9-
23 Յունիս 1929
8. Rue Lamartine
Viroflay (s. et o.)
Սիրելի պարոն Անտոնեան,
Քանի օր է որ ձեզ պիտի գրեմ բայց աչքերս կուրնալու չափ հիւանդ էին ինչպէս եւ լիարդս: Այսօր քիչ մը աղէկ եմ (թէեւ դաշտահանդէսին չի կրցայ երթալ) եւ աւելի լաւատեսութեամբ կը նայիմ աշխարհիս վրայ:
Ձեզմէ դարձեալ ծառայութիւն մը պիտի խնդրեմ, կրնա՞ք ինձ ղրկել երկտողով մը Արմենակ պէյ Սագըզի[1]Արմենակ պէյ Սագըզեան (Կ. Պոլիս 1872-Կ. Պոլիս 1944): Հայ եւ արեւելեան արուեստներու քաջածանօթ մասնագէտ: Յաճախած է … Continue reading անձնական հասցէն: Ներսէս Չամքերթէնը[2]Կը բնակէր Պրիւքսէլ-Պելճիքա: Եղած է Հ. Բ. Ը. Միութեան տեղական վարչութեան փոխ ատենապետը: ուզեց ինձմէ եւ մինչեւ օրս չի գտայ, ճիշդը ըսելով չի կրցայ փնտռել:
Միեւնոյն ատեն կը յիշեցնեմ ձեզ որ գրեթէ խոստացաք յառաջիկայ կիրակի Վիրօֆլէ գալու: Եթէ արգելք մը չունիք եւ այդ խոստումը կրնաք կատարել, ոչ միայն ես այլ եւ ամբողջ տնեցիներով չափազանց գոհ կ’ըլլանք: Եկէ՛ք ցորեկուան ճաշին եւ կը ջանամ ձեզ հաւնեցնելիք պուլղուր մը եփել: Կը ճաշենք ճամը 1ին, այնպէս որ շատ կանուխ ելլելու պէտք չես ունենար:
Ցտեսութիւն ուրեմն եւ շատ սիրալիր բարեւներ մեր ամէնուս կողմէն:
Զապէլ Եսայեան
* * *
10-
2 Յուլիս 1929
8, Rue Lamartine
Viroflay (s. et o.)
Սիրելի պարոն Անտոնեան,
Ներփակ կը գտնէք կտրոններ «Խորհրդային Հայաստան» թերթէն ուր ձեզ հետաքրքրող դատական խնդիր մը կայ[3]Ակնարկութիւնը կ’երթայ Երեւանի Միասնիկեանի անուան հանրային գրադարանի (այժմու Հայաստանի Ազգային գրադարանի) … Continue reading: Այդ պատմութեան բարոյականը այն է որ պէտք է զգուշանալ գիրք սիրողներէն, մանաւանդ շատ սիրողներէն:
Կը յուսամ որ կիրակի լաւ տեղ հասաք եւ առհասարակ ձեր տրամադրութիւնը աղէկ է: Այս առթիւ ձեզ [կը] ղրկեմ իմ եւ տնեցիներուն սիրալիր բարեւները:
Ձերդ Զապէլ Եսայեան
* * *
11-
3 Սեպտ. 1929
179, Rue de Vaugirard
Paris (xve)
Սիրելի պարոն Անտոնեան,
Վերջապէս տեղաւորուեցանք մեր Բարիզի բնակարանին մէջ: Թէեւ քիչ մը նեղուածք ենք, մանաւանդ Վիրօֆլէի հետ բաղդատմամբ բայց ուրախ ենք որ վերջապէս շէյիր ուշաղի[4]Թրքերէն՝ քաղաքի տղայ, քաղաքացի: դարձանք: Շատ ուրախ պիտի ըլլայինք եթէ յառաջիկայ կիրակի իրիկուն գայիր մեզ հետ ընթրելու: Հիմակ որ Բարիզ ենք դժուարութիւնը նուազ է քեզ համար եւ մեզ համար հաւասարապէս հաճելի մէկ երկու ժամ անցնել քեզ հետ: Կարգ մը նոր աւարներ կան որոնց մասին կը խօսիմ անձամբ, եթէ ձեզ կը հետաքրքրեն, բաշալոդա՛:
Եթէ պարոն Թէքէեանը[5]Նկատի ունի բանաստեղծ, վիպագիր, հրապարակագիր, խմբագիր եւ ազգային-կուսակցական գործիչ Վահան Թէքէեանը (Կ. Պոլիս … Continue reading դեռ Բարիզ է, ուրախ կ’ըլլանք եթէ ձեզ ընկերանայ: Իրեն խօսեր եմ արդէն եւ համաձայն է: Ես իր հասցէն չեմ գիտեր, բարի եղիր իրեն գրելու:
Ցտեսութիւն ուրեմն եւ շատ բարեւներ մեր ամենուս կողմէ:
Զապէլ Եսայեան
Յ. Գ. 1) Պուլղուրը ապահովուած է:
2) Գոհ կ’ըլլամ եթէ երկտողով մը ինձ պատասխանես:
* * *
12-
24 Դեկտ. 1929
179, Rue de Vaugirard
Paris
Սիրելի Արամ,
Այս առաւօտ ստացայ նամակդ եւ ստացագրի պատճէնը: Շատ շնորհակալ եմ ըրած ջանքերուդ համար եւ կրնամ ըսել թէ արդիւնքը կիյնայ à pic: Մեր պատուական բարեկամը պ. Բաշալեան ինձ խոստում մը ըրած էր եւ այս առաւօտ կսպասէի իրմէ երկտողի մը, բայց դեռ չստացայ: Մէկ երկու օրէն անշուշտ անկէ ալ լուր մը կ’առնեմ եւ կը յուսամ որ այս միացեալ ուժերով հասնիմ մինչեւ այն օրը երբ իմ խնդիրներս վերջնական ձեւ մը կստանան ինչ որ չի կրնար ուշանալ:
Դարձեալ եւ դարձեալ շնորհակալութիւն եւ սրտագին մաղթանքներ: Կը յուսամ շուտով կը տեսակցինք:
Սիրալիր բարեւներով
Զապէլ Եսայեան
* * *
13-
10, փետր. 1930
179, Rue de Vaugirard
Paris (15e)
Սիրելի պարոն Անտոնեան,
Սինեմայի ներկայացումները կը շարունակուին տունս, բայց առ այժմ թողունք օր մը անձամբ կը պատմեմ որովհետեւ խնդալիք բաները չեն պակսիր:
Կը խնդրեմ քեզմէ, եթէ կարելի է ինձ ղրկես ժէնէրալ Պրէմոնի[6]Զինադադարին, ֆրանսական գրաւման շրջանին Կիլիկիոյ ընդհանուր կառավարիչ, 19 Յունուար 1919- 4 Սեպտեմբեր 1920: այժմու հասցէն:
Յետոյ կը խնդրեմ նաեւ որ եթէ հէրիֆ[7]Թրքերէն՝ մարդ: մը ներկայանայ այդտեղ պարոն Բաշալեանը տեսնելու, նկատի ունենաս որ ինձ համար է եւ քաղցրութեամբ վարուիս հետը:
Մոռցայ գրելու պարոն Բաշալեանի որ Կիլիկիոյ միսիոնիս ատեն իշխանութեանց հետ փոխանակուած նամակները a fait un effet bœuf.… եւ կը խնդրեմ որ խօսակցութեան ընթացքին անդրադառնայ այդ շրջանի գործունէութեանս:
Ի միջի այլոց շատ հետաքրքրական բաներ կան այդ ծրարիս մէջ, որոնք այսօր պատմական նշանակութիւն ունին. միասին օր մը կը նայինք եւ եթէ ձեզ կը հետաքրքրեն կու տամ մատենադարանին[8]Ըստ երեւոյթին, Եսայեան փաստաթուղթերու այդ ծրարը յանձնած է Նուպարեան մատենադարանին, որովհետեւ փաստօրէն նոյն … Continue reading:
Շատ սիրալիր բարեւներով
Զապէլ Եսայեան
* * *
14-
13 Յունիս 1930
179, Rue de Vaugirard
Paris
Սիրելի պարոն Անտոնեան,
Ստացայ ձեր 12 Յունիս թուակիրը եւ ջերմապէս շնորհակալ եմ ձեր հոգածութեան համար: Նախզգուշական միջոցներ չենք առած իմ եւ այստեղի մարդոց մօտ եղածը պարզ քաղաքավարական ձեւակերպութիւն է եւ փոխարէն աւելին չեմ սպասեր:
Արթուն ըլլալը արթուն եմ, դժբախտաբար իմ առողջական անկայուն վիճակս ինձ շատ կը վնասէ, այլապէս Պրիւսէլ կ’երթայի եւ տեղւոյն վրայ կը ջանայի կարգադրել:
Դարձեալ շնորհակալութիւն եւ միշդ Ձերդ սիրալիր բարեւներով
Զապէլ Եսայեան
* * *
15-
10 Յուլիս 1930
179, Rue de Vaugirard
Paris (xve)
Սիրելի պարոն Անտոնեան,
Հրանդին[9]Եսայեանի զաւակը: Ուսանած է Կ. Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանը, ապա՝ Փարիզի Փիէր Քուրիի անուան քիմիական … Continue reading գործը յաջողեցաւ եւ այս ուրախ լուրը կշտապեմ ձեզ իմացնելու, որովհետեւ գիտեմ թէ մօտէն եւ սրտանց կը հետաքրքրուիս:
Կը տեսնես որ արթուն ըլլալը արթուն էի, դուն իմ սէրսէմ[10]Թրքերէն՝ մտազբաղ: երեւոյթիս մի նայիր, որքան մեծ eour մը ընելու վրայ ըլլամ այնքան սէրսէմ երեւոյթ մը կստանամ ինչպէս կատուազգիները:
Այս նամակս պատռէ եւ բովանդակութիւնը միտքդ պահէ: Այս օրերս օր մը հաճոյքով կ’անցնիմ ձեզ մօտ եւ կը խօսակցինք: Սօֆին chef bibliothéque-ի եւ archiviste-ի պաշտօն մը ստանձնեց Avesի գրադարանին մէջ, Թուլուզի մօտ: Ան ալ հասկցածդ չէ: 18 թեկնածուներու մէջ ինքը պաշտօնը ստացաւ շնորհիւ իր բրօֆէսորին եւ տեղւոյն dépuséին ազդեցիկ միջամտութեան եւ այդ բոլորը սարքեց ինքը առանձին, երբ յոյսը կտրեց վիզան ստանալու: Հազիւ թէ պաշտօնը ընդունած էր հեռագրով վիզան եկաւ, բայց այժմ հարկադրուած է գոնէ տարի մը մնալ: Իմ կարծիքով այսպէս լաւ եղաւ որովհետեւ այդ պաշտօնը charbrisleի պաշտօն մըն է եւ յետագային մեծ կարեւորութիւն կ’ունենայ որ այդ պաշտօնը վարած է եւ կը յուսամ լաւագոյն տպաւորութիւնը կը թողու:
Շատ բարեւներ եւ սիրալիր զգացումներով,
Ցտեսութիւն Ձերդ
Զապէլ Եսայեան
* * *
16-
1 Հոկտ. 1930
179, Rue de Vaugirard
Paris (xve)
Սիրելի պարոն Անտոնեան,
Կը խնդրեմ ձեզմէ, ինչպէս բերանացի ըսեր եմ, որ Հրանդը առաջնորդէք որու մօտ որ հարկ է որպէսզի ստանայ իր ռոճիկը:
Այս խնդիրէս զատ ահա եւ շարք մը ուրիշ խնդիրքներ:
1) Եթէ արգելք մը չունիք հաճեցէք շաբաթ իրիկուն գալ մեզ հետ ընթրելու: Ձեզ կը յանձնեմ նաեւ պարոն Թէքէեանին ըսելու որ չափազանց ուրախ կ’ըլլամ եթէ կարենայ ձեզ ընկերանալ:
Եթէ շաբաթ օրուան համար արգելք մը ունիք հաճեցէք ինձ իմացնել: Այդ պարագային կ’ընթրենք ուրիշ օր մը յառաջիկայ շաբթուան մէջ:
2) Կրնա՞ք իմ տրամադրութեանս տակ դնել երկար ժամանակով Նանսէնի[11]Նկատի ունի նորվեկիացի նշանաւոր գիտնական, բեւեռախոյզ, մարդասէր եւ քաղաքական-հասարակական գործիչ Ֆրէտիոֆ … Continue reading գիրքէն հատոր մը[12]Նկատի ունի Նանսէնի “L’Arménie et le Proche Orient”: Եթէ կարելի է շատ գոհ կ’ըլլամ: Ֆրանսացի բարեկամի մը խոստացայ:
3) Պարոն Բաշալեանը վերադարձած է՞ թէ ոչ, կամ ե՞րբ պիտի վերադառնայ: Եթէ արդէն Բարիզ է ըսէք իրեն որ այս անգամ corvéeի մը համար չէ որ զինքը տեսնել կը փափաքիմ:
Ցտեսութիւն ուրեմն եւ կանխայայտ շնորհակալութիւններով շատ սիրալիր բարեւներ:
Ձերդ Զապէլ Եսայեան
* * *
17-
30 Հոկտ. 1930
179, Rue de Vaugirard
Paris (xve)
Սիրելի պարոն Անտոնեան,
Հրանդը յաջողութեամբ անցուց École de Chimieի մուտքի քննութիւնը որուն արդիւնքը երէկ իրիկուն յայտնեցին: Ընդունուած են 74 աշակերտներ որոնք դասաւորուած են իրենց ստացած թիւերուն համեմատ: Հրանդը դասաւորուած է 12e ինչ որ կը համարուի շատ լաւ արդիւնք մը:
Գիտեմ թէ ինչքա¯ն բարեկամական զգացումով կը հետաքրքրուիք մեզմով, այդ պատճառով է որ ձեզ հաղորդակից կ’ընեմ այս լաւ լուրին եւ մեր ուրախութեան:
Այս օրերս կ’անցնիմ մատենադարանէն եւ կը տեսնուինք:
Ձերդ սիրալիր բարեւներով
Զապէլ Եսայեան
ԾԶ. ՏԱՐԻ, 2017 ԹԻՒ 4
Կարդալ ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆԻ ԱՆՏԻՊ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ ԱՐԱՄ ԱՆՏՈՆԵԱՆԻՆ (1921-1934 ԹԹ.) Գ. այստեղ
↑1 | Արմենակ պէյ Սագըզեան (Կ. Պոլիս 1872-Կ. Պոլիս 1944): Հայ եւ արեւելեան արուեստներու քաջածանօթ մասնագէտ: Յաճախած է Կալաթասարայի լիսէն, ապա Փարիզի մէջ հետեւած է իրաւաբանութեան: Վերադառնալով ծննդավայր, պաշտօն ստանձնած է հաշուակալութեան պետական դիւանին մէջ: 1922-1942-ին ապրած է Փարիզ, որմէ ետք վերադարձած է Կ. Պոլիս: Ունի արուեստագիտական բնոյթի բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ հայերէն ու մանաւանդ ֆրանսերէն լեզուներով, նուիրուած հայկական ոսկերչութեան պատմութեան, գորգագործութեան, յախճապակիի, գեղանկարչութեան, փայտափորագրութեան, հիւսուածեղէնի, ճարտարապետութեան եւ այլն: Առանձին հատոր հրատարակած է նաեւ պարսկական մանրանկարչութեան մասին: |
---|---|
↑2 | Կը բնակէր Պրիւքսէլ-Պելճիքա: Եղած է Հ. Բ. Ը. Միութեան տեղական վարչութեան փոխ ատենապետը: |
↑3 | Ակնարկութիւնը կ’երթայ Երեւանի Միասնիկեանի անուան հանրային գրադարանի (այժմու Հայաստանի Ազգային գրադարանի) տնօրէնի տեղակալ Լեւոն Ուռէկլեանի դատավարութեան, որ տեղի ունեցած է Հայաստանի Գերագոյն Դատարանին մօտ: Յիշեալը ամբաստանուած էր պետական-հասարակական հիմնարկութենէ մը ծրագրուած ձեւով գողութիւն ընելու եւ իր պաշտօնը շահադիտական նպատակներով գործածելու մէջ: Ուռէկլեան գրադարանէն գողցած է 1300 գիրք եւ դատավարութեան ընթացքին յատարարած՝ թէ «Ես սիրում եմ գիրքն առհասարակ»: Ան դատապարտուած է եօթը տարուան բանտարկութեան: Դատավարութեան լայնօրէն անդրադարձած է Երեւանի «Խորհրդային Հայաստան» [1921-1940-ին «Խորհրդային Հայաստան» կը կոչուէր] օրաթերթը իր 9, 18-22 եւ 27 Յունիս 1929-ի թիւերով: Ըստ երեւոյթին, թերթի այդ կտրօններն են որ Եսայեան ղրկած պիտի ըլլայ Անտոնեանին: Հետաքրքրական է, որ դատավարութեան «ժողատենակալ» ներկայացած է մեծ լեզուաբան Փրոֆ. Հրաչեայ Աճառեան: Աճառեանի ուսանող-բարեկամներէն Գառնիկ Ստեփանեան, Աճառեանի նուիրուած իր յուշերու հատորիկին մէջ անդրադարձած է այս դատավարութեան եւ տուած հետեւեալ մանրամասնութիւնները. «…1920-ական թուականների վերջերին Երեւանի Հանրային գրադարանում կատարուել էր գրքերի գողութիւն: Գողերը բռնուել էին: Տեղի էր ունեցել հասարակական բաց դատ: Եւ… որքան էլ տարօրինակ թուայ, որպէս հասարակական մեղադրող հանդէս էր եկել մեծ լեզուաբանը, որն ամբողջ կեանքի ընթացքում դատարանի հետ գործ չէր ունեցել: Նա ցասումնալի մի ճառ էր ասել, պահանջելով խստօրէն պատժել այն մարդկանց, որոնք գողանալով գրքեր, սերունդներին զրկում էին մարդկային մտքի նուաճումներին հաղորդակից դառնալու հնարաւորութիւնից» (Գառնիկ Ստեփանեան, Աճառեանի հետ (Յուշեր)», Երեւան, «Հայաստան», 1976, էջ 102): |
↑4 | Թրքերէն՝ քաղաքի տղայ, քաղաքացի: |
↑5 | Նկատի ունի բանաստեղծ, վիպագիր, հրապարակագիր, խմբագիր եւ ազգային-կուսակցական գործիչ Վահան Թէքէեանը (Կ. Պոլիս 1878-Գահիրէ 1945): Ուսումը ստացած է ծննդավայրի տարբեր վարժարաններու մէջ՝ Ներսէսեանի, Պէրպէրեանի եւ Կեդրոնականի: 1896-ին խոյս տալով թրքական հալածանքներէն՝ ապաստանած է Եւրոպա, ապա անցած է Եգիպտոս ու ապրած անդաստական կեանք մը՝ շրջելով բազմաթիւ երկիրներ: Տարբեր վայրերու մէջ ու տարբեր ժամանակներով, հիմնած ու խմբագրած է բազմաթիւ թերթեր ու հանդէսներ. սակայն իր անունը առաւելաբար կապուած կը մնայ Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթին, որուն խմբագրութիւնը վարած է երկար տարիներ: Անդամակցած է Հնչակեան, Վերակազմեալ Հնչակեան, Հայ Սահմանադիր Ռամկավար եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւններուն՝ միշտ վարելով պատասխանատու պաշտօններ: |
↑6 | Զինադադարին, ֆրանսական գրաւման շրջանին Կիլիկիոյ ընդհանուր կառավարիչ, 19 Յունուար 1919- 4 Սեպտեմբեր 1920: |
↑7 | Թրքերէն՝ մարդ: |
↑8 | Ըստ երեւոյթին, Եսայեան փաստաթուղթերու այդ ծրարը յանձնած է Նուպարեան մատենադարանին, որովհետեւ փաստօրէն նոյն մատենադարանի իր անձնական թղթածրարին մէջ կան իր կիլիկեան գործունէութեան վերաբերող ֆրանսերէն տասնեակ փաստաթուղթեր որոնք այլ կերպ չէին կրնար հոն հանգրուանել, մանաւանդ որ Անտոնեանի նման մատենադարանապետ մը այդպիսի առիթ մը չէր կրնար փախցնել: |
↑9 | Եսայեանի զաւակը: Ուսանած է Կ. Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանը, ապա՝ Փարիզի Փիէր Քուրիի անուան քիմիական համալսարանը (Նամակներ, էջ 381-382): |
↑10 | Թրքերէն՝ մտազբաղ: |
↑11 | Նկատի ունի նորվեկիացի նշանաւոր գիտնական, բեւեռախոյզ, մարդասէր եւ քաղաքական-հասարակական գործիչ Ֆրէտիոֆ Նանսէնը (1861-1930): Ան ծնած ու մահացած է Նորվեկիա: Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք զբաղած է գերիներու, գաղթականներու եւ սովահարներու հարցերով: Եղած է Ազգերու Լիկայի փախստականներու հարցերու գլխաւոր ներկայացուցիչ: Փախստականներու համար ստեղծած է յատուկ անձնագրի դրութիւն, որ իր անունով կոչուած է «Նանսէնեան անձնագիր», որմէ օգտուած են բազմահազար արեւմտահայ աքսորականներ: 1925-ին այցելած է Խորհրդային Հայաստան եւ ծանօթացած ներգաղթի պայմաններուն: 1922-ին ստացած է խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ: |
↑12 | Նկատի ունի Նանսէնի “L’Arménie et le Proche Orient” |