Մեր խօսքին հիմնական գաղափարը այն է, որ զուտ ազգային գրականութեան մը յղացքը ժամանակավրէպ է եւ թէ Սփիւռքը, կտրուած հայրենի հողէն ու ցեխէն, խզուած դարակուտակ անցեալի մը բեռէն ու մղումէն, ցիր ու ցան եւ անհեթեթ, կատարելապէս կարող է բարձրորակ գրականութիւն մը մշակել որ ըլլայ նաեւ ազգային։ Այս իրագործումին համար, Հայրենի Հող կոչուած բարոյական ու իմացական իրողութիւնը անհրաժեշտ չէ, ու կրնայ նոյնիսկ վնասակար ըլլալը։
Նախ՝ ճշդում մը։ Գրականութիւն ու մտաւորական յղացքները հոս առնուած են իրենց սեղմ, հայկական իմաստով, մնալու համար նիւթին պարտադրած զգացական շրջագծէն ներս։ Եթէ այդ բառերուն տայինք իրենց բուն սահմանումը, նիւթը բոլորովին կը փոխուէր։
Գրականութեան մը գոյութիւնը պայմանաւոր Է չորս ազդակներու ներգործութեամբ: Առաջինը, ամենէն կարեւորը, մշակութային, վերացական արժէքներու կենդանի ներկայութիւնն է։ Այսինքն, ճշմարտութիւն, գեղեցկութիւն, անկեղծութիւն ու իմացականութեան բոլոր պահանջները գերադասուին պիտի կեանքի, նիւթի, ողորմելի ճառախօսի ու կօշիկի մեծաքանակ վաճառականի մակարդակի արժէքներէն, գէթ մտաւորական ընտրանիին համար։
Երկրորդ ազդակը, օտար ազգեցութիւններու ներկայութիւնն է։ Երրորդը՝ բարձրորակ քանի մը միտքերու, ծնունդը։ Ու վերջապէս, չորրորդը՝ ժողովուրդ մը, կամ նախընտրաբար գրողին ժողովուրդը։
Ահաւասիկ ուրեմն, չորս պայմանները։ Ալ հարց կը ծագի՞ հայրենի երեւակայական հողի մը կամ ազգային կոչուած այլապէս մահկանացու, առնուազն մահամերձ գրականութեան մը։ Կ’արժէ քիչ մը աւելի մօտէն քննել իւրաքանչիւրը։
Առաջին տարրը, մշակութային նօրմերու արժեւորումն է։ Գրականութիւնը ոչ ժամանց Է, ոչ ալ դեղահատ, որպէսզի շուարած ամբոխներ երանաւէտ շօշափելի երջանկութեան մը մէջ թմրին ու սպասեն մահուան։ Ա՛յս պարագային՝ դառնան իրենց պապերուն օճախը ու հոն շարունակեն իրենց մարդ էակի անիծեալ ու անիմաստ գոյութիւնը։ Յետոյ, ինչպէս ակնարկեցինք քիչ վերը, գրական արժէքը աղերս չունի ժողովուրդի ու անոր ղեկավարներու, անոր ախորժակներու արժէքին հետ։ Կեանք ու արուեստ իրար հակադրուած եզրեր են։ Այնպէս որ մտքի արժէքները, գրողին համար՝ ամէն բանէ բարձր են ու այս պայմանով միայն ան արուեստագէտ է։ Ճշմարտութեան փնտռտուքն է ան ու անձնական ճակատագիր մը կ’իրագործէ։ Կեանքի, ջիղերու եռուզեռին ժամանակաւոր, անհեթեթ ու կիսատ բնոյթին դէմ ու անկէ վեր՝ մարդ Էակին գերագոյն ճիգն Է (կրօնէն ու միսթիսիզմէն զատ) կատարելութեան մը հասնելու։ Բազմութիւնները պիտի մուրան ու հայհոյեն, պիտի երազեն ու մեծնան, ուռին, ձգտին փառքի ու անմահութեան, սիրտը դրամի պիտի փոխեն ու հարստանան։ Գրագէտին համար տարբեր անմահութիւն ու հարստութիւն կայ, մթնոլորտի տարբեր բարձրութեան ան կը շնչէ։ Մակարդակներու եւ արժէքներու, այս տարբերութեամբ է, որ կարելի է գրական կեանք ու մշակութային ապրում ստեղծել։
…գրական արժէքը աղերս չունի ժողովուրդի ու անոր ղեկավարներու, անոր ախորժակներու արժէքին հետ։ …գրողին համար՝ ամէն բանէ բարձր են ու այս պայմանով միայն ան արուեստագէտ է։
Էլէքթրօնիք այս դարուն ուր մարդիկ ու մշակոյթներ քիթ քիթի նետուած են ու գիտական միտքը մեր քառակուսի արմատներէն բռնած քառակուսի թաղարներու մէջ կը սահմանափակէ, անհրաժեշտ դարձած է շեշտել թէ մշակոյթը ազատագրութեան հազուագիւտ սօրթի տը սըքուրներէն է։ Այսինքն գրողներ ու մշակոյթներ իրար կռնակ պէտք է տան ու կու տան անկախաբար այն իրողութենէն, որ իմացական առուտուր մը կայ, գաղափարներու փոխանակութիւն մը կայ առանց որու արուեստ ըսուածը Պնակ մը Կերակուրի խմբագրականի կը վերածուի ու հազիւ փոր մը կը կշտացնէ։
Այնպէս որ , որեւէ ազդեցութիւն, ուրկէ որ գայ ու ինչ մտավիճակ որ փոխադրէ՝ լա՛ւ է։ Խօսակցութեան մը ընթացքին, Պրն. Նարդունի կը յայտնէր թէ մեր արդի գրական կեանքին համար, բանագողութեան գնով իսկ եկած օտար ազդեցութիւնը բարեբեր է։ Ծայրայեղութիւնը անշուշտ աւելի ցայտուն կը դարձնէ մեր արդի կացութիւնը։ Ինքն իր մէջ կամ անցեալի կարօտին դարձած գրականութիւն մը դատապարտուած գրականութիւն մըն է, որովհետեւ եթէ գաղափարները չնորոգուին, կը հիննան, եթէ զգացումներ չճամբորդեն կը տժգունին։ Թագաւորական գերդաստաններ ու մեծահարուստ ընտանիքներ որոնք իրար մէջ կ՚ամուսնանան, շատ լաւ գիտեն այս իրողութեան ճշմարտութիւնը։ Կրնանք անվարան եզրակացնել, թէ մտաւորականութիւն մը որ արտադրական պատճառներով կը մերժէ բացուիլ օտար ազդեցութիւններու՝ կը դաւաճանէ իր կոչումին։ Ամէն պարագայի, դռնփակ գրականութիւն մը վախի, առնուազն անգիտութեան փաստ է։
Երրորդ պայմանի, բարձրորակ գրողներու մասին շատ քիչ բան կայ ըսելիք։ Եթէ գան, կու գան ու կը պարտադրեն իրենց աշխարհահայեացքը ու երկը։
Ինքն իր մէջ կամ անցեալի կարօտին դարձած գրականութիւն մը դատապարտուած գրականութիւն մըն է, որովհետեւ եթէ գաղափարները չնորոգուին, կը հիննան, եթէ զգացումներ չճամբորդեն կը տժգունին։
Շատ աւելի բան չունինք ըսելիք ժողովուրդի մասին։ Թատրոնէն զատ, գրական բոլոր սեռերը, իրենք կը պարունակեն իրենց ռէզօն–տէթրը։ Չկարդացուիլ, չհասկցուիլ, անտեսուիլ, ուրացուիլ՝ հետեւանքներ են լոկ գրական կեանքին ու չեն կրնար կշիռ ունենալ անոր ծնունդին ու զարգացման մէջ։ Փնտռել ու մանաւանդ գտնել արտաքին պայմաններու մէջ պատճառները գրական երկի մը կամ շարժումի մը կորանքին՝ կը նշանակէ չհասկնալ թէ ինչ է գրականութիւնը։ Ժողովուրդի մը գոյութիւնը սակայն, կրնայ դրական դեր խաղալ, հայթայթելով արուեստագէտին ազգային մօթիֆներ, անցեալէն կտակ մնացած ապրումներ հոգեբանական ճշմարտութիւններ, զորս ան կ՚օգտագործէ, եթէ պահանջը զգայ կամ եթէ կը զուգադիպին իր խառնուածքին։ Ալ չենք ծանրանար հայրենիքի մը գոյութեան վրայ, որ ժամանակավրէպ յղացք մըն է մեր դարերուն։ Գրողը պիտի տայ ինչ որ ունի գանկին մէջ ու եթէ ազգ ու Հայրենիք չեն ներշնչեր զինք, հարցը փակուած է։
Կը հասնինք ուրեմն մեր առաջին եզրակացութեան։ Այս չորս պայմաններէն եւ ոչ մէկը անկարելիութիւն է Սփիւռքի մէջ։ Կը հասկցուի անշուշտ որ մեզի համար, Սփիւռքը ծովէ ծով ու անկախ իրողութիւն մըն է, տեսակ մը առժամեայ ճակատագիր ու անոր բնակիչները այնքան Հայ են, որքան որեւէ դարու ու հողամասի Հայերը։
… մեզի համար, Սփիւռքը ծովէ ծով ու անկախ իրողութիւն մըն է, տեսակ մը առժամեայ ճակատագիր ու անոր բնակիչները այնքան Հայ են, որքան որեւէ դարու ու հողամասի Հայերը։
Արդ, ի՞նչ կարելիութիւններ կան այս վերոյիշեալ պայմանները ստեղծելու Սփիւռքի մէջ։
Նախ՝ մտաւորական մթնոլորտի հարցը։ Իր անունին արժանի մտաւորականութիւն մը կեանքի ու արուեստի պայքարէն կ՚առնէ իր ուժը։ Եթէ Սփիւռքի մտաւորականութիւնը իր մեծ մասով զուրկ մնացած է բարձրագոյն կրթութեան մը բարիքէն ու նաեւ չարիքէն, եթէ անոր նիւթական պայմանները շատ փայլուն չեն ու երբեմն ալ ոմանց ճակատագիրը 90ական թուականներէն մնացած հոգաբարձուի մը քմայքէն կախուած է, այսուհանդերձ ան կատարելապէս ի վիճակի է ընտրելու իր արժէքները, իմացականը ու հոգեկանը գերադասելու նիւթականէն։ Օրինակ մը տանք։ Սէր, երազանք ու բնութիւն երգելը, ինքնին, գէշ բան չէ ու եթէ յաջողի՝ արժէք է անկասկած։ Պայքար ու պոռթկում՝ կրկին յարաբերական արժէք մը ունին։ Բայց մտաւորական մթնոլորտ չեն ստեղծեր։ Միտքն է, պաղ ու անգութ իմացականութիւնն Է, որ տեւական պրկումի, թանսիոնի տակ՝ վառ կը պահԷ մշակութային կեանք կոչուածը։ Եթէ Սփիւռքի մտաւորականութիւնը ըմբռնէ այս իրողութիւնը, լծուի տարիներ, սպառող մատենադարանային ուսումնասիրական, պրպտումի, դասաւորումի աշխատանքին, իբր նիւթ առնելով մեր վերջին հարիւրամեակի ընկերային, պատմական ու գրական կեանքը, զայն վերագնահատելու համար, կամ ձեռնարկէ օտար մեծ հեղինակներու ու գրական շարժումներու հայացումին՝ այն ատեն կ’ունենաք այդ մթնոլորտը։ Անկարելի՞ բան է այս։
Միտքն է, պաղ ու անգութ իմացականութիւնն Է, որ տեւական պրկումի, թանսիոնի տակ՝ վառ կը պահԷ մշակութային կեանք կոչուածը։
Ասոր առաջին հետեւանքը այն պիտի ըլլայ որ պիտի բացուինք օտար ազդեցութիւններու։ Պէտք կա՞յ պատմութիւնը վկայ բերելու փաստելու համար այս ճշմարտութիւնը։ Հոն ուր մեր մտաւորականութիւնը բաց եղած է ուրիշ մշակոյթներու ազդեցութեան՝ հոն ծաղկած է մեր մշակոյթը – Վենետիկ , Վիեննա, Հնդկաստան, Զմիւռնիա, Պոլիս, Թիֆլիս, Փարիզ։ Մինչդեռ հոն ուր գոցած է իր մտքի պատուհանները, հոն ալ ամլացած է – Գաւառ, Հայաստան, Ամերիկա, Պարսկաստան ու Միջին Արեւելք։ Այսօր, մեր միակ գաղութը որ գոց ու մութ սենեակներու մէջ չ’ապաստանիր, Պոլիսն է ու հո՛ն է մեր յոյսը, հոնկէ պիտի ծագի, հեռու կամ մօտ կէսօր մը, մեր գրականութեան նոր վերածնունդը։
Վերստին շատ բան չունինք ըսելիք մեծ արուեստագէտի մը ծնունդի մասին։ Կու գայ, կը յուսանք…։ Ո՞վ հրաւիրատոմս ղրկեց Աբովեանին, Դուրեանին։
Գալով ժողովուրդին, ան կա՛յ՝ իր թրքախօս բարերարներով ու ֆութպոլիստներով , իր սրտակեղեք վարժապետներով ու ակումբի պահակներով։ Կայ զանգուածը, թիւի ու յուզումի հսկայ շտեմարան։ Ու կայ դեռ լեզուն, ապրող ու՝ տագնապող իրականութիւն։
Ուրեմն, չորս պայմանները իրագործելի են, բան մը՝ որ ամբողջութեամբ կախում ունի մեր մտաւորականութեան կամքէն ու պարկեշտութենէն։
Հոն ուր մեր մտաւորականութիւնը բաց եղած է ուրիշ մշակոյթներու ազդեցութեան՝ հոն ծաղկած է մեր մշակոյթը – Վենետիկ , Վիեննա, Հնդկաստան, Զմիւռնիա, Պոլիս, Թիֆլիս, Փարիզ։ Մինչդեռ հոն ուր գոցած է իր մտքի պատուհանները, հոն ալ ամլացած է – Գաւառ, Հայաստան, Ամերիկա, Պարսկաստան ու Միջին Արեւելք։
Հասանք վերջին հարցին։ Ի՞նչ աղերս կայ այս բոլոր ըսուածին եւ ազգային գրականութիւն ու հայրենի հող յղացքներուն միջեւ։
Ազգային կը կոչենք այն գրականութիւնը, որ ազգի մը զգալու, մտածելու ու գործելու եղանակներուն դրոշմը կը կրէ։ Արդ, եթէ Սփիւռքի կը պակսին այսօր ազգ կոչուելու արտաքին պայմանները՝ ան սակայն ժողովուրդ մըն է։ Հետեւաբար եթէ ազգային գրականութիւն չենք կրնար մշակել, կրնանք գէթ հայ գրականութիւն մը ծաղկեցնել հոս ու հոն: Մենք հո՛ս ունինք իրականութիւն մը, հազիւ կորզուած ճակատագրէն ու մենք հայ ենք։ Զո՞վ կը խաբենք երբ դարձած հարիւր տարի առաջուայ իրականութեան մը ու անոր ստեղծած մարդերուն ու արժէքներուն՝ գրականութիւն մը կը զարգացնենք ու կը յաւակնինք զայն ազգային կոչել։ Օրինակ, դառնալ Հայրենիք ու անկէ ներշնչուիլ կարելի բան է։ Բայց մենք ծանր կասկածի տակ կը դնենք այդ ապրումին վաւերականութիւնը, մանաւանդ որ ոչ 19րդ դարու Հայրենիքի ոչ ալ ներկայ Հայրենիքի ոգեկան ու մանաւանդ գրական արժէքները կը զուգադիպին մեր ներկայի զգայնութեան ու ապրումին։ Հայրենասիրութիւնը հոյակապ բան է բայց գրողը եթէ բանէ մը պիտի ներշնչուի՝ այդ պէտք է ըլլայ իր դարը, իր աշխարհը, իր անմիջական ժողովուրդը։ Նուազագոյն մտադրութիւնը չունինք օրէնք սահմանելու արուեստի մէջ, բայց համոզուած ենք որ միայն ա՛յս ձեւով կարելի պիտի ըլլայ մեզի Սփիւռքը փրկելու, Պոլիսն ու Հայաստանը կորսնցնելէ վերջ։ Մնաց որ իրականութեան մԷջ, Հայրենիքն է որ, իր ներկայ պայմաններուն մԷջ, իր սնունդը մեզմէ պէտք է առնէ, մեզմէ՝ որ ազատ աշխարհի ազատ մշակոյթին մէջ կ’ապրինք ու կը ստեղծենք։ Դժբախտաբար, Սփիւռքը դեռ այդ բարձրութեան ու խորութեան չէ հասած։
…գրողը եթէ բանէ մը պիտի ներշնչուի՝ այդ պէտք է ըլլայ իր դարը, իր աշխարհը, իր անմիջական ժողովուրդը։ Նուազագոյն մտադրութիւնը չունինք օրէնք սահմանելու արուեստի մէջ, բայց համոզուած ենք որ միայն ա՛յս ձեւով կարելի պիտի ըլլայ մեզի Սփիւռքը փրկելու
Հետեւաբար, իր լայն առումով, ազգային գրականութիւն է այն զոր կը մշակեն ազգի մը զաւակները։ Իր նեղ առումով, զուտ ազգային բառը գրականութեան մը՝ արժէքը չի բարձրացներ անպայման։
Եզրակացութիւն։ Գրականութիւնը ամէն բանէ աւելի տիեզերքի ամայութեան մէջ նետուած ըմբոստացումի անկաշկանդ ճիգերու գումար մըն է։ Կեանքը սակայն համակերպումի ձեռնարկ մըն է, սակարկութեամբ ու ճարպիկութեամբ իրագործուած։ Ու բոլորովին տարբեր, հակադիր են կանոնները եղերական այս երկու խաղերուն։
Հայրենիքն է որ, իր ներկայ պայմաններուն մԷջ, իր սնունդը մեզմէ պէտք է առնէ, մեզմէ՝ որ ազատ աշխարհի ազատ մշակոյթին մէջ կ’ապրինք ու կը ստեղծենք։ Դժբախտաբար, Սփիւռքը դեռ այդ բարձրութեան ու խորութեան չէ հասած։
Այս պայմաններու տակ, Սփիւռքը առանց հայրենի հողի ու ազգային հաւաքական, հասարակաց ապրումի, կատարելապէս կարող է գրականութիւն մշակելու։ Թէ ո՞ր չափով ազգային կ’ըլլայ այդ գրականութիւնը՝ սահմանումի հարց է։ Եթէ Հայ ենք, ուրեմն մեր գրողներու գործը հայ գրականութիւն կը կոչուի, որ անկասկած աւելի բան մըն է քան ազգային գրականութիւնը։ Իսկ եթէ Հայ չենք… հարցը գոյութեան իրաւունք իսկ չունի։