Վարդան Մատթէոսեան

ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ ՆՈՐԱՅԱՅՏ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ

ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ երկարամեայ կեանքին հետ հարեւանցի կերպով իսկ ծանօթ անձը պիտի համաձայնի, որ բազմաթիւ վայրերու մէջ անոր բնակութիւնը եւ յաճախակի փոխադրութիւնները չեն նպաստեր այդ կեանքի ելեւէջներուն, ներառեալ՝ նամակագրութեան ուսումնասիրութեան գործին։ Միշտ պատրաստ պէտք է ըլլալ նորանոր անակնկալներու եւ գիւտերու։
    Զարեան ունեցած է հարուստ նամակագրութիւն հայ եւ օտար զանազան դէմքերու հետ, եւ նամակները ցրուած են աշխարհի չորս կողմերը։ Յայտնի չէ այսօր, թէ այդ նամակագրութիւնը ո՞ր աստիճանին պահպանուած է եւ որքանո՞վ հասանելի է, եւ պէտք է յուսալ, որ վերջերս Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին յանձնուած գրողին անձնական արխիւը պիտի սատարէ կարգ մը առեղծուածներ լուծելու եւ աւելի յստակ պատկեր մը կազմելու՝ հոն գտնուող հնարաւոր սեւագրութիւններու եւ ստացուած նամակներու շնորհիւ։
    Նամականիի հրատարակութեան ծիրին մէջ, վերջին երեք տասնամեակներուն լոյս ընծայած էինք Յովսէփ Փուշմանին ուղղուած Զարեանի նամակները[1]Վարդան Մատթէոսեան, «Կոստան Զարեանի նամակները «Երեք երգերու» առիթով», Հանդէս ամսօրեայ, 1-12, 1993, էջ 250, 252-253։, ինչպէս եւ Անդրանիկ Ծառուկեանէն ստացուած նամակները[2]Վարդան Մատթէոսեան եւ Սեւան Տէյիրմէնճեան, «Կոստան Զարեան եւ Անդրանիկ Ծառուկեան», Բագին, 3, 2002, էջ 107-110։ (Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարան, ԳԱԹ)։ Նաեւ հրատարակած էինք անգլիացի գրագէտ Լօրընս Տառէլէն ստացուած նամակները (ԳԱԹ եւ անձնական արխիւ)[3]Vartan Matiossian, “Kostan Zarian and Lawrence Durrell: A Correspondence”, Journal of the Society for Armenian Studies, vol. 8, 1995, էջ 75-101։ եւ Սիմոն Վրացեանի հետ նամակագրութիւնը (ԳԱԹ եւ Համազգայինի արխիւ, Պէյրութ)[4]Վարդան Մատթէոսեան, «Կոստան Զարեանի եւ Սիմոն Վրացեանի նամակագրութենէն», Հայկազեան Հայագիտական հանդէս, հատոր … Continue reading։ Անշուշտ, գիտակից էինք՝ այդ նամակներուն ընծայած տուեալներուն հիմամբ, որ հրապարակումները ամբողջական չէին, ապագային ձգելով նոր գիւտերու կարելիութիւնը։
    Վերջին հնգամեակին Միացեալ Նահանգներու տարբեր վայրերէ ու Լիբանանէն Երեւան եկած ու ստորեւ հրատարակուող նամակներով, քայլ մը եւս կը կատարուի դէպի այդ նամականիներուն կարելի ամբողջացումը։ 
    Արդարեւ, սեպտեմբեր 2016ին, Նիւ Եորքի ազգայինի մը պարպուելու ենթակայ բնակարանին մէջ պատահաբար հանդիպեցանք Զարեանի՝ Յ. Փուշմանին ուղղուած նամակի մը ձեռագրին, զոր յաջողեցանք նկարել։ Սակայն, չկարողացանք ապահովել բնագիրը, որուն հետագայ ճակատագիրը մեզի անյայտ է։ Լուսանկարը հապճեպ կերպով առնուած էր. որակեալ չըլլալով հանդերձ, բաւարար եղած էր նամակին վերծանումը յաջողցնելու։ Յաջորդ տարիներուն, Հ. Յ. Դաշնակցութեան արխիւի (Պոստոն) Սիմոն Վրացեանի ընդարձակածաւալ բաժնին մէջ, յայտնաբերեցինք 1943ին Զարեանի կողմէ Նիւ Եորք նահանգէն գրուած երկու նամակներ, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի արխիւատան մէջ գտնուող Անդրանիկ Ծառուկեանի արխիւէն ձեռք բերինք Զարեանէն պահպանուած միակ նամակը՝ Հռոմէն գրուած 1947ին[5]Շնորհակալութիւն կը յայտնենք պրն. Յարութիւն Կիւլիւզեանին եւ արխիւատան վարիչ Հ. Վիգէն վրդ. Տալգլըճեանին իրենց … Continue reading։ Վերջապէս, երբ Կոստան Զարեանի եւ անգլիացի գրող Լօրընս Տառէլի յարաբերութեան նուիրուած մեր նորատիպ աշխատասիրութիւնը՝ Զարեան-Տառէլը արդէն աւարտած ու տպագրութեան յանձնուած էր[6]Զարեան-Տառէլ, հատորը կազմեց եւ աշխատասիրեց Վարդան Մատթէոսեան, Մոնթրէալ, «Օշական» մատենաշար, 2022։ Հատորը կը … Continue reading, մեր ձեռքը անցաւ ցարդ յայտնի Զարեանէն միակ նամակը անգլիացի գրագէտ Լօրընս Տառէլին, գրուած 1950ին՝ Իսկիա կղզիէն։
    1932ին Միլանէն Փուշմանին գրուած նամակը Զարեանի կողմէ ուղղուած երրորդն էր՝ 1930ի եւ 1931ի նամակներէն ետք, եւ ինչ-ինչ պատճառներով 1970ական թուականներուն Երեւան ուղարկուած Փուշմանի նամակներու հաւաքածոյին մաս կազմած չէր[7]Տե՛ս Բաբկէն Չուգասզեան, «Նորայայտ նամակներ», Սովետական գրականութիւն, մարտ 1973, էջ 147, ուր Զարեանի անունը ինկած … Continue reading։ Զարեանի Երեք երգեր վիպերգի (Վիեննա, 1931) հրատարակութիւնը հովանաւորած Փուշմանի նամակները, որոնք կրնան լոյս սփռել անոնց յարաբերութեան եւ գիրքի հրատարակութեան պատմութեան վրայ, թերեւս պահպանուած ըլլան գրագէտի անձնական արխիւին մէջ։
    Զարեանի 1943ի նամակներէն առաջինը յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, քանի որ պատասխան մըն է Ս. Վրացեանի՝ Նաւը լերան վրայ վէպին ուղղուած քննադատութիւններուն։ Զարեանի քաղաքական հայեացքներուն, ինչպէս եւ վէպի պատմա-քաղաքական ենթախորքին անաչառ մեկնաբանութիւնը ցարդ տեղի ունեցած չէ, նկատի ունենալով հանդերձ, որ «իրական պատմական երեւոյթները չէ որ կը ներկայացուին հոն, այլ, աւելի շուտ, հեղինակի տեսողութիւնն ու տեսութիւնները»[8]«Կոստան Զարեան», Հայրենիք տարեգիրք տօնացոյց, երկրորդ տարի, 1944, էջ 236։։ Զարեանի քաղաքական դիրքորոշման մասին, կ՚արժէ վկայակոչել տեսակցութիւն մը, զոր ունեցած է Վարդգէս Ահարոնեանի հետ, երբ յունուար 1934ին առաջին անգամ Նիւ Եորք ժամանած է։ Հայրենիք օրաթերթին մէջ լոյս տեսած տեսակցութիւնը արձանագրած է հետեւեալ հարց ու պատասխանը.
    «– Իսկ Հայաստա՞նը։ Հայաստանի մասին նոր բան գիտէ՞ք։ Յիշո՞ւմ էք, Զարեան, որ երբ 1919ին Հայաստան եկաք, շատ էլ գոհ չէիք երեւում։ Է, ձեր տեսած Խորհրդային Հայաստանը աւելի լա՞ւ էր։
    – Ես երկուքն ալ չսիրեցի, ե՛ւ Հանրապետական Հայաստանը, ե՛ւ Խորհրդային Հայաստանը։ Երկուքն ալ կուսակցական կառավարութիւններու ենթակայ, ինչ որ չեմ սիրեր։ Պետութիւնը անկուսակցական ըլլալու է։ Պիտի ըսեմ, սակայն, թէ Խորհրդային Հայաստանի մէջ աւելի զօրաւոր իշխանութիւն եւ աւելի կարգ ու կանոն տեսայ»[9]Վարդգէս Ահարոնեան, «Կոստան Զարեանը Նիւ Եորքում», Հայրենիք, 25 յունուար 1934, էջ 1։։
    Բ. Աշխարհամարտին պատճառով, 1843ին հիմնուած Մխիթարեաններու հանդէսին՝ Բազմավէպի հարիւրամեակի տօնակատարութիւնը յետաձգուած էր ու տեղի ունեցած՝ Հոկտեմբեր 1947ին։ Անդրանիկ Ծառուկեան Վենետիկ հրաւիրուած էր անոր մասնակցելու[10]Տե՛ս Անդրանիկ Ծառուկեան, Մեծերը եւ… միւսները, Պէյրութ, 1992, էջ 123-155։։ Այնուհետեւ, Ծառուկեան անցած էր Հռոմ, ուր հանդիպած է Զարեանի առաջին կնոջ՝ դաշնահարուհի Թագուհի Շահնազարեանին (1887-1961)[11]Անդրանիկ Ծառուկեան, «Թագուհի Շահնազար», Նայիրի, 6 մարտ 1970, էջ 4։։ Ծառուկեանի մեկումէն ետք իտալական մայրաքաղաքը ժամանելով, Զարեան իր նամակը գրած է այդ առիթով։
    Կոստան Զարեանի եւ Լօրընս Տառէլի յարաբերութիւնը սկսած էր իրենց հանդիպումով Գորֆու, 1935-36ին, որուն գեղարուեստական ցոլացումը կը գտնուի անգլիացի գրագէտի Prospero’s Cell («Պրոսպերոյի խուցը», 1945) ուղեգրութեան մէջ։ Պատերազմին պատճառով թղթակցութիւնը ընդհատուած է ու վերսկսած՝ 1947ին։ 1950ի ամրան, Տառէլ ու իր երկրորդ կինը ամիս մը անցուցած են Իսկիա, որուն ցոլացումը կը գտնենք Զարեանի Կղզին եւ մի մարդը վիպակին մէջ (Հայրենիք ամսագիր, 1955)։ Վերջին անգամ, երկու գրագէտները կարճ ժամանակով հանդիպած են Կիպրոսի մէջ (1954)։
    Յունուար 1950ի Զարեանի նամակը գրուած է ի պատասխան Տառէլի նամակի մը, որուն բնագիրը անյայտ է։ Անոր յաջորդած Տառէլի 1950-1951ի նամակները հայերէն թարգմանութեամբ լոյս ընծայած ենք մեր աշխատասիրած հատորին մէջ[12]Զարեան-Տառէլ, էջ 159-164, 168-174 (Իսկիա)։։
    Զարեանի հայերէն նամակները կը հրատարակենք նոյնութեամբ, յարգելով անոր լեզուական եւ ուղղագրական իւրայատկութիւնները։ Կը հրատարակենք Տառէլին ուղղուած նամակին բնագիրը, որ գրուած է սահուն անգլերէնով, արդարացնելով Տառէլի գնահատականը. «(…) եւ ի՛նչ գերազանց անգլերէն կը գրէք (ու կը խօսիք՝ կասկած չունիմ) այսօր»[13]Անդ, էջ 162։։ Տեղին համարեցինք նամակը արեւելահայերէնի թարգմանել, յարգելով Զարեանի արեւելահայերէն գրող ըլլալու հանգամանքը եւ աշխատելով հետեւիլ անոր ոճին, բառապաշարին եւ ուղղագրութեան[14]Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բանասէր Արծուի Բախչինեանին, որ վերստուգեց մեր թարգմանութիւնը։։ Կը կարծենք, որ այս սկզբունքը պէտք է որդեգրել հետագային, բացի նախաեղեռնեան շրջանի բնագիրներու պարագային, երբ Զարեան արեւմտահայերէն կը գրէր[15]Նման սկզբունքի գործադրութիւնը անհրաժեշտ կը դարձնէ արեւմտահայերէնի թարգմանել արեւմտահայ գրողներու … Continue reading։   

 

ՅՈՎՍԷՓ ՓՈՒՇՄԱՆԻՆ

15-8-32
Via Renato Fucini, 3
Milano

Սիրելի բարեկամ,

    Չկարողացայ իմանալ այս տարի Եւրոպա եկա՞ք թէ չէ։ Մեծ ցանկութիւն ունէի այցելել Վենետիկը եւ միջազգային նկարչական ցուցահանդէսը[16]Վենետիկի 18րդ երկամեայ ցուցահանդէսը (Biennale) տեղի ունեցած է 18 ապրիլէն մինչեւ 18 հոկտեմբեր 1932։՝ տեսնելու համար ձեր նոր ղրկած նկարը[17]Ըստ “The Art News” հանդէսի 5 մարտ 1932ի թիւին, Փուշման մաս կը կազմէր ամերիկացի 12 ողջ նկարիչներու խումբին, ու … Continue reading։ Դժբախտաբար կարելիութիւնը չ՚ունեցայ եւ այդպէսով զրկւեցի անդարձ հաճոյքից։
    Ինչպէս ամէն տեղ այստեղ եւս կեանքի պայմանները սաստիկ դժւարացել են եւ ամեն փոքրիկ շարժումը անելու համար տասը անգամ պէտք է մտածել եւ … հաշւել։ Այս առթիւ ասեմ որ այս երեք տարում նոյնպէս շատ անգամներ նամակ եմ գրել Մխիթարեան վանքի տպարանին տեղեկութիւն ուզելու համար «Երեք Երգերի»
[18]Կոստան Զարեան, Երեք երգեր ասելու համար վիշտը երկրի եւ վիշտը երկնքի, Վիեննա, Մխիթարեան տպարան, 1931։ մասին բայց ոչ մի պատասխան չեմ ստացել, ինչ որ զարմանալի է թւում ինձ[19]Տե՛ս Զարեանի 26 փետրուար, 20 ապրիլ, 12 սեպտեմբեր 1931 (երկու հատ), 10 փետրուար եւ 7 հոկտեմբեր 1932 նամակները Վիեննայի … Continue reading։ Արդեօ՞ք նրանք նամակագրութեան մէջ են ձե՞զ հետ,- չեմ կարողանում ոչինչ հասկանալ։ Ոչ մի լուր չունեցայ նաեւ այն հատորների մասին որոնք ղրկւեցին Ամերիկա. կարելի՞ բան է որ մինչեւ հիմա այդքան մեծ կազմակերպութիւնը չկարողացաւ սպառել նրանք[20]Նկատի ունի Նիւ Եորքի Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը՝ Հայաստանի Կոչնակի հրատարակիչը, որ ստանձնած էր գիրքին … Continue reading։
    Այդ ամենի մասին չպիտի գրէի ձեզ – ինչպէս չեմ գրել մինչեւ հիմա – եթէ նիւթական դրութիւնս շատ վատ չլիներ [sic]։ Պարտ եմ գրչի աշխատութիւնով պահել ամբողջ ընտանիքս եւ երեք տղաներիս[21]
Վահէ Զարեան (1913-1985), Արմէն Զարեան (1914-1994) եւ Նուարդ Զարեան (1917-2005)։ կրթութիւն տալ. նրանց համար ոչ մի տեղից թոշակ չկարողացայ ճարել։ Ընդհանուր տագնապը ազդեց նաեւ հօնօրարներիս վրայ, բաւական է ասել որ նոյն «Հայրենիքը»[22]Հայրենիք, Պոսթըն լոյս տեսած ամսագիր (1922-1968), ապա՝ եռամսեայ (1969-1970), որուն աշխատակցած է Զարեան 1926-1955ին։ չէ ղրկած ինձ վեց ամսականի հօնօրարները[23]Տե՛ս Ռուբէն Դարբինեանի 25 յուլիս, 29 սեպտեմբեր եւ 19 հոկտեմբեր 1932ի նամակները Կ. Զարեանին, ուր բացատրուած են … Continue reading։
    Ուստի խնդրում եմ, եթէ «Երեք Երգերից»  մի բան ծախւած է՝ բարի լինէք փոխարժէքը ղրկել ինձ եւ նաեւ հարցնել այդ երանելի Մխիթարեաններին ինչո՞ւ նամակներիս չեն պատասխանում։
    Ներեցէք ձեզ տուած ձանձրոյթիս համար։
    Ամբողջ ընտանեօք մենք պահում ենք լաւագոյն յիշատակները ձեր եւ ձեր տիկնոջ մասին
[24]Յուլիա Շալճեան-Փուշման (1874-1966)։ եւ խնդրում ենք ընդունել մեր ջերմ բարեւները։

Կ. ԶԱՐԵԱՆ

ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆԻՆ[25]Հ. Յ. Դ. արխիւ, Սիմոն Վրացեանի գործ, թղթակալ SV, 103։

Ա.

31-VI-43
Cottage Fleur de Lis
Byrdcliff Woodstock N.Y.

Սիրելի Վրացեան,

    Գիւղ տեղափոխուելու պատճառով չկարողացայ ձեր վերջին նամակին անմիջապէս պատասխանել[26]Նամակը գրուած է ի պատասխան Վրացեանի 22 յունիս 1943 նամակին (Մատթէոսեան, «Կոստան Զարեանի եւ Սիմոն Վրացեանի», էջ … Continue reading։Եւ ի՞նչ կարելի է պատասխանել. դէպքերի մօտենալու մեր ձեւը բոլորովին տարբեր է. դուք նայում էք անցեալին քաղաքական եւ կուսակցական գործիչի տեսանկիւնիցտեսակէտ, որ բնորոշ է նաեւ մեծամասնականների[27]Այսինքն՝ բոլշեւիկներու։ համարիսկ ես վերապրել եմ անցեալը հայ ոգու ողբերգականը դրսեւորելու տեսանկիւնից։ Հասկանում եմ ձեր մտային վիճակը. դուք մասնակցել էք դէպքերին, որոշ պատասխանատւութիւններ էք ստանձնել եւ ուստի չէք կարող ունենալ առարկայական անջատումը – détachement – որով օժտւած է անկախ արւեստագէտը։
    Ձեր մատնանշած փաստերի մեծ մասը ինձ համար երկրորդական են։ Վէպի շեշտը դրւած է հայ ժողովրդի դիմադրական ոգու վրայ եւ այդ՝ հակառակ ահաւոր պայմաններին եւ հակառակ նաեւ գործող անձանց։ Վէպի նպատակը չի մանրամասն ցոյց տալ Հ[այաստանի] Հ[անրապետութ]եան գործ[ու]նէութիւնը, այլ դրսեւորել այն քաոսը, փոթորկոտ այն ծովը, որի թանձր ալիքը ճեղքելով, «նաւը» փորձել է հասնել տեղ։
    Ձեր նկատողութիւնների մէջ կան երբեմն արդար բաներ թէպէտ շատ երկրորդական.- ի՞նչ նշանակութիւն ունի օր[ինակի] համար երբ «պարլամենտի նիստերը շարունակւում էին գիշեր եւ ցորեկ»[28]Այս նախադասութիւնը տպուած է հետեւեալ ձեւով. «Պարլամենտի եւ կառավարութեան նիստերը շարունակւում էին գիշեր եւ … Continue reading։ Այդ գրւած է պարզապէս ցոյց տալու ինչքան մեծ էր ընդհանուր մտահոգութիւնը եւ ինչքան անզօր էին մարդիկ հասնող դէպքերը յաղթահարելու համար։ Նոյնը.- «Երկու շաբաթը մի անգամ կառավարութիւնը փոխւում էր…»
[29]Նախադասութիւնը հանուած է տպուած բնագրէն։։ Ես լաւ գիտեմ որ կառավարութեան փոփոխումները ձեւական էին, որովհետեւ հաւկիթները դուրս էին գալիս նոյն հաւից՝ կուսակցութիւնից։ Կամ այն, որ դրական դերակատարներըէլ դրսեցիներ են։ Ո՞վ դրսեցի չէր.- Քաջազնունին[30]Յովհաննէս Քաջազնունի (Իգիթխանեան, 1868-1938), ճարտարապետ, հանրային գործիչ։ Հայաստանի առաջին անկախ … Continue reading, դուք, Խատիսեանը[31]Ալեքսանդր Խատիսեան (1874-1945), հանրային գործիչ։ Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան երկրորդ վարչապետ (1919-1920)։, Նազարբէկեանը[32]Թովմաս Նազարբէկեան (1855-1931), զինուորական, Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան բանակի ընդհանուր հրամանատար։, Ղամբարեանը[33]Եուրի Ղամբարեան (1850-1926), իրաւագէտ, Երեւանի պետական համալսարանի առաջին տեսուչ (1919-1920)։, զօրավարները, սպաները. շատ քիչ բացառութեամբ բոլորն էլ դրսեցիներ էին[34]Սիմոն Վրացեանէն (նոր նախիջեւանցի) բացի, միւս չորս դէմքերը Թիֆլիս ծնած էին։։ Եւ ինչո՞ւ հայ պետութիւնը պէտք է կազմէին երեւանցիները եւ իգդիրցիները եւ ոչ կովկասցիները առհասարակ։
    Դուք մոռանում էքեւ այդ կէտը շատ կարեւոր էոր հայ անկախութիւնը պատմական որոշ ձգտումի վերջնական եւ տրամաբանական պսակումը չէր, այլ մի տեսակ fatum
[35]Ճակատագիր (լատիներէն)։, որ հայ ժողովուրդը ստիպւած էր ընդունել եւ հերոսաբար պաշտպանել։ Այդ fatum-ըներքին հատւածների այդ խաղը – «պայթեց» հայ ժողովրդի գլխին, Սէյմի[36]Անդրկովկասեան խորհրդարան, որ վարած է կարճատեւ Անդրկովկասի Դաշնակցային Հանրապետութիւնը (22 ապրիլ-26 մայիս 1918)։ լուծումից յետոյ, անսպասելի կերպով եւ ճակատագիրը չէր, որ յարմարւեց մարդկանց, այլ մարդիկն էին որ մեծղի ճիգեր արին (վէպի կորիզը հէնց այստեղ է) յարմարուելու ճակատագրին։ Եթէ ուշադրութեամբ կարդաք, կտեսնէք որ դիւցազներգութիւնը զարգանում է այդ հիմնական մօտիվի շուրջը եւ հերակլիտեան[37]Հերակլիտոս Եփեսացի (Ք.Ա. 544-484), յոյն փիլիսոփայ։ «ամենայն ինչ հոգիներով եւ դեւերով է լեցւած»-ը[38]Նաւը լերան վրայ վէպի բնաբանը։ Հերակլիտոսէն հատուածներ պահպանուած են յոյն կենսագիր Դիոգինէս Լայերտացիի (Ք.Ե. … Continue reading մարմին է առնում որոշ պատմական շրջանում։ «Ալբատրոսի»[39]Պաթումէն մինչեւ Սեւանայ լիճ փոխադրուող նաւուն անունը Նաւը լերան վրայ մէջ։ ճամբորդութիւնը, ժայռերի եւ անապատի վրայից, հայ ոգու յամառ կամքն է, որ ուզում է լինել եւ պիտի լինի։
    Սխալ է ձեր այն կարծիքը, որ ես տպաւորւել եմ որոշ քննադատութիւններից։ Վէպը գրելու ժամանակ ոչ մի քաղաքական մտածում չեմ ունեցածայդ կլինէր մտքի փոքրութիւնեւ վկայ՝ բօլշեւիկները, որոնք ներկայացուցած եմ այնպէս ինչպէս էին։ 1919-ին[40]Զարեան Վրաստան եւ Հայաստան այցելած է Հոկտեմբեր 1919ին՝ իբրեւ իտալական Secolo (Միլան), Il Nuovo Giornale (Ֆլորանս) եւ Il Messagero … Continue reading, իմ բացասական տպաւորութիւններս Բաթումում հաղորդեցի Դարբինեանին[41]Ռուբէն Դարբինեան (1883-1968), քաղաքական գործիչ, խմբագիր։ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան արդարադատութեան … Continue reading եւ նա համաձայն գտնւեց ինձ հետ[42]Ըստ Դարբինեանի յուշերուն, ինք դեկտեմբեր 1919ի սկիզբը Նովորոսիսկէն մեկնած է Պաթում՝ դէպի Երեւան ճանապարհին … Continue reading եւ յետոյ «Հայրենիքի» առաջին թիւերի մէջ ինքը Դարբինեանը գրեց «մենք անպատրաստ էինք»։ Ահա ա՜յդ՝ մենք անպատրաստ էինք. վէպը ուրիշ բան չի ասում։
    Ես մեծամիտ մարդ չեմ. գրում եմ, որովհետեւ փեշակս
[43]Փեշակ (պարսկերէն pīša, pīše), արհեստ, զբաղում։ այդ է եւ ուրիշ բան անելու չեմ կարող, սակայն կարծում եմ, որ այդ տեսակի երկ հայ գրականութիւնը դեռ չի ունեցած եւ ուրախ եմ, որ դուք էլ ընդունում էք, որ «լիարժէք եւ մնայուն երկ եմ նւիրել հայոց գրականութեան»։
    Եթէ այդպէս է, եկէք բարձրանանք հոգիով եւ մտքով, մոռանանք կուսակցական եւ քաղաքական երկրորդական միտումները եւ մեծութիւնը ունենանք մօտենալ երկին իբրեւ գրական բարձր ստեղծագործութեան։
    Փորձերը ուղղելու ժանանակ ես իմ լաւագոյնս կանեմ փոքրիկ մանրամասնութիւնները ուղղելու, առանց վնասելու վէպի հիմնական գծին, բայց աւելին ինձ համար այլեւս անկարելիութիւն է։ Ասեմ նաեւ, այժմ զբաղւած եմ բոլորովին ուրիշ գործերով (գրական) եւ վէպը ինձ համար հեռաւոր անցեալ է։    
    Շատ լաւ կլինէր եթէ կարողանայինք տեսնւել եւ երկար խօսել։ Այստեղ, ուր այժմ ապրում եմ, շատ խաղաղ, անտառի մէջ կորած գեղեցիկ մի վայր է. եկէք մօտս հիւր մի քանի օրով, թէ ես եւ թէ կինս շատ ուրախ կլինենք եւ առիթը կունենանք զրուցելու։

Ձերդ անկեղծօրէն

Կ. ԶԱՐԵԱՆ

 

Բ.

սեպ[տեմբեր] 15 – 43
Byrdcliffe
Woodstock

Սիրելի Վրացեան,

    Այս նամակը ղրկում եմ Ալիխանեանին[44]Արմենակ Ալիխանեան (1890-1977), բժիշկ, հանրային գործիչ։ հետ յանձնելու համար։ Ինձ համար, մի շարք պատճառներով, շատ դժւար է այժմ գնալ Նիւ Եօրկ, բայց շատ դիւրին կլինի ձեզ համար մի օրով կամ աւելի գալ այստեղ, վայելել այս բլուրների եւ անտառների գեղեցկութիւնները եւ միասին երկայն զրուցել։ Ձեզ համար սենեակ եւ անկողին ունեմ եւ թէ կինս[45]Զարեանի երկրորդ կինը՝ ամերիկացի նկարչուհի Ֆրէնսիս Պրուքս-Զարեանը (1900-1963)։ թէ ես ուրախ պիտի լինենք ձեր ներկայութիւնը վայելել։ Անպատճառ եկէք. շատ խօսելու բաներ կան։ Ճամբորդութիւնը շատ հեռաւոր չէ եւ, եթէ այս կողմերը չէք տեսել, արժէ որ գաք։
    Հարցը նրանումն է, որ մենք մտադիր ենք մնալ այստեղ. գիւղում արդէն տուն ենք վարձել եւ Նիւ Եօրկում որեւէ անելիք չունենք։
    Գնացքը պէտք է վերցնել 42-րդ փողոցի Ferry-ում, որ ուղ[ղ]ակի ձեզ կբերի Kingston, որտեղ՝ եթէ ինձ հեռագրէք՝ ես ձեզ կը սպասեմ, միասին այստեղ գալու համար։
    Երբ գաք, կարող ենք նաեւ միասին ընտրել այն բանաստեղծութիւնը  տարեգրքի համար, որի մասին գրած էիք[46]Տե՛ս Կոստան Զարեան, «Ars poetica», Հայրենիք տարեգիրք տօնացոյց, երկրորդ տարի, 1944, էջ 55-58։ Տարեգիրքը Սիմոն Վրացեանի … Continue reading։
    Անպատճա՛ռ եկէք։
    Բարեւներ մեր բոլորի կողմից,

Սիրով

Կ. ԶԱՐԵԱՆ

 

ԱՆԴՐԱՆՒԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻՆ[47]Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արխիւատուն, հաւաքածոյ 55, ցուցակ 1, թղթածրար 79։

[Հռոմ], 6 դեկտեմբեր, – 47

Սիրելի Պր[.] Ծառուկեան,

    Շատ ցաւում եմ, որ չկարողացանք տեսնւել այստեղ Իտալիայում։ Եթէ առաջւանից իմացած լինէի աւելի շուտ կը գայի Հռոմ։ Ինչ որ է, հիմա տեղաւորւել եմ Հռոմում եւ յոյս ունեմ կմնամ բաւականի երկայն ժամանակ։
    Ձեր հրատարակած հանդէսը[48]
Նկատի ունի Ծառուկեանի Նայիրի ամսագիրը, որ 1941-1949ին  լոյս տեսած է Հալէպի մէջ։ դեռ մինչեւ հիմա չտեսայ, թէպէտ ինձ գրած էիք, որ բոլոր թիւերը պիտի ղրկէք Նիւ Եորկ[49]Տե՛ս Ծառուկեանի 26 յուլիս 1947 նամակը, ուր յայտնած էր, թէ թերթերը ղրկած էր Նիւ Եորք՝ Ս. Վրացեանի հասցէով, օրիորդի … Continue reading։ Լաւ կլինէր եթէ ղրկէիք այստեղ, եւ առհասարակ գրէիք գրական աշխարհի հետ կապ ունեցող անցուդարձերի մասին։ Այստեղ հայ թերթերը ուշ են հասնում եւ հայ կեանքի մասին տեղեկութիւն չունեմ։
    Ուստի, սպասում եմ ձեր նամակին եւ թերթերին։
    Ջերմ բարեւներ։

Կ. ԶԱՐԵԱՆ

Գրեցէք ինձ այս հասցէով –

C.Z.
c/o American Express
Roma
Italy

 

ԼՕՐԸՆՍ ՏԱՌԷԼԻՆ[50]Special Collections, Morris Library, Southern Illinois University Carbondale, Collection 42 – Lawrence Durrell Papers, Box 1/Folder 6.

 

յունուար 25, 1950
Ֆորիօ (Իսկիա), Իտալիա

Սիրելի Դարրէլ,

    Ինչպէս գրել էի բացիկով[51]Բացիկը մեզի հասած չէ։, հիւանդ էի ամսից աւելի։ Այդ պատճառով, չէի կարող գրել ոչ մէկին։ Այժմ ինձ լաւ եմ զգում եւ երկու օրից գնում եմ Հռոմ մի քանի օրով։ Այս կղզում, յատկապէս ձմռանը, ապրում ենք շատ առանձնացած կեանքով, որի միակ հատուցումը մեր աշխատանքն է[52]Զարեան Իսկիա ապրած է կնոջ հետ։ Իրենց զաւակը՝ Յովան Զարեան ( Հռոմ կ՚ուսանէր։։ Երբեմն, մարդ զգում է կարիքը ինչ-որ տեղ գնալու։  Առհասարակ գնում ենք Նապոլի կամ Պոցցուոլի[53]Պոցցուոլի (Pozzuoli), Նափոլի քաղաքէն 14 քիլոմեթր դէպի արեւմուտք գտնուող համայնք մը, որ հարուստ է հռոմէական շրջանի … Continue reading, որտեղ, ի դէպ, գերազանց մի ճաշարան կայ ջրի ափին։ Յուսով եմ մի առիթով այնտեղ ճաշել ձեզ հետ եւ միասին խմել մի ընտիր գինի, որը կոչում են Graniano[54]Ճիշդը՝ Gragnano։ Նափոլի քաղաքէն 30 քիլոմեթր դէպի հարաւ գտնուող համայնք մը։։ Այդ վայրում, գիտէք, արտադրւել է հռչակաւոր Ֆալերնօ գինու տեսակը, որը համարւել է լաւագոյնը հռոմէացի էպիկուրների կողմից[55]Ֆալերնօ գինին նկարագրուած է Պլինիոս Աւագի, Վիրգիլիոսի եւ Որատիոսի կողմէ, ի շարս այլոց։։
    Այժմ, մեր կղզում ինչպէս եւ ամբողջ Իտալիայում, սպասում են ընդունել տասնեակ հազարաւոր տուրիստներ Սրբազան Տարւայ առիթով[56]Սրբազան Տարին (Anno Santo) յոբելինական տարի մըն է, որ կը հռչակուի Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ իբրեւ … Continue reading։ Այստեղ, Ֆորիոյում, սենեակների բոլոր տէրէրը յայտարարում են իրենց պայմանները քաղաքապետարանում։ Տնկում են ամէն տեսակի բոյսեր եւ ծառեր, այն յոյսով, որ իւրաքանչիւր տերեւ կը դառնայ Greenback ($)[57]Տոլարի թղթադրամներու համար գործածուած ժողովրդական անուն։։ Ուրեմն՝ մտածում եմ ձեր մասին։ Լաւ է, որ այժմ իսկ որոշէք երբ էք գալու, որպէսզի կարողանանք սենեակ ապահովել ժամանակից առաջ։ Կուզենայինք ճիշտ գաղափար ունենալ, քանի որ գարնան կարող է անցկացնենք մի ամսի չափ Փարիզում եւ պիտի չուզենայի զրկւել ձեր ներկայութիւնից[58]Դատելով Տառէլի հետագայ պատասխաններէն (Զարեան/Տառէլ, էջ 159-165), Զարեանի Փարիզ երթալու ծրագիրը իրականացած չէ։։ Ուրեմն՝ մեզ ասէք, թէ որ ամսին սպասենք ձեզ[59]Իր 30 յունուար 1950 պատասխանին մէջ, որ կը թուի, թէ արձագանգած է բացիկին, Տառէլ գրած է, թէ կը ծրագրէր Իսկիա այցելել … Continue reading։ Այնպէս մի տպաւորւէք, որ կեանքը աւելի թանկ է, քան այլ տեղերում, քանի որ հին բնակիչներ ենք եւ լաւ ծանօթ ենք ներքին բաներին։
    Ծանօ՞թ էք Պոմպէյին[60]Պոմպէյ (Pompeii), Նափոլիի մօտերը գտնուած հռոմէական նշանաւոր քաղաք, որ Վեսուվիոս հրաբուխի ժայթքումին պատճառով … Continue reading եւ Պեստումին[61]Պեստում (Paestum), հարաւային Իտալիոյ յունական քաղաք, որուն աւերակները նշանաւոր են լաւ պահպանուած են տորիական ոճի … Continue reading։ Երբ լինէք այստեղ, կարող ենք գնալ այնտեղ։ Յունական լաւագոյն տաճարները գտնւում են Պեստումում, եւ չեմ ճանաչում աւելի գեղեցիկ բան, քան Պոմպէյի խորհուրդների վիլլայի որմնանկարները[62]Villa dei Misteri (Խորհուրդներու Վիլլա), Պոմպէյի արուարձաններուն մէջ գտնուած վիլլա, որուն որմնանկարները հին … Continue reading։
    Դուք նկարագրել էք ձեր ճանապարհորդութիւնը Եուգոսլաւիայում մի այնպիսի ձեւով, որ ես միայն կարող եմ ափսոսալ, որ նման ռեժիմը փակում է ճամբորդութեան ամէն հնարաւորութիւն։ Յաճախ լսել եմ այդ շրջանի գեղեցկութեան մասին։
    Այդ ձեր գործը ժամանակ չի՞ թողնում գրականութեան համար։ Այս կղզին ձեզ շատ կյիշեցնի Կորֆուն, ինչպէս մեզ, եւ վստահ եմ, որ դուք կհաւանէք։
    Յուսալով շուտով ստանալ ձեր լուրերը,  լաւագոյն բարեւներով մեր երկուսի կողմից,

Սիրով՝

Կ. ԶԱՐԵԱՆ        

 

January 25, 1950
Forio d’Ischia, Italia

Dear Durrell:

    As I wrote you on a postcard, I was sick over a month. For that reason I couldn’t write to anyone. Now, I’m feeling alright and in two days I’m going to Rome for a few days. On this island, especially in winter, we live a very solitary life, our only compensation being our work. Now and then, one does feel the need of going elsewhere. We generally go to Naples or to Pozzuoli where there is, by the way, an excellent restaurant at the water’s edge. I hope sometime to eat there in your company, and to drink a fine wine together that they call “Graniano”. That’s the place, you know, where the famous Falerno vintage was produced, considered as it was, the very best by Roman epicures.   
    Now, on our island as all over Italy, they are expecting to receive tens of thousands of tourists brought by the “Anno Santo”. Here, at Forio, all room-owners are declaring their conditions at the City Hall. All kinds of plants and trees are being planted in the hope that every leaf put forth will be a “Greenback” ($). So I’m thinking of you. You’d better decide now when you’re coming, so we can engage rooms ahead of time. We’d like to have an accurate idea as we might spend month or so at Paris in the spring, and wouldn’t like to miss you. So tell us which month we expect you. Don’t get the impression that life is dearer than elsewhere, as we are old residents and know the ropes.
    Do you know Pompeii and Pestum? When you are here, we could make a trip there. The best of the Greek temples are at Pestum, and I know nothing more beautiful than the frescoes at the Villa of Mysteries at Pompeii.
    You described your trip through Jugoslavia in such a way that I could only feel regret that such a regime shuts down all possibility of travel. I’ve often heard of the beauty of that region.
    Does that job of yours leave you no time for literature? This island would remind you a lot of Corfu, as it does us, and I feel like you’d like it.
    Hoping to hear from you soon, with best regards from us both,

With love,
C. ZARIAN

ԿԱ. ՏԱՐԻ, 2022 ԹԻՒ 2

References
1 Վարդան Մատթէոսեան, «Կոստան Զարեանի նամակները «Երեք երգերու» առիթով», Հանդէս ամսօրեայ, 1-12, 1993, էջ 250, 252-253։
2 Վարդան Մատթէոսեան եւ Սեւան Տէյիրմէնճեան, «Կոստան Զարեան եւ Անդրանիկ Ծառուկեան», Բագին, 3, 2002, էջ 107-110։
3 Vartan Matiossian, “Kostan Zarian and Lawrence Durrell: A Correspondence”, Journal of the Society for Armenian Studies, vol. 8, 1995, էջ 75-101։
4 Վարդան Մատթէոսեան, «Կոստան Զարեանի եւ Սիմոն Վրացեանի նամակագրութենէն», Հայկազեան Հայագիտական հանդէս, հատոր ԻԹ., 2009, էջ 297-327։
5 Շնորհակալութիւն կը յայտնենք պրն. Յարութիւն Կիւլիւզեանին եւ արխիւատան վարիչ Հ. Վիգէն վրդ. Տալգլըճեանին իրենց օժանդակութեան համար։
6 Զարեան-Տառէլ, հատորը կազմեց եւ աշխատասիրեց Վարդան Մատթէոսեան, Մոնթրէալ, «Օշական» մատենաշար, 2022։ Հատորը կը պարունակէ Զարեանի Կղզին եւ մի մարդ վիպակի բնագիրը, Տառէլի Prospero’s Cellի հայերէն թարգմանութիւնը (Շաքէ Մելքոնեան-Տէր Մինասեան) եւ երկու գրագէտներուն հետ կապուած նիւթերու թղթածրարը։
7 Տե՛ս Բաբկէն Չուգասզեան, «Նորայայտ նամակներ», Սովետական գրականութիւն, մարտ 1973, էջ 147, ուր Զարեանի անունը ինկած է «բազում այլ անձինք»ի տակ։
8 «Կոստան Զարեան», Հայրենիք տարեգիրք տօնացոյց, երկրորդ տարի, 1944, էջ 236։
9 Վարդգէս Ահարոնեան, «Կոստան Զարեանը Նիւ Եորքում», Հայրենիք, 25 յունուար 1934, էջ 1։
10 Տե՛ս Անդրանիկ Ծառուկեան, Մեծերը եւ… միւսները, Պէյրութ, 1992, էջ 123-155։
11 Անդրանիկ Ծառուկեան, «Թագուհի Շահնազար», Նայիրի, 6 մարտ 1970, էջ 4։
12 Զարեան-Տառէլ, էջ 159-164, 168-174 (Իսկիա)։
13 Անդ, էջ 162։
14 Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բանասէր Արծուի Բախչինեանին, որ վերստուգեց մեր թարգմանութիւնը։
15 Նման սկզբունքի գործադրութիւնը անհրաժեշտ կը դարձնէ արեւմտահայերէնի թարգմանել արեւմտահայ գրողներու օտարալեզու գրութիւնները, ի տարբերութիւն խորհրդային շրջանի բանասէրներուն, որոնք, առանց յարգելու լեզուական տարբերութիւնը, մեզի կտակած են, ի շարս այլոց, արեւելահայերէն «գրուած» Դանիէլ Վարուժանի, Ռուբէն Սեւակի, Արշակ Չօպանեանի կամ Զապէլ Եսայեանի նամակներ կամ գրական գործեր։ Տե՛ս, օրինակ, Դանիէլ Վարուժան, Նամականի, Երեւան, 1965. Արեւմտահայ գրողներու նամականի, Երեւան, 1972.  Զապէլ Եսայեան, Նամակներ, Երեւան, 1977. Արշակ Չօպանեան, Նամականի, Երեւան, 1980. Դանիէլ Վարուժան, Երկերի լիակատար ժողովածու, հատոր 3, Երեւան, ՀՍՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, 1987։
16 Վենետիկի 18րդ երկամեայ ցուցահանդէսը (Biennale) տեղի ունեցած է 18 ապրիլէն մինչեւ 18 հոկտեմբեր 1932։
17 Ըստ “The Art News” հանդէսի 5 մարտ 1932ի թիւին, Փուշման մաս կը կազմէր ամերիկացի 12 ողջ նկարիչներու խումբին, ու հրաւիրուած էր մասնակցելու երկու նկարով («Ամերիկահայ կեանք», Հայաստանի կոչնակ, 26 մարտ 1932, էջ 363)։
18 Կոստան Զարեան, Երեք երգեր ասելու համար վիշտը երկրի եւ վիշտը երկնքի, Վիեննա, Մխիթարեան տպարան, 1931։
19 Տե՛ս Զարեանի 26 փետրուար, 20 ապրիլ, 12 սեպտեմբեր 1931 (երկու հատ), 10 փետրուար եւ 7 հոկտեմբեր 1932 նամակները Վիեննայի Մխիթարեաններուն (Մատթէոսեան, Կոստան Զարեանի նամակները, էջ 253-255)։
20 Նկատի ունի Նիւ Եորքի Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը՝ Հայաստանի Կոչնակի հրատարակիչը, որ ստանձնած էր գիրքին վաճառքը Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ծանուցումը տե՛ս Հայաստանի Կոչնակ, 25 ապրիլ 1931, էջ 515։
21 Վահէ Զարեան (1913-1985), Արմէն Զարեան (1914-1994) եւ Նուարդ Զարեան (1917-2005)։
22 Հայրենիք, Պոսթըն լոյս տեսած ամսագիր (1922-1968), ապա՝ եռամսեայ (1969-1970), որուն աշխատակցած է Զարեան 1926-1955ին։
23 Տե՛ս Ռուբէն Դարբինեանի 25 յուլիս, 29 սեպտեմբեր եւ 19 հոկտեմբեր 1932ի նամակները Կ. Զարեանին, ուր բացատրուած են պատուագինի ուշացման պատճառները (Վարդան Մատթէոսեան, «Նամականի Կոստան Զարեանի եւ Ռուբէն Դարբինեանի», Բազմավէպ, 1-4, 2003, էջ 246-248)։
24 Յուլիա Շալճեան-Փուշման (1874-1966)։
25 Հ. Յ. Դ. արխիւ, Սիմոն Վրացեանի գործ, թղթակալ SV, 103։
26 Նամակը գրուած է ի պատասխան Վրացեանի 22 յունիս 1943 նամակին (Մատթէոսեան, «Կոստան Զարեանի եւ Սիմոն Վրացեանի», էջ 305-309)։
27 Այսինքն՝ բոլշեւիկներու։
28 Այս նախադասութիւնը տպուած է հետեւեալ ձեւով. «Պարլամենտի եւ կառավարութեան նիստերը շարունակւում էին գիշեր եւ ցորեկ» (Կոստան Զարեան, Նաւը լերան վրայ, Պոսթըն, 1943, էջ 360)։
29 Նախադասութիւնը հանուած է տպուած բնագրէն։
30 Յովհաննէս Քաջազնունի (Իգիթխանեան, 1868-1938), ճարտարապետ, հանրային գործիչ։ Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան առաջին վարչապետ (1918-1919)։
31 Ալեքսանդր Խատիսեան (1874-1945), հանրային գործիչ։ Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան երկրորդ վարչապետ (1919-1920)։
32 Թովմաս Նազարբէկեան (1855-1931), զինուորական, Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան բանակի ընդհանուր հրամանատար։
33 Եուրի Ղամբարեան (1850-1926), իրաւագէտ, Երեւանի պետական համալսարանի առաջին տեսուչ (1919-1920)։
34 Սիմոն Վրացեանէն (նոր նախիջեւանցի) բացի, միւս չորս դէմքերը Թիֆլիս ծնած էին։
35 Ճակատագիր (լատիներէն)։
36 Անդրկովկասեան խորհրդարան, որ վարած է կարճատեւ Անդրկովկասի Դաշնակցային Հանրապետութիւնը (22 ապրիլ-26 մայիս 1918)։
37 Հերակլիտոս Եփեսացի (Ք.Ա. 544-484), յոյն փիլիսոփայ։
38 Նաւը լերան վրայ վէպի բնաբանը։ Հերակլիտոսէն հատուածներ պահպանուած են յոյն կենսագիր Դիոգինէս Լայերտացիի (Ք.Ե. Գ. դար) «Նշանաւոր փիլիսոփաներու կեանքը» գործին մէջ։ Հերակլիտոսի նուիրուած բաժնին մէջ յիշուած է (Գիրք Գ, պարբերութիւն 7). «Ան հետեւեալ տեսակէտները ունէր տիեզերական հարցերու մասին. ամէն ինչ բաղկացած է կրակէ եւ կը լուծուի կրակի մէջ, ամէն ինչ կը զուգադիպի ճակատագրին հետ եւ ամէն ինչ հակոտնեայի վերածելով հետեւողական դարձուած է, ամէն ինչ հոգիներով եւ աստուածային ոգիներով [daimones] լեցուած է» (Diogenes Laertius, Lives of Eminent Philosophers: An Edited Translation, edited and translated by Stephen White, Cambridge, 2020, p. 365)։
39 Պաթումէն մինչեւ Սեւանայ լիճ փոխադրուող նաւուն անունը Նաւը լերան վրայ մէջ։
40 Զարեան Վրաստան եւ Հայաստան այցելած է Հոկտեմբեր 1919ին՝ իբրեւ իտալական Secolo (Միլան), Il Nuovo Giornale (Ֆլորանս) եւ Il Messagero (Հռոմ) թերթերու թղթակից։
41 Ռուբէն Դարբինեան (1883-1968), քաղաքական գործիչ, խմբագիր։ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար (1919-1920), հետագային՝ Հայրենիք օրաթերթի ու ամսագրի երկարամեայ խմբագիր։
42 Ըստ Դարբինեանի յուշերուն, ինք դեկտեմբեր 1919ի սկիզբը Նովորոսիսկէն մեկնած է Պաթում՝ դէպի Երեւան ճանապարհին (Ռուբէն Դարբինեան, «Փոթոորիկի օրերուն», Հայրենիք ամսագիր, սեպտեմբեր 1948, էջ 38)։  Վրացական նաւահանգիստին մէջ, տեսնուած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան Թ. համաժողովէն (Երեւան, սեպտեմբեր-հոկտեմբեր 1919) վերադարձող կուսակցական ընկերներու հետ ու յատկապէս մէջբերած է Շաւարշ Միսաքեանի հետ ունեցած երկար խօսակցութինը (անդ, էջ 41-45)։ Սակայն, հոս հետք չկայ Զարեանի հետ հանդիպումի մը, որուն Կովկաս գտնուիլը այդ օրերուն յայտնի չէ։
43 Փեշակ (պարսկերէն pīša, pīše), արհեստ, զբաղում։
44 Արմենակ Ալիխանեան (1890-1977), բժիշկ, հանրային գործիչ։
45 Զարեանի երկրորդ կինը՝ ամերիկացի նկարչուհի Ֆրէնսիս Պրուքս-Զարեանը (1900-1963)։
46 Տե՛ս Կոստան Զարեան, «Ars poetica», Հայրենիք տարեգիրք տօնացոյց, երկրորդ տարի, 1944, էջ 55-58։ Տարեգիրքը Սիմոն Վրացեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած է 1943-1948ին, առաջին տարին իբրեւ տօնացոյց։
47 Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արխիւատուն, հաւաքածոյ 55, ցուցակ 1, թղթածրար 79։
48 Նկատի ունի Ծառուկեանի Նայիրի ամսագիրը, որ 1941-1949ին  լոյս տեսած է Հալէպի մէջ։
49 Տե՛ս Ծառուկեանի 26 յուլիս 1947 նամակը, ուր յայտնած էր, թէ թերթերը ղրկած էր Նիւ Եորք՝ Ս. Վրացեանի հասցէով, օրիորդի մը հետ (Ալիս Թիւյսիւզեան) (Մատթէոսեան եւ Տէյիրմէնճեան, «Կոստան Զարեան եւ Անդրանիկ Ծառուկեան», էջ 107)։
50 Special Collections, Morris Library, Southern Illinois University Carbondale, Collection 42 – Lawrence Durrell Papers, Box 1/Folder 6.
51 Բացիկը մեզի հասած չէ։
52 Զարեան Իսկիա ապրած է կնոջ հետ։ Իրենց զաւակը՝ Յովան Զարեան ( Հռոմ կ՚ուսանէր։
53 Պոցցուոլի (Pozzuoli), Նափոլի քաղաքէն 14 քիլոմեթր դէպի արեւմուտք գտնուող համայնք մը, որ հարուստ է հռոմէական շրջանի մնացորդներով։
54 Ճիշդը՝ Gragnano։ Նափոլի քաղաքէն 30 քիլոմեթր դէպի հարաւ գտնուող համայնք մը։
55 Ֆալերնօ գինին նկարագրուած է Պլինիոս Աւագի, Վիրգիլիոսի եւ Որատիոսի կողմէ, ի շարս այլոց։
56 Սրբազան Տարին (Anno Santo) յոբելինական տարի մըն է, որ կը հռչակուի Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ իբրեւ մեղքերու եւ անոնցմէ բխած պատիժներու թողութեան տարի։ Սովորաբար տեղի կ՚ունենայ իւրաքանչիւր 25 տարի։ 1950 թուականը Սրբազան Տարի հռչակուած էր Պիոս ԺԲ. Պապի կողմէ։
57 Տոլարի թղթադրամներու համար գործածուած ժողովրդական անուն։
58 Դատելով Տառէլի հետագայ պատասխաններէն (Զարեան/Տառէլ, էջ 159-165), Զարեանի Փարիզ երթալու ծրագիրը իրականացած չէ։
59 Իր 30 յունուար 1950 պատասխանին մէջ, որ կը թուի, թէ արձագանգած է բացիկին, Տառէլ գրած է, թէ կը ծրագրէր Իսկիա այցելել 6 յունիս-15 յուլիս 1950ին (Զարեան/Տառէլ, էջ 159)։
60 Պոմպէյ (Pompeii), Նափոլիի մօտերը գտնուած հռոմէական նշանաւոր քաղաք, որ Վեսուվիոս հրաբուխի ժայթքումին պատճառով լաւայի տակ թաղուած է Ք.Ե. 79 թուականին։ Յայտնաբերուած է 1909ին։
61 Պեստում (Paestum), հարաւային Իտալիոյ յունական քաղաք, որուն աւերակները նշանաւոր են լաւ պահպանուած են տորիական ոճի երեք տաճարներով (Ք.Ա. Զ.-Ե. դարեր)։
62 Villa dei Misteri (Խորհուրդներու Վիլլա), Պոմպէյի արուարձաններուն մէջ գտնուած վիլլա, որուն որմնանկարները հին հռոմէական նկարչութեան հազուագիւտ նմոյշներէն են։