Բաբգէն Փափազեան

ՆՈՐ ՃԱՄԲԱՆԵՐՈՒ ՓՆՏՌՏՈՒՔԸ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Նախամարդէն մինչեւ այսօրուան մարդը՝ հոլովոյթով, փոփոխում, յեղաշրջումներ, յեղափոխութիւններ, պահպանում ձեռք բերուածի, պահպանողականութիւն, դասականի փնտռտուք, դասականի արհամարհանք, նորի ծարաւ, փնտռտուք նոր ճամբաներու՝ արդիւնք են մարդկային մտքի առջեւ շարունակ բարձրացող ու միշտ նոր հարցումներուն, մարդկային հոգիին արձանագրած նորանոր թռիչքներուն ու ներսուզումներուն։
    Փնտռտուքը երբ տեղի կ՚ունենայ որպէս արուեստական ճիգ, արդիւնք ինքնատիպ երեւալու մարմաջի, ամլութեան սերմը իր հետ կը բերէ։ Երբ իրօք չգոհացած ներաշխարհի մը արդիւնքն է, երբ արտայայտութեան միջոցները անբաւարար կը թուին արուեստագէտին, իր միտքն ու ապրումները արտայայտելու համար, այն ժամանակ է որ նորի փնտռտուքը կը տանի իրական նորութեան, արժէքին։
    Արուեստագէտը, ծնունդ իր դարուն, ժամանակին՝ ժամանակներու ըմբռնումներու փոփոխութեանց հետ կը քալէ, կ՚ըլլայ արտայայտիչը անոնց, առաջինը նորը տեսնողներուն մէջ, նորի պահանջը բիւրեղացնողներուն մէջ։
    Գրեթէ ամէն քառորդ դար, արուեստագէտներու նոր սերունդ մը կու գայ ըմբոստանալու գոյութիւն ունեցող արտայայտութեան ձեւերուն դէմ, գործածուած նիւթերուն դէմ, եւ կը յաւակնի ամբողջովին նոր ճշմարտութիւններ բերել աշխարհին, ամբողջովին անկոխ, նո՛ր ճամբաներով։ Բերուած ճշմարտութիւնները երբեք չեն ըլլար ամբողջովին նոր, ոչ ալ արտայայտութեան միջոցներն ու գործածուած նիւթերը։ Սակայն կը պարունակեն իրենց մէջ բաւարար նորութիւն, առնուազն արտայայտութեան ձեւերուն մէջ, գոհացնելու համար ծարաւը, փնտռտուքը աւելի հարազատ արտայայտութիւններու։ Մաս մը, բերուած նորութիւններէն, կը տանի ժամանակի քամին, ծանրը կը մնայ, որպէս դարաշրջանի մը արտայայտութիւնը, սերունդի մը ճշմարտութիւնը։
    Թատերական գրականութիւնը ամենէն աւելի ենթակայ է նման փնտռտուքներու, քանի որ գրքէն դուրս գալով, արտայայտուածը կը դառնայ հանրամատչելի (կամ հակառակը) բեմի չորս պատերուն մէջ, լուսարձակներուն տակ, եւ հանրութեան նիւթական ու բարոյական գնահատանքին անզեղչելի կարիքը ունի, կարենալ գոյատեւելու ու զարգանալու համար։ Իսկ հանրութիւնը յարատեւ փոփոխութեանց այն կաթսան է, որուն մէջ կ՚ապրի թատերագիրը, որուն մաս կը կազմէ, որուն ներքին պահանջները գտնելու, պարզելու, բեմ հանելու պարտականութիւնը ունի նոյն ատեն, քանի որ ինք մէկ մասնիկն է այդ իրականութեան։ 
    Վերջին հարիւրամեակը կը յատկանշուի արագութեամբը ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական փոփոխութիւններուն, որոնց ենթարկուեցաւ մարդկութիւնը։ 
    Տեղի ունեցող յեղաշրջումներուն հետեւանքով առաջացած հոգեկան ու մտային հաւասարակշռուած գոյավիճակի խախտումը, չլուծուած հարցումներու շղթայ մը, երբեմն խառնարան մը հանեցին գրագէտին, ընթերցողին, հանդիսատեսին դիմաց։
    Երկու համաշխարհային պատերազմները խորտակեցին դարերէ ի վեր կանգուն մնացած հաւատքի, բարոյականի, գաղափարականի, յուշարձան դարձած տաճարները։ Անոնց տեղ կառուցուած նիւթական աշտարակները, երկնաքեր շէնքերը, այդքան ալ չդիմացան։
    Նիւթը, շօշափելին, նիւթական առաւելութիւնները չկրցան գոհացնել մարդկութեան ծարաւը։ Նիւթականի բարելաւման անունով մղուեցան ընկերային պայքարներ, առաջացան յեղափոխութիւններ, սակայն մինչեւ անգամ երբ տնտեսական պայմանները բարելաւուեցան (Եւրոպա, Ամերիկա), ներքին տառապանքը չմեղմացաւ, փնտռտուքը չդադրեցաւ։
    Ֆրէօյտ ազատագրեց սեռը։ Սեռը գերեվարեց նոր սերունդները։ Ազատագրուած հաճոյքը, չտուաւ զսպուած հաճոյքին բաւարարութիւնը. ծարաւը դարձաւ պապակ. նոր սերունդներուն փնտռտուքը կը նմանի այլեւս անապատի մէկ կորսուածին ջուրի ակի մը կրքոտ փնտռտուքին։
    Ամէն ինչ որ հին էր, դարերէն կու գար, խորտակուեցաւ։ Տեղը դրուած ամէն նոր սահմանում, տեսութիւն, փիլիսոփայութիւն, տասնամեակ մը հազիւ դիմացաւ։ Քսաներորդ դարը յատկանշուեցաւ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՄԲ, անապահովութեան զգացումով, չյագեցող պապակով, մշտական փնտռտուքով։
    Տասնամեակները չեն բաւեր առաջացնելու համար բաւարար չափով հաստատուն եւ բաւարար թուող մարդոց կողմէ ընդունելի նոր փիլիսոփայութիւն մը, նոր բարոյական մը, վարուելակերպի նոր չափանիշներ։ Որով, իրարու յաջորդող տասնամեակները, պատմութեան կ՚անցնին որպէս խռովայոյզ տասնամեակներ, փնտռտուքի, վերայարմարեցման, հաւասարակշռութեան մը վերահաստատման տասնամեակներ։    
    Արդի երիտասարդութիւնը, մտաւորականութիւնը, արուեստագէտներն ու գրագէտները մանաւանդ, սուր կերպով կը զգան այդ եռացող վիճակը, կ՚արձագանգեն անոր, կը փնտռեն ճամբան, միջոցը, ձեւը, որ պիտի գոհացնէ մարդկութեան մեծ մասը։
    Այդ փնտռտուքը իր արձագանգը ունի նաեւ թատերական գրականութեան մէջ: Ոչ մէկ երկիր այնքան սիրահար չէ արուեստի ու գրականութեան նորանոր շարժումներու, որքան Ֆրանսան։ Կը բաւէ յիշատակումը միայն իրերայաջորդ գրական դպրոցներուն՝ դասականութիւն, վիպապաշտութիւն, Պառնասեաններ, իրապաշտներ, բնապաշտներ, խորհրդապաշտներ, տպաւորապաշտներ, քիւպիսթներ, իւնանիմիսթներ, գերիրապաշտներ, գոյապաշտներ, անդրադառնալու համար գրական յաջորդական դպրոցներու յաւիտենական ոլորապտոյտին, եւ անոնց դասական հայրենիքին Ֆրանսան ըլլալուն։
    Ֆրանսայէն կու գայ նաեւ թատերական գրականութեան մէկ նոր ճամբաներու պահանջը, ու դեռ անձեւ խառնարանէն դուրս կը բերուին որոշ գիծեր, որոշ ուղղութիւն՝  որուն կարծես թէ պիտի հետեւին եւրոպական (եւ նաեւ ամերիկեան) թատերական գրականութիւնը։ 
    Ֆրանսացի արդի թատերագիրները կը հաստատեն նախ հետեւեալ իրողութիւնները։ Յիսուն տարի առաջ էր որ դեռ կը հաւատային «արուեստը արուեստի համար» ասացուածքին, եւ «արուեստը արուեստագէտին համար» սահմանումին. այսօր, արուեստագէտը այլեւս անփոխարինելի չէ, աշխարհը այնքան հարուստ է բազմազան եւ այլազան գործունէութիւններով, որ մարդկութեան արուեստի ծարաւը կը յագենայ ա՛յլ, յաճախ ոչ արուեստի գործերով (սինեմա, լուսանկարչական ցուցահանդէսներ, երաժշտական սկաւառակներ, հեռատեսիլ, ռատիօ եւայլն)։ 
    Եթէ այսօր թատրոնները գոցուին, հաւանաբար ցաւող չգտնուի, կամ քիչեր միայն։
    Յաջողութեան ապահովութիւնը ունեցող, լաւ կառուցուած թատերակ գոյութիւն չունի այլեւս։ Երէկուան տիպար թատերակները թատերասրահները չեն լեցներ այլեւս, վաղուան համար գրուած թատերակը՝ նոյնպէս։ 
    Կ՚անցնինք անկայունութեան շրջան մը, եւ երկու հաստատուն շրջաններ իրար միացնելու համար (երէկը եւ վաղը) արուեստագէտը պէտք է քալէ այսօր անդունդներոլ վրայ, պրկուած պարանի մը վկայէն։
    Անցնող տասնամեակներու ընթացքին հոյակապ պատրանաթափութիւն մը առաջացած է. այսօր կասկածելի կը թուին, հանրութեան եւ մտաւորականութեան նոյնիսկ, աշխարհի բոլոր «իզմ»երը, եւ խաբկանքներով լի շաղակրատութիւնը։
    Ամէն ինչ որոշ ու յստակ էր երէկ, եւ անձնաւորութիւն մը ունէր անուն մը եւ այդ անունին կապուած որոշ յատկութիւններ: Որով բառերու գործածութիւնը իմաստ մը ունէր, կը ծառայէր բացատրելու զգայնութիւն մը, մտածում մը, պատրանք մը նոյնիսկ։ Այսօր, կը նշմարուի արդէն, թէ բառերը չեն արտայայտեր լրիւ իրականութիւնը։ Այսօր կ՚անդրադառնանք արդէն, թէ աթոռ մը աթոռ չէ, դիմագիծ մը դիմագիծ մը չէ, թէ ՆԻՒԹԸ ԿԸ ԲԱՂԱԴՐՈՒԻ ԵՒ ԿԸ ՏԱՐԲԱՂԱԴՐՈՒԻ ԱՄԷՆ ՐՈՊԷ, ԱՆԴԱԴԱՐ, որով ՎԵՐԱՑԱԿԱՆԸ ԿՐՆԱՅ ԱՒԵԼԻ ՄՕՏ ԸԼԼԱԼ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, քան անմիջական նկարումը տեսնուածին։
    Մինչեւ անգամ խառնուածքներն ու տիպարները հարցական կը դառնան այսօր. ի՞նչ ենք մենք, ո՞վ ենք մենք, ի՞նչ կը ներկայացնէ անհատը, ինչպէ՞ս սահմանել զայն. չէ՞ որ մենք նոյն ատեն ձայն ենք, մտածում ենք, բառեր ենք, լռութիւններ՝ արձագանգներ, յիշողութիւններ, յիշատակներ, ներաշխարհի ցարդ չնշմարուած մղումներ, ժառանգաբար ստացած աննշմարելի ու անչափելի կարելիութիւններ…
    Եւ դեռ կայ այն իրողութիւնը, որ մենք ամէն րոպէ փոփոխման մէջ ենք, երբեք նոյնը չենք, խորքին մէջ, ընդհանուր ձեւով միայն նոյնը մնալով հանդերձ։

Հեռատեսիլն ու սինեման յղփացուցած ըլլալով հանդիսատեսները,
կեանքի առօրեայ դէպքերէն բխող տրամներով կամ կատակերգութեամբ,
թատրոնին պարտականութիւնը դարձած է հանրութեան դիմաց
ցուցահանել այն խոր իրականութիւնները, որոնք առօրեայ կեանքին մէջ,
սովորական գործունէութեան մը ընթացքին երեւան չեն գար, ըլլալով
հանդերձ բուն մղիչ պատճառները մեր շարժումներուն,
ապրումներուն, մտածումներուն։

    Բոլոր ճշմարտութիւնները յարաբերական են այլեւս, ինչո՞ւ շարունակել հաստատունի ու մնայունի մտասեւեռումով ապրիլ։
    Այս բոլոր հաստատումները կատարելէ, հարցականները դնելէ ետք, նոր ճամբաներու համար խարխափումներ տեղի կ՚ունենան, կարենալ գտնելու համար ներկայ ըմբռնողութեան ամենահարազատ արտայայտութեան ձեւը, միջոցը, թատրոնի բեմերուն վրայ։ 
    Առաջին հաստատումը որ կը կատարուի արդի թատերագիրներուն կողմէ, թատրոնի կոչումին կը վերաբերի։ Հեռատեսիլն ու սինեման յղփացուցած ըլլալով հանդիսատեսները, կեանքի առօրեայ դէպքերէն բխող տրամներով կամ կատակերգութեամբ, թատրոնին պարտականութիւնը դարձած է հանրութեան դիմաց ցուցահանել այն խոր իրականութիւնները, որոնք առօրեայ կեանքին մէջ, սովորական գործունէութեան մը ընթացքին երեւան չեն գար, ըլլալով հանդերձ բուն մղիչ պատճառները մեր շարժումներուն, ապրումներուն, մտածումներուն։
    Թատրոնը ուրեմն, ըստ նոր ըմբռնումներուն, պէտք է դառնայ մտաւոր որոշ պատրաստութեան տէր հասարակութեան մը արուեստի վայելքին տունը, ճշմարտութեանց փնտռտուքի վայրը (յարաբերական միշտ)։ Հարցը ենթագիտակցականի փնտռտուքի մասին չէ, այդ ուղղութեամբ գրուած բազմաթիւ թատերակներ կան արդէն, եւ անոնք ալ սկսած են անբաւարար համարուիլ։ Ենթագիտակցականի փնտռտուքը դարձեալ որոշ քարացում կը պարունակէ իր մէջ. որոշ անշարժութիւն, մինչ մարդը յարափոփոխ վիճակ մը կ՚ապրի։ Աւելի խորը պահուածին փնտռտուքն Է, որ պէտք է նիւթ ըլլայ արդի թատերական գրականութեան։ 
    Երկրորդ պահանջը՝ բառերէն ձերբազատուելու պահանջն է. բառերը, կ՚ըսեն նորերը, այլեւս ոչինչ կը փոխանցեն, իմաստազրկուած են մեծ մասով, անբաւարար յաճախ (քանի որ բառերը, գոյութիւն ունեցող բառերը՝ ծնունդն են հին դարերուն, երբ ներաշխարհի գիտութիւնը, գոյութեան անդրադարձումը անգամ, այսքան առաջացած չէր, ուր մնաց ներաշխարհէն անդին գտնուող, աւելի խոր ենթաշխարհը մարդուն)։

Պէտք չէ սարսափիլ յանպատրաստից արտայայտութիւններէ,
հեղինակը դէպի հոս պէտք է առաջնորդէ դերասանները։
Բեմին վրայ չորս հոգիի ներկայութիւնը ինքնին տրամ մըն է,
տրամ մը կ՚առաջացնէ ու աւելի մօտ է առօրեայի
յարափոփոխ իրականութեան…

    Մէկդի պէտք է թողուլ, կ՚ըսեն, նաեւ էնթրիկը, անձնաւորութիւնները, ոճը, եւ մանաւանդ ԿԱՊԱԿԻՑ ԿԱՌՈՅՑԸ։ 
    Պէտք չէ սարսափիլ յանպատրաստից արտայայտութիւններէ, հեղինակը դէպի հոս պէտք է առաջնորդէ դերասանները։ Բեմին վրայ չորս հոգիի ներկայութիւնը ինքնին տրամ մըն է, տրամ մը կ՚առաջացնէ ու աւելի մօտ է առօրեայի յարափոփոխ իրականութեան, երբ կաշկանդուած չըլլայ ՏՐԱՄԱԲԱՆԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑԻ, ԿԱՊԱԿԻՑ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՆ պահանջներուն հետեւանքով, բառերուն կաղապարումովը, այլ պահուի տեսակ մը հոսուն, յարափոփոխ վիճակի մէջ։ «Շարժումին եւ անկանոնութեան մէջ է, որ նոր կարգ ու կանոնը կարելի պիտի ըլլայ գտնել» (Փեթեր Պրուք)։ «Թատրոնները լեցուն պահելու համար, արդի հասարակութեան պահանջները գոհացնելու համար, պէտք է բեմին վրայ ներկայացուի կեանքէն աւելի ուժեղ բան մը, ատիկա պիտի տայ ցանկութիւնը կրկին գալու թատրոն։ Սակայն եթէ տանք վերանցական (թրանսանտան) բան մը, փորձ մը, պիտի առաջացնենք պահանջը՝ վերադառնալու թատրոնին։ Պէտք է մոլութեան վերածուի թատրոնը, հանդիսատեսին համար» (Փ. Պրուք)։ 
    Այս բոլորը դեռ փնտռտուք է, եւ՝ եւրոպական մտաւորականութեան համար։ Մեր կեանքը չէ անցած եւրոպական կեանքի փուլերէն, եւ անբնական պիտի ըլլար մեզի համար (գէթ մեծամասնութեանը համար, մտքի հարցերով զբաղողներուն) յայտարարել թէ վերը յիշուած մօտեցումը մեր սպասածն ալ է, մեր փնտռածն ալ է։ Սակայն անհրաժեշտ է կատարել ճիգ մը, ըմբռնելու համար ինչուներն ու ինչպէսները, եւրոպական գրականութեան փնտռտուքներուն, քանի որ կրնայ վաղուան թատերագրութիւնը ըլլալ այն՝ որ այսօր դեռ սաղմնային վիճակի մը մէջ է։ 

(Թիւ 9, 1962)