Իր կեանքին հանդէպ վերաբերումներէն ու հակազդեցութիւններէն մեկնած, Շուշանեանի հերոսը այն նոյն պատանին կամ երիտասարդը կը թուի միշտ, որ արտաքին տարբեր կերպարներու եւ կացութիւններու մէջ, կու գայ ինքզինք փնտռելու եւ կամ… ինքն իրմէ խուսափելու:
«Աոաջին սէրը» , «Մթին պատանութիւն» եւ «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը» Շուշանեանի գրականութեան մէջ ներկայացուցչական գործեր կրնան նկատուիլ այս իմաստով։ Բոլորն ալ շարժող պատանեկութենէ երիտասարդութիւն երկարող ժամանակաշրջանի մը մէջ, որոշ չափով ինքնակենսագրական բնոյթ ունեցող , երբեմն շարունակական թուացող եւ, երբեմն, ժամանակներու իմաստով՝ խաչաձեւուող կամ իրարու վրայ ինկող (overlaping):
Տուեալ երեք գործերուն մէջ ալ, հետաքրքրական երեւոյթ է իր սիրած աղջկան հետ Շուշանեանի հերոսին յարաբերութիւնը , ուր միշտ ալ յստակ ձգտում մը կամ մղում կը դրսեւորուի, երբ աղջիկը հեռու է կամ բացակայ, եւ մերժում կամ խուսափում մը, երբ ան ներկայ է եւ պահանջկոտ:
Շուշանեանի հերոսին կենսագրութեան հետեւելու համար, հաւանաբար պէտք է սկսիլ «Աոաջին սէրը» վիպակէն, որ կը բացուի այսպէս.
Լապտերին աղօտ ու գունատ լոյսին տակ նստած յիշատակարանս կը թղթատեմ հին օրերու քու դէմքիդ ու փոքրիկ աղջկայ հոգիիդ պատկերը հարազատօրէն կազմելու համար:
… դուն այնտեղ քրոջ մը չափ քաղցր ու գեղեցիկ մայրիկի մը նման բարի ես… : Մեր առաջին հանդիպումը կը տեղաւորուի տխուր ու զարհուրելի շրջանակի մը մէջ։ Հայրենի երկինքէն հեռու նետուած արաբական մեծ քաղաքին մէջ ՝ ես պզտիկ եմ ու որբ՝ միայն տասնհինգ տարեկան, երբ քեզի կը հանդիպիմ» (էջ 69—70):
Ինչպէս հետագային եւս պիտի տեսնենք, Շուշանեանի տիպարին իւրաքանչիւր արարքին պիտի ընկերանայ մեկնաբանութիւնը , երբեմն բացատրելու եւ երբեմն քողազերծելու ճիգով մը։ Եւ զարմանալիօրէն, առաջին այս շրջանէն, աղջկան պատկերը կը զուգորդուի մօր եւ քրոջ յատկանիշներուն հետ եւ գուցէ ճիշդ ա՛յդ պատճառաւ ալ, աղջկան կապուած ֆիզիքական բոլոր ցանկութիւնները կը մերժուին…
Նկարագրուածը որբ պատանիի մը սէրն է, որ Շուշանեանի շատ մը գործերուն պէս, որոշ ատեն մը ետք, հերոսին յիշողութիւններուն մէջ ձեւ կ՚առնէ։ Հալէպի որբանոցէն տասնհինգամեայ պատանի մը, որ ընկերներուն հետ ջրկիրութեամբ օրը կ’անցընէ, տան մը մէջ կը հանդիպի մաքրութիւն ընող ճակատագրակից աղջկան, որուն հանդէպ բուռն սէր մը կը սկսի տածել։
Խորքին մէջ, երեք հանդիպումներ տեղի կ՚ունենան այդ տան մէջ. վերջինին՝ տանտիրուհիին վերաբերումին պատճառաւ, տղան իր արժանապատուութիւնը վիրաւորուած զգալով, այդ տունը չի մտներ, իսկ աղջկան կ՚արգիլուի ամբողջ տարի մը դուրս ելլել։ Սակայն պատանիի մը համար այդքանն ալ բաւարար է, որպէսզի բուռն սիրով մը կապուի աղջկան եւ երազէ զայն:
Բացակայութեան՝ ցանկութիւնն է.
Այդ վայրկեաններուն անզուսպ ցանկութիւն մը կ’ունենայի քեզ գտնելու, եւ պոռալու, որ կը սիրեմ քեզ. կը սիրեմ մկաններուս ամէն մէկ թելովը եւ մտածումներուս ու երազներուս ամէն մէկ հիւսքովը. կը սիրեմ ամէն ժամ ու ամէն պահ եւ ամէն երկվայրկեան եւ կը մտածեմ վրադ, ուր ալ ըլլամ, ինչ ալ ընեմ: Կ՚ուզէի քեզի գալ ու գիրկդ իյնալ ու շրթունքներէդ կախուիլ անժամանակ, անժամանակ գիշերներով (էջ 87):
Երկրորդ hանդիպումէն ետք, դաշտերուն մէջ անձրեւէն ցնցղատապի բռնուելով՝ որբանոցը կը պառկի, ուր աղջիկը կը գտնէ զինք եւ կու գայ այցելութեան։ Կր զրուցեն, կը խօսին իրենց ապրումներէն, կր կարդան եւ վերջաւորութեան, երբ աղջիկը կու գայ զինք համբուրելու, ինք իր բերանը կը ծածկէ ձեռքով (էջ 95)։
Երրորդ հանդիպումէն ետք, ամբողջ տարի մը չեն հանդիպիր, ոչինչ պակսած է իրենց փոխադարձ սէրէն, կրկին աղջիկն է, որ կը գտնէ զինք։ Կր ժամադրուին եկեղեցւոյ մէջ, կ՚երթան դաշտերը, կը տեսնեն, որ մեծցած են արդէն եւ կը բաժնուին կրկին:
Յաջորդ հանգրուանը կամ հանդիպման շրջանը երկու տարի ետք է – Պոլիս կամ Թուրքիոյ մէկ ծովեզերեայ շրջանը (Ռոտոսթօ՞) ։ Այդ շրջանին աղջիկը շարունակ գրած է, բայց ինք չէ պատասխանած , հակառակ իր տածած զգացումներուն:
Ես կ՚ուզէի, որ դուն կարենայիր մոռնալ զիս, բախտդ ուրիշի մը հետ կարենալ կապելու համար, ես կը մտածէի քեզի համար, իսկ դուն կը կարծէիր, որ կեանքը իր առօրեայ հոգերով իմ մէջս մարեց սիրոյ հրդեհը (էջ105):
Ինչո՞ւ այս խուսափումը, ինչո՞ւ այս հեռացումը կամ այն ճիգը, որ աղջիկը մոռնայ զինք եւ չիյնայ իր ճամբուն վրայ: Բացատրութիւն չունինք կամ բացատրութիւնը կը վրիպի մեզմէ։
Այս շրջանին երիտասարդներ են արդէն եւ արտաքին պայմանները փոխուած են: Աղջիկը մօրաքրոջ հետ է, ինք՝ որբանոցային պատանիի հոգեվիճակէն ու կացութենէն դուրս եկած եւ երբ կը կարծուի, որ իրենց յարաբերութիւնները աւելի հասուն ձեւ պիտի առնեն կամ կ’ենթադրուի , որ դուրս եկած պիտի ըլլայ պատանեկան իտէալական պատկերացումէն կամ միամիտ հակազդեցութիւններէն, կը տեսնենք, որ գրեթէ բան չէ փոխուած։
Այլեւս հերոսին կամ գլխաւոր տիպարէն կը հետեւինք օրագրութիւններուն մէջէն։ Շուշանեանին մօտ վարժութիւն մը, որուն աւելի ուշ եւս կը հետեւինք. այսինքն՝ յանկարծ պատումի ընթացքն ու կառոյցը կը խզուի եւ յուշատետրը կու գայ տիպարին ապրումներուն թարգմանը հանդիսանալու։
Սակայն օրագրութիւնը, որուն որոշ էջերը կը տրուին, յստակ ժամանակաշրջաններ կը նշէ. կ’երկարի 25 ապրիլ 1919էն մինչեւ 20 ապրիլ 1920 . մօաաւորապէս մէկ տարուան ժամանակաշրջանի մը։ Նաւային զբօսանքի մը ընթացքին սկսած այս շրջանը կը խզուի, երբ հերոսը ուժեղ շարժումով մը կը հրէ զինք համբուրող աղջիկը (էջ 120)։
…սիրոյ իտէալականացումն ու աստիճանաբար վերացական իրականութեան մը վերածումը, ֆիզիքական ներկայութեան ջնջումն ու կնկայ պատկերին շարունակական զուզորդումը մօր ու կնոջ պատկերներուն հետ, բաւական բարդ կացութիւն եւ հոգեկան անել վիճակ մը կը ստեղծեն հեղինակին համար…
Օրատետրը յաջորդ հանդիպումը կր տանի չորս տաբի ետք, 4 օգոստոս 1924 , Փարիզ, ուր կր հանդիպին գետնուղիին մէջ։ Աղջիկը ամուսնացած է եւ պզտիկ մը ունեցած։ Զուգադիպութեամբ մը երեւան կու գայ, որ շաբաթէ մը ի վեր նոյն պանդոկը կը բնակին: Տղան կը ծանօթանայ աղջկան ամուսնին, որ իր խառնուածքով կը յիշեցնէ տղուն նկարագիրը. փոքրիկը կը խայտայ տղուն գրկին մէջ , այն տպաւորութիւնը փոխանցելով, որ կրնար իր զաւակը ըլլալ նաեւ . . : Անշուշտ սէրը աճած է տղուն մէջ եւ տառապանքի վերածուած, սակայն, բնականաբար, նոյնիսկ չի կրնար յարաբերութիւն մը պատկերացնել ամուսնացած կնոջ հետ եւ վերջնականապէս կը բաժնուին:
Արդեօք այս բոլորին տակ կա՞յ հոգեվիճակ մը, որ մեզի համար անթափանցելի կը մնայ: Ինչպէս ալ բացատրենք՝ կան որոշ կեցուածքներ ու նկարագրի կէտեր, որոնց աւելի ուշ եւս պիտի հանդիպինք:
Անոնցմէ առաջինը՝ համարձակ, բիրտ, զգայուն, նոյնիսկ քիչ մը փողոցային արտաքինին տակ՝ Շուշանեանի հերոսին վիպապաշտ ու կրաւորական խառնուածքն է, որ իր աշխարհին մէջ փակուած կը մնայ, սպասելով, որ դէպքերը առաջնորդեն զինք: Վերոյիշեալ գործողութիւներուն կամ դիպաշարին մէջ, կը տեսնենք, որ աղջիկն է միշտ նախաձեռնարկը – հիւանդութեան օրերուն՝ իր հասցէն փնտռողն ու զինք հարցնողը, տարի մը ետք նամակով մը զինք գտնողն ու ժամադրուողը, եւ այլն:
Իսկ պատանի թէ երիտասարդ տղուն համար, միշտ գոյութիւն ունի հեռուէն ցանկացող, ապրումներուն անձնատուր ըլլալու , նոյնիսկ քիչ մը մազոխական , հեռուէն տառապելու հոգեվիճակ մը ուր աղջկան ֆիզիքական ներկայութիւնը միշտ կը մերժուի։ Հերոսին կեցուածքներուն շարժառիթը խուսափումն ու հեռացումն է – կը հեռանան, առանց որեւէ տեսանելի պատճառի, երբ Հալէպի մէջ են, կը հեռանան երկու տարի ետք եւ, հաւանաբար, պիտի հեռանան միշտ։
Յստակ աշխարհագրական վայրի մը՝ երկրի կամ քաղաքի մը չկարենալ կապուելու հոգեվիճա՞կ, պատասխանատուութենէ (իր սէրը ստանձնելու, կեանքին որոշ ընթացք տալու կամ ամուսնանալու) խուսափո՞ւմ, ա՞ յլ պաաճառ: Ինչ ալ ըլլայ շարժառիթը, սիրոյ իտէալականացումն ու աստիճանաբար վերացական իրականութեան մը վերածումը, ֆիզիքական ներկայութեան ջնջումն ու կնկայ պատկերին շարունակական զուզորդումը մօր ու կնոջ պատկերներուն հետ, բաւական բարդ կացութիւն եւ հոգեկան անել վիճակ մը կը ստեղծեն հեղինակին համար , որուն պիտի անդրադառնանք աւելի ուշ։
II
Հոգեկան նման փորձառութիւններէ կամ պատասխանատուութիւններէ խուսափում մը բաւական թափանցիկ կերպով կ՚ուրուագծուի «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը» անուն գործին մէջ, որ կր բացուի թելադրական հետեւեալ բառերով. «Ուրիշ , ուրիշ Էր կեանքը, երբ ես դատարկապորտ էի…» (էջ 8):
Այս ըղձական մղումը անցեալին նկատմամբ, որ զանազան դրսեւորումներով կ՚արտայայտուի վէպի ամբողջ երկայնքին, մէկ կողմէ անցեալը բանալու եւ պատմելու առիթը կր ստեղծէ (վերյիշումներու ճամբով անցեալ մեկնելու, ժամանակի ուղղութեամբ ետ երթալու), իսկ միւս կողմէ՝ հոգեբանական տուեալ մղումը կր մատնէ՝ վերադառնալու պատանեկան դատարկապորտութեան ժամանակաշրջանին, ուր հոգեկան խորունկ կապեր չկան, հերոսը Երուանդ Ամբարիշտն է, իր փողոցային չարութիւններով եւ «ազատութեամբ»:
Երուանդ եւ Վահրամ այն սկաուտներն են, որոնք Պոլսէն մեկնած են Հայաստան՝ հայրենիքի վերակառուցումին սատարելու տրամադրութիւններով եւ հանրապետութեան անկումէն ու խորհրդայնացումէն ետք, Թիֆլիսի եւ Պաթումի ճամբով փախուստ կու տան դէպի Պոլիս։
Վրաստանի խորհրդայնացումին հետեւանքով Թիֆլիս եւս կորսնցուցած է իր հմայքէն շատ բան, սակայն ապրիլ է, գարուն եւ երկու ընկերներ կ՚որոշեն շաբաթ մը անցընել հոն։ Թիֆլիսի մէջ Երուանդ կը ծանօթանայ Սիրարփիի կամ աւելի կարճ՝ Արփիի. Երուանդի հանդիպումը իր ուսուցիչներէն Աւետիսեանի հետ, որ, իր կարգին, ծանօթ է աղջկան, պատճառ կր դառնայ, որ սերտանայ Երուանդի եւ Արփիի ծանօթացումը եւ… նոյն շրջանն (cycle) է, որ կը կրկնուի։
Երուանդ՝ Շուշանեանի նոյն պատանի երիտասարդ վիպապաշտ ու կրաւորական հերոսն է , որ առաջին յանդուգն արտայայտութիւներէն ետք, երբ յարաբերութիւնները կը լրջանան, կր քաշուի իր պատեանին մէջ։ Իսկ Արփիկ նախաձեռնող աղջիկն է, որ անգամ մը վստահութիւն տածելէ ետք սիրած տղուն նկատմամբ, չի վարանիր զայն առողջ կերպով դրսեւորելէ։
Արփիկ կը կարգադրէ, որ Երուանդ Սբ. Յարութիւն եկեղեցիի բակին մէջ գիշերելու փոխարէն, Յովնանեան վարժարանին մէջ մնայ, որ աւելի մաքուր է եւ հանգստաւէտ:
Յաջորդ օրը երեկոյեան, կայարանի պատմութենէն ետք կը հանդիպին. աղջիկն է որ կու գայ Յովնանեան իրեն հանդիպելու եւ … շաբաթ մը մնալու որոշում առած Երուանդը արդէն վճռած է յաջորդ օրն իսկ մեկնիլ, հեռանալ: Եւ, զրոյցի ընթացքին , երբ համբուրուելու պահը կու գայ , տղան կ’ըսէ. «— Համբոյրով մը սիրտը չեն լռեցներ, Արփիկ»: Յաջորդող էջերուն կամ խօսակցութեան ընթացքին մտերմութիւնը չի պակսիր , ոչ ալ՝ սիրոյ խոստովանութիւնը , տակաւին տղուն գրած բանաստեղծութիւններէն սկսեալ մինչեւ աղջկան ձեռք կարդալու հնարքները կան հոն, սակայն տղան կրկին չ’ուզեր համբուրել Արփիկը եւ վճռակամ կը մնայ մեկնելու որոշումին մէջ:
Հաւանաբար հոս տեղին է փակագիծ մը բանալ եւ խօսիլ վերը ակնարկուած կայարանի դէպքին մասին: Թիֆլիս, իրենց կեցութեան երկրորդ օրը, երբ Երուանդ եւ Վահրամ փոխն ի փոխ հերթի կը սպասեն՝ Պաթում երթալու տոմսակի համար , Երուանդ կը ծանօթանայ իր առջեւ կեցած 17ամեայ Հայկանոյշ անունով աղջկան հետ, կը մտերմանան եւ երբ իրենց կարգը կու տան Վահրամին եւ աղջկան եղբօրը, միասին պարտէզ կ’երթան։ Հետաքրքրականօրէն ամէն ինչ շատ բնական ձեւով կ’ընթանայ եւ ոչ մէկ բարդոյթ կը նկատուի պատահարին մէջ.
Արեւը կ՚իյնար իր մազերուն վրայ: Թոյլ տուաւ, որ զանոնք շոյեմ։ Ձեռքերս կը դողային իր առատ վարսերուն վրայ: Յետոյ համարձակութեամբ՝ ես սիրեցի նաեւ իր արդէն հասուն ու անուշ կուրծքերը արագ ու իր խուսափուկ շեշտովն իսկ խռովիչ գուրգուրանքով մը (էջ 52):
Քիչ ետք, բաժնուելէ առաջ, աղջիկը իր մազերէն խուրձ մը կտրելով կու տայ իրեն: Կ’որոշեն շաբաթ մը ետք հանդիպիլ Պաթում, հանրային պարտէզին դրան դիմաց:
Անշուշտ որոշ չափով հակասական է այն պարագան, որ դէպքը կը պատահի այնպիսի ատեն մը, երբ Երուանդ սիրահարուած է Արփիկի եւ իր բոլոր արարքները կամ կեցուածքները այդ սիրով կը հիմնաւորէ, եւ ապա՝ տղուն խառնուածքէն իսկ մեկնած, դժուար է պատկերացնել, որ ան կը խաբէ Արփիկը կամ Հայկանոյշը, սակայն մէկ կէտ յստակ է, որ յարաբերութիւնները յաջող ձեւով կ’ընթանան, որորվհետեւ խորացումի հեռանկար չունին եւ երբ զգացական որոշ մթնոլորտ մը ստեղծուած է (եւ Արփիկի հետ կապը խորացած) , կ’որոշէ այլեւս աղջիկը չտեսնել, ժամադրութեան չերթալ։
Պաթում: Հեռաւորութիւն։ Եւ աղջկան հմայքը տակաւ կը ծաւալի եւ հեռաւորութեան մէջ պահանջի կը վերածուի: Իսկապէս զարմանալի է այն պարագան, որ մտերմութեան մէջ «հոգեկան» կապեր ու խուսափում փնտռող հերոսը, հեռաւորութեան մէջ ֆիզիքական կապի պահանջքը կը զգայ եւ կը տառապի այս իմաստով : Պաթումէն գրուած երկար նամակը (էջ 91էն 99) այս ապրումներուն արտայայտութիւնը կը դառնայ .
… Մազերուս վրայ խառնիխուռն կը զգամ շրթներդ ու ձեռքերս կ՚այրին ահա՛ քու ձեռքերուդ կարօտէն:
…Ան գիտէ, որ կը սիրեմ քեզ ու կը տառապիմ ու կը նախանձի ինծի իմ տառապանքիս համար»:
Ամբողջ նամակի ընթացքին յատկանշական է այն պարագան, որ անկախ ցանկութեան ապրումէն, Երուանդ աղջկան համբոյրը կը զգայ իր մազերուն կամ դէմքին վրայ, եւ ոչ թէ ինք կը համբուրէ կամ կը մօտենայ աղջկան պատկերին, այսինքն՝ կրկին կրաւորական տարրն է եւ ոչ թէ ներգործօն տարրը :
Շուշանեանի վէպին հերոսը եւ հերոսները ընդհանրապէս կարծէք կը գուրգուրան իրենց տառապանքին վրայ։
Երկրորդ յատկանշական տուեալը տառապանքին տրուած արժէքն է: Անշուշտ դրսեւորուածը բաւական բարդ հոգեվիճակ մըն է եւ, ինչպէս միշտ, վտանգաւոր է զայն մակերեսայնացումի կամ պարզացումի տանիլ։ Հեռաւորութիւնը ազդակներէն մէկն է նաեւ, որ ծնունդ կու տայ տառապանքին, եւ Շուշանեանի վէպին հերոսը եւ հերոսները ընդհանրապէս կարծէք կը գուրգուրան իրենց տառապանքին վրայ։ Երուանդ կը տառապի, Վահրամ կը նախանձի Երուանդի տառապանքին եւ այս ապրումը, կարծէք վիպապաշտ պատկերացումով մը, կը զուգորդուի սիրոյ փորձառութեան, այդ ապրումին մէկ ամենակարեւոր մասը կը դառնայ…
Հաւանաբար այս հոգեվիճակին ծնունդ տուող պատճառներէն մէկն ալ այն վիպապաշտ պատկերացումն է, որ երջանկութեան կարելի է հասնիլ տառապելով միայն : Սակայն Շուշանեանի հերոսները իրենց հաւաքական կենսագրութեամբ իսկ տառապած պատանիներ ու մարդիկ են արդէն, զրկուած իրենց հողէն, տունէն, ընտանեկան պարագաներէն, մանկութենէն եւ ուրիշ հազար բնական բարիքներէ, տակաւին ապրած ցեղասպանութեան սարսափելի հոգեկան ցնցումը… եւ հաւանաբար այս պատճառով ալ տառապանքը իրենց հոգեկան կլիմային մէկ անբաժան մասնիկը դարձած է, իսկ Երուանդներու պարագային, տառապանքը յստակօրէն տեղ կ՚առնէ իրենց հոգեկան խառն ապրումներուն մէջ եւ սիրոյ ու հեռաւորութեան առթած ֆիզիքական չխոստովանուած պահանջին հետ կու գայ: Փաստօրէն , երջանկութիւնը շատ մօտ է Երուանդին, իր կեցութիւնը Թիֆլիս, բնական կապը Արփիկի հետ, կ’ապահովէ իր ուսումը եւ ապագայ յարաբերութիւնները, բայց եւ այնպէս, հերոսին իսկ կողմէ փնտռուած այս արժէքները (սիրոյ եւ երջանկութեան որոնում) փաստօրէն կը մերժուին, երբ պատեհութիւնը յարմար է արդէն:
Հերոսի այս պաակերացումին մէջ կարեւոր է նաեւ, արտաքին կարծր կերպարի մը պահպանումը: Կարծէք հերոսը նախանձախնդիր է միշտ իր այս կարծր դիմագիծի պահպանումին: Արփիկին յղուած նամակին մէջ Երուանդ պիտի ըսէ նաեւ.
Ես դատարկապորտ եղած եմ մի՛շտ։ Հիմա ալ կը զգամ, որ եմ տակաւին… չար, բայց լաւ ընկեր մը վարժեցուցած էր զիս գինի, մա՛նաւանդ օղի խմելու:
Գիտե՞ս, Արփի՛կ , ես կը խմեմ կրքով, վայրենութեամբ, մասնաւոր ու բարբարոս հաճոյքով ու տարիքիս անհամեմատ կերպով մեծ ուժով մը տիրելով ինքզինքիս: Կը զգամ բերանս, որ ալքոլ կը հոտի, եւ ատիկա աւելի կը գրգռէ զիս։ Բերնիս կու տամ ու կ’երգեմ պոռնկական երգեր (էջ 95)։
Խորքին մէջ, իր անցեալին մասին պատմուած դէպքերը, կիներուն hանդէպ կեցուածքը , եւ այլն, այդ «անզիջող» դիմագիծի շեշտաւորումին կը ծառայեն եւ շեշտաւորումը շատ ալ զարմանալի չէ, որովհետեւ իր արժանապատուութեամբ հիմնաւորաած վերաբերումներն ու վարուելակերպը ընդհանրապԷս այս դիմագիծ ի ներկայութեամբ կ՝ արդարացուին: Իսկ խմիչքի գործածութիւնը , վայրենութիւնր , կիրքը, կնկայ անտեսումը կամ մերժումը՝ առնականութեան կամ կարծրութեան յատկանիշներ կր նկատուին…
Բայց այս կարծրութիւնը արտաքին է եւ կր քողարկէ զգացական փխրուն աշխարհ մը, որ վիպապաշտ մօտեցումով հոգեկան ու զգացական ապրումներ եւ արժէքներ կր փնտռէ։ Եւ անմիջապէս որ տղան առանձին է, նամակներու կամ օրագրութիւններու մէջ, այսինքն արտաքին կամ հանրային պատկեր մը ցուցադրելու կարիքը չզգար, իր ներքին կամ զգացական աշխարհը երեւան կու գայ:
Նման արժեչափերով կազմուած աշխարհի մը մէջ (եւ պէտք չէ մոռնալ, որ հերոսները պատանի—երիտասարդներ են , 16—1 7 տարեկան), ֆիզիքական յարաբերութիւնները ազատ կամ ոչ– մաքուր նկարագիր մը կ’առնեն տղուն համար: Այս իմաստով կր բացատրուի Պաթումի մէջ հայ կնկան հետ յարաբերութիւնը, որուն անգամ մը Երեւան հանդիպած է եւ որ իր ու ընկերներուն գործը կը կարգադրէ։ Եւ երբ կնկան դասաւորումով նման յարաբերութիւն մը կ’ունենան (էջ 123—124 ), վիրաւորուած ու անպատւուած կր զգայ: Այստեղ ապրուածը միմիայն Արփիկի հանդէպ դաւաճանած ըլլալու զգացումէն չի գար, որովհետեւ հոգեկան կապ մը չկայ իր եւ կնկան միջեւ պարզապէս կը զգայ, որ իր դժուար կամ առնական պատկերը բռնաբարուած կամ խանգարուած է կնկայ մը կողմէ…
Վերադառնալով դիպաշարի հիմնական գիծին՝ այն պահէն որ Արփիկին նամակը կը հաղորդէր, որ մայիս 8ին Յովնանեանի աղջիկներուն հետ Պաթում կու գայ մինչեւ հանդիպումը, տղուն ապրումները աւելի ուժեղ խորութիւն մը կ’առնեն: Աղջկան այցելութիւնը վերջին պատեհութիւն մըն է Երուանդին համար Կովկաս մնալու եւ Արփիկի եղբօր օժանդակութեամբ ուսումը շարունակելու, այս իմաստով խորհրդակցած են Աւետիսեանը, Արփիկը եւ Արփիկի եղբայրը, սակայն տղուն հպարտութիւնը կը մերժէ նման կարգադրութիւններ ընդունիլ, նոյնիսկ եթէ ասիկա պատճառ պիտի դառնայ իրենց սիրոյ ընդհատումին:
Նամակէն ետք, օրագրութիւնը այն վայրն է, ուր Երուանդ կը յաջողի իր զգացումերը դրսեւորել աղջկան հանդէպ: Անշուշտ, աւելի անկեղծ կամ յանդուգն շեշտ մը կայ օրագրութիւններուն մէջ, որովհետեւ անոնք ոեւէ մէկուն չեն յղուիր: Եւ, բնականաբար, նախապէս ակնարկուած ֆիզիքական ցանկութեան դրսեւորումները հոս տեղ կը գտնեն մէկէ աւելի անգամներ.
Արփի՛կ, երբ կը նայիմ մութին մէջ քու հասակիդ, մարմինս կը խռովի։ Ահա քու հարուստ ու անուշ մարմինդ: Ապերախտ պիտի ըլլայի, եթէ չըմբռնէի անոր բացառիկ գեղեցկութիւնը: Ձեռքս կ՚ուզեմ դնել կուրծքիդ վրայ , որ աղուոր ու ամուր պտուղի մը պէս է՝ ծածկուած փափուկ շղարշով մը, ու միւս ձեռքովս գրկել մէջքդ, որ նուրբ է ու քնքոյշ» (էջ 147)։
Ոչ թէ անկարելի, այլ քիչ հաւանական տուեալ մը կայ նաեւ հոս, որովհետեւ այս բոլոր ապրումները տածող Երուանդը մէկ երկու օր եւ քանի մը ժամ միայն եղած է աղջկան հետ…: Սակայն Շուշանեանի հերոսները ընդհանրապէս առաջին ակնարկով կը սիրահարին։
Եւ Արփիկ կու գայ: Տղոց շոգենաւը հասած է եւ յաջորդ օր զիրենք պիտի տանի ՊաթումԷն: Կը հանդիպին անգամ մը եւս. տղան կրկին վճռակամ կը մնայ իր մեկնելու որոշումին վրայ, որովհետեւ՝
– Եթէ մնամ, Արփի՛կ, – կ՚ըսէի, – կը վախնամ, որ չկարենամ այնպէս սիրել, ի՚նչպէս կը սիրեմ հիմա… իմ մեղքս չէ, Արփի՛կ, որ աշխարհը այսպէս խստացուցած է սիրտս, հպա՛րտ, հպա՛րտ… (էջ 183)։
Բացայայտ է, որ Երուանդ չի կրնար ձերբազատուիլ իր հպարտութենէն, որովհետեւ այդ մէկը իր ինքնապատկերացումին գլխաւոր յատկանիշներէն մէկն է, իսկ հաւանաբար աւելի հանգիստ կր զգայ, երբ կր սիրէ… հեռուէն եւ առանց ֆիզիքական կապերու եւ այսպէս կը բաժնուին, որովհետեւ տղան կրկին չ’ուզեր համբուրել աղջիկը:
Գործը կր փակուի օրագրութեան կարճ էջերով, որոնք կ՚երկարին ապրիլ 3էն ապրիլ 14, իրենց հանդիպման թուականը. շատ հաւանաբար տարի մը անցած է եւ մենք կը կարդանք օրագրի վերջին էջը, վէպին վերջին պարբերութիւնը.
Ապրիլ տասնըչորս— Ահա՛, Արփի՛կ, անունդ կ՚արտասանեմ յաղթելով յիմար հպարտութեանս։ Յոգնած եմ ու տկար երջանկութենէս: Տե՛ս, կանչեցի քեզ։ Ապրիլի տասնչորսն է այսօր։ Գրեցի քեզի երկար: Շա՜տ երկար, ինչպէս դուն կ՚ուզէիր ու այդ ամբողջ էջերը կարելի է համառօտագրել երկու բառերով՝ «Արփի ՛կ, եկո՛ւր…», կը կանչեմ քեզ, ինչպէս բոյնէն՝ պանդուխտ ու թաց հողին վրայ վիրաւոր ինկած Վարուժանը՝ կը կանչէ իր Մարին: «Եկո՛ւր, աղուո՛ր Արփիկ…» (էջ 193)։
Խոստովանութիւնը կարդալով հանդերձ, վստահ չենք, որ հերոսը յաղթահարած է իր հպարտութեան կամ ներքին դժուարութիւններուն: Ճիշդ Է որ Շուշանեանի հերոսը , ընդհանրապէս, պատանեկան կամ երիտասարդական հոգեբանութեան կամ փորձառութեան մը սահմաններուն մէջ կը մնայ, սակայն ինչպէս նախապէս ակնարկութիւններ եղան, իր ներքին աշխարհին եւ արտաքին պատկերին միջեւ կ՚ապրի յստակ հակասութիւն մը , որ գործի աւարտին իր հաւասարակշռութիւնը չի գտներ:
Ե՛ւ «Առաջին սէրը» վիպակին մէջ, ե՛ւ այստեղ, արտաքին հպարտ տղուն դիմակին տակ կայ փխրուն, գուրգուրանքի կարօտ տղան, որ բանաստեղծութիւններ կամ երգեր կը գրէ, կը տառապի եւ կու լա յ . . .: Փողոցային տղայէն մինչեւ գաղափարական կամ սկզբունքներու տէր այս տիպարը, որ ներքին աշխարհը կը ծածկէ այդ կարծրութեամբ, յստակօրէն իր անցեալին մէջ անարդարուած, վիրաւորուած ըլլալու փորձառութիւններ ապրած է, վերջ ի վերջոյ անկարելի պայմաններէն դուրս եկած վերապրող մըն է, սակայն չի հասնիր փորձառական աշխարհի այն հասունութեան, որ զինք այլեւս դուրս պէտք է բերէ հոգեկան տուեալ հանգոյցներէն, պաաճառ դառնայ, որ աւելի բնական ու հասուն կերպով դիտէ կեանքը: Սակայն հոս կան այլ տուեալներ եւս, որոնց պիտի անդրադառնանք «Մթին պատանութիւն» անուն գործի քննարկման ատեն:
Շուշանեանի հերոսը , ընդհանրապէս, պատանեկան կամ երիտասարդական հոգեբանութեան կամ փորձառութեան մը սահմաններուն մէջ կը մնայ, սակայն ինչպէս նախապէս ակնարկութիւններ եղան, իր ներքին աշխարհին եւ արտաքին պատկերին միջեւ կ՚ապրի յստակ հակասութիւն մը
Հոս պէտք է նշել սակայն , որ «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը» իր դիպաշարով , տիպարներով, արտաքին աշխարհով կամ շրջապատով, Շուշանեանի այն սակաւաթիւ գործերէն է, որ կը մօտենայ վէպի յղացքին: Այնտեղ, առնուազն, հեղինակը իր ներքին աշխարհով կամ հարցերով չի բաւականանար, այլ նաեւ ժամանակաշրջանի մը վրայ կը բացուի: Այսինքն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ խորհրդայնացման օրերուն:
III.
«Մթին պատանութիւն»ը տուեալ հոգեվիճակներուն ու հարցերուն մէկ աւելի հասուն քննարկումն ու գիտակցումը կը բերէ: Գրուած օրագրութիւններու շրջանին (տե՛ս «Հայրենիք» ամսագիր, 1942, թիւ 4) այնքան մը, որ պատճառ կը դառնայ օրագրութեան ընդհատումին («Լռութիւնը ինքս ինձ հետ՝ միակ բանաւոր ելքը կը թուէր: Բայց իմացակաունութիւնը եթէ դադրի գործելէ, հոգիդ կը լռէ՞ միթէ: Խաբելու համար անձկութիւնս, սկսայ գրական աշխատանքի մը՝ «Մթին պատանութիւն»: Բայց քանի կը յառաջանայի՝ վիպակիս կառուցուածքին մէջ , այնքան անձկութիւնս կը մեծնար», նոյն տեղը, էջ 27), որ կը շարունակուի երկին աւարտէն ետք եւ օրագրութեան մթնոլորտին նման ինքնավերլուծումի եւ ինքնագիտակցումի ճիգին մէկ մասը կը կազմէ: Գուցէ այս պատճառով ալ պատանեկան—երիտասարդական անցումի այս հոգեվիճակը աւելի յստակ ձեւով կը տեսնուի հեղինակին կողմէ, որ ընթերցումի նշաններ կամ բանալիներ կը ձգէ վէպի տարածքին (անշուշտ վէպի հասկացողութիւնը պայմանական է հոս):
Վստահաբար յիշեալ բանալիներէն մէկը այն հարցումն է, որ վէպի հերոսներէն ամենէն փոքրին կողմէ կը գրուի – «Ո՞վ էր Եդիպոս թագաւորը ու ի՞նչ ըսել է «Եդիպոս արքային մեղքը», կը հարցնէր Զարեհ» (էջ 139)։
Պատասխանը կը տրուի Բաբգէնի ու Արշամի կողմէ, նոյն Էջին վրայ. «Նոյն ընտանիքին անդամներուն միջեւ սեռային արարք տեղի ունեցած պարագային կը գործածեն այս բացատրութիւնը», սակայն տղաքը կ’որոշեն Զարեհին չհաղորդել իմաստը, իսկ այս բացատրութեան քողարկումը որոշ չափով կ’երկարի գործին վրայ …
Վէպին գլխաւոր հերոսը՝ Բաբգէն, Եղեռնէն ետք քանի մը տարի Հալէպ կամ միջին արեւելեան քաղաքներու մէջ թափառելէ յետոյ, հասած է Պոլիս, մեծ մօր ու քեռիներուն տունը, սակայն բացայայտ է իրեն համար իր եւ ընտանեկան պարագաներուն հոգեկան խզումը իրարմէ, ինչ որ հաղորդակցութեան անկարելիութեան կը հասնի։ Շուտով նոյն տունը կը հասնի նաեւ, մօր կողմէ այլ ազգականուհի մը՝ 25ամեայ Արուսեակը, որ կանխահասօրէն կամ ապօրինի կերպով մայրացած է – դէպք մը, որուն մասին ակնարկութիւն կ’ըլլայ , բայց չի յստակացուիր, սակայն այդ մեղքը կապուած կը թուի ըլլալ ջարդերու խժդժութիւններուն:
25ամեայ այս աղջիկ-կնկան ֆիզիքական հասունութիւնն ու մեղքի շղարշով մը պատուած ըլլալու պարագան՝ զայն յստակօրէն գրաւիչ կը դարձնեն երիտասարդութեան սեմին թեւակոխած այս պատանիին համար, իսկ այս առնչութեամբ խոստովանութիւնները չեն պակսիր.
Երիտասարդ աղջկան մը , որ ամօթահար մայրութենէ մը ամէն վայրկեան կը տառապէր, կուրծքերուն բեղուն հարստութիւնը» (Էջ 27)։
Արուսեակի հետ կապուած Բաբգէնի բոլոր ապրումներն ու նկարագրութիւնները յստակօրէն ծանրաբեռնուած են սեռային նոյն դողով.
Գարուն կար նաեւ Արուսեակի շարժումներուն մէջ, գարուն կար անոր ձեռքերուն վրայ: Ոտքի ելլելու ժամանակ՝ քիչ մնաց անոր կուրծքերը պիտի հպէին իր ծունկերուն: Անոր ճերմակ չփակը պիտի պատռէր կարծես իր երիտասարդութեան լիութենէն (էջ 33):
Դժուար է ճշդել անշուշտ, թէ միայն տղուն պատանեկան տարիքէն ու աղջկան յորդ կանացիութենէ՞ն կու գայ այս ապրումը, թէ Արուսեակի «ամօթահար մայրութիւն»ն ու մօր կողմէ ազգական ըլլալու պարագան եւս առնչութիւն ունի տղուն տածած զգացումներուն մէջ ։ Հաւանաբար տուեալ երեք տարրերն ալ կան, որովհետեւ աստիճանաբար գիտակցուած կամ ոչ, ուղղակի կամ անուղղակի միջոցներով, երեք գիծերն ալ աւելի ուշ դրսեւորում պիտի գտնեն: Եւ հաւանաբար այս պատճառով ալ , աղջկան առթած ապրումներուն առնչութեամբ Բաբգէնին զգացած յանցանքը պարզապէս պատանի տղու սեռային գրգիռէն չի գար, այլ միւս տարրերը եւս այնտեղ ներգոյ են։ Եւ հեղինակին մեկնաբանաթիւնը եւս այս գիտակցութիւնը կր բերէ.
Այդ տարիքին, կրնա՞ր գիտնալ միթէ, իր դեռ անմշակ իմացականութեամբը, թէ նման կալուածքի մը մէջ ըստ էութեան, ներգոյակ յանցանք բնաւ գոյութիւն չունի, թէ ընկերային ու այլ օրէնքներու, աւանդութեանց, լուռ դաշինքներու առնչութեամբ միայն մարդկային արարքները կը վերածուին յանցանքի…Կրնա՞ր գիտնալ միթէ, իր դեռ խոպան հոգւովը, թէ ամէն իրական գորով, նոյնիսկ ապօրինի, կը կրէ իր ներումը …թէ իրապէս յանցաւոր ըլլալու համար, ի յառաջագունէ պէտք է ընդունած ըլլալ այն սկզբունքները, որ կ’որոշեն ու կը պայմանաւորեն այդ յանցանքը (էջ 29):
Ջարդ տեսած ու աքսորէն վերադարձած տղուն համար ամէն օրէնք ու ընկերային ամէն յարաբերութիւն խախտած է արդէն։ Ընտանիքը, որ առաջին շրջանակն է այս կառոյցին մէջ, օտարացած է իրմէ եւ անոր օրէնքները (կամ արտաքին յարաբերոլթիւնները) այլեւս անիմաստ կր թուին, իսկ յանցանքի ըմբռնողութիւնը, հեղինակին իսկ կողմէ, յարաբերական հասկացութիւն մըն է եւ յանցաւոր ըլլալու համար, պէտք է ընդունիլ այն սկզբունքները, որոնք «կ’որոշեն ու կը պայմանաւորեն այդ յանցանքը», մինչ այդ սկզբունքները ոչինչ կ՚ըսեն տղուն համար… Իսկ ինչո՞ւ Բաբգէնի զգացած ապրումը կամ գորովը կրնայ ապօրինի նկատուիլ …:
Պարզ է, որ ակնարկութիւնը միմիայն Բաբգէնի պատանեկան սեռային խռովքին չի վերաբերիր , այլ ընտանեկան շրջանակի մէջ այս սապլիմէյշըն (sublimation) մղումին, որ հատուածին սկզբնաւորութեան յիշուած «Եդիպոս արքայի մեղք»ի (Oedipus complex) շրջագիծին մէջ կ՚իյնայ, որովհետեւ Արուսեակ, անկախ մօտ ազգական ըլլալէն, կը նմանի ու կը յիշեցնէ Բաբգէնի մայրը…: Այս մասին, սակայն, աւելի ուշ:
Ապօրինի ապրումներու շրջագիծին մէջ կ՚իյնայ նաեւ Բաբգէնի այն զգացումը, որ կը մտածէ մօրաքրոջ՝ Վերգինի նկատմամբ։ Մօր ընտանիքին մէջ , եթէ երկրորդ անձ մը կայ, որուն նկատմամբ համարում կը տածէ Բաբգէն (ըսելու համար նուազագոյնը), այդ ալ մօրաքոյրն է, որ որոշ չափով տարեկից եղած է մօր եւ մօր հետ նմանութեան գիծեր ունի:
Մօրաքրոջ նկատմամբ տղուն վերաբերումը միշտ առանցք ունի պատահար մը, որ խորքին մէջ արտաքին դրսեւորումն է այդ կնկան նկատմամբ զգացած խռովքին: Դէպքը կը պատմուի այսպէս.
Ու եթէ դուռները բախել գիտնար, տեղ մը մտնելէ առաջ, գէթ այդ յաւելուածական միջադէպը տեղի չէր ունենար։ Ոչ նրբանցքը ոչ ալ առաջին յարկը մարդ կար: Ստիպուած ելաւ վեր: Ու դէպքէն յետոյ մտածեց միայն, թէ գորգերուն պատճառաւ, իր ստանձնածը կրնար չըսուիլ: Պարզութեամբ ննջասենեակին դուռը բացաւ ու քիչ մնաց աղաղակէր, այնքան անակնկալ էր տեսարանը: Մօրաքոյրը բոլորովին մերկ ՝ հայելիին առջեւ կուրծքերը կը հօտաւէտէր: Զգալով անմիջապէս թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ ՝ գլուխը դարձուց ու մէկէն ճչաց: Իսկ ինք գամուած կեցած էր հոդ, խորապէս ապշած հոգւոյն խորը, թէ կին մը այնքան գեղեցիկ կրնայ ըլլալ: Ակնարկը կառչած մնաց անոր ճոխ թիկունքներուն, մինչ այն կը ճգնէր ծածկել իր մերկութիւնը, միաժամանակ պոռալով որ դուրս ելլէ: Յեղակարծօրէն զգաց, թէ յանցաւոր արարք մը գործելու վրայ էր ու առանց գլուխը դարձնելու փախաւ, իյնալու համար քաղաքի միջօրէին մէջ» (էջ 68-69):
Այս քիչ մը երկար մէջբերումը , որքան ալ պատանիի մը մէկ բնական հակազգեցութիւնը նկատուի (երբեք ալ չենք անտեսեր պատանի—երիտասարդին զգացած բնական խռովքը կամ հակազգեցութիւնները Արուսեակին թէ մօրաքրոջ Վերգինէին նկատմամբ), կնկան մերկութիւնը դիտելու եղանակէն եւ այն զգացումէն, որ «յանցաւոր արարք մը գործելու վրայ էր», կը տեսնենք, թէ մօրաքրոջ նկատմամբ տածած խռովքը չգիտակցուած սեռային մղում մը ունի, որ բնականաբար ընկերութեան կողմէ ընտանիքի օրէնքէն դուրս կր ձգուի: Նոյն խռովքը կամ հաճոյքը պիտի զգայ , երբ մօրաքոյրը, թեւէն բռնած՝զինք իրենց տունը կը տանի (էջ 84):
Բացայայտօրէն ազգապղծութեան ( incest) ոգեղինացած , սապլիմէյշըն մթնոլորտ մը կայ Բարգէնի, մօրաքրոջ եւ, մա՛նաւանդ՝ Բարգէնի ու Արուսեակի յարաբերութիւններուն միջեւ:
Նախ՝ Արուսեակի հետ եւ Արուսեակի զրոյցներուն մէջէն Բարգէնի անցեալը կր բացուի եւ աւելի հասուն իմաստ կը սկսի առնել: Անշուշտ մօրաքոյրը եւս օգտակար է այս իմաստով:
Անցեալը կը կենդանացնէ մօր պատկերը, ստուերը եւ աստիճանաբար վաղ պատանութիւնը , զգացած առաջին զգացումները աղջիկներուն հանդէպ…: Այս աշխարհի վերաթարմացման մէջ աւելի տեսանելի կը դառնայ իր յատուկ սէրը կամ կապուածութիւնը մօրը նկատմամբ:
Արուսեակի եւ իր մօր նմանութեան գծով շատ յատկանշական է ուրիշ հատուած մը: ԲաբգԷն երկնցած է անկողնին վրայ եւ Արուսեակը մօտը կը նստի.
Մորթը ճերմակ էր ու նուրբ հատիկներով։ Բերանը բարի էր ու սակաւիկ մը մսեղ։ Ու չփակը, ինչպէս միշտ, կ՚ուռէր իր երիտասարդ կուրծքերուն շէն լիութեամբ։ Քանի կը դիտէր զայն, այնքան զօրութեամբ կը յիշէր մայրը: Անոր աչքերուն խորը՝ փոքրիկ ճիգով մը կրնար նշմարել մօրը անմոռանալի ժպիտը: Ու անոր ձեռքերուն վրայ մօրը գուրգուրանքները կային (էջ 54):
Ճիշդ է, որ գիտակցումը կու գայ ֆիզիքական նմանութիւններու բացայայտումով, բայց ֆիզիքական յատկանիշներու նկարագրութեան ատեն, չշեշտուելով հանդերձ, սեռային խռովքը չի պակսիր, ինչ որ հասկնալի է:
Ասկէ առաջ խօսք եղաւ Արուսեակին նկատմամբ տղուն զգացումներուն մասին։ Յստակօրէն պատանիին ապրած սեռային խռովքը, մօր յիշատակին զարթնումն ու Արուսեակի եւ մօր նմանութեան թւումը զուգահեռ կերպով կը զարգանան . . : Այս գիտակցումին նշանները բաւական կանուխէն կան – եկեղեցիին մէջ, երբ Արուսեակի ձեռքը կը բռնէ իր թեւը, Բաբգէն աչքերը կը բարձրացնէ եւ իրեն կը թուի, թէ մօր աչքերը կը ժպտին իրեն (էջ 37):
Անշուշտ, նման հոգեվիճակ մը, անկախ որբի իր թափառումներէն, դժուար պիտի դարձնէ տղուն ներքին աշխարհին բնական փոխանցումը երիտասարդութեան։ Որոշ հակազդեցութիւններ կամ վերաբերումներ՝ հաւանաբար տուեալ էոտիփեան հանգոյցներէն կու գան կամ կը մնան դժուար բացատրելի, օրինակ, երբ կ’ըսէ. «Տեսակ մը սրբապղծութիւն էր կարծես մտածել , թէ մարդը կրնայ իր բազուկներուն մէջ սեղմել աղջկան մը մարմի՞նը»(էջ 76): Նման ապրում մը հասկնալի է գլխաւորաբար այն պարագային, երբ կնկան պատկերը էոտիփեան բարդոյթով կամ ազգապղծութեան անգիտակից մղումով կը զուգորդուի մօր պատկերին հետ իսկ նման յարաբերութիւններու անուղղակի սարդոստայն մըն է «Մթին պատանութիւն»ը:
Այս իմաստով թելադրական է նաեւ տղոց հարցում—պատասխաններուն մէջէն Օթէլոյի ու Տեզտեմոնայի բաժինը. «.. . Ո՛վ որ իր սիրածը կը սպաննէ սիրոյ համար՝ արժանի է ներողութեան…: Չկրնալով այլեւս յարգել Տեզտեմոնան՝ կրնա՞ր ընդունիլ միթէ , որ աննուաստութեամբ ապրի։ Օթէլլօ կ՚ուզէր, որ իր երեւակայութեան մէջ Տեզտեմոնա պահէր իր առաջին գեղեցկութիւնն ու մաքրութիւնը: Ու մահն է միայն, որ կրնայ գեղեցիկ պահել մարդկային էակները»( էջ 187-188):
Ինչո՞ւ մահն է միայն , որ գեղեցիկ կրնայ պահել էակները: Դժուար է մտածել, որ հարցը ժամանակի աւերին կը վերաբերի, որովհետեւ վիճարկումը այդ տրամաբանութեամբ չէ զարգացած այստեղ: Հաւանաբար սոյն տրամաբանութեան անգիտակից կամ ենթագիտակից մղումը կու գայ այն իրողութենէն , որ տղուն մայրը մեռած է, ինչպէս մեռած կամ կորսուած են այն բոլոր գեղեցկութիւնները (աշխարհը) , որոնք մնացած են անցեալին։ Գեղեցկութիւն—մահ այս առնչութեան մէջ կայ նաեւ այն պարագան, ուր բնականաբար կը ջնջուին ֆիզիքական յարաբերաթեան եզրերը:
Հաւանաբար այս է նաեւ դրդապատճառը այն կեցուածքին, որ Շուշանեանի տուեալ երեք գործերուն մէջ, ինչպէս տեսանք, հերոսները հեռուէն շատ աւելի դիւրութեամբ կրնան հաղորդակցիլ իրենց սիրած աղջիկներուն հետ, իսկ մտերմութեան պարագային, ֆիզիքական բոլոր յարաբերութիւնները կը մերժուին, կը մերժուի նոյնիսկ համբոյրը: Երուանդ-Արփիկ յարաբերութիւնը լաւագոյն օրինակն է այս վերաբերումին… : Կարելի է նոյնիսկ ըսել, որ կարծէք ֆիզիքական յարաբերութիւնները կ՚արատաւորեն հաղորդակցութիւնը եւ միմիայն հեռաւորութիւնը գրաւիչ կը դարձնէ ադ պատկերը, ճիշդ Տեզտեմոնայի պատկերին պէս, որ մահով միշտ գեղեցիկ ու մաքուր պիտի մնայ, իսկ մահը վերջ ի վերջոյ, հեռաւորութեան այլ եղանակ մըն է, բացարձակ հեռաւորութիւնը:
Հեռաւորութիւնն ու մահը կը դիտենք ազգապղծութեան էոտիփեան բարդոյթի շրջագիծին մէջ, որովհետեւ այս մէկը հոգեբանական միակ յարաբերութիւնն է, որուն մէջէն կարելի է տեսնել մայր—որդի կապը, ինչպէս եւ, աւելի ուշ, Շուշանեանի հերոսին կապը միւս աղջիկներուն կամ կիներուն հետ, որ միշտ այս առանցքով կր պայմանաւորուի: Այս պատճառով ալ , երբ «Առաջին սէրը» անուն գործին սկզբնաւորութեան հերոսը իր սիրած աղջկան մասին կը խօսի պիտի ըսէ. «Դուն այնտեղ քրոջ մը չափ քաղցր ու պզտիկ ու գեղեցիկ մայրիկի մը նման բարի ես» (էջ70)։
Սիրած աղջկան զուգորդումը մօր եւ քրոջ անուններուն կամ պատկերներուն հետ, նոր չէ Շուշանեանի համար , այս բաղդատութիւնը կը կրկնուի գրեթէ ամէն գործի մէջ եւ իւրաքանչիւր հերոսուհիի պարագային, ինչ որ նոյն անգիտակից մղումը կը պարզէ ազգապիղծեան հակումներու, եւ ինչ որ չի կրնար ընդունիլ կամ գիտակցուիլ հեղինակին իսկ կողմէ:
Սիրած աղջկան զուգորդումը մօր եւ քրոջ անուններուն կամ պատկերներուն հետ, նոր չէ Շուշանեանի համար , այս բաղդատութիւնը կը կրկնուի գրեթէ ամէն գործի մէջ եւ իւրաքանչիւր հերոսուհիի պարագային…
Ինչպէս տեսանք, այս յարաբերութեան ամենէն հասուն, մօտ կամ գիտակից պարագան կը կազմէ Արուսեակի հետ կապը, որ հասկնալիօրէն չի կրնար բնական հունով զարգանալ. այս իմաստով ալ, վէպի վերջին 25 էջերուն յանկարծ կը յայտնուի Արմինէն, որ խորքին մէջ կու գայ փոխարինելու Արուսեակը . . .: Եւ յատկանշական է այս անցումը. Բաբգէն, ընկերներուն՝ Արշամի եւ Զարեհի հետ պտըտած ատեն, կը հանդիպի Արմինէի եւ ընկերուհիներուն։ Արմինէի հանդիպած է իր որբի դեգերումներուն ընթացքին, երբ Արշամի հետ ջրկիրութեամբ կը պարապէին (ի դէպ, Արմինէի հետ պատահած դէպքը գրեթէ ամբողջութեամբ «Առաջին սէրը» վիպակի առաջին հանդիպումը կր յիշեցնէ) ։ Ուրեմն Արմինէի հետ զրուցելով կը քալեն եւ ինք կը յիշէ Արուսեակը, անոր պահանջը կը զգայ.
Ո՜ Արուսեակ, Արուսեակ, կը մրմնջէին շրթներս, օրն ի բուն ու գիշերն ի բուն անունդ շրթունքներուս վրայ եւ ակնարկիդ լոյսը դէմքիս վրայ: Մարմինս կը դողդոջէ անձկութենէ ու հոգիս ծարաւ է ձայնիդ: Խանձած արտերու պէս կը վառիմ ու արիւնս կը բռնկի սիրոյս սաստկութենէն…: Յուզումէս շնչաբեկ կը քալէի ու դէմքիս վրայ կը գգայի Արմինէի ակնարկին քաղցրութիւնը (էջ 198):
Այս տոչորումէն կամ պահանջէն ետք, վէպին յաջորդ 16 էջերուն մէջ գրեթէ չկայ Արուսեակը (ինչ որ անտրամաբանական է), եւ Արմինէն կու գայ արագ քանի մը հանդիպումներով այն սէրը դառնալ, որ զինք երիտասարդութեան պիտի տանի, հերոսին մթին պատանութիւնը ետեւ պիտի մնայ, պիտի դառնայ անցեալ, ինչ որ դիւրին լուծում մը կը թուի, հնարք մը Արուսեակի հետ շուրջ 200 էջի վրայ զարգացած յարաբերութենէն դուրս գալու, որովհետեւ այդ կապը ազգապիղծեան մղումներու շրջագիծին մէջ կ՚իյնայ: Արմինէի յայտնւումն ու գլխաւոր հերոսուհիին փոխարինումը կարծէք կը հաստատէ նախորդող էջերուն նշուած բոլոր կասկածները, նշանները, եւ կը հիմնաւորէ մօր պատկերէն անջատուելու Շուշանեանի հերոսին անկարելի փորձը, անկարողութիւնը:
Խորքին մէջ , տուեալ երեք գործերը՝ «Առաջին սէրը» , «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը» եւ «Մթին պատանութիւն»ը, իրնեց գլխաւոր տիպարներով , հերոսներով կամ հերոսուհիներով , տիպարներուն գլխաւոր առանձնայատկութիւններով կամ հակազդեցութիւններով կը թուին ըլլալ առանձին բաժինները ամբողջական վէպի մը , որուն գլխաւոր հարցը պատանի հերոսին դժուար անցումն է դէպի պատանութին։
Եւ, անկասկած, երեք գործերն ալ , իրենց գլխաւոր գիծերուն մէջ , հեղինակային իմաստով ինքնակենսագրական բնոյթ ունին եւ կը հետեւին հեղինակին կենսագրութեան փուլերուն: Եւ որքան ալ խուսափինք ստեղծագործութեան մը մեկնաբանութիւնը հեղինակի մը կենսագրութեան կապելու փորձութենէն, չենք կրնար այս բաղդատութիւնը չկատարել հոս: «Առաջին սէրը» իբրեւ գործողութիւններու շրջապատ ունի Հալէպը, «Մթին պատանութիւն» անուն վէպին պարագային Պոլիս ենք, իսկ «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը» Պոլիսէն Հայաստան մեկնած սկաուտներն են, որոնք հանրապետութեան անկումէն ետք կը վերադառնան Պոլիս: Անկախ այս թուականներէն, տուեալ ստեղծագործութիւններուն մէջ յիշուած այլ թուականները եւս չեն խաչաձեւուիր – «Առաջին սէրը» վէպին հերոսը Պոլիս է, 25 ապրիլ 1919էն մինչեւ 20 ապրիլ 1920 եւ կը շարունակէ իր կեանքը 1924էն ետք (Փարիզ), ինչ որ կը նշանակէ, թէ երեք գործերուն գլխաւոր տիպարները գրեթէ նոյն օրերուն Պոլիս կը գտնուին … Իսկ վիպական ժամանակի (ժամանակագրութեան) հարցը յաջորդական, ամբողջացնող բնոյթ ունի երեք գործերուն պարագային եւ կը հետեւի հեղինակին կենսագրութեան կամ թափառումներու ժամանակաշրջաններուն։
Անկախ ժամանակային համընկնումէն, նմանութիւններ կարելի է գտնել որոշ դէպքերու պատումներէն, որոնք կր ներկայացուին տարբեր շրջապատներու մէջ, սակայն նոյն տեղէն կու գան։ Վերը յիշուած Արմինէի եւ «Առաջին սէրը» վիպակի հերոսուհիին հետ հանդիպումները վստահաբար նոյն դէպքը կը պատմեն։ Երկու պարագաներուն ալ պատանի հերոսը ընկերոջ հետ է եւ երկու ընկեր կը սիրահարին աղջկան, աղջիկը եւս որբ է եւ սպասուհի, երկու պարագաներուն ալ տղաքը ջրկիրութեամբ կը զբաղին եւ աղջիկը զիրենք կը կանչէ՝ տան մէջ մաքրութիւն ընելու համար։
Անշուշտ, նմանութիւնը այս պատահարով չի վերջանար։ Երկու պարագաներուն ալ պիտի հանդիպինք աւելի ուշ, Պոլիս: Արմինէի պարագային՝ ան այլեւս կ՚ուսանի եւ մօրաքրոջ տունը կը մնայ, «Առաջին սէրը» գործին հերոսուհին եւս այլեւս մօրաքրոջ տունը կը բնակի…
Սակայն այս աղջիկներուն գլխաւոր նմանութիւնը կու գայ անոնց նկարագիրներու կամ խառնուածքներու նոյնութենէն։ Երկուքն ալ աղջիկներ են, որոնք գիտեն Շուշանեանի կրաւորական ու վիպապաշտ հերոսին առնչութեամբ նախաձեռնութիւններ առնել, կը հետապնդեն, կր փորձեն հասկնալ իրենց սիրած տղան, անկեղծօրէն կը դրսեւորուին եւ սակայն խուսափումներու կը հանդիպին։ Արփիկի հետ հանդիպումի պարագաները նոյնը չեն, սակայն Արփիկ եւս նոյն խմորին կը պատկանի – Յովնանեան վարժարան կու գայ Երուանդի մօտ եւ աւելի ուշ մինչեւ Պաթում կ՚երթայ՝ համոզելու տղան, որ մնայ, սակայն այս վերջինը միշտ հաստատ կը մնայ մեկնումի որոշումին մէջ…
Ամէն պարագայի, ինչպէս իւրաքանչիւր գործին մէջ բաւական մանրամասն պարզեցինք, երեք գործերուն մէջ հիմնական նմանութիւնը գլխաւոր հերոսներու խառնուածքային նմանութիւններէն եւ հակազդելու եղանակէն կու գայ, պարզապէս այն տպաւորութիւնը ձգելով, որ հերոսներուն անունը կը փոխուի, սակայն անունին տակ միշտ նոյն անձը կը մնայ՝ հեղինակը։
Ասկէ առաջ ակնարկութիւն եղաւ Շուշանեանի հերոսին շրջապատէն օտարացումին եւ արտաքին կարծր դիմակին մասին, որ եթէ մէկ կողմէ խուսափումի դիմակ մըն է, միւս կողմէ, սակայն, արտաքին պայմաններու ազդեցութեան հետեւանքն է՝ խառնուածքին վրայ։ Այս մասին՝ կրկին «Մթին պատանութիւն» գործին մէջ պիտի անդրադառնայ.
Ինչպէ՞ս չէին զգար, թէ ամէն ոք երկրի վրայ իր ընտանիքը ունէր եւ ամէն ընտանիք իր կլիման։ Իր ընտանիքը որբանոցն էր այլեւս։ Որբանոցը իր ազատութիւնն էր ու իր ուրախութիւնը (էջ 96):
Սերունդ մը որ այլեւս ընկերային կապերը խզած է անցեալին ու ընտանեկան շրջանակին հետ եւ այլեւս որբանոցը կը զգայ իր ընտանիքը, հոն է այն հոգեկան կլիման, ուր կրնայ ազատ զգալ ու հանգիստ շնչել։ Անկասկա՛ծ որ նման մթնոլորտ մը կամ հոգեբանութիւն մը յստակ բեկում մը կը ստեղծէ որբերու աշխարհին եւ «միւս» աշխարհին միջեւ, ինչ որ կ՚անհանգստացնէ հերոսը եւ պատճառ կը դառնայ , որ կասկածոտ կամ թշնամական հակազդեցութիւններ ունենայ այդ աշխարհին նկատմամբ։ Նոյն գործին մէջ պիտի կարդանք. «Այո՛, այդ անտեղի, կպչուն, այդ արհամարհանքով խառն գրութիւնն էր անտարակոյս, որ արիւնս կը պղտորէր ամիսներէ ի վեր: Աքսորի մէջ չէինք գիտեր , թէ ի՛նչ է այդ գթութիւնը» (նոյն տեղը, էջ 169):
Խառնուածքով իսկ ըմբոստ երիտասարդի մը համար բնականաբար նման վերաբերում մը պիտի սրէր իր մէջ հակազդելու եւ մերժելու հակումը:
Սակայն այս բոլորէն ետք ո՞ւր կը հասնինք:
Ունինք երիտասարդ մը , որուն ներաշխարհը, իր բոլոր թելերով, կապուած կը մնայ իր ծննդավայրին՝ Ռոտոսթոյի, անոր մարդոց եւ բնութեան: Եւ այդ աշխարհի յանկարծական կորուստը կարծէք կ՚ընդհատէ իր ներքին փորձառական աշխարհին զարգացումն ու պատանեկութենէն երիտասարդութիւն (եւ աւելէ անդին) անցումը։ Այս մէկը կը բացատրէ եւ Շուշանեանի հերոսին վայրի մը չկապուելու կեցուածքը, ե՛ւ ըմբոստացումը , ե՛ւ կրաւորականութիւնը այլ պարագաներու: Նախապէս յիշուած այլ մեկնաբանութիւններու կողքին այս ծիրին մէջ կարելի է բացատրել նաեւ Շուշանեանի հերոսին վերաբերումը կիներուն նկատմամբ։ Այս առնչութեամբ թելադրական է հեղինակին օրագրութիւններէն քաղուած հետեւեալ հատուածը.
Տարօրինակ մէկը չէի անպայման, այլ մարդ մըն էի , որ մօրը աչքերով կը դիտէ երկիրն ու կիները («Օրագիրս» , Հայրենիք ամսագիր, 1942, թիւ 5, էջ 15)
Այս հաստատումը , անշուշտ , կ՚երթայ ամբողջացնելու «Մթին պատանութիւն» անուն վէպին առթիւ էոսիփեան շրջագիծին մէջ շարժող մեր վարկածները, ինչ որ կր նշանակէ, թէ Շուշանեանի հերոսը բանտարկեալը կը մնայ պատանեկութենէ երիտասարդութիւն անցնող ժամանակաշրջանին, այսինքն՝բանտարկեալը վայրի մը ուր իր փորձառական աշխարհը կը մնայ գամուած եւ ուրկէ չի յաջողիր դուրս գալ Շուշանեանի հերոսը։
ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Վազգէն Շուշանեան , «Մթին պատանութիւն» , Պէյրութ , 1956
Վազգէն Շուշանեան, «Մահուան Առագաստը եւ Առաջին սէրը» , Պէյրութ 1959
Վազգէն Շուշանեան, «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը», Պէյրութ, 1957
Վազգէն Շուշանեան, «Օրագիրս» , Հայրենիք ամսագիր , յուլիս—օգոստոս 1942էն մայիս—յունիս 1943։