Շաւարշ Նարդունիի կենդանագիրը կազմելու համար, առաջին տպաւորու­թեամբ, ունինք կարիքը ընթացիկէն հեռացող գոյներու, երանգներու: «Փա­րիզի տղոց» (գործածելով յ. Օշականի բնորոշումը) խումբին մէջ, ան միւսներէն կը զատորոշուի իր գործին անմիջական, շեշտօրէն ենթակայական նկարագրով, անմիջապէս աչքի զարնող այլազանութեամբ մը, որ ոչ-խորաթա­փանց Կարդալ աւելին
Իր կեանքին հանդէպ վերաբերումներէն ու հակազդեցութիւններէն մեկնած, Շուշանեանի հերոսը այն նոյն պատանին կամ երիտասարդը կը թուի միշտ, որ արտաքին տարբեր կերպարներու եւ կացութիւններու մէջ, կու գայ ինքզինք փնտռելու եւ կամ… ինքն իրմէ խուսափելու:
    «Աոաջին սէրը» , «Մթին պատանութիւն» եւ «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը» Շուշանեանի գրականութեան մէջ ներկայացուցչական գործեր կրնան նկատուիլ այս իմաստով։ Կարդալ աւելին
ՈՒՐԵՄՆ այսօր պիտի ներկայացնեմ Ջորջօ Ագամբէնի Մնացորդք Աւշուիցի գիրքը, որ լոյս աշխարհ եկաւ անցեալ տարի, 2020ին, կարծեմ՝ Օգոստոսին, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ծրագրած թարգմանչական շարքին որպէս հերթական միաւորը։ Եթէ ատոր «լոյս աշխարհ գալ» կ՚ըսեն, համավարակի օրերուն եւ կործանարար... Կարդալ աւելին