18-
21 Հոկտ. 1931
179, Rue de Vaugirard
Paris
Սիրելի պարոն Անտոնեան,
Այս առաւօտ ստացայ երկտողդ եւ յիշեցի իմ աներեւակայելի մոռացութիւնս։ Կը խնդրեմ ներողամիտ ըլլաս, ներփակ կը ղրկեմ։
Պէտք է ըսել թէ գլխուս եկած փորձանքները պատճառ եղան որ մոռնամ։ Տանտէրը յանկարծ ինձ յայտնեց թէ բնակարանիս պէտք ունի իրեն համար եւ ես հարկադրուեցայ տան մէջ ուրիշ բնակարան մը փոխադրուիլ որպէսզի երեք ամիսէն փողոցը չը մնամ։ Սթերլինկի այս տագնապի օրերուն… հարկադրուեցանք Հրանդին հետ կէօզը ընել. tu parles d’un sport…! եւ դեռ մարդիկ կան որ կը կարծեն թէ բաւական սբոռ չեմ ըներ։
Վերջապէս հիմակ տեղաւորուած ենք եւ ձեզ կսպասեմ յառաջիկայ երկուշաբթի իրիկուն ժամը 81/2ին։ Նոյն տունը, նոյն bâtimentը առաջին յարկ, նոյն կողմը միայն թէ կողքի դուռը, արդէն տան վրայ քառդ մը կայ։ Ասիկա սակայն մի հաշուեր, միտիա տօլմասիի քէյֆ մը կը վերապահեմ յառաջիկային, եթէ կարելի է Վահանին[1]Նկատի ունի բանաստեղծ Վահան Թէքէեանը, որ այդ օրերուն Բարիզ կը գտնուէր, ինչպէս յիշուեցաւ … Continue reading հետ։ Առ այժմ չի մոռնաս այս երկուշաբթին։
Շատ բարեւներ եւ նորէն ներղութիւն։
Զապէլ Եսայեան
* * *
19-
9, նոյ. 1931
179, Rue de Vaugirard
Paris (xve)
Սիրելի պարոն Անտոնեան,
Ինչպէս անշուշտ արդէն գիտէք վաղը ժամը 51/2ին ժամադրութիւն տրուած է Հրանդին, ձեր Մատենադարանին մէջ, ուր պիտի հանդիպի Պելճիքաէն եկած Œuvre des Boursiersի քարտուղարին։ Չեմ գիտեր թէ ի՞նչ է այս հանդիպման իմաստը. Հրանդը շատ լաւատէս է իսկ ես մտահոգութենէ զերծ չեմ։ Չեմ գիտեր նաեւ որ ուրիշ Boursierներու ալ ժամադրութիւն տրուած է՞ թէ միայն Հրանդին։ Անշուշտ առաջինը հաւանական է, քանի որ Հրանդին հետ մասնաւոր բան չեն կրնար ունենալ ըսելիք, այն պատճառով որ Հրանդը մասնաւոր պարագայ մը չի ներկայացներ։ Մէկ խօսքով այս դժուարին օրերուն (շատ աւելի դժուարին քան կրնաք երեւակայել) մեծ մտահոգութեամբ կը խորհիմ որ Հրանդին bourseի կողմէն բան մը կրնայ ելլել (Անգ.ականին անկումի հետեւանքով)։ Հետեւանքը շատ ծանր կ’ըլլայ ինձ եւ Հրանդին համար։ Այս պարագան նկատողութեան ունենալով կը գրեմ ձեզ այս նամակս որ կը յուսամ թէ վաղը կստանաք ժամանակին եւ ձեզմէ կը խնդրեմ որ խօսիք Լ. Բաշալեանին հետ որ համոզուած եմ թէ այդ շրջանակին մէջ ամենէն ջերմ եւ թերեւս միակ բարեկամն է որ կրնայ ի հարկին միջամտել եւ առաջքը առնել կարեւոր կրճատումի մը։ Դեռ եթէ ձեր հայեցողութեան համեմատ յարմար կը դատէք խօսիլ Սինապեանին[2]Նկատի ունի իրաւաբան Գրիգոր Սինապեանը (Կ. Պոլիս 1862-Բարիզ 1933)։ Ուսանած է Վենետիկի … Continue reading հետ, խօսեցէք։ Ես անձամբ պիտի գայի ձեզ տեսնելու բայց կոկորդս կը ցաւի, եւ յետոյ անյարմար է իմ այդտեղ երեւալս ճիշդ այս օրերուն։
Մաղթենք որ այս բոլոր հոգերը անհիմն են եւ Պելճիքայի քարտուղարը կ’ուզէ պարզապէս Œuvreին սաները տեսնել եւ անձամբ տպաւորութիւն մը ունենալ։ Այդ պարագային վստահ եմ որ տպաւորութիւնը շատ գէշ չըլլար Հրանդէն։
Ես Հրանդին պիտի պատուիրեմ քարտուղարին ներկայանալէ առաջ քեզ տեսնել. թերեւս պատուէր մը կամ թելադրութիւն մը կ’ունենաք իրեն ընելիք։ Չի մոռնամ ըսելու որ լապօրաթուառէն 5ը 10 վայրկեան անցած դուրս կ’ելլէ եւ հազիւ պիտի հասնի 51/2ին։ Նկատողութեան ունեցէք։ Ցտեսութիւն եւ շատ սիրալիր բարեւներով
Ձերդ
Զապէլ Եսայեան
* * *
20-
31 Մայիս 1932
179, Rue de Vaugirard
Paris (xve)
Սիրելի պարոն Անտոնեան,
Այս առաւօտ ստացայ ձեր Մայիս 20 թւակիր նամակը եւ ես ալ արդէն կ’ուզէի ձեզ գրել կամ հեռախօսել եւ կամ ինքս անձամբ գալ։ Ձեր նամակին առաջին մասը անհիմն յոռետեսութեամբ գրւած է։ Ճիշդ ալ ես երէկ չէ առջի օր նամակ մը ստացայ այդ մասին։ Մօտ օրերս կը խօսակցինք։ Իմ այսքան ատենէ ի վեր մէջտեղ չելլելուս պատճառները բազմազան եւ բազմատեսակ հոգեր են որոնցմէ նւազագոյնը չէ Սօֆիին առողջական վիճակը։ Auen վերադառնալուն անմիջապէս վերսկսեր է մտնել dépression nerveuseի մէջ (չուտել, չի քնանալ եւն.) եւ տասը օր ետքը այդ régimeով հասեր է կրկին տկարութեան մտահոգիչ աստիճանի։ Նորէն հեռագիր եւն., վերջապէս եկաւ։ Հարկ եղաւ նորէն ծայրէն սկսիլ, բայց այս անգամ աւելի շուտ արդիւնքի հասանք։ Հիմակ աղէկ է (կանոնաւոր կ’ուտէ, գիշերը մէկ շունչով կը քնանայ) եւ յոյս ունինք որ քիչ ատենէն բոլորովին կը լաւանայ։ Բայց այլեւս չեմ ուզեր Auen[3]Նամակի այս էջի աջ կողմը սոսնձուած բարակ թուղթը ծածկած է տողերուն վերջին բառերը, այնպէս որ … Continue reading անունն իսկ լսել։ Հիմակ Auenը ինձ է որ հիւանդ կը դարձնէ։ Մեր սքանչելի բժիշկը հոգով մարմնով կզբաղի Սօֆիով։ Այդ կողմէն սիրտս հանգիստ է։ Այս առաւօտ դեռ ինձ հաւաստեց որ եղածը խոր բան մը չէ բայց պէտք չէ Auen վերադառնալ։ Գոհ եմ որ քեզ ալ օգտակար եղեր է։
Վահանին[4]Խօսքը բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի մասին է։ հիւանդ ըլլալը երէկ լսեր էի արդէն, այսօր գացի հիւանդանոց զինքը տեսայ։ Վտանգ չի կայ, բայց իմ վրաս խոր կերպով ազդեց այն հանգամանքը որ Վահանի արժէքով մէկը երբ հիւանդ ըլլայ, անկարելի է այլ բան մը կարգադրել քան թէ Hôtel Dieu, ըսել չեմ ուզեր թէ Assistanceի հիւանդանոցները գէշ են, ընդհակառակը ես շատ մեծ հաւատք ունիմ եւ ես ինքս երբ հիւանդ ըլլամ կը նախընտրեմ պետական հիւանդանոց երթալ։ Բայց ինք ուրիշ։ Գիտեմ որ գրեթէ զինւորական րէժիմ կայ եւ յետոյ շրջապատը եւն. եւն.։ Լաւ կ’ըլլայ որ կիրակիէն առաջ երթաս զինքը տեսնես։ Ես վաղը կրկին պիտի երթամ։
Իսկ քեզ ե՞րբ պիտի տեսնեմ։ Ուրբաթ օրը մտադիր եմ գրադարան գալու։ Արդեօք հոն կըլլա՞ս։ Եթէ ոչ ինձ երկտողով մը իմացուր եւ ժամադրութիւն մը նշանակէ տան եւ կամ մեզ մօտ կամ քաֆէ մը։
Սիրալիր բարեւներ մեր ամենուն կողմէ
Զապէլ Եսայեան
* * *
21-
2 Մարտ 1933
Բարիզ
Սիրելի պարոն Անտոնեան,
Ձեր նամակը ստացայ եւ կը ցաւիմ որ իմ կրկնակ «ելոյթ»ներուս ներկայ չի պիտի ըլլաս հիւանդութեան պատճառով, այլապէս կորսնցնելիքդ մեծ բան չէ, եթէ կարենայի ես ալ ներկայ չէի ըլլար։
Դժբախտաբար անմիջապէս չեմ կրնար գալ այցելութեան որովհետեւ ես թէեւ հիւանդ չեմ բայց հիւանդէ աւելի բան մըն եմ, ֆրանսերէն դասախօսութեանս պատճառով որ անգամ մը մերժեցի եւ որ երկրորդ անգամ անհնարին եղաւ մերժել։
Գալով այն բանին թէ կրնայ ըլլալ որ առանց ձեզ տեսնելու մեկնիմ, չեմ գիտեր թէ ինչպէս այդպէս «յոյս» մը ունեցեր ես։ Ինձ բաւական կը ճանչնաս գիտնալու համար որ եթէ նոյնիսկ հարկ ըլլայ մէկ երկու օրով ճամբորդութիւնս յետաձգել, աւելի այդ կ’ընեմ քան թէ առանց ձեզ տեսնելու մեկնիլ[5] Ակնարկութիւնը կ’երթայ Զապէլ Եսայեանի եւ դստեր՝ Սօֆիի հայրենադարձութեան, որոնք … Continue reading։
Այս իրիկուն գլխաւոր փուշը ոտքէս կ’ելլայ, կիրակի օրւանը՝ հե՜չ… եւ յոյս ունիմ որ 3-4 օր հանգիստ ինձ համար կ’ապրիմ։
Մերինը Ժընէւէն վերադարձին անմիջապէս գաւառ գնաց։ Երկու օր է տեղէս շարժած չունիմ։ Վաղը կը կարծեմ թէ տեղեակ կ’ըլլամ եւ ժամադրութիւն մը կ’որոշենք։
Առողջութիւն կը մաղթեմ ձեզ եւ կը ղրկեմ իմ եւ Սօֆիին սիրալիր բարեւները։
Ձերդ Զապէլ Եսայեան
Յ. Գ. Գիրքերը կը յանձնւին ձեզ շաբաթ օրը։
= Հրանդին համար գրած տողերուդ համար շնորհակալ եմ։
* * *
22-
21 դեկտ. 1934
Երեւան
Սիրելի պարոն Անտոնեան,
Գիտեմ որ ինձ դէմ նեղացած ես եւ գիտեմ որ մասամբ իրաւացի ես. կ’ըսեմ մասամբ, որովհետեւ այսչափ երկար ատեն չի գրելուս պատճառը ոչ անհոգութիւնն էր եւ ոչ ալ անտարբերութիւնը, այլ բոլորովին ուրիշ պատճառներ։ Ինչ եւ իցէ, ժամանակ չի կորսնցունեմ չքմեղանքներ ընելու եւ աշխատիմ սիրտդ առնել ասկէ յետոյ քեզ գրելով յաճախակի եւ երկար նամակներ։
Հրանդէն եւ յետոյ Հ. Երւանդէն[6]Նկատի ունի Ռամկավար Կուսակցութեան ղեկավար գործիչներէն՝ Հրաչ Երուանդը (Խարբերդ … Continue reading լսեցի որ շարք մը անախորժութիւններ ունեցեր ես առողջական պատճառներով։ Շատ ցաւեցայ։ Կը յուսամ որ այժմ ազատւած ես այդ նեղացուցիչ հոգերէն։ Կը խնդրեմ քեզմէ, ինձ գրէ մանրամասն եւ տեղեկութիւն տուր առհասարակ քու մասին։ Յաճախ մտքովս քեզ կը տեսնեմ մատենադարանին մէջ, մտքովս այցելութեան կու գամ քեզի, եւ յաճախ նաեւ Սօֆիին հետ կը խօսինք քու մասիդ։ Սօֆին իր ամբողջ էութիւնովը թաղւած է իր գրադարանային գործերուն մէջ որոնց մասին, խօսքը մէջերնիս, բաւական գլուխս կը տանի։ Հանրային մատենադարանի Եւրոպական բաժինը որուն վարիչն է (բացի ինձմէ ընտանիքին բոլոր անդամները վարիչ են. Հրանդն ալ իր լաբորատորիայի վարիչն է)- Եւրոպական բաժինը, ուրեմն, վերին աստիճանի հարուստ է, եթէ ոչ թիւով անտարակոյս որակով։ Նոյն իսկ եւրոպացի այցելուներ շատ հետաքրքրական բաներ կը գտնեն այնտեղ։
Հրանդը այստեղ հասնելուն երրորդ օրը գործի անցաւ։ Ես կ’ուզէի որ գոնէ ամիս մը հանգստանար եւ յետոյ գործի անցնէր։ Բայց ինքը անհամբեր էր ինչպէս նաեւ զինքը տեղաւորողը։ Նա մտաւ կաուչուկի քիմիական աշխատանոցները ընկ. Սահակի[7]Նկատի ունի ՀԽՍՀ Նախարարներու Խորհուրդի նախագահ (1928-1935) Սահակ Տէր Գաբրիէլեանը։ Ծնած է Շուշի … Continue reading յանձնարարութեամբ եւ իրեն յանձնեցին շատ հետաքրքրական գործ մը։ Պէտք է որ փորձեր ընէ կազմելու համար նիւթ մը որ մետաղէ աւելի պէտք է դիմանայ բարձր տաքութեան եւ որը անհրաժեշտ է կաուչուկի ճարտարարուեստի մէջ։ Ամէն պարագային փորձերը լաւ արդիւնք ունին եւ ամենքն ալ գոհ են ինչպէս եւ ինքը։ Կաուչուկի մէջ իրեն սենեակ մը տւին առժամանակեայ եւ գարնան կ’ունենայ լաւ բնակարան մը նոր շէնքի մը մէջ որ կառուցման ընթացքում է այս միջոցին։
Վերջապէս ամենքս ալ գոհ ենք եւ հանգիստ։ Ինձ համար, արտասահմանեան ճահիճէն յետո, այստեղ երկնային դրախտ է։ Միանգամ ընդ միշտ ազատւած եմ նիւթական հոգերէն որ այնքան զզւելի բան է եւ որոնց միշտ ենթակայ եղած եմ եւ հանգիստ ու պայծառ տրամադրութիւններով կ’աշխատիմ։ Տպագրութեան յանձնւած է «Սիլիհտարի պարտէզները»[8]Սիլիհտարի պարտեզները, Զապել Յեսայան, Ա. գիրք, Յերեվան, Պետհրատ, 1935, 195 էջ։ Աւելի ետք ունեցած … Continue reading վերնագրով մանկական յիշողութիւններս, ուրկէ երկու օրինակ քեզ կը ղրկեմ երբ լոյս տեսնայ, մէկը քեզի եւ միւսը մատենադարանին համար։ Հրատարակւեցաւ նաեւ առանձին գրքոյկով «Կրակէ շապիկը»[9]Կրակէ շապիկը, Զապել եսայեան, Երեւան, Պետական հրատարակչութիւն, 1934, 83 էջ։ Լոյս տեսած է … Continue reading մասսայական ընթերցման համար։ Եթէ կը հետաքրքրւիս կը ղրկեմ. չի ղրկեցի մինչեւ այժմ որովհետեւ կազմը եւն. լաւ չէ։ Այս միջոցին կ’աշխատիմ «Բառպա Խաչիկ»[10]Աւարտած է զայն 1936-ին, բայց մնացած է անտիպ։ Տպուած է յետ մահու Երեւանի մէջ՝ Բարպա Խաչիկ, վէպ, … Continue reading անուն վէպի մը վրայ Պոլսոյ երկաթագործներու էսնաֆի[11]Արաբերէն ծագումով թրքերէն՝ համքարութիւն։ կեանքէն առնուած։
Ես կը կարծեմ թէ յաջորդ նամակովս քեզ մասնաւորաբար հետաքրքրող լուրեր կ’ունենամ հաղորդելիք։ Ամէն պարագային, լաւ կ’ըլլայ որ այս ամառ իբր այցելու գաս Հայաստան։ Քու առողջութեանդ համար ալ նպաստաւոր կ’ըլլայ այդ։ Կ’երթաս Արզնի կամ ուրիշ մի որ եւէ բուժարան եւ մէկ երկու ամիս կը հանգստանաս։ Հիմակ մեր կեանքի պայմանները շատ լաւ են եւ շաբթէ շաբաթ, օրէ օր կը լաւանան։ Մետիա տոլմասի չեմ կրնար պատրաստել բայց կրնամ հիանալի պուլղուրի փիլաւ պատրաստել քեզ համար։
Այստեղի կլիման եւ պէտք է ենթադրել նաեւ ջուրը, վերին աստիճանի նպաստաւոր եղան իմ առողջութեանս։ Բոլորովին առողջ եմ եւ թարմացած եւ կ’աշխատիմ գիշեր ու ցորեկ առանց յոգնելու։ Տրամադրութիւնս շատ լաւ է, ուրախ եմ եւ լիացած։ Ինձ ընտրեցին քաղխորհուրդի անդամ ինչ որ մեծապէս յուզեց ինձ։ Լաւ եւ ազնիւ մարդիկ են, ամենուն արժէքը արժեքաւորելու հոգով բռնւած։ Լաւ է, շատ լաւ եւ այստեղ կը տեսնենք մէկ բոլորովին ուրիշ եւ արի պատկերը մեր ժողովուրդին որ մեծ եւ խոր վստահութիւն կը ներշնչէ ներկային եւ ապագային համար։
Էհ ուրեմն ցտեսութիւն եւ շատ սիրալիր բարեւներ իմ, Սօֆիին եւ Հրանդին կողմէ։ Հաղորդէ նաեւ իմ լաւագոյն զգացումներս մեր երկուքին մօտ բարեկամներուն։
Քոյդ սիրով
Զապէլ Եսայեան
Իմ հասցէս է.
Mme Z. Essayan
Գրողների տուն
Erivan Arménie (URSS)
Յ. Գ. Եթէ կան այստեղ հրատարակութիւններ որ քեզ կը հետաքրքրեն, գրէ ինձ, ամենայն սիրով քեզ կը ղրկեմ։
↑1 | Նկատի ունի բանաստեղծ Վահան Թէքէեանը, որ այդ օրերուն Բարիզ կը գտնուէր, ինչպէս յիշուեցաւ նախորդ նամակներուն մէջ։ |
---|---|
↑2 | Նկատի ունի իրաւաբան Գրիգոր Սինապեանը (Կ. Պոլիս 1862-Բարիզ 1933)։ Ուսանած է Վենետիկի Մուրատ-Ռաֆայէլեան վարժարանը, ապա Բարիզի մէջ հետեւած է իրաւաբանութեան։ 1911-ին նշանակուած է Օսմանեան կայսրութեան Հանքերու, անտառներու եւ երկրագործութեան նախարար։ Հինգ հատորով ֆրանսերէնի թարգմանած է օսմանեան օրէնսգիրքը։ Զինադադարէն ետք վերջնականապէս հաստատուած է Բարիզ։ Մաս կազմած է Ազգային պատուիրակութեան, Հ. Բ. Ը. Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ ազգային այլ մարմիններու («Բազմավէպ», Վենետիկ, Օգոստոս-Դեկտեմբեր 1936, էջ 329-330)։ |
↑3 | Նամակի այս էջի աջ կողմը սոսնձուած բարակ թուղթը ծածկած է տողերուն վերջին բառերը, այնպէս որ մեր կողմէ ամբողջացուած այս եւ քանի մը այլ բառերուն ընթերցումը կը մնայ երկբայելի։ |
↑4 | Խօսքը բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի մասին է։ |
↑5 | Ակնարկութիւնը կ’երթայ Զապէլ Եսայեանի եւ դստեր՝ Սօֆիի հայրենադարձութեան, որոնք Խորհրդային Միութիւն մեկնած են այս նամակի գրութենէն կարճ ժամանակ անց, Մարտ 1933-ին, ու Երեւան հասած են Ապրիլի 19-ին, Մոսկուա-Թիֆլիս ճանապարհով։ Եսայեանի տղան՝ Հրանդը իրենց միացած է տարի մը ետք։ |
↑6 | Նկատի ունի Ռամկավար Կուսակցութեան ղեկավար գործիչներէն՝ Հրաչ Երուանդը (Խարբերդ 1885-Միացեալ Նահանգներ 1968)։ Բուն անունով՝ Նշան Եաղուպեան։ Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է ծննդավայրին մէջ, նախ՝ Թլկատինցիի Կեդրոնական վարժարանին, ապա՝ Եփրատ Գոլէճի: Անցնելով Միացեալ Նահանգներ, հետեւած է Պոսթընի համալսարանի իրաւաբանական ճիւղին։ Անդամակցած է Վերակազմեալ Հնչակեան, ապա՝ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան։ Խմբագրած է մէկէ աւելի թերթեր, որոնց էջերուն ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ։ Առանձին հատորով հրատարակած է քանի մը գիրքեր։ Երուանդ Նոյ.-Դեկտ. 1934-ին այցելած է Խորհրդային Հայաստան եւ Բարիզ վերադարձած է 3 Յունուար 1935-ին (Վահան Թէքէեան. Նամականի, կազմեց, խմբագրեց եւ ծանօթագրեց Աւետիս Գ. Սանճեան, Լոս Անճելըս, հրատարակութիւն Թէքէեան Մշակութային Միութեան, 1983, էջ 643)։ |
↑7 | Նկատի ունի ՀԽՍՀ Նախարարներու Խորհուրդի նախագահ (1928-1935) Սահակ Տէր Գաբրիէլեանը։ Ծնած է Շուշի 1886-ին եւ կանուխէն անդամակցած է համայնավար կուսակցութեան եւ ունեցած է յեղափոխական եռուն գործունէութիւն։ Երկար տարիներ ապրած է Բագու։ 1920-ին ընտրուած է Յեղկոմի անդամ, ապա Հայաստանի ներկայացուցիչ Մոսկուայի մօտ։ Ստալինեան բռնութիւններու շրջանին ձերբակալուած է ու սպաննուած 19 Օգոստոս 1937-ին, մինչ իր մահուան պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ըսուած է թէ պատշգամէն վար նետուելով անձնասպան եղած է։ |
↑8 | Սիլիհտարի պարտեզները, Զապել Յեսայան, Ա. գիրք, Յերեվան, Պետհրատ, 1935, 195 էջ։ Աւելի ետք ունեցած է այլ հրատարկութիւններ եւս։ |
↑9 | Կրակէ շապիկը, Զապել եսայեան, Երեւան, Պետական հրատարակչութիւն, 1934, 83 էջ։ Լոյս տեսած է «Պետհրատի եժանագին գրադարան» մատենաշարով։ |
↑10 | Աւարտած է զայն 1936-ին, բայց մնացած է անտիպ։ Տպուած է յետ մահու Երեւանի մէջ՝ Բարպա Խաչիկ, վէպ, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, 1966, 868 էջ։ |
↑11 | Արաբերէն ծագումով թրքերէն՝ համքարութիւն։ |