Բ. ՓՈՐՁԵՐ ԱՄԷՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ
«Փորձը» վիպակին մէջ, Որբունիի հարցերուն մեծ մասը երեւան կու գան արդէն։ Անանուն տիպարը այն մարդն է, որ ընկերային-տնտեսական սուր տագնապի մը մէջ կը կոչուի իր պատասխանատուութիւնները ստանձնելու։ Ան պէտք է աշխատանք գտնէ, յարմարի շրջապատին եւ լուծէ իր անձնական հարցերը:
Առաջին մակարդակի վրայ կու գայ ընկերային-տնտեսական տագնապը։
«Մայրս կ’ատէր զիս: Աղքատութիւնն ու անօթութիւնը այդպէս կը հրամայէին: Չքաւորութիւնը զատեր էր իրարմէ մեր այնքան մաքուր եւ անբաժանելի սիրով կապուած սրտերը, ուր այժմ թշնամանքը կ’աճէր, կ ‘ուռճանար մեր անհաց օրերուն համեմատութեամբը» (էջ 15) :
Քսանական թուականներու վերջաւորութեան գրուած վիպակ մը, բնականաբար, պիտի ազդուէր համաշխարհային տարողութիւն ստացող տնտեսական ցնցումէն եւ այդ իրականութիւնը, իր բոլոր երեսներով, պիտի անդրադառնար երիտասարդ հեղինակին վրայ։
Ի՞նչ է հիմնական տիպարին հարցը։ Նման կացութեան մը մէջ, ուր տան պատասխանատուն կամ հայրը մահացած է, կը սպասուի, որ ընտանիքին անդրանիկը այդ դերը ստանձնէ, իսկ ան պատրաստ չի թուիր նման պատասխանատուութեան մը։
Խորքին մէջ, ազգային հարցը պարագայական է հոս եւ շեշտը հիմնականօրէն կը դրուի մարդու գոյատեւումին վրայ։ Անցեալին բարօր վիճակ մը ունեցած ընտանիքը իր տեղափոխութեամբ, նոր շրջապատով ու կացութեամբ, բնականաբար, դժուար կը յարմարի իր իրականութեան հետ։
Միջին դասակարգի բարոյական մը կայ կամ ընդհանրացած նման հասկացողութիւն մը, որուն մէջ կազմաւորուած է ընտանիքը. եւ երբ այսպիսի տնտեսական անտանելի կացութիւն մը կը ստեղծուի, նման ենթահողով տիպարներ չեն կրնար պատշաճիլ։ Հիմնականօրէն, այս մեկնակէտէն պէտք է դիտել վիպակը ու հոն դրուող հարցերը։
Երիտասարդը իր գիրքերուն կապուած մարդն է, պատրաստուած ուրիշ ձգտումներով եւ սպասումներով եւ, հասկնալի կերպով, ներքին հաւասարակշռութիւնը կը խախտի, երբ իրմէ կը պահանջուի գործ գտնել եւ տունը ապրեցնել։ Այս իսկ պատճառով՝ ան կը քաշուի իր ներքին աշխարհին մէջ եւ շարունակ կ’երազէ կամ իր մտածումներուն ոլորտին մէջ կը կորսուի։
Այս մէկը ունակութեան վերածուած է իր մէջ, որովհետեւ գործի պատճառով իր երկար թափառումները գործնապէս ոչինչ կ’ըսեն այս ուղղութեամբ։ Մինչեւ իսկ երբ բարեկամ մը՝ Ղեւոնդ, նաւային մեծ ընկերութեան մը նաւահանգիստի ամբարտակներու նորոգութեան աշխատանքին մէջ իրեն համար գործ կը կարգադրէ, երբ երկաթէ ձողերուն վրայ բոթասէ հեղուկով հին ներկը կը մաքրէ, ծովէն ու ճամբորդութիւններու երազէն տարուած կ’իյնայ, կը հիւանդանայ եւ վերստին անգործ կը մնայ…
Եթէ վերոյիշեալ տուեալը նկատի ունենանք, մեզի համար այլեւս մինչեւ իսկ կասկածելի կը թուի հիմնական տիպարին աշխատանքի ատակութիւնը։ Այս պատճառաւ ան պիտի երթայ միշտ երազայինին, ոչ-իրականին եւ իր արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ կայունութիւն կամ հաւասարակշռութիւն պիտի չգտնէ: Շարժապատկերներու սրահներուն դիմաց իր երկար թափառումները, բաղձանքը շարժապատկերի հերոսներէն մէկը ըլլալու, իր անունն ու պատկերը այնտեղ տեսնելու, խորքին մէջ ինքզինք ջնջելու, երկրին յարմարելու, աղքատութենէն դուրս գալու եւ ընդունուած-յաջողած քաղաքացի ըլլալու ձգտում մըն է, որովհետեւ այդ մէկը իրեն անուն մը պիտի տայ[1]Այս ուղղութեամբ տեսնել Գ. Պըլտեանի «Տրամ»ը («Երկդիմին եռանկիւնին մէջ»)։։ Հռչակ եւ հարստութիւն պիտի բերէ։
Այս կացութեան բերումով՝ թէ՛ իր գողութեան եւ թէ սիրային-սեռային փորձերը (ճերմակ գոգնոցով սպասուհին, էջ 61-63) ձախողութեան կը դատապարտուին։ Ասոնք բոլորն ալ յարմարելու փորձեր են՝ տուեալ ժամանակաշրջանի եւ վայրի տուեալներէն մեկնած։
Վիպակի աւարտին երբ կը մեռնի մայրը կամ ինք կը կարծէ, թէ մեռած է, ան իր գիրքերը կը տանի ծախելու, այդ գծով որոշ ծախսեր հոգալու համար։ Հիմնականօրէն, գիրքերը իր նախկին աշխարհին հետ (ներքին իմաստով) գլխաւոր կապն են, այսինքն՝ գրական-մշակութային ձգտումներուն, բարոյական արժէքներուն, երազի աշխարհին եւայլն։ Մնացեալը ծանօթ է։ Գիրքերու փոխարժէքը ձեռքին մէջ երբ տուն կը վերադառնայ՝ կը կողոպտուի երկու պոռնիկներու կողմէ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մինչեւ իսկ երբ գոյատեւելու ձգտումը կամ բնազդը կայ, փորձառութիւնը կը պակսի իրեն…։ Այս հոգեվիճակին մէջ՝ մայրը մահացած, գիրքերն ու դրամը կորսնցուցած՝ կը փախչի ու կը փորձէ Սէնի ջուրերուն մէջ անձնասպան ըլլալ։ Կամուրջին տակ պառկած աղջկան գողութիւնը, մեկնումը եւ անձնասպանութեան գաղափարէն հրաժարումը՝ սկզբունքով նոր մարդուն մեկնակէտը պիտի կազմեն։ Պիտի ենթադրուի, թէ ան բան մը սորված է փորձերէն, սակայն պիտի տեսնենք, թէ ան միշտ պիտի դառնայ սկզբնական կացութեան, ապրելու փորձը պիտի կրկնուի միշտ, աւելի լայն ծաւալի վրայ:
Եթէ ընդհանուր պաստառի մը վրայ դիտենք հարցը, կը տեսնենք, որ ամբողջ փորձը, գիտակցուած կամ անգիտակից, տուեալ կացութենէն փախուստ տալու ճիգ մըն է։ Մայրը, որ խարիսխը կը կազմէ հին աշխարհին եւ արժէքներուն, բարոյական ճնշումի տակ կը պահէ տղան՝ ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնները, մինչեւ իր կարծեցեալ մահը կրնայ պահել զինք այդ յարկէն ներս, որմէ ետք ան փախուստ կու տայ։ Միւս կողմէ՝ անանուն տիպարին կեցուածքը փախուստ մըն է ամէն տեսակ պատասխանատուութիւններէ, ինչ որ կարծէք կը մատնէ, թէ տիպարը այդպիսի ստանձնումներ կատարելու ատակ անձը չէ։
Ամէն պարագայի, շահագործումի եւ զրկուածներու այս աշխարհին մէջ, բարոյական դատումները մասնաւոր արժէք չունին, որպէսզի այդ իմաստով իր փախուստը դատապարտուի կամ պատասխանատուութիւններէ իր խուսափումը դրական կամ ժխտական գնահատումի ենթարկուի։ Վերջ ի վերջոյ, շրջապատը դրական շատ բան չի կրնար ըսել։ Անգործութիւնը, դրամի շահագործումը, սեռային զրկուածութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք դիւրութեամբ պիտի կողոպտուի պոռնիկներու կողմէ եւ, իր կարգին շուտով զոհեր պիտի փնտռէ։ Ընկերային մակարդակի վրայ, շահագործուածին շահագործումն է իր նմաններուն վրայ, յարձակողականութիւնն է՝ սխալ տեղ ուղղուած, որ ելք չունի։ Նման ընկերութեան մը մէջ, մինչեւ իսկ յաջողած կարծուածները կ’իյնան նոյն շրջագծին մէջ. բեմադրիչին հետ իր հանդիպումը այս մէկը կը հաստատէ։
Ինչպէս ալ բացատրենք տիպարին անուն ունենալու կամ չունենալու պարագան, վերջ ի վերջոյ, կ’ունենանք կէս-շափլինեան տիպար մը, որ զրկուած է ամէն ինչէ , դրամ չունի, գործ չունի եւ չի թուիր, թէ կրնայ ունենալ եւ կը մնայ իր առանձնութեան մէջ մխրճուած։
Բարեկամութիւններու բացակայութիւնն ու մտածումներուն հետ շարունակական թռիչքը կը յայտնաբերեն հերոսին ու հեղինակին ամէնէն հիմնական գիծերէն մէկը՝ առանձնութիւնը, եւ այս գիծը յաճախ պիտի յայտնուի։
ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ
«Եւ եղեւ մարդ»ուն վրայէն առժամաբար կը ցատկենք, հետեւելու համար գլխաւոր տիպարին՝ Մինասի զարգացումին է։ Յամենայնդէպս, Որբունի որքան ալ փորձած ըլլայ հոն հալածուածներու հիմնական հարցերը մէկ գործի մէջ փոխանցել, խորքին մէջ, իբրեւ ստեղծագործութիւն, առանձին գործ է եւ նախընտրելի է իբրեւ շարքին մէկ օղակը չքննել զայն։ Այլ կէտ մը եւս, որ որքան ալ պարագայական թուի, թելադրական է այս իմաստով. «Եւ եղեւ»ի հերոսը Թոմասն է, իսկ յաջորդող գործերուն մէջ հերոսը պիտի կոչուի Մինաս։ ճիշդ է, որ խառնուածքներով կամ իբրեւ անհատականութիւն գրեթէ նոյն տիպարներն են երկուքը, սակայն անուններէն իսկ սկսեալ, տարբերութիւնը բացայայտ կը դառնայ։
«Թեկնածուն» 38 տարի ետք կը սկսի այն կէտէն, զոր «Փորձը» ձգած էր։ Հոն այլեւս հացի, այսինքն՝ տնտեսական սուր տագնապը ամէն վայրկեան չի մրճահարեր հերոսը, ան գործ ունի, անուն եւ սէր (ամէն առումով)։ Անշուշտ զարգացում մը կայ այս բոլորին մԷջ, սակայն այս թւումը կը բացատրէ հերոսին կացութիւնը։
Վէպը կը սկսի Վահագնի անձնասպանութեամբ։ Զուգակցումը խորհրդանշական է անշուշտ – «Փորձը»ի աւարտին Մինասին անձնասպան ըլլալու փորձը եւ կեանքին վերադառնալու որոշումը, իսկ «Թեկնածու»ին սկզբնաւորութեան Վահագնի մահը, բնականաբար, կ’առընչուին ընթերցողի մտքին մէջ։ Վահագնի հետ ազգային հարցն ու հայու-թուրքի յարաբերութիւնները երեւան կու գան։ Ազգային հարցը, իր սփիւռքեան երեսով, ջարդի, աքսորի եւ թուրքի հետ իր հոգեբանական ու ընկերային յղումներով ո՛չ մէկ ատեն այսքան սուր կերպով դրուած է Որբունիի գրականութեան մէջ։ Որբունի կարծէք կ’ուզէ հարցը այս ձեւով տեղ մը դնել ու սպառել (ինչպէս նախապէս սուր կերպով դրած էր ընկերային տագնապը) եւ շարունակել իր ընդհանուր ընթացքը: Ամէն պարագայի, բազմաթիւ նշաններ ու ակնարկութիւններ կ’ըլլան, որոնք կու գան Մինասի ու Վահագնի սերտ կապը մատնելու, յաճախ մինչեւ իսկ մտածել տալով, թէ նոյն տիպարն են, երկու տարբեր զարգացումներով, կամ՝ առնուազն զիրար լրացնող զոյգ մը կը կազմեն։
Առաջին հերթին՝ Մինաս առած է Վահագնէն անոր սահմանուած աշխատանքն ու տեղը.
«Չէ՞ որ Վահագնի գործը ձեռքէն խլած էր այն օր, երբ Աբգար առաջարկած էր իրեն։ Ինչպէ՛ս ընդմիջեց…Ձեռքով–ոտքով մէջ նետուեցաւ։ Նոյնիսկ պահ մը վախցաւ, որ Վահագն իրմէ առաջ ընդառաջէր առաջարկին։
…Այդպէս, ինքը ժառանգորդն էր եղած աշխարհի ամէնէն չքաւոր հայուն, որ իրեն ձգած էր անհաշուելի ժառանգ մը։ Եթէ այն օր անպատկառ եղած չըլլար, հիմա Վահագն ողջ պիտի ըլլար շնորհիւ Հոռթանսին, որ գիտէ փրկել մարդուն արժանապատուութիւնը։ Ինքն էր Վահագնի մահուան պատասխանատուն» (էջ 29):
Հոռթանս իրեն ո՛չ միայն գործ տուած էր , այլեւ սեռային ու ներքին աշխարհը հասունցուցած. «Հոռթանս գիտէ ինչպէս տղայ մը մարդու կը փոխեն, իսկ Վահագն տղայ էր մնացած» (էջ 30): Հոսկէ կը կատարուի ճամբաներու իսկական բաժանումը։ Վահագն կը մնայ նախկին հանգրուանին, անկարող անկէ դուրս գալու («Հայերը անցեալէն դուրս գալու անկարողութեան մէջ էին», էջ 46), իսկ Մինաս կրնայ միւս աշխարհը մտնել նաեւ. իրեն համար օտարն ու հայկականը հակադրուողի դիրքերով չեն ներկայանար։
Ամէն պարագայի, երբ Մինաս կը խօսի Վահագնի անվերջ թափառումներուն մասին, շարունակ քաղաք, փողոց ու տուն փոխելու մասին, իր անձէն փախուստ տալու եւ կեանքի իրականութիւններէն վախնալու՝ ա՛յն տպաւորութիւնը կ’ունենանք, որ Մինասի մասին է խօսքը։
Իսկ Վահագնի տիկնոջ ուղղած հերոսին նամակը, որ գիտակցութեան մէջ շարունակ կը յայտնուի, պատճառ կը դառնայ, որ Մինաս իր մղումներն ու շարժառիթները այս գծով վերլուծումի ենթարկէ: ինչպէս ան կ’անդրադառնայ, այդ նամակը կարծէք անուղղակի հրաւէր մը եղած է Արշալոյսին հանդիպելու, այսինքն՝ Վահագնի տիկնոջ, զայն թակարդելու (էջ 52)։ Պարզապէս իր պատասխանատուութիւններէն խուսափումն է, որ թոյլ չի տար նման ստանձնումներ կատարելու (անշուշտ, նման կապ մը զինք պիտի մտցնէ հայութեան, հայ ընտանիքի կամ որոշ ձեւի կենցաղի մը մէջ, որմէ փախուստ տուած է)։
Մինչեւ իսկ Զիայի սպանութեան մէջ, որ Վահագնի ձեռքով կը կատարուի, շարժառիթներու գծով անուղղակի մասնակցութիւնը կայ Մինասին։ Ան է , որ թուրքը կը ներկայացնէ Վահագնին։ Խօսակցութիւնները երեքով տեղի կ’ունենան եւայլն:
Այս բոլորը պէտք է բաւարար ըլլան՝ երկուքին նմանութիւններն ու յարաբերութիւնները յստակացնելու համար։
ԱԶԳԱՅԻՆԻՆ ՅՂՈՒՄԸ
Վահագնի մուտքով հալածուածներու շարքին մէջ կու գայ ազգային տագնապը՝ երկու մակարդակներու վրայ։ Առաջինը՝ հայ ու թուրք կապն է, որ շատ բարդ ու թանձր շրջագիծի մը մէջ կու գայ, միւսը՝ օտարի ու հայու պարագան է, որ յաճախ կը զուգակցուի առաջինին։
Վահագնի խառնուածքն ու հիմնական մտածումները կը յայտնուին իր շուրք 40 էջնոց նամակին մէջ, որ ուղղուած է Մինասին, առաջինին անձնասպանութեան արարքէն առաջ։ Վահագնի համար հայութիւնը վրէժխնդրութիւն է եւ ամէն հայ իր մարմինին մէջ կը սնուցանէ թրքասպան մը (էջ 61): Այս ձեւով, Վահագնի համար հայութիւնը ախտ մը կը դառնայ («Հայութիւնը հիւանդութիւն է, վրէժի հիւանդութիւն», էջ 42), եւ նման անհատները մէկ մասնիկը կը կազմեն այն փաղանգին, որ չի կրնար իր անցեալէն դուրս գալ (էջ 46)։ Եթէ հարցը այդ ոճիրով սահմանափակուէր, դեռ կարելի էր ենթակային շարժառիթները որոշ չափով վերլուծել։ Ֆաթմայի կողմէ 12 տարեկան Վահագնի որդեգրումը եւ սեռային ախտագին մոլութիւններու աշխարհը, ուր պատանին թէ՛ կը փնտռէ պահը եւ թէ մահուան մէջ կը զգայ.
«Ինծի թուեցաւ, թէ երկար ժամեր մահուան մէջ ապրած էի: Կեանքը տանելի դարձնելու միջոցը գտած էի, կեանքը ապրելու՝ մահուան մէջ ապրելով» (էջ 69)։
Մահուան եւ սեռայինի այս կապակցումը պերճախօս է Վահագնի հոգեկազմութեան գծով եւ իր ամուլ, ստեղծումի անատակ կացութիւնը կը մատնէ։ Թուրքը այլեւս սեռայինին հետ կու գայ եւ Ֆաթմայի ընդմէջէն է, որ զայն սպաննելու (Զիան) սերմը կ’իյնայ ատելութեան անատակ Վահագնի մէջ: Այս ախտագին կացութիւնն է, որ Վահագնի ամբողջ կեանքին վրայ իր կնիքը կը դնէ։ Ան այլեւս չի կրնար երեւոյթները բնականաբար ընդունիլ կամ տեղ մը տեղաւորուիլ, կայք հաստատել։ Ան ամէն տեղ աղտոտութիւն կը տեսնէ, մինչեւ իսկ ամուսնութեան առաջին օրը անկողինէն ու տունէն կը փախչի, որովհետեւ հոն ֆաթման կ’ուրուագծուի, «աղտոտութիւն» կը գոյանայ (էջ 75)։
Հիմնականօրէն, Վահագնի աշխարհին զարգացումը տեղ մը հասած է եւ հոգեբանական կէտի մը վրայ կեցած։ Ան այլեւս ատակ չի թուիր սեռային յարաբերութիւններ մշակելու. «Կինը աղտոտ բան մըն է, անոր տուած յուզումն է հրաշալին» (Էջ 127)։ Անշուշտ, նման արտայայտութիւններէ մեկնած եւ նկատի ունենալով, որ մինչեւ իսկ կնոջմէ փախուստ կու տայ, ակամայ անկարութեան դատապարտուած կը տեսնենք Վահագնը: Այս ամլութիւնը որքան ալ որ հոգեբանական է, ինքնիր մէջ կը մնայ թելադրական – այս ընթացքը ելք չունի, չի կրնար ստեղծագործ, մարդակերտ եզրեր առնել[2]Ինչ որ պիտի ըլլայ Թոմասի պարագային, կամ Մինասի՝ աւելի ուշ։ Այդ միւս, գոյաստեղծ ճիգին վրայ կը կեդրոնանայ Յ. … Continue reading:
Ասոր յաջորդող եւ ուղղակիօրէն կազմուած երկրորդ զուգակցումը կ’ըլլայ ա՛յն՝ որ տեղացի օտարն ու թուրքը կը նոյնանան։ Օտարը թուրքն է՝ անկարելին, եւ երբ Մինաս կը սկսի կապուիլ Նիքոլին, Վահագն կ’ըսէ՝ պիտի խաբուիս… Օտարին հետ կապը խաբուելու պէս բան մըն է, ինքզինքէն բան մը կորսնցնելու եղանակ մը, կողոպուտ մը հայութենէն։ Փաստօրէն, Զիայի հետ իրենց յարաբերութիւնը այդ լրումին կը հասնի, որովհետեւ հայուհիի մը կապը Զիային հետ՝ Վահագն կը նոյնացնէ Մինասի ու Նիքոլի յարաբերութեան հետ (էջ 93)։ Այսինքն՝ թուրքին սէրը եւ օտարին սէրը համահաւասար իրականութիւններ են եւ… թուրքին սպանութիւնը անուղղակիօրէն՝ օտարը սպաննելու անկարելի ճիգը կը դառնայ։
Գրեթէ նոյն կացութեան պիտի մատնուի իր դիրքերով ազգը փրկելու ելած բանաստեղծ Սարգիսը, որ պիտի խենթանայ։ Սարգիսը չի՞ յիշեցներ Շահնուրի Լոխումը…
Այս ձեւով՝ Վահագնը կը մեռնի Մինասի մէջ։ Այսինքն՝ Մինաս չի բռներ Վահագններու, Սարգիսներու կամ Լոխումներու ուղին։ Հոռթանսի միջոցաւ՝ ան կը ճանչնայ իր մարմինը եւ այլեւս կը փնտռէ «մարմինէն անդին», կը յաջողի նաեւ օտարին հետ իր զգացական կամ ներքին աշխարհը շաղել՝ Նիքոլին հետ իր յարաբերութեան սկսելով, սակայն… Եղեւ մարդը չի դառնար, մինչ բոլոր տուեալները կամ նշանները կ’ընթանան այդ ուղղութեամբ. ինչո՞ւ։ Պատասխանը դժուար է տալ եւ հաւանաբար արդար պիտի չըլլայ հարցը հեղինակին հակասութիւններուն վերագրել, հակառակ անոր, որ Որբունի միշտ հետեւողական չէ ինքն իրեն…
Մինաս, վերջ ի վերջոյ, Մինաս Երազեանն է, Երազենցը՝ ինչպէս ինքզինք կը ներկայացնէ Վահագնի, իսկ, ինչպէս նախապէս ըսինք, Մինասի հիմնական խնդիրը խառնուածքային է, իր առանձնութենէն եւ երազելու ձգտումէն կու գայ, այսինքն՝ որոշ չափով իրականութեան զանցումէն։ Սակայն իր երազայինը տարբեր բան մըն է.
«Կը նախընտրէր քալել, որովհետեւ քալելով յանկարծ կը ծնէր իր երազային աշխարհը, ուրկէ ինքը ճամբայ պիտի բանար մտապատկերներուն ընդմէջէն եւ քալէր հասնելու համար», եւայլն (էջ 51)։
Ինչպէս կը տեսնենք, Մինասի երազելը մտապատկերներու մէջ կորսուելու աշխատանք մըն է, որ աւելի ներկան կը մշուշէ։ Փաստօրէն ի՛ր երազներուն, այսինքն՝ նման նկարագրութեան մը այդքան զգալի կերպով ո՛չ հոս, ոչ ալ «Փորձը»ին մէջ կը հանդիպինք։ Ուրեմն, ուրկէ՞ կու գայ նաեւ ա՛յս պատմութիւնը։
Բացատրութիւնը վարկած մըն է անշուշտ եւ գլխաւորաբար վարկածներու սահմաններուն մէջ կը մնայ։ Իր նամակին վերջաւորութեան՝ Վահագն հետեւեալ տողերը կ’արձանագրէ.
«- Ա՜խ, իմ կեանքս ամբողջ վէպ մըն է։
«Վէպ մըն է ոչ թ է իր ապրածովը, այլ՝ պատմածովը։ նկատած եմ, որ ըսուածներուն գոնէ կէսը սուտ է։ Երեւակայութիւնը անկատարը կ’ամբողջացնէ հնարքներով եւ ամէն կեանք անկատար է: Այսպէսով կեանքը դժբախտութիւն մըն է։ Կեանքը երկրի վրայ նետուած խմոր է։ Ամէն մարդ իր խմորը շաղուելով, ձեւելով ու ձեւաւորելով կը կատարելագործէ բնութեան անաւարտ աշխատանքը» (էջ 94)։
Նոյնը չ’ընե՞ր Մինաս, երբ «Փորձը»ին ակնարկելով կ’ըսէ, թէ կամուր֊ջին տակ աղջկան հետ պատահած դէպքը շինծու է, Զարեհն է, որ աւելցուցած է զայն։ Սակայն Զարեհը հեղինակն է՝ Որբունին, որ ըստ Մինասի, կը գրէ ա՛յն՝ որ կրնայ տեղի ունենալ (կարելի է) , եւ ոչ անպայման՝ իրականութիւնը: Այսինքն՝ կարելին հեղինակը կը շինէ, կեանքի անաւարտ խմորէն զայն առնելով՝ կը կառուցէ մտապատկերներու աշխարհը։ Խորքին մէջ, Մինաս, բանաստեղծ ըլլալով՝ նոյն գործը կը կատարէ եւ… Երազեանը կը մնայ։
Այս ձեւով՝ հեղինակը կը պահ է իր հեռաւորութիւնը իր կեանքի վէպէն , այսինքն՝ մինչեւ իսկ ենթակայական նիւթին, իր կեանքի պատմութեան դիմաց, կը մնայ առարկայական հեռաւորութիւնը։ Մինաս աւելի ուշ եւս պիտի յիշեցնէ Զարեհը։
Վերադառնալով հարցին սկզբնաւորութեան, կրկին հարց կու տանք.
– ինչո՞ւ Մինաս եւ եղեւ մարդը չի դառնար։ Վահագնի մէկ արտայայտութիւնը որոշ լոյս մը կը սփռէ այս ուղղութեամբ.
« – Ես բանաստեղծ բարեկամ մը ունիմ, – պատասխանեց Վահագն՝ Մինասին նայելով աչքին ծայրովը, – ան կ’ըսէ, թէ եթէ կ’ուզես նախածնութեան զգայնութիւններդ ապրիլ, մեթրոյով ճամբորդէ։ Կարծես թէ մօրդ արգանդը կը մտնես ամէն անգամ: Այսինքն՝ ապահով, պատասխանատուութենէ զուրկ վայր մը» (էջ 50)։
Այս զգայնութիւնը անծանօթ չէ Որբունիի հերոսին, հաւանաբար անոր հիմնական գաղափարներէն մէկն է[3]Սփիիւքռեան նախամարդու եւ «սաղմնային»ի հարցերը եւս, Քիւրքճեանի նոյն յօդուածին մէջ, լուսաբանող եւ սպառիչ է … Continue reading: Ան միշտ կը փորձէ խուսափիլ պատասխանատուութիւններէ, որ կրնայ իբրեւ իր ազատութիւնը պահպանելու եղանակ մը թարգմանուիլ ։ Ընտանեկան պատասխանատուութիւններէն, մօրը դիակին առջեւէն, Արշալոյսէն եւ այլ բազմաթիւ պատասխանատուութիւններէ փախուստը նոյն տեղը կ՚երթայ։ «Եւ եղեւ»ի աւարտին, նոյն պատկերը կը կրկնուի, յստակօրէն թելադրական դառնալով. Սրբուհիին ապտակէն ետք՝
«Սրբուհին զիս թեւերուն մէջ սեղմած՝ կ’օրօրէր անխօս, եղերամայրերու օրօրումովը, մինչդեռ կը սկսէի կամաց–կամաց անդրադառնալ իրականութեան, կտոր–կտոր կազմուելով երեխայի մը պէս, որ կը կազմուի, կ’աճի մօրը արգանդին մէջ եւ զգացի գլուխս, անդամներս, իրանս ու յանկարծ՝ ամբողջութիւնս» (էջ 226):
ինչ որ կը նշանակէ, թէ Որբունիի հերոսը (Մինաս կոչուի թէ Թոմաս) լինելութեան մէջ է, դեռ չէ ամբողջացած, Վ. Օշականի բառերով՝ չըսելու համար, թէ չէ ծնած…
ԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ
«Թեկնածու»ին հետ վէպի հարցը սուր կերպով մէջտեղ կու գայ է: Ինչպէս վէպի վերջին էջերուն երեւան կու գայ, Մինաս նամակով մը իր ձեռագիրները, այսինքն՝ վէպին սեւագրութիւնը կը ղրկէ Զարեհին, որպէսզի զայն մշակէ: Սակայն նամակին մէջ գրուած է հարցը, ֆրանսական վէպին առընչութեամբ դրուած վէճին ընդմէջէն («Մարքիզուհին դուրս ելաւ ժամը հինգին», էջ 211) տագնապը հարցադրումի կ’ենթարկէ: Իր փնտռածը զուտ հոգեկան պատմութիւն մըն Է (էջ 212), հակառակ անոր, որ գիտէ թէ կարելի չէ հոգին տեսնել մարմնի շարժումներէն դուրս (էջ 212):
Խորքին մէջ, ինչ որ Որբունի կամ Մինաս կը փնտռէ՝ դասական «աւարտած» վէպին խախտումն է, որ պիտի չիյնայ ֆրանսական վէպի անշարժութեան ու ներհայեցողութեան մէջ[4]Մինասի նամակը, «Թեկնածուն», էջ 211։։
Ժամանակագրական յստակ կարգով ու կառոյցով, մէկ դիտանկիւնէ, կամ՝ ամենազօր հեղինակին կողմէ դիտուած վէպն է, որ այլեւս անհանգիստ կ’ընէ Որբունին։ «Փորձը», իբրեւ վիպակ, առաւելաբար այդ սեռին հետեւած է եւ Մինաս, իր նամակին մէջ կը յայտնէ, թէ լաւ չի զգար այդ ուղղութեամբ։ Որոշ չափով նոյն յղացքին հետեւած է նաեւ «Եւ եղեւ մարդ» ուն մէջ, սակայն հոս այդ մէկուն ակնարկութիւն չ’ըլլար, որովհետեւ «Հալածուածներ»ու շարքին մաս կազմելով հանդերձ, շղթային ընդհանուր շարքին մէկ օղակը չէ – կը մնայ առանձին եւ տարբեր։
Նման յղացքի մը կազմութեան գլխաւոր պատճառը ժամանակի հասկացողութիւնն է, որ այլեւս այն մէկ ուղղութեամբ, մէկ գծով ընթացող (ինչպէս որ կ’ուզէք բացատրել) ժամանակը չէ։ Եւ ահա կու գայ ներկայի եւ իրականութեան հարցը, որովհետեւ ժամանակի կոտրատումը գրութեան մէջ ամէն գործողութիւն կամ արարք ներկային կը բերէ.
«Այն միւս ներկան, զոր կը գործածենք մեր սովորական խօսակցութեան մէջ, խաբուսիկ, լպրծուն բան մըն է։ Ինչպէ՞ս ներկայ կրնայ ըլլալ բան մը, որ հազիւ ապառնիէն փրթած, արդէն իսկ անցեալ է։ Այդ ներկան պատրանք մըն է։ Ան թէ՛ անցեալ է եւ թէ ապառնի միաժամանակ։ Ժամանակէն դուրս վիճակ մը, զոր աչքը մէկ անգամէն կը պարփակէ իր ամբողջութեանը մէջ, իբր թէ ամէն ինչ տրամադրութեանդ տակը ըլլար» (էջ 77):
Ինչպէս կը տեսնենք, հոս գործածուող ներկան ընթացիկ ըմբռնումով ժամանակին մէջ չ’իյնար, անիկա միշտ ներկայ է եւ այլեւս վայր մըն է, ուր աչքը ամէն ինչ կը պարփակէ միաժամանակ ։ Գրութեան մէջ ա՛յս ժամանակն է, որ կը գործածուի գրողին կողմ է եւ ո՛չ թէ անցեալ-ներկայ-ապառնի ընթացիկ հասկացողութիւնը։ Դանայեան տակառին օրինակով, ուրկէ ջուրը միշտ կը պարպուի եւ որ միշտ կը լեցուի, Որբունի աւելի եւս կը հիմնաւորէ իր մօտեցումը:
Ասոր կը հետեւի, ընթացիկ ընկալումով, կառոյցի խախտումը: Նախ՝ իրականութիւնը կը ներկայացուի քանի մը կողմերէ: Գործը, որ կը բացուի Վահագնի անձնասպանութեամբ եւ մինչեւ էջ 57՝ Մինասի մօտեցումն ու վերլուծումները կու տայ՝ դէպքին եւ իրականութիւններուն, յաջորդող 38 էջերուն, Վահագնի նամակին ընդմէջէն Վահագնի ընկալումն ու աշխարհը կը բերէ, ինչ որ յաճախ տարբեր մօտեցում մը կը պարզէ։ Ահա ունինք պատմողը (narrator), Մինասը եւ Վահագնը:
Էջ 150էն անդին հետաքրքրական խաղ մը կը պատահի՝ մէ՛կ Մինասի հետ ենք, մէկ Վահագնի։ Եթէ սկիզբը աոանձին, եռաստղանի հատուածներով կը կատարուի բաժանումը, 175էն ետք պարբերութիւններու միջեւ եւ աոանց նման բաժանումներու տեղի կ’ունենայ անցումը (էջ 177, 179, եւայլն)։ Իսկ շուտով կը գիտնանք, թէ այս բոլորը Մինասի սեւագրութիւններն են, որոնք կ’ուղարկուին Զարեհէն Որբունիի)։ Սակայն Զարեհի վէպը, փաստօրէն, Մինասի սեւագրութիւնն է…
Հետաքրքրականը ա՛յն է , որ Մինասի ձեռագիրը կը պարփակէ նաեւ Վահագնի կողմէ դիտուած հատուածները…եւ կամ՝ Զարեհ աշխատած է արդէն անոնց վրայ։ Այս հատուածներուն մէջ է, որ կու գայ եւ կը լեցուի անցեալը, կը լեցուին դանայեան տակառները եւ կը պարպուին։ Սեւագրութեան վերջին Հատուածը կ’ըլլայ Վահագնի եւ Զիայի ծանօթացումը, մինչ առաջին հատուածը կամ մուտքը եղած է Վահագնի անձնասպանութիւնը, մահը։ Այլեւս ընթերցողն է, որ հատուածները, պատկերին կտորները պիտի հաւաքէ՝ կազմելու համար ամբողջութիւնը, փըծծըլ (puzzle) խաղին պէս, ինչ որ յաջորդ վէպին ներածականին մէջ հեղինակը պիտի յիշէ։
Կարդալ Շար. 3 այստեղ
Ի. Տարի, 1981 թիւ 2
↑1 | Այս ուղղութեամբ տեսնել Գ. Պըլտեանի «Տրամ»ը («Երկդիմին եռանկիւնին մէջ»)։ |
---|---|
↑2 | Ինչ որ պիտի ըլլայ Թոմասի պարագային, կամ Մինասի՝ աւելի ուշ։ Այդ միւս, գոյաստեղծ ճիգին վրայ կը կեդրոնանայ Յ. Քիւրքճեան՝ «Որբունի՝ լինելութեան փորձ մը» յօդուածով։ «Ազդակ» 3, 17, 31 Մայիս։ |
↑3 | Սփիիւքռեան նախամարդու եւ «սաղմնային»ի հարցերը եւս, Քիւրքճեանի նոյն յօդուածին մէջ, լուսաբանող եւ սպառիչ է այս ուղղութեամբ: |
↑4 | Մինասի նամակը, «Թեկնածուն», էջ 211։ |