Je est un autre.[1]Իր ուսուցչին՝ ժորժ Իզամպարի ուղղուած 13 Մայիս 1871 թուակիր նամակէն։ Տե՛ս Claude Jeancolas. Les lettres manuscrites de Rimbaud: Commentaires, … Continue reading
Arthur Rimbaud
Անձաւներու պատերուն իր նկարած կամ փորագրած ժայռապատկերներու անյիշատակ ժամանակներէն իվեր, մարդը յար լծուած է իր ներքին եսը շօշափելի օրէն արտայայտելու անդադրում ճիգին։ Այդ ժայռապատկերները մեզի կը թելադրեն, թէ մարդուն ապրած բնաշխարհն ու զայն իր հետ բաժնեկցող անասունները զինք կը տպաւորէին ուժեղօրէն. միաժամանակ, եւ աւելի էականօրէն, այդ ներկայացուցչական վերարտադրութիւնները կը մատնեն մնայուն եւ անզսպելի ներկայութիւնը մարդուն մտային պաստառին, այն՝ որուն վրայ կընկալուին, կիւրացուին եւ կը մշակուին արտաքին աշխարհի առարկայական իրողութիւններն ու երեւոյթները։
Մարդու մտահայեցողական պաստառը ներքնաբար ապրուող կեանքի մը վառ արտայայտութիւնները կը կրէ։
Այդ կեանքը անտեսանելի, բացառաբար միայն մարդուն համար վաւերական էութիւն մըն է (մէկ ուրիշը չի կրնար անոր կենդանութիւնը վկայել), որ կը դեգերի բնազանցութեան սահմաններուն վրայ, եւ որ չի հպատակիր մարդկային բանականութեան ու կամքին։ Թաքուն, անհերքելի եւ անպարտկելի մղումներ ուժգնօրէն զիրար կը հրմշտկեն, իրենց թէկուզ ժամանակաւոր դիրքերը գրաւելու այդ պաստառին վրայ։ Այստեղէն ալ մարդուն մէջ կը ծնի իր ներքին եսը բանականութեան դրոյթներով փաստարկելու պահանջը։ Ինչպէ՞ս վստահութեամբ հաստատել, թէ այդ եսը կայ, կը գործէ, կ՚արտոլորուի։ ժէ. դարուն, Րընէ Տեգարթ կ՚առաջադրէր, որ եսին անուրանալի փաստը մտածող միտքն է՝ cogito ergo sum։[2]“Je pense donc je suis” տե՛ս Rene Descartes, Discours de la Methode: Discourse on the Method: A Bilingual Edition with an Interpretive Essay. Ed. George Hefferman. Notre Dame, … Continue readingԱնկախաբար իր գոյութենապաշտական եզրերէն, տեգարթեան յղացքը մարդուն կը ծառայէր իբր երաշխաւորական խարիսխ մը, որուն վրայ ան կրնար հաշտեցնել իր կառավարելի գիտակցութիւնն ու անհնազանդ ներքին եսը, զանոնք ձուլելու համար միակտուր անօթի մը մէջ, որ ի վերջոյ պիտի սահմանէր զինք։
Տեգարթէն ետք, արեւմտեան փիլիսոփայութեան դիտարկումները փաստեցին, որ մենական, կայուն եւ վախճանական ինքնութեան մը պատկերացումները խաբուսիկ են. որովհետեւ՝ կ՚առարկէին անոնք, մարդուն եւ իր բնակած աշխարհին միջեւ սահմանները լպրծուն են։ Մարդկային գիտակցութեան հոլովոյթները, սեռերու դերակատարութեան բարեշրջումները եւ ընկերութեան ուժային կառոյցներու յարափոփոխութիւնները, որոնք յաճախ զիրար կը խաչաձեւեն, շարունակաբար կ՚եղանակաւորեն անհատին ինքնութիւնը։ Րեմպօ կ՚ըսէր, C’est faux de dire:je pense[3]Նոյն նամակէնon devrait dire: on me pense։je pense: Եսը չի կրնար անկախաբար եւ լոկ ինքնիրմով սահմանուիլ, որովհետեւ մարդը շարունակ ենթակայ է իր ընկերային փոխ-ազդեցութիւններուն եւ կ՚ապրի իր յարաբերութիւններու պարունակին մէջ։ Այսպիսով, տեգարթեան cogito-ի միատարր ամբողջութիւնը իր տեղը կը զիջի բազմազան ինքնութեան պատկերացումի մը։
Վազգէն Շուշանեանի Ալեկոծ տարիները եսի այդ շերտաւորումներն ու վերի խնդիրներուն ծալքերը պարզող երկ մըն է։ Խորապէս գիտակից իր բազմերես ինքնութեան, Շուշանեան իր պատսպարած եսերու գոյակցութիւնը կ՚ամփոփէ հետեւեալ տողերուն մէջ.
«կեանքս սկիզբէն ի վեր հանգչած է ողբերգական երկուութեան մը վրայ։ Մարմնիս խորը, ինքզինքս ճանչնալէս ի վեր, իրար հրմշտկելով ապրած են առնուազն երկու տարբեր մարդիկ,– գաղափարի անուղղայ ու գրեթէ բիրտ, անտարակոյս բուռն զինուորեալն եւ անէական գեղեցկութեանց, անհպելի երազներու անյագ ծարաւին։ Այս երկու էակներու պարտադիր կենակցութենէն է որ ծագում առած է այս տարօրինակ կեանքը, որ իմս է»։(185)
Իր կառոյցով եւ դիպաշարով, ինքնակենսագրական խորքով այս անաւարտ գործը վէպի մը յատկանիշները ունի։ Մուտքին՝ ընդարձակ «Նախաբան» մը, որուն մէջ Շուշանեան կ՚անդրադառնայ երկին բովանդակութեան եւ իր ընտրած նիւթերու արծարծման պատճառներուն՝ որ կ՚աւարտէ հետեւեալով. «Հոս կը վերջանայ այս երկար նախաբանը՝ գրքի մը, որ գուցէ լոյս տեսնելու բախտին պիտի չարժանանայ» (36)[4]Շուշանեան, Վազգէն. Ալեկոծ տարիներ. «Օշական» մատենաշար. Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութիւն, Մոնթրէալ, … Continue reading։ Յայտնապէս, Շուշանեան չէր նախատեսեր, որ իր այս գործը պիտի հրատարակուէր. այդուհանդերձ, իր գրիչէն յորդած են աւելի քան 560 ձեռագիր էջեր, իրողութիւն մը, որ կը մղէ ընթերցողը խորհրդածելու, թէ ինչո՞ւ գրողը չէ հրաժարած այս երկը շարադրելէ ու զայն խնամքով երկու տետրակներու մէջ արտագրելէ, եթէ ամբողջութիւնը իր արխիւին մէջ մնալու սահմանուած էր։[5]Շուշանեանի արխիւը կը գտնուի Երեւանի Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ։ Այդ արխիւը իր … Continue reading Ամենայն հաւանականութեամբ, Շուշանեան իր այս երկով կը փափաքէր իր քայքայուած կեանքը յաւերժական ամբողջութեան մը վերածել, միտում մը՝ որ կ՚արտայայտուի «մերկ դէմքս» տարազով։ «Նախաբան»ին մէջ կ՚ըսէ.
«եթէ ալեկոծ տարիներու տաք հովին մէջէն՝ սուրալով անցնող մարդու մը կեանքը կը պատմեմ, երբեմն բարեհաճօրէն կանգ առնելով էն նրբին անձնական յուզումներուս վրայ, ցոյց տալու համար է մահուան դիմաց մերկ դէմքս։[6]Թաւ տառերը կու գան ձեռագրէն։Ինչ ճամբաներէ հասած եմ հոն, ուր կը գտնուիմ այժմ, ինչ անձկութիւններ եղած են բաժինս, ի նչ յուզումներ դողահար ձգած են զիս, ի նչ խանդավառուին ներ մտրակած են արիւնս, ինչ գաղափարներու բնակարան ընծայած է զրկանքէն խոնջ մարմինս,– ահա՛ գրքիս կարեւոր նիւթերէն մէկը»։ (36)
Կարեկցանք թելադրող մտածում մըն է ասիկա գրողի մը հանդէպ, որ մտրակուած իր վերապրելու պահանջէն, գրած է մահը անյողդողդ ու անպաճոյճ դիմագրաւելու կամքէն մղուած։ Այս մասին՝ քիչ ետք։
Շուշանեան իր այս երկով կը փափաքէր իր քայքայուած կեանքը յաւերժական ամբողջութեան մը վերածել, միտում մը՝ որ կ՚արտայայտուի «մերկ դէմքս» տարազով։
Վերը ըսի, որ Ալեկոծ տարիները յուշագրական սեռին պատկանող՝ բայց վէպի մը յատկանիշերով կառուցուած գործ մըն է։ Այս երկու երեւութապէս հակադիր մարզերը Ալեկոծ տարիները կ՚օժտեն վէպի արդի մօտեցումներուն յարիր տարրերով։ Շուշանեան իր կեանքէն իսկական դրուագներ կը պատմէ եւ իրեն ժամանակակից դէմքեր կը ներկայացնէ, անոնց շարադրութեամբ երկին ինքնակենսագրական խորք մը տալով. միաժամանակ, գործին մէջ կան գրական ստեղծագործութեան (fiction) բնոյթով ամբողջ գլուխներ կամ հատուածներ, որոնք հարցականի տակ կ՚առնեն երկին ինքնակենսագրական երակը եւ զայն կը փոխադրեն դէպի յարաբերականութեան ոլորտը, բան մը՝ որ յատուկ է արդի վիպական գործերուն։ Այսպիսով, Ալեկոծ տարիները հայելին կը դառնայ անոր հեղինակին եսի անմիաձոյլ բովանդակութեան։
Անկախաբար Շուշանեանի այս երկի կառուցային մտայղացումէն եւ անկէ ծագող անպատասխան հարցերէն, Ալեկոծ տարիները միաժամանակ միատարրութիւն կը զգենու, երբ զայն կարդանք իբր ներքին եսի մը արտայայտութիւնը, աւելի ճիշդ՝ իբր եսագրութիւն մը, որ կը լիանայ միայն գործին ամբողջութեամբ։ Այդպիսով, գրութիւնը (text) կը վերածուի այդ ներքին էութեան շօշափելի մարմնին։[7]Ալեկոծ տարիներու կառուցային հարցերու ամփոփման ծանօթանալու համար, տես հատորին «Խմբագրական նշմարներ» բաժինը, … Continue readingՇուշանեան ինք կ՚ակնարկէ այս հոլովութական ձգտումին, երբ կ՚ըսէ. «Փաստօրէն առնուազն երկու տարբեր կեանքեր հորիզոնաբար շարունակուած են մէկ մարմնի մէջ, ստիպելով զիս, որ անընդհատ հաշուի առնեմ մէկը եւ միւսը, ծալլուիմ ինքզինքիս վրայ, հարթեմ ներքին դժուարութիւններս ու մարդոց ցոյց տամ որքան կարելի է միակտուր, ամբողջական, տրամաբանական էակ մը» (185-86)։ Դառն հացը գործին մէջ դարձեալ կը վերադառնայ այս սեւեռումին. «Կ՚ուզէի ճանչնալ գիտուն սիրով մը ներքին մարդը, որ կ՚ապրի հետս, ինչպէս մարմնիս ցաւերն ու վէրքերը գիտեմ, բայց կեանքը խիստ կարճ է բազմաթիւ փորձառութեանց համար» (348)։[8]Տե՛ս Սուրէն Դանիէլեան, խմբագիր. Վազգէն Շուշանեան. Ընտրանի. «Սփիւռք» գիտաուսումնասիրական կենտրոն. Երեւան, 2010։ Այստեղ անցողակի նշեմ, որ Շահնուր նարկիզական համարած է Շուշանեանի գործերուն յաճախակի ներաշխարհային հայեացքը։ «Չեմ սիրեր Շուշանեանը (իր գրականութիւնը) գլխաւորաբար իր narcissisme-ին համար» (11) ։[9]Տե՛ս Սուրէն Դանիէլեան, խմբագիր. Վազգէն Շուշանեան. Ընտրանի. «Սփիւռք» գիտաուսումնասիրական կենտրոն. Երեւան, 2010։
Երեւութաբար, ներհայեցողական ոսպնեակով մեկնուած ընթերցում մը կը տանի դէպի տեգարթեան համահունչ եսը, անկարելի գոյավիճակ մը՝ նոյնիսկ Շուշանեանի կենդանութեան, երբ հոգեվերլուծութեան այդ օրերու տիրական վարկածները ինքնութեան բազմադիմութիւնը կը փաստէին։ Տակաւին, Ալեկոծ տարիներու անաւարտ վիճակէն կը ծնի այլ հարցադրումներու շարք մը. ամենէն առաջ, եթէ գործը Շուշանեանի եսագրութիւնն է, ապա խնդրական կը դառնայ գրողին ներքին եսի ներդաշնակութիւնը։ Ալեկոծ տարիներուն մէջ, Շուշանեանի եսագրութիւնր արտաքնապէս սահմանագծուած ըլլալով մէկտեղ, իր ներքին բաղադրութեան բազմազանութեամբ (heterogeneity) չի դիմանար շրջապատի ազդեցութիւններու այն ներխուժումին, որ գրողը հակակշռել կը ճգնի։
«Կ՚ուզէի ճանչնալ գիտուն սիրով մը ներքին մարդը, որ կ՚ապրի հետս, ինչպէս մարմնիս ցաւերն ու վէրքերը գիտեմ, բայց կեանքը խիստ կարճ է բազմաթիւ փորձառութեանց համար»։
Այս ներխուժումին մէջ, առաջնակարգ դիրքի վրայ է մահուան անխուսափելիութիւնը։ Մինչ մարդը կը ձգտի յաւերժութեան, մահը կը զգետնէ զինք, փորձելով ջնջել իր հետքերն ու ապրումները։ 1915-ի Աղէտը իր մորթին վրայ կրած եւ անկէ վերապրած Շուշանեանը, բոլորովին միայնակ, խաթարուած առողջութեամբ եւ ընտանեզուրկ գոյութիւն մը կը քաշքշէր այդ թուականէն ետք.
«Վերադարձի առաջին տարիներուն կրնա՞յի անդրադառնալ միթէ, որ աքսորէն հետս կը բերէի խարխուլ առողջութեամբ քայքայուած մարմին մը, հոգի մը որ անհանգիստ էր ու անձկայրեաց եւ որ կրնար այդպէս մնալ միշտ, մինչեւ մահուան սեմը»։ (150-51)
Իր փխրուն եւ եղծանուած առօրեային յանդիման, Շուշանեան կը նախազգայ մահուան յածումը իր շուրջ, եւ անոր սպառնալիքին կը հակազդէ իր էութեան կազմաւորումը փութով թուղթին յանձնելով։ Գրողը չի մաքառիր մահուան դէմ, չի փորձեր նոյնիսկ զայն անտեսել. փոխարէնը, մահը կ՚ոչնչացնէ զայն արհամարհելով ու անոր դիմաց պարզելով իր «մերկ դէմքը», խիզախութեամբ մը, որ ներքին եսին զօրեղութիւնը կը վկայէ։ Տակաւին, քրիստո նէական հաւատամքի երանգ մը կարելի է ընդգծել այդ «մերկ դէմք»ին մէջ, որով ան մահը կը դիմագրաւէ անզարդ համարձակութեամբ, իր եսին բոլոր աշխարհիկ կեղեւներէն ու յաւելումներէն ձերբազատ։
Այսպիսով, Ալեկոծ տարիները հայելին կը դառնայ անոր հեղինակին եսի անմիաձոյլ բովանդակութեան։
Այլ հայ թէ օտարազգի գրողներու կամ արուեստագէտներու նման, Շուշանեան նաեւ մահուան դիմաց կը ցցէ նոյնքան բուռն եւ թերեւս աւելի կորովիչ զօրութիւն մը, որ մայրական սէրն է։ Ֆրանսացի փիլիսոփայ ճուլիա Քրիսթեւա կը բացատրէ, որ մարդիկ մահը երբեմն պարտութեան կը մատնեն, զայն փոխարինելով մայրական սիրով։ Իր «Stabat Mater» (1977) յօդուածին մէջ, Քրիսթեւա այս յղացքը կը փաստարկէ իտալացի թոքախտաւոր երաժշտահան ճովաննի Պաթիսթա Փերկոլեսիի պարագայով։ Ըստ մասնագէտներու, Փերկոլեսիի լաւագոյն գործը կը հանդիսանայ «Stabat Mater»ը, որ ան յօրինած է իր մահէն շաբաթներ առաջ, 26 տարեկանին։[10]“Stabat Mater”ը Աստուածամօր ձօնուած ԺԳ. դարէն եկող շարական մըն է, հեղինակը՝ անորոշ։ Շարականին տողերը կը … Continue reading Քրիսթեւա կ՚ենթադրէ, որ Փերկոլեսիի այս գործով յայտնաբերած երաժշտական նորարարութիւնը հաւանաբար կը հանդիսանայ իր անմահութեան մէկ ու միակ երաշխիքը։ Փիլիսոփան կ՚առաջադրէ, որ մարդը մահուան անհաշտութեան դիմաց կը տեղակայէ մայրական սէրը։ «Stabat Mater»ին մէջ, երգիչը կ’աղաղակէ, «Eia Mater, fons Amoris» (Ողջոյն, մայր, աղբիւր սիրոյ)։ Այս սէրը, որուն մէկ այլ յայտնութիւնն է երկնային սէրը, կը շարունակէ Քրիսթեւա, թերեւս մարդուն կը յուշէ այն նախնական պատսպարանը, որ կ՚ապահովէ իր մէջ ծուարած երախային ապագան։[11] Տե՛ս Toril Mor, ed. “Stabat Mater.” The Kristeva Reader. New York: Columbia University Press, 1986. 161-86.
Գրողը չի մաքառիր մահուան դէմ, չի փորձեր նոյնիսկ զայն անտեսել. փոխարէնը, մահը կ՚ոչնչացնէ զայն արհամարհելով ու անոր դիմաց պարզելով իր «մերկ դէմքը», խիզախութեամբ մը, որ ներքին եսին զօրեղութիւնը կը վկայէ։
Շուշանեանի պարագային, մայրը՝ Նարիկ Դանիէլեանը իրեն ընկերակից յաճախանք մը դառնայ եւ կ՚երեւի ամենէն անսպասելի պահերուն։ Անիծեալ տարիներու «Սիրոյ առաջին գիշեր» գլուխին մէջ, պատմողը կը վերյիշէ իր պատանեկան սեռային յարաբերութիւններէն մէկը, «սիրուն, սեւաչուի, հազիւ քսանմէկ տարեկան այրի» Փայլիկին հետ։ Շուշանեանի նման, երիտասարդ կինը կորսնցուցած է իր ընտանիքը, ամուսինը՝ Աղէտին, իսկ զաւակը մահացած։ Փայլիկ խանդաղատանքով կը վերաբերի պատանիին հետ, զայն կերակրելով գիշերուան ուշ ժամերուն, նստելով անոր սնարին եզերքը եւ երգելով հայրենասիրական երգեր։ «Փայլիկի ձայնը մայրենի օրօրի մը պէս» (241) կը հնչէ օրուան իր աշխատանքէն յոգնած պատանի Շուշանեանին.
«Յուզումէս դողդոջուն կը նայէի իր քաղցր ու քրոջական դէմքին։ … Փայլիկի ձայնը կը թափանցէր մարմնէս ներս ու անոր երգերուն բառերը կ՚ արձագանգէին ականջներուս մէջ։ Կէս-քուն կէս-արթուն կարծես կը տատանէի ալեկոծ ծովու մը վրայ ու սիրելի դէմքեր կը յայտնուէին գիշերուան խորէն ու մեղմաձայն կը կանչէին զիս, կը խօսէին ինձ»։ (242)
Երբ անդիմադրելի սիրաբանութիւնը կը սկսի, Շուշանեան դրուագին վերյիշումը մերթընդմերթ կ՚ընդհատէ իր մօր յիշատակներով. «անձնատուր կ՚ըլլայի յիշատակներու, երազներու։ Մեղմօրէն մայրս կը վերադառնար անապատէն ու պարանոցիս վրայ կը զգայի անոր քաղցր շունչը։ Բազուկները կը նետէր վզիս ու կը տանէր զիս»։ (243) Ներսերնդագործութեան վտանգաւոր ծիրը կը յուշեն այս տողերը, բայց Շուշանեան կը շարունակէ աներեր. «Երբեք չկրցայ գիտնալ թէ իրապէս ի՞նչ էր ինձ համար,– մեծ քո՞յր մը, որ գորովով, սիրով կը փայփայէ քեզ, թէ երիտասարդ կին մը, որուն գեղեցկութիւնն ու իգութիւնը սկսած են խռովել քեզ»։ (243) Շուշանեանի համար, այստեղ էականը դրուագին սեռային կողմը չէ, այլ՝ զինք մրճահարող մայրական գուրգուրանքին ու կարեկցանքին յաւերժ բացակայութիւնը։ «Բայց քանի անոր անուշ ու քրոջական ձայնը կը քսուէր դէմքիս՝ այնքան անմխիթարելի ու խորունկ կը թուէր վիշտս, բարձրաձայն կը հեծկլտայի, ամիսներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով՝ ոտնահարուած, կաշկանդուած, զրկուած մանկութիւնս իր վրէժը կը լուծէր»։ (246) Դուրսը անձրեւը կը տեղայ քաղաքին վրայ, մինչ պատուհանը ծեծող անձրեւին «վլա՛ք, վլա՛ք, վլա՛ք» ձայնը կը թուի յիշեցնել պատանիին անդարմանելի կորուստին հարուածները. եւ ճի՛շդ այդ պահուն Շուշանեան կը վերակենդանացնէ մայրը.
«Ո՞ւր ես, մայրի՛կ։ Կարելի՞ է միթէ, որ մեռած ըլլաս։ Դեռ մանուկ, դեռ հազիւ արբունքի հասած, դեռ անուշ կուրծքիդ վրայ հեկեկալու ծարաւը ունեցող, դեռ բոլորովին ոսկոր չկապած տղայ մը ձգած ըլլաս այսպէս գիշերուան մը խորունկը։ Մինակ, անոք, եղերականօրէն անփորձառու այլ արդէն զարնուած կեանքէն,– այս տարիքը տղայ մը կը ձգե՞ն միթէ տարերքին թշնամութեան, օտար ու անօրէն քաղաքի մը փողոցներուն մէջ։ Ո՞ւր ես, մայրի՛կ։ Աչքերուդ խորը գորովդ կը նմանէր թանկագին քարերու ցոլքերուն, ձայնդ խաղաղութիւն կը պարգեւէր խօլ ու անձկալի հոգւոյս։ Մայր մը կը մեռնի՞ միթէ բնաւ։ Ո՞ւր ես, մայրիկ»։ (246)
Փերկոլեսիի նման, որ կ՚երգէ Մարի ամին անպարագիծ մայրական սէրը Քրիստոսի խաչելութեան պահուն, Շուշանեան եւս կը դիմէ իր մօր՝ սիրաբանութիւնը վերածելով մայրական ներկայութիւնը իր կեանքին մէջ վերաշնչաւորող կենսագործական արարքի՝ այս անգամ շրջուած ձեւով։ Մինչ “Stabat Mater՚՚ին մէջ մայրը կը շարունակէ ապրիլ իր զաւկին մահէն ետք, Շուշանեան կեանքին կը վերադառնայ իր մօր մահէն վերջ։ Այս կէտին մէջ ալ կը կայանայ գրողին յաղթահարումը մահուան։ Ի՜նչ փոյթ, թէ մայրը «մեռած էր՝ հեռու հայրենի երդիքէն ու իր վարսերուն մէջ ո՛չ մէկ ծաղիկ, ո՛չ մէկ խոտի թել կար»։ (245)
Փերկոլեսիի նման, որ կ՚երգէ Մարիամին անպարագիծ մայրական սէրը Քրիստոսի խաչելութեան պահուն, Շուշանեան եւս կը դիմէ իր մօր՝ սիրաբանութիւնը վերածելով մայրական ներկայութիւնը իր կեանքին մէջ վերաշնչաւորող կենսագործական արարքի՝ այս անգամ շրջուած ձեւով։
Երբ սիրաբանութիւնը կ՚աւարտի, Շուշանեան կը խաղաղի։ «Գլուխս որքա՜ն թեթեւ էր այժմ՝ իր ճերմակ, լի կուրծքերուն մէջ։ Քո՞ւն էի թէ արթուն։ Ծունկերուս մէջ քաղցր տկարութիւն մը կար ու մարմինս թաւշային ջերմի մը մէջ կը լողար։ Սրունքներս կը զգային մարմնին լեցուն ու ջերմին մտերմութիւնը։ Ապաւէն էիր, անկողին էիր, քուն էիր, առաջի՛ն մեղք։ – Վլա՛ք, վլա՛ք, վլա՛ք։» (248) Եսագութիւնը կը դառնայ շարունակուող հոլովոյթ մը, ինքնահաստատման ճիգը կը ծփայ ու կը ծաղկի, ու թէեւ ներքին եսը չի լիանար (անաւարտ գրքին նման), Ալեկոծ տարիները կը մնայ իբր փայլուն վկայութիւն մը հեղինակին սրտին բաբախումին, անոր ներքին եսի բարեշրջուող պատկերացումին։
Օգտագործուած աղբիւրներ
Calleman, Carl Johan. The Global Mind and the Rise of Civilization: A Novel Theory of Our Origins. Minneapolis, MN: Two Harbors Press, 2014.
Mansfield, Nick. Subjectivity: Theories of the Self from Freud to Haraway: New York: New York University Press, 2000.
The Ultimate Stabat Mater Site: http://www.stabatmater.info/english/
↑1 | Իր ուսուցչին՝ ժորժ Իզամպարի ուղղուած 13 Մայիս 1871 թուակիր նամակէն։ Տե՛ս Claude Jeancolas. Les lettres manuscrites de Rimbaud: Commentaires, transcriptions et cheminements des manuscrits, Volume 4, Paris: Textuel, 1997. 384-86. 2 |
---|---|
↑2 | “Je pense donc je suis” տե՛ս Rene Descartes, Discours de la Methode: Discourse on the Method: A Bilingual Edition with an Interpretive Essay. Ed. George Hefferman. Notre Dame, Indiana: University of Notre Dame Press. 1994. 32-33. |
↑3 | Նոյն նամակէն |
↑4 | Շուշանեան, Վազգէն. Ալեկոծ տարիներ. «Օշական» մատենաշար. Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութիւն, Մոնթրէալ, 2014։ |
↑5 | Շուշանեանի արխիւը կը գտնուի Երեւանի Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ։ Այդ արխիւը իր վերջնակայանը հասնելու մասին տե՛ս Շուշանեանի նուիրուած «Բագին»ի բացառիկը (1983)։ |
↑6 | Թաւ տառերը կու գան ձեռագրէն։ |
↑7 | Ալեկոծ տարիներու կառուցային հարցերու ամփոփման ծանօթանալու համար, տես հատորին «Խմբագրական նշմարներ» բաժինը, էջ 14։ |
↑8 | Տե՛ս Սուրէն Դանիէլեան, խմբագիր. Վազգէն Շուշանեան. Ընտրանի. «Սփիւռք» գիտաուսումնասիրական կենտրոն. Երեւան, 2010։ |
↑9 | Տե՛ս Սուրէն Դանիէլեան, խմբագիր. Վազգէն Շուշանեան. Ընտրանի. «Սփիւռք» գիտաուսումնասիրական կենտրոն. Երեւան, 2010։ |
↑10 | “Stabat Mater”ը Աստուածամօր ձօնուած ԺԳ. դարէն եկող շարական մըն է, հեղինակը՝ անորոշ։ Շարականին տողերը կը պատմեն Մարիամի տառապանքը՝ ի տես Քրիստոսի խաչելութեան։ |
↑11 | Տե՛ս Toril Mor, ed. “Stabat Mater.” The Kristeva Reader. New York: Columbia University Press, 1986. 161-86. |