ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՍԿԻԶԲԻ ՆՈՂԿԱԼԻ ՎԱՅՐԸ…

     Պատմութեան սկիզբը ծովեզերեայ վայր մըն է, հոն է որ առնուած է հիմնադիր քայլը։ Մերսինէն Պէյրութ հասնող նաւերէն գաղթական ժողովուրդը իջած է ցամաք։ Այս զանգուածին համար նախատեսուած էր մեծ գաղթակայան մը, մայրաքաղաքին հիւսիս-արեւելքը՝ նաւահանգիստին անմիջական հարեւանութեամբ տեղ մը. հիւսիսի կողմէն սահմանը ծովն էր, իսկ հարաւի կողմէն՝ թրամվայի գիծը։
     Վայրը Լիբանանի հայութեան առաջին մեծագոյն հաւաքատեղին է, օրրանը՝ հայկական համայնքին։
     Պատմութիւնը հարուստ է քաղաքներու առասպելական հիմնադրութիւններով։ Յաճախ հոն կը գտնենք առաջնորդի տիպար մը, որ կրնայ ըլլալ հետախոյզ նաւապետ մը՝ նաւէն իջնող եւ ցամաք ոտք դնող. կրնայ ըլլալ յաղթական զօրավար մը, որ խրոխտաբար կանգնած է բլուրի մը վրայ թշնամի բանակը ընկճելէ եւ ամբողջ քաղաք մը գրաւելէ ետք. կրնայ նաեւ ըլլալ հալածուած ժողովուրդի մը նահապետը, որ իր հօտին հետ անապատներու մէջ երկար թափառելէ ետք ի վերջոյ հասած է արգասաբեր եւ փրկարար վայր մը։ Ըստ առասպելական պատումին ալ, նոր վայրին հետ առաջին այս շփումը կամ անոր ուղղուած առաջին այս հայեացքը այն պահն է, որ հիմը կը դնէ նոր քաղաքին, նոր բնակութեան, նոր կեանքին, նոր մշակոյթին։ Վայրը կը դառնայ պատմական, կը ստեղծուի առասպելը հիմնարկէքի պատումին ընդմէջէն եւ վայրին մարմնաւորումով։ Մէկ խօսքով, պատումն ու վայրը կը միախառնուին, կը դառնան մէկ առասպել։
     Կիլիկիայէն գաղթը, Պէյրութի նաւահանգիստ իջնելն ու գաղթակայան այս աշխարհագրական անցումը նոյնպէս պատմական հիմնադիր պահն է Լիբանանի հայութեան։ Հիմքը կը դրուէր գաղթականներէ բաղկացած գաղութի մը, որ միայն քանի մը տասնամեակ ետք պիտի դառնար հայկական Սփիւռքի ողջ պատմութեան ամէնէն հարուստ, բարգաւաճ, հետաքրքրական եւ ուժական համայնքներէն մէկը։

Պէյրութի հիւղաւանին մէջ հայ ընտանիք մը իր տան մէջ լուսանկարուած (Աղբիւր՝ Յիսուսեան հայրերու Արեւելեան գրադարան, Պէյրութ)։

* * *

     Մեզ այստեղ հետաքրքրողը ո՛չ թէ համայնքին իրագործումներն են, այլ՝ վայրը, հիմնարկէքի տեղը, գաղթակայանը, որ պատմութեան մէջ ծանօթ է նաեւ բազմապիսի անուններով. հիւղաւան, վրանաքաղաք, գաղթաթաղ, բայց մանաւանդ «քէմփ», որ կը դառնայ այս անուանումներէն ամէնէն ժողովրդայինը։ Վայրը պատմական է, անկասկա՛ծ։ Վկայութիւնները, յուշերը, վաւերաթուղթերը, ժամանակակից մամուլի յօդուածները, լուսանկարները, նոյնիսկ հին ֆիլմերը ցոյց կու տան, որ Պէյրութի քէմփն էր Լիբանանի հայութեան սկզբնատեղին, հոս հաստատուած են սկզբնական շրջանին մօտ 10 հազար հայեր, հետագային՝ գաղթակայանին ընդարձակումով, այս թիւը հասած է մօտաւորապէս 20 հազարի։ Այս կը նշանակէ, որ հոս՝ մօտ երկու տասնամեակ, ապրած է Լիբանանի գաղթական ժողովուրդին մեծամասնութիւնը, նոյն վայրին մէջ նոր հասածները հիմնած են առաջին եկեղեցին եւ առաջին դպրոցը։

Կիլիկիայէն գաղթը, Պէյրութի նաւահանգիստ իջնելն ու գաղթակայան այս աշխարհագրական անցումը նոյնպէս պատմական հիմնադիր պահն է Լիբանանի հայութեան։ Հիմքը կը դրուէր գաղթականներէ բաղկացած գաղութի մը, որ միայն քանի մը տասնամեակ ետք պիտի դառնար հայկական Սփիւռքի ողջ պատմութեան ամէնէն հարուստ, բարգաւաճ, հետաքրքրական եւ ուժական համայնքներէն մէկը։

     Հակառակ այս բոլորին, հայկական քէմփը իր հաստատ տեղը չունի առասպելական պատումին մէջ։ Հաւաքական յիշողութիւնը մեծ մասամբ մոռացութեան մատնած է այս վայրն ու անոր պատմականութիւնը։ Պատումը մնացած է, բայց վայրին ճշգրտութիւնը հետզհետէ նսեմացած է, կարելի է նոյնիսկ ըսել, որ աշխարհագրութիւն փոխած է. 1930ականներէն սկսեալ, գաղթակայանէն աւելի հիւսիս գտնուող վայրերու մէջ կառուցուած Պէյրութի հայկական նոր, քարաշէն թաղամասերը դարձած են հիմնադրութեան կամ ծագման պատմութեան առանցքը, այնպիսի ձեւով, որ կարծես նաւահանգիստի կողքին քէմփի փուլը գոյութիւն չէ ունեցած, կամ կարծես քէմփը ուղղակի գտնուած ըլլար նոր թաղամասերու վայրին մէջ։

Պէյրութի գաղթականական քէմփը 1920ականներու վերջերուն կամ 1930ականներու սկիզբը, ամէն պարագայի նախքան 1933ի հրդեհը որուն հետեւանքով հարիւրաւոր տուներ քանդուեցան։ Ձախին կ՚երեւի թրամվայի գիծը, իսկ քիչ մը աւելի վեր՝ մեծ ծխնելոյզով վայրը՝ ելեկտրականութեան ընկերութիւնն է։ Աջին՝ խորքին կ՚երեւի նաւահանգիստը (Աղբիւր՝ Յիսուսեան հայրերու Արեւելեան գրադարան, Պէյրութ)։

     Բացատրութիւններ անշուշտ որ կան հաւաքական յիշողութեան այս կամահաճութիւններուն մասին։ Անոնցմէ մէկն այն է, որ Պէյրութը իր նորագոյն պատմութեան մէջ քաղաքաշինական առումով այնքան արմատական փոփոխութիւններ կրած է, որ այսօր քէմփին վայրը դարձած է մեծապէս անճանաչելի, անտեսանելի, կորսուած մանաւանդ մայրուղիներու, համատարած պէթոնի եւ բարձրայարկ շէնքերու խառնիճաղանճին մէջ։
     Բայց հոս պիտի անդրադառնամ այլ հիմնական հարցի մը, որ առկայ էր տակաւին քէմփի գոյութեան իսկ տարիներուն եւ հաւանաբար նոյնպէս իր դերը ունեցած է քէմփի յիշողութեան անշքացումին՝ դասականացուած ընդհանուր պատումի շրջագիծին մէջ։

* * *

     Պէյրութի հայկական քէմփը, ինչպէս նորագոյն տարիներու Զաաթարիի (Յորդանան), Մորիայի (Յունաստան) գաղթակայանները, հրապուրիչ եւ սիրեցեալ վայրեր չեն եղած ո՛չ ներքին, ոչ ալ շրջապատի բնակչութեան համար։ Հայկական գաղթակայանի պարագային բաւարար է քանի մը լուսանկար դիտել եւ անմիջապէս պիտի համոզուինք, որ զուրկ էր առողջապահական նուազագոյն պայմաններէ, տուները խրճիթներ էին՝ կառուցուած պատահական շինանիւթերով, ձմեռները փողոցները ցեխոտ էին, իսկ ամառները՝ փոշոտ։ Առաւել եւս, վկայութիւնները ցոյց կու տան, որ ամբողջ այս տարածքը կը յատկանշուէր անտանելի գարշահոտութեամբ՝ կոյուղիներու բացակայութեան հետեւանքով։ Աւելի՛ն, կար բնակչութեան գեր-խճողուածութիւնը, ընտանիքներու կողք-կողքի, մէջ-մէջի համակեցութիւնը, տիրող անգործութիւնը, շատերու գաղթականի եւ Ցեղասպանութենէ վերապրողի ուժասպառութիւնը, ընկճուածութիւնն ու հոգեխռովութիւնը։ Ուրիշ խօսքով, ընկերային այսպիսի անբնական պայմաններու մէջ ամբողջ քէմփը խոցելի էր հիւանդութիւններու առջեւ, ներքին կռիւները, մինչեւ իսկ սպանութիւնները անպակաս էին, ոգելից ըմպելիներու գործածութիւնը սովորականէն շա՛տ աւելին էր, մեծապէս տարածուած երեւոյթ էր նաեւ խումարը՝ թղթախաղի կամ այլ ձեւերու տակ։

Պէյրութի հիւղաւանին մէջ հայ ընտանիք մը իր տան մէջ լուսանկարուած (Աղբիւր՝ Յիսուսեան հայրերու Արեւելեան գրադարան, Պէյրութ)։

     Գիտենք նաեւ, թէ քէմփի ներկայութիւնը մայրաքաղաքի անմիջական հարեւանութեամբ, առիթ կու տար Լիբանանի արաբատառ կամ ֆրանսատառ մամուլին մէջ հակահայկական ցեղապաշտական բռնկումներու[1]Այս մասին կարդալ՝ Carla Eddé, « Beyrouth face à l’établissement des réfugiés arméniens pendant les années 1920: les limites de l’hospitalité », Les Arméniens, 1917-1939 … Continue reading։ Առողջապահական սպառնալիք մը եւ գեղագիտական արատ մը կը համարուէր անիկա. այս պատճառով ալ կը պահանջուէր գաղթականներուն անյետաձգելի հեռացումը այս վայրէն եւ գաղթակայանի ամբողջական անհետացումը Պէյրութի մերձակայքէն։ Մայրաքաղաքը արագ զարգացում կ՚ապրէր, զբօսաշրջիկները անպակաս էին, իսկ այսպիսի տեսքով հսկայ քէմփի մը եւ քանի մը տասնեակ հազար օտար գաղթականներու ֆիզիքական ներկայութիւնը պարզապէս անընդունելի կը համարուէր քաղաքի համայնապատկերին մէջ։

Այլ խօսքով, պարարտ հող կար յատկապէս Պէյրութի եւ Հալէպի նման մեծաթիւ հայ գաղթականութիւն հաշուող քաղաքներուն մէջ յետ- պատերազմեան ազգակերտման գործընթացը շարունակելու՝ նպատակ ունենալով կերտել ազգային վերանորոգ ինքնութեամբ համայնք մը։

     Հայկական կողմը նոյնպէս յատուկ համակրանք մը չէր տածեր քէմփի գոյութեան նկատմամբ։ Այս կեցուածքը կը յատկանշուի այն հայերուն քով, որոնք գաղթակայանին մէջ չէին ապրեր, իրենք ալ հասած էին Լիբանան գաղթականի կարգավիճակով, բայց յարաբերաբար բարեկեցիկ էին եւ յաջողած էին իրենց նոր կեանքը սկսիլ քէմփի ճնշիչ պայմաններէն հեռու։ 1920-ական եւ 1930-ական տարիներուն, 10-15 հազար հաշուող հայեր էին, կ՚ապրէին մայրաքաղաքի զանազան թաղամասերուն մէջ եւ անոնց թիւը շատ արագ կ՚աճէր, նկատի ունենալով որ Պէյրութը դարձած էր գրաւիչ վայր մը հայ ընդհանուր գաղթականութեան համար։ Այս հատուածին մէջ էր, որ 1920-ականներէն սկսեալ կը ձեւաւորուէր Լիբանանի հայութեան ղեկավար խաւը կամ վերնախաւը, որ բաղկացած էր կուսակցական ղեկավարներէ, կրօնապետներէ, կրթական հաստատութիւններու բարձրագոյն պատասխանատուներէ, մամուլի տնօրէններէ եւ խմբագիրներէ, ազգային մարմինները գլխաւորող բժիշկներէ, վաճառականներէ, գործարանատէրերէ, եւայլն։

Պէյրութի գաղթակայանէն տեսարան մը, 1925 (Աղբիւր՝ Մարիա Եագոպսէնի հաւաքածոյ, Դանիա)։

     Պէյրութի քէմփին նկատմամբ այս վերնախաւի հակակրութիւնը նկատելի է յատկապէս այդ օրերու տեղական-հայկական մամուլին մէջ[2]Սոյն յօդուածի պատրաստութեան համար ուսումնասիրած եմ «Փիւնիկ», «Նոր Փիւնիկ», «Լիբանան», «Ազդարար», «Երիտասարդ … Continue reading։ Առաջին հերթին այս հակակրութիւնը զուտ ներքին կենցաղային կացութեան կը վերաբերէր եւ որոշ չափով արձագանգը կամ շարունակութիւնն էր տեղաբնիկ պէյրութցիներու թշնամանքին քէմփի փաստացի գոյութեան նկատմամբ։ Այսինքն, եթէ գաղթակայանի գոյութիւնը պատճառ կ՚ըլլար, որ տեղաբնիկները անուանարկէին հայերը, ապա հայկական վերնախաւը կը թելադրէր քէմփի բնակչութեան վարքագիծ փոխել, առիթ չտալ իր մասին ժխտական յաւելեալ անդրադարձներու, վերջ տալ գինովութեան, խաղամոլութեան, ներքին կռիւներու եւ սպանութիւններու ալիքին։ «(…) [Անոնք] անգթօրէն կը վարկաբեկեն հայ անունը օտարներու առջեւ, կը նուազեցնեն, կը տկարացնեն անոնց համակրութիւնն ու կարեկցութիւնը հանդէպ հայ արկածեալներուն։ (…) Ամօթ է, վնա՛ս է, ոճիր է ատ, օն, վերջ տուէք այդ վիճակին, որ յապաղում չի վերցներ», կը գրէ «Լիբանան» թերթի առաջնորդող յօդուածը՝ խօսքը ուղղելով քէմփի մէջ ապրող եւ իրենց վարքագիծին հետեւանքով ժխտական մթնոլորտ ստեղծող բնակիչներուն[3]Գր. Վարդապետ Մանուշեան, «Յապաղում չի վերցներ», Լիբանան, 5 Մարտ 1927, Գ. տարի, թիւ 271։։
     Բայց կար նաեւ հայկական վերնախաւին համար աւելի ծանրակշիռ եւ աւելի մտահոգիչ հարց մը, որուն համար շատ մելան հոսած է այդ տարիներու հայկական մամուլին մէջ, շատ խօսուած է այդ մասին հանրային բեմերէ կամ եկեղեցական քարոզներու մէջ։ Հարցը կը վերաբերի քէմփի պարզած ազգային ընդհանուր դիմագիծին, որ խոտոր կը համեմատէր վերնախաւի ըմբռնումներուն, ակնկալիքներուն, այնքան մը որ ամբողջ այս գաղթակայանը շատերու համար կը դառնար նողկալի միջավայր մը։

Պէյրութի Մեծ քէմփէն (ծանօթ նաեւ Ատանա քէմփ, Մար Մխայէլի քէմփ անուններով) ընդհանուր տեսարան մը, 1920- ականներու երկրորդ կէսին։ Սեւով նշուած թիւերը՝ 1) Հայ բողոքական եկեղեցին, 2) Թրամվայի կայարանը, 3) Ելեկտրական ընկերութեան շէնքը։ Ամէնէն աջին, ծովուն մօտ գտնուող շէնքը, ուր կ՚երեւի նաեւ տախտակաշէն զանգակատուն մը, կաթոլիկ կամ լուսաւորչական եկեղեցին է։ Խորքին կ՚երեւի Պէյրութի նաւահանգիստը (Աղբիւր՝ Տորինտա Պօուման հաւաքածոյ, Missionary Church Archives, Bethel College, Mishawaka, IN.)։

* * *

     Անհրաժեշտ է — առանց շատ խորասուզուելու այս հարցի ընդերքները — հակիրճ կերպով քննել պատմական այս ժամանակաշրջանը՝ աւելի լաւ հասկնալու համար վերնախաւին կեցուածքը քէմփի ժողովուրդին եւ հոն տիրող ապրելակերպին նկատմամբ։

Արդ, անոնց համար ազգային վերականգնումը, ազգային արժէքներու գերադասութիւնը, ազգային ոգիի ամրապնդումը ո՛չ միայն հրամայական էին, այլ նաեւ անոնք աւանդն էին բիւրաւոր նահատակներուն, որոնք բնաջինջ եղած էին պարզապէս իրենց հայ ըլլալուն պատճառով։ Այս իմաստով, լեզու, երաժշտութիւն, աշխարհայեացք պէ՛տք էր հայանային նոր սկզբունքներուն հիմամբ։

     Պէյրութահայ վերնախաւի արտայայտած գաղափարները համահունչ էին այդ ժամանակներու միջազգային տիրապետող քաղաքական կարծիքին։ Այսպէս, Առաջին համաշխարհային պատերազմին աւարտը վերջ մը դրած էր երեք կայսրութիւններու գոյութեան՝ Ցարական Ռուսիոյ, Աւստրօ-հունգարական եւ Օսմանեան կայսրութիւններուն։ Անոնց աւերակներուն վրայ ծնունդ առած էին բազմաթիւ ազգ-պետութիւններ, որոնց պետական վերնախաւի գաղափարական հիմքը մերժումն էր նախկին կայսերական բազմամշակութային, բազմազգեան, բազմակրօն, բազմալեզու ընկերութիւններուն, փոխարէնը՝ պետական ազգային միաւորներու սահմաններուն մէջ կերտելն էր ազգային միատարր հաւաքականութիւններ ու մշակոյթներ։ Յետ-պատերազմեան նոր ստեղծուող միջազգային համակարգը միահեծանօրէն կը հետեւէր գաղափարական այս ուղիին։ Ազգայնական այսպիսի գործընթաց մը ծայր կ՚առնէր Պալքաններէն մինչեւ Միջին Արեւելք, Կեդրոնական Եւրոպայէն մինչեւ Կովկաս։

Պէյրութի գաղթականական քէմփին մէջ փողոցային կեանք (Աղբիւր՝ Կրէկուար Թաֆանքէճեանի հաւաքածոյ, Վալանս)։

     Հայկական աշխարհը նոյնպէս կ՚եռեւեփէր միջազգային նոր համակարգի գաղափարներով։ Ուրոյն եւ ինքնիշխան ազգային պետութիւն ստեղծելու փորձը ծանր հարուած մը կրած էր Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումով։ Համայնավար վարչակարգը միայն մասամբ պիտի շարունակէր սկսուած գործը՝ ազգ-պետութեան կերտումը։ Անդին կար նոր Սփիւռքը, մանաւանդ այն գաղութները, ուր գաղթական հայութիւնը տասնեակ հազարներով համախումբ կ՚ապրէր յարաբերաբար թոյլ եւ հանդուրժող վարչակարգերու տակ եւ անդրազգեան պայմաններու մէջ։ Այլ խօսքով, պարարտ հող կար յատկապէս Պէյրութի եւ Հալէպի նման մեծաթիւ հայ գաղթականութիւն հաշուող քաղաքներուն մէջ յետպատերազմեան ազգակերտման գործընթացը շարունակելու՝ նպատակ ունենալով կերտել ազգային վերանորոգ ինքնութեամբ համայնք մը։
     Ինչպէս ամէն ազգայնական ծրագիր, այս մէկը եւս կը կրէր իր ակնբախ հակասութիւնները։ Այս ուղիի հետեւորդներն ու քարոզիչները մէկ կողմէ կը շեշտէին հայկական ազգային ոգիի ամրագրումին կարեւորութիւնը գաղթական հայութեան շարքերուն մէջ, միւս կողմէ անոնց ճառախօսութեան մէջ նոյն այս ոգի/հոգիի գաղափարը կը մնար պղտոր եւ դժուար սահմանելի։ Այն տպաւորութիւնը ունինք որ առաջադրուածը աւելի շատ բացառելու, «մաքրելու» ծրագիր մըն էր։ Այսպէս, հրապարակաւ կը պնդէին, որ յետ-օսմանեան հայը երբեք պէտք չէր այլեւս թրքերէն խօսէր, փոխարէնը պէտք էր որդեգրէր հայերէնը, կը ճշդէին թէ ինչ տեսակ երգեր, պարեր, երաժշտական գործիքներ պէտք էր դուրս մնային հայու հարազատ մշակոյթէն, կը սահմանէին հայկական եկեղեցիի ճարտարապետութիւնը, կը ձեւէին հայու հանդերձանքը։ Ուրիշ խօսքով, կը վանէին այն ինչ որ կը համարուէր թրքական-օսմանեան-արեւելեան, առանց խորհրդածելու որ մերժուածը կրնար նաեւ հայկական ժառանգութիւն համարուիլ։ Խնդիրն այն էր, որ տիրող ազգայնական մտայնութիւնը միջոց չէր ստեղծեր նման մտախոհութիւններու։
     Մշակութային զտումի գործընթաց մըն էր, որ կը կատարուէր յանուն հայկականացումի եւ «հայկական ոգի»ի վերականգնումին, պահպանումին եւ զարգացումին։ Անցեալի ժառանգութիւնը պէտք էր քանդել, կամ աւելի ճիշդը՝ ասոր մէջէն վանել այլեւս մերժելին, փոխարէնը՝ կառուցել նոր մշակոյթը, նոր ինքնութիւնը, որ խարսխուած պիտի ըլլար «հարազատ» հայկականին վրայ։ Այս նոր ժամանակներուն մէջ, անցեալի ժառանգութիւնն ու պատմութիւնը կը քննուէին ազգայնական խստապահանջ դիտանկիւնէ մը, ինչ որ հորիզոնը կը նեղցնէր. անցեալի ժառանգութենէն կը հանդուրժէին շատ քիչ բան եւ այս ձեւով ալ առաջարկուածը կը դառնար սահմանափակ։

Երկու զուգահեռ կեանքեր գոյութիւն ունէին. Պէյրութի քէմփին կեանքը եւ Պէյրութի հայկական վերնախաւին կեանքը։ Վերնախաւը այս ժամանակներուն ընկերային տարբեր ապրելակերպ մը ունէր, մշակութային հիմնովին տարբեր ուղենիշերու կը հետեւէր եւ որդեգրած էր ազգայինի եւ արդիականի ժամանակի թելադրանքները։

     Այս շրջագիծին մէջ կար նաեւ Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը այսպիսի բանավէճերու վրայ։ Ցեղասպանութեան գործօնը պէտք է նկատել ազգակերտման այս գործընթացին մէջ հայկական իւրայատկութիւնը. անիկա հիմնական տարբերութիւն մը կը դնէր հայկական եւ նոյն ժամանակաշրջանի այլ ժողովուրդներու մէջ գոյութիւն ունեցող նոյնանման գործընթացներուն միջեւ։ Հայութիւնը ենթակայ եղած էր իր ընդհանուր պատմութեան ամէնէն բիրտ եւ ամէնէն անմարդկային արարքին՝ հաւաքական բնաջնջումի ծրագիրին։ Պէյրութահայ կեանքի մեզ հետաքրքրող ժամանակներուն հայրենազրկութիւնը, գաղթականութիւնը, որբութիւնը, հարազատներու կորուստը, հոգեխոցումը մեծապէս ներկայ, տեսանելի, զգալի եւ շօշափելի երեւոյթներ էին։ Այս պայմաններուն մէջ, ազգակերտումի գործընթացին կողմնակիցներն ու անոր գլխաւոր դերակատարները իրենց ճառախօսութեան մէջ յատուկ տեղ կու տային Մեծ Եղեռնին։ Արդ, անոնց համար ազգային վերականգնումը, ազգային արժէքներու գերադասութիւնը, ազգային ոգիի ամրապնդումը ո՛չ միայն հրամայական էին, այլ նաեւ անոնք աւանդն էին բիւրաւոր նահատակներուն, որոնք բնաջինջ եղած էին պարզապէս իրենց հայ ըլլալուն պատճառով։ Այս իմաստով, լեզու, երաժշտութիւն, աշխարհայեացք պէ՛տք էր հայանային նոր սկզբունքներուն հիմամբ։ Իսկ հակառակող կամ յապաղող հայրենակիցները կը համարուէին այս աւանդին դէմ գործողներ, նահատակներու յիշատակը ոտնակոխողներ, այս պատճառով ալ հրապարակաւ կը պախարակուէին։

Պէյրութի գաղթականական քէմփին մէջ քանի մը խրճիթներ։ Ինչպէս կ՚երեւի, քէմփը փշաթելերով սահմանափակուած է։ Քէմփէն դուրս կ՚երեւի թրամվայի գիծը (Աղբիւր՝ Կրէկուար Թաֆանքէճեանի հաւաքածոյ, Վալանս)։

* * *

     Վերադառնանք սկզբնական վայրը՝ Պէյրութի հայկական քէմփը։ Հոս հաւաքուած հայութիւնը հայելին էր Օսմանեան կայսրութեան հայկական ընկերութեան։ Շատեր թրքախօս հայեր էին, ուրիշներ կը խօսէին աշխարհական հայերէն կամ հայկական զանազան բարբառներ։ Տարածքը փոքր էր, գաղթականներուն մեծամասնութիւնը կու գար Կիլիկիայէն, բայց հոս կային նաեւ հայեր Սեբաստիայէն, Կեսարիայէն, Եոզկաթէն, Խարբերդէն, Անգարայէն, Տիարպէքիրէն, քիչ մը ամէն տեղէ։ Մէկ խօսքով, հակառակ իր նեղ ու անտանելի սահմաններուն, աղտոտութեան, աղքատութեան, բազում դժուարութիւններուն, քէմփի այս միջավայրին մէջ ամփոփուած էր անծայրածիր կայսրութիւնը, որու հայկական բազմաթիւ եւ բազմապիսի երանգները եւ իւրայատկութիւնները հոս տեսանելի, լսելի եւ բուրալի էին։ Երգուող երգերը խառն էին. թրքերէն, հայերէն, քրտերէն, եւայլն։ Բոլորին կրօնքը քրիստոնէութիւնն էր, որ ունէր իր յարանուանական բաժանումները. լուսաւորչական, բողոքական, կաթոլիկ, առանց մոռնալու մուհապէթճիները[4]Մուհապէթճիները կրօնական խումբն էին, իրենք զիրենք կը համարէին լուսաւորչական եկեղեցիի հաւատացեալներ, իսկ … Continue reading, որոնք պատկառելի թիւ մըն էին այդ տարիներուն։ Հանդերձանքը նոյնպէս բազմազան էր. քէմփի միջավայրին մէջ կը համակցէին ֆէսը, շալվարը, եւրոպական տաբատ/բաճկոն/շապիկը, էնթարին, չարուխը, ֆըստանը, եազման, նալընը, եւայլն։ Հոս գործող արհեստները հայրենի երկրէն բերուած գիտելիքներ էին, անուանումները՝ մեծ մասամբ թրքերէն. նալպանտ, աթթարճի, ղալայճի, գոնտուրաճի, ալաճաճի, պասմաճի, մարանկոզ, ֆըրնճի, էքմէքճի, եւ շատ ուրիշներ։ Մշակութային խայտաբղէտութեան մը արտայայտութիւններն էին այս բոլորը. քէմփի նեղ սահմաններուն մէջ գաղթական ժողովուրդը կը վերարտադրէր իր հայրենի գիւղի կամ քաղաքի հարազատ կեանքը, առանց շատ մտածելու որ այլեւս մօտէն դիտողներ կան իր ապրելակերպին, հետեւողներ կան իր շարժուձեւերուն, դատողներ կան իր գործածած լեզուին, վերլուծողներ կան իր հայհոյանքներուն, չափողներ կան իր խմած օղիի քանակին…

Քէմփի մէջ խրճիթներ եւ երեխաներ (Աղբիւր՝ Կրէկուար Թաֆանքէճեանի հաւաքածոյ, Վալանս)։

     Այդ ատեններու հայկական թերթերը առատ են յօդուածներով եւ խմբագրականներով, ուր կը յանձնարարուի թէ հայերը այսուհետեւ ինչ պէտք է հագուին, ինչու թրքերէն լեզուն մէկ-ընդմիշտ պէտք է վերնայ իրենց խօսակցականէն, ինչ եւ ինչպէս պէտք է երգեն, եւայլն։ Յատկանշականը հոն էր, որ պետական մարմիններու եւ հաստատութիւններու ճամբով չէր, որ գործադրութեան կը դրուէր մշակութային փոփոխութեան այս ծրագիրը։ Հայկական ազգային պետութիւն չկար։ Փոխարէնը՝ գործի լծուած էին համայնքային կառոյցները. դպրոց, եկեղեցի, որբանոց, մամուլ, հայրենակցական միութիւն, կուսակցութիւն, մարզական միութիւն։
     Ծրագիրին միտք բանին յստակ էր. պէտք էր վերջ տալ անցեալի ապրելաձեւին։ Այն ինչ որ կը մերժուէր ՀԻՆն էր, այսինքն այն բոլորը, որ կը նկատուէր օսմանեան, թրքական, ստրկական, արեւելեան, բազմազան, յետադէմ, տգեղ եւ տգէտ։ Փոխարէնը պէտք էր որդեգրել հայկականը, ազգայինը, միատարրը, արդիականը, ազատագրուածը, գեղեցիկը։
     «Ա՛յս է հին հայը եւ պէ՛տք է մեռնի ան»[5]Ժ.Ս.Շ., «Վաղուան հայը» (խմբագրական), Ազդարար (շաբաթաթերթ), Գ. տարի, թիւ 150, 15 Սեպտ. 1945։։

Քէմփի աղբիւրը (Աղբիւր՝ Կրէկուար Թաֆանքէճեանի հաւաքածոյ, Վալանս)։)։

     Խորքին մէջ, ծրագիրը լոկ ՆՈՐ ՀԱՅու տիպարը ստեղծելը չէր, այլ անիկա կ՚ընդգրկէր նաեւ ՆՈՐ ՄԱՐԴ կերտելը։ Իսկ այս նորը պէտք էր ըլլար եւրոպականացած եւ արդիականացած մարդը։ Ազգայնականութիւնն ու արդիականացումը միաձուլուած կը հրամցուէին, յաճախ անոնք հոմանիշներ դարձած էին, մէկ ամբողջական հանգանակ մը կը կազմէին։ Ինչ որ մտածել կու տայ, որ ազգակերտման այս գործընթացը կը կրէր նաեւ ընկերային-մշակութային շարժումի մը բնոյթը։ Փաստօրէն, Պէյրութի հայկական քաղքենի վերնախաւը կը ձգտէր փոխել քէմփի հայութեան կենցաղը, կրթել/քաղաքակրթել այս գաղթականները, ոչնչացնել հին մտածելակերպն ու հին բարքերը, կառուցել նոր մարդը, որ պիտի ըլլար ԱՐԴԻ ՀԱՅԸ։
     Երկու զուգահեռ կեանքեր գոյութիւն ունէին. Պէյրութի քէմփին կեանքը եւ Պէյրութի հայկական վերնախաւին կեանքը։ Վերնախաւը այս ժամանակներուն ընկերային տարբեր ապրելակերպ մը ունէր, մշակութային հիմնովին տարբեր ուղենիշերու կը հետեւէր եւ որդեգրած էր ազգայինի եւ արդիականի ժամանակի թելադրանքները։ Ահաւասիկ մշակութային եւ ընկերային այս ըմբռնումներն էին, զորս անոնք կը ձգտէին հաստատել եւ տարածել սկիզբը քէմփի հայութեան, իսկ աւելի ուշ ալ՝ նոր թաղամասեր տեղափոխուած (Պուրճ Համուտ, Նոր Հաճըն, ճերմակ տուներ) նոյն գաղթական բնակիչներու միջավայրին մէջ։ «(…) Բուն ժողովուրդը, որոնց վրայ դրած ենք մեր յոյսը, ահա, դժբախտաբար փողոցներուն, աղբանոցներուն մէջ թափառող, անղեկ ու ոտաբոպիկ սերունդն է։ Այդ ցաւոտ աչքերով, փոշոտ մազերով, թրքախօս եւ անգրագէտ մանուկներուն վրայ պիտի բարձրանայ վաղուան շէնքը»[6]Օննիկ Թոփուզեան, «Թուղթ առ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ» (խմբագրական), Ազդարար (շաբաթաթերթ), Գ. տարի, թիւ 127, 7 … Continue reading։

Պէյրութի քէմփին մէջ խրճիթներ։ Լուսանկարին մէջի կիները ամերիկացի միսիոնարներ են։ 1920ականներու կէսերուն (Աղբիւր՝ Տորինտա Պօուման հաւաքածոյ, Missionary Church Archives, Bethel College, Mishawaka, IN.)։

* * *

     «Վաղուան շէնքը» կառուցելու համար գեղարուեստական գրականութիւնն ալ գործի լծուած էր։ Ճիշդ է, գաղթակայանի թեման շատ տարածուած չէր այդ ժամանակաշրջանի գրական գործերուն մէջ, բայց եւ այնպէս հազուագիւտ գրողներէն է Սիրան Սեզան[7]Սիրան Զարիֆեան-Քիւփելեան, ծնած Պոլիս, 1903ին, մահացած Պէյրութ, 1973ին։, որ այս նիւթին անդրադարձած է մեզի ծանօթ երեք տարբեր արձակ գրութիւններու մէջ։
     Սեզայի առաջին գործը «Հայաստան երկիր դրախտավայր»[8]Սէզա, «Հայաստան երկիր դրախտավայր», Հայրենիք ամսագիր, Է. տարի, թիւ 10 (82), օգոստոս 1929, էջ 19-24)։ պատմուածքն է։ Գրութեան մուտքը կենդանի գոյներով քէմփի նկարագրութիւնն է։ Աւելի ուշ գրուած յօդուածի մը մէջ, Սեզա, լուսաբանելով այս մասին, պիտի գրէր, թէ իրօք այցելած է Պէյրութի գաղթակայանը։ Այս մէկը աննշան մանրամասնութիւն մը չէ, նկատի ունենալով որ սովորական երեւոյթ մը չէր դուրսի, մանաւանդ վերնախաւի անդամներու (առաւել եւս կին անդամի մը) այցելութիւնը քէմփ[9]Այս մասին տեսնել՝ Սեզա, «Էջ մը օրագրէս», Երիտասարդ հայուհի, Ա. տարի, թիւ 6, մարտ 1933, էջ 21։։ Երիտասարդ Սեզան խորտակած էր հոգեբանական այս անցարգելները եւ քէմփի մասին վկայութիւնները հիմնած էր անձամբ տեսածին եւ ապրածին վրայ։ Ուրիշ խօսք, որ իր վկայութիւններուն ընդհանուր հենքը շատ չի տարբերիր նոյն տարիներուն քէմփի մասին հայկական թերթերու յօդուածներուն մէջ տեղ գտած գաղափարներէն, դատողական մօտեցումէն եւ թելադրական ոճէն։

Պէյրութի քէմփը, ուր բնակարանները վրաններ եւ խրճիթներ են։ Հաւանաբար 1920ականներու կէսին։ Կը տեսնենք փշաթելերը, որոնք շրջապատած են գաղթակայանը։ Ամէնէն աջին կ՚երեւի եկեղեցիի մը տախտակաշէն զանգակատունը (Աղբիւր՝ Տորինտա Պօուման հաւաքածոյ, Missionary Church Archives, Bethel College, Mishawaka, IN.)։

     Պատմուածքին հերոսը ատանացի Հաճի Կարապետն է, որուն կինը արդէն կանուխէն մահացեր էր վրանաքաղաքին մէջ, իսկ ինքը միջավայրի այրերուն օրինակով, սովորութիւն ըրած էր՝ առօրեայ տենդոտ աշխատանքէն ետք, ապաստան գտնել քէմփի սրճարան/գինետունը, ուր յաճախորդները առատօրէն կը խմէին օղի՝ «իրենց թմրած անդամները եւ մթագնած հոգին թարմացնելու համար»։ Սրճարանի ֆոնոկրաֆէն մնայուն կերպով կը լսուէին թրքերէն երգեր՝ «տրտում եղանակները ծննդավայրին»[10] Սէզա, «Հայաստան երկիր դրախտավայր», էջ 20։։
     Պատումը դարձակէտ մը կ՚առնէ, երբ Հաճին օր մը կ՚որոշէ հայ երգիչի մը համերգին ներկայ գտնուիլ, ինչ որ նոր զարգացում մըն էր տարիներ տեւած իր այս տխուր եւ միապաղաղ կեանքին մէջ։ Սեզա հոս չի նշեր երգիչին անունը, բայց շատ հաւանաբար Փարիզէն Պէյրութ ժամանած Արմենակ Շահ-Մուրատեանն է, որ իսկապէս ալ 1920-ականներու երկրորդ կէսին Լիբանան եկած է եւ համերգներ տուած տեղական սրահներուն մէջ։ Հաճի սկիզբը տպաւորուած չէ համերգով, ուր կը հնչեն հայերէն սիրերգեր, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէն եւ իտալերէն կտորներ. կը ձանձրանար, քունը կու գար, կը կարօտնար վրանաքաղաքի սրճարանին օղին եւ թրքերէն երգերը… Բայց յանկարծ երգիչը կը հնչեցնէ «Հայաստան, երկիր դրախտավայր» երգը։ Հաճիին վրայ անոր ազդեցութիւնը ակնթարթային է. «Անշարժ, սեւեռուն, անօրինակ յափշտակութեամբ Հաճին մտիկ կ՚ընէր հիմա։ Ձայնն ու բառերը իր մէջ անծանօթ ջերմութիւն կը հոսեցնէին։ Մեղմ, կախարդական յոյզերու մակընթացութիւնը կը լեցնէր իր ամբողջ էութիւնը»։ Հաճին կերպարանափոխուած էր, հոգեփոխուած էր, երգը զինք կախարդած էր, հայերէն երգը առիթ տուած էր տարբեր, աւելի ճիշդ հարազատ դիտանկիւնէ մը կեանքը տեսնելու եւ անցեալը յիշելու. «Հաճիի տարիներով անհանգիստ ու թափառական հոգին վերջապէս գտեր էր իր հանգրուանը»[11] Նոյն, էջ 22։։
     Սեզայի Հաճին հոս դարձ ապրած նոր հայն էր, նոր մարդն էր։ Ան ո՛չ միայն այլեւս թրքերէն երգ պիտի չունկընդրէր, այլ նաեւ պիտի երթար իր ամէն երեկոներու սրճարանը եւ թրքերէն երգի սկաւառակը բոլորին առջեւ ջարդուփշուր պիտի ընէր. անոր տեղ ալ ֆոնոկրաֆին վրայ պիտի տեղադրէր նորը, հայերէնը՝ «Հայաստան երկիր դրախտավայր» երգը։ Սրճարանին մէջ հնչող հայերէն երգը այս անգամ պիտի կախարդէր բոլորը եւ «մթագնած հոգիները» պիտի ապրէին հաւաքական դարձ մը. «Այդ երեկոյ Հաճին դարձաւ հերոսը սրճարանին ու ոչ ոք, ոչ ոք փափաքեցաւ լսել թրքերէն երգերը, որոնք այժմ խո՜րթ, օտա՜ր եւ անճաշա՜կ կը թուէին բոլորին անխտիր»[12] Նոյն, էջ 24։։
     «Հոգի» եզրը — քէմփի բնակիչներու «հոգի»ին մասին է խօսքը —, յաճախ կը կրկնուի Սեզայի երեք գործերուն մէջ. անիկա միշտ ալ կ՚ընկերանայ ժխտական ածականներով, ինչպէս «մթագնած», «թափառական», «թմրած», «անճանաչելի»։ Խորքին մէջ, խօսքը կը վերաբերի հոս հայու հոգի/ոգիին, որ կրկնուող թեմա մըն է այդ տարիներու վերնախաւին ճառախօսութեան մէջ։ Նոյն պայքարն է հայկականին եւ թրքականին, նորին եւ հինին, ազատին եւ ստրուկին, գեղեցիկին եւ տգեղին միջեւ. պարզ է որ Սեզա անոնցմէ է, որ կը պայքարի հայկական ոգի/հոգիին ի խնդիր։ Առաջին պատմուածքին մէջ այս հոգին կը լուսաւորուի շնորհիւ հայերէն երգին, կամ ինչպէս Սեզա կը գրէ՝ «հայրենի երգին բոցը իր լոյսին կը քաշէր այս բոլոր թափառական սրտերը»[13]Նոյն։։ Մէկ այլ արձակ գրութեան մէջ, որ կը կոչուի «Էջ մը օրագիրէս», պիտի տեսնենք կրակն է, որ առիթ պիտի տայ հոգիին ազատագրութեան…
     Այս գրութիւնը՝ առաջինին բաղդատած, մօտ չորս տարի ետք լոյս տեսած է։ Առիթը իրական դէպք մըն է՝ քէմփի հսկայական հրդեհը, որ Յունուար 1933-ին մօտ վեց հարիւր տուներու քանդումին պատճառ կ՚ըլլայ եւ անպատսպար կը ձգէ շուրջ չորս հազար հայեր։
     Գրութիւնը լոյս տեսած է Սեզայի կողմէ խմբագրուած «Երիտասարդ հայուհի» ամսագիրին մէջ եւ այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ արագ գրուած է եւ հեղինակը ժամանակ չէ ունեցած զայն լաւապէս մշակելու։ Պատումին մէջ, հեղինակը կառք մը վարձած է, հասած է աղէտեալ տեղը եւ մօտէն կը դիտէ հրկիզուող վրանաքաղաքն ու բոցերը։ Ան կը յիշէ այս վայրին տուած իր նախորդ այցելութիւնը, անոր բնակիչներն ու ապրելակերպը, խորունկ կարեկցանք կը զգացուի իր տողերուն մէջ անոնց նկատմամբ։ Յետոյ դիտել կու տայ, որ անէծք մը թափուած է այստեղի գաղթական հայութեան գլխուն։ Հեղինակը այս առիթով կրօնական գրականութենէ մէջբերումներ կ՚ընէ անէծքը մանրամասնող։ Քիչ մը անսպասելի է կարդալ, որ բնակիչները անիծուած են իրենց «այնչափ ստութեանց եւ պղծութեանց համար»[14]Սեզա, «Էջ մը օրագրէս», էջ 22։։ Յետոյ, անմիջապէս նկարագրութիւնը կը կեդրոնանայ վրանաքաղաքի հրկիզուող մէկ կէտին վրայ։ Հոս կայ տան մը փայտեայ, խեղճուկ պատշգամը, բոցերով շրջապատուած է, շուրջը ամէն ինչ կը քանդուի, բայց այս տեղը կը մնայ անվնաս, մինչեւ որ տան բոլոր սիւները կը քանդուին եւ պատշգամը «ինքն իր վրայ կը հակի ու Նոյեան տապանի մը նման կ՚իջնէ հոգին՝ մռայլ ու յամառ իր ամբողջութեանը մէջ»[15]Նոյն։ Պատմողը կը ժպտի։ Բոցերը, որոնք հոս կը ներկայանան «անաստուած եւ անիշխանական աղջիկներ»ու կերպարանքով, յետոյ կը յարձակին հարուստ մարդու մը մեծ շէնքին վրայ եւ հրշէջներու բոլոր ճիգերը ապարդիւն կ՚անցնին փրկելու համար այս կառոյցը։ Գրութիւնը լոյս տեսած է այն տարիներուն, երբ արդէն իսկ հայկական նոր քարաշէն թաղամասեր կառուցուած էին քէմփէն աւելի հիւսիս եւ հիւսիս-արեւելք գտնուող վայրերու մէջ, իսկ այս հրդեհն ալ պիտի արագացնէր քէմփի պարպումի եւ վերաբնակեցումի այս ընթացքը։ Անհաւանական չէ, որ Սեզա նոր սկիզբ մը կը տեսնէր բնակեցումի այս նախաձեռնութեան մէջ։ Այլ խօսքով, կարելի է ենթադրել որ Սեզայի համար վրանաքաղաքին հրկիզումը եւ բնակիչներուն նոր թաղամաս տեղափոխուիլը առիթ մըն էր հին հոգիի ոչնչացումին եւ հայկականին եւ հարազատին վերածնութեան։

Քէմփի երկու փոքրիկ բնակիչներ խրճիթի մը յենած (Աղբիւր՝ Տորինտա Պօուման հաւաքածոյ, Missionary Church Archives, Bethel College, Mishawaka, IN.)։

     Այս պատկերը շատ աւելի յստակ է իր երրորդ պատմուածքին մէջ, որ կը կոչուի «Գաղթականին տղեկը»[16]Լոյս տեսած է Սեզայի Մեղաւորուհին հատորին մէջ (Երեւան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, 1967), էջ 291-299։։ Գրուած է 1946ին, այն ժամանակ երբ տեղի կ՚ունենար Լիբանանէն եւ Սուրիայէն հայերու զանգուածային ներգաղթը դէպի Խորհրդային Հայաստան։ Պատմուածքին գլխաւոր դերակատարները Սիմոնիկն ու իր այրի մայրը՝ Ազնիւն են, որոնք կ՚ապրին Պէյրութի գաղթակայանին մէջ։ Սիմոնիկ երեխայ մըն էր, աղքատ էին. որքան ալ աշխատէին, որքան ալ տքնէին մեծ յոյսեր չկային տեղական պայմաններուն մէջ իրենց վիճակը բարելաւելու։ Կար նաեւ միւս երեւոյթը, որ սպառնալիք մըն էր գաղթակայանի բոլոր այրերուն համար եւ որմէ Սիմոնիկն ալ կրնար խոյս չտալ։ Այսպէս, երբ չափահաս դառնար, ան ալ կրնար նմանիլ բազմաթիւ այն այրերուն, որոնք «գաղթակայանի սրճարանները կը լեցնէին իրենց առօրեային զզուանքը խեղդելով թղթախաղի, օղիի եւ թրքերէն հայհոյանքի մէջ, մինչեւ որ այդ մթնոլորտը այլեւս հարազատ դառնար իրենց, անճանաչելի դարձնելով հայու հոգին»[17]Նոյն, էջ 296։։
     Այս գրութեան մէջ, Սեզայի համար հոգին ազատագրելու միջոցը եւ հայկականը պահելու փրկութիւնը ներգաղթն էր։ Սիմոնիկն ու Ազնիւը կը միանան ներգաղթի կարաւաններուն եւ կը մեկնին Խորհրդային Հայաստան։

* * *

     Ֆիլիփ Զաքարեանի «Որբը տուն շինեց»[18] Ֆիլիփ Զաքարեան, Որբը տուն շինեց, Ա. հատոր, Անթիլիաս, տպարան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 1985։ գործին մէջ քէմփը, ինչպէս նաեւ այս յօդուածով քննուած զանազան հարցեր նոյնպէս ներկայ են։ Զաքարեան ծնած է 1916ին, հասակ կ՚առնէ որբանոցներու մէջ, հետագային ալ կը դառնայ Պէյրութի քէմփի բնակիչ։ Գաղթակայանին մասին անոր նկարագրութիւնները մեծապէս վաւերական են, ան հարազատ կերպով կը ներկայացնէ այստեղի կեանքը, աւելի ճիշդ է ըսել կեանքի դժուար եւ անտանելի պայմանները, ընկերային խնդիրներն ու ցաւերը։ Ասոր կողքին, պէտք է աւելցնել որ Զաքարեանի պատմուածքներուն մէջ նկատելի է նաեւ իր ապրած ժամանակներու գերակշռող գաղափարներուն ազդեցութիւնը։ Այս մէկը յատկապէս կ՚երեւի երբ Զաքարեան կը գրէ հայերու մէջ շարունակուող թրքախօսութեան երեւոյթին մասին։ Հոս, անոր որդեգրած կտրուկ ոճը եւ դատողական մօտեցումը յարանման են Սեզայի արձակ պատմուածքներուն։

* * *

     Կան նաեւ Գրիգոր Պըլտեանի վէպերը։ Ճիշդ է, որ քէմփը պատումներուն գլխաւոր բեմադրավայրը չէ, բայց անիկա յաճախակի ներկայութիւն է, նկատի ունենալով որ դերակատարներէն շատեր այստեղ հանգրուանած են որոշ շրջան մը, մինչեւ նոր թաղամասեր տեղափոխուիլնին։ Բայց քէմփին մէջ կ՚ապրէին պատմողին հօրաքոյրը եւ Սեդօ էմմին՝ իւրաքանչիւրը իր ընտանիքով։ Այնպէս որ «Պատկեր» վէպին մէջ քէմփը, վայրին յիշողութիւնը, նկարագրականը, տուները, ընտանիքները դարձած են կարեւոր նիւթեր։ Ժամանակները փոխուած են, նկարագրուածը 1950-ականներու վերջերու կամ 1960-ականներու քէմփն է, այն ժամանակները երբ առաջին սերունդը ամէն իմաստով իր տեղը սկսած է զիջիլ նորերուն։ 1920-ականներուն ծայր առած գործընթացը նկատառելի յաջողութիւններ արձանագրած էր. միջավայրը փոխուած է, հիներէն շատեր չկան, ուրիշներ թէեւ ծերացած եւ բաւական անշքացած են, բայց տակաւին հոն են, ներկայ են, կը շարունակեն թրքերէն խօսիլ, թրքերէն աղօթել, ձայնասփիւռի թրքական կայաններու թրքերէն երգերը ունկնդրել, բայց յաճախ այս բոլորը կ՚ընեն երբ միայն քով-քովի են, հեռու նոր սերունդի աչքերէն եւ ականջներէն։ Այլեւս «իրենց ժամանակը, իրենց մշակոյթը անցած էր»[19]Գրիգոր Պըլտեան, Պատկերը, Լոս Անճելըս, Ապրիլ հրատարակչութիւն, 2003, էջ 78։։
     Պատմողը հոս չարի ու բարիի, մութի եւ լուսաւորի ներհակութիւններով չի ներկայացներ քէմփի աշխարհը, թրքախօսութիւնը, հայատառ թրքերէն գրականութեան գործածութիւնը։ «Պատկեր»ին կամ Պըլտեանի միւս վէպերուն մէջ՝ որդեգրուած մօտեցումը, գրական ոճն ու հնարքները բոլորովին այլ են։ Հեղինակին ստեղծած մանրաշխարհին
մէջ դերակատարները սովորական մարդիկ են, հիմնականին մէջ վերապրող ժողովուրդը, իւրաքանչիւրը ունի իր խայտաբղէտ պատմութիւնը, որ ամէն վերապրող հայու նման ծայր կ՚առնէ իր հայրենի գիւղէն եւ քաղաքէն, կը հասնի մինչեւ Լիբանան եւ կը շարունակուի հոս՝ բազմաթիւ եւ բազմապիսի հանգրուաններով, դրուագներով, տագնապներով, կորուստներով, բարքերով, լեզուներով, ապրումներով, մշակոյթներով։ Ահաւասիկ այս գունաւոր միջավայրն է, որ մանրակրկիտ լուսարձակի տակ առնուած է Պըլտեանի գործերուն մէջ, հեղինակը շրջուն ոսպնեակով մը կը զննէ, կը քննէ, կը դիտէ ու կը վերլուծէ անոր բոլոր տարրերը, տեսանելի եւ անտես կողմերը, ծանօթ, գաղտնի կամ արգիլեալ պատմութիւնները։
     «Պատկեր»ին մէջ կը տեսնենք նաեւ, որ պէյրութահայ ընկերային-համայնքային կեանքին մէջ 1920-ականներէն ծայր առած զուգահեռ աշխարհներու գոյութիւնն ալ անխախտ մնացած է։ Այս մասին կը կարդանք երբ հեղինակը կ՚անդրադառնայ քէմփին. հոս մուտքը կը համապատասխանէր «անցնելու (…) զուգահեռ աշխարհ մը, ուր տարբեր օրէնքներ կը զօրէին, կը տիրէին տարբեր սովորութիւններ, մարդիկն ալ ուրիշ էին, լեզուներն ալ, կարծես թէ փոփոխութիւնն էին հասարակ տեղիքի մը, աւելի ճիշդ հասարակաց, անվրիպելի, խօսքի չեկած անցեալի մը»[20]Նոյն, էջ 36։։ Այդ ատենները քէմփի հայ բնակիչներուն թիւը մեծապէս նուազած էր եւ հիներէն շատեր կ՚ապրէին նոր թաղամասերու մէջ. բայց եւ այնպէս խրամատը փաստօրէն դեռ գոյութիւն ունէր քէմփի հասարակութեան եւ մնացեալին միջեւ։
     Կար նաեւ Պէյրութի հայկական ընկերային վերնախաւը, որուն մասին թէեւ ուղղակի ակնարկութիւններ հազուագիւտ են այս գործին մէջ, բայց անիկա ամբողջ թափով կը ներկայանայ Պէյրութի մէջ Կիւրինի հայրենակցական միութեան կազմակերպած հաւկթախաղի խրախճանքին նկարագրութեան հատուածին մէջ։ Պատմողը ներկայ է. մաս կը կազմէ խումբի մը, որ բաղկացած է Բլուրէն (Հայաշէն) եկող իր ընտանիքէն եւ քէմփէն եկող Սեդօ էմմիին ընտանիքէն։ Առաջին իսկ պահէն, կը զգացուի գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնը, վիհը՝ մէկ կողմէ իրենց, այսինքն քէմփ-Բլուր այս խառնուրդին, միւս կողմէ մնացեալ ներկաներուն՝ յայտնապէս պէյրութահայ ընկերային այլ խաւի մարդիկ, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ ո՛չ քէմփի, ոչ ալ նոր թաղամասերու բնակիչներ են. «այն տպաւորութիւնը ունէի այլեւս որ պիտի մտնէինք տեղ մը որ մեր տեղը չէր, բայց ուր մեզի կը թոյլատրուէր մտնել»։ Բայց արդէն մտած են. կը զգացուի, որ կը դիտուին, միւսներուն ուշադրութիւնը գրաւած են. «կարծես կը դառնային մեզի, կը նայէին հեռուէն, գլուխնին կը հակէին իրարու, կ՚ենթադրեմ որ ասոնք ո՞վ են, կ՚ըսէին, եւ իսկապէս ո՞վ էինք որ համարձակեր էինք մինչեւ աստեղները գալ, բերաննին հոտող, գոյնզգոյն գնչուներու կամ կարկտան հագած աղքատ ազգականներու պէս որ նշանտուքի մը, հարսնիքի մը, կնունքի մը մէկէն կը բուսնին, մէջտեղ կ՚ելլեն, պահ մը կը նշմարուին, յետոյ մէկ կողմ կը քաշուին, կը լռեն, կը ջանան ուշադրութիւն չգրաւել»[21]Նոյն, էջ 125։։
     Կիւրինցիներու հաւկթախաղի խրախճանքի արարը իր մէջ կը խտացնէ բազմաթիւ խնդիրներ, տագնապներ, հակամարտութիւններ, որոնք հոս ներկայացուած են ձայներու, տարազներու, խօսքերու, նուագներու հիանալի վերարտադրութեան մը ընդմէջէն։ Անոնցմէ մէկը եթէ վերը նշուած ընկերային տարբերութիւններու ցոլացումն է, հոս կայ նաեւ արդիի եւ հինի հակադրութիւնը, հինը այստեղ օսմանեան հայկականն է։ Պատումին մէջ ժամանակները փոխուած են, հինը նահանջելու վրայ է, շատ մը բաներ շուտով արդէն պիտի անհետանային, նորն ու արդին պիտի յաղթանակէին։ Այս մէկը կը տեսնենք նուագախումբի նկարագրութեան մէջ։ Կիւրինցիներու հաւաքի օրը բեմին վրայ կային տարբեր նուագարաններ. ջութակ, թմբուկ, աքորտէոն, քանոն եւ ուտ։ Կը փորձէին հինգը միասին ներդաշնակ երաժշտութիւն մը ստեղծել, սակայն երաժիշտներուն ջանքերը ապարդիւն էին, կարծես թէ անկարելի էր (այլեւս) այս հինգին համակեցութիւնը. գերիշխողները աքորտէոնն ու թմբուկն էին, այս վերջինը զետեղուած էր «ոչ թէ կողին ու բազուկին միջեւ, այլ երկու ծունկերուն»[22]Նոյն, էջ 130։։ Լուսանցքային ներկայութիւն էին քանոնը եւ ուտը. «այնքան ոչինչ կարելի էր լսել անոնց թփռտացող լարերէն, կը թուէր որ զարդի համար բերուած, դրուած էին հոն, մէկը հին հայրենակից մը պէտք էր ըլլար, միւսը բարեկամ մը, այսինքն՝ փայլուն, առաջնակարգ նուագածուներուն ու գործիքներուն նորէն աղքատ ազգականները, որ կանչուեր էին որպէսզի չըսուէր որ խտրութիւն դրուեր էր»[23]Նոյն, էջ 133։։ Ուտն ու քանոնը հայկական մշակութային կեանքին մէջ հոգեվարքի մէջ էին, անոնց ձայնը սկսած էր անլսելի դառնալ, նոր միջավայրին մէջ լռելու եւ լռեցուելու ընթացքի մէջ էին։
     Յետոյ կայ այլ պատկեր մը, որ կարելի է նմանցնել հին աշխարհին վերջին շունչին, վերջին պատգամին։ Նուագախումբը հնչեցուցած էր շուրջպարի եղանակ մը՝ յայտնապէս բոլոր կիւրինցիներուն ծանօթ, աւանդական. Սեդօ Էմմին դիւթուած էր, անմիջապէս հարթակ մտած էր, շուրջպարին գլուխն անցած էր, ինքն էր բեմին առաջին դէմքը, նոյն այդ պահուն ալ ուտն ու քանոնը յանկարծ դարձած էին գլխաւոր, հիմնական ձայներ, անոնք է որ Սեդոն [կ՚]«առաջնորդեն տեղ մը, որ տեսանելի չէր կրնար ըլլալ, տեղ մը, ուր հազիւ կը լսուէին ծափերը, բացագանչութիւնները, երգին հիմնաբառը կրկնող աղաղակները»[24]Նոյն, էջ 139։։ Սեդոն այլեւս քիչ առաջուան քէմփի անտեսուած, գլուխը ֆէսով բնակիչն ալ չէր. «հիմա այլեւս ֆօթօճի Սեդոն չէր հոն, այլ մէկը որ, պզտիկ ետ ու առաջներով, այս բոլոր յետոյք ու բազուկ շարժող աղաներն ու տիկինները կը տանէր շրջանակի մը վրայով, մէկ անգամէն կը վերադարձնէր իրենց սկզբնական վայրը, որ ժամանակ ու տարածութիւն չի ճանչնար»[25]Նոյն։։ Կը կարծեմ որ ասկէ աւելի հիանալի ներկայացում կարելի չէ գտնել հին/նոր, արեւելեան/արեւմտեան, մաքուր/կեղտոտ, հայկական/թրքական հակասութիւններուն, վէճերուն, գաղափարական պայքարներու ամբողջ մթնոլորտին, որ յատկանշած է յատկապէս Պէյրութի հայկական կեանքը 1920-ականներէն սկսեալ եւ որու պայմաններուն մէջ աքցանուած, երկբեւեռացած, ճնշուած, օտարուած, շփոթած է առաջին սերունդի սովորական հայը, նախկին օսմանեան հայը, մարդը։
     Պէտք չէ մոռնալ նաեւ «Պատկեր»-ին թոփոսը, որ ամբողջ պատումին ընթացքին փնտռուող պատկերն է, լուսանկարը. պատմողը զայն տեսած է տեղ մը, բայց միայն աղօտ յիշողութիւն մը մնացած է անկէ, հարց ու փորձ կ՚ընէ իր հարազատներուն, բայց չի գտներ։ Կը յիշէ որ վեց-եօթ նուագածուղներու խմբանկար մըն է, գլուխնին ֆէս, պատմողին հայրը ուտը ձեռքին է, կան նաեւ տէֆ, քանոն, մէկ ուրիշ ուտ նուագողներ։ Պղտոր է, յիշողութեամբ կարելի չէ վերականգնել ամբողջ խմբանկարը, «լուսանկարին իրողութիւնը սակայն կը թուէր այնքա՛ն անհերքելի, անոր որոշ մասերը այնքան ուժգի՛ն կերպով տակաւին տոգորուած էին միտքս, որ կրնայի ամբողջը գծել, հարկ չկար գունաւորելու (…)»[26] Նոյն, էջ 133։։ Վայրը շատ հաւանաբար Պէյրութի քէմփն է, բայց պատմողը վստահ չէ՝ «ոչ մէկ տեղ, որեւէ տեղ»[27]Նոյն, էջ 237։։ Կարելի է հարց տալ. այս թոփոսը միաժամանակ հինին փնտռտուքը չէ՞, այն հինին որ այլեւս անհետացած էր, որ ժամանակի մտածողութիւնը զայն անէացուցած էր, փոխարինած էր նոր, հայկական եւ հարազատ համարուող արժէքներով, չքացնելով իր հետ ամբողջ ժառանգութիւն մը, որ յատուկ էր քէմփին, այլ խօսքով՝ գաղթական ժողովուրդին, օսմանեան հայերուն։ Նոյն ժամանակ ալ այս խմբանկարին փնտռտուքը եւ անոր ճամբով ալ ամբողջ ժամանակի մը վերականգման փորձը, արդեօք հին հարստութեան վերարժեւորումը եւ վերակենդանացումը չէ՞ր՝ պատմողի մը կողմէ որ պատրաստուած էր նորին լաւագոյն հաստատութիւններէն մէկուն մէջ եւ խորքին մէջ նախատեսուած էր ըլլալ նորին անսակարկ ջատագովը։

ԾԹ. ՏԱՐԻ, 2020 ԹԻՒ 3

References
1 Այս մասին կարդալ՝ Carla Eddé, « Beyrouth face à l’établissement des réfugiés arméniens pendant les années 1920: les limites de l’hospitalité », Les Arméniens, 1917-1939 : la quête d’un refuge, Raymond Kévorkian, Lévon Nordiguian, Vahé Tachjian, Beyrouth, Presses de l’Université Saint-Joseph, 2006, էջ 185-197
2 Սոյն յօդուածի պատրաստութեան համար ուսումնասիրած եմ «Փիւնիկ», «Նոր Փիւնիկ», «Լիբանան», «Ազդարար», «Երիտասարդ հայուհի», «Արարատ», «Ազդարար» եւ «Զարթօնք» թերթերը։
3 Գր. Վարդապետ Մանուշեան, «Յապաղում չի վերցներ», Լիբանան, 5 Մարտ 1927, Գ. տարի, թիւ 271։
4 Մուհապէթճիները կրօնական խումբն էին, իրենք զիրենք կը համարէին լուսաւորչական եկեղեցիի հաւատացեալներ, իսկ իրենց կրօնական կազմակերպութիւնը ծանօթ էր «Սիրոյ ընկերութիւն» անունով։ Օսմանեան կայսրութեան տարիներուն, մուհապէթճիները մեծ թիւ էին պատմական Կիլիկիոյ, Կեսարիոյ եւ Անգարայի շրջաններուն մէջ։ Յաճախ կը հալածուէին լուսաւորչական եկեղեցիի պատասխանատուներուն կողմէ։
5 Ժ.Ս.Շ., «Վաղուան հայը» (խմբագրական), Ազդարար (շաբաթաթերթ), Գ. տարի, թիւ 150, 15 Սեպտ. 1945։
6 Օննիկ Թոփուզեան, «Թուղթ առ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ» (խմբագրական), Ազդարար (շաբաթաթերթ), Գ. տարի, թիւ 127, 7 Ապրիլ 1945։
7 Սիրան Զարիֆեան-Քիւփելեան, ծնած Պոլիս, 1903ին, մահացած Պէյրութ, 1973ին։
8 Սէզա, «Հայաստան երկիր դրախտավայր», Հայրենիք ամսագիր, Է. տարի, թիւ 10 (82), օգոստոս 1929, էջ 19-24)։
9 Այս մասին տեսնել՝ Սեզա, «Էջ մը օրագրէս», Երիտասարդ հայուհի, Ա. տարի, թիւ 6, մարտ 1933, էջ 21։
10 Սէզա, «Հայաստան երկիր դրախտավայր», էջ 20։
11 Նոյն, էջ 22։
12 Նոյն, էջ 24։
13, 25 Նոյն։
14 Սեզա, «Էջ մը օրագրէս», էջ 22։
15 Նոյն
16 Լոյս տեսած է Սեզայի Մեղաւորուհին հատորին մէջ (Երեւան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, 1967), էջ 291-299։
17 Նոյն, էջ 296։
18 Ֆիլիփ Զաքարեան, Որբը տուն շինեց, Ա. հատոր, Անթիլիաս, տպարան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 1985։
19 Գրիգոր Պըլտեան, Պատկերը, Լոս Անճելըս, Ապրիլ հրատարակչութիւն, 2003, էջ 78։
20 Նոյն, էջ 36։
21 Նոյն, էջ 125։
22 Նոյն, էջ 130։
23 Նոյն, էջ 133։
24 Նոյն, էջ 139։
26 Նոյն, էջ 133։
27 Նոյն, էջ 237։