ՄՈՒՏՔ՝ ՈՐԲՈՒՆԻԻ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐՍ (ՇԱՐ. 3)

Գ. ԹԵԿՆԱԾՈՒԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԵՒ ԵՂԵՒ ՄԱՐԴ

     «Ասֆալթը» նոր էջ մըն է հայ վիպագրութեան համար։
     «Հալածուածներ»ու շարքին երրորդ գլուխը կազմող այս գործը, որ լոյս տեսաւ 1972ին, «Մարմարա» հրատարակչատան կողմէ, Սթամպուլ, Փրուսթէն Րոպ—Կրիէ երկարող ֆրանսական վէպի աշխարհին մէջ կատարուող փնտռտուքներուն ընկալումը կը բերէ եւ կը դառնայ որբունիական նոր փորձ մը այս սեռէն ներս:
      ինչպէս որոշ չափով անդրադարձանք, «Թեկնածուն» կը կատարէր արդէն նման փնտռտուք մը, գուցէ ոչ բաւարարաչափ բիւրեղացած կամ ամբողջացած կերպով։
     «Ասֆալթը»ի սկզբնաւորութեան տեղ գտած «Յառաջաբանի մը տեղ» եւ «Երկու խօսք» ներածականները այս հարցերուն կ’անդրադառնան։ Առաջինը պաշտպանողական մըն է «Թեկնածու»ին առիթով բարձրացած աղմուկին եւ կատարուած յարձակումներուն դէմ – յարձակումի ենթարկուած է Որբունիի ժամանակի յղացքը, իսկ հոգեբանական տուեալներուն կամ զարգացումներուն հետ եկող սեռայինի կամ մարմինի ներկայութիւնը նկատուած է «կղկղանքի աղբանոց»…
     «Երկու խօսքը» հեղինակի մօտեցման բացատրութիւնն է, որուն մէկ բաժինին անդրադարձանք այս յօդուածի առաջին մասին մէջ։ Անշուշտ, հոն գտնուող որոշ կէտերուն հետ կարելի է տարակարծիք ըլլալ, ինչպէս փըծծըլ խաղին ու վէպին միջեւ կատարուած նմանութեան։ Փաստօրէն, փըծծըլի կտորներուն հաւաքով պատկեր մը կ’ամբողջանայ, մինչդեռ, մարդու յիշողութեան բերումով իսկ, նոյն արարքը յաճախ կը կրկնուի, դէպքեր ու պատկերներ իրարու վրայ կու գան եւ Որբունիի «ակամայ յիշողութիւն»ը ուրիշ բան չ’ըներ արդէն… Այսինքն՝ շատ մը դէպքեր, փորձառութիւններ, պատկերներ կը կրկնուին եւ… դուրս կ’իյնան ամբողջական պատկերէն, որ խորքին մէջ դուրս իյնալ չէ, որովհետեւ վէպը փըծծըլ կամ նման խաղ մը չէ։ Ամէն պարագայի, հասկնալի է, որ հեղինակին օրինակը պարզապէս իր միտքը բացատրող նմանութիւն մըն է եւ նմանութեան մը բոլոր եզրերը իրարու համապատասխանելու կարիքը չունին։
     Սակայն այստեղ կը շեշտուի գրականութեան պայմանական բնոյթը, որ դժբախտաբար յաճախ կ’անտեսուի հայ ընթերցողին եւ երբեմն նո՛յնինքն հայ գրողին կամ քննադատին կողմէ – արձակի թէ քերթողութեան պարագային։ Այս իրականութիւնն է, որ կը շեշտէ Որբունի.

     «Գրականութիւնը գրութիւն է իր սեփական օրէնքներով եւ կանոններով (5) որոնք լեզուական են եւ որոնցմով յառաջ կու գայ բանաստեղծութիւնը։ Այսինքն բանը ստեղծել եւ ոչ թէ պատմութիւնը պատմել»[1]«Ասֆալթը», էջ 17-18։ Մինաս այս իմաստով բանաստեղծ չէ՞։։

      Եւ ինչպէս գրութիւնը կամ վէպը պայմանական հասկացողութիւն մըն է, նոյնպէս եւ ժամանակի ուղիղ ընթացքը, անոր իբրեւ ուղիղ գիծ ներկայացումը պայմանադրութիւն մըն է «Ուրիշ խօսքով, շինծու…: Իրական գիծը պարուրաձեւ (սփիւռալ) է։ Եւ դեռ գիծը գիծ չէ։ Գիծը կէտերու շարունակութիւն մըն է, մէկ կէտէն միւսը պարապ միջոցներ կան» («Ասֆալթը», էջ 20)։
     Այս երկու պայմանագրութիւններու պարզաբանումով շատ աւելի յստակ կ՚ըլլան «Թեկնածուն», «Ասֆալթը» եւ «Սովորական օր մը» գործերը։ Աւելի՛ն. կայ առաւել եւս դրական երեւոյթ մը – հեղինակը ներածական իր այս երկու գրութիւններով կը պարզէ իր կեցուածքը իր գրութեան հանդէպ։ Յստակօրէն կը գրուի տեսական կամ յղացքային հարցերու հանդէպ հեղինակին տեսակէտը, զոր պէտք է նկատել իբրեւ կատարուած փորձին բացատրութիւնը:
     «Ասֆալթը» ըլլալու փորձին մէկ նոր եւ գուցէ ամէնէն խոր կրկնութիւնը կը բերէ։ հոս Մինաս ունի իր աշխատանքը, որ ֆրանսահայ համայնավար թերթի մը մէջ իր պաշտօնն է։ Սէրը, որ սիրային ու սեռային մակարդակներու վրայ բազմաթիւ առընչութիւններով կը զարգանայ, եւ առանձնութիւնը, որուն որեւէ յստակ բառ տալ դժուար է եւ թիւրիմացութիւններ կը ստեղծէ: Փաստօրէն, հոս եւս ան տուն կամ կայուն կայք չունի։
     «Վէպը» Նիքոլի մահուան տեսարանով կը բացուի, այսինքն՝ կրկին մահուան պատկերով մը։ Նիքոլ, Մինասի կինը (սիրած կինը), ծննդաբերութեան նախորդող ցաւերուն մէջ կը գալարի եւ ինք չի կրնար հաղորդակցութիւն ստեղծել անոր հետ, այսինքն՝ անտարբեր կը մնայ, որոշ չափով չի կրնար անոր ցաւը բաժնել։ Նոյնիսկ Նիքոլի քրոջը՝ Մոնիքին ու բժիշկին ուշ լուր տալով, անոր մահուան պատճառներէն մէկը կը դառնայ…
     Երբ Մինաս կը փորձէ Նիքոլի ցաւին հաղորդակցիլ՝ կը կրկնուի Մայիս 28-ի դէպքը կամ կերած ծեծին զգայնութիւնը (էջ 44 – 48 ), որ խորքին մէջ մասոշական նկարագիր մը ունի։ Իսկ ուրիշ տեղ մը, կնկան ցաւերուն դիմաց պիտի մտածէ. «Որդին հօրը վրէժը կը լուծէ կոր» (էջ 51), որ ինքնին թելադրական ակնարկութիւն մըն է։
     Ամէն պարագայի, հոգեվերլուծական միտում մը կայ, որ կանգ կ’առնէ գրեթէ բոլոր արարքներուն ու դիրքորոշումներուն վրայ։ Օրինակ, կայ մահուան դէպքին ամբողջական ներկայացումը, ուր այլեւս «Սենեակը ժամանակէն դուրս մնացած բեկոր»ի մը կը վերածուի (էջ 147), եւ ապա՝ Մինասի անդրադարձն ու վերլուծումը այս բոլորին (իր վարուելակերպին)։
     Առաջին հարիւր էջերուն վրայ ակնարկութիւններ կ’ըլլան, թէ ինք, որոշ շրջան մը տունէն մեկնած է կամ փախուստ տուած, թէ՝ Նիքոլ ատեն մը խուսափած է իր մերձեցումներէն, թէ՝ զաւակը իր հօրը վրէժը կը լուծէ եւայլն: Անշուշտ, Մինասի մտքին մէջ տեղ մը ներկայ է նաեւ այն պարագան, որ կը կասկածի Նիքոլի եւ անոր գործատիրոջ՝ Պրն. տը Լա ֆօսի յարաբերութիւններուն մասին։ Ապա կ՚անդրադառնայ , որ Նիքոլի մահուան մահիճին դիմաց իր դէմքին ցաւատանջ արտայայտութիւններն ու ծամածռութիւնները պարզապէս ձախող զաւեշտ մը եղած են իր «եսասիրութիւնը յաղթահարելու»։ Սակայն այս բոլորէն ետք, բաժանումի ցաւը կու գայ եւ հերոսին ներաշխարհին ու մարմինին մէջ մահը զգալի կը դարձնէ։
     Խորքին մէջ, ամբողջ «Ասֆալթը», որ Մինասի ու Նիքոլի սիրոյ պատմութիւնն է, կը բերէ գլխաւոր տիպարին բարդ հոգեվիճակը՝ իր բոլոր երեսներով, եւ զայն զանազան մակարդակներու վրայ վերլուծումի կ՚ենթարկէ։
     Նիքոլ, որ հաւանաբար լուսնահարութենէ կը տառապի (կամ անոր մօտ հիւանդութենէ մը), յաճախ նուաղումներ կ’ունենայ։ Այդ ուշաթափութիւնները, որոնք «ժամանակաւոր մահեր» են, Մինասի բառերով, իր սիրոյ «ամենափարթամ պահերը» կ’ըլլան (էջ 62), եւ այդ անձկութեան վայրկեաններուն, երբ Նիքոլ ամբողջութեամբ կտրուած կ’ըլլայ Մինասէն, իր ամբողջական նուիրումէն տարուած մեծ բաւարարութիւն կը զգայ։ Այս մասին տեղ մը կ’ըսուի.

     «Այդ տեսարանին առջեւ կ’ունենար իր սիրոյն գերագոյն արտայայտութիւնը, որն է սիրուած էակը ամբողջովին սեփականացնելու բուռն զգացումը եւ զայն իրեն ենթարկելու անողոք կամքը։ Այդ կամքը կ’ենթադրէր մենաշնորհ մը՝ որ իրեն կը մղէր ցանկալու սիրուած էակին մահը…» (էջ 67):

      Մահուան հետ Որբունիի հերոսներուն (կամ հերոսին) յարաբերութեան պիտի անդրադառնանք աւելի ուշ։ Սակայն հոս առիթն է փակագիծ մը բանալու հեղինակին մասոշականութեան եւ երբեմն սատիզմի գացող տրամադրութիւններուն վրայ։ Այս մէկը կ’երեւի ցաւի-հաճոյքի յարաբերութիւններուն մէջ, հերոսներու սեռային տրամադրութիւններուն մէջ եւ քիչ մը ամէն տեղ։ Յարութիւն Քիւրքճեան, իր հարցազրոյցին մէջ, տեղ մը հետեւեալը կ՚ըսէ.

     «…Բայց վերապրումի հարցը «Փորձ»ին մէջ կը դրուի նաեւ այլ մակարդակներու վրայ: Թշուառութեան, աւելի ընդհանուր կերպով՝ Չարիքի ու Չարի հարցը հոն կը ներկայանայ հիւանդագին, մազոխական հաճոյացումի մը պատկերով նաեւ: Թշուառութեան ցուցադրումէն եկող կատաղի հաճոյք մը: Չարի հետ մեղսակցութիւնը ինքնահաճոյ, մահախնդիր կարծես կեցուածքի մը ձեւին տակ, որ Սելին կամ ժընէն կը յիշեցնէ, թէեւ այդ երկուքն ալ անծանօթ էին կամ սկսնակ՝ այդ շրջանին»[2]«Իրաւ «սփիւռքցիին»՝ Զարեհ Որբունիի անհետացումէն առաջ». Հարցազրոյց՝ Յ. Քիւրքճեանի եւ Գ. Պըլտեանի կողմէ։ … Continue reading։

     Հեղինակին պատասխանը չունինք այս առընչութեամբ, իսկ հարցումը աւելի հաստատում մըն է կամ մտածում մը եւ պատասխանի չի կարօտիր։ Սակայն չարին հետ յարաբերութիւնը, հեղինակին յանդգնութեան եւ անկեղծութեան մէջ, իր կարգին սկիզբէն իսկ կը յայտնաբերեն նման երակներ կամ գիծեր, որոնց կարելի է հետեւիլ։
     Օրինակ, «Ասֆալթը»ի մէջ կամ այս պարագային, Մինաս շարունակ սէրը տառապանք կը նկատէ (էջ 72, եւայլն), որ կրնայ իբրեւ բաւական ընդհանրացած գաղափար նկատուիլ։ Սակայն ան իր անհատական զգացումը իր հաւաքականութեան կը վերագրէ, ինչ որ զայն կը հիմնաւորէ կամ անոր աւելի ընդհանրական բնոյթ կու տայ «Հայերս շատ կը սիրենք տառապանքը» (էջ 176)։ Հոգեվիճակը աւելի բարդ է սակայն։ Մինասի կերած ծեծին ցաւը երանութեան կը վերածուի…։ Ատկէ անդին, ան կ’երկարի Նիքոլի անկողինին մէջ, ուր տակաւին անոր մարմինին ձեւերը կան, երբ կինը մեռած է արդէն, եւ անոր ֆիզիքական ներկայութիւնը կը զգայ եւ սէրը կ’ապրի…։ Այլուր, երբ կ’ուզէ, որ իր պատասխանատու խմբագիրը զինք ծաղրէ, եւ կամ՝ երբ «Ասֆալթը»ի վերջին էջերուն պայուսակին բռնակոթէն ձեռքը կը ցաւի եւ ինք «ձեռքէն աւելի ցաւին մասին կը մտածէ, կը գուրգուրայ» (էջ 248), որքան ալ հասկնալի հոգեվիճակներ են, վերոյիշեալ տրամադրութիւնները կը դրսեւորեն։ Անշուշտ, այս խառն հոգեվիճակին ամէնէն ցայտուն օրինակներէն մէկը Նիքոլի գործատիրոջ մօտ Մինասի այցելութիւնն է, որուն մասին Որբունի պիտի ըսէ.

     «Եւ այդ էր սարսափելի ճիչը ու Մինաս մինչեւ մասոշիզմ կը դիմէ՝ անոր հետքերը վերագտնելու համար, մինչեւ անոր փաթրոնին քով կ’երթայ եւ անոր բերանը կը համբուրէ, որովհետեւ թերեւս այդ մարդը Նիքոլը համբուրած է բերնէն»[3]«Միաձայն զրոյց Որբունիի հետ», Մ. Պչաքճեան։ «Բագին» ամսագիր, թիւ 11, նոյեմբեր 1980, էջ 56։։

     Պատահական չէ նաեւ, որ հեղինակը վէպի էջերուն կը յիշէ օրինակը ճափոնցի քամազաքիները, որոնք մահուան մէջ կը զգան գերագոյն հաճոյքը (էջ 143)։
     Էջ 122-123ի վրայ, Որբունիի իսկ բառերով՝ մեղանչումի նման արարք մը կը կատարուի վէպին նկատմամբ, որ աննախընթաց է «հայկական» վէպին համար, պատումը յանկարծ անցեալէն ներկայ կու գայ եւ ժամանակի պատառիկները կու գան ներկայով պատմուիլ: Հոս է, որ կ’ամբողջանայ փըծծըլը – Նիքոլի հայրը ընդդիմացած է աղջկան եւ գաղթական տղուն ամուսնութեան, Նիքոլի գործատէրը խորքին մէջ անկար մըն է (տուեալ մը, որ բաւական ուշ ի յայտ կու գայ…), որ իր կասկածները կը փարատէ եւ, վերջապէս, երկու քոյրերուն՝ Նիքոլի եւ Մոնիքի լեզպիէնական յարաբերութիւնը, որուն պատճառաւ Մինաս ձգած է տունը։
     Վէպի վերջին էջերուն (քանի որ կարելի չէ խօսիլ վէպի վերջաւորութեան մասին), ճիշդ է, որ Մինաս կը յարաբերի Մոնիքի հետ, սակայն հոն եւս կը մերժէ պատասխանատուութիւն ստանձնել, հաստատուիլ, կայք դնել եւ կը հեռանայ։
     Եթէ աւելի մօտէն քննենք կացութիւնը, կը տեսնենք, որ Մինասի ըլլալու փորձին մէջ շատ բան չէ փոխուած։ Հոռթանսի հետ եղած միջոցին ան արդէն յստակ կամ առանձին բնակավայր-տուն չունէր. բնակավայրը՝ Վա֊հագնի հետ բաժնուած, պանդոկի մը մէկ սենեակին կը նմանէր։ Աշխատանքը՝ իր նախընտրած գործը չէր, եւայլն. այդ բոլորը կարծէք ժամանակաւոր բնոյթ ունէին եւ այդ ձեւով ալ կ’անցնին։
     Այս պարագային եւս շատ բան չի փոխուիր։ Յստակ չէ, թէ ուր կը բնակի Մինաս։ Ան Նիքոլի հետ առաջին անգամ կ’ըլլայ Պրն. տը Լա Ֆօսի սենեակը։  Ամուսնութենէն ետք կը բնակին Նիքոլի տան մէջ կամ այնպէս կը թուի։ Գործի աւարտին, երբ Մինասի աշխատած թերթը կը գոցուի, ան վերստին կը կորսնցնէ գործը, սիրած կինը, այսինքն՝ Նիքոլը, որ կը մեռնի։ Ուրեմն՝ կրկին առանց սիրոյ, առանց տան եւ աշխատանքի կը մնայ։
     Հիմնականօրէն եւ հակառակ այլապէս իր բնական հակազդեցութիւններուն եւ յարմարելու ատակութեան, Որբունիի հերոսը ինքզինք տակաւին գաղթական կը նկատէ. «Պարոն քոմիսէր, ասոնք ընթացիկ բաներ են գաղթականներու կեանքին մէջ» (էջ 57)։
     Այս իսկ պատճառով, իր «մնայուն հոգեվիճակը…աղէտի մը նախօրեակին կացութիւնն է» (էջ 52)։
     Այս կացութիւնը, որ կայուն հոգեվիճակի եւ իրականութեան մը մէջ չի պահեր Մինասը, միշտ անձկութեան մէջ կը ձգէ զինք, որուն հետ կայ նաեւ անվստահութիւնը (պէտք չէ մոռնալ, որ շարքը հեղինակին կողմէ «Հալածուածներ» խորագիրը ունի։ Ասոր հետ կու գայ լեզուի եւ գրաւոր արտայայտութեան հետ կապը, որ զոյգ մակարդակներու վրայ կը բանի – թէ՛ հաստատում մը կ’ըլլայ՝ հերոսին համար աւելի վաւերական եւ թէ անոր վստահութիւն կը ներշնչէ։ Օրինակ, քոմիսէրին գզրոցին մէջ պահուած արձանագրութիւնները Մինասի համար աւելի իրական կը թուին, քան իր գոյութիւնը։ Կամ երբ Նիքոլ կ’ըսէ, թէ ան իր ամուսինն է, եւ ինք՝ անոր կինը, այս Մինասի առնականութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը կը վերադարձնէ։
     Աւելի՛ն, Նիքոլ իրեն պատկանելիութեան զգացումը կու տայ, զինք այդ երկրին կը խարսխէ, եւ անոր մահով կը կորսուին այդ կայունութեան տանող ապրումն ու վստահութիւնը։ Ինչպէս Մինաս կ՚ըսէ, Նիքոլ միայն սէր չէ իրեն համար, այլեւ՝ հայրենիք, այժմ վերստին անհայրենիք կը մնայ։ Իսկ գործը կորսնցնելով, կը զգայ, թէ փողոցին մէջ քալելու իրաւունքը կը կորսնցնէ (էջ 226):
     Հաւանաբար հոս ան ուղղակիօրէն յայտնուող գաղափարաբանական եզր մըն ալ կայ կամ կը գործէ, որ կը սպաննէ օտարը, գաղթական հայուն կենցաղէն դուրս կը ձգէ զայն, ինչ որ համակեցութեան փորձին մէկ ձախողութիւնը կը դառնայ:
     Ամէն պարագայի, Մինաս Երազեանի հոգեկան աշխարհի բարդ հակասութիւնները վերլուծելու ամէնէն հետաքրքրական փորձը կ’ըլլայ «Ասֆալթը», որուն, բնականաբար, չենք կրնար անդրադառնալ նման մուտքի մը կամ ուրուագծումի մը մէջ:

 

ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՕՐ ՄԸ, ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՕՐ ՄԸ

     «Սովորական օր մը», որ լոյս կը տեսնէ 1974-ին, հաւանաբար նախապէս հրատարակելիներուն շարքին մէջ ցուցակագրուած «Տարօրինակ օր մը» գործն է: Դէպքերու եւ վերյիշումներու շարունակութիւնը, որքան ալ տարօրինակ թուի, Մինաս մարդուն (որ բազմաթիւ գաղթականներէն մէկն է) առօրեայ տագնապը կը կազմէ։ Այսինքն՝ կ’ըլլայ անոր սովորական պատմութիւնը, դէպքերու յաջորդականութեամբ քիչ մը տարօրինակ թուացող օրուան մը մէջ խտացուած։
     Նիքոլի մահով կամ ջնջումով վերադարձ մը կը կատարուի հերոսին նախկին քաղաքը՝ Մարսէյ , ուրկէ փախուստ տուած է, ձգելով մայրը մեռած (աւելի ճիշդ՝ մեռած կարծելով զայն) եւ մեկնած Փարիզ, ուր նախորդ երկու վէպերուն ժամանակաշրջանը կամ շրջանը կը կազմէ։ Ներքին յստակ զարգացում մը կամ աճ մը տեղի ունեցած Է Մինասի հետ։ Կէտ մը եւս կ’ուզենք աւելցնել. հերոսը որքան ալ պնդէ, թէ իր անցքը պատահական կամ պարագայական է (կ’երթայ Որբունիին միանալու, որուն ճամբուն վրայ հանդիպած է հոն), իրականութիւնը այդպէս չի թուիր ըլլալ։ Ներքին անհրաժեշտութիւն մը ունի կամ պահանջէ մը կու գայ։
     Տուեալ գործերուն կապը շատ գիտակից է եւ յստակ։ Նախորդ վէպի վերջին էջերուն պայուսակը շալկած եւ պայուսակի բռնակոթին առթած ցաւին գուրգուրացող Մինասը, ահա պայուսակը բռնած՝ կանգնած է կայարանի աստիճաններուն վրայ, ուր անցեալ-ներկան իր աչքերուն դիմաց կը պատկերանայ։ Վէպի աւարտին՝ ան կրկին կայարանն է, այսինքն՝ կը շարունակուի ճամբորդողի, շարժումի մէջ գտնուող եւ կայք չունեցողի նոյն գոյավիճակը։
      ինչպէս հիփնոթիզմի պարագային ենթակային անցեալը կը պատկերանայ իր բոլոր մանրամասնութիւններով (նոյնը կը պատահի որոշ երազներու պարագային ալ), Մինաս կանգնած է աստիճաններուն եւ կը տեսնէ «Փորձը»ի այն պատանին, որ կը վերադառնայ գիրքերը ծախած, դրամը ձեռքին մէջ ամուր սեղմած… որ կը կողոպտուի պոռնիկներուն կողմէ։ Նկարագրութիւնը այնքան մանրամասն է եւ առարկայական, որ, քամերայի ոսպնեակի մը պէս, հերոսը իր անցեալ-ներկային մաս կազմող այդ դէպքին ամբողջութիւնը – ներառեալ ինքզինք – հոն կը տեսնէ։ Երկրորդ վերյիշումը ոստիկանատան դէպքն է, ուր նոյն ձեւով կը վերապատմուի առաջին վիպակին մէջ տեղ գտած գողութեան փորձը։
     Խորքին մէջ, այս երկու նկարագրութիւններով կամ պատումներով ո՛չ միայն անդրադարձ մը կայ եղածին, այլեւ զայն ըմբռնելու եւ տեսնելու հասուն փորձ մը՝ այլ տարիքի մը տեսադաշտէն։ Հարցաքննող ոստիկանին եւ հարցաքննուող պատանիին միջեւ կապը, պատին վրայ կախուած նախագահին նկարը եւ օրէնքի հասկացութիւնը հարցադրող հոգեբանութիւնը կը ստանան նախապէս չխորացուած եւ չհասկցուած տարողութիւն մը։
     Այդ քաղաքին մէջ Մինաս խախտած է օրէնքը՝ իր երկու երեսներով։ Գողութեան փորձով (ոստիկանատան հարցաքննութիւնը) զանցած է քաղաքի կամ դուրսի օրէնքը, իսկ հայրը չփոխարինելով եւ մօրը դիակին առջեւէն փախուստ տալով՝ ներսի, այսինքն՝ գաղթական հայու կամ տունի օրէնքը։ Ահա, այս իմաստով, Մինասի վերադարձը կամ հանդիպումը հաշուետուութեան կամ վերաքննութեան առիթի մը կը վերածուի։
     Շրջապատը փոփոխութեան ենթարկուած է: «Փորձը»ի տնտեսական սուր տագնապը չկայ: Հայ գաղթականներու ընկերութիւնը, իր ներքին կամ էական հարցերը չքննած, ինկած է նիւթական բարօրութեան կամ յաջողութեան հեւքին մէջ։ Մինասի եղբայրը՝ Արմէն, տարուած է յաջողութեան երազով, իսկ ընտանիքը աւելի լաւ կացութեան մէջ կը գտնուի։ Ղեւոնդ բաւական լաւ հեռանկար ունեցող գործի մը մէջ է եւ Մինասին կ’առաջարկէ իրեն միանալ։ Քիչ ետք կայանալիք Աշխէնի հետ ծանօթացման եւ ամուսնութեան փորձը, նոյն արտադրողական կենսաձեւին մէջ հերոսը մտցնելու կամ ներգրաւելու ճիգ մը կ’ըլլայ, որ կը մերժուի։
     Մինասի վերադարձին հետ, Շուշանի բերնով կը գրուի բոլորը չարչրկող հարցումը. «…ինչպէ՞ս դուն այդ բոզին հետ ամուսնացար» (էջ 75)։ Օտարը բոզն է. ընտանիքի եւ հայկականի օրէնքէն դուրս գտնուող մեղքի կամ ապականութեան առարկան եւ, քանի որ Նիքոլ մեռած է, Մինասի վերադարձը անառակ որդիի դարձին պէս բան մը կ’ըլլայ։
     Վերստին կը ծագի հօրը դերը ստանձնելու պարագան։ հօրը մեծցուած գծանկարը՝ Մինասի դպրոցական տարիներուն, ջնջուող լուսանկարէն եւ մասամբ ֆետայիի կամ չերքէզի ծպտումով լուսանկարէն տարուած, այդ գիտակցութեան ներկայութիւնն է։ Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ այդ շրջանին սկսած է Մինասի գրականութեան կամ գրելու փորձը.

     «Ինչ որ եղաւ իմ պարտութիւնս գիծերու աշխարհին մէջ՝ հօրս անտեսանելի կամքը, բառերը կը բերէին անոր ինքնութիւնը ոչնչութենէն սերած իմ սկզբնական անմեղութենէս:   
     «Այսպէսով հայրս իմ մէջս կը հաստատուէր» (էջ 66):

     Բնականաբար, նման ստանձնում մը միայն անհատական մակարդակի վրայ չի գար, անոր կը հետեւի հայկականի իմաստով հասարակականը։ Մայիս 28-ի, այսինքն՝ Հայաստանի անկախութեան տօնին առթիւ հօրը աչքին կենդանութիւնը կամ փայլը այդ իրականութեան կամ գիտակցութեան ներկայութիւնը կամ պահանջը կը բերէ։ Հետաքրքրական է նաեւ Մայիս 28-ին հետ կապուած այս դէպքին եւ «Ասֆալթը»ի դէպքին առընչութիւնը…
     Հայ հօր հակաբեւեռը Նիքոլի հայրը՝ դատաւորը կը կազմէ, որ արտաքին օրէնքի պաշտպանն ու ներկայացուցիչն է։ Ինչպէս Մինասի երազին մէջ կ’երեւի, իրենց չծնած զաւակին միջոցաւ դատաւորը կը սպաննէ իր աղջիկը…։ Այսպէս, երկու հայրերը, հակադիր բեւեռներու վրայ, երկու օրէնքներու ներկայացուցիչներն ու պահպանողական հեղինակութիւնները կը դառնան։
     Հոս եւս երեւան կաւ գան աշխատանքի, տան, սիրոյ-սեռայինի լծակները։ Աշխատանքը Ղեւոնդի առաջարկին կամ Արմէնի հեռանկարին ընդմէջէն կու գայ. տունը հօրենական (մօր) տունն է , ուր մայրն ու քոյրը ճիգ կը թափեն, որ եղբայրը իր անկողինը չգրաւէ եւ ինք հոն հաստատուի։ Իսկ սէրը ընտանիքի կազմութիւնն է, աւանդական ընկալումով։ Ամիրեաններու այցելութիւնն ու Աշխէնի հետ գիշերապտոյտը, ընկերութեան ու ընտանիքին կողմէ զինք հօրենական-աւանդական շրջանակին մէջ առնելու փորձին կը վերածուի՝ հայ աղջկան մը հետ տուն կազմելու, ապահով աշխատանքի մը մէջ մտցնելու, ապահովելու բոլորին նման արտադրողական–յաջող ապագայ մը, որ կը մերժուի Մինասի կողմէ։ Անշուշտ, ասոր մէկ մասը հայկականի հետ հերոսին յարաբերութենէն կու գայ, իսկ այլ բաժին մը զուտ խառնուածքային է։ Գիշերային պտոյտին ընթացքին Մինաս պիտի մտածէ.

     «Նայուածքս նկար մըն Է՝ որուն մէջ կը ճգնիմ տեղ մը բանալ Աշխէնին համար, ինչպէս ինքզինքիս համար փնտռած էի առաւօտուն: Տեղ մը չեմ կրնար գտնել սրճարանի առջեւի հինգ աղջիկներուն քով, տեսակ մը վհատութիւն կ’իջնէ վրաս (…)։ Մինակութիւնս կը փնտռեմ: Երբեք այնքան հանգիստ չեմ զգար ինքզինքս, որքան մինակութեանս մէջ» (էջ 132)։

     Ընդունինք կամ ոչ՝ հիւանդագին գիծ մը կայ այս բոլորին մէջ։ Մինասը, որ անուն մը ունի, մարմինն ու սէրը ճանչցած ըլլալ կը կարծէ, շատ ալ օտարի ու հայկականի համադրումը կատարած ըլլալ չի թուիր։ Նիքոլի մահէն եւ իր այս երկրորդ հեռացումէն այս եզրակացութիւնը կարելի է հանել միայն։ Եւ քիչ ետք, այս մէկը պիտի խոստովանի։ Հետաքրքրականը ա՛յն է, որ ինք պէտք է Աշխէնը այդ պոռնիկներուն մէջ տեսնէ, որպէսզի կարենայ զայն ընդունիլ։ Այսինքն՝ տակաւին սեփականին հետ յարաբերելու, արարելու անկարողութեան մէջ է, իսկ օտարին հետ ստեղծուած յարաբերութեան պտուղը չծնած կը մահանայ եւ կը սպաննէ իր մայրը։
     Սակայն ի՞նչ կը տեսնէ Մինաս քաղաքին մէջ։ Մէկ կողմէ կայ տունը իր բոլոր ստորոգելիներով եւ վերոյիշեալ մտահոգութիւններով, միւս կողմէ՝ օրէնքն ու պոռնիկները – շահագործումը: Քաղաքի այս երկու երեսներն ալ կը դիտուին գաղափարախօսութիւններու ազդեցութեան տակ (համակերպումի թէ հակազդեցութեան ձեւով): Եթէ տունը, ազգայինն ու օտարը հայկական կոչուած ընթացիկ գաղափարախօսութեան մը տարրերը ունին, քաղաքը (ինչպէս նախապէս), ընկերային-ձախ գաղափարախօսութեան մը աշխարհահայեացքին ընդմէջէն կը դիտուի։ Այսինքն՝ հոն գլխաւորաբար կան օրէնքը, շահագործումը, պոռնիկներն ու դրամը։ Ըստ Որբունիի, վէպի վերջաւորութեան գրուած պառաւ պոռնիկին կամ կնկան պատկերը կ’ամբողջացնէ քաղաքին պատկերը, անոր մէկ այլ երեսը կը բանայ[4]Նոյն. «Բագին», թիւ 10։ Հոկտեմբեր 1980, էջ 53։։ Յստակ է , թէ քաղաքին մէկ երեսն է , որ հեղինակին հասկնալի կամ մատչելի կը թուի. անոր որոշ երեսներուն վրայ լուսարձակը կը կեդրոնանայ։ Այս բոլորէն ետք, երազն ու շարժապատկերը կը մնան, որոնք փախուստի ձեւեր են…
     ինչպէս ինք կ՛ըսէ, Մինասի վերոգրեալ բառերով իսկ՝ ան էր առանձնութիւնը կը փնտռէ։ Գլխաւորաբար հոն է, որ հանգիստ կը զգայ։ Սխալ չհասկցուինք, քաղաքին կամ քաղաքներուն նկատմամբ յստակօրէն դրական տրամադրութիւններ կան։ Սակայն հոռթանսէն եւ Մայիս 1ի ցոյցերէն ետք, Նիքոլի մահէն, հեռացումներէն եւ աշխատանքներէն անդին, տակաւին ան ինքզինք գաղթական կը զգայ.

     «– Ո՞ր տեղը մերն է որ, մայրիկ. մարդուս միակ տեղը իր երկիրն է եւ մենք երկիր անգամ չունինք, կարծես օր մը, երկինքէն ինկած ենք երկրի վրայ եւ այն օրէն ի վեր զուր տեղ կը փնտռենք» (էջ 175)։

     Անշուշտ, որոշ հակասութիւններ կան հոս։ Մինաս որքան ալ իր կայք չհաստատելու իրականութիւնը կամ պատասխանատուութենէ փախուստը հայկականութեամբ եւ գաղթականի կացութեամբ հիմնաւորէ, իր պատճառաբանութիւնը շատ ալ համոզիչ չի թուիր, որովհետեւ, ինչպէս տեսանք, այլապէս կը շաղուի շրջապատի կեանքին։ Սակայն, վերջին հաշուով, չ’ուզեր տեղի մը պատկանիլ: Ստանձնումը պատկանելիութիւն պիտի նշանակէր եւ «հալածուածներ»ու չորս փորձերէն ետք, տակաւին Մինաս չէ եղած. վայրի մը չի պատկանիր, այսինքն՝ սէր, աշխատանք եւ տուն չունի, կենդանի կապեր կամ յարաբերութիւններ չունի (ինչ որ ընկերութիւն պիտի նշանակէր) եւ առանձնութեան ու երազին մէջ կը մնայ, հակառակ ներքին աշխարհի հասունացման եւ իրերու փոփոխութեան։ Փաստօրէն, հարցը խառնուածքային բնոյթ ունի։
     Հետաքրքրական այլ երեւոյթ մը եւս. պատումը կամ նկարագրութիւնը առաջին դէմքով ըլլայ թէ երրորդ, նոյն առարկայականութիւնը կը ցուցաբերէ։ Հերոսը կամ գլխաւոր տիպարը իր մասին կը խօսի այնպէս, որ կարծէք ուրիշի մասին է խօսքը։ «Նայուածք(ը) նկար մըն է», որուն ընդմէջէն կը դիտէ պատահարները այնպիսի՛ մանրամասն ու քննական ակնարկով, որ կարծէք նկարիչ մը բառերով կը նկարագրէ եւ հոգեբոյժ մը կը վերլուծէ։ Վէպի պարագային՝ Որբունիի համար կը պատահի ա՛յն՝ որ պատահած է Մինասի համար, երբ հօրը գծանկարէն մեկնած՝ բառերը եկած են գիծերը փոխարինելու։ Յստակ այլ ճիգ մը եւս կայ. ամբողջ գործը կարծէք լուսանկարներու շարք մըն է՝ մանրամասնօրէն աշխատցուած։ Բացայայտ է այս ճիգը պոռնիկներու, Ամիրեաններու այցելութեան եւ, մա՛նաւանդ՝ Ազնիւի պատկերին մէջ, որ լուսանկարէ մը կը մեկնի։ Սակայն հոս, անկախ գրողական թեքնիքէն, որ յստակօրէն երեւան կու գայ «Փորձը»ի եւ «Սովորական օր մը» գործերուն մէջ տեղ գտած նոյն դրուագներու պատումէն, կատարուածը նոյն իրականութեան վերադարձ մը կարելի է նկատել, այս անգամ ուրիշ տարիքի եւ փորձառութիւններու լոյսին տակ։ Վերջ ի վերջոյ, «Եւ եղեւ մարդ»ն ալ նոյն կացութիւնը հասկնալու կամ բացատրելու ճիգ մը պիտի ըլլայ (աւելի ճիշդ՝ եղած է)։ Այսինքն՝ նոյն անցեալ-ներկայի, նոյն գոյութենական կացութեան վերաքննութիւնը կը կատարուի, տարբեր տեղերէ, կէտերէ եւ երեսներէ մեկնած։
     Գալով հարցի էութեան, հակառակ բոլոր ճիգերուն եւ ընդհանրապէս առողջ մղումներուն, հերոսը չի յաջողիր իր մերժումներուն ու գրական մղումներուն համադրումը կատարել, իր կենսաձեւը գտնել. ըլլալ։
     «Փորձը»ի շրջանէն՝ փախուստը, որ աւանդական պատասխանատւութիւններէն փախուստ մըն է, մեկնակէտ մըն է միայն։ Հոռթանսն ու Վահագնը հանգրուան մըն են։ Նիքոլի մահը այլ շրջան մը կը փակէ: իսկ վերադարձը ընտանեկան յարկին տակ, քննական ձեւով հոն ըլլալու նոր փորձ մը կ’ըլլայ (որոշ վերապահութիւններով) եւ կը մերժուի հասուն Մինասին կողմէ։ Աւելի՛ն. այդ կենսաձեւը չենք տեսներ նաեւ «Եւ եղեւ մարդ»ուն մէջ, որովհետեւ մինչեւ ըլլալու, փորձը կ’երկարի. համադրուած կենցաղով եւ եղած Թոմասին մասին մասին չի խօսիր, որ հաւանաբար սխալ է ակնկալել նաեւ, որովհետեւ ուրիշ սերունդի մը միջոցաւ կրնայ իրականանալ։

 

ՍԵՌԱՅԻՆ ԹԵՄԱՆ

     Նման յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ, բնականաբար, սեռային–սիրային կապը դրական ձեւով չի զարգանար։ Առնուազն շատ խառն է եւ դժուար բանաձեւելի։
     «Փորձը» կը բերէ զրկուածութիւնը կամ գաղթականի չքաւորութիւնը։ Ան զրկուած է սիրոյ գուրգուրանքէն եւ սեռային բաւարարութենէն։ Սպասուհիին հանդէպ իր վերաբերումը, պոռնիկներուն կողոպուտը եւ կամուրջին տակ պառկած աղջկան հետ իր յարաբերութիւնն ու գողութեան դէպքը առողջ զարգացում չեն դրսեւորեր։
     ինչպէս տեսանք, «Թեկնածուն» ուրիշ հարցեր կը բերէ։ Ֆաթմային ու Վահագնի կապը անբնական է եւ մահուան ու աղտոտութեան հետ կը զուգակցուի։ Սեռայինի այս նկարագիրը ակամայ անկարութեան կը մատնէ տիպարը, որ այլեւս չի կրնար իր նմանին՝ հայուն հետ կենակցիլ եւ, ամուսնութեան օրն իսկ, տունէն փախուստ կու տայ։ Խօսեցանք արդէն Մինաս-Վահագն նմանութիւններուն մասին։ Այնտեղ յիշուած այլ հայ տիպար մը՝ Աբգար, գաղթական ու համայնավար (ինչ որ ընկերային իմաստով զինք բաց պէտք է պահէ շրջապատին վրայ), այնքան հանգիստ կը զգայ պերճաղիճներու ներկայութեան «այնքան մտերմիկ, որ իբր թէ հին ծանօթներ ըլլային, նոյն ցեղէն, նոյն ընտանիքէն» («Թեկնածուն», էջ 21)։ Հարցը այն է, որ Աբգար լաւ կը զգայ միա՛յն պոռնիկներու ներկայութեան, իսկ Հոռթանսի հետ Մինասի յարաբերութիւնը պարզապէս ֆիզիքական կապ մը կ’ըլլայ, միջոց մը՝ իր մարմինը ճանչնալու:
      «Ասֆալթը»ին մէջ յստակ է Մինասի ու Նիքոլի սէրը, սակայն անոր բնական երեսը շատ քիչ կ’երեւի։ Մինաս կը խօսի Նիքոլի ուշաթափութիւններուն կամ մերձեցումներէ խուսափումներուն մասին։ Հոն հիմնական տեղ կը գրաւէ երկու քոյրերուն՝ Նիքոլի եւ Մոնիքի լեզպիէնական կապը, որ առանցքային նշանակութիւն ունի Մինասի տունէն հեռացման, եւ ապա՝ Նիքոլի մահուան ցաւերուն դիմաց, իր անտարբեր կամ ոչ-հաղորդական կեցուածքին առընչութեամբ: Տակաւին հոն կայ Մինասի մասոշական զգայնութիւնն ու ցաւ-հաճոյքի առընչութիւններուն մասին իր արտայայտութիւնները։
     «Սովորական օր մը» այս կապը աւելի եւս կը շեշտաւորէ։ Երբ Մինաս Աշխէնին հետ պոռնկատան փողոցէն կ՝անցնի, այս վերջինը կ՛ըսէ. «Մինաս, բանաստեղծութիւններուդ աշխարհը մտանք» (էջ 121), որ թելադրական է՝ Մինասի բանաստեղծութիւններուն եւ անձին կապակցութեամբ։
     Մինաս ֆիզիքական քաշողականութիւն մը կը զգայ թէ՛ Աշխէնի եւ թէ Նուարդի հանդէպ, սակայն անոնցմէ փախուստը միայն որոշ ձեւի կենցաղէն (հայ ընտանիքի) իր խուսափումներուն պէտք չէ վերագրել։
     Պառաւին հետ իր սիրային-սեռային յարաբերութիւնը ասոր ամէնէն յատկանշական օրինակն է (էջ 149 – 159), որ իր բոլոր մանրամասնութիւններով կը նկարագրուի։
     Նախ պէտք չէ մոռնալ, որ այդ որոշ տարիք չունեցող պառաւը արտաքին աշխարհին մաս կը կազմէ (ուր, ակամայ, գոյութիւն ունին Հոռթանսը, Նիքոլ-Մոնիքը, պոռնիկները եւայլն։ Բարոյական դատումներ պէտք չէ կատարել հոս):
     Նուարդի եւ Աշխէնի հետ հանդիպումէն ետք ի՞նչ կրնայ ըսել այս յարաբերութիւնը։ Արդեօք արտաքինը քաղաքի սեռականութեա՞ն մաս կը կազմէ, որ որքան ալ գիտակցուած, իր շահագործումի եւ սպառողական պարունակին մէջ, կը մնայ քաշողական, մթնոլորտին մաս կազմող բան մը եւ քաղաքին ամէնէն յատկանշական բաժիններէն մէկը կը դառնայ Մինասի համար։ Յիշեալ հանդիպումէն խօսուն է հետեւեալ մէջբերումը.

     «Ջերմոտ եմ։ Ջերմը արդէն կորսուող կեանքի ինքնապաշտպանութեան միջոց մըն է։ Մահուան դէմ մղուած պայքար մը ու ջղաձգութիւնս կռիւ մըն է կեանքին վերադառնալու։ Խուցիս պատերը տեղի կու տան ընդարձակ հորիզոններու ու մինչ կը բարձրանամ մինչեւ երկինքին կապոյտը որ գոյնն է անհունութեան, չորս դիս տարածուող լոյսը նման սուրբերու աստուածամերձ շրջաններու լուսաւորութեան, որ անորոշ, աննիւթական ու պաղ սպիտակութիւն մըն է տիեզերքէն դուրս։ Այդ այն վայրն է, որուն միսթիկները լուսաւորութիւն անունը կու տան եւ որուն կ՚ակնարկեն հաւանաբար ժողովուրդները երբ կ՚ըսեն իրենց մեռելին «լոյսերու մէջ ապրիս» (էջ 157)»։

      Որոշ չափով մասոշականութիւն բուրող, սեռայինի, հաճոյքի ու վերացումի, սեռի եւ մահուան կապը բաւական պերճախօս է Մինասի խառն հոգեվիճակին գծով. մա՛նաւանդ՝ երբ նկատի կ՚ունենանք Ֆաթմայի եւ Վահագնի յարաբերութեան նկարագիրը, որուն հետ կարելի է առընչութիւններ տեսնել։
     «Եւ եղեւ մարդ»ուն մէջ այս կապը այլ զարգացումներ կը ստանայ։ Հայ աղջիկը յստակ դիտաւորութեամբ Սրբուհի կը կոչուի[5]Տես Որբունիի երկու հարցազրոյցները:։ Կայ օտար աղջկան հետ անդրշիրիմեան սէրը, որ, ճիշդ է, օտարին քաշողականութիւնը կը բերէ, սակայն մարմինին, ֆիզիքական յարաբերութեան ջնջումը կը նշանակէ նաեւ։ Յաջորդ հատուածին մէջ կը գտնուինք արդէն։

 

ՄԱՀՈՒԱՆ ԹԵՄԱՆ, ԿԵԱՆՔԻ ԹԵՄԱՆ

     Մահը եւ մահացածներու ներկայութիւնը յստակ գիծ մը կը կազմէ Որբունիի գրականութենէն ներս։ Կրնայ ըլլալ, որ հաւաքական ջարդէ մը փրկուած ըլլալու իրողութիւնը կամ նման ընկերութեան մը մէջ կեանքի պայմանները, ուր մեռածներու բարոյական ըմբռնողութիւնը, կենցաղը, յիշատակը, աշխարհը, եւայլն, կ՚ազդեն եւ կը կողմնորոշեն ապրողները։ Սակայն մահուան զգացումը ատկէ անդին կ’անցնի. Կ’առընչուի սեռայինին հետ եւ շատ յաճախ, յանցապարտութեան զգացումով մը խառնուած կ՚ըլլայ։
     Նախ՝ Մինասի մահացած հայրը կայ, որուն մասին խօսեցանք։ «Փորձը»ին անանուն հերոսը կը կոչուի անոր դերը ստանձնելու։ Ծախուած գիրքերուն գումարը, որ պէտք է յատկացուէր մօրը թաղումին (քանի որ Մինաս կը կարծէ, թէ ան մեռած է), պատճառ կ’ըլլայ, որ ան ձգէ իր տունը եւ երթայ այլուր՝ ըլլալու փորձը իրագործելու համար։ Այս փախուստին մէջ, անշուշտ, մեղքի ու յանցապարտութեան զգացում մը կայ։
     Վահագնի անձնասպանութիւնը կը բանայ «Թեկնածուն»։ Մինաս մեղաւոր կը զգայ, որովհետեւ անոր գործն ու տեղը առնելով՝ ակամայ անոր մահուան պատճառներէն մէկը հանդիսացած է։ Փաստօրէն, Զիայի, այսինքն՝ թուրքին հետ բարեկամութեան եւ սպանութեան արարքը ընթացք կու տան դէպքերու հոլովոյթին, իսկ Ֆաթմայի սեռային կապը՝ Զիայի մահուան սերմը կը նետէ ատելութեան անատակ Վահագնի մէջ։ Ինչպէս տեսանք, Ֆաթմայի հետ անցած սեռային յարաբերութեան ժամերը, Վահագնի համար մահուան մէջ ըլլալու ժամեր են։
     «Ասֆալթը» Նիքոլի մահուան տեսարանով կը բացուի, որուն նկատմամբ Մինաս կրկին յանցապարտ կը զգայ, որովհետեւ ատենին չէ կապուած Մոնիքի եւ այս ձեւով կնկան մահուան պատճառ դարձած էր: Կայ նաեւ քանի մը անգամ յիշուած երկու հայրերուն պարագան, որոնք մեռած ըլլալով հանդերձ, յստակ ներկայութիւն կը կազմեն։ Մեռելներու ներկայութիւն շատ աւելի տիրական կ’ըլլայ «Եւ եղեւ մարդուն» մէջ, ուր մօր եւ Մարի-Ժոզէթի գերեզմանները մեկնակէտ կը հանդիսանան՝ Թոմասի հոգեկան կացութիւնը հասկնալու գծով։ Մօրը գերեզմանին մօտ է, որ ան Մարի-Ժոզէթի գերեզմանէն խժլտուք մը կը լսէ, որ տակաւ հեծկլտուքի եւ ականջին մէջ առկայ ձայնի կը վերածուի։
     Մահուան եւ յանցապարտութեան այս զգացումը, բնականաբար, իմաստ մը ունին Որբունիի հերոսին համար։ Գուցէ այս պատճառով է, որ դժուար կ’ըլլայ իր ամբողջական ծնունդը կամ լինելութեան փորձը։

 

ԵՒ ԵՂԵՒ ՄԱՐԴ

     «Եւ եղեւ մարդ»ը ըլլալու այս փորձը կը պատմէ։ Հոն տիրող մթնոլորտը բաւական նեղացուցիչ է եւ աւելի մօտ «Փորձը»ի մթնոլորտին, քան վերոյիշեալ երեք վէպերուն։ Յստակ անձկութիւն մը կայ այստեղ եւ որոշ չափով հիւանդագին շունչ մը, որ թեթեւցած է միւս գործերուն մէջ։
     «Եւ եղեւ մարդ»ը երկար մենախօսութիւն մըն է մահացած մօր հետ, երկար խոստովանութիւն մը եթէ կ՝ուզեք, ուր Թոմասի հոգեկան աշխարհը կը բացուի եւ անոր հոլովոյթին կը հետեւինք։
     Ան նոյն գաղթականն է, նոյն «Փորձը»ի տիպարը, որ դժուար կը պատշաճի իր շրջապատին։

     «Ի վերջոյ կրնար ըլլալ, որ հանճար մըն էի, հունտին մէջ հանճար մը, բայց ամէն հունտ իր հողին մէջ կը ծլի ու մենք հող չունինք այլեւս: Երկրի չորս հովերուն նետուած հունտեր էինք, ծլելու անատակ» (էջ 125)։

     Հոս երկրորդ փակագիծ մը եւս պէտք է բանալ։ Ճիշդ է, որ «Եւ եղեւ մարդ»ն ու «Հալածուածները» շարքին միւս երեք վէպերը տարբեր գործեր են, սակայն անոնց ոգին միեւնոյնն է։ Մինասն ու թոմասը տարբեր տիպարներ են, ա՛յն իմաստով, որ գեղարուեստական տարբեր գործերու մէջ երեւան կու գան, սակայն յստակ է այդ գործերուն ինքնակենսագրական բնոյթը (լայն առումով), եւ կ’արժէ մէկ կէտի վրայ կենալ։ Մինչ Մինասի հոլովոյթին հետեւելով անոր լինելութեան ճիգը կը տեսնենք -Հոռթանսի ու Նիքոլի հետ, աշխատանքը, ընկերութիւնը, որոնք յատակ իմաստներ ունին – նոյն ժամանակաշրջանին, այսինքն՝ տունէն դուրս անցուցած երկու տարիներուն մասին խօսող Թոմասը, կը տեսնենք, որ ըլլալու փորձէն ոչինչ սորված է եւ մնացած է սաղմնային տիպարը։ Հրանտն է, որ զինք կը տանի պոռնիկներուն կամ մարմինին ծանօթացնելու եւ աղջիկը կը պոռայ.

     « – Կոյս է, կոյս է … » (էջ 137)։

     Այս իմաստով, ինչպէս եւ նկարագրային որոշ նմանութիւններու գծով, Թոմաս աւելի կը յիշեցնէ Վահագնը (որ Հոռթանսն ու մարմինը չի ճանչնար), քան Մինասը, որ նոյն տիպարին այլ դրսեւորումը պէտք է ըլլայ…
     Անշուշտ, այստեղ տիրական դէմքը մայրն է, որ գերեզմանէն առաջ իսկ տիպարներուն կեանքը որոշ չափով դասաւորած է։ Ան զգացած կամ գիտցած է տղուն խառնուածքը, որ չի կրնար ընկերութեան հետ պատշաճիլ եւ անգործ, առանց աշխատանքի կը մնայ.

     «Դեռ իմ կենսապայքարին մէջ մտնելէս աոաջ, կ’երեւի զգացեր էիր, որ կանխապէս պարտուած մըն էի» (էջ 115)։

      Այս մտադրութեամբ ալ ան կը բերէ Սրբուհին (եւ իր մայրը), զինք փոխարինելու համար։ Սակայն Թոմաս, Վահագնի պէս, գրեթէ անկարելիութեան մէջ է սեփականին հետ յարաբերելու։
     Այս յարաբերութիւնը բաւական բարդ է սակայն։
     Դեռ կայ մայրը եւ առանց հօր տունը, որուն նկատմամբ պէտք է տան անդրանիկը իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ։ Երբ Փարիզ իր փախուստին կ’ակնարկէ, Թոմաս կ’ըսէ. «քեզ անգամ մըն ալ այրի ձգեցի» (էջ 129), որ պերճախօս է ինքնին։ Սակայն մայրը աւելի խորհրդանիշի վերածուած է եւ գերէակի մը, որուն իգականութեան մասին կարելի չէ մտածել «եղեռնը քեզ կին ըլլալէ դադրեցուցած էր» (էջ 125)
     Թոմաս հետզհետէ աւելի ինկած է մօր հոգատարութեան տակ, այլեւս մակաբոյծի մը տպաւորութիւնը ձգելով։ Պօտլէրի նամակներուն ընթերցումը եւ բանաստեղծին ու անոր մօր յարաբերութիւններուն վրայ կեդրոնացումը, հերոսին համար իր կացութիւնը եւ մօրմէն կախուած ըլլալու իրականութիւնը արդարացնող պատճառաբանութիւն մը կը դառնայ. defense mechanism մը։ Եւ ինք գիտակցաբար կը շահագործէ զայն։
     Դժուար է վճռականօրէն դատել նաեւ, թէ սեփականին հետ յարաբերելու անկարելիութիւնը որոշ կացութենէ՞ մը կը բխի, թէ ֆիզիքական յարաբերութեան խուսափումէն կու գայ։
     Անշուշտ կայ Հերմինէին յիշատակը, թուրքին կողմէ բռնաբարուած այն հայ աղջկան, որուն հետ շատ մը աղջիկներ կը բաղդատէ։ Հերմինէ իրեն համար քոյր մը կ՛ըլլայ, ինչպէս՝ Սրբուհին… որոնց հետ, բնականաբար, կարելի չէ յարաբերիլ։ Այսպէս, հերոսին համար հայ կինն ու աղջիկը իրենց սեռային բովանդակութենէն ու քաշողականութենէն կը պարպուին։
     Սակայն ռչ֊-ֆիզիքական ու անդրշիրիմեան յարաբերութիւն մըն է նաեւ Թոմասի կապը Մարի-Ժոզէթի, այսինքն՝ օտարին հետ։ Աւելի՛ն. ինչ ալ ըսուի, Մարի–Ժոզէթի մասին յիշատակուած տուեալները համոզիչ չեն թուիր այդքան որոշիչ դեր ստանձնելու համար։ Այդ հպարտ աղջիկը, որուն քիմոնօն առաւօտ մը քիչ մը աւելի բաց ըլլալով, կուրծքը երեւցած է …։ Ամէն պարագայի, անկախ պոռնիկներու հետ հազուադէպ հանդիպումներէն, Թոմաս ֆիզիքական յարաբերութիւն չունի։ Փաստօրէն, մարմինը սեռային կամ սերնդագործումի իմաստով ջնջուած է, մահացածներուն նման։
     Այս իսկ պատճառով, մարմնական կապը ժխտական իմաստ մը կ’առնէ Թոմասի համար, ինչ որ դէպքերուն բնական ընթացքը կը խանգարէ.

     «Եւ յետոյ, գիտես, որ Սրբուհի քոյր մըն է ինծի համար, ու տառապած հայուհի մը, ճակատագրի քոյր մը, որուն ոեւէ կերպով ցաւ պատճառելը կը խրտչեցնէ զիս։ Ինչպէս քեզի բացատրել այն միտքը, թէ ամուսնութեան մէջ մարմնական յարաբերութիւնը թշնամանք կը պարունակէ» (էջ 133)։

     Գուցէ այղ դիրքորոշումն ալ անուղղակիօրէն Հերմինէի հետ պատահած փորձառութենէն կու գայ, սակայն յստակօրէն, ֆիզիքական մերձեցումը ֆիզիքական յարձակողականութեան (aggressive) բնոյթ կ’առնէ։
     Միւս կողմէ՝ Սրբուհի յստակօրէն փոխարինած է հերոսին մայրը։ Ան գործը ստանձնած է, կը հետեւի Թոմասի քայլերուն, եւ կը սպասէ անոր առնելիք որոշումին։ Աւելի՛ն, Թոմաս կ՛ապրի Սրբուհիի աշխատանքով (ինչպէս ատենին՝ մօր)։
     Յատկանշական է, որ Մարի–Ժոզէթի բանեցուցած ազդեցութեան ակնարկելով Թոմաս պիտի ըսէ.
     «Այսպէս, ուրեմն, ինծի արգիլուած էր այս աշխարհին վրայ երջանկութեան բաժինս ունենալ, քեզմէ վերջ Սրբուհիէն ծնելով» (էջ 159)։
     Վերջ ի վերջոյ ա՛յս պիտի պատահի…։ Ապտակէն ետք, Սրբուհիի գիրկին մէջ Թոմաս պիտի զգայ, թէ կը կազմաւորուի եւ կ՛ամբողջանայ։ Այսինքն՝ Սրբուհին ո՛չ միայն կը փոխարինէ մայրը աշխատանքի մէջ, այլեւ՝ Թոմասի լինելութեան մէջ եւս: Զայն կը ծնի վերստին: Հարցերը պարզացնելով պիտի ըսենք, թէ ֆիզիքական յարաբերութենէն ետք կու գայ ծնունդը եւ այս մէկն է, որ տեղի կ’ունենայ Թոմասի ներքին աճին պարագային։
     Սակայն հոս հասնելու համար Թոմաս մինչեւ մանկութիւնը կ’երթայ, որ հոգեբանականօրէն հասկնալ է։ Սրբուհիին օրագիրը, հին երկրին ու հօր յիշատակումը, միզելու ունակութեան յուշը, եւայլն, դէպի մանկութիւն կը տանին զինք, կարծէք շղթային կորսուած օղակները փնտռելով։ Այս պատճառաւ Թոմաս պիտի ըսէ.

     « …Իմ կորսուած մանկութիւնս, մանկութիւնս՝ առանց որուն ոչ մէկ մարդկային էակ կրնայ հասուննալ» (էջ 174):

     իսկ ուրիշ տեղ մը պիտի ըսէ.

     «Աճման օրէնքը խախտած է մեր կեանքին մէջ: Այդ է պատճառը, որով երեխայութեան երեւոյթ մը մնացած է վրաս» (էջ 140)։

     Այս բոլորէն անդին՝ կատարուածը ինքնաքննութեան բիրտ փորձ մըն է, որ դաժան անկեղծութեամբ մը չի վարանիր գլխաւոր տիպարին ներքին ու յարաբերութիւններու աշխարհը մերկացնելէ։
     Գուցէ այս յանդգնութիւնն է, որ Որբունիի հերոսը իր յապաղած հասունացումէն եւ ուշացած ստանձնումէն լինելութեան իրագործումին կը բերէ. եւ Թոմաս կ’ըլլայ:

 

Օգտագործուած աղբիւրներ

  1. Զ. Որբունի– «Եւ եղեւ մարդ», Երեւան, 1967
    Նոյն հատորէն կատարուած են «Փորձը» վիպակին մէջբերումները ինչպէս եւ էջաթիւերու նշումը։
  2. Զ. Որբունի. «Թեկնածուն», Սեւան քհրատ., Պէյրութ, 1967։
  3. Զ. Որբունի. «Ասֆալթը», Մարմարա հրատ., Սթամպուլ, 1972։
  4. Զ. Որբունի. «Սովորական օր մը», Սեւան հրատ., Պէյրութ, 1974։
  5. Գ. Պըլտեան. «Տրամ», Պէյրութ, 1980։
  6. Յ. Քիւրքճեան. «Որբունի՝ լինելութեան փորձ մը», «Ազդակ», 3, 17, 31 Մայիս,1980։
  7. Մ. Պչաքճեան. «Միաձայն զրոյց Զարեհ Որբունիի հետ», «Բագին», թիւ 10, 11. հոկտեմբեր, Նոյեմբեր, 1980։
  8. Յ. Քիւրքճեան եւ Գ. Պըլտեան. «Իրաւ «սփիւոքցիին»՝ Զարեհ Որբունիի անհետացումէն առաջ (հարցազրոյց)։ «Ազդակ», 22 Դեկտեմբեր 1980. էջ 4-5։

Ի. Տարի, 1981 թիւ 3

References
1 «Ասֆալթը», էջ 17-18։ Մինաս այս իմաստով բանաստեղծ չէ՞։
2 «Իրաւ «սփիւռքցիին»՝ Զարեհ Որբունիի անհետացումէն առաջ». Հարցազրոյց՝ Յ. Քիւրքճեանի եւ Գ. Պըլտեանի կողմէ։ «Ազդակ», 22 Դեկտեմբեր 1980, էջ 4։
3 «Միաձայն զրոյց Որբունիի հետ», Մ. Պչաքճեան։ «Բագին» ամսագիր, թիւ 11, նոյեմբեր 1980, էջ 56։
4 Նոյն. «Բագին», թիւ 10։ Հոկտեմբեր 1980, էջ 53։
5 Տես Որբունիի երկու հարցազրոյցները: