հովին տուած, հեղուող աստղի մը պէս իջած էր Քարկապան լերան կողքին: Վանքին քարէ պատերը բորբոս կապած՝ ժանգոտ երկաթի գոյն առած էին:
Այդ մօտաւոր ու հեռաւոր գիւղերէն ուխտի կ’երթային տօնական նաշխուն հագուստներով: Վանքին ներսը՝ աղօթք, խունկ-պատարագ, բուրվառ ու քշոց։ Գիւղական քահանային վրայ ծիրանափառ շուրջառ, թանկագին թագ, ոսկի ու արծաթ։ (Վանքը հարուստ էր եւ սակայն վանքի փոքրիկ գիւղի բնիկները աղքատ էին ու հիւանդկախ)։ Դուրսը հաստաբուն, դարաւոր ընկուզենիներուն տակ տօնավաճառ կար։ Պազարին համար կը տանէին նուռ, սերկեւիլ Չնգուշէն։ Արմաւի չափ խոշոր չամիչ Պէսնիէն: Կը տանէին գազպէ, նապադ շաքար, գորգ ու կապերտ, իսկ Կիւրինէն՝ լաչակ ու շալ: Կը տանէին ձի ու ջորի, էծ ու աքլոր, լոր ու կաքաւ՝ վանդակներուն մէջ փակուած:
Այդ առաւօտ շատ կանուխ ճամբայ ինկաւ Էքուկենց Կարօն իր կովը վաճառ տանելու: Ճինս կով էր վրան փաք իստակ։ Ամէն իրիկուն, նախիրէն դարձին՝ կ’անցնէր գեղի փողոցէն մեծ ուրով, հորթին կարօտը գեղեցիկ աչքերուն մէջ:
Էքուկենց Կարոյին վիճակը լաւ էր: Կովը ժմնցուցած էր երեք ընձիւղ եւ մէկ կով, որ առաջին ծինը ունեցած էր եւ այնքան նման իր մօրը:
Կարօն գիրուկ էր: Հագուստ կապուստը, շալ ու շալվարը առանձին փարթամութիւն մը կու տային: Ծաղկաւեր դէմքը բողկի մը չափ առողջ էր ու կլոր՝ ունէր լեցուն պեխ, թաւ յօնքեր եւ հորթի աչքեր: Երեք մեծ բղող գինին իրեն չէր բաւեր ամբողջ տարին եւ խելք կը հասցնէր թէ՛ եկեղեցիին եւ թէ՛ գիւղական դպրոցին:
Արեւը դեռ նոր ծայր կու տար աքաղաղի փետուրներու գոյնզգոյն ճաղերով: Պարզկայ միջոցին մէջ դեռ կը հնչէին իրենց գիւղի աքաղաղներու հատ հատ պղնձեղէն ձայները հեռուէն եկող սայլերու ծանր ճղոցներուն հետ: Արշալոյսն էր, որ կարծես նաշխուն գործուած մետաքսի մը պէս, կը փաթթուէր սայլերու ծանր գլաններուն:
Երբ գիւղէն դուրս, դէպի վանք տանող գլխաւոր ճամբուն մէջ մտաւ Էքուկենց Կարօն, տեսաւ ուխտաւորներ, թէ՛ ձիաւոր թէ՛ ոտաւոր: Իրմէ շատ կանուխ, մօտ ու հեռու գիւղերէն ճամբայ ելլողներն էին: Մէկն իր ետեւէն այծ մը կը քաշէր: Կ’անցնէր փէհլիվաններու խումբ մը Մշու կողմերէն նաշխուած թէլլեկներով ու ծանր պարանը փոքր էշի մը բեռցուցած: Նոյնիսկ շատ կանուխ ճամբայ ելած էր արջ խաղցնող Մէշէտտի Հասանը, ծանօթ՝ բոլոր գիւղերուն: Այդ անցորդներուն մէջ Էքուկենց Կարօն էր մինակ, կ’ըսես կովին կճղակով կը քալէր: Մժեղներու շոգ ձանձրոյթին մէջ հեղ մը ետեւ նայեցաւ: Հըմ: Կանգ առաւ կարճ պահ մը: Հեռուէն եկողը ան էր – Հարօն, որ նոյն ճամբուն մէջ մտած էր արագիլի երկու բարակ սրունքներով: Հեռուէն գլուխը աւելի փոքր կ’երեւէր եւ կարծես հո՛վ մը որ անցնէր թելի մը պէս պիտի շարժէր անոր հասակը: Գուցէ այդպէս կ’երեւէր որովհետեւ միջոցին մէջ սկսած էր ամառուան շոգը: Հարօն գեղին խեղկատակն էր, հաճելի բոլորին համար եւ միշտ ալ հետը կ’իյնային։ Ինքը չէր վիրաւորուէր անոնց երբեմն անհամ կատակներէն, եւ ո՛չ ալ անոնք կը վիրաւորուէին Հարոյի լեզուի սուր խայթոցներէն: Բարակ շրթներուն վրայ ունէր միշտ ալ զաւեշտի բարակ ժպիտ մը: Օր մ’օրանց անոր մականունը տուած չէին, ինք ալ պէտք ունեցած չէր իր մականունին: Հարօ էր եւ այդ անունը այնքան յարմար որքան անոր բարակ սրունքները եւ նոյնքան բարակ քիթը եւ անոր քառասուն կարկտանով շալվարը եւ՝ մանր պճլտուն աչքերը: Աչքեր որ կ’ըսեմ, մէկը միշտ գոց էր թէեւ պատճառ մը չկար գոց ըլլալու: Հարոյին համար մէկ աչքն ալ կը բաւէր գիւղին եւ մարդոց վրայ նայելու: Եթէ երկու աչքով նայէր գուցէ դժբախտ զգար։ Հարօն դժբախտ չէր: Այդ էր աշխարհի կարգը:
Գիւղացիները ըսելիք, լսելիք կ’ունենային երբ Սանդքարի հրապարակը կը հաւաքուէին իրիկուան ճաշէն վերջ իրենց յոգնութիւնն առնելու եւ կը սպասէին որ Հարօն գար: Ան որ կու գար առաջին անգամ իր ձեռքը կ’երկարէր մօտիկ մարդուն թութունի քըսային, ճղարա մը փաթթելու:
– Հարօ, երբ պիտ բանաս էտ մէկ աչքդ:
– Էն ատեն երբ աշխարհի գործը կարգին ըլլայ:
Չարին մէկը անհամ կատակ մը ըրած էր օր մը: Հարոյին տրուած սիկարէթին մէջ վառօդի հատիկներ դրած էր եւ նոյնիսկ խանձած անոր վար ձգուած պեխերը: (Հարօն իր պեխերը միշտ ալ պահած էր իր չունեւորի անձուկ սահմաններուն մէջ եւ օր մըն ալ մտածած չէր վեր առնել ինչպէս Էքուկենց Կարոյի պեխերն էին): Ծխախոտին հետ խառնած վառօդի հրավառութենէն յետոյ՝ Հարօն պեխերը սրբած, մի քանի անգամ իր մէկ աչքը թարթած՝ ժպտացեր էր ներկաներուն հետ եւ բաժնած այդ անհամ կատակը: Էհ, նոյն գիւղացիներն էին, որ զինք յաճախ աշխատանքի կը կանչէին ըլլայ կալի ըլլայ կուտի, այգեփորի, ջրաղացքը աղօն տանելու ու բազմազան գործերու համար: Եւ այդ գործերով էր որ իր տունին հաց ու փիլաւ կը հասցնէր:
– Բարեւ, Հարօ, ձայն տուաւ Կարօն եւ դանդաղեցաւ որ Հարօն իրեն հասնէր: Ես ալ ըսի էս ո՞վ է կու գայ – լէնգ լէնգ: Մտքէս ըսի՝ Օվականենց կտուրի արագիլն է ելեր վանքը ուխտի կ՛երթայ: Է՛հ, գիտե՛ս ա, արագիլները Երուսաղէմի հետ կապ ունեցող թռչուններ են: Չըլլա՛յ, Հարօ, խնդրանք ունիս Ս. Բարթողիմէոսին:
– Ի՜նչ խնդրանք, աղա Կարօ, կաթ տուող կովին երեսին որ նայիս, արդէն յայտնի է: Էդ սուրբերը, մեղայ Աստուած, քու կովին երեսն ալ չունին: Քու կովին երեսը որ տեսնես՝ պիթուն առատութիւն է: Աստուած զիս որ Զիւկիւրտ ըրած է ըսել է բան մը կայ սխալ: Էդ սխալը իմ մէջ է թէ էնոր՝ ես ալ չգիտեմ: Ջան կ’ընեմ իմ սուրաթն ալ Աստծոյ կերպարանքով ստեղծուած է: Ալ հասկցիր աշխարհի բանը:
Հարօն իր ուսին ձգած էր ոտքերը կապած երեք աքաղաղ Ս. Բարթողիմէոսի պազարին տանելու: Տան մէջ պակաս էր թէ աղ, թէ օճառ եւ թէ լուցկի:
– Էհ, ինչ ընենք, աղա Կարօ, ես քեզի պէս ունեւոր որ ըլլայի… էդ պազարին կո՞վ մը կը տանէի: Կարօն ուզեց փոխել զրոյցը: Նկատեց, որ Հարօն կրնար խայթել զինք իր նետի պէս բարակ ժպտելով:
– Հարօ, հիմա քանի՞ զաւակ ունիս:
– Հինգ զաւակ, աղա Կարօ, մէկն ալ ճամբան բռներ կու գայ:
– Նորէ՞ն, հարցուց Կարօն, էնպէս զարմանքով, որ Հարոյին պէս աղքատ մարդիկ էդքան զաւակ չպէտք է ունենան: Ըսել է Վարդերին գոգնոցը նորէ՞ն վեր բարձրացեր է: Կարոյի այդ խօսքերուն մէջ թաքուն բան մը կար: Հակառակ որ Հարօն աղքատ էր եւ սակայն, ունէր լայն կողերով, պսպղուն մարմնով կին մը:
– Է ի՛նչ ընենք, աղա Կարօ, չունեւորի հալ է: Ճրագ չվառենք – ձէթը խնայենք ըսելով՝ Վարդերին հետ կանուխ անկողին կ’երթանք:
Այս զրոյցներու ընթացքին Կարօն երկարեց իր ծխատուփը Երուսաղէմի սատափ բանուածքով: Հարօն սիկարէթը փաթթած ատեն հիացումով կը դիտէր Կարոյի կովը, որ կ’ըսես խումաշ հագած, խանումի պէս կը քալէր եւ մժեղներու պարս մը անոր գլխին շուրջ կը դառնար: Հարօն մի քանի անգամ ուզեց իր հիացումը յայտնել եւ սակայն ուսին ձգուած երեք աքաղաղներու կրկռոցը զինք կը հեռացնէի իր ըսելիքներէն:
– Ի՜նչ խաս կով ունիս, աղա Կարօ. մեղք որ պազար կը տանիս, որ դրամ ունենայի. … որ էդ կովն ինծի ըլլար, Վարդերը տասը զաւակ ալ ունենար հոգ չէի ըներ: Խօսեցաւ Հարօն սիկարէթի թուղթը թրջելով:
Այդ պահուն Կարոյին աչքերուն մէջէն կ’ըսես թրթուրի պէս կանաչ դեւ մը ելաւ ու մտաւ թանձր յօնքերուն մէջ։ Ուզեց լաւ կատակ մը խաղալ Հարոյի գլխին՝ օգտուելով անոր տկարութենէն: Այնքան անկեղծ տկարութիւն մը կար անոր ձայնին մէջ երբ ըսաւ, «Եթէ էդ կովն իմս ըլլար»…
Կարօն կեցուց կովը հոն, ուր ճամբին մօտ հաստ ուռենի մը կար զով շուքով, ուր կենդանիները ամառուան շոգին՝ հանգիստ կ’առնեն դանդաղ որոճումով:
– Հարօ, կը տեսնես էդ մեծ կոռոփը: Խօսեցաւ Կարօն մատով ցոյց տալով լայն ու կլոր կոռոփ մը որ երէկ ուշ ատեն, գուցէ վերջալոյսին՝ կուշտ փորով գոմէշ մը թրքած էր եւ տակաւին անոր շուրջ մրջիւններ եւ բզէզներ հաւաքուած չէին:
– Հա, թեմամ կշկուր մը ճըվելէկի թոնիրին համար, խօսեցաւ Հարօն ու առանց գիտնալու թէ ի՛նչ ըսել կ’ուզէր Կարօն:
– Հարս, որ էդ բոլորը ուտես, էս կովը քեզի հալալ։
Հարօն զարմացած դիտեց աղա Կարոյին դէմքը: Իրեն այնպէս թուեցաւ, որ աջ աչքին ծանր կոպը վեր պիտի վերնար յանկարծ:
– Ըսել կ’ուզես… Հարոյի ձայնին մէջ այնքան օտար բան մը կար, որ արդէն զգաց: Եղածը կատակի սահմաններէ դուրս պիտի գար: Ինչքա՜ն պէտք ունէր կովի մը։ Հարօն հեղ մը նայեցաւ կոռոփին եւ պահ մը երեւակայեց, որ կովը իրն էր եւ կապը բռնած իր տունէն ներս պիտի մտնէր: Տան մէջ աման թէնճիրէ կաթով պիտի լեցուէին – մածուն, չէքելիք պանիր, կարագ. իսկ փոքրիկները ջուրի տեղ թան պիտի խմէին:
Կարօն իր այդ խաղով կ’ուզէր հոդ բեմ մը սարքել Սանդքարին շուրջ հաւաքուող գիւղացի հանդիսականներուն երբ հրապարակը մտնէր Հարօն:
Էքուկենց Կարոյին մէջ վախ մը սողոսկեցաւ յանկարծ, ճիշդ մողէսի մը պէս: Գեղին խեղկատակը, Հարօն, այդքան վճռական եւ ուժեղ կամքով տեսած չէր եւ արդէն սկսած էր գործի… Կարօն իր խոշոր աչքերը բաց դիտեց: Եթէ լմնցնէր էդ բոլորը… տեսաւ Հարոյին դէմքին գոյնը հետզհետէ կը փոխուէր, թթուն դրուած երկար վարունգի գոյն առաւ դեռ կէսին չհասած: Կարօն կաւէ շինուած արձանի մը գոհ երեւոյթ առաւ երբ Հարօն «վայ փորս» ըսաւ ու երկու ձեռքերով փորը բռնած գետին պառկեցաւ։ «Կըրթ, կըրթ» կ’ըսես ամբողջ փորը դուրս պիտի գար։
Էքուկենց Կարօն շահած էր գրաւը:
– Ալ, ալ չեմ կրնար, Կարօ: «Վայ փորս»… Աստուած որ խելք չէ տուեր, ի՜նչ ընեն մարդիկ, խօսեցաւ Կարօն, դպրտոցի, եկեղեցիի խելք հասցնողի հով մը բռնած ճակատին եւ ուզեց կովին հետ ճամբայ ելլել Հարօն իր հալին ձգած:
– Ոչինչ, Հարօ, կը մոռնաս երբ քիչ մ’աւելի խելք ունենաս, աւելցուց Կարօն ու չգիտցաւ թէ Հարօն ինչպէս յանկարծակի, մէկ ձեռքով փորը բռնած հասաւ վայրի կենդանիի մը պէս ու բռնեց կովին կապը այնքան ժիր, որ կարծես ալքի մագիլներ ըլլային:
– Ո՞ւր, Կարօ, էս կովին կէսը իմն է,- պոռաց Հարօն եւ բարկութենէն սկսաւ կակազել:
– Բայց դուն չի թեմամցուցիր, Հարօ։
– Իմն է կովին կէսը, Կարօ: Ես կերած եմ կէսն էդ կոռոփին: Չէ՞ որ ամբողջը կ’արժէր թեմամ կով մը…
– Ի՜նչ կ’ուզես, որ ընենք, Հարօ։ Կովը կէս չենք կրնար կիսել: Կարոյի այդ խօսքերուն մէջ դեռ թաքնուած կատակը կար։
– Կարօ, Կարօ, դուն իմ լէշին վրայէն կ’անցընես էս կովը:
Կարօն ի զուր փորձեց կովին կապը ազատել Հարոյի մագիլներէն: Կարօն աւելի վախցաւ երբ տեսաւ Հարոյի փակ աչքը բացուած էր յանկարծ: Այնքան ուժեղ էր զայրոյթը: Հարօն ու Կարօն բռնած կովին կապը, իրենց զայրոյթէն կրնային քարանալ կովին հետ երբ հեռուէն տեսան ձիաւոր մը, սպիտակ հագած, խոճայի ծանր փաթթոցով:
– Այ, էդ խոճային հարցնենք, խօսեցաւ Կարօն:
– Հարցնենք, ըսաւ Հարօն այնքան վստահ որ իրն էր իրաւունքը:
Խոճան՝ պարսիկ էր: Կանգ առաւ ձիով երբ տեսաւ երկու մարդոց դէմքերուն վրայ փոթորիկ մը կար, իսկ կովը իր գլուխը կը չանչէր ճանճերը վանելու համար:
– Խոճա էֆէնտի:
– Մահրապա։
– Հալ-հեքիաթ…
– Ես կերած եմ կէսը…
– Բայց ամբողջը կերած չէ:
Եւ արդէն խոճային խօսք չէին ձգեր վիճելով երբ խոճան խօսեցաւ 40 oր լռած անապատականի մը պէս, իր սպիտակ մօրուքի պատկառելիութիւնով:
– Ամօթ է, հէմշէրիներ: Ալլահի դատաստանը կայ: Եթէ ամբողջը կով մը կ’արժէ, կէսը հէլպէթ կէս կով է. խօսեցաւ խոճան եւ արդէն Հարօն այնքան գոհ մնաց, որ աջ աչքին կոպը նորէն վար իջաւ:
– Կովն ինչպէ՜ս կիսենք, խոճա Էֆէնտի:
– Կովը կիսելու պէտք չկայ, հէմշէրի, թէ որ կ’ուզես թեմամցնել քու կովը դուն ալ էն միւս կէսը կեր:
Այդ մէկը անակնկալ էր թէ՛ Կարոյին եւ թէ՛ Հարոյին համար, եւ արդէն Հարոյի բարակ շրթունքներուն վրայ խեղկատակի բարակ ժպիտը կեցաւ:
– Ես համաձայն եմ, խոճա էֆէնտի: Թէ որ մնացածն ալ Կարօն ուտէ այն ատեն արըշ-պարըշ ճամբայ կ’իյնանք:
– Իսկ դո՞ւն, հարցուց խոճան Կարոյին։ Կարօն շատ ուշ համաձայնեցաւ. դեռ զայրոյթ կար անոր աչքերուն մէջ: Է՛հ, ոչինչ, մի քանի անգամ ալ ինք «կըրթ կըրթ» կ’ընէ եւ արդէն տէր կ’ըլլայ իր կովին։
Խոճա էֆէնտին հսկեց, որ կատարուէր Ալլահին օրէնքը. եւ արդէն սկսաւ կրթկրթալ Կարօն. փորին մէջ կ’ըսես երկրաշարժ էր մտեր ու «վայ փորս» ըսաւ ու գետին պառկեցաւ:
– Բան չկայ, Կարօ, որ մեծնաս, որ խելք ունենաս կ’անցնին էդ բոլորը: Հարօն լուծած էր իր վրէժը Կարոյի նոյն բառերով. բայց որ դեռ ուտելիք կար:
– Տահա կովին ոտքերը, գլուխը իմն է, Կարօ: Իմ կովի ոտքերով ճամբայ չես կրնար ելլել, խօսեցաւ Հարօն միեւնոյն ատեն խոճային նայելով: Այս անգամ իր բարակ ժպիտին մէջ անգութ բան մը կար. անգութ էր Ալլահի դատաստանը որ խոճային յուլունքի նման աչքերուն մէջ կարծրացած էր: Խոճան գոհ դէմքով նոյնքան գոհ մօրուսով ճամբայ ինկաւ։ Բարի գործ մը կատարած էր այդ օր։ Կատարուած արդարութենէն գոհ էր նաեւ Հարօն եւ այդ պահուն միայն յիշեց, որ ինք ոտքերէն կապուած երեք աքաղաղներ ունէր ուսին ձգած՝ վանքին պազարը տանելու: Վախը փորին՝ փնտռեց աքաղաղները ու գտաւ չորացած առուի մը մէջ: Աքաղաղները այդ իրարանցումին մէջ անկիւն մը մոռցուած, կրկռալով ձէն ձէնի, կապուած ոտքերնին ազատելու ճիգով հեռացեր ու ինկեր էին չորացած առուին մէջ: Հարօն իր աքաղաղները ուսերուն նետած ճամբայ ինկաւ: Թոյլ էին ոտքերը – «կըրթ, կըրթ»: Կարօն եւս դժուարութեամբ ինքզինք հաւաքեց կովին հետ ճամբայ իյնալու եւ արդէն պիտի ուշանային պազարին համար:
Հարօն առջեւն ինկած կը քալէր իր լենգ սրունքներով: Արդէն մինակ՝ երբ իր ետեւէն լսեց Կարոյին ձայնը:
– Հարօ:
– Ի՞նչ կայ, Կարօ:
– Էս առաւօտ մենք հանդիպեցանք էս ճամբուն վրայ: Դուն ուսիդ ձգած էդ հաւերն ունէիր իսկ ես իմ կովը – շատ բարի։
– Շատ բարի, Կարօ, կրկնեց Հարօն:
– Հիմա ալ, Հարօ, ես իմ կովն ունիմ դուն ալ ուսիդ ձգած էդ հաւերը – էդ ալ բարի:
– Էդ ալ բարի – կրկնեց Հարօն։
– Բայց աղբերս, մենք ինչո՞ւ կերանք էդ թրիքը: