Պատմութեան սկիզբը ծովեզերեայ վայր մըն է, հոն է որ առնուած է հիմնադիր քայլը։ Մերսինէն Պէյրութ հասնող նաւերէն գաղթական ժողովուրդը իջած է ցամաք։ Այս զանգուածին համար նախատեսուած էր մեծ գաղթակայան մը, մայրաքաղաքին հիւսիս-արեւեքը՝ նաւահանգիստին անմիջական հարեւանութեամբ տեղ մը. հիւսիսի կողմէն սահմանը ծովն էր, իսկ հարաւի կողմէն՝ թրամվայի գիծը։
Վայրը Լիբանանի հայութեան  ռաջին մեծագոյն... Կարդալ աւելին
Լուսանկարը՝ Կապրիէլ Պասիլիքոյի
Նկարներդ, սեւ ճերմակ, կը շարունակեն տողանցել մտքիս հորիզոնին՝ անմեղութեան ժամանակի մը անվերջանալի երթը յուշելով։ Երբ անոնց կը նայիմ, կարծես ես ինծի է որ կը նայիմ անցեալի մը ոսպնեակէն, անցեալ մը ուր կամ ու չկամ, եւ ուրեմն կը մնամ միշտ անվերջ փնտռտուքի մը մէջ։ Կը փնտռեմ քաղաքիս փողոցներն ու անոր ժամանակները։ Ինչ որ կը գտնեմ՝ հոսկէ հոնկէ... Կարդալ աւելին