Տագնա՞պ։ Այո՛։
Սա տասնամեակը՝ որ անցաւ, չունի իր նախընթացը։ Մտաւոր ճիգի պակա՞ս, թէ զգացումներու շփոթ,- ի՞նչ կ՚ուզէք ըսէք, պիտի չկրնաք բուն բառը գտնել։
Տագնապը, որուն մասին կ՚ուզենք խօսիլ, գրականութեան մէկ ճիւղին կը պատկանի առաւելաբար,- հիմնականներէն մէկուն.- Վէպին։
Վրանաքաղաքները պատմութեան անցած են։ Սերունդ մը փոխուած է, Մնացորդացը դարձած անցեալ, ու, տակաւին, հայ գրողը (չենք համարձակիր ըսել՝ հայ վիպասանը) իր ազգային ու մարդկային զգացումներուն շրջանակը չէ ընդլայնած։ Պատմուածքէն անդին չէ կրցած անցնիլ, ու ինչ որ տուած է իբրեւ վէպ՝ վիպային յուշագրութիւն է կարծես միայն։
Սխալ ըմբռնուած ազգայնամոլութիւն մը տակաւին վէճի կը տանի մեզ, տոկմաթիք խնդիրներու շուրջ, որոնք ուրիշներու համար լուծուած կը թուին ըլլալ։
Չենք ժխտեր իրաւունքը հայ գրողին, մեր կեանքը
փոթորկող հարցերուն մէջ ապրելու. ընդհակառակն։
Բայց կ՚ակնկալենք, որ այդ հարցերուն ոլորապտոյտներէն
դուրս, վե՛ր, փորձէ գտնել մարդկային գիծը որ,
իր տաղանդին նպաստով, պիտի կրնայ
ճապաղութենէ փրկել մեր վէպը։
Ձեւով ազգայինի ու խորքով միջազգայինի տարազը, որ այնքա՜ն մելան հոսեցուց յիսունական թուականներուն, հիմա թէեւ չի զբաղեցներ մեզ, բայց տակաւին ներկայ է իւրաքանչիւր գրողի մտքին մէջ։
Չենք ժխտեր իրաւունքը հայ գրողին, մեր կեանքը փոթորկող հարցերուն մէջ ապրելու. ընդհակառակն։ Բայց կ՚ակնկալենք, որ այդ հարցերուն ոլորապտոյտներէն դուրս, վե՛ր, փորձէ գտնել մարդկային գիծը որ, իր տաղանդին նպաստով, պիտի կրնայ ճապաղութենէ փրկել մեր վէպը։
Այս պարագային, էականը վիպայինը չէ, այլ կեա՛նքը։ Կեանքը մարդուն, որ ազգային ու ընկերային բոլոր տարազներէն դուրս, նախ մարդ է, յետոյ ըլլալու համար… ի՛նչ որ կ՚ուզէք։
Ամբողջ սերունդ մը, 30-40, խանդավառուեցաւ Շուշանեանով։ Յափշտակութեամբ ապրեցաւ անոր վճիտ լեզուին եւ շքեղ պատկերներուն կախարդանքը։ Բարձի գիրք դարձան իր գործերը, ու այսօր ալ, նոյն հետաքրքրութեամբ կը կարդացուին։ Բայց, փորձենք գտնել վէպը, նոյնի՛սկ «Օրերը գեղեցիկ չեն»ի մէջ, պիտի չգտնէք։ Որովհետեւ, Շուշանեանին կը պակսէր հիմնականը՝ թեքնիքը, որ ամուր եւ տոկուն կառոյց մը պիտի տար իր գործին։ Սկսած ու վերջացնելը չգիտցող գրողի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ ան, հեղեղ մը զգացումներու, որ ջրանցքներու կը կարօտի, մեր գրական անդաստանը ջրելու համար։
Դէմը՝ Շահնուր։ Չունի Շուշանեանի լեզուն եւ ուժգնութիւնը։ Բայց փոխարէնը՝ ունի թեքնիքը։ Իր գործը, անդիմադրելի մղումով մը, կը դիմէ վախճանին։ Ապրումի ափոթէոզ մըն է «Նահանջը առանց երգի»ի վերջին էջը։ Իր «Հայր մեր»ը մոռցած փիեսով։
Վէպը կը պահանջէ մեթոտիկ աշխատանք եւ յստակ աշխարհահայեացք։ Վիպասանը պիտի ունենայ զօրաւոր երեւակայութիւն եւ կառուցանելու ձիրք, – երկու յատկութիւններ, որոնք տարապայմանօրէն պակսեցան մեր ժամանակակից վիպագրութեան։
Վիպասանը այն է, որ կը հետեւի ժամանակի ոգիին։ Կը քալէ քաղաքակրթութեան հետ. ետ չի մնար պայքարի ճամբաներուն վրայ, մտածումներու եւ զգացումներու յորձանքին մէջէն, կը բռնէ կեանքին տիրական գիծը, ներքին ինքնատիպ կշռոյթով մը, որ իր ոճն է։ Ան ոեւէ մէկէն աւելի հաղորդ է իր ժամանակի ընկերային, քաղաքական, փիլիսոփայական գաղափարներուն, ընկալչութեամբ մը, որ պիտի արդիւնաւորուի իր մասնագիտական զարգացումին արդիւնք եղող վէպին ընդհանուր յաջողութեան մէջ։
Ոչ ոք իրաւունք ունի խորթ աչքով նայելու այն մտորումներուն, որոնց խռովքը կ՚ապրի արդի վէպը, գլխաւորաբար Ֆրանսայի մէջ։ Վէպին դասական ըմբռնումէն դուրս, զարտուղի ճամբաներու վրայ նետուած քայլերը կենսունակութեան նշան մը ըլլալով, գրական քննադատին կը մնայ հաւնիլ կամ չհաւնիլ, բայց երբեք՝ ժխտել։
Վիպասանը այն է, որ կը հետեւի ժամանակի ոգիին։
Կը քալէ քաղաքակրթութեան հետ. ետ չի մնար
պայքարի ճամբաներուն վրայ, մտածումներու եւ
զգացումներու յորձանքին մէջէն, կը բռնէ կեանքին
տիրական գիծը, ներքին ինքնատիպ կշռոյթով մը,
որ իր ոճն է։
Արդի մարդուն ապրած տագնապներուն հանդէպ, ժամանակի մը մէջ, ուր արժէքներու ընդհանուր վերիվայրում մը նկատելի է երկրէ երկիր՝ արդիւնք գիտական հսկայաքայլ յառաջդիմութիւններու, վիպասանը, որ կեանքին գերզգայուն ապրողն է, չի կրնար անտարբեր մնալ։
Արագութեան դարն է այս դարը, ու գրական ըմբռնումներն ու ճաշակները տասնամեակներով չեն փոխուիր, այլ տարիներով։ Ինչ որ նոր էր երէկ, հին է այսօր։ Ինչ որ նոր է այսօր, վաղը պիտի ըլլայ հին։ Գամիւ, Մալրօ, Սարթր՝ երէկ յառաջապահն էին ֆրանսական վէպին, այսօր արդէն դասական կը նկատուին։ Ու այսպէս՝ շարունակ, այնքան ատեն որ խելացնոր արշաւի մը մէջ է մարդկութիւնը, գիտութեան հետզհետէ բացուող խորհուրդներուն մէջ, ինքզինք գտնելու եւ իր ճակատագիրը ճշդելու ճիգով։
Այս կացութեան մէջ, ի՞նչ կրնայ ըլլալ կեցուածքը հայ գրողին, որ կ՚ուզէ մշակել գրականութեան վիպային ճիւղը։
Հին սերունդը տուած է իր տալիքը, ու ականջները խցած նոր ձայներուն՝ ինքնագոհ երանութեամբ մը։
Միջին սերունդը, այն՝ որ երեսունական թուականներէն ետք սկսաւ գրել, փորձած է՝ ու ձախողած, գեղեցիկ բացառութիւններով։
Կը մնայ նորը, որ տակաւին տրամադրելի է, անդառնալիօրէն չէ մտած ճամբու մը մէջ, ուրկէ ետ դարձը՝ կը պահանջէ կամքի ու տաղանդի հազուագիւտ նպաստ մը։
Պիտի գա՞ն այդ նորերը։ Անուններ չունինք տակաւին, ոչ ալ պիտի ուզենք փնտռել։ Պիտի յայտնուին անոնք՝ անակնկալօրէն, երբեք չսպասուած պահու մը, ինչպէս եղած են բոլոր մեծ գրագէտները, առաջին իսկ թափով։ Պիտի տան նոր շունչով, նոր հորիզոններով, անհրաժեշտ դարձակէտի մը նախաքայլերը առնելու համար։ Դարձակէտ՝ որ կը բխի կեանքէն, արդի կեանքէն, անոր անտեղիտալի պահանջներէն։
Պիտի գա՞ն այդ նորերը։ […] Պիտի յայտնուին անոնք՝
անակնկալօրէն, երբեք չսպասուած պահու մը,
ինչպէս եղած են բոլոր մեծ գրագէտները,
առաջին իսկ թափով։
Ու եթէ օր մը հանդիպինք այդ նորերուն, պիտի ըլլայ անսահման մեր խանդավառութիւնը՝ հայ ստեղծագործ հանճարի այդ ծլարձակումներուն առջեւ։
Առանց ուրանալու հինը, հինին պատուանդանը, մեր զգայարանքները տրամադիր են ընկալելու նորին թարմութիւնը, անկեղծ խօսքը, անկրկնելի գեղեցկութիւնը։
Եթէ անոնք բանան իրենց սեփական զգայարանքները, իրենց հոգին՝ միջազգային գրականութիւնը յուզող նոր ապրումներուն, եթէ անոնք մեր կեանքին կաղապարով ընդգրկեն համամարդկայինը, որ ազգայինէն վեր, մարդուն յատկանիշն է, յոյսով կրնանք նայիլ ապագային ու «ներկայ» պատասխանել նոր ժամանակներու ոգիին։