«EVERYONE seems to think that trauma calls for archive… The archive is itself the very trauma it would resolve»[1]«Ամէն մարդ կը խորհի որ traumaն (հոգեխոցը) արխիւ կը պահանջէ… արխիւը ինքն է նոյն այն հոգեխոցը, զոր ան կը փորձէ … Continue reading.
Ռեբեկա Քոմէյի կրկնակի այս նախադասութիւնը, որ կը գտնուի հսկայածաւալ ու տպաւորիչ այն հատորին մէջ, որ կը կոչուի Lost in the Archives, յաճախ թիւրըմբռնուած է, կարծես ան ուզէր դատապարտել կուտակելու մարմաջը (իրեր, հետքեր, ապացոյցներ, փաստաթուղթեր), կարծես ըսէր՝ թէ շատ յիշելը վատ է յիշողութեան համար։ Սակայն արխիւը յիշողութիւնը չէ։ Ան աւելի ճիշդ հակառակն է, յիշողութեան աղէտն է։ Այդպիսի աղէտէ մը վերապրող մը ինքն իրմէ ամբողջովին կտրուած է, որովհետեւ կտրուած է նաեւ այն դէպքէն, որ զինք դարձուցած է վերապրող։ Ահաւասիկ արխիւին առաջին ու էական եզրը։ Որպէս հետեւանք, ամէն անգամ որ որոշակի արխիւ մը ցուցադրութեան կը հանենք, վերապրողը կը յայտնուի (ու կ՚անյայտանայ) պատկերին ետեւ որպէս այն, ինչ որ է. մեռեալ վկան[2]Մարկ Նշանեան, Which Archive for the Survivor (Ո՞ր արխիւը վերապրողին համար), SALT մշակութային հիմնարկի Ղալաթիոյ մասնաճիւղին … Continue reading։
Արխիւը արուեստի ծիրէն ներս թափանցած էր արդէն Տեռիտայի Mal d’archiveէն[3]Ժաք Տեռիտա, Mal d’archive, Edition Galilée, Փարիզ, 1995։ Հատորին անգլերէն թարգմանութիւնը կը կոչուի Archive Fever։ Հայերէն … Continue reading առաջ, վիտէօ արձանագրութեան մատչելի դառնալուն հետ ու որպէս հետեւանք, թէ՛ որպէս կառուցողական ոճ՝ վաւերագրականի յարաչափերը հրմշտկող, թէ՛ որպէս զգուշացում՝ Մեծ եղբօր ձեռք անցած CCTV[4]CCTV կրճատումն է Closed-Circuit Televisionի, որ կը յատկանշուի իրար կապուած ու կեդրոնէ մը ղեկավարուող տեսախցիկներու ցանցով։ի ամենուրէք հսկող ներկայութեան մասին, անոր արձանագրելու ու արձանագրուածը պահելու կարողութեան ու կարողականութեան դէմ յանդիման[5]Ամէնուրեք հսկող վիտէօ-քամերաներու մասին առաջին անդրադարձ կատարող արուեստագէտը եղած է Julia Scher։ Անոր մասին … Continue reading։
2000ականներէն ասդին սակայն, Տեռիտայի Mal d’Archiveի հրատարակութենէն ետք, արխիւի խնդրականացումն էր ինքնին, որ մուտք կը գործէր արուեստի ոլորտ[6]Տե՛ս How the Art World Caught Archive Fever (Արուեստի աշխարհը ինչպէ՛ս բռնուեցաւ արխիւախտով) գրութիւնը Artspaceի կայքէջին վրայ, … Continue reading։
Մեծ գաղտնիք մը չէ նաեւ, որ վերջին յիսուն տարիներուն թանգարանները դադրած են տիրող մշակոյթներու գլուխ գործոցներ ցուցադրելու ծառայող տարածքներ ըլլալէ, որպէս հետեւանք՝ ցուցահանդէսներ համադրող խնամակալներու տուած որոշումներուն ու առած քայլերուն. խնամակալային (curatorial) արարքներ, որոնք հիմնովին խախտած են թանգարաններու նախկին այդ հանգամանքը։
Այս օրերուն, այդ տարածքները կը հանդիսանան շատ աւելի կենդանի ու կենսունակ վայրեր, ուր գործեր կու գան սկսիլ, զարգանալ, իրենք զիրենք հարցաքննել, շրջապատի հարցերուն միջամտել, զանոնք խնդրականացնել, լուծումներու տեղ նոր հարցեր յարուցանել, եղածները բարդացնել, փոխանակ ծառայելու որպէս վայրեր, ուր կը կազմակերպուին լրումի հասած գլուխ գործոցներու ցուց/ա/հանդէսներ։
Իսկ Մեծ եղբայրներու առատութեան եւ այո-ոչերու շտեմարաններու գերիշխանութեան այս օրերուն, արխիւի ու արխիւացման արժանանալու չափանիշները, բարեացակամ կամ չարագուշակ, անհեթեթ չափերու հասած են ու մոռնալը մոռցած, մէկ քայլով՝ յանձնուած ենք Պոտռիյարի նախատեսած “ecstasy of communication”ին (հաղորդակցութեան յափշտակութիւնը)[7]«Խայտառակութիւնը (obscenity) կը սկսի երբ այլեւս չկայ ո՛չ մէկ ներկայացում, ո՛չ մէկ բեմ, ո՛չ մէկ թատրոն, ո՛չ մէկ … Continue reading։
Պէտք չէ մոռնալ, որ Տեռիտայի ապակառուցումը արուեստի աշխարհի հարցադրումներէն ներս մուտք գործած էր արդէն ութսունականներէն սկսեալ, Mal d’archiveէն առաջ, յատկապէս կատարողական տեսագրութեան (performance video) ու յղացական արուեստի դաշտերէն ներս եւ հոն բեղուն հող գտած։
(Ըրածս հոս չափազանց անբաւարար յետնաշխարհ մը ուրուագծել եղաւ, անգամ մը եւս դիտել տալու համար, որ առհասարակ ընդունուած եւ ամէնուրեք չափանիշ դարձած այդ մօտեցումները հայկական Սփիւռքի ներքին զրոյցներուն մաս չեն կազմեր, հակառակ անոր բնակչութեան ստուար մասին Արեւմուտքի արուեստի եւ մտաւորական կեդրոնները փոխադրուած ըլլալուն։ Մինչ Արեւմուտքի մէջ, արուեստի մօտեցումներուն մէջ յաճախ տիրական են մարքսիստ՝ ձախակողմեանի միտող կողմնորոշումներ, հայկականին մէջ կը յամենան ու գերիշխող կը մնան նախադրամատիրական չափանիշներ։ Հանրապետութիւնը իր կարգին ինքն իր հարցերը ունի, ուր կը կարծեմ որ Սովետի գրաքննութենէն ազատագրուիլն ու ազատ շուկան մէկը միւսին հետ կը շփոթուին եւ տակաւին չեն գիտեր ի՞նչ ընել ձեռք ձգուած ազատութեան հետ)։
***
Ուրեմն ուրկէ՞ մուտք գործել արուեստի այս աշխարհէն ներս եւ ի՞նչ ընել հոն։
00:13:40 – 00:13:58[8]Վայրկեանները կը յղուին Մարկ Նշանեանի դասախօսութեան տեսագրութեան՝ Marc Nichanian: Which archive for the survivor? … Continue reading
«… հրաւիրուած ենք կատարելու անդրադարձ մը արխիւին վրայ՝ եզակի դէպքի մը առիթով… արխիւի մը թանգարանային ցուցադրութիւնը։ Արխիւը մտած է թանգարան»։
Ներածականի պարբերութեան նման, այս մէջբերումն ալ կու գայ Մարկ Նշանեանէն, որ 2016ին հրաւիրուած էր Պոլսոյ SALT հիմնարկին կողմէ «Empty Fields»՝ («Դատարկ դաշտեր»)[9]Ցուցահանդէսի գրքոյկը կը բացատրէ, թէ 2015ին, երբ սկսեր են American Board of Commissioners for Foreign Missionsի (ABCFM) ընդարձակ արխիւներու … Continue reading, որ կը հանդիսանայ արխիւին խնամատարը։ 2014ին SALTը Մարիաննա Յովհաննիսեանին կը դիմէր որպէսզի ան օգնէ բազմալեզու այս արխիւի դասակարգումի գործին, որմէ ետք անոր կը յանձնարարէր կազմակերպել ցուցահանդէս մը, որ խորհրդածէր տրամադրութեան տակ գտնուող պարունակութեան ժամանակակից միջամտութեան վրայ (that reflects on the contemporary agency of the available content)»։ Գրքոյկը տրամադրելի է https://saltonline.org/media/files/empty-fields_exhibition-pamphlet-1.pdf յղումով։)) ցուցահանդէսին փիլիսոփայական իր միջամտութիւնը բերելու, գործը ամբողջացնելու հոլովոյթին մաս կազմելու համար։
Վերլուծումը պիտի սկսի ուրեմն ցուցահանդէսի նախադրեալէն, որովհետեւ հոն թանգարան-խնամակալ-արուեստ-արխիւ տարածքին վրայ խանգարում մը կը պատահի։ Եզակի դէպք մը՝ ինչպէս կ՚ըսէ Մարկ.
«Ի՞նչ կը պատահի երբ արխիւը կը մտնէ թանգարան։ Կը չափուի՞ արուեստին։ Իր կարգին կը վերածուի արուեստի՞։ Անկարելի բան։ Ուրեմն ի՞նչ է կատարուածը։ Արխիւի եւ արուեստի միջեւ սահմա՞նն է արդեօք, որ կը դառնայ պղտոր։ Բայց չէինք գիտէր իսկ, թէ երկուքին միջեւ սահման մը կար, այսինքն հասարակաց գիծ մը, թէկուզ բաժանող ու բաշխող, թէկուզ սահմանող ու սահմանադրող[10]Մարկ Նշանեան՝ Պատկեր պատում պատմութիւն, Հատոր 2. մրցակցութիւններ, Երեւան, Յովհաննիսեան Ինստիտուտ, 2016, էջ 21։։
Ինչ է այդ խանգարումը։ Վերեւ յիշած արուեստի շարժումներուս ու ոճերուս մէջ[11]Անուններուն համար տե՛ս ծանօթ. թիւ 6։ արուեստագէտն է հեղինակը, հետեւաբար արուեստն է որպէս արխիւ թանգարան մտնողը։ Փրոֆ. Յովհաննէս Մանիսաճեան սակայն արուեստագէտ չէր։ Հայ-գերման ծագումով այս գիտնականը օրին որոշ հռչակ ունեցած է որպէս բուսաբան ու պաշտօնավարած Մարզուանի Ամերիկեան գոլէճը[12]Anatolia Collegeը Մարզուան հաստատուած էր ամերիկացի միսիոնարներու կողմէ, 1886ին։ Ուսումնական ծրագիրը կը բաղկանար չորս … Continue reading։ Դահիճի ճիրաններէն հազիւ ճողոպրած՝ վերադարձեր էր գոլէճի ամայի շէնքը[13]Միացեալ Նահանգներու պատերազմ մտնելէ ետք, հաստատութեան ամերիկացի խնամակալները չէին կրնար շարունակել մնալ … Continue reading ու անոր բոյսերու հաւաքածոյին գրացուցակը պատրաստեր։ Այս նախաձեռնութիւնը կը թուի իրականութենէն կտրուած՝ գրեթէ խելագար նախաձեռնութիւն մը, արխիւագրողի մեքենայացած աշխատանք, առանց որեւէ ստեղծագործական նախադրեալի։
SALTի սրահներուն մէջ ցուցադրուածը խնամակալին՝ Մարիաննա Յովհաննիսեանի համադրական աշխատանքին արդիւնքն է։ Նշանեան կը մէջբերէ Յովհաննիսեանի հետեւեալ տողը որպէս գիւտ, զայն վերցնելով ցուցահանդէսի գրքոյկի 5րդ գլուխէն, էջ 33. «Այսպէս, Փրոֆ. Մանիսաճեանի խնամակալական այս վերջին արարքը պիտի դառնար իր առաջին արխիւային արարքը»։ Այո, սակայն արխիւին դէմ յանդիման կը գտնուինք թանգարանին մէջ։
Պահ մը կայ ուրեմն, ճշգրիտ պահ մը, որմէ ետք արխիւը կը դառնայ արուեստ։
Այս է Մարկին բացած ծրարը։
00:36:07 – 00:38:10
Հասկցանք որ վճռական պահը այն մէկն էր, երբ Մանիսաճեան յաճախանքէ հալածուած սեւեռումով մը լծուեր էր ցուցակ պատրաստելու գործին հաւաքածոյի մը համար, որ երբեք այլեւս պիտի չցուցադրուէր։ Հասկցանք որ վճռականը այդ վճռական պահուն մէջ ոչ թէ անոր պարունակութիւնն էր, այլ արարքը, արարք մը որ պիտի փոխէր ինքնիր արարքի բնոյթը, կամ փոփոխուող բնոյթը արարքին խնամակալականէն դէպի արխիւայինի։ Ճիշդ այդ արարքի բնոյթի փոփոխութիւնն է որ ցուցադրուած էր ձեր ցուցասրահի պատերուն վրան շնորհիւ Մարիաննա Յովհաննիսեանի կատարած խնամակալական աշխատանքին ու SALTի կողմէ հիւրընկալումին։ Ճիշդ այդ արարքի բնոյթի փոփոխութիւնն է որ կը հրամցուի հանդիսատեսի նայուածքին։ Արխիւն է որ ունինք այստեղ իր յայտնութեան, իր երեւումի պահուն։ Պատերուն վրայ մեր տեսածը ուրեմն բնագիտութեան ցուցակը մը չէ, այլ ցուցակը արդէն իսկ վերածուած արխիւի։ Արխիւի վերածուած էր գրուելու իսկ պահուն՝ շարադրումի, կազմաւորման պահուն։ Այնպէս որ արխիւային բնոյթը, պատերուն վրայ ցուցադրուածը չի գար այդ ցուցակին American Board of Commissioners for Foreign Missionsի արխիւին մէջ հարիւր տարի ետք գտնուած ըլլալու հանգամանքէն, պատահած երկու տարի առաջ։ Արխիւային բնոյթը հոն էր արդէն ի սկզբանէ։ Արխիւ-դարձած-ցուցակը ինքն իր մէջ արձանագրած էր Աղէտը այն պահէն իսկ երբ կը յղացուէր ու կը սկզբնաւորուէր։ Ասիկա անխուսափելի պայմանն էր հասկնալու համար այն, ինչ կոչեցի ցուցահանդէսին եզակի դէպքը։ Արխիւը իբրեւ այդ է որ մուտք կը գործէր թանգարան, ինչ որ կը նշանակէ թէ ան ինքն իրեն համար առաջացուցած էր տարածութեան մէջ տեսանելիութիւն մը, ինքզինք հրամցուցած ժամանակակից տեսողութեան եւ այդ ընելով պատճառ դարձած որ Աղէտը պատկերին ետեւ փալփլի ու փայլատակէ։
Նշանեան եզակի այս դէպքին զուգահեռը կը տեսնէ Յակոբ Օշականի Համապատկերով կատարածին մէջ, ուր 10 հատորի 5000 էջերուն վրայ ան գրի կ՚առնէր արեւմտահայ գրականութեան 1915ին կանգ առած ոդիսականի պատմութիւնը, կը ցուցակագրէր ու մաղէ կ՚անցնէր անոր բոլոր գրողներն ու գործերը, եւ անոր կու տար Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան խորագիրը։ Այսինքն կը կատարէր նոյն տեսակի արարք մը ինչպէս Մանիսաճեան ու պատկերը կը զետեղէր խորագրին իսկ մէջ. արխիւային աշխատանք մը, զոր մեզի ցոյց կ՚ուզէ տալ որպէս համ/ա/պատկեր։
00:50:37 – 00:51:14
Եզակի կը դառնայ միայն եթէ կարենանք արխիւային պատկերներուն մէջ, բոլոր արխիւային պատկերներուն, պատկեր-դարձած-արխիւին մէջ տեսնել ներկայութիւնն ու բացակայութիւնը վերապրողին, հալածող պատկերը վերապրողին։ Եզակի կը դառնայ եթէ ամէն անգամ որ պատկերին մէջէն, լուսանկարչական պատկերին ետին ու անդին կարենանք վերապրիլ այն պահը, երբ խնամակալը կը վերածուի արխիւացնողի։ Այս էր դասախօսութիւնս։
Ուրեմն ի՞նչ կը թելադրէ Նշանեանի մատնանշած եզակիութիւնը եւ ինչո՞ւ 50 վայրկեան ետք, ներկայացման վերջաւորութեան, զայն կը շրջէ գլխիվայր։
Թելադրութիւնը յստակ է։ Ցուցահանդէսը համադրող խնամակալին գիւտը, որ կ՚ըսէր թէ Մանիսաճեանի վերջին խնամակալական արարքը պիտի դառնար իր առաջին արխիւային արարքը, ամբողջանալու համար պէտք ունի տեսաբանին, փիլիսոփային բերելիք միջամտութեան, պէտք ունի անոր բերելիք մտածումի բովէն անցնելու։ Արխիւը կայ առաջին պահէն։ Սակայն թանգարան մուտքն է, որ որպէս եզակի արարք արխիւը կը վերածէ հալածող պատկերին, ուր կու գայ յայտնուիլ ու անյայտանալ միաժամանակ վերապրողը։ Ասոր կ՚ակնարկէ Նշանեան, երբ կ՚ըսէ՝ այս էր դասախօսութիւնս։ Արխիւը գլխիվայր կը շրջուի դառնալու համար պատկեր եւ ցուցադրուելու որպէս այդ՝ թանգարանի պատերուն վրայ։ Այնպէս որ ցուցահանդէսի ծիրէն ներս կազմակերպուած դասախօսութիւնն ու հրաւէրը մաս կը կազմեն ցուցահանդէսին որպէս կենդանի գործ, անոր մտածումի, ծաւալման ու ամբողջացման արարումին։ Առանց այդ միջամտութեան, արխիւի թանգարան մուտքի լրիւ տարողութիւնը երեւան պիտի չգար։ Նշանեան հոն ցուցադրուածը կը վերբերէ որպէս պատկեր, ուր վերապրողը կու գայ յայտնուիլ ու անյայտանալ։ Ան է որ կը հսկէ թանգարանի պատերէն։
Արուեստը պէտք ունի այդ միջամտութեան, որպէսզի ինք իր կարգին մտածէ։
Աւելցնենք որ այսօր արուեստի ուսուցման առաջնակարգ ծրագիրները նոյնքան եւ աւելի պահեր կը տրամադրեն ուսանողներու գործերուն ինքն/ա/վերլուծման եւ ինքն/ա/քննարկման՝ որքան աշխատանոցայինին։
00։11։26 – 00:12:12
Ո՞ր արխիւը վերապրողին համար։ Այո, ո՞ր արխիւը։ Վկայութիւններու հաւաքածո՞յ մը գուցէ ամերիկեան համալսարանի մը դարաններուն վրայ, լուսանկարներու հաւաքածո՞յ մը, դիւանագիտական արխիւներու մէջ մեզի համար պահ դրուած փաստաթուղթե՞ր, կամ դահիճներու եւ վկաներու յուշերը, որոնք կը սպասեն պատմաբանի աշխատանքին։
Այո, ո՞ր արխիւը վերապրողին համար, երբ արխիւացման կարողականութիւնն է որ զիս կը զրկէ ենթակայ ըլլալու կարողութենէն։ Եթէ անոր պատճառով դատապարտուած եմ վերապրող ըլլալու առ յաւէտ։
Traumaն հայերէնով թարգմանեցինք որպէս հոգեխոց, սակայն այդ եզրը անբաւարար է։ Traumaն յստակ դէպքի մը պահուն՝ թուականին, վայրին, պատահարին կը յղուի, ենթակայի անցեալին մէջ հոգին խոցող դէպքի մը կամ դէպքերու, ճակատագրական ցնցումային այն պահուն կամ պահերուն, որոնք դէպքի հորիզոն մը կը կազմեն եւ որ ապրողը կը դարձնեն վերապրող, ան որ պատկերին ետին պիտի յայտնուի ու անյայտանայ, ինչպէս կ՚ըսէ Մարկ։ Բայց ո՞ր պատկերին ետին եւ ճիշդ ո՞վ է հոնկէ նայողը, նայուածքը որո՞ւն վրայ կը սեւեռէ, մե՞ր վրայ։ Ճիշդ ո՞ր ժամանակէն կը նայի երբ ներկայի ու անցեալի պահն ու պատահարի ժամանակային տարածքները կորսնցուցած են այլեւս իրենց չափորոշիչ եզրերը։ Ի՞նչ կը տեսնէ, ով է իր տեսած մենքը, իսկ մեր տեսածը իր ալ տեսանկիւնէն տեսնուա՞ծն է։
Հոս, դասախօսութեան այս պահուն, Նշանեան փակագիծ կը բանայ, բոլորովին անձնական փակագիծ մը ու կը խօսի մօր մասին, իր մօր, անոր վերապրող դառնալուն, եւ կու տայ զինք ցկեանս վերապրող դարձուցած դէպքին պատմութիւնը։ Խօսքը traumaին մասին է, որմէ ետք կրկին հարց պիտի տայ՝ ուրեմն ո՞ր արխիւը վերապրողին համար, ինչ որ հոս հարցում մը չէ այլեւս, այլ աղաղակ մը։
Վերապրողը, որ շունչ շունչի ետեւէ կը քաշէ բայց չի շնչեր, ինքն իրեն դուրսէն կը նայի, սակայն չի ճանչնար ինքզինք։ Արխիւը ճիշդ ի՞նչ լուծում կրնայ բերել անոր, ի՞նչ դարման։
Առաջին անգամը չէ, որ Մարկ այս տարազումները կը մտածէ գրականութեան ու կերպարուեստի բնաբաններուն ընդմէջէն։ Հոս, սակայն, հայուն եւ հայերէնին փորձառութենէն եկածն է, որ կը տեղադրէ օտարի աչքին առջեւ արխիւին արուեստի վերածուելու պահուն իսկ։ Հարցերը անոնց առջեւ է, որ կը դրուին։ Հոնկէ կը հարցաքննէ ան օտարը։
Կ՚ուղղուին նաեւ մեզի, որպէս անհատ ու հաւաքականութիւն որ չի կարդար այլեւս կամ չէ կարդացած երբեք Յակոբ Օշական, ան որ կանուխէն սկսած էր մտածումի այդ աշխատանքին, հարցերը բերած արուեստի բնագաւառ։ Այս է պատճառը, որ Աղէտը գալիքին յատուկ ծածկանունն է։
«Իսկ հիմա, ըսեմ որ Աղէտը գաղտնի բառ մըն է դէպքին համար, ի շարս այլ պատճառներու անոր համար նաեւ, որ Յակոբ Օշականի գործը երբեք կարդացուած չէ։ Արդեօ՞ք հասցէագրուած էր ան հայ ընթերցողին։ Հասցէագրուած էր գուցէ համա՞յն աշխարհին, քաղաքակիրթ մարդկութեա՞ն։ Չեմ գիտեր։ «Երբեք կարդացուած չէ»ն հոս ըսել կ՚ուզէ թէ երբեք արժեւորուած չէ որպէս Աղէտին մեզի համար վերածուիլը ընթերցումի հորիզոնի, մեզի որպէս հայեր, որպէս բարեացակամ մարդիկ»[14]Զրոյց Դաւիթ Գազանճեանի եւ Մարկ Նշանեանի միջեւ՝ «Ցեղասպանութեան եւ Աղէտի միջեւ» (“Between Genocide and Catastrophe”), David … Continue reading։
***
Օտարը եզակի չէ։ Հայն է, որ իր երեւակայականի եզակիէն կը ներկայանայ յոգնակի օտարին։ Ձեռնարկը տեղի կ՚ունենայ Պոլսոյ պատմական Պանք Օթոմանի շէնքի պատերէն ներս, ուր եկած է հաստատուիլ SALT հիմնարկի Ղալաթիոյ մասնաճիւղը։ Հոն է, որ Մանիսաճեանի արխիւը կը դառնայ արուեստ, Մարիաննա Յովհաննիսեանի խնամակալութեան ներքոյ եւ հոն է, ուր կը հնչէ Մարկի դասախօսութիւնը (թէկուզեւ հեռակայ ձեւով՝ սքայփի միջամտութեամբ)։ Ուրեմն ինչպէ՞ս նայիլ թուրքին։ Ո՞վ տեսնել հոն։ Լոկ օտա՞ր մը այլ օտարներու շարքին, կամ «եզակիացնող»ը ինքնին։
Վերապրող, վկայութիւն, վկայ, վկաներ որոնք անկարող են վկայելու, արխիւ, յուշ, յիշողութիւն։ Յիշողութեան աղէտը։ Վերապրողին արխիւը։ Արխիւացումի գործողութեան բերած խաբուսիկ խաբկանքը։ Այսինքն բոլոր այն հարցերը, որոնք վերջերս մանաւանդ, հարիւրամեակին շուրջ պիտի դառնային տագնապահար հայ արուեստին ու արուեստագէտին մտասեւեռումները, բայց ոչ անոնց մտատանջութիւնները։ Խօսքս անշուշտ կերպարուեստի մասին է։ Գրականութիւնը զանց կ՚առնեմ, քանի որ հոն կան յարգելի բացառութիւններ։ Այդ գրականութիւնը սակայն անծանօթ կը մնայ մանաւանդ Արեւմուտք հաստատուած ժամանակակից հայ արուեստագէտին, անոր որ հազիւ հայերէն կը խօսի կամ նոյնիսկ եթէ գիտէ կարդալ, ծանօթ չէ, լսած չէ, կարդացած չէ նիւթին շուրջ հայերէնով գրուածը եւ ուրեմն անկարող է զայն ներառնելու ու մտցնելու փնտռտուքի իր սեփական բովէն ներս։ Գիրը սահման չ՚անցնիր ու հոնկէ եկածը արուեստի կերպերուն հետ շփման մէջ չի դրուիր։ Դժբախտաբար հակառակն ալ ճիշդ է. արուեստի կերպերէն դէպի գրականութիւն անցքն ալ խցուած է։ Երկուստեք այդ նաւարկութեան մէջ մէկ բացառութիւն կայ միայն եւ կը կոչուի Մարկ Նշանեան։
***
ՓՈԽԱՆ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԵԱՆ
00:50:37 – 00:51:14
Եզակի կը դառնայ միայն եթէ կարենանք արխիւային պատկերներուն մէջ տեսնել, բոլոր արխիւային պատկերներուն, պատկեր-դարձած-արխիւին մէջ տեսնել ներկայութիւնն ու բացակայութիւնը վերապրողին, հալածող պատկերը վերապրողին։ Եզակի կը դառնայ եթէ ամէն անգամ որ պատկերին մէջէն, լուսանկարչական պատկերին ետին ու անդին կարենանք վերապրիլ այն պահը, երբ խնամակալը կը վերածուի արխիւացնողի։ Այս էր դասախօսութիւնս։
Պատկերով, առանց նկարի։ Բան մը որ միայն կերպարուեստը կրնայ ընել։
***
Թանգարանի պատերէն ներս իրեր պահելու խնդիրներուն մասին արուեստագէտ Քրիստիան Պոլթանքսի կը գրէ.
Մոռացութիւնը կասեցնելը, մարդոց եւ իրերու անհետացումին արգելք հանդիսանալը ինծի կը թուէին ազնիւ նպատակներ ըլլալ, մինչեւ որ արագ անդրադարձայ, թէ այս բաղձանքը դատապարտուած էր ձախողելու, որովհետեւ անմիջապէս որ կը փորձենք բան մը պահպանել, զայն կը քարացնենք։ Իրերը կրնանք պահպանել միայն կեանքի ընթացքը կասեցնելով։ Եթէ ակնոցս ցուցափեղկի մը ետեւ դնեմ, երբեք չի կոտրուիր, բայց արդեօք ան կը շարունակուի նկատուիլ ակնոց… ։ Մէյ մը որ ակնոցը մտնէ թանգարանի հաւաքածոյի մը մէջ, կը մոռնայ իր պաշտօնը, կը դառնայ լոկ ակնոցի պատկեր։ Ցուցափեղկին ետեւ տեղադրուած ակնոցս կորսնցուցած պիտի ըլլայ գոյութեան իր պատճառը, իր ինքնութիւնը, իր պատմութիւնը[15]Kynaston McShine ed., The Museum as Muse (Թանգարանը որպէս մուսա), ցուցահանդէսի հատոր, MOMA, Նիւ Եորք, 1999, էջ.91։ Յղումը կու գայ Sue … Continue reading։
Հիմա որ Յովհաննէս Մանիսաճեանի արխիւը այլեւս արուեստ է, կ՚ենթադրենք որ այս անգամ որպէս այդ է որ անոր մասնիկները ետ արխիւ պիտի դառնան, մէյ մը որ ցուցահանդէսը հասնի իր աւարտին ու այլ փաստագրութիւններու եւ լուսանկարային վաւերագրերու հետ միատեղ պահ դրուին արուեստի գործերու պահպանման արխիւային օրինաչափութիւնները յարգող պայմաններու տակ՝ ասիտազուրկ տուփերու մէջ պարուրուած ու չափաւոր կլիմայ պահպանող սարքերով օժտուած շտեմարաններու մէջ պաշտպանուած, Պանք Օթոմանի նախկին համալիրին մէկ անկիւնը։
***
Մէկ բառով սակայն՝ ինչ որ ցոյց կը տրուի այս էջերուն մէջ Աղէտին գործիականացումն է, l’instrumentalisation de la catastrophe։ Գործիականացումը կը կատարուի “ցեղասպանութեան” անունով, sous le nom du “génocide”։ Աղէտի գործիականացումին վրայ կը բանի իշխանութիւն մը։ Ասոնք են գլխաւոր երեք կէտերը։ Երկրորդ կէտը ե՛ս աւելցուցած եմ[16]Մարկ Նշանեան, «Արդիական հարցեր, բացայայտ հարցումներ», Յառաջ, Հոկտ. 11էն Նոյեմբեր 7, 1986, Փարիզ։։
Չունենալ կը նշանակէ որ արուեստը այդ գործիացականացման մեղսակից է։ Կը նշանակէ օտարին ներկայանալ յանպատրաստից կերպով, անոր որ այդ տեսակ գործիականացումին հոտը քանի մը մղոն անդիէն կ՚առնէ ու գիտէ, շատոնց մտածած է ատոր մասին ու երեւոյթը մերժած։ Ասիկա ի զօրու է հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ արուեստաբաններու եւ տեսաբաններու պարագային։ Եւ վնասը երկուստեք է. թէ՛ ներքին գետնի վրայ մանկականացում, infantilization, թէ՛ արտաքին գետնի վրայ խեղճութիւն, ըլլայ Սփիւռքի տարածքին վրայ կամ իր սահմանակցին՝ Հանրապետութեան (Սփիւռքին սահմանը Հայաստանը չէ՞ միթէ)։
***
Առաջին անգամ Մարկի հետ դէմ յանդիման գտնուած եմ 1994ին, մոնթաժի պաստառիս միջնորդութեամբ, Մոնթրէալ արձանագրուած մօտ մէկ ու կէս ժամուան տեսերիզի հում նիւթը խմբագրելուս ընթացքին։ Վահէ Օշականի յիսնամեայ յոբելեանին առիթով ապսպրուած վաւերագրականին վրայ կ՚աշխատէի[17]Հրայր Անմահունի, Վահէ Օշական՝ Միջնարար (Vahe Oshagan: Between Acts), DVD, Համազգային/Կիւլպէնկեան, 2018։ Առաջին տարբերակը … Continue reading։ Այն ատեն ծանօթ չէր ու չէի գիտեր ինչ ակնկալել։ Տասը տարի կ՚ըլլար որ Լիբանանը ձգած էինք ու ապաստան գտած Սան Ֆրանսիսքօ եւ հոն, չնաշխարհիկ այդ քաղաքին մէջ գտած էինք կրկին սփիւռքեան տժգոյն մեր անկիւնը, եւ ես համոզուած էի որ հայերէնը այլեւս ըսելիք չունէր, աշխարհին հետ կապը կտրուած էր։ Մահաքունի մէջ է, կ՚ըսէի բարեկամներուս. մէկը պէտք է այլեւս ֆիշը քաշէ։
Եւ ահա դէմս ունէի ոչ միայն Վահէի գործերուն արդիական վերլուծում մը, այնպիսի մօտեցումներով, որոնք մինչ այդ միայն անգլերէնով վարժուած էի լսելու, առաւել, նոյնքան եւ աւելի կարեւոր, վերլուծող բոլորովին նոր ու թարմ հայերէն մը։ Բերանս բաց ինկած էի մէջը։ Չարաչար սխալած էի ուրեմն։
Ատկէ ի վեր ո՛չ մէկ գործ ըրած եմ, վերոյիշեալ նիւթին հետ կապ ունեցող կամ անկախ, որ Մարկին ու իր աշխարհին հետ ուղղակի կամ անուղղակի խօսակցութիւն մը չէ եղած, ըլլայ ասիկա իր գիտութեամբ կամ առանց անոր։
Աշխարհ մը, որուն մէջ երբ իյնաս էութեանդ մինչեւ խորերը կը ցնցէ, համոզումներդ տեղահան կ՚ընէ եւ եթէ օր մը կարենաս մէջէն ելլել, երբեք նոյնը չես կրնար մնալ։
Նաեւ վերադարձած էի հայերէնին։
↑1 | «Ամէն մարդ կը խորհի որ traumaն (հոգեխոցը) արխիւ կը պահանջէ… արխիւը ինքն է նոյն այն հոգեխոցը, զոր ան կը փորձէ լուծել», առնուած Rebecca Comayի Lost in the Archives (Արխիւներուն մէջ կորսուած) հատորի յառաջաբանէն, Alphabet City, Թորոնթօ, 2002։ |
---|---|
↑2 | Մարկ Նշանեան, Which Archive for the Survivor (Ո՞ր արխիւը վերապրողին համար), SALT մշակութային հիմնարկի Ղալաթիոյ մասնաճիւղին (Իսթանպուլ) կազմակերպած “Empty Fields” (Դատարկ դաշտեր) անունը կրող ցուցահանդէսի ծիրէն ներս հեռակայ դրութեամբ վիտէօ դասախօսութիւն։ Տե՛ս https://saltonline.org/en/1400/talk-marc-nichanian-which-archive-for-the-survivor |
↑3 | Ժաք Տեռիտա, Mal d’archive, Edition Galilée, Փարիզ, 1995։ Հատորին անգլերէն թարգմանութիւնը կը կոչուի Archive Fever։ Հայերէն թարգմանութիւն չկայ։ Հոս անոր պայմանականօրէն կու տանքԱրխիւախտ անունը։ |
↑4 | CCTV կրճատումն է Closed-Circuit Televisionի, որ կը յատկանշուի իրար կապուած ու կեդրոնէ մը ղեկավարուող տեսախցիկներու ցանցով։ |
↑5 | Ամէնուրեք հսկող վիտէօ-քամերաներու մասին առաջին անդրադարձ կատարող արուեստագէտը եղած է Julia Scher։ Անոր մասին ակնարկը տե՛ս այստեղ՝ https://www.phaidon.com/agenda/art/articles/2020/january/30/do-you-know-about-julia-scher-the-original-surveillance-artist/։ |
↑6 | Տե՛ս How the Art World Caught Archive Fever (Արուեստի աշխարհը ինչպէ՛ս բռնուեցաւ արխիւախտով) գրութիւնը Artspaceի կայքէջին վրայ, յունուար 22, 2014 https://www.artspace.com/magazine/art_101/art_market/the_art_worlds_love_affair_with_archives-51976։ «Լուսանկարչութեան միջազգային կեդրոնին մէջ (International Center of Photography) Okwui Enwezorի 2008ին կազմակերպած գրգռիչ ցուցահանդէսը, որ կը կոչուէր «Արխիւախտ՝ փաստաթուղթի գործածութիւնը ժամանակակից արուեստի մէջ» (որուն վերնագիրը կը յղուէր Ժաք Տեռիտայի 1995ի գիրքին՝ Արխիւախտ), կը բերէր բազմաթիւ արուեստագէտներու օրինակները, որոնք արխիւային նիւթեր կ՚օգտագործեն իրենց գործերուն մէջ։ Պատմական այս ցուցահանդէսին կը մասնկացէին Glenn Ligonի, Thomas Ruffի, Andy Warholի, Stan Douglasի եւ Robert Morrisի նման արուեստագէտներ։ |
↑7 | «Խայտառակութիւնը (obscenity) կը սկսի երբ այլեւս չկայ ո՛չ մէկ ներկայացում, ո՛չ մէկ բեմ, ո՛չ մէկ թատրոն, ո՛չ մէկ խաբկանք, երբ ամէն բան կը դառնայ անմիջականօրէն թափանցիկ, տեսանելի, տեղեկութեան ու հաղորդակցութեան հում ու անողոքելի լոյսին ենթարկուած։ Կը դադրինք մասնակից ըլլալէ օտարումի տրամին, այլ կը գտնուինք հաղորդակցութեան յափշտակութեան մէջ (we no longer partake of the drama of alienation, but are in the ecstasy of communication)», Jean Baudrillard, “The Ecstasy of Communication” փորձագրութենէն, առաջին անգամ անգլերէնով լոյս տեսած 1983ին Hal Fosterի խմբագրած դարադարձիկ հատորին մէջ, որ կը կոչուի The Anti-Aesthetic, Essays on Postmodern Culture (Հակա-գեղագիտականը՝ Փորձագրութիւններ յետ-արդիական մշակոյթի շուրջ), էջ 130։ Փորձագրութիւնը 1987ին հաւաքուած է L’autre par lui-même խորագրով հատորին մէջ ֆրանսերէն, Editions Galilée, Փարիզ։ Հատորը անգլերէնով լոյս տեսած է Semiotext(e)ի մօտ տարի մը ետք, Լոս Անճելոս, The Ecstasy of Communication խորագրով։ |
↑8 | Վայրկեանները կը յղուին Մարկ Նշանեանի դասախօսութեան տեսագրութեան՝ Marc Nichanian: Which archive for the survivor? https://www.youtube.com/watch?v=h5LVUJ9W_DA&t=2s։ |
↑9 | Ցուցահանդէսի գրքոյկը կը բացատրէ, թէ 2015ին, երբ սկսեր են American Board of Commissioners for Foreign Missionsի (ABCFM) ընդարձակ արխիւներու դասակարգումի աշխատանքները, ինչ կը վերաբերի այդ կազմակերպութեան Օսմանեան կայսրութենէն ներս ծաւալած գործունէութեան, յարաբերութիւններուն, եւայլն, զանազան փաստաթուղթերու մէջ ի յայտ կու գան տեղեկութեան բաց ձգուած, պարապ մնացած տողեր կամ ստորաբաժիններ, տեղեկադաշտեր, որոնք հիմնականապէս կը վերաբերին արեւմտահայութեան ու մասամբ նաեւ յունախօս համայնքներու, որոնք եղած էին կայսրութեան երկայնքին վրայ այդ կազմակերպութեան մատուցած ծառայութիւններու հիմնական նպաստընկալները։ “Certain archival absences bear the traces of Aghed [The Catastrophe], 1915. («Արխիւային որոշ բացթողումներ կը կրեն Աղէտի՝ 1915ի հետքերը»), կը նշէ գրքոյկը (էջ 4) ու ապա՝ “The exhibition takes the archive’s empty fields as its structuring guidelines and suggests that they stand for markers of ontological and epistemological areas of study left blank by the effects of the catastrophe” («Ցուցահանդէսը արխիւին դատարկ ձգուած տեղեկադաշտերը կ՚որդեգրէ որպէս կառուցային ուղենիշներ ու կ՚առաջարկէ, որ անոնք կը գործեն որպէս էաբանական եւ իմացաբանական ոսումնասիրութեան դաշտեր յատկանշող նշիչներ, որոնք խոպան մնացած են Աղէտի հետեւանքով»)։ Կը շարունակենք գրքոյկի մուտքի բաժնէն քաղուածքը. «Դատարկ դաշտերը առաջին ցուցահանդէսն է որ կը հետաքրքրուի ABCFMի, Օսմանեան կայսրութեան ու Թուրքիոյ մէջ բողոքական միսիոնարական գործունէութեան արխիւներով։ Ծրագիրը իրագործուած է գործակցութեամբ SALTի, որ կ՚իրականցնէ արխիւը ցուցակագրելու ու թուայնացնելու աշխատանքը, եւ Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան հետազօտական հիմնարկին (American Research Institute in Turkey (ARIT |
↑10 | Մարկ Նշանեան՝ Պատկեր պատում պատմութիւն, Հատոր 2. մրցակցութիւններ, Երեւան, Յովհաննիսեան Ինստիտուտ, 2016, էջ 21։ |
↑11 | Անուններուն համար տե՛ս ծանօթ. թիւ 6։ |
↑12 | Anatolia Collegeը Մարզուան հաստատուած էր ամերիկացի միսիոնարներու կողմէ, 1886ին։ Ուսումնական ծրագիրը կը բաղկանար չորս տարուան գոլէճի ծրագիրէ եւ ուսանողութիւն ու անձնակազմ բաղկացած էին մեծ մասամբ հայերէ։ Անոր ամենէն նշանաւոր ուսանողը եղած է Միսաք Մեծարենց։ 1915ին կը փակուի, սակայն շէնքը կը խնայուի։ 1924ին կը վերահաստատուի Յունաստան։ Տե՛ս https://en.wikipedia.org/wiki/Anatolia_College_in_Merzifon։ |
↑13 | Միացեալ Նահանգներու պատերազմ մտնելէ ետք, հաստատութեան ամերիկացի խնամակալները չէին կրնար շարունակել մնալ հոն։ |
↑14 | Զրոյց Դաւիթ Գազանճեանի եւ Մարկ Նշանեանի միջեւ՝ «Ցեղասպանութեան եւ Աղէտի միջեւ» (“Between Genocide and Catastrophe”), David Kazanjianի եւ David L. Engի խմբագրած Loss հատորէն, UC Press, 2003, էջ 128։ |
↑15 | Kynaston McShine ed., The Museum as Muse (Թանգարանը որպէս մուսա), ցուցահանդէսի հատոր, MOMA, Նիւ Եորք, 1999, էջ.91։ Յղումը կու գայ Sue Breakellի “Perspectives: Negotiating the Archive” գրութենէն, Tate Papers առցանց պարբերականին մէջ, թիւ 9, Գարուն 2009՝ https://www.tate.org.uk/research/publications/tate-papers/09/perspectives-negotiating-the-archive։ |
↑16 | Մարկ Նշանեան, «Արդիական հարցեր, բացայայտ հարցումներ», Յառաջ, Հոկտ. 11էն Նոյեմբեր 7, 1986, Փարիզ։ |
↑17 | Հրայր Անմահունի, Վահէ Օշական՝ Միջնարար (Vahe Oshagan: Between Acts), DVD, Համազգային/Կիւլպէնկեան, 2018։ Առաջին տարբերակը ցուցադրուած էր 1995ին, Լոս Անճելըս, Վ. Օշականի գրական գործունէութեան յիսնամեակի յոբելեանին։ Անկէ կը պակսէր Գրիգոր Պըլտեանի բաժինը, զոր աւելցուցի 2006ին։ 2016ին աւելցուցի անգլերէն ենթախորագիները եւ DVDն հրապարակուեցաւ 2018ին, ցուցադրուելով զանազան քաղաքներու մէջ։ |