Ծրագրին մասին
«Արմինէ, քոյրս»ի նիւթը կը յղուի Ի. դարու սկիզբը Անատոլուի մէջ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ անոր ծրագրուած ոչնչացումին։ Ան «Եւրոպայի լռութեան» խնդիրը կը յարուցանէ միաժամանակ անդրադառնալով վկայ ըլլալու եւ վկայութիւն մը ժառանգելու գործողութիւններուն։
Ծրագիրը իրագործուած է արուեստի եւ պրպտումի աշխատանքներու ընդմէջէն, ընդ որում հայկական պատմութեան եւ երաժշտական աւանդութեան ուսումնասիրութիւններու եւ աշխատանքային նիստերու ընթացքին, Վարշավայի Վրոքլաու հիմնարկէն ներս։ 2010-2012 թուականներուն խումբս ճամբորդութիւններ կատարած էր դէպի Իսթանպուլ, Անատոլուի զանազան քաղաքները, Երեւան, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմ, ուր հանդիպումներ ունեցած էինք երգչախումբերու անդամներու, ղեկավարներու ու երաժիշտներու հետ, որոնցմէ ոմանք աւելի ուշ պիտի հրաւիրուէին դեր ստանձնելու բեմադրութեան մէջ։ Անոնցմէ է Իսթանպուլ ծնած եւ Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր Եկեղեցւոյ դպրապետ Արամ Քերովբեանը, որ դարձաւ երաժշտական պրպտումի մեր գլխաւոր աշխատակիցը։ Ծրագիրը կը կեդրոնանայ, Սփիւռքի մէջ, հայկական մենաձայն (monodic) երաժշտութեան իւրայատուկ աւանդութեան երեւոյթին եւ անոր պահպանումին կամ փոխանցումի կորուստին վրայ, որ մեծ մասամբ գոյացած էր Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ետք որպէս հետեւանք Հայոց ցեղասպանութեան։

«Զառ» թատերախումբը՝ փոխանակ կեդրոնանալու 1915-ի դէպքերու ընթացքին կամ անոր յաջորդող դրժումին ու արծարծման արգիլումին վրայ, ուշադրութիւնը կը սեւեռէ եւրոպական անգիտութեան պատմութեան վրայ, որ կը սնի չկամութենէ եւ ինքնին կ՚առաջնորդէ այսօրուան Եւրոպայի մէջ տիրող կրաւորական կեցուածքին։ Միւս կողմէ անգիտութեան պատմութեան մաս կը կազմէ ամէն մէկ բռնութեան արարքի շուրջ լռութեան վարագոյր մը բարձրացնելու հասարակական պատմութիւնը։ Ի. դարու սկզբին Անատոլուի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը մեզ կը մղեն աւելի լայն շրջածիրով զրոյցի մը «վկայութենէն ետք վկայելու» կամ «վկային վկան» հանդիսանալու արարքին շուրջ, որոնք միշտ կը վերածուին ինքնութեան մասին դասերու։
«Արմինէ, քոյրս»ը բազմերես ունեցող ծրագիր մըն է։ Անոր մէջ կ՚իյնան թատերական բեմադրութեան մը պատրաստութիւնն ու ներկայացումը Լեհաստան եւ այլուր, տպագրական աշխատանքներ, ընդ որում լուսանկարչական ալպոմ մը, ինչպէս նաեւ զրոյցներու, ցուցահանդէսներու եւ նուագահանդէսներու կազմակերպում։ Անիկա առաջին դրսեւորումն է խումբիս ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ/ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ոլորտի ծիրէն ներս գործունէութեան նոր շարքին։ «Զառ»ը կ՚աշխատակցի Լոնտոնի Կոմիտաս հիմնարկին, Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան, ինչպէս նաեւ զանազան հայկական կազմակերպութիւններու հետ։

Բազմաձայն երգեցողութեան մէջ ձեռք ձգուած տասնամեայ փորձառութենէ մը ետք հիմնական փոփոխութիւնը «Զառ» թատրոնին համար եղաւ մենաձայն աւանդութիւններու հետ աշխատելու որոշումը։ Առ այդ, երգելու նոր այս կերպը կարենալ «մարմնաւորելու» համար պէտք ունեցանք երկու տարուան աշխատանքի՝ ձայնամարզութեան ու թեքնիք միջոցներու օգտագործման համար։ Այդ աշխատանքներէն գոյացած ձայնային նիւթերը վերամշակեցինք ու դաշնաւորեցինք ժամանակակից երաժշտական թատերախաղի մը պահանջներուն համաձայն։
Թատերախումբիս բանաստեղծական զգայնութեանց հանդէպ մօտիկութիւնը եւս խորացաւ «Արմինէ՝ քոյրս»ը ընդգրկող պատումին ուժգնութիւնը պեղելու ընթացքին։ Այս նոր ծրագրին համար խումբիս միացաւ միջազգային համաստեղութիւն մը հմուտ երգիչներու եւ երաժիշտներու հրաւիրուած՝ Իրանէն, Հայաստանէն, Անատոլուէն ու Իսթանպուլէն։ Գլխաւոր առանցքը հանդիսացաւ Հայց. եկեղեցւոյ ծիսական երաժշտութեան աւանդը, մեկնելով Իսթանպուլի մենաձայն աւանդութենէն անցնելով Եկմալեանի ու Կոմիտասի որոշ մեղեդիներու նօթագրութիւններուն, որոնց աւելցաւ պարսկական ու քրտական արեւելեան երգի աւանդութիւնը։ 2010-ի առաջին արշաւներու շարքէն ետք խումբս Վրոքլաուի մէջ հաստատեց մենաձայն երգի արուեստանոց մը, որ գործեց կանոնաւոր կերպով։ Արժէ յիշել որ առաջին անգամն է որ հայկական մենաձայն երգեցողութիւնը կը ներկայացուի գեղարուեստական բեմի վրայ։
«Արմինէ, քոյրս»ը ոչ միայն տեսանելի կը դարձնէ հայոց ոչնչացումը, այլ նաեւ մատնանիշ կ՚ընէ անոր կապուած լռութեան պատմութիւնը եւ ատոր պատասխանատուութիւնը։ Գործը անդրադարձ մըն է վկայութեան իմաստին շուրջ, թէ ինչ կը նշանակէ վկայ ըլլալ այսօր։ Չենք կրնար եւ չենք ուզեր խօսիլ հայոց համար կամ անունով։ Կը փափաքինք սակայն որ մեր ներկայացումը պատռէ լռութեան վարագոյրը։
Ներկայացման մասին
Սկիզբը թատրերգութեան նպատակը ոգեհարցական նիստ մը ներկայացնելն էր, ուր ոչ թէ հաւաքուածներս կը կանչենք մեռածները, այլ անոնց ոգիները մեզի կու գան ու կը պահանջեն հողին ընդերքէն երեւան հանել, տեսանելի դարձնել անցեալին մէջ մնացած հետք մը։ Խորագիրը՝ «Արմինէ, քոյրս», հասցէազուրկ նամակի մը առաջին երկու բառերն են, որ դատապարտուած է քշուելու ժամանակին ու տարածութեան մէջ։
Ի մտի ունենալով Ատորնոյի սահմանած յետ-Աուշվիցեան հեռանկարը ինչ կը վերաբերի բանաստեղծութեան, արուեստի եւ նոյնիսկ գիտութեան ապագային, կը փափաքինք տալ հետեւեալ հարցը՝ «Կա՞յ հնարաւորութիւն որ ԻԱ. դարը չդառնայ անգիտութեան դարը»։ Մեր նոր թատերախաղին մէջ հարցումը Եւրոպայի մասին է, համոզուած ըլլալով որ Եւրոպան հարցում մըն է՝ պատմութեան մասին, ինքնութեան, արժանապատուութեան։ «Արմինէ, քոյրս»ի հիմնական գաղափարներէն մէկը պատմական արգելքներու ու կեղծիքի հետ առնչուած հարցերը դիմագրաւելն է, վկայելու պահանջին հարկին տակ։

Ներկայացման վրայ աշխատելու ընթացքին յաճախ ի մտի ունէինք Փօլ Ցելանի Մահուան խուսափերգ բանաստեղծութիւնը, ուր զոհերուն ու ոճրագործներուն երազները նոյն վայրին մէջ տեղի կ՚ունենան։ Ներկայացում-նիստի յիշողութեան տարածքը, երազի տարածքին նման, բնակուած է հազարաւոր կեանքերով։ «Արմինէ, քոյրս»ը տեսանելի կը դարձնէ յիշողութիւն կրելու գործողութեան անտանելի վիշտը։ Անիկա նաեւ փորձ մըն է անուն եւ ինքնութիւն տալու անցեալ սերունդներու նկատմամբ մեր ճիգին եւ հասկնալու թէ ո՞վ ենք մենք, մենք որ կը կանգնինք միշտ յիշողութեան անդի կողմը, ինչպէս քամերայի մը ետեւը։ Պատմութիւնը կը սեւեռենք ծակի մը մէջէն՝ գաղտագողի, հոն գտնելով միայն հետք, շուք, մտածում։
Այս նոր «Արմինէ, քոյրս» ծրագրին համար որոշեցինք պրպտել Անատոլեան մեներգի աւանդութիւնները, հիմնուելով խումբին բազմաձայն երգեցողութեան տասնամեայ փորձառութեամբ ձեռք ձգուած ձայնային կարողականութեանց վրայ։ Ծրագիրը կ՚ընդգրկէ Փոքր Ասիոյ, Անատոլուի եւ Իրանի խայտաբղէտ երաժշտական աւանդութիւններէն սերած երաժիշտներ, որոնց ծանօթացած էինք մեր ճամբորդութիւններուն ընթացքին, ինչպէս քիւրտ երգիչ Տէնկպէժ Քաժօ, Պոլսոյ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրապետ Մուրատ Իչլինալչա, Թեհրան ծնած Մահսա եւ Մարժան Վահտաթ քոյրերը, Փարիզ ծնած երաժշտահան ու թմբկահար Վահան Քերովբեան։ Աշխատեցանք նաեւ Վիրժինիա Քերովբեանի եւ իսթանպուլցի թմբկահար ու երգիչ Սելտա Օչթիւրքի հետ։ Մեր գլխաւոր երաժշտական աշխատակիցը եղաւ Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր Եկեղեցւոյ դպրապետ չը։