Շաւարշ Նարդունիի կենդանագիրը կազմելու համար, առաջին տպաւորու­թեամբ, ունինք կարիքը ընթացիկէն հեռացող գոյներու, երանգներու: «Փա­րիզի տղոց» (գործածելով յ. Օշականի բնորոշումը) խումբին մէջ, ան միւսներէն կը զատորոշուի իր գործին անմիջական, շեշտօրէն ենթակայական նկարագրով, անմիջապէս աչքի զարնող այլազանութեամբ մը, որ ոչ-խորաթա­փանց Կարդալ աւելին
Անձաւներու պատերուն իր նկարած կամ փորագրած ժայռապատկերներու անյիշատակ ժամանակներէն իվեր, մարդը յար լծուած է իր ներքին եսը շօշափելի օրէն արտայայտելու անդադրում ճիգին։ Այդ ժայռապատկերները մեզի կը թելադրեն, թէ մարդուն ապրած բնաշխարհն ու զայն իր հետ բաժնեկցող անասունները զինք կը տպաւորէին ուժեղօրէն. միաժամանակ, եւ աւելի... Կարդալ աւելին
...Այս գիշեր, հաշուեյարդարի ենթարկեցինք մէկը, որ աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր, կը զբաղէր ուշադրութեան անարժան բաներով: Ատիկա ծնունդով կը պատկանէր մարդոց այն դասակարգին, որ անգութ հեգնութեամբ մը «մտաւորական» կը կոչեն: Ան գձուձ էր ու վատ: Կը սիրէր գէշ հաճոյքներն ու սատիկ ուրախութիւնները: Կուսակից էր ձրի արարքներու Կարդալ աւելին
Իր կեանքին հանդէպ վերաբերումներէն ու հակազդեցութիւններէն մեկնած, Շուշանեանի հերոսը այն նոյն պատանին կամ երիտասարդը կը թուի միշտ, որ արտաքին տարբեր կերպարներու եւ կացութիւններու մէջ, կու գայ ինքզինք փնտռելու եւ կամ… ինքն իրմէ խուսափելու:
    «Աոաջին սէրը» , «Մթին պատանութիւն» եւ «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը» Շուշանեանի գրականութեան մէջ ներկայացուցչական գործեր կրնան նկատուիլ այս իմաստով։ Կարդալ աւելին
Տագնա՞պ։ Այո՛։
    Սա տասնամեակը՝ որ անցաւ, չունի իր նախընթացը։ Մտաւոր ճիգի պակա՞ս, թէ զգացումներու շփոթ,- ի՞նչ կ՚ուզէք ըսէք, պիտի չկրնաք բուն բառը գտնել։
   Տագնապը, որուն մասին կ՚ուզենք խօսիլ, գրականութեան մէկ ճիւղին կը պատկանի առաւելաբար,- հիմնականներէն մէկուն.- Վէպին։     Վրանաքաղաքները պատմութեան անցած են։ Սերունդ մը փոխուած է, Մնացորդացը դարձած անցեալ, ու, տակաւին, հայ գրողը (չենք համարձակիր ըսել՝ հայ վիպասանը) Կարդալ աւելին