ԶԱՐԵՀ ՈՐԲՈՒՆԻ.
ՆԱՄԱԿՆԵՐ

ԶԱՐԵՀ ԷՕՔՍԻՒԶԵԱՆ (1902–1980), այսինքն՝ Որբերեան, կամ՝ պարզապէս Որբունի…   
    Տոհմական այս ազգանունը կրող Զարեհին կարծես ճակատագրով էլ բաժին ընկաւ ցեղասպանութիւնից մազապուրծ իր սերնդակից եւ հայրենազուրկ որբերի դաժան թափառումներով լի կեանքը, ու այս ազգանունով էլ ապագայ գրողը ոչ միայն մուտք գործեց գրական ասպարէզ, այլեւ դարձաւ ֆրանսահայ արձակի հիմնադիրներից մէկը:
    Ապրելով ու ստեղծագործելով Ֆրանսիայում՝ Որբունին հոգու մեծ մղումով եւ ամուր կապերով կապուեց հայրենիքին, ապրեց նրա հոգսերով, հպարտացաւ յաջողութիւններով: 1946ին Երեւանում մասնակցեց Հայաստանի գրողների երկրորդ համագումարին, 1964ին կրկին Հայաստանում էր, նրա շփումները հայրենիքի մշակոյթի գործիչների հետ ու հաստատած արդէն բարեկամական ջերմ կապերը թերեւս նպաստեցին, որ Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան ու արուեստի թանգարանում հանգրուանի նրա հարուստ արխիւի մի մասը, որտեղ ծանրակշիռ տեղը զբաղեցնում է նրա նամակագրութիւնը:
    Հայաստանի ազգային արխիւի (այսուհետ՝ ՀԱԱ) ֆոնդերում եւս պահպանւում են պատառիկներ նրա նամակներից ու գրութիւններից, որոնք ներկայացնում ենք ընթերցողի ուշադրութեանը: Բնագրերում կատարել ենք միայն կէտադրական շտկումներ։
    «Գրողը ամէն բանէ առաջ, ժամանակի դէմ կամ ժամանակին հետ, իր դարաշրջանի բուն իսկ զարկերակին հասնելու ճիգ մըն է»,– գրել է Որբունին: Կարծում ենք, որ իր թողած հարուստ գրական ժառանգութեամբ նա անշեղօրէն ընտրել է հենց ա՛յդ ուղին:

 

Ա .[1]ՀԱԱ, ֆոնդ 709, ցուցակ 3, գործ 305, թերթ 10:

26-2-1963
Փարիզ

Նախագահութիւն ԱՕԿՍ[2]Արտասահմանեան երկրների հետ կուլտուրական կապի ընկերութիւնը (ԱՕԿՍ յապաւումը ռուսերեն անուանումից է) … Continue readingի, Երեւան

Յարգելի նախագահ[3]ԱՕԿՍի նախագահը 1958–1967 թթ. եղել է Բերսաբէ Գրիգորեանը:,

Հասցէի փոփոխութեան պատճառով տարիէ մը ի վեր Ձեր՝ մեզի ղրկած մամուլը գրագիրնիս չի հասնիր: Շատ պիտի խնդրէինք, որ կարգադրութիւն մը ընէիք, որպէսզի մեզի ղրկուած թերթերն ու գրականութիւնը ի զուր տեղը չերթան: Ասոր համար մեր կանխայայտ սրտիւ շնորհակալութիւնները:

Մեզի համար մեծ կարեւորութիւն ունի մանաւանդ գրականութեանը կարելին յատկացնելու համար «Գրական ամսաթերթ»[4]Հանդէսը լոյս է տեսել 1961–1962 թթ. Փարիզում, խմբագրակազմի անդամներն էին Զարեհ Որբունին (նաեւ՝ տնօրէն), Պետրոս … Continue readingի մէջ՝ աւելի լայն տեղ տալու համար հայրենական գրական գործունէութեան եւ մտահոգութիւններուն
    Մեր թերթը բաւական դժուար տարի մը ունեցաւ մեզմէ անկախ պայմաններով. Զարոյեանին[5]ՊետրոսԶարոյեան (1903–1986), արձակագիր: Կիպրոս մեկնումի, իմ հիւանդութեանս եւ յետոյ առօրեայ ծանր աշխատանքիս հետեւանքով: Այժմ կը վերսկսինք աշխատանքի. նոր թիւը լոյս կը տեսնէ քանի մը օրէն եւ կը յուսանք, որ շարունակուի կանոնաւորապէս ամսէ ամիս:

Սպասելով Ձեր բարեհաճ կարգադրութեան, խնդրեմ ընդունեցէք մեր անկեղծ եւ խորին յարգանքները:

Զ. ՈՐԲՈՒՆԻ

Բ .[6]ՀԱԱ, ֆ. 875, ց. 2, գ. 450, թ.1:

13-04-1965
Փարիզ 

Սփիւռքի հետ մշակութային կապի կոմիտէ[7]Սփիւռքի հետ մշակութային կապի կոմիտէն գործել է 1964–1998 թթ.: Համագործակցել է շուրջ 70 երկրների աւելի քան 1.000 … Continue reading, Երեւան

Յարգելի ընկ[եր] նախագահ[8]Պատմաբան Վարդգէս Համազասպեանը (1911–1992) Կոմիտեի նախագահ է եղել 1964–1985 թթ.։,

    Ութը օրուայ ճամբորդութենէ վերադարձիս գտայ Ձեր ուղարկած շրջաբերականը սփիւռքահայ գրականութեան նուիրուելիք հատընտիրին շուրջ:
    Կը ցաւիմ, որ Մարտ 31ին ղրկուած նամակը միայն հոս, Փարիզ, ինծի ղրկուած է ամսոյս 9ի թուականով, երբ ամեն օր կը տեսնուէինք Ալիքսանեանին[9]Նկատի ունի արձակագիր Աւետիս Ալիքսանեանին (1910–1984):հետ: Իրաւ է, որ ինծի խօսած էր այդ մասին, բայց չէր ըսած, որ ինծի նամակ ալ կար:
    Ուստի, ստիպուած ըլլալով, երկու ժամէն օդակայան գտնուիլ դէպի Միաց[եալ] Նահանգները կատարելի ճամբորդութեան մը համար, խորապէս կը ցաւիմ, որ նիւթապէս անկարողութեան մէջ կը գտնուիմ որեւէ բան կարենալ հասցնելու Ձեզի:
    Իմ գիրքերս կը գտնուին Երեւանի Մատենադարանը կամ անհատներու քով, որոնցմէ կարելի է ընտրութիւն կատարել: Կենսագրական մը կայ Հ. Հ. գրողներու հրատարակած սփիւռքահայ գրականութեան նուիր[ու]ած Բ. հատորին մէջ, միայն պէտք է ճշդել ծննդեան թուականը, որ պաշտօնական թուղթերու մէջ թէեւ 1904 է, իրականին մէջ 1902ի ծնած եմ: Նկար մը ընտրելու արդէն ժամանակ չկայ:
     Ամէն պարագայի խորին շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ եւ ներկայ պատճառով հատորէն մաս չկազմելու պարագային յանցանքը մի միայն իմս ըլլալով, Դուք Ձեր պարտականութիւնները լիուլի կատարած եղած էք:
    Ջերմապէս յաջողութիւն մաղթելով Ձեր ազնիւ ձեռնարկին, կը խնդրեմ որ ընդունիք անկեղծ ու սրտագին բարեւներս:

Զ. Որբունի

Յ. Գ. Ամերիկայէն վերադարձիս պիտի ղրկեմ Ձեզ նոր գիրքս[10]Զարեհ Որբունի, Եւ եղեւ մարդ, Փարիզ, 1964։, իսկ եթէ կարելի է անկէ ընտրութիւն ընել, հատ մը ղրկած եմ Թ. Թորանեանին[11]Թորոս Թորանեան (1928–2021), սիրիահայ գրող, լրագրող, բժշկական կրթութիւն է ստացել Երեւանում։, բժշկականի ուսանող:

 

Գ .[12]ՀԱԱ, ֆ. 875, ց. 2, գ. 450, թ. 2 ա:

11-06-1965 
Փարիզ 

Թերթերու առաքման գրասենեակ, Երեւան

Յարգելի ընկերներ,

Աւելի քան երկու եւ կէս տարի է՝ դադրած է «Գրական Ամսաթերթը»: Նոյնքան ատենէ ի վեր ձգած ըլլալով հասցէս՝ անակնկալով իմացայ վերջին օրերս, թերթերը կը շարունակեն հոն գալ, առանց որ հասնին իրենց նպատակին: Արդ, կը խնդրեմ ներկայիս, որ դադրեցնէք թերթերու առաքումը այդ հասցէին:

Անշուշտ, մեծ հաճոյքով պիտի ընդառաջեմ, եթէ զանոնք կարելի ըլլար ղրկել իմ հասցէին, գոնէ միայն «Սովետական գրականութիւն» հանդէսն ու «Գրական թերթը»:

Կանխայայտ շնորհակալութիւններով ընդունեցէք սիրալիր բարեւներս:

Զ. ՈՐԲՈՒՆԻ

Z. EUKSUZIAN
2 Rue de Bourbon le Chateau 
Paris VI, France

 

Դ .[13]ՀԱԱ, ֆ. 875, ց. 2, գ. 450, թ. 5:

15-9-1967
Փարիզ

Մշակութային Կապի Ընկերութիւն, Երեւան

Մեծարգոյ Նախագահ Պարոն Համազասպեան,

    Մեծին ուրախութեամբ եւ շնորհակալութեամբ ստացայ Ձեր՝ ինծի ղրկած հրաւէրը ներկայ գտնուելու համար Մեծ բանաստեղծ Չարենցի եօթասնամեայ հանդիսութեանց[14]Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 70ամեակի հանդիսաւոր միջոցառումը նշուել է 1967 թ. սեպտեմբերի 25ին::  
    Խորապէս զգացուած եմ ինծի եղած պատուին համար Մշակութային Կապի Ընկերակցութեան եւ Գրողներու Միութեան կողմէ, որոն համար հոս հոգեշունչ երախտագիտութիւնս եւ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ:
    Ֆրանսահպատակութիւն չունենալու պատճառով վիզայի գործողութիւնները քիչ պիտի երկարաձգեն մեկնումս: Դժբաղդաբար այս տեսակ հարցերու մէջ վարժ բարեկամներու կողմէ օգնութիւն կը տրուի ինծի, եթէ ոչ նոյնիսկ դժուարութիւն: Քանի մը օրէն կիմացնեմ Ձեզ հեռագրով ժամանումիս թուականը:
    Խնդրեմ, հաճեցեք ընդունիլ լաւագոյն զգացումներուս հաւաստիքը:

Զ. Մ. ՈՐԲՈՒՆԻ

Ե .[15]ՀԱԱ, ֆ. 875, ց. 2, գ. 450, թ. 5ա:

25-9-1967
Փարիզ

Սփիւռքի հետ մշակութային կապի Ընկերութիւն

Յարգելի պարոններ Դ. Դաւթեան[16]Բնագրում վրիպակ է. խօսքը բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանի (1922–1996) մասին է, որը 1967–1981 թթ. եղել է Կոմիտէի նախագահի … Continue readingեւ Ստ. Ալաջաջեան[17]Ստեփան Ալաջաջեան (1924–2010), արձակագիր:,

    Եղիշե Չարենցի 70ամեակի տօնակատարութեան առթիւ 6 սեպտեմբեր թու[ա]գրեալ Ձեր՝ ինծի ղրկած հրաւէրնամակը ստացած եմ ատենին:    
    Նամակով մը դժուարութիւններուս մասին գրած եմ յարգելի նախագահին՝ պարոն Վ. Համազասպեանին: Այսօր կը գրեմ Ձեզի՝ ըսելու համար որ ներքին նախարարութեան պատասխանը կըսուի, թէ կրնայ ամիս մը երկարիլ, ինչ որ հրաւէրը ի զօրու ըլլալէ կը դադրեցնէ, ինչպէս նաեւ սով[ետական] Հիւպատոսարանին ղրկուած վիզայի խնդրագիրը:
    Պիտի խնդրէի, որ այն պարագային, որ Ձեր հրաւէրը երկարաձելու կարելիութիւն ըլլայ, տեղեկացնէիք Փարիզի սով[ետական] Հիւպատոսարանը, որպէսզի նոր դժուարութիւններ մէջտեղ չելլեն: Ոեւէ նորութեան մը պարագային կը հեռագրեմ:
    Ընդունեցէք ընկերական անկեղծ զգացումներս եւ երախտագիտութեանս հաւաստիքը:

Ձերդ յարգանօք՝
Զ. Մ. ՈՐԲՈՒՆԻ

 

Զ .[18]ՀԱԱ, ֆ. 875, ց. 2, գ. 450, թ. 9:

17-1-68
Փարիզ

Սիրելի ընկեր Պ. Մարտիրոսեան[19]Պարգեւ Մարտիրոսեանը Կոմիտէի բաժնի վարիչ էր:,

    Արդէն ամիս մը եղաւ Երեւանէն բաժնուելէս ի վեր եւ ինքզինքս բոլորովին վերադարձած չեմ զգար: Այս առիթէն կօգտուիմ Ձեզի ըսելու, սիրելի ընկեր Պարգեւ, իմ խորին շնորհակալութիւններս ինծի համար Ձեր թանկագին ժամանակին վատնումին համար
    Կը գրեմ Ձեզի Ձեր նամակին մէջ Լուի Մարիէսի գիրքին[20]Նկատի ունի Eznik de Kolb, “De Deo”, Patrologia Orientalis, tome XXVIII, Fascicules 3, 4. Edition critique du texte arménien et traduction française, notes et tables, par Louis Mariès … Continue reading առնչութեամբ: Այդ գիրքէն շատ կայ, բայց հոս բոլորն ալ կը զարմանան, թէ ինչպէս չէ ղրկուած գոնէ Ակադեմիայի անուան: Հրատարակիչը ճիշտ ինծի մօտ է: Հայկ Պէրպէրեանը[21]Հայկ Պէրպէրեան (1887–1978), հայագէտ, արեւելագէտ, թարգմանիչ:, որուն գրած էի, խորհուրդ կուտայ, որ Դուք գրէք Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութեան[22]Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութիւնը Լիսաբոնում գործում է 1956 թուականից:, որ շատ օրինակներ ունի եւ իրենց պարտականութիւնն է հայթայթել: Ըսի Հայկ Պէրպէրեանին, որ ինքն ալ գրէ, բայց աւելի տպաւորիչ պիտի ըլլայ Ձեր կողմէն գրուիլը: Գրեցէք նաեւ Հայկ Պէրպէրեանին, որ Լուի Մարիէսի[23]Լուիս Մարիէս (1876-1958), հայագէտ, Եզնիկ Կողբացու ֆրանսերէն գրքի թարգմանիչներից։ բարեկամն ու աշխատակիցն է, եւ որ պատրաստ է ի հարկին իր ունեցած օրինակը ղրկելու:
    Մօտ օրերս Թորոս Թորանեանը Փարիզ պիտի ըլլայ (արդէն եկած պէտք էր ըլլալ) Ձեզի ղրկելիք գիրքերս, ինչպէս եւ ուրիշներու խոստացածներս անոր հետ պիտի ղրկեմ աւելի ապահով ըլլալու համար: Չեմ գիտեր, թէ ընկեր Արթիւրը[24]Նկատի ունի Կոմիտէի աշխատակից Արթուր Նաւասարդեանին (1938–2018)։ստացա՞ւ ղրկած երեք բառարաններս: Հոս, ըլլայ Բալուեանին[25]Հաւանաբար նկատի ունի խմբագիր Հրանդ Բալուեանին (1904–1967)։, ըլլայ Ս. Պօղոսեանին[26]Հաւանաբար նկատի ունի Սարգիս Պօղոսեանին(1921-1998), ով 1967 թ. բացել էր “Le XIXe siècle” հնատիպ գրքերի խանութը։ գրատունները անգտանելի բառարաններ կան, որոնց ցանկերը պիտի ղրկեմ իրեն՝ բաղդատելու համար իր ունեցածներուն հետ:
    Խնդրեմ ջերմագին ողջոյններս յայտնեցէք Ձեր ազնիւ տիկնոջ եւ դուստրերուն: Լաւագոյն զգացումներով

Ձերդ՝
Զ. ՈՐԲՈՒՆԻ

Է .[27]ՀԱԱ, ֆ. 875, ց. 2, գ. 450, թթ. 12-13:

25-2-68
Փարիզ

Ազնուափայ[լ] Տիկին Մարօ Մարգարեան[28]Մարո Մարգարեան (1915–1999), բանաստեղծուհի:,

Սիրելի բանաստեղծուհի,

    Ուրախութեամբ է, որ ստացայ Ձեր 16 փետր[ուար] թուագրեալը, անակնկալ մը պատճառած ուժգնութեամբ, ուրախութիւն մը:
    Այո՛, վերջին ծայր խանդավառ վերադարձից[29]Որբունին վերջին անգամ հայրենիք է այցելել 1967 թ.: Հայաստանէն եւ աւելի հանգամանօրէն պիտի ուզէի պատկերել իր այսօրուան իրականութիւնը յուշագրութեան մէջ, եթէ ժամանակս քիչ մը աւելի տրամադրած ըլլայի կոնկրէտ հարցերու շուրջ: Շօշափելի տուեալները կը պակսին՝ աստի կարենալ հատորի մը վերածելու համար տպաւորութիւններս եւ թերեւս այդ պարագային կարելի ըլլար ֆրանսերէն արտայայտուիլ: Երբ մեր մասին կը խօսինք մենք մեզի համար, ինծի կը թուի, թէ կորուստ մը կայորովհետեւ Հայաստանի իրականութիւնը այսօր կրնայ հետաքրքրել եւ ուրիշները: Ատոր համար լուրջ ռըբոռդաժի կը կարօտի: Եթէ իրականանայ այս ամսուան Հայաստան գալու ծրագիրս, այդ ուղղութեամբ է, որ պիտի պատրաստուիմ:    
    Աւա՜ղ, որ չկրցանք ժամանակ գտնել աւելի լայն փոխանակութիւններու:
    Թորանեանը հաւանաբար ըսաւ Ձեզի, որ արդէն կազմած ենք հոս թարգմանչական խումբ մը, որուն առաջին ժողովին ներկայ եղաւ Թորանեան: Խումբը կազմուած է V. Gardonէ[30]Վիկտոր Գարդոն (Վահրամ Կաքաւեան, 1903–1973), հայագիր եւ ֆրանսագիր գրող: Ֆրանսերէն է թարգմանել Դերենիկ Դեմիրճեանի … Continue reading (Կաքաւեան), Նիկողոս Սարաֆեանէ[31]Նիկողոս Սարաֆեան (1902–1972), արձակագիր, բանաստեղծ:, Բ. Թոփալեանէ[32]Բիւզանդ Թօփալեան (1902–1970), բանաստեղծ, խմբագիր, նկարիչ:եւ Ձեր ծառայականէ: Այս մասին պաշտօնական նամակ մը պիտի գրուի Ձեզի ընկեր Խարազեանի[33]Մարատ Խարազեանը (1931–2006) 1966–1970 թթ. իբրեւ քարտուղար աշխատել է Ֆրանսիայում ԽՍՀՄ դեսպանատանը: հետ ունենալիք տեսակցութենէ ետք: Մեզի կը պակսին գիրքեր թարգմանական լայն ընտրութեան կարելիութիւններ ունենալու համար: Առայժմ Gardonէ ըրածները կան. Չարենցի «Ամբոխները խելագարուած» եւ ուրիշներ: Պէտք ունինք արձակ գործերու:
    Գրուած էր ինծի բառարաններու ստացումը: Անհանգստութիւն մը չէ, այլ հաճոյք մըն է մեծ, բայց իբրեւ հնազանդ քաղաքացի կը խոնարհիմ Ձեր փափաքին առջեւ:
    Մարիէսի Կողբացիին[34]Տես թիւ 19 յղումը: համար լաւագոյնը Կիւլպէնկեան հաստատութիւնն է Լիզպոն, ուր կը գտնուին անոնք: Հայկ Պէրպէրեանը պատրաստակամ է զբաղուիլ այդ հարցով, երբ իրեն դիմելու ըլլաք:
    Միշտ ծարաւ Ձեր նամակներուն՝ սիրալիր բարեւներով

Զ. ՈՐԲՈՒՆԻ

 

Ը .[35]ՀԱԱ, ֆ. 875, ց. 2, գ. 450, թ. 11:

2-5-68
Փարիզ

Մեծարգոյ պարոն Վ. Համազասպեան,
նախագահ Սփյուռքի հետ մշակութային կապի ընկերութեան,
Երեւան

Յարգելի նախագահ,

    Կը ներէք, որ այսքան ուշ կը գրեմ Ձեզի՝ յայտնելու համար իմ խորին շնորհակալութիւններս այն հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար որ կը պարտիմ Ձեր ազնուութեանը եւ որ հրաշալի օրեր անցնել տուաւ ընել մեր քաղաքամայր Երեւանի մէջ:  
    Իմ Հայաստան այցելութիւնս զուգադիպեցաւ Ձեր արձակուրդի օրերուն, ինչ որ ինծի զրկեց Ձեզի հետ հանդիպելու հաճոյքէն եւ Ձեզ անձամբ իմ շնորհակալութիւններս յայտնելու բաղդէն:
    Ինչպէս խօսած էինք հոդ Ձեր անմիջական աշխատակիցներուն հետ, վերադարձիս անմիջապէս սկսանք կազմել գրողներու խումբ մը, որ պարտականութիւն պիտի ստանձնէր ֆրանսերէնի թարգմանել եւ հրատարակել ֆրանսական հրատարակչականի մը կողմէ հայ գրական գործերը:
    Բաւական աշխատուած գործեր ունինք արդէն, թարգմանութեամբ մեծաւ մասամբ Վիքթոր Կառտոնի կողմէ, արդ աւելի արագ ընթանալու համար մեզի կը պակսին գիրքեր՝ աւելի յարմար ընտրութիւններ կատարելու համար:
    Այս խումբին մաս կը կազմեն Վիքթոր Կառտոն, Նիկողոս Սարաֆեան, Բիւզանդ Թոփալեան եւ ես: Շաւարշ Նարդունին[36]ՇաւարշՆարդունի (1898–1968), արձակագիր, հրապարակախօս: նոյնքան հաճոյքով ընդունած է մաս կազմել խումբին, բայց առայժմ առողջական բաւական մտահոգիչ վիճակի մէջ կը գտնուի՝ կարենալ գործօն աշխատակցութիւն ընելու:
    Այս ուղղութեամբ հանդիպում մը ունեցանք ընկեր Մարաթ Խարազեանին հետ: Փոխադարձ համակրական մթնոլորտի մը մէջ շատ մը հարցերու մասին արտայայտուեցանք: Ուրախ ենք, որ մեր բոլոր մտածումներուն շուրջ կայացաւ համակրութիւն, ինչ որ պիտի դիւրացնէ մեր աշխատանքը յետագային, նաեւ փոխանակութիւններ ունեցանք մեր ծրագրէն դուրս գեղարուեստական ուրիշ մարզերու մէջ:
    Չեմ ուզեր նամակս վերջացնել առանց Ձեզմէ խնդրելու որ բարեհաճիք իմ բարեկամ[ակ]ան անկեղծ զգացումներս յայտնէք [sic] Ձեր տեղակալ ընկեր Անդրանիկ Մարտիրոսեանին[37]Անդրանիկ Մարտիրոսեանը (1924–1989) 1965–1989 թթ. կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալն էր:՝ որուն ազնուութիւնը տակաւին զիս յուզումի մէջ կը պահէ, ինչպէս նաեւ Ձեր բոլոր աշխատակիցներունը՝ որոնցմէ լաւագոյն յիշատակներ պահած եմ:
    Խնդրեմ, յարգելի նախագահ, ընդունեցէք լաւագոյն զգացումներուս հաւաստիքը:

 Ձերդ՝
Զ. ՈՐԲՈՒՆԻ

Թ .[38]ՀԱԱ, ֆ. 1318, ց. 210, գ. 14, թ. 29:

 

18-2-1972
Հայ գրողներու ընկերակցութիւն
12, rue Rochambeau  Paris (9e)
Telephone: 878-64-57

Խմբագրութիւն «Հայրենիքի ձայն»ի[39]Կոմիտէի «Հայրենիքի ձայն» շաբաթաթերթը հրատարակուել է 1965–1994 թթ.:,
Երեւան

Յարգոյ խմբագրութիւն,

    Փարիզահայ Գրողներու ընկերակցութիւնը իր գործունէութեան այս տարուայ շրջանէն սկսեալ նոր փայլ մը տալու նպատակով ընտրած է իր վարչական կազմէն անդամներ, որոնք սահմանուած են կատարելու տեղեկատուական աշխատանք, իւրաքանչիւրը որոշ լրագրի մը
    Այս ուղղութեամբ ան նշանակեց պարոն Ասատուր Սոփոկլեանը[40]Ասատուր Սոփոկլեան (1906–1978), ֆրանսաբնակ բանաստեղծ։ «Հայրենիքի ձայն»ի հետ մշակել թղթակցութիւն: Ընկերակցութիւնս համոզուած է, որ այս աշխատակցութիւնը միայն կրնայ վերին աստիճանի շահ[ա]ւէտ ըլլալ, նախ քաջալերած ըլլալով մեր աշխատանքը եւ երկրորդ «Հայրենիքի ձայն»ի պէս թերթ մը, որ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին վրայ Հայրենիքը կը ներկայացնէ, կրնայ նաեւ օրինակելի դարձնել Ընկերակցութեանս գործունէութիւնը միւս գաղութներուն մէջ եւ զանոնք մղելու գրողներու Միութիւններ կազմակերպելու:
    Առ այս, հաւատացած, որ չէք ուզեր մեզի զլանալ այս աջակցութիւնը, կը խնդրենք, որ ընդունիք մեր կանխայայտ շնորհակալութեան հետ մեր ի խորոց սրտէ բղխած եղբայրական զգացումները:

Ատենադպիր՝ ՏԱՐՕՆԵԱՆ Հ.[41]Հրաչ Տարօնեան (1917–1990), թատերագիր։

Նախագահ՝ ՈՐԲՈՒՆԻ Զ.

 

Ժ.[42]ՀԱԱ, ֆ. 875, ց. 5, գ. 306, թ. 110:

 

7-3-1972

Հայ գրողներու ընկերակցութիւն
12, rue Rochambeau Paris (9e)
Telephone: 878-64-57

Սփիւռքի հետ Մշակ[ութային] Կապի Կոմիտեի նախագահութիւն,
Երեւան

Յարգելի նախագահ,

    Ֆրանսահայ Գրողներու Ընկերակցութիւնը նորոգ կազմով սկսած է ներուժ գործունէութեան՝ նպատակ ունենալով գրականութիւնը ժողովուրդին ճանչցնելու նախաձեռնութիւնը:  
    Այդ ուղղութեամբ է, որ որոշուած է իր գրական երեկոյթները քաղաքէն դուրս դէպի արուարձանները եւ գաւառի հայաշատ քաղաքները տանիլ: Արդէն սկսած է Նիկողոս Սարաֆեանի նուիրուած երեկոյթով եւ ամսոյս տասին տեղի ունենալիք Պարոյր Սեւակի[43]Պարոյր Սեւակ (1924–1971), բանաստեղծ, գրականագէտ: յուշի երեկոյթը: Բայց մանաւանդ կը փափաքի կազմակերպել գրական ասուլիսներ, որոնց կրնան մասնակցիլ ներկաները վիճաբանական գծով, ինչ որ լաւագոյն միջոցն է զիրենք մօտէն հետաքրքրելու համար գրական հարցերով:
    Մեր ժամանակին հայ ժողովուրդը յուզող գոյատեւման հարցը, կը կարծենք, գրականութիւնը ժողովուրդին մէջ ներմուծելու լաւագոյն ազդակ մը կրնայ ըլլալ զայն իր սեփականութիւնը դարձնելով:
    Մեր երեկոյթներու քաշուած երիզները պիտի ղրկուին Ձեզի՝ Ձեզ ալ տեղեակ պահելու եւ ի հարկին Ձեզմէ քաջալերանք եւ օգնութիւն ստանալու յոյսով:
    Այդ նպատակին համար որոշուած է մնայուն թղթակից մը, որ պիտի կապուի Ձեզի հետ: Այդ անձն է բանաստեղծ Ասատուր Սոփոկլեանը:
    Յոյսով ենք, որ իրեն արժանաւոր ընդունելութիւն մը կը վերապահէք:
    Այս պայծառ առիթով կը խնդրենք որ, Յարգելի Նախագահ, ընդունիք մեր սրտագին զգացումներուն հաւաստիքը:

Նախագահ՝
Զ. Մ. ՈՐԲՈՒՆԻ

 

ԺԱ.[44]ՀԱԱ, ֆ. 875, ց. 9, գ. 127, թ. 110:

6-2-80
Պանէօ[45]Բանէօ, արուարձան Փարիզում, որտեղ մահացել է Որբունին 1980 թ. դեկտեմբերի 1ին:

Մշակութային հաստատութիւն Սփիւռքի հետ
Յարգելի տնօրէն

 Շատ սիրելի ընկեր Համազասպեան,

     Վերջին շաբթուան ընթացքին ունեցած երկու ուղեղային կաթուածներէս վերածնած՝ կը ստանամ Ձեր ազնուութենէն երկար կեանքի մաղթանքներինչ որ, իմ պարագայիս՝ ձեւական չէ եւ որուն համար իմ անհուն շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ, իմ կողմէս, իմ կարգիս մաղթելով, որ անգամ մըն ալ կարենամ Ձեր ընկերական ձեռքը սեղմել ձեռքերուս մէջ:

Զ. ՈՐԲՈՒՆԻ

 Յ. Գ. Ի հարկէ, ամբողջ այդ մեծ տանը, ժողովուրդին, ուր բարեկամներ ալ ունիմ

 

ԺԲ .[46]ՀԱԱ, ֆ. 875, ց. 9, գ. 127, թ. 110:

Մշակութային կապի կոմիտէին,

    Ձեր բաղձանքները 1980ի համար զիս գօտեպնդեցին եւ անցնող տարուան ամբողջ ցաւերս ամոքեցին:  
    Հայրենիքէն եկած ոեւէ ձայն ինծի համար քաղցր է իր վերելքի, իր հեռաւոր նպատակներով այս ցրուած ժողովուրդը օր մը իր ծոցին մէջ առնելու…:
    Իմ անսահման երախտիքներս[47]Նամակը գրուել է Բանէոյի հիւանդանոցի անունը կրող թերթիկի վրայ, թուագրուած չէ, Կոմիտէն ստացել է 1980 թ. փետրուարի … Continue reading:

Զ. ՈՐԲՈՒՆԻ

ԿԱ. ՏԱՐԻ, 2022 ԹԻՒ 2

References
1 ՀԱԱ, ֆոնդ 709, ցուցակ 3, գործ 305, թերթ 10:
2 Արտասահմանեան երկրների հետ կուլտուրական կապի ընկերութիւնը (ԱՕԿՍ յապաւումը ռուսերեն անուանումից է) ստեղծուել է 1944 թ. նոյեմբերին: Ընկերութիւնը զբաղուել է Հայաստանի եւ արտասահմանեան երկրների միջեւ բարեկամական կապերի հաստատմամբ:
3 ԱՕԿՍի նախագահը 1958–1967 թթ. եղել է Բերսաբէ Գրիգորեանը:
4 Հանդէսը լոյս է տեսել 1961–1962 թթ. Փարիզում, խմբագրակազմի անդամներն էին Զարեհ Որբունին (նաեւ՝ տնօրէն), Պետրոս Զարոյեանը, Բիւզանդ Թօփալեանը, Աւետիս Ալիքսանեանը եւ Գեղամ Քէրէսթէճեանը։
5 ՊետրոսԶարոյեան (1903–1986), արձակագիր:
6 ՀԱԱ, ֆ. 875, ց. 2, գ. 450, թ.1:
7 Սփիւռքի հետ մշակութային կապի կոմիտէն գործել է 1964–1998 թթ.: Համագործակցել է շուրջ 70 երկրների աւելի քան 1.000 կազմակերպութիւնների եւ մօտ 10.000 մշակոյթի գործիչների հետ:
8 Պատմաբան Վարդգէս Համազասպեանը (1911–1992) Կոմիտեի նախագահ է եղել 1964–1985 թթ.։
9 Նկատի ունի արձակագիր Աւետիս Ալիքսանեանին (1910–1984):
10 Զարեհ Որբունի, Եւ եղեւ մարդ, Փարիզ, 1964։
11 Թորոս Թորանեան (1928–2021), սիրիահայ գրող, լրագրող, բժշկական կրթութիւն է ստացել Երեւանում։
12 ՀԱԱ, ֆ. 875, ց. 2, գ. 450, թ. 2 ա:
13 ՀԱԱ, ֆ. 875, ց. 2, գ. 450, թ. 5:
14 Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 70ամեակի հանդիսաւոր միջոցառումը նշուել է 1967 թ. սեպտեմբերի 25ին:
15 ՀԱԱ, ֆ. 875, ց. 2, գ. 450, թ. 5ա:
16 Բնագրում վրիպակ է. խօսքը բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանի (1922–1996) մասին է, որը 1967–1981 թթ. եղել է Կոմիտէի նախագահի տեղակալը:
17 Ստեփան Ալաջաջեան (1924–2010), արձակագիր:
18 ՀԱԱ, ֆ. 875, ց. 2, գ. 450, թ. 9:
19 Պարգեւ Մարտիրոսեանը Կոմիտէի բաժնի վարիչ էր:
20 Նկատի ունի Eznik de Kolb, De Deo”, Patrologia Orientalis, tome XXVIII, Fascicules 3, 4. Edition critique du texte arménien et traduction française, notes et tables, par Louis Mariès et Ch. Mercier. Paris, 1959 հատորը։
21 Հայկ Պէրպէրեան (1887–1978), հայագէտ, արեւելագէտ, թարգմանիչ:
22 Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութիւնը Լիսաբոնում գործում է 1956 թուականից:
23 Լուիս Մարիէս (1876-1958), հայագէտ, Եզնիկ Կողբացու ֆրանսերէն գրքի թարգմանիչներից։
24 Նկատի ունի Կոմիտէի աշխատակից Արթուր Նաւասարդեանին (1938–2018)։
25 Հաւանաբար նկատի ունի խմբագիր Հրանդ Բալուեանին (1904–1967)։
26 Հաւանաբար նկատի ունի Սարգիս Պօղոսեանին(1921-1998), ով 1967 թ. բացել էր “Le XIXe siècle” հնատիպ գրքերի խանութը։
27 ՀԱԱ, ֆ. 875, ց. 2, գ. 450, թթ. 12-13:
28 Մարո Մարգարեան (1915–1999), բանաստեղծուհի:
29 Որբունին վերջին անգամ հայրենիք է այցելել 1967 թ.:
30 Վիկտոր Գարդոն (Վահրամ Կաքաւեան, 1903–1973), հայագիր եւ ֆրանսագիր գրող: Ֆրանսերէն է թարգմանել Դերենիկ Դեմիրճեանի «Վարդանանքը»։
31 Նիկողոս Սարաֆեան (1902–1972), արձակագիր, բանաստեղծ:
32 Բիւզանդ Թօփալեան (1902–1970), բանաստեղծ, խմբագիր, նկարիչ:
33 Մարատ Խարազեանը (1931–2006) 1966–1970 թթ. իբրեւ քարտուղար աշխատել է Ֆրանսիայում ԽՍՀՄ դեսպանատանը:
34 Տես թիւ 19 յղումը:
35 ՀԱԱ, ֆ. 875, ց. 2, գ. 450, թ. 11:
36 ՇաւարշՆարդունի (1898–1968), արձակագիր, հրապարակախօս:
37 Անդրանիկ Մարտիրոսեանը (1924–1989) 1965–1989 թթ. կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալն էր:
38 ՀԱԱ, ֆ. 1318, ց. 210, գ. 14, թ. 29:
39 Կոմիտէի «Հայրենիքի ձայն» շաբաթաթերթը հրատարակուել է 1965–1994 թթ.:
40 Ասատուր Սոփոկլեան (1906–1978), ֆրանսաբնակ բանաստեղծ։
41 Հրաչ Տարօնեան (1917–1990), թատերագիր։
42 ՀԱԱ, ֆ. 875, ց. 5, գ. 306, թ. 110:
43 Պարոյր Սեւակ (1924–1971), բանաստեղծ, գրականագէտ:
44, 46 ՀԱԱ, ֆ. 875, ց. 9, գ. 127, թ. 110:
45 Բանէօ, արուարձան Փարիզում, որտեղ մահացել է Որբունին 1980 թ. դեկտեմբերի 1ին:
47 Նամակը գրուել է Բանէոյի հիւանդանոցի անունը կրող թերթիկի վրայ, թուագրուած չէ, Կոմիտէն ստացել է 1980 թ. փետրուարի 13ին: