Մարկ Նշանեան

ՆԻԿՈՂՈՍ ՍԱՐԱՖԵԱՆ.
ՍՓԻՒՌՔԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ

Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան հրատարակչութիւնը լոյս կ՚ընծայէր ատենօք «Գրական ցոլքեր» վերնագրուած շարքը։ Առաջին հատորը լոյս տեսած էր 1944ին (Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, Հայրունի), Հ. Կ. Քիպարեանի խմբագրութիւնը վայելելով։ Հինգերորդ թիւէն սկսեալ՝ խմբագիրն էր Հ. Մ. Ճանաշեան, ու այդպէս շարունակած է մինչեւ 1960։ Ունինք այսպէս Դանիէլ Վարուժանի, Միսաք Մեծարենցի, Երուանդ Օտեանի, Թումանեանի գործերէն հատընտիրներ, ունինք մինչեւ իսկ Գաբրիէլ Սունդուկեանի Պէպոն։ Բոլորը հարիւր էջը չանցնող գրքոյկներ են, ճաշակաւոր տեսքով, եւ բոլորին սկիզբը գրուած է հետեւեալ ծանուցումը. «Հրատարակութիւնը դպրոցական գործածութեան համար, պատրաստուած գրական եւ դաստիարակչական պահանջներու համաձայն»։ Ամէն մէկ հատոր ունի ի հարկէ վերջաւորութեան զետեղուած համապատասխան «Բառարան» մը, եւ սկիզբը՝ կարճ յառաջաբան մը։ Երեսուն տարուան ընդմիջումէ մը ետք, 1991ին, նոր կեանք յօժարուեցաւ այս շարքին, այս անգամ՝ Զուլալ Գազանճեանի պատասխանատուութեան տակ, նիւթերուն ընտրութեան եւ խմբագրական աշխատանքի ճամբով։ Հին հատորներէն ոմանք վերատպուեցան եւ 22րդ համարէն սկսեալ մէկ առ մէկ տպուեցան Գրիգոր Զօհրապի, Մատթէոս Զարիֆեանի, Համաստեղի, Աւետիս Ահարոնեանի, Յարութ Կոստանդեանի, Թլկատինցիի եւ այլոց գործերէն ընտրուած կտորներ։ Մինչեւ թիւ 43ը, լոյս տեսած 1996ին։ Այս շարքին համար է ուրեմն, որ նոյն թուականին՝ Զուլալը ինձմէ խնդրած էր չորս հատ յառաջաբան, Նիկողոս Սարաֆեանի, Ահարոնի, Եդուարդ Պօյաճեանի եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի անուններուն շուրջ նախատեսուած հատորներուն համար։ Գրեցի ու ղրկեցի զանոնք, առանց յստակ գաղափար մը ունենալու պահանջուածին մասին (դպրոցական գործածութիւն, դաստիարակչական նպատակներ)։ Երկուքը (Ծառուկեան եւ Պօյաճեան) լոյս տեսան 1998ին (աչքովս չեմ տեսած զանոնք)։ Ամէն պարագայի՝ Ահարոնի մասին գրածս յետոյ տպեցի Կամ հանդէսի 5րդ համարին մէջ (Ապրիլ հրատարակչութիւն, 2002)։ Սարաֆեանին նուիրուած յառաջաբանը կը մատուցեմ հոս, թեթեւ ընդլայնումներով ու գրուածքին աւուր պատշաճի տեսք մը տալու միտումով՝ նաեւ ընդարձակուած էջատակի ծանօթագրութիւններով։ 

1

 

ՆԻԿՈՂՈՍ ՍԱՐԱՖԵԱՆ ծնած է Վառնա 1902ին։ Առասպելը կ՚ըսէ՝ Պոլիսէն Վառնա գացող նաւուն վրայ։ Ծնողքը, ակնցի ծագումով, Պուլկարիա գաղթած էր 1896ին։ Իր մանկութիւնը անցուցած է Վառնա, հոն՝ ազգային վարժարանին աշակերտելով։ 1914ին՝ անցած է Ռումանիա, յետոյ՝ Ռուսիա, եղբօրը մօտ, եւ վերադարձած է Վառնա 1917ին, որմէ ետք երկու տարի յաճախած է ֆրանսական երկրորդական վարժարան մը։ 1919էն 1922, Պոլսոյ մէջ, յաճախած է Կեդրոնական վարժարանը եւ հոն է հաւանաբար, որ Յակոբ Օշականի եւ Վահան Թէքէեանի դրդումով ու քաջալերութեամբ՝ սկսած է գրականութեան հետ մտերմանալ։ Այդ շրջանին իր մէջ դրուած կայծը ամբողջ կեանք մը տեւած է, զինքը մղելով տեւական աշխատանքի։ 1922ին, քեմալական ուժերու առաջխաղացումի օրերուն, իր ընտանիքը (որ իրեն հետ Պոլիս անցած էր) վերստին Պուկարիա փոխադրուած է, եւ ինք տարի մը վերջ՝ եկած է Փարիզ, ուր ապրած է մինչեւ կեանքին վերջը, 1972ին։ 
    Այս է հակիրճ կենսագրութիւնը բանաաստեղծի մը, որ Սփիւռքի մեծագոյնն է ու հաւանաբար ալ մինչեւ այսօր՝ զանգուածներու ախորժակներէն ամենէն հեռուն մնացածը[1]Լայն գիծերով տրուած այս կենսագրութիւնը կը հետեւի Չափածոյ երկեր հատորի վերջաւորութեան գտնուող նշումներուն։ … Continue reading։ Բայց որքա՛ն քիչ բան կ՚ըսէ կենսագրութիւն մը։ Չ՚ըսեր տղուն երազները Սեւ ծովու եզերքին։ Չ՚ըսեր պատանիին սարսափները Ղրիմի եւ Պեսարապիոյ ճամբաներուն վրայ, պատերազմի տարիներուն։ Չ՚ըսեր ֆրանսական կրթութեան մը – թէկուզ կարճատեւ – ձգած հետքերուն խորութիւնը երիտասարդութեան սեմին։ Չ՚ըսեր մանաւանդ թէ ինչպէ՛ս պատահած է գրականութեան հետ իր ճակատագրական հանդիպումը Պոլսոյ տարիներուն եւ Յակոբ Օշականի հայրական ներգործութիւնը նոր կազմուող բանաստեղծին վրայ։ Չ՚ըսեր Սփիւռքի դանդաղ ծնունդը, 1923էն ետք, եւ Սարաֆեանին կեանք մը տեւած պայքարը, օտարութեան մէջ հայալեզու գրող մը ըլլալու որոշումը հիմնաւորելու համար ինքն իր աչքին։

Գրելը կերպարանափոխումի աշխատանքն է, ճամբայ կտրելու միակ ձեւը։ Կը մեկնի բնական ու սկզբնական կասկածէն, այդ ախտային երեւոյթէն, հասնելու համար նորէն կասկածին, բայց հիմա՝ նոր կերպարանք ստացած կասկածի մը, իբրեւ «իմաստութեան փորձաքար»։

    Սարաֆեան քսան տարեկան էր ուրեմն, կամ քիչ մը աւելի, երբ հասած է Փարիզ։ Հոն զանազան արհեստներու դիմելէ ետք, դարձած է վերջապէս գրաշար ֆրանսական հանրածանօթ թերթի մը նկուղներուն մէջ, այսինքն իր բառով՝ «բանուոր» մը, ինք որ բանաստեղծ ու մտաւորական մըն էր, մինչեւ ուղն ու ծուծը։ Ֆրանսայի գրական վերիվայրումներուն կը հետեւէր շատ մօտէն (մասնաւորաբար՝ գերիրապաշտութեան), նաեւ մտածումի աշխարհին (գոյութենապաշտ շարժումին, որ մեծ աղմուկ կը հանէր Ֆրանսայի մէջ այն տարիներուն, երբ բանաստեղծը իր իսկութիւնը կը փնտռէր տակաւին)։ Ֆրանսայի մէջ իմացական կեանքին այդ գլխաւոր երեւոյթներուն մասին գրած է յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ, պահելով միշտ իր ինքնուրոյնութիւնը, ոճական եւ մարդկային։
    «Կասկած»ը, որ իր մեծ թեմաներէն մէկը պիտի դառնար (իբրեւ այդ զարգացուած մանաւանդ «Վէնսէնի անտառը»ին մէջ, 1947ին[2]Վէնսէնի անտառը լոյս տեսած է 1947ին Նայիրի հանդէսին մէջ, Հալէպ։ Սարաֆեանի արտադրութեան գագաթնակէտերէն մէկը … Continue reading), այդ տարիներուն ծնած ըլլալու է իր մէջ, երբ Ֆրանսա ապրող այդ սերունդին տղաքը պէտք է համոզումներ կայացնէին, աշխարհի երեսին դիրք գրաւէին, եւ ուրեմն հաւատոյ հանգանակներ կազմէին, որպէսզի կարենային հաւատք տածել նաեւ իրենք իրենց նկատմամբ։ Սարաֆեանի այդ «կասկած»ը ուղղակի աշխատանքի մը արդիւնքն է, ողբերգական, ափյափոյ փնտռտուքի մը վերջին կայանն ու հանգրուանը։ Եւ ո՛չ թէ օրինակ բարեխառն սկեպտիկութիւն մը, կամ անտարբերութիւն մը գաղափարներուն հանդէպ։ Ահաւասիկ՝

Կասկածը։ Բազմահազար ամբերանոց ռատիոկրաֆի մը։ Սահմռկիչ թափանցում մը։ Կ՚իյնան պատրանքները միսերուն խորը, հոգիիս ծայրագոյն մասերուն մէջ։ Կը տեսնուի ոսկոր ու վէրք։ Կ՚երեւան բոլոր սնափառութիւնները։ Ու կ՚ըմբռնեմ, որ տարիք մը կայ, որմէ անդին ապրիլը ամենէն մեծ յանդգնութիւնն է[3]Վէնսէնի անտառը, էջ 20։։

Կը տեսնէի ազգերու պատմութեանց հէքիաթներուն, առասպելներուն պատրանքը։ Այն բոլորը, որ կը փայլին ծիածաններու պէս ժողովուրդներու գլխին։ Այն բոլորը՝ որ կրկնուած, տասնապատկուած են երեւակայութեան մը երկնքին մէջ, ապրելու, խանդավառուելու եւ հաւատալու համար գալիք մեծութեան մը[4]Վէնսէնի անտառը, էջ 26։։ 

Կասկածը՝ երկնքէն տրուած թոյն մը՝ չթունաւորուելու համար։ Ան կը չէզոքացնէ նոյնիսկ իր բերած թոյնը։ Յուսահատութեան մէջ, որուն կը յանձնէ ան մեզ՝ կու տայ մեզի այդ յուսահատութենէն կասկածելի զօրութիւն մը։… Կասկածը՝ մեր իմաստութեան աչքը։ Չարին ու բարիին ծնունդը։ Ծնած եմ անով ու աճած անով։ Կը կասկածէի սորված դասերէս։ Կը կասկածէի, որ շոգեկառքը որ պիտի մեկնէր կրնայ ճամբայ չելլել…։ Ի՜նչ կարծիք մարդոց մասին, որուն առաջին սերմերը եկան հէքիաթներէն՝ դեւերուն շունչով։ Յետոյ պատերազմներն ու յեղափոխութիւնը, իրենց ձգած դիակներով ու աւերակներով։ Յետոյ մեր ազգային պատմութիւնը։ Յետոյ՝ սէրը։ Ի՜նչ ճամբայ կտրած եմ անձկութեան մէջէն, կարենալ վերջապէս այդ ախտը դարձնելու համար իմաստութեան փորձաքար մը[5]Վէնսէնի անտառը, էջ 32։։

    «Ծնած եմ անով ու աճած անով», կ՚ըսէ Սարաֆեան։ Բնական տուեալ մը ըլլար կարծես, ծննդական վիճակ մը։ Բայց ամբողջ հատուածը ցոյց կու տայ, որ սկզբնական, բնական «կասկած»ը, բոլոր անձկութիւններուն աղբիւրը, եւ հաւանաբար ալ՝ գրողի կոչումին սկզբնավիճակը, պէտք է ենթարկուէր աշխատանքի մը, զայն կերպարափոխող, ձեւով մը՝ ազնուացնող, առանց զայն ջնջելու։ «Ի՜նչ ճամբայ կտրած եմ…»ը կրնար այս իմաստով Սարաֆեանի ամբողջ գործին բնաբանը հանդիսանալ։ Գրելը կերպարանափոխումի աշխատանքն է, ճամբայ կտրելու միակ ձեւը։ Կը մեկնի բնական ու սկզբնական կասկածէն, այդ ախտային երեւոյթէն, հասնելու համար նորէն կասկածին, բայց հիմա՝ նոր կերպարանք ստացած կասկածի մը, իբրեւ «իմաստութեան փորձաքար»։ Կրկնակի գոյն կը ստանայ այսպէս «կասկած»ի գաղափարը կամ փորձառութիւնը։ Կը դառնայ կրկնարժէք։ Սկիզբը՝ ախտ ու թոյն։ Եւ հետզհետէ աւելի՝ բարիք ու հակաթոյն։ Նոյն կէտին վրայ կեցած՝ արժէքի այս փոփոխութիւնը, ժխտականէն դրականի անցումը, շնորհիւ տեւական աշխատանքի մը, յառաջընթացի մը, Սարաֆեանի մեծ յատկանիշն է, իր նմանը չունեցող մեր մօտ։ Այդ ճանապարհին վրայ, եւ հո՛ն միայն, ախտը կրնար դառնալ փորձաքար, իմաստութեան աչք։ Այդ գործողութիւնն է, զոր Սարաֆեան կը կոչէ «գրաւում»։ Պէտք չէ կարծել որ ան տարիներու ամբարուած հասունութեան արդիւնքն է։ Սկիզբէն Սարաֆեան գիտէր որ ա՛յդ է իր էութիւնը եւ իր ճակատագիրը, ուրեմն՝ իր ծրագիրը։ Իր առաջին գիրքին մէջ՝ ունինք այսպէս Ղովտի կնոջ օրինակը. «— Պէտք չէ գանգատիլ, / Պէտք չէ ետ դառնալ, — / Հրեշտակը կ՚ըսէ — / Ձգածիդ դիմաց՝ / Եթէ չես ուզեր / Ճամբայիդ կէսէն / Քարանալ յանկարծ / Ղովտի կնոջ պէս»[6]Չափածոյ երկեր, էջ 14։ Այս տողերը կը պատկանին Սարաֆեանի առաջին հատորը (Անջեպետի մը գրաւումը, Փարիզ, 1928) բացող … Continue reading։ Գրելը՝ կերպարանափոխում է, կասկածին փոփոխումը, դրականացումը, կասկածին իսկ ուժերով։ (Գրելը հետեւաբար Սարաֆեանի պարագային՝ քմահաճ ներշնչումէ բխած արտադրութիւն չէ, այլ Փօլ Վալերին յիշեցնող տեւական, հանապազօրեայ ճգնումի մը մնացորդը։ Ամէն առտու, գործի մեկնելէ առաջ, աղօթելու պէս, կեանքին զարթնումը ողջունելու պէս, պատուհանին առջեւ, Վէնսէնի տան մութ սենեակը, աւելի ուշ ընդհակառակը՝ արուարձանային լայն համապատկեր մը իր առջին։ Այդ պատուհանին մասին է որ կը գրէ. «… զիս կը համարեմ աւելի ազատ իմ փղոսկրէ աշտարակիս մէջ, քան անոնց որ կ՚այպանեն այդ աշտարակը ու կ՚ապրին անկէ դուրս։ Զանոնք կը գտնեմ զերծ անհունութենէն, որուն հետ դէմ առ դէմ եմ միշտ երբ կ՚անցնիմ պատուհանիս առջեւ»)[7]Վէնսէնի անտառը, էջ 40։։

Տարագրութիւնը […] Սարաֆեանի համար տուեալ մը չէ, զոր պիտի հաստատէինք կամ մերժէինք։ Կասկածին նման, պէտք ունի ճանաչումի, գրաւումի, երկար ճանապարհի մը, մինչեւ անոր անկայուն ու անհաստատ իրականութիւնը։ Կասկածին նման՝ ախտ մըն է, չարիք մը, որ կը դառնայ սակայն «բարիք», «առաւելութիւն», պայմանաւ որ անոր ստանձնումը երթայ մինչեւ ծայրը։

    Կարելի է աւելցնել սակայն հիմա, որ կասկածը երբե՛ք «փորձաքար»ի պիտի չվերածուէր, եթէ չըլլար նաեւ տարագիրի, ուրեմն՝ օտարի ընտրուած, ընդունուած վիճակը։ Համոզումներ կազմելու, բանի մը հաւատալու մարդկային մղումը երբե՛ք այս ձեւով եւ այս տարողութեամբ խնդրոյ առարկայ պիտի չդարձուէր, եթէ չըլլար սփիւռքեան կենսափորձը։ Սարաֆեան ի հարկէ՝ մինակը չէր Ֆրանսայի մէջ, որ օտարի իր «ինքնութիւն»ը դարձնէր անդադրում վիճարկումի մը առարկան, որ ինքնութեան խաղերուն ու հակասութիւններուն հետ պայքարէր իբրեւ գրող։ Իրեն պէս՝ ամբողջ սերունդ մը, քսանական թուականներուն սկիզբը Փարիզ փոխադրուած, կը տարուբերուէր երազներուն եւ իրականութեան, երկրի եւ օտարութեան միջեւ, հինը վրայ տալու եւ նորը ընկալելու դժուար սահմանելի կեցուածքներուն միջեւ։ Այդ սերունդը խմբուեցաւ 1931ին Մենք անունով գրական հանդէսի մը շուրջ, որուն անունն իսկ ցոյց կու տայ որ այդ տղաքը հաւանաբար նոր փորձառութեան մը սեմին գտնուելու գիտակցութիւնն ունէին։ Աղէտին որդիներն էին, օտարութեան անձնատու եւ յանձնառու. պէտքը կը զգային իրենց հայրերուն տապալումը հասկնալու եւ իրենց դիրքին նորութիւնը բացայայտելու։ Կանգնած էին օտարութեան ծոցը։ Խուսափիլը հնարաւոր չէր։ Պէտք է խոստովանիլ սակայն, որ «Մենք» վերնագիրը անհուն հակասութիւն մը կը կրէր ինքն իր մէջ։ Արդեօք իրականութեան յուսահատ հերքո՞ւմն էր հանդէսի ճակտին փակած այդ բառը (հայութեան սփռումը նոր սկսած էր եւ պիտի սաստկանար, տարակոյս չունէին ատոր)։ Արդեօք սերունդի մը ինքնահաաստատո՞ւմն էր («մենք» ոչինչէն պիտի սկսինք, հոն ուր «դուք» ձախողեցաք, հին սերունդին ուղղուած պատգամ մը եւ պարսաւ մը)։ Զարմանալի հերքում, ծայրագոյն ինքնահաստատում։ Հանդէսի առաջին համարին մէջ, Սարաֆեան «Սերունդը» կոչուած յօդուած մը ունի, որուն մէջ կու տայ վերնագիրին ի՛ր մեկնաբանութիւնը.

Կոտրած ճիտով չմնալու համար միշտ, անհրաժեշտ եղան մասնաւոր խնամքներ, որոնք մեր օրէնքները պիտի դառնան։ Ցան ու ցիր այս սերունդը, աշխարհի չորս կողմերը, տուժեց իր կատարեալ գիտակցութեան եւ համեստութեան համար։ Մօտ, շատ մօտ եւրոպական քաղաքակրթութեան՝ ան զգաց ինքզինքը պարապ։ Ասիկա, այս փրկարար տագնապը, քաշքշուքի առիթ մը եղաւ սակայն, մեր տգիտութեան հերոսներուն համար, որոնք չունեցան ջիղ ու չունեցան նկարագիր՝ քաոսներէն դարձող, կոտրուած տղոց հանդէպ, որոնց պէտք էր ամէն բանէ առաջ ազգային ուղղութիւն մը եւ լուրջ դաստիարակութիւն[8]Սարաֆեան այս գրութիւնը կարելի է կարդալ այսօր Տեսարաններ, մարդիկ եւ ես վերնագրուած հատորին մէջ (Երեւան, … Continue reading։

    Ծանր ամբաստանութիւններ են ասոնք անցած սերունդներու հասցէին։ Բայց ամբաստանութենէն աւելի եւ առաջ՝ կայ «այլ ինքնութիւն» մը երեւան բերելու վստահութիւնը, կայ ինքնութեան մը գաղափարը հակասող «պայքար»ին յանձնառութիւնը։ Այո, ոմանք փորձեցին խուսափիլ անկէ, գործ չունենալ հինէն եկող, դաժան, անսպասելի այդ «անինքնութեան» հետ (բառը Գ. Պըլտեանինն է, որ փորձած է զանազան առիթներով երեսունական թուականներու սերունդին փորձառութիւնը կրկնել, պարփակել ու գրել արդիական մօտեցումով մը, անհրաժեշտ հեռաւորումով նաեւ, հոն ուր երեսունական թուականներու սերունդը ո՛չ մէկ հեռաւորութիւն ունէր պատահածին, յայտնուածին նկատմամբ)[9]Երբ այս տողերը կը գրուէին 1996ին, յղումս կ՚երթար Պըլտեանի Տրամ հատորին (Անթիլիաս, 1980) եւ մասնաւորաբար հոն … Continue reading։ Բայց եթէ շատերը խուսափեցան «պարապ»էն կամ ընկղմեցան անոր մէջ (բայց երկուքը իրարու կը հաւասարին), ուրիշներ փորձեցին զայն գրաւել, ինչպէս պիտի գրաւէին անջրպետի պարապութիւնը։ Սարաֆեանի առաջին հատորին (1928) վերնագիրն էր՝ Անջրպետի մը գրաւումը։

Անջրպետի մը գրաւումը […] Տեղ տեղ ապագայապաշտ երանգներով, այս գիրքը արդիական բանարուեստի մը բացման արարողութիւնն էր

    Կրկնակի դժուարութիւն ուրեմն, ու կրկնակի պարտականութիւն։ Պէտք է ընդունէին պատահածը, պէտք է խուզարկէին անինքնութեան անջեպետը։ Եւ այս ամբողջը լեզուին մէջ, լեզուով։ Իրե՛նց լեզուին մէջ։ Բան մը որ իրենց գործը եւ իրենց տագնապը արմատապէս պիտի զատորոշէր յաջորդ սերունդներուն մօտ եւ ուրիշ վայրերու մէջ զարգացող ինքնութեան տագնապներէն (կը խորհիմ Մայքըլ Արլէն Կրտսերին, որ լաւագոյն արտայայտիչն է այդպիսի տագնապի մը կարելի հանգամանքներուն, երբ ան չունի հաւաքական նկարագիր ու կը կատարուի լեզուի – սկզբնական լեզուի, հայրերու լեզուի, անապատային լեզուի – ստանձնումէն դուրս ու անկախ)։ Երեսունական թուականներու սերունդին համար՝ լեզուն ի հարկէ միակ հաւաքական անջրպետն էր, միակ հաւաքական տարածքը։ Տարբե՞ր է այսօր, 1996ին, երբ այս տողերը կը գրեմ։

Սարաֆեանի երկրորդ հատորն էր՝ Տասնչորս, փոքր ծաւալով գիրք մը, լոյս տեսած Փարիզ, 1933ին, ուր ֆրանսական յուլիս 14ի թեման (արիւնի եւ ազատութեան իւրայատուկ եւ անխուսափելի խառնուրդը) կ՚ընդլայնուի։ Բայց հեղինակին նորարար բանարուեստը իր գագաթնակէտին պիտի հասնէր 1939ին, պատերազմի հռչակումէն քանի մը ամիս առաջ, բանաստեղծական մեծ գիրքով մը, կոչուած Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն, որ Ի. դարու հայերէն լեզուով գրուած երեք կամ չորս կարեւոագոյն գիրքերէն մէկն է։

    Սարաֆեանի սփիւռքեան տարագրութիւնը՝ հեռացո՞ւմ մը հայրենիքէն։ Ճիշդ է, կենսագրութեան պատահականութիւններու բերմամբ՝ Սարաֆեան հայրենիքէն դուրս ծնած էր ու մանաւանդ՝ այն առաջին հայրենիքէն դուրս, որ էր լեզուն։ «Վէնսէնի անտառը»ի մէջ, յատկանշական յայտարարութեամբ մը, բանաստեղծը կը յայտնէ. «Ի՞նչ եմ ես, որ ծնայ քանի մը լեզուներու մէջ եւ որոնցմէ ո՛չ մէկը կրցայ հարազատ նկատել, եւ ո՛չ ալ մայրենի լեզուս, որուն վերադարձայ օտար դպրոցի մը մէջ օտարանալէ յետոյ»[10]Վէնսէնի անտառը, էջ 40։։ Բայց գործը (գրելը իբրեւ գործ, բայց նաեւ ասոր արդիւնքը, ձեռքբերումը իբրեւ արուեստ) հետզհետէ պիտի կերպարանափոխէր այդ պատահականութիւնները եւ զանոնք դարձնէր բանաստեղծին եւ մարդուն էութիւնը։ Չկայ բանաստեղծութիւն տարագրութենէն դուրս (իբրեւ վայր եւ իբեւ նիւթ)։ Ինչ որ կարելի է հասկնալ նաեւ, առանց յարակարծիքի, հակառակ ուղղութեամբ։ Սարաֆեանէն մէկ սերունդ ու հազիւ քսան տարի առաջ, 1909ին, Դանիէլ Վարուժան նամակի մը մէջ կը գրէր, խնդրական դարձնելով իր վերջին տարիներու գործը. «Հայրենիքը զմեզ խիստ հեռացուցած է մեր անձէն»։ Եթէ (ենթադրենք) Վարուժանի բանաստեղծական ծրագիրը հայրենիքի մը գրաւումն էր, երկու տասնամեակ ետք՝ Սարաֆեանի ծրագիրը պիտի ըլլար ուրեմն՝ տարագրութեան գրաւումը։ Պէտք չէ կարծել որ շատ հեռու են իրարմէ այդ երկու ծրագիրները։ Վարուժանէն սորվեցանք որ հայրենիքը միշտ բացակայ է։ Եթէ կայ, կա՛յ միայն իբրեւ չեղածին յիշատակը։ Շրջադարձի մը յանգակէտն է։ Բանաստեղծութիւնը կը յիշեցնէ գալիքը։ 

Սարաֆեանի բոլոր մեծակառոյց քերթուածները կը դրուին նոյն համաստեղական լոյսին ու նշանին տակ։ Կը պատմեն յառնումը լոյսին, եւ ճամբան, միշտ՝ ճամբան, խաւարէն դուրս, եւ այդ ձեւով՝ կեանքի մը իմաստաւորումը գործով։

    Տարագրութիւնը ուրեմն, ինչպէս կասկածը, Սարաֆեանի համար տուեալ մը չէ, զոր պիտի հաստատէինք կամ մերժէինք։ Կասկածին նման, պէտք ունի ճանաչումի, գրաւումի, երկար ճանապարհի մը, մինչեւ անոր անկայուն ու անհաստատ իրականութիւնը։ Կասկածին նման՝ ախտ մըն է, չարիք մը, որ կը դառնայ սակայն «բարիք», «առաւելութիւն», պայմանաւ որ անոր ստանձնումը երթայ մինչեւ ծայրը։ Այդ չէ՞ որ կը թելադրէր Սարաֆեան, երբ 1929ին Բալուեանի Զուարթնոցին մէջ կը գրէր արդէն իսկ. «Այս սերունդը պէտք է գիտնայ բացառիկ բախտը որ ազգային դժբախտութիւնը տուաւ իրեն՝ գաղթը», եւ քիչ մը անդին՝ «Մեր թրքահայ գրականութիւնը բնազդաբար բռնած է օտար ճամբաներ։ Մենք պէտք է տանինք այդ ճակատագիրը մինչեւ ծայրը»[11]Տե՛ս այսօր՝ Տեսարանները, մարդիկ եւ ես, էջ 21-22 եւ էջ 23։։ Տարագրութեան մասին ալ՝ Սարաֆեան կրնար գրել, ինչպէս գրած է կասկածին մասին. «Ի՜նչ ճամբայ կտրած եմ անձկութեան մէջէն, կարենալ վերջապէս այդ ախտը դարձնելու համար իմաստութեան փորձաքար մը»։ Այդ նոյն ճամբան է, որ կը կարդանք Սարաֆեանի մեծ քերթուածներուն մէջ, դէպի բաց, տարածուն վայր մը, դէպի Միջերկրական մը, վստահութեան հաստատ հողերուն միջեւ երերուն, փայլակնային, միշտ վերանորոգուած ու վերանորոգելի, լոյս մը, աղօտ, միջանկեալ մը, անորոշ ճակատագիրով ու օրինավիճակով։ Այդ տարագրութեան եւ այդ կասկածին անուններէն մէկն է՝ «Սփիւռք»։ Ինչպէս պիտի ըսէր նորէն Վէնսէնի անտառը, զարմանալի նախադասութեամբ մը (որ անտարակոյս՝ Սփիւռքի յատկանշումն է, բայց նաեւ վստահութեան ու համոզումի հաստատ հողերէն տարագրութիւն մը կը պատմէ). «Ահա՛ մեղքը անոր, որ ծնած է Սփիւռքի մէջ, կրօնքի վերջալոյսին եւ գիտութեան արշալոյսին միջեւ»[12]Վէնսէնի անտառը, էջ 40։։

2

    Ըսի որ Սարաֆեանի բանաստեղծական առաջին գիրքը, լոյս տեսած Փարիզ, 1928ին, կը կոչուէր Անջրպետի մը գրաւումը։ Տեղ տեղ ապագայապաշտ երանգներով, այս գիրքը արդիական բանարուեստի մը բացման արարողութիւնն էր, որ արձագանգ պիտի չգտնէր հայոց մօտ, ընթերցող եւ գրող, մինչեւ վաթսունական թուականները։ Քառասուն տարի պէտք էր, որպէսզի բանաստեղծական գործ մը տեղ ապահովէր ինքն իրեն համար ուղեղներուն մէջ, որպէսզի ունենար սիրահարներ, հասկցողներ, հետեւորդներ։ Մտահոգիչ ու սրտակեղեք բան մը կայ այդ հսկայ յապաղումին մէջ, որուն գիտակից էր անշուշտ հեղինակը։ Իր առանձնութիւնը, ուզուած եւ նոյնիսկ բացայայտուած («…իմ ամենէն անկեղծ արտայայտութիւնս, որ կը մնայ անըմբռնելի ու խորթ, չըլլալով մակերեսային խանդերու, տենչերու եւ դատումներու աշխարհէն»)[13]Անդ։, իրմէ չէր գար անպայման եւ առաջին հերթին։ Իր ժամանակակիցները պատրաստ չէին, որեւէ ձեւով, իրենց համոզումներու խնդրականացումը ստանձնելու, սփիւռքեան իրականութեան մէջ մտնելու, իրենց պատրանքները թօթափելու, կասկածի ու տարագրութեան լեզուն լսելու։ Այսօր, շնորհիւ վաթսունական թուականներուն երեւցած նոր գրողներու եւ մտաւորականներու սերունդին, շնորհիւ իրենց ուսումնասիրութիւններուն, իրենց ծանօթացման աշխատանքին, Սարաֆեան դադրած է ըլլալէ կատարեալ անծանօթի մը անունը։ Ողբերգական բան մը կայ սակայն այս յապաղած եւ կէս-բերան ճանաչումին մէջ, երբ գիտենք որ Սարաֆեան «մեր մէջ, հազուադէպօրէն իւրացուած իմաստով մը, ամբողջ ու ամբողջական գրողն է» (հաստատումը կը պատկանի կրկին՝ Գրիգոր Պըլտեանին, որ վերջին երեսուն տարիներուն՝ ջանք չխնայեց բանաստեղծին անունը եւ գործը տարածելու համար, վերանորոգ աշխատանքով մը՝ անոր նշանակութիւնը բացատրելով իր ժամանակակիցներուն)։ Ողբերգական յապաղում ուրեմն, որ սակայն շատ բան կ՚ըսէ Սփիւռքի մտային ու մտաւորական վիճակին մասին, իր ներկան չընդունելու, զայն յամառ հերքումի մը ենթարկելու ընդհանրացած կամեցողութեան մասին։ Տխուր, չափազանց տխուր երեւոյթ, զոր ընթերցողը պարտի ի մտի ունենալ, կարդալու ատեն այս քիչ կարդացուած բանաստեղծը։ Ի՞նչ բան կը հերքուէր այդտեղ ի վերջոյ, մեր գրականութեան պահակներուն ու պահապաններուն կողմէ, քննադատ, գրագէտ, ուսուցիչ, գրեթէ միշտ՝ Միջին Արեւելքի երջանիկ գաղութներուն մէջ քաղած իրենց հայեցի կրթութիւնը։ Կը հերքուէր անշուշտ սփռումին էականութիւնը, ոճ դարձած։ Կը հերքուէր քերթողական նորութիւնը, որ կրցած էր լեզուի մը մէջ արձանագրել անհանգրուան տուրք մը։ Կը հերքուէր յարաշարժ թաւալը, լինելութիւնը, դրուած Սարաֆեանի կողմէ Անջրպետի մը գրաւումը գրքին առաջին տողերուն մէջ, երբ Ղովտի կնոջ պատկերին ընդմէջէն՝ կը խօսէր ետեւ չնայելու անհրաժեշտութեան մասին, կամ երբ կ՚ըսէր զինք Միջերկրական փոխադրող շոգեկառքին անիւներուն մասին՝ «Ու անիւները, Գնդիկներ ուժգին՝ Որ կը սալարկեն, կը կազմեն դեռ զիս…»[14]Չափածոյ երկեր, էջ 15։։ Հոս կազմութիւնը, մարդուն, բանաստեղծին, շարժումին մէջ է, թաւալումին, անկեցութեան։ Ընթերցողը պիտի կարենայ այս բնանիւթերը (լինելութիւնը, ճամբորդութիւնը, տենչանքը իբրեւ հոսում, կեանքը իբրեւ յարատեւ կազմաւորում) իր հաշուոյն ընդարձակել, սեւեռել, պիտի կարենայ անոնց կազմած կարմիր թելին հետեւիլ։ Բայց կը կրկնեմ. պէտք չէ մոռնայ հերքումը, յամառ, ընդհանրացած, որուն հանդիպեցաւ եւ արժանացաւ այս գործը, պէտք է ինքն իրեն հարց տայ լռելեայն թէ ի՛նչ կը նշանակէ այսօր Սարաֆեան կարդալ, կարենալ կարդալ։ Այս հերքումին պատճառով է, որ ներկայացումիս սկիզբը դրի ձեռք բերուած «կասկած»ի եւ ստանձնուած «տարագրութեան» առանցքային թեմաներուն շուրջ երկար բացատրութիւն մը, թուելէ իսկ առաջ հեղինակին արտադրութիւնները։   

Ի՞նչ է աւանդութիւնը մեզի համար, եթէ փորձենք անոր մօտենալ ստեղծագործական հայեացքով մը։ Սարաֆեանի բանաստեղծութեան յարուցած խորագոյն հարցումներէն մէկն է հաւանաբար այս մէկը, որուն վերացական արծարծումը ապարդիւն պիտի ըլլար, եթէ չըլլար անկէ առաջ եւ անկէ ուժով՝ ստեղծելու, ամենէն անբանաստեղծական պայմաններուն մէջ ստեղծելու կամեցողութիւնը։

    Սարաֆեանի երկրորդ հատորն էր՝ Տասնչորս, փոքր ծաւալով գիրք մը, լոյս տեսած Փարիզ, 1933ին, ուր ֆրանսական յուլիս 14ի թեման (արիւնի եւ ազատութեան իւրայատուկ եւ անխուսափելի խառնուրդը) կ՚ընդլայնուի։ Բայց հեղինակին նորարար բանարուեստը իր գագաթնակէտին պիտի հասնէր 1939ին, պատերազմի հռչակումէն քանի մը ամիս առաջ, բանաստեղծական մեծ գիրքով մը, կոչուած Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն, որ Ի. դարու հայերէն լեզուով գրուած երեք կամ չորս կարեւոագոյն գիրքերէն մէկն է։ Ճամբորդութիւն դէպի Միջերկրական, դէպի ցանկութեան երերուն, պսպղուն, «հոսող ու անհիմ», ալեկոծ տարածքը, մանկութեան յիշատակներ ներկայի պատկերներուն հետ հիւսուած, լեզուական եզակի փայլ մը, արեւային երանգաւորում մը, որ հոս ալ՝ Փօլ Վալերիի բանաստեղծական լեզուն կը յիշեցնէ մերթ ընդ մերթ։ Այս ամբողջը իր դերն ունի անշուշտ գիրքին գործած հմայքին մէջ։ Հարկ կա՞յ յիշեցնելու որ հայ ու հայալեզու գրականութեան այս մեծ գիրքերէն մէկը 200 օրինակով միայն տպուեցաւ ժամանակին, որուն մէկ մասն ալ, բախտի ճակատագրային խաղով մը, տպագրական սխալի մը զոհը գացած էր, ու չէր պարունակեր կեդրոնական քերթուածը՝ հատորին իր անունը տուողը։ Ամբողջ քերթուածը, իր կրկնակի շարժումով, կ՚ըսէ ծնունդ մը խաւարէն դուրս, կ՚ըսէ ցանկութիւն մը նո՛ր ծնելու, եւ ըլլալու այդ տենչանքը կը հաւասարեցնէ թաւալող ճամբու յորձանքին.

«Հոգիս կ՚ուռի կուրծքիս տակ,
Արագութեամբ մ՚ամեհի,
Կալվանումով մը կ՚օծուի, մինչ
                               խաւարէն անյատակ,
Անըսպառ դուրս կը սահի՝
Ճերմակ փիւնիկ մեր առջեւ,
կեանքի բացուող լայն վանդակ»[15]Չափածոյ երկեր, էջ 84։
։

    Եւ այս տողերէն անմիջապէս ետք, բայց յաջորդ էջին վրայ, նրբակերտ արձագանգումով մը. «Նոր է, նոր, նոր, որ անհիմ / Այս հողերէն, թօթուելով մեր կեղծիքները բոլոր, / Այս քաոսէն նոր կը ծնիմ»[16]Չափածոյ երկեր, էջ 15։։ Եւ արժէ թերեւս կասկածի եւ տարագրութեան թեմաները պատկերալից կերպով շօշափող տողերը մէջբերել հոս ընդերկար, հոն ուր մտային ինքնակենսագրութեան մը փորձը կ՚առաջարկէ Սարաֆեան.

Թոյն, խաթարում էր ու ցաւ,
Օտար ու խորթ էր ինծի
հայրենական սէրն անգամ,
                 Որուն հոգիս փարեցաւ
Երբեմն խանդով մը յիմար։ Ինչո՞ւ
                   խաբել, ոչ մէկ կապ՝
Արեան, հողի։ Դողացին օր մը
    շրթներս՝ կեղծիքէն, պատկերին
    դէմ արնաքամ
                 Ու լռեցին։ Գաղթածին,
Տասը երկրի արեւով, պատկերներով,
                 ձայներով
Ես մեծցած մարդ՝ որ իր մօր 
    լեզուով հազիւ կը խօսի…[17]Չափածոյ երկեր, էջ 92։

    Հարկ կա՞յ բացատրելու։ Սարաֆեան այս երակը պիտի ընդլայնէր աւելի ուշ, իր բանաստեղծական արձակներուն մէջ։ Կը նկարագրուի նորէն անձնական ճամբայ մը, տարիներ տեւող պայքար մը ներքին, զանցելու համար քայքայումի բնազդները, ներքին սէզերը, ոտքերուն տակ երեւցող սողունները, կեանքին առջեւ ընկրկումները, գրելու անկարողութիւնը նաեւ, ըմբոստ մղումները, փափաքը՝ «Կուրցնելու ամէն աչք, փրցնելու ամէն սիրտ, / Ամէն լեզու, ամէն շէն / Ժպիտ ու երգ խեղդելու»[18]Չափածոյ երկեր, էջ 93։։ Եւ այդ ճամբուն վերջաւորութեան, այսօր, երբ յանձնուած եմ յորձանքին, «Բացուեր են լայն սակայն, իմ / Ահա աչքերը լոյսին։ / Լուսաւորուեր է ներքին ամէն աւեր ու շիրիմ, / Որ մեղմաբար կը սկըսին / Ահա գանձի մը փոխուիլ ու բոցերու ոխերիմ»[19]Անդ։։ Այս գանձը որ վերջապէս պիտի յայտնուի (նոյն գանձին մասին կը խօսէր 1928ի գիրքը արդէն իսկ, «Գնացքը» քերթուածին մէջ)[20]Չափածոյ երկեր, էջ 15։ «Ու անիւները… / Կը կազմեն դեռ զիս, / Մոնթէ-Քրիսթոյի / Բանտին պատին պէս՝ / Որուն ետեւէն / … Continue reading գործն է, գրական, այս մէկը ուր կ՚ըսուի փոփոխութիւնը դանդաղ։ «Աւեր ու շիրիմ» կը յղեն նաեւ Աղէտին, որ իր բաժինն ունէր խորտակելու մղումին մէջ։ Չեն մոռցուիր անոնք։ Բայց մինչեւ հիմա չէին ստանձնուած, կը գործէին անարգել, կը կատարէին իրենց ամլացուցիչ դերը։ Փիւնիկի պատկերը, որ կը յայտնուի երբեմն Սարաֆեանի գրչին տակ, թեթեւութեամբ պէտք չէ ընկալել հետեւաբար։ Քերթուածը վերջին հաշուով՝ լոյս մը կը ստեղծէ, բացատ մը անտառին մէջ, ուր նախկին աւերներն ու շիրիմները կը տեղաւորուին, կը լուսաւորուին։ Չեն անհետանար։ Բնոյթ կը փոխեն։ Բայց ի՜նչ երկար ճամբայ մը անհրաժեշտ էր կտրել, հոգեբանական, ստեղծաբանական, Յարութիւն Քիւրքճեանի բառով՝ գոյաստեղծական, հասնելու համար այդ լոյսին[21]Քիւրքճեանի այդ բառը փոխ առած էի ատենօք Չափածոյ երկերու մասին գրախօսականս խորագրելով «Գոյաստեղծ բանաստեղծ … Continue reading։ Սարաֆեանի բոլոր մեծակառոյց քերթուածները կը դրուին նոյն համաստեղական լոյսին ու նշանին տակ։ Կը պատմեն յառնումը լոյսին, եւ ճամբան, միշտ՝ ճամբան, խաւարէն դուրս, եւ այդ ձեւով՝ կեանքի մը իմաստաւորումը գործով։ Որուն յատակը տեւաբար կայ վախը, սարսափը՝ անիմաստութեան, չլուսաւորուած շիրիմներու յաղթանակին, մտքի անկարողութեան։

3

1927ի եւ 1934ի միջեւ, շրջանի մը երբ Սփիւռքի երկու մեծ սերունդները (մէկ կողմէ՝ Օշական, Զարեան, միւս կողմէ՝ Շահնուր, Որբունի, Զարդարեան եւ Փարիզի իրենց ընկերները) մրցումի ելած էին վէպի սեռին մէջ, Սարաֆեան ինքն ալ վիպական փորձերու անցած է, գիտակցելով հաւանաբար միեւնոյն ատեն՝ որ իր տաղանդը այդ կաղապարին չէր յարմարեր։ 1934ին լոյս տեսած է հատորով հրատարակուած իր միակ փորձը այդ մարզէն ներս, վերնագիր՝ Իշխանուհին։ Մամուլին մէջ մնացած են ուրիշ վէպեր ու վիպակներ, ինչպէս «Խարիսխէն հեռու» (Հայրենիք ամսագիր, 1933) եւ «Ղուկաս այպանելին» (Զուարթնոց, 1931)։ Հատորով լոյս տեսածին առանցքն է տոհմապղծական սէր մը, իրարու անծանօթ քրոջ մը ու եղբօր մը միջեւ։ Տեղը չէ հոս բացատրելու, թէ ինչո՛ւ Փարիզի սերունդին պատկանող գրողներուն վէպը իր նախասիրած թեմաներէն մէկը ըրած էր այդ օրինազանց կապերը (անշուշտ իրարմէ անկախ եւ ամենայն անգիտակցութեամբ)։ Բայց երեւոյթը գոնէ ցոյց կու տայ, թէ հակառակ իր վիպական արձակին ակնյայտ տկարութեան, Սարաֆեան կը բաժնէր Աղէտի ժառանգորդներուն բոլոր մտահոգութիւնները։  

Միջերկրականը […] ձեռք կ՚առնէ […] Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն […] ծովուն գաղտնի ցանկութիւնը, հաստատին եւ հոսունին միջեւ անորոշ սահմանագծումը, համոզումի ցամաքներուն ծայրը հասնիլը – եւ կը վերսստեղծէ լեզուական վայրն ու փայլը, լուսաւորութիւնը […]։

    Պատերազմի տարիներուն, հետզհետէ աւելի մեկուսացած կեանք մը կը վարէ Սարաֆեան, իրերու բերմամբ, ու իր մէջ կ՚աճի «ամլութեան» սարսափը, մեծագոյն չարիքը մէկու մը համար, որ իր կեանքի անքակտելի հէնքը դարձուցած էր գրելը եւ գրելով՝ աճիլը։ Արձակ կտոր մը կը վկայէ այդ մտասեւեռումէն («Լոյսի ցաւեր կամ Մեծն Տիգրան եւ ամլութեան սատանան»)։ Ան արձանագրուած է մանաւանդ այդ տարիներուն գրուած բանաստեղծական էջերէն ներս, որոնք յաւարտ պատերազմին՝ ամփոփուեցան Միջնաբերդ հատորին մէջ (Փարիզ, 1946)։ Այդ հատորին առիթով է, ի դէպ, որ Սարաֆեան վերստին կապ հաստատած է Յակոբ Օշականի հետ, որուն հետ սկզբնական յարաբերութիւնը, որդիական տեսակի, խզուած էր 1934ին Փարիզի սերունդին կողմէ արձակուած թունաւոր պարսաւներուն հետեւանքով։ Իր առաջին հատորներուն հետ բաղդատմամբ՝ շատ աւելի դասական բանարուեստ մը կը կիրարկէ հոս Սարաֆեան։ Զոհաբերութիւնն է գլխաւոր թեման այս գիրքին մէջ։ Բանաստեղծին ճակատագիրը կ՚ըսուի թռչնային պատկերներու ընդմէջէն, որոնք կը յիշեցնեն մերթ Պոտլեռեան ալպաթրոսը։ Կը տողանցեն այսպէս՝ հրահաւը, փիւնիկը, սմուռքը, ու նոյնիսկ նոճիները կ՚ունենան կտուցներ, «Զոհաբերում» կոչուած  քերթուածին մէջ. «Հաւալուսնի ծոցին պէս երկնքին մէջ արնածոր՝ / Սեւ նոճիները հակած՝ կըտուցն իրենց կը թաթխեն»[22]Չափածոյ երկեր, էջ 318։։ Այդ տարիներու յաճախանքը ամլութիւնն է ուրեմն եւ ատոր հետեւանքով է, որ Ֆաուսթեան տիպարի մը կը վերածուի բանաստեղծը։ Կարծես ստորագրուած պայմանագրութեան մը համաձայն, գրելը պիտի չըլլայ կարելի եթէ ինքը՝ գրողը իրմէ մաս մը չյանձնէ զինքը կրող տանող հրեշտակ-հրէշին, որ թռչունի կերպարանք հագած՝ կտուցով իրմէ կը խլէ իր արիւնը, իր միսը, իր կեանքն ու մահը։ Մարմինը (թէ հոգի՞ն) կարծես ծախած ըլլար սատանային։ Կամ այլ համեմատութեամբ մը՝ դարձած ըլլար նոր Պրոմէթէոս մը, աստուածներէն անիծուած իր մարդակերտ արարքին համար, հուրը գողցած ըլլալուն համար, եւ դատապարտուէր անվերջ՝ ագռաւներուն կերը դառնալու։ Եւ անկասկած այդ յաճախանքն է, որ կ՚արտայայտուի «Պրոմէթէոս» խորագրուած էջին մէջ.

Կիրճի մը մէջ բոցերու, ուրկէ
                        անգղեր կը նետուին,

Աստուած մը յաղթ ու գոռոզ,
                        դարերն ի վեր աքսորուած

Դատապարտեալ կը խռովի…[23]Չափածոյ երկեր, էջ 330։։

    Ըմբոստութեան արդի՞ւնք՝ այդ ճակատագիրը։ Բանաստեղծը դարձած է գերագոյն Օրինազանցը, աստուածներուն բարկութիւնը հրաւիրած է իր վրայ, եւ սակայն այդ ըմբոստութիւնը անհրաժեշտ էր մարդոց։ Բայց հիմա մեծ Օրինազանցը շղթայուած է, գերի մըն է, իր արարքին համար պէտք է վճարէ անվերջ, վճարէ «տուրք» մը, որմէ կ՚ըլլայ «ուժասպառ»։ «Գեղեցկութեան» փոխարէն տուրք պահանջողը կրկին այդ հրէշային թռչունն է, եւ «կը նըւաղի կիսամեռ՝ հռնդիւնով մը ցաւի՝ / Մարդն, որ հեծած զայն, անոր կեր իր միսերը կու տար»[24]Անդ։։
    Նոյն գիրքին մէջ սակայն, Պրոմէթէոսի ճակատագրին շուրջ յաճախանքի կողքին (ուր Սփիւռքի առանձնացած բանաստեղծին դառնութիւնը կ՚արտայայտուի նաեւ), կայ Սասունցի Դաւիթի աւանդավէպը ներկային մէջ բերելու եւ նորոգելու ճիգ մը։ Ետին հարցումով մը հաւանաբար, երբեք չարտայայտուած. Սփիւռքի առանձնութեան մէջ, ի՞նչ բան տակաւին կանգուն կը մնայ աւանդավէպէն։ Ի՞նչ է աւանդութիւնը մեզի համար, եթէ փորձենք անոր մօտենալ ստեղծագործական հայեացքով մը։ Սարաֆեանի բանաստեղծութեան յարուցած խորագոյն հարցումներէն մէկն է հաւանաբար այս մէկը, որուն վերացական արծարծումը ապարդիւն պիտի ըլլար, եթէ չըլլար անկէ առաջ եւ անկէ ուժով՝ ստեղծելու, ամենէն անբանաստեղծական պայմաններուն մէջ ստեղծելու կամեցողութիւնը։ Իտէալականացո՞ւմ մըն է անցեալի մը, որուն մէջ գուսանները ողջ էին տակաւին, ու աւանդավէպը՝ կենդանի։ Գուցէ՛։ Բայց այդ իտէալականացման ընդմէջէն՝ բանաստեղծական խօսքին իմաստն է, որ կը փնտռուի։ Սփիւռքի ծայրագոյն առանձնացումով՝ իմաստէ մը զրկուած ենք։ Պրոմէթէական հուրն է այդ իմաստը[25]Բայց պէտք չէ մոռնալ պարագայ մը եւս։ Ներգաղթի տարիներն են։ Այդտեղ է որ բանաստեղծը պէտք է որոշէ, պէտք է ընտրէ։ … Continue reading։
    Յայտնի է, որ շատ բարդ հարցադրութեան մը հետ գործ ունինք հոս։ Հարցադրութիւն մը, որուն անվերջ կրկնութեամբ՝ Սարաֆեան կը սպառէր բառացիօրէն։ Իր սփիւռքեան բանաստեղծի էութիւնը խնդրոյ առարկայ էր։ Բանաստեղծ Սփիւռքի մէջ։ Կայ անշուշտ վիպապաշտ՝ ռոմանթիք երանգ մը Պրոմէթէոսի կերպարին մէջ։ Բայց ռոմանթիքը երկրորդական կը դառնայ, անմիջապէս որ հասկնանք բուն գրաւարկը այդ տողերուն եւ այդ տարիներու ճգնումին։ Իմաստազրկութեան դէմ՝ իրապէ՛ս դիցական կռիւը։

Երբ կը կարդանք Սարաֆեան, տագնապներու Սփիւռքը մարմնաւորող, տարագրութիւնը ստանձնելու եւ արժեւորելու աշխատող բանաստեղծն է, որ կը դիմաւորենք։ Իր գործը կը փաստէ որ գրականութիւնը կրնար մշակուիլ, երկարաձգուիլ, վերստեղծուիլ Սփիւռք կոչուած անորոշ ու երկդիմի տարածութեան մէջ։ Կը կարդանք վերջապէս գրութիւնը որպէս տարագրութիւն։

    Միջնաբերդէն ետք, Սարաֆեան գիրք պիտի չհրատարակէր, մօտ 25 տարի, ամբողջ քառորդ դար մը։ Այդ իրողութեան դէմ յանդիման դրուած, ընթերցողը պատրա՞ստ է ընդունելու, թէ «ամլութեան» սարսափը ռոմանթիք բնանիւթ մը չէր, թէ Սփիւռքի իմաստազրկումը եւ պրոմէթէական հրագողութիւնը ամենախորունկ տագնապը կը մատնանշէին զոր կարելի է երեւակայել։ Լռութիւնը պիտի յաղթահարէր։ Խնդրոյ առարկայ էին այդտեղ ամբողջ ժողովուրդի մը մշակութային պայմանները, այսինքն՝ ճակատագիրը այս երկրագունդին վրայ։ Պատերազմէն ետք, Պէյրութը դարձած էր հայ Սփիւռքի մշակութային կեդրոնը եւ իր գերակշռութիւնը կը զգացնէր անխնայ, լռութեան մատնելով ինչ որ չէր համապատասխաներ իր հայեցակէտին։ Հայախօսութեան մայրաքաղաքն էր ցրուած հայութեան համար, եւ պատրաստ չէր ան ո՛չ մէկ ձեւով իւրացնելու, վերասեփականացնելու ինչ որ եղած էր Սփիւռքի գրողներու առաջին սերունդին, Փարիզի սերունդին, փորձառութիւնը։ Ներքին աւերներուն լուսաւորուելու անհրաժեշտութիւնը, ինքնութեան տագնապները, օտարութեան հետ անշրջանցելի հանդիպումը, ամլութեան սարսափները, իմաստազրկումի անէծքն ու բարիքը, պրոմէթէական հուրին յափշտակութիւնը, ասոնք՝ անոր (խորհրդանշական կամ իրական Պէյրութին) խելապատակէն վեր բաներ էին։ Հաւանաբար՝ անընդունելի։ Աւերները զանցուած էին, գոնէ այդպէս պէտք է ենթադրել, ինքնութիւնները՝ հաստատ, օտարը՝ մեզմէ դուրս ու անդին, եւ ի՞նչ էր ի վերջոյ «իմաստ»ը, որպէսզի իմաստազրկումի սարսափներով ու յաճախանքով ապրէինք։ Սարաֆեանի ընթերցողը այսօր մենաշնորհեալ մը պէտք է նկատէ ինքզինք եւ կրնայ շատ դիւրութեամբ մոռնալ այս ամբողջը։ Կրնայ մոռնալ այս կատարեալ մերժումը, որուն վրայ հիմնուած էր պէյրութեան ինքնահաստատ գերակշռութիւնը։ Լռութիւն մը։ Սարաֆեան ինք կ՚ապրէր, ապրած էր միշտ, այդ լռութեան կիզակէտին, հիմա՝ ա՛լ աւելի ցնցիչ։ Հրապարակէն քաշուիլը ունէր սակայն ուրիշ յարակից պատճառներ։ Փարիզի մէջ ոչի՛նչ մնացած էր գրական խմբակներէն, մտաւորական թոհուբոհէն, նախապատերազմեան կիրքերէն։ Ու կարելի՞ է մոռնալ, որ Հայաստանն ալ (այն ատեն՝ իր սովետական հանգամանքով, բայց յետ-սովետականն ալ շատ տարբեր չէ) միշտ յամառ կերպով անթափանց մնացած է Սփիւռքի մեծ գրողներուն, որոնց գիրքերը երբեք մուտք չեն գործած երկրէն ներս։ Սարաֆեանի 1929ի խօսքերով՝ «Բայց Հայաստանը կ՚ուշանայ ու մեր աչքերը կը պղտորին զայն երազելէն»[26]Տեսարանները, մարդիկ եւ ես, էջ 21։։
    1970ին է միայն, որ լոյս տեսաւ նոր քերթողագիրք մը, Միջերկրական վերնագիրով, այս անգամ՝ Պէյրութ, շնորհիւ հոն լոյս տեսնող Ահեկան հանդէսի շրջանակէն բխող նախաձեռնութեան ու ջանքերուն։ Ինչ որ ըսի վերը Պէյրութի մասին բնական է՝ ունի նաեւ իր հակադարձ ճշմարտութիւնը։ Եթէ չըլլար հայախօս համայնքի մը համալրուած գոյութիւնը, իր մշակոյթը եւ իր հերոսացուած կերպարները փոխանցելու եւ պարտադրելու կարողութեամբ օժտուած, եթէ չըլլար Լիբանանէն սերած գրողներու վերջին սերունդը, Ահեկանի շուրջ խմբուած, հաւանական է որ Սարաֆեանի գործը պիտի մնար դեռ երկար ատեն՝ մեռեալ տառ։ Պէյրութի երիտասարդ սերունդը, վաթսունական թուականներու վերջաւորութեան, այս հեղինակին մօտ կը գտնէր աշխարհին հետ հաղորդակից մտածում մը, որ իր մէջ կը կրէր Սփիւռքի բոլոր հակասութիւնները, հարցադրութիւնները, տագնապները։ Հոն կը կարդային վերջապէս տարագրութեան անջրպետին գրաւումը, որ իրենց ալ վիճակուած պարտքն ու բախտը պիտի հանդիսանար, իրե՛նց հաշուոյն։ Սարաֆեանը կը տեսնէին իբրեւ հրաշալի նախակարապետ մը, այն մէկը (միակը) որ գիտցած էր քալել հաստատ քայլով մը՝ արեւմտեան աշխարհին դէմ յանդիման, իր լեզուին մէջ դէմ դէմի գալ Արեւմուտքին հետ, այն մէկը վերջապէս՝ որ արեւմտահայերէնը կրցած էր բոլորին կոխած ճամբաներէն դուրս բերել, զայն հասցնել կիզման կէտին։
    Միջերկրականը վերջին անգամ ըլլալով ձեռք կ՚առնէ այսպէս Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն հատորին թեմաները – ծովուն գաղտնի ցանկութիւնը, հաստատին եւ հոսունին միջեւ անորոշ սահմանագծումը, համոզումի ցամաքներուն ծայրը հասնիլը – եւ կը վերսստեղծէ լեզուական վայրն ու փայլը, լուսաւորութիւնը, որ կը յատկանշէր 1939ի գիրքը։ Սարաֆեանի կենդանութեան տպուած վերջին հատորը պիտի ըլլար այս մէկը։ Որուն սկիզբն իսկ՝ ամբողջ գործին բնաբանը դրուած է, եւ այդ բնաբանը կ՚ըսէ. միջերկիրը որպէս երկիր։ Ահաւասի՛կ.

Ափ է օտար, անծանօթ, ծանօթ՝ սակայն,
                                           ծանօթ ծով.

Միջերկրական, Արեւելք՝ Արեւմուտքի մէջ,
                                            Երկիր…

Եւ մանկութեան աշխարհիս
                                             նըման ժայռեր են կարմիր,

Այդ աշխարհիս ջուրերուն նըման
                                              ծովն է կոծով[27]Չափածոյ երկեր, էջ 371։։

    Սարաֆեան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, բայց մասնաւորաբար 1946էն ետք, բազմաթիւ արձակ էջեր գրած է, վիպական սեռէն դուրս, յօդուած եւ գրական հատուած միեւնոյն ատեն, Ֆրանսա եւ Միջին Արեւելք լոյս տեսնող թերթերուն մէջ, եւ ի միջի այլոց՝ Փարիզի Յառաջին։ Իր ժամանակաշրջանը հանդէսի վերածող մտաւորականի եւ սպասման վիճակի մէջ գտնուող բանաստեղծի մը գործերն են ասոնք։ Գրած է նաեւ լայնածաւալ արձակներ, որոնք կը շարունակեն արեւմտահայոց բանաստեղծական արձակի աւանդութիւնը, խառնելով իրենց մէջ կենսագրական հաշուեյարդարը եւ հաշուետուութիւնը, Հայոց ճակատագրին շուրջ խորհրդածութիւնները, տարագիր բանաստեղծին ոճը, պատկերներու հրաշալի ցայտքը։ Այս արձակներու շարքին առաջինն է՝ «Վէնսէնի անտառը», որուն մասին հոս քանիցս խօսուեցաւ, տպուած 1947ին Ծառուկեանի Նայիրի թերթին մէջ։ Այդ գրութեան մէջ է, որ երեւան կու գայ թերեւս ամենացայտուն կերպով՝ Սարաֆեանի մեծութիւնը, քսաներորդ դարու մարդ մը ըլլալը, իր ամբողջ խորութեամբ ու բազմազանութեամբ։ Արեւմտահայերէնի գագաթնակէտերէն մէկն է։  
    Երբ կը կարդանք Սարաֆեան, տագնապներու Սփիւռքը մարմնաւորող, տարագրութիւնը ստանձնելու եւ արժեւորելու աշխատող բանաստեղծն է, որ կը դիմաւորենք։ Իր գործը կը փաստէ որ գրականութիւնը կրնար մշակուիլ, երկարաձգուիլ, վերստեղծուիլ Սփիւռք կոչուած անորոշ ու երկդիմի տարածութեան մէջ։ Կը կարդանք վերջապէս գրութիւնը որպէս տարագրութիւն։

ԿԱ. ՏԱՐԻ, 2022 ԹԻՒ 2

References
1 Լայն գիծերով տրուած այս կենսագրութիւնը կը հետեւի Չափածոյ երկեր հատորի վերջաւորութեան գտնուող նշումներուն։ Հատորը կը հաւաքէ Սարաֆեանի ամբողջ քերթողական արտադրութիւնը։ Լոյս տեսած է Անթիլիաս, 1982ին, Յարութիւն Քիւրքճեանի խմբագրութեամբ ու իր ձեռքով գրուած երկարաշունչ եւ հանգամանալից վերջաբանով մը (էջ 475-507)։ Այս հատորին հրատարակութեան առիթով՝ ատենօք գրած էի յօդուած մը, լոյս տեսած Փարիզի Յառաջ թերթի «Միտք եւ Արուեստ» յաւելուածին մէջ, Մայիս 1984ին։ Տե՛ս նաեւ Ալեքսանդր Թոփչեանի խմբագրութեամբ Հայաստանի մէջ լոյս տեսած ժողովածուն, Երկեր վերնագրով, Երեւան, 1988, որ կը պարունակէ չափածոյ արտադրութեան մեծ մասը, 1947ի Վէնսէնի անտառը եւ քանի մը ուրիշ արձակ էջեր։
2 Վէնսէնի անտառը լոյս տեսած է 1947ին Նայիրի հանդէսին մէջ, Հալէպ։ Սարաֆեանի արտադրութեան գագաթնակէտերէն մէկը հանդիսացող այս բանաստեղծական արձակը, որ խորհրդածութիւն մըն է ու միաժամանակ՝ կեանքի մը վերաքաղը, տրամադրելի է հատորով, նոյն անունը կրող, լոյս տեսած Փարիզ, 1988ին, Գ. Պըլտեանի խմբագրութեամբ (Մատենաշար ԱՐԴ, թիւ 1)։ 1947էն մինչեւ 1954 Փարիզի Արեւմտուք եւ Յառաջ թերթերուն մէջ լոյս տեսած շարք մը յօդուածներէ ու գրական արձակներէ զատ, հատորը կը պարունակէ Մշուշին մէջը (որուն վրայ Սարաֆեան կ՚աշխատէր կեանքին վերջին տարիներուն, զայն հասկնալով իբրեւ Վէնսէնի անտառըին շարունակութիւնն ու ամբողջացումը) եւ յարակից անտիպներ, խմբագրական ծանօթագրութիւններու ճոխ բաժինով մը։
3 Վէնսէնի անտառը, էջ 20։
4 Վէնսէնի անտառը, էջ 26։
5 Վէնսէնի անտառը, էջ 32։
6 Չափածոյ երկեր, էջ 14։ Այս տողերը կը պատկանին Սարաֆեանի առաջին հատորը (Անջեպետի մը գրաւումը, Փարիզ, 1928) բացող քերթուածին, վերնագիր՝ «Գնացքը»։
7, 10, 12 Վէնսէնի անտառը, էջ 40։
8 Սարաֆեան այս գրութիւնը կարելի է կարդալ այսօր Տեսարաններ, մարդիկ եւ ես վերնագրուած հատորին մէջ (Երեւան, մատենաշար «Երկ», 1994, Գրիգոր Պըլտեանի խմբագրութեամբ եւ յառաջաբանով, էջ 24-27)։ Հատորը, ըլլալով հանդերձ ձախող հրատարակութիւն մը, տպագրական անփառունակ երեւոյթին պատճառով, հսկայ արժանիքն ունի Սարաֆեանի մամուլին մէջ ցրուած յօդուածներուն ու հրապարակային ելոյթներուն մէկ կարեւոր մասը համախմբելու։ Քանի մը տարի ետքը լոյս տեսաւ Լոյսի ցաւեր վերնագրով ուրիշ հատոր մը («Մաշթոց» մատենաշար, թիւ Ե, Փարիզ-Անթիլիաս, 2000, խմբագրական եւ հրատարակչական կազմ՝ Գառն, Մարուշ, Իշխան), որ քով քովի կը դնէ նախորդ շարքէն դուրս մնացած եւ «Վէնսէնի անտառը»ի շունչով գրուած աւելի երկար կտորներ («Միջերկրականը եւ Հայը», «Լոյսի ցաւեր, կամ՝ Մեծն Տիգրան եւ ամլութեան սատանան», «Էքս-լէ-Պէնի մէջ», երեքն ալ քաղուած գրականութեան եւ արուեստի պարբերական՝ Ակօսի էջերէն։
9 Երբ այս տողերը կը գրուէին 1996ին, յղումս կ՚երթար Պըլտեանի Տրամ հատորին (Անթիլիաս, 1980) եւ մասնաւորաբար հոն պարփակուած «Ն. Սարաֆեան եւ լեզուի գրաւումը» ուսումնասիրութեան, էջ 357-416։ Բայց այսօր ունինք նոյն հեղինակէն Սարաֆեանին նուիրուած էջերը իր Ֆրանսահայ գրականութիւն, 1922-1972, Նոյնէն այլը հատորին մէջ (Երեւան, Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆո, 2017), որ հայերէն յեղումն է Krikor Beledian, Cinquante ans de littérature arménienne en France. Du même à l’autre գիրքին (Paris, CNRS Editions, 2001)։ Հայերէն տարբերակին մէջ՝ տե՛ս մանաւանդ էջ 115-129 (Անջրպետի մը գրաւումը) եւ էջ 580-592 (Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն)։ Ուրիշ էջեր յատկացուած են Սարաֆեանի վիպական արտադրութեան, մասնաւորաբար Իշխանուհին վէպին (էջ 436-450)։
11 Տե՛ս այսօր՝ Տեսարանները, մարդիկ եւ ես, էջ 21-22 եւ էջ 23։
13, 19 Անդ։
14, 16 Չափածոյ երկեր, էջ 15։
15 Չափածոյ երկեր, էջ 84։
17 Չափածոյ երկեր, էջ 92։
18 Չափածոյ երկեր, էջ 93։
20 Չափածոյ երկեր, էջ 15։ «Ու անիւները… / Կը կազմեն դեռ զիս, / Մոնթէ-Քրիսթոյի / Բանտին պատին պէս՝ / Որուն ետեւէն / Դառնութեան մը հետ / Գանձ մը կը խօսի»։
21 Քիւրքճեանի այդ բառը փոխ առած էի ատենօք Չափածոյ երկերու մասին գրախօսականս խորագրելով «Գոյաստեղծ բանաստեղծ մը»։
22 Չափածոյ երկեր, էջ 318։
23 Չափածոյ երկեր, էջ 330։
24 Անդ։
25 Բայց պէտք չէ մոռնալ պարագայ մը եւս։ Ներգաղթի տարիներն են։ Այդտեղ է որ բանաստեղծը պէտք է որոշէ, պէտք է ընտրէ։ Կ՚ընտրէ տարագրութիւնը։ Կ՚ընտրէ ամլութիւնը։ Ու նոյն այդ տարիներուն է, որ մտաւորականները մեռցնելէ կամ աքսորելէ ետք, Հայաստան կոչուած սովետական հանրապետութիւնը կ՚որոշէ ոչինչէն մէջտեղ հանել Սասունցի Դաւիթի «համահաւաք» տարբերակ մը, որ անխուսափելիօրէն պիտի ըլլար «ազգային» տարբերակ մը (անշուշտ Մոսկուայի եւ անոր սովետահայ ոճրագործ մանկլաւիկներուն հասկցուած իմաստով՝ «ազգային»)։ Այդ ազգայնութիւնն է, որ կը մերժուի Սարաֆեանին կողմէ։ Կը մերժուի նախ տարագրութեան ընտրութեամբ։ Ու կը մերժուի երկրորդ անգամ մը ձեռք առնելով նոյն Սասուցի Դաւիթը, որպէսզի չմնայ ազգայնացումի ոճրագործներուն ձեռքը։ Այս մասին՝ տե՛ս ի միջի այլոց իմ Le Deuil de la philologie (Ժընեւ, MétisPresse, 2007) գիրքիս մէջ ըսուածը, էջ 87-89 (անգլերէն՝ Mourning Philology, Նիւ Եորք, Fordham University Press, 2014, Ճէֆ Կօշկարեանի թարգմանութեամբ, էջ 59-60 եւ 339)։ Համահաւաք եւ սովետականացած-ազգայնացած տարբերակը պատրաստելու պարտականութիւնը տրուած էր ի միջի այլոց Մանուկ Աբեղեանին։ Կարելի է կարդալ ծրագիրին արդարացումը Աբեղեանի բերնէն սղագրուած ու արտագրուած, Երկեր, հատոր Ը., Երեւան, 1985, էջ 637-648։ Պէտք է յիշեցնել որ այդ «համահաւաք բնագիր»ը նաեւ ամբողջութեամբ գիծ կը քաշէր արեւմտահայերէնին եւ ուրեմն այդ շրջանին յստակօրէն՝ Սփիւռքին վրայ։ Ազգայնացումը պետական արարք մըն է։ Պիտի ըլլար արեւելահայերէնով, մինչդեռ տասնամեակներու ընթացքին հաւաքուած տարբերակներուն մէկ կարեւոր մասը արեւմտահայերէնի բարբառներով խօսուած էին։ 1947ին, Կարօ Սասունիի խմբագրութեամբ լոյս կը տեսնէր արեւմտահայերէն տարբերակ մը, հայաստանեան «համահաւաք»էն անկախ։ Այս հարցերուն շուրջ՝ տե՛ս նաեւ Հրաչ Բայադեանի գիրքը, Երեւակայելով անցեալը, Խորհրդահայ արդիականութեան պատումներ (Երեւան, հեղինակային հրատարակութիւն, 2020), եւ հոն մասնաւորաբար 3րդ գլուխը՝ «Սասունցի Դաւիթը Երեւանում. ժողովրդական վէպի տեղափոխութիւնները»։
26 Տեսարանները, մարդիկ եւ ես, էջ 21։
27 Չափածոյ երկեր, էջ 371։