Վահէ Օշական
Ես սուտ մարդն եմ
ցուցափեղկի գաճէ արձան
  որուն ոչ ոք բարեւ կու տայ
  կարծելով թէ տեղս կայնած
  մէկը կայ
համեղ պատառ անօթութեան աչքերուն մէջ
սովը սառած ՝ ճերմակ լոյսի ակռաներով
  զիս կը լափեն հազար կողմէն ու կը կլլեն Կարդալ աւելին
Վեհանոյշ Թեքեան
Մութին մէջէն գտայ բոլոր կորսուած բառերդ             ձայներս խեղդուած
ես ուրուայնամուտ պատմութիւնդ էի
գմբէթ որ իր խոշորաբիբ աչքը խրած էր խորութեան հողի
Սիւն՝ ուր երեկոն հանեց պատմուճանքը հիր
երբ Լեռնաշղթան թաթը զուգառաջ
գլուխը դրաւ գիշերուան ուսին Կարդալ աւելին
Արձակագիրներով աւելի հարուստ Սփիւռքի մեր գրականութեան ամենէն ինքնատիպ եւ ամենէն վաւերական բանաստեղծն է Նիկողոս Սարաֆեան: 
    Ծնած է Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ 1902, ապրիլ 14-ին, զատկի օր մը:
    Այս տարի իր ծննդեան վաթսունամեակն է ուրեմն: Քառասնամեակը նաեւ իր գրական գործունէութեան: Արդարեւ, իր առաջին Կարդալ աւելին