Վեհանոյշ Թեքեան
Վեհանոյշ Թեքեան

Մութին մէջէն գտայ բոլոր կորսուած բառերդ             ձայներս խեղդուած
ես ուրուայնամուտ պատմութիւնդ էի
գմբէթ որ իր խոշորաբիբ աչքը խրած էր խորութեան հողի
Սիւն՝ ուր երեկոն հանեց պատմուճանքը հիր
երբ Լեռնաշղթան թաթը զուգառաջ
գլուխը դրաւ գիշերուան ուսին
մենք լոյս աչքերով չտեսանք զիրար
Երկար հեղձումէ մազապուրծ հիմա
բոլոր ճիչերդ կարեցի վրաս
վախիդ լաչակը ուսէս նետեցի
աղօթքներուդ գլխանոցը մութ հանեցի գլխէս
աղապատանքի մոմերդ քանդեցի
եւ արեւափայլ մազերս ձգած ուսերուս կոնքիս
ահա կը մտնեմ այդ հրէ հրէ,
                                                    եղէգներուն մէջ
Հալեցուցեր եմ մեր լծորդութեան անկամութիւնը
միանգամընդմիշտ հեռացիր քղանցքէս որպէսզի երկնեմ դժուար կոչումդ
0 ոչ հրաշքը մէկ ակնթարթի ճարպիկութիւն չէ
հրաշքը կը սկսի այն ակնթարթին երբ կը պարտադրես ինքզինքդ
                                                                          ճանչնալ դժկամութիւնդ

Ականջներդ պիտի ցաւին                բայց յանցաւոր չեմ
Հասունցած կարծրացած մթապատ
փշածաղիկին հիւթը դրի աչքերուս
ինչի որ դպայ՝ Անապատին մէջ ինկաւ
Ըսի բոլոր խնամակալներուս որ արիւնս դիւրալոյծ չէ
մարմնիս հոսքը պիտի կաթի լպրծուն տարածութներուն
                                               ու մնայ անայլայլ                                  անձոյլ
կը խօսիմ հազար լեզուներով
բոլորին վրայ Անապատին համը կը թափառի
Աչքերս բազմախորշ անցեալի ֆոսֆորներով կը պսպղան
Փշածաղիկին հիւթը դրի աչքերուս եւ սկսայ տեսնել
Սկիզբը ցաւալի գործողութիւն էր
բայց ապաքինումը այսպէս կը զարթնի
չուզեցի սպասել յիշողութեանս որ կու գար
                                                     կարեյոյզ ու մոլեգին
պատգամ մը արձակելով դեղնաւուն թախիծ ցանելով չորս դին
կ’ուզէի բռնել մագաղաթները յուզահեղձ ու մերկ
որոնք Երկրիս ուռած հողէն կաթի պէս դուրս կը հոսէին

Անապատը խելագար մայր՝ գրկեր էր քեզ
մինչդեռ իր բազուկներէն խլուեր էի հեռու
արիւնատուութեամբ կը տառապէի
Աս ինչ վայր է
                                         ինչի որ հպիմ պատգամ մը կ’արձակէ
կ’ուզէր որ ինքզինքս թաղէի մահուան երգերուդ մէջ
ամէն անգամ որ երգերդ մտիկ ըրի՝ նօսրացաւ արիւնս
մի կախուիր քղանցքէս չեմ կրնար բուժել քեզ
իջիր փոսին մէջ
քեզմէ ետք շարունակելը հրաշագործել է
քեզմէ ետք հրաշագործելն է որ զիս պիտի շարունակէ
Ժամանակի թունաւոր լաւան ժայթքած է
քարակտոր եռակտոր անբեկանելի

Պիտի ցաւին ականջներդ բայց յանցաւոր չեմ

ձայնէս առաջ ճեղքուեցաւ սի՛րտս

Աստուծոյ պէս խօսեր եմ հետդ ամբողջ հոգիով եւ սրտով
դեռ ինչո՞ւ
կեանքիս խորհուրդը կը հարցնես

Երկիր
ճշմարտութիւնդ աչքերէս մեծ էր երբ ծնայ
ճշմարտութեանդ հոգին գտայ եւ ոչ թէ մարմինը
որոնեցի զայն
հասած արձագանգներու թրթռացումին մէջ
նրբամոլ ձեւերու անտառներուն մէջ
գոյեղագոյն կիրքերու խարիսխներուն մէջ
մինչ այդ Անապատին մէջ
մշտադող անունդ կը շոյէր բեկումիս կնճիռները
ոսկորներս մեծցան փշածաղիկներու նման
գիտէիր որ ողնայարիդ մէջ կարօտիս ծուծը կ’ապրի
Թող խօսի լռութիւնդ Երկիր
հիմա որ արիւնլուայ՝ հասեր եմ պողպատին
ո՞ւր աքսորեմ լալահառաչ բառերը
դեռ չեմ գիտեր թէ ո՛ր ջրհեղեղը փարատեցաւ
իր նաւը ձգած լերանս վրայ
ո՛ւր գնաց խռոված ջրհեղեղը
Անտառներս քակուեցան մոխրացան
ո՞ւր ցրուեցիր արմատներս
Բարկացայ քեզի Աստուծոյ պէս ամբողջ հոգիով եւ սրտով
դեռ ինչո՞ւ
կեանքիս խորհուրդը կը հարցնես

Մեռելները կ’ապրին մեր շուրջը ծառացած ձեռքերով
անոնք տխուր են մեզի համար
անոնք մեռած կը մնան սխալ պատճառներուն համար
անոնք կ’ուտեն մեր բառերը եւ կու գան գիշերելու
մեր մարմիններուն մէջ

Երկիրս ամէն բան կորսնցուց բացի յիշողութենէն

Մենք բոլորս հսկումի մէջ ենք
Գիշերը լարած է իր երկրաբիբ կնճիթը
Էսօր դուման է մեր լեռների վրայ
այսօր փամփուշտ է Անապատին մէջ
Հին թնդանօթները բացած են իրենց ենթալեզուն
ինչու ե՛ս ստիպուեցայ դիմաւորել լեզուին ամէնէն տխեղծ եւ տափակ ձեւը
ինչու ես պիտի դիտէի տարիներով բեմադրուող եղերախաղը
մոխրակիր դաշտերը եւ աստղերը կարմիր
գիտակցելով որ ամբողջ աշխարհի մէջ այսքան կարմիր չեն աստղերը
եւ հիմա՝ աղմուկը որ դարանակալ ձայներու ոստայնին մէջ կը թփրտայ
եղկումեղկ լեզուներէն մեղմացած քաղցրագին բարեխառն
Բացէք վարագոյրները որ տեսնէք այս թունաւոր աղմուկը
կ’ուզէ որ գերեզմանատուներու կողքին ապրինք
մեր գինեմոլ հայրերը միմիայն անոր մահուան մասին կը խօսին
մեր ծոյլ հայրերը անոր լեզուն թանգարանի մը կը վերապահեն
անվերջ խաչակնքումները փրկութիւն նկատելով
մինչ տեղի կ’ունենայ անոր կեանքի՛ ցնցումը
փոյթ չէ թէ ուր պիտի հասցնէ մեզի Անապատին զօրութիւնը
ո՛ր հեռաւոր միայնակ ձեռքերու բանակներն են
որոնք շինեցին ամուր գիծեր ու այս շղթան
ուր պիտի ալ խոնջ հանգչի Եղեռնը յարաթաւալ

Համր ու անձայն կու գան կու գան ծանրաքայլ
վառօդը՝ իրենց կուղպ բերաններէն հրթիռուած ճիչ
երբ հոգին կը պարէ եւ մարմինը իր ներքին գալարումը կը կղպէ
եւ կը բացուին տեսիլները որոնք մեր մանկութիւնը չարչարեցին
իրար ետեւ շարուած օրերու զարհուրանքը եւ բառերը անդոհին
պատրանացնոր եւ ինքնահար
օտարոտի ներքնայարկերուն մէջ հեւընկալ ապաստանած

Համր ու անձայն եկան          եկան նահատակի աչքերով
ուր կը շնչէին դարերու փոթորիկները
եկան ոստայնանկեալ մեր պատմութիւնը մատնելու կրակին
եւ արդարութիւնն էր
արնագոյն կոպերուն ինկած կայծակի շեղբ
ուր թանձրացեալ կատաղութիւնը կը սկսի վառիլ
իրենց սրտի խունկին հետ որ դեռ սրտի չէր վերածուած
Եւ մենք տեսանք ծուխը պալան պալան
խաւարի մէջ արձակուած հռնդիւնը
մենք մեր պապերուն պէս դիակառքեր չտեսանք
դիակները մնացին ասպնջական մայթերուն
Վայրենի ցաւ մը իրենց այտամկաններուն
մէկը միւսին անցուցին ծածկագիրը եղելութեան
Նարեկները շպրտելով՝ հողին տակը ծածուկ թուղթեր պահեցին

Նորընծայ Սարը շարժող ուխտաւորներ
անդուռ անցեալներէ ելած
ուրացուած իրենց իսկ տունէն
հում եւ արնաշաղախ խռովքներով
ամրաբազուկ արձակեցին սլաքները կայծակէ
ոգեկան որքան ոլորտներէ ետք աղօտած քաղցրութիւններէն զրկեալ
կեանքի մուտքին իսկ ստեղծուած այս խաւարումին
իրենց արեան հետ յոյսը հոսեցուցին
Երանաբաղձ եւ լուսանցոյց այդ դէմքերը
մոմիացած աչքերով այդ դէմքերը ինկած
իրենց արեան շապիկներուն վրայ ուր կը կպէր յուսափշուր սիրտը ցեղին
կը տեսնէին կը տեսնէին կը տեսնէին
աշնան օր մը յանկարծ ծաղկող ծիրանին

Շապիկները արեան սահմանացիր բեկրապատար
բարձի նման կակուղ եւ ճամբուն պէս կարծր
Պէտք չունիս բերելու ամոքում աշխարհի սարսափին
երբ մեր սարսափը վերածուած է հեգնանքի
տրտմութիւնը՝ զայրոյթի աղէտը՝ կշիռքի եւ ցաւը՝ ձայնի
կամուրջներ չկան
մի խուսափիր իրաւին եւ տխուրին հետ ապրելէ
աշխարհի երեսին շպրտէ իր քարոզած մարդկայնութեան շեղջակոյտերը
երբ չի թողուր որ մեր պողպատէ ձեռքերը
մեր մանուկ ուրախութիւնները շոյեն
ծնրադրէ արեան երկրատարած շապիկներուն քով
եւ սորվեցո՛ւր Աստուծոյ
որ այսպէս է
երբ Սէրը կեանքէն աւելի մեծ կ’ըլլայ

Ոտքի ելիր
մենք շիփշիտակ պիտի նայինք ողբերգութեան աչքին
անահ ահաբեկման լոյսը հեղելով մեր հոգիին փակ դժոխքէն
Արտաւազդի քով բանտարկուած ձիերը թառանչ կը քաշեն
մեր յուսաբեկման աղջամուղջը փարատի պիտի
կամարներէն եւ աստիճաններէն ոչինչ կը յայտնուի
Դերդ է որ պիտի պաշտպանէ քեզ պաշտպանէ՛ դերդ

Զգացական ջրհեղեղներէ դուրս թեւարձակ
Ներքայլումդ դէպի հոգիիդ հեղանուտը
ուր թաղած էինք ամէն բան որ կատարեալ էր
այսինքն սեւը ուրկէ կրակը անցած էր
անձուկ զարհուրագին կպչուն
Սփիւռք օրհնառաք եւ անիծապարտ
Լոյսի նման ծննդազօր
ստուերի պէս սերմնապահ
Լոյսի նման միահեծան
ստուերի պէս ինքնակոչ
Ստուերի պէս բաժանելի
լոյսի նման ինքնասլաց
Լոյսի նման ընթեռնելի
եւ ստուերի պէս անտիպ
Լոյսի նման բազմատարած
ստուերի պէս ինքնամփոփ
Լոյսի նման հաւատացեալ
ստուերի պէս դիւրախաբ
Լոյսի նման ինքնուղի
ստուերի պէս հնազանդ
Լոյսի նման ինքնաբաւ
ստուերի պէս մակաբոյծ
Լոյսի նման բազմիմաստ
ստուերի պէս երկդիմի
Լոյսի նման յաւերժական
ստուերի պէս կարճատեւ
Լոյսի նման ստուերահաճ
Ստուերի պէս լուսաբաղձ

Մեր երակներուն մէջէն դեռ հողի որքա՛ն հոսանքներ պիտի անցնին
                                                                                     որ հասնի Հողը

Շողաթոյր երկինքին տակ անշնչացած շապիկներ
մեր հոգիին թանգարաններուն մէջ դնենք
դատարաններու մէջ մի շարուիք մտիկ ընելու բռնանուագները
դնենք անոնց սուրբ մատնահետքերը
իրենց տրուած դատավճիռներուն վրայ
որպէսզի մորթերու եւ ոսկիներու քովնտի սակարանէն
պահ մը դուրս գայ արդարութիւնը եւ շնչահեղձէ բուն ոճրարարները
մատնահետքեր ՝ ուր սառած է արիւնը եւ զօրութիւնը կ’ապրի
քսենք զանոնք մարդկայնութեան
կորաքամակ կերպարին եւ փորուած հանուած աչքերուն
Պահպանել այդ սուրբ մատնահետքերը
որոնք թիթեռնիկներ չբռնած՝ խրեցան Անապատին մէջ
անոր մահաբեր ախորժին մէջ
արշալոյսի միջանցքները փնտռելով
որպէսզի արեւին խիղճը չխաւարի դարձեալ
Ազգի մը հացն է արդարութիւնը եւ ամբողջ ազգս անօթի է
դեռ քանի՛ դիակ պիտի գլտորի ապագային մէջ
Հզօրագոյն սերմերն են որ անձնասպան կ’ըլլան
ճարճատիւն տարածութեան վրայ՝ անշարժ օրօրոցներ
չկառուցուած սեմեր չմրոտած կաթսաներ կապարակոծ քերթեր
ծնողներու հառաչանքներ առանց ձայնաւորի
ցաւը համր ու ներաբնակ ինչպէս կեանքը հողին
ինչպէս զաւակի վերադարձի յուսափշրումը
մեր անցեալի եւ ներկայի աղաղակները
հոգիիդ մէջ դիր եւ դուրս մի հաներ աղաղակները ձայնապնակ չեն

Այնպէս ընենք որ մեր զաւակները հաւատան մեզի
էջ էջ բանանք Անապատի խորհրդատետրը
եւ ցոյց տանք լոյսը անհերքելի անհատնելի
որուն սրսփումէն իրենց սիրտը ճեղքուի՛լ գիտնայ
ծիրանին եմ ես
աչքերուդ գոյնը
Ամրահատիկը նուռի
ափիդ ջլապինդ
մհերի սուրն եմ
տանդ մուտքին կախուած
Արծիւը կրկնատենդ
կնքանիշ ճամբուդ
Եւ ողկոյզն եմ սեւ
բայց հրացոլուն համը արեւի
Արեան շապիկն եմ
դեռ մուրազիս չհասած
Վըրէս խորունկ քուն եկաւ շողեր ջան
Եւ տըլէ Եամա՜ն
ես երգն եմ Երկրին
պահէ գուրգուրա՛ մինչեւ որ տանիս զիս հետդ Երկիր
Եւ այս է այս է միակ գոյութիւնդ ամենակեցոյց
հեղեալ հոգիիդ այսօր եւ վաղը
առաւօտ լոյսի
արդար արեգակ
ամբողջ աշխարհին եւ տանս վրայ իբրեւ լոյս ծագեա՛

        (Թիւ 11, 1984)

(ԿԲ. Տարի, 2023)

յաջորդ
«ՏՈՒՆ»