Յարութիւն Քիւրքճեան

ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԳԻՇԵՐ

ՅԱՂԱԳՍ ԱԼԲԵՐՏ ՄՈՒՇԵՂԵԱՆԻ ԵՒ ԽՈՐԵՆԱՑԻ ՊԱՏՄԱՀՕՐ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ այցերէս մէկն էր, կը յիշեմ, հաւանօրէն 2010, յուլիսի ահաւոր տօթ կէսօր մը: Գացած էի հանդիպելու երեւանեան իմ սակաւաթիւ ծանօթութիւններէս՝ Վլատիմիր Բարխուդարեանին, Ակադեմիայի իր գրասենեակը: Զրոյ­ցը, հանդարտ եւ ջերմ միանգամայն, ինչպէս էր ինքը՝ այժմ հանգուցեալ հիւրընկալս, տեւեց բաւական երկար: Ոգեկոչեցինք առաւելաբար վենետիկեան օ­րեր, որ անցուցած է ինք միասինծանօթացումով եւ անկաշկանդ զրոյցով: Տպաւորած էր իր զուսպ, խաղաղ, ճենթըլմէն վարքովվարմունքով, ո՛չ այնքան յաճախակի՝ գոնէ իմ «հայրենի փորձառութիւններուս» սահմաններուն մէջ:
    Երբ կը պատրաստուէի մեկնելու, Բարխուդարեան դարձաւ ետին, եւ ցած դարանէ մը վերցնելով գրասեղանին դրաւ քանի մը հատորներ: Մէկը իր հեղինակութիւնն էր՝ «Հայկական գաղթավայրերը». երկրորդը՝ փառակազմ ժողովածուն հնգամեակ մը առաջ նշուած հայկական այբուբենի ստեղծման հազար հինգհարիւրամեակի գիտաժողովի նիւթերուն: Գրիչը վերցուց, ձօնագրեց զանոնք, ու երկարեց ինծի: Ապա, մինչ կը ձօնագրէր երրորդ հատոր մը, տիտղոսաթերթին վրայ նկատեցի հեղինակի անուն մը՝ «Ալբերտ Մուշեղեան». եւ գիրքին խորագիրին քով իրեն՝ Բարխուդարեանին ուղղուած ձօնագրում: Վարանեցայ. «Պարոն Բարխուդարեան,— ըսի,— այս մէկը ձերն է, ձեզի է ձօնագրուած»: Բարեմտօրէն խնդաց. գրասեղանին անկիւնը՝ մատնանիշ ըրաւ նոյն հատորէն երկրորդ օրի­նակ մը. «ՈչինչԵս երկուսն եմ ստացել»: Եւ՝ «Կարդացէ՛ք, կարդացէ՛ք անպայման…» աւելցուց:
    Երեք հատորները անութիս՝ բաժնուեցայ բարեկամէս: Եւ հետեւող երեկոն, շրջագայութիւններէս դարձիս, ուզեցի աչք մը նետել անոնց: Գիտաժողովի ժողովածուն, իր ճոխութեամբը շլացուցիչ, արդէն տարհամոզեց անմիջական խորասուզումի փորձէ. յարմար «պատառ» էր՝ տուն դարձէ ետք՝ շաբաթ մը լուռ ու հանդարտ կեդրոնացումի: Անցայ ինծի անծանօթ Ալբերտ Մուշեղեանը հեղինակ ունեցող հատորին՝ «Մովսէս Խորենացու դարը»:
    Խորագիրը եւ Խորենացիի անունը արդէն կը գրաւէին զիս: Որքան ալ պարզ սիրող պատմագիտութեան եւ բանասիրութեան, քիչշատ ծանօթ էի աւելի քան հարիւրամեակ մը քաշքշուող բանավէճին՝ Խորենացիի ինքնութեան եւ «Պատմութիւն Հայոց»ին շուրջ. եւ անշուշտ անոնց վիճակուած ուրացումներուն: Ասոնք բնազդային խրտչում մը զարգացուցած էին մէջս, ու թէեւ յաճախ կու գային պսակաւո՜ր անուններէ, երեւցած էին ինծի իբրեւ դրսեւորումները անհոգի մասնագէտներու, բանասիրութեան լարախաղացներու, զուրկ կլոպալ ընկալումի ատակութենէ, ներիմացական շնորհէ: Թէկուզ եւ կոչուէին Ակինեան կամ Թոմսոն… Կեցուածքիս մէջ զիս քաջալերեր էին ողջմիտ պաշտպան-պահապաններ, որոնց հանդիպումը ըրած էի ընթերցումներու մէջ—Նիկոլ Աղբալեան, Ստեփանոս Մալխասեան…
    Նիւթին հանդէպ շահագրգռութիւնս, եթէ բաւարար էր հատորը բանալու եւ թերթելու, աւելի անդին պիտի չտանէր զիս՝ ընդդէմ երեւանեան հիւրանոցի սենեակիս առժամէութեան եւ շրջմոլիկի յոգնութեանս: Բայց… քառորդ մը ետք՝ կարթուած էի, կախարդուած: Աչքերս բացուեցան, յոգնութիւնս մղուեցաւ յետին հորիզոններ: Կը գտնուէի իսկական «երեւոյթ»ի մը առջեւ…:
    Յափշտակուած՝ կարդացի ամբողջ գիշերը: Լուսնալու մօտ էր որ յոգնասպառումը իր իրաւունքները պահանջեց: Բայց դադարը արդէն պարզ առկախում էր. ընթերցումը նոյն թափով պիտի շարունակէի—յաջորդ օրը, յաջորդ օրերը, ապա՝ օդակայանը, ապա՝ երկժամեայ թռիչքին մինչեւ Աթէնք, ուր եւ առանց ընդհա­տումի աւարտեցի-փակեցի գիրքը… ափսոսանքով:
    Խորենացիի՝ միանգամայն ներիմացական եւ հմտաբան մօտեցում մը, ըսի, հանդիպեր էի արդէն: Նիկոլ Աղբալեան յատկապէս, իր «Դասախօսութիւններ հայ մատենագրութեան մասին»[1]Դասախօսութիւններ հայ մատենագրութեան մասին, հրատ, Համազգային մշակութային ընկերութեան, Պէյրութ, 1951։ երկին մէջ, ընդունելի վարկածներ կը բերէր յօգուտ Պատմահօր, անոր «Պատմութիւն Հայոց»ը իր ժամանակին մէջ վերահաստատելով. վերականգնելով անոր վաւերականութիւնը. մատնանշելով ձգտումը՝ նորովի արժեւորելու աւանդական պատմութիւնը, միանգամայն եւ որոշ քննականութեամբ մօտենալու անոր: Եւ իր՝ Աղբալեանի կողմէ, հայկեան աւանդավէպը առընչելով «ուրարտական» պիտակուած պատմաշերտին, ապա եւ հերքելով «եկուոր» Արմէններու քաշքշուած վարկածը, իբրեւ արտայայտութիւնը արեւմտամոլ հակումի մը… Ի դէպ. Աղբալեան նաեւ հետաքրքրական բացատրութիւն մը ու­նէր այն փաստին, որ մատենագիրներ Ե. դարէն մինչեւ Թ. կամ Ժ. դար չեն յիշատակած երբեք Խորենացին: Ան հաւանական կը գտնէր «Պատմութիւն Հայոց»ի ձեռագիրին՝ պատուիրատուին եւ յետնորդներու դիւանին մէջ ի պահ մնացած ըլլալը, մէկ կամ միւս պատճառով, եւ ապա երեւան ելլելը՝ Բագրատունեաց տան իշխանութեան գլուխ գալուն զուգահեռ…
    Բայց Մուշեղեանով գտածս շատ աւելին էր՝ սկզբնաղբիւրներէ կտրուած Աղբալեանի մը մօտեցումէն, զոր նաեւ իր լսարանը կը կաշկանդէր—նիւթի ռամկացման մտահոգութեամբ մը: Այժմ կը գտնուէի հեղինակի մը առջեւ՝ հոգեմտաւոր բացառիկ սրատեսութեան տէր, միանգամայն եւ բացառիկ հմտաբան: Օժտուած նաեւ զգաստ բայց անսխալ ներիմացումի ատակութեամբ: Հատորը, ինչպէս յաճախ՝ նման աշխատասիրութիւններ, ժողովածու էր նոյնանիւթ կամ մերձանիւթ ուսումնասիրութիւններու, բոլո՛րն ալ հարուստ՝ նշեալ այս շնորհներով, ինչ որ ընթերցումը կը դարձնէր իսկական հիացական վայելք մը, նոյնիսկ սիրողական մա­կարդակի ընթերցողին համար, որ եմ:
    Յաջորդական գլուխներու ձեւով հատորին մէջ տեղադրուած յօդուածները կը ներկայանան հետեւեալ պատկերով.

Ա. Մովսէս Խորենացու ծննդեան տարեթիւի եւ ծննդավայրի հարցի շուրջ.
Բ. Չորս Հայքերի առեղծուածը Մովսէս Խորենացու «Պատմութիւն Հայոց»ում.
Գ. VII դարի պարսկական մի արշաւանք Մովսէս Խորենացու «Պատմութիւն Հայոց»ում եւ դրա հերքումը.
Դ. Վասպուրական նահանգի յիշատակումը Մովսէս Խորենացու «Պատմութիւն Հայոց»ի մէջ.
Ե. Գր. Խալաթեանի եւ Կ. Թումանովի դրոյթների սնանկութիւնը.
— Յաւելուած. Մովսէս Խորենացու Հայկեան առաջին տոհմապետները եւ նրանց Այրարատ (Ուրարտու) բնօրրանը:

    Հեռո՛ւ ինծմէ, հոս, առաջադրանքն ու յաւակնութիւնը՝ պատմաբանասիրական այս նիւթերը արծարծելու ըստ էութեան: Ներկայ գրութեամբ կրնամ արտայայտել տպաւորութիւններ միայն, որոնք կ՚արժեն ինչ որ կ՚արժեն՝ ողջմիտ դատումը ընդունելով իբր պարզ չափանիշ. ապա ե ւ՝ ընել այդ նիւթերէն բխող այժ­մէական գաղափարական հարցադրումներ: Եւ մանաւանդ՝ պարտիմ ճշդել դրդապատճառը, որ զիս մղեր է գրամեքենայիս առջեւ՝ արձանագրելու այս տողերը—ինչ որ չըսուեցաւ դեռ…:
    Որովհետեւ, հատորը փակելէ ամիս ներ ետք, մինչ տակաւին չէի յայտնաբե­րած հոգեմտաւոր այդքան պայծառ աշխարհի տէր այս հեղինակը՝ իբր կենսագրական ան հատ, դիպուածը աչքիս դէմ բերաւ Ստեփան Ալաջաջեանի «Ճամբեզրի վրայ» երկը՝ իրեն բնորոշ ջերմ շեշտերով արձանագրուած յուշագրական հա­տորը: Եւ ապշանքով կարդացի դրուագ մը՝ հեռու վաթսունական սառցահալեան տարիները ոգեկոչող — «Սովետական գրականութիւն» թերթի խմբագրական խորհուրդի մէկ նիստը, նուիրուած Մաշտոցեան յոբելեանի մը.

    Ո՞վ է այս մարդը, որ սեւ ակնոցների տակից, իր վառ աչքերով նա­յում է վրաս ու ինձ չտեսնելով՝ խօսքը ուղղում է ինձ:
    — Չլինէր մեր ընդունած քրիստոնէութիւնը, չէր լինի մեր այբուբենը եւ, քրիստոնէութիւնն ու այբուբենը չէին ներծծուի մեր էութեան մէջ: Հայրս ասում է ր՝ «Ես հայ քրիստոնեայ եմ, հայերէն եմ աղօթում:
    Այս մէկ խօսքի մէջ կայ հայը իբրեւ ազգ, քրիստոնեան՝ իբրեւ հաւատք, աղօթ քը՝ իբրեւ դպրութիւն: Հայոց գրերով է կարդում իր աղօթքը: Ինչո՞ւ էր ինձ ասում, յատկապէս ինձ:
    — Գիրն ի՞նչ է,— շարունակեց նա,— որեւէ ազգի այբուբենն ի՞նչ է: Ազգի միտքն ի՞նչն է դրսեւորում, լեզուն բացում, արձանագրում ու թողնում զաւակներին: Չկայ մի խոհ, մի խօսք, մի յոյզ, որ գրերը չկարողանան արտայայտել: Հարցական նշանն անգամ գիր ունի եւ բան է ասում, բան է հարցնում: Ես կոյր եմ… եւ դա գիտեմ:
    Նա կոյր էր: Ես փշաքաղուեցի: Հոգիս դողաց:
    Կուրտիկեանն էլ ասաց.
    — Բայց նա անընդհատ ինձ էր նայում:
    Նա անընդհատ բոլորին էր նայում[2]Կ՚արժէ հոս մէջբերել նաեւ շարունակութիւնը Ալաջաջեանի պատումին.     Նա խմբագրական խորհուրդին էր հրաւիրուած եւ … Continue reading

    Յայտնութիւնը ցնցիչ էր: Ալաջաջեանի փշաքաղումը, հիացական պատկառանքը, ելեկտրական հոսանքի նման՝ փոխանցուեցան ինծի…: Վերընթերցեցի հա­տորը կրկին, մէկ շունչով, այս անգամ կարկամած՝ անկէ բխող ճառագայթումէն…
    Դիմելով հանրագիտարանային հրատարակութիւններու, տպագիր թէ թուայնագիր, առաջ տարի տեղեկութիւններու քաղս, խորապէս շահագրգռուած այ­լեւս հեղինակի նաեւ մարդկային, անձնակա՛ն երեսով: Եւ «Ուիքիփետիա»յի (հայաստանեան տառադարձութեամբ՝ «Վիքիպեդիա») էջերուն ընթերցեցի, հոս՝ ա՛լ առարկայական եզրերով խմբագրուած, կենսագրութիւնը[3]Ալբերտ Մուշեղեանը ծնուել է 1931 թուականին Երեւանում։ Վեց տարեկանում դինամիտի պայթիւնից կորցրել է … Continue reading այսօր ալեհեր նահապետ դարձած՝ Ալաջաջեանի «նրբակազմ, մեղմ դիմագծերով երիտասարդ»ին:
    Ահա հեղինակը: Եւ ահա, հիմա՝ հատորը, մէկը միայն՝ հոգեմտաւոր լոյսով պայծառացած երախտաշատ Մուշեղեանի բազմաթիւ գործերէն: Բայց թերեւս ամենայայտնաբերիչը իր լուսաւոր գիշերին…
    Երկասիրութիւնը սկսող էջերը, «Հեղինակի կողմից» խորագրեալ, կը տարազեն առաջադրանքը՝ «ըստ ամենայնի հերքել[ու] Մովսէս Խորենացու «Պատմու­թիւն Հայոց»ում մինչ այժմ մատնացոյց արուող պատմա-աշխարհագրական անաքրոնիզմները՝ VI – VIII դարերին վերագրուող պատմական անցքերու իրո­ղութիւններ, որոնց պատճառով նոյնիսկ հայ խոշոր պատմաբաններ՝ Նիկողայոս Ադոնցը եւ Յակոբ Մանանդեանը Մովսէս Խորենացուն համարում են VIII – IX դդ. հեղինակ»: Հերքում՝ որ կ՚առաջադրուի կատարել «յունա-հռոմէական եւ ասորական աղբիւրներում եւ պահլաւական գրական յուշարձաններում նոր հայթայթած տուեալների հիման վրայ»:
    Հիմնական վերատեսութեան այս մեթոտով, Մուշեղեան պիտի քննէ գլխաւոր վարկածներ, եկող՝ եւրոպացի վաստակաւոր հայագէտներէ, որոնք Խորենացիի մօտ գտած են հետքեր սկզբնաղբիւրներէ՝ յետնագոյն ժամանակներու պատկանող ժամանակագիրներէ, ինչ որ նովին բանիւ պատմահայրը կը փոխադ­րէր աւելի ուշ դարերու, նաեւ անոր «Պատմութիւն»ը նկատելով աւելի կամ նո­ւազ զեղծուած: «Նոր փաստերի քննութեամբ,— կը յարէ Մուշեղեան,— դարձեալ հերքուում է այդ հակագիտական վարկածը. ես ցոյց եմ տալիս աւելի հին յունա­րէն աղբիւրներ, որոնցից հաւասարապէս օգտուել են թէ՛ V դարի հայ պատմագիր Մովսէս Խորենացին եւ թէ՛ VI դարի յիշեալ ժամանակագիրները:»
    Իր փաստարկման սկիզբը, Մուշեղեան, հակադիր կողմերու ազգային պատկանելութեան հարցին մասին, կարեւորութեամբ կը շեշտէ. «Բանավէճը չի մղուում հայ եւ օտար հայագէտների միջեւ, այլ՝ աւանդական Խորենացու կողմնակիցնե­րի եւ հակառակորդների: Ոմանք հենց հայ բանասէրների շրջանում, Խորենացու կեղծիքի բացայայտմամբ ոգեւորուած, այնքան հեռու գնացին, որ նրա ամբողջ «Պատմութիւն»ը յայտարարեցին ծայրէ ծայր կեղծիք ու նենգափոխում, ինչ որ չեն արել Գուտշմիդը եւ Թոմսոնը»:
    Աւելի անդին, ախտաճանաչելով «Խորենացուն ուշ շրջանի հեղինակ համարելու վարկածը» իբր «ամբողջովին հակագիտական», զայն կը վերագրէ՝

ա. Յետագայ դարերում աշխարհագրա-քաղաքական նոր իրադրութեան մէջ ի յայտ եկած նոր անուանացանկի ներմուծման.
բ. Միջնադարեան խմբագիրների եւ գրիչների անիրազեկութեան.
գ. Առանձին պատմական դէպքերի եւ հասկացութիւնների վերաբերեալ այսօր պատմագիտութեանը եւ բանասիրութեանը անյայտ տուեալների.
դ. Քննադատների թոյլ տուած միտումնաւոր խեղաթիւրման, ինչպէս եւ նրանց ունեցած թիւը պատկերացումների:

    Եւ հետեւող գլուխները, որոնց վերոնշեալ խորագիրները գաղափար մը կու տան գոնէ անոնց ընդգրկած նիւթերուն մասին, լիուլի կ՚իրագործեն այս առաջադրանքները: Ըսուեցաւ արդէն, որ պատմա-բանասիրական նիւթի քննարկման չեն միտիր այս տողերը: Ո՛չ անոնց ստորագիրը, ո՛չ անոնց հրատարակման վայրը չեն համապատասխաներ այդպիսի առաջադրանքի: Կը բաւէ ուրեմն արագ նշումներով անցնիլ նիւթերուն վրայէն, մատնանիշ ընելով անոնց առընթեր ներկայացող գաղափարական ցցուն, խորապէս շահեկան մի քանի դրոյթներ:
    Նախ՝ արծարծումը Խորենացիի ծննդավայրին, որ իր կարգին առարկայ դարձած է վէճի ու վիճարկումի: Ամուր փաստերով հաստատելէ ետք, որ Տարօնի Խորեան (յետագային նաեւ Խորոնք) աւանն է իր անունը տուած իր բնիկ Մովսէս որդիին,— ահա Մուշեղեանի լուսաւոր եզրայանգում-արտաբեւեռումը.

Խորենացու ծննդավայրը պատմական Տարօնից Այրարատ, Ջաւախք կամ Սիւնիք տեղափոխելը վերջին մէկ ու կէս դարերում հայերիս վիճա­կուած մեծ աղէտի՝ գաղթականութեան եւ նրա ծնած մտայնութեան հետեւանք է պարզապէս: […] Եւ ստացուում է, որ մենք մեր ձեռքով մեր ազգային մեծ երախտաւորներին եւ նրանց յիշատակներն ենք գաղթեցնում մեր այս փոքրիկ Հայաստան, փոխանակ հոգ տանելու, որ նրանց նուիրական անուններով վառ պահենք ժողովրդի հոգում՝ կորսուած Տա­րօնի ու Վասպուրականի, Մեծ Ծոփքի, Բարձր Հայքի ու Փոքր Հայքի պատմական վայրերի յիշատակները:

    Բարդ, շատ հմտաբան, պատմագրական աղբիւրներու եւ արձանագրութիւններու խորամուխ քննութիւն մը վարելով պատմա-աշխարհագրական բաժանումներու՝ «Հայքեր»ու շուրջ, Մուշեղեան վեր կը հանէ շփոթը՝ հայ թէ օտար «գեր-քննադատ» պատմագէտներու, անոնց անտեղեակութիւնը՝ «նախա-յուստինեանական» վարչաբաժանումներէ, արդէն առգոյ՝ Ե. դարուն: Շատ ամփոփ եւ պարզացուած տարազելով, ըսեմ ու անցնիմ, որ ասո՛նց է անդրադարձած Խորենացի եւ ոչ Զ. դարու նորագոյն բաժանումներու: Վկայակոչուած փաստերը, աղբիւրները՝ ընդդիմախօսներու յարգալի լռութիւնը միայն կրնան գտնել իրենց դէմ…
    Եւ նոյնքան շլացուցիչ յստակութեամբ է, որ մեր պատմագէտը պիտի լուսաբանէ ե՛ ւ Զ. դարուն ենթադրուած արշաւանքը, որուն յղուեր է Խորենացի. ե՛ւ իր մօտ առգոյ Վասպուրական տեղանունը, նոյնպէս իբր նահանգի անուն՝ պիտի հաստատուէր Զ. դարէն ետք միայն: Առաջինի պարագային՝ պատմագէտները, հայ թէ օտար, կը շփոթեն տուեալ արշաւանքը ուրիշի մը հետ, որ իրօք Ե. դա­րուն է որ կատարուած է: Երկրորդը՝ Խորենացիի «վասպուրական»ը վերադիր ածական է, նշող կալուածները՝ որոնք կը տրուէին արքայական ընտանիքի կրտսեր անդամներուն. եւ որ յետագային արտագրող գրիչներ, իրենց օրին ա՛լ ընդունուած Վասպուրական տեղանունին վերածելով, դարձուցած են յատուկ տեղանուն (գլխագիրը արդէն ըլլալով բացակայ՝ հին ձեռագիրներէ…): Փաստ՝ որ վրիպած է տեսողութեան տէր բայց կարճատես կամ մտասեւեռեալ պատմագէտներու ուշադրութենէն…
    Վերջապէս,

Արամի անունով Հայաստան աշխարհն Արմենիա անուանելու աւանդութիւնը, որ պահպանուել է Խորենացու Պատմութեան մէջ, սկզբունքօրէն հակադրուում է թէ հելլենիզմի ծաւալատենչ գաղափարաբանութեամբ թելադրուած թեսալացի եկուոր Արմէնի առասպելին, եւ թէ՛ նորագոյն պատմաբանների զարգացրած եկուոր արմէնների տեսութեանը, որ կա­մայ թէ ակամայ, սնունդ է տալիս որոշ նորեկ ժողովուրդների նուաճողա­կան նկրտումներին: Օգտուելով հայերի եկուորութեան նորահնար առասպելից՝ այդ նորեկները ձգտում են հնացնել իրենց նորաթուխ պատմութիւնը եւ ներկայանալ իբրեւ Առաջաւոր Ասիայի եւ Այսրկովկասի հնաբնակներ:

    Այս բոլորով, Խորենացին կը ներկայանայ, իր ժամանակի պատմագրութեան չափանիշներով, իբրեւ աւանդական աղբիւրները քննականօրէն ընկալող պատ­մագիր, իսկապէ՛ս յեղափոխական՝ իր ժամանակին մէջ: Ապա եւ իբրեւ կրողը՝ «ազգային-ազատագրական շարժման որոշակի քաղաքական ծրագիրի»,— ինչպէս կը շեշտէ Մուշեղեան.- «Խորենացին եկաւ մեզ՝ հայերիս խրատելու, որ քաջութեան օրինակները ուրիշներից չպէտք է առնել, այլ մեր սեփական հներից. «Զի թէպէտեւ եմք ածու փոքր եւ թուով յոյժ ընդ փոքու սահմանեալ, եւ զօրութեամբ տկար, եւ ընդ այլով յոլով անգամ նուաճեալ թագաւորութեամբ, սակայն բազում գործք արութեան գտանին գործեալ եւ ի մերում աշխարհիս, եւ արժանի գրոյ յիշատակի»ի տարբերութիւն Փաւստոսներու, որոնք քաջութեան իբրեւ տիպար օրինակներ՝ հրեայ Մակաբէներ կ՚ոգեկոչէին: «Հին Կտակարան»ի անհեթեթ որդեգրումը քրիստոնէական աւանդութեան մէջ՝ խորթ է Մուշեղեանի, ինչպէս Խորենացիի հոգիին. այդ է որ կ՚արտայայտէ խորիմաստ դատումը. «Կարծես թէ հեթանոս հայերը երբեք չէին պաշտպանել իրենց հայրենի երկիրը, եւ խրախուսիչ օրինակները պէտք է բերուէին անպայման Հին Կտակարանից […], որը եկաւ մոռացութեան տալու սեփական աշխարհակալ թագաւորներին՝ միայն նրա համար, որ նրանք հեթանոսներ էին: […] Խորենացին եկաւ վերականգնելու պատմական արդարութիւնը, վերացրեց այն անդունդը, որ գոյացել էր հեթանոս անցեալի հետ կապը խզելու հետեւանքով: Յոյները պահպանել էին այդ հեթանոս անցեալը իր հնամենի առասպելներով ու բանաստեղծութեամբ, պատմագիրներով ու պատմական հերոսներով»…
    Մուշեղեանի գաղափարական լուսոլորտը, ինչպէս կ՚երեւի հոս, հեռո՛ւ՝ խանգարելէ իր մօտեցման գիտականութիւնը, կը լրացնէ զայն, այդ մեթոտը—դրական, ընկալուչ կեցուածք հանդէպ աւանդական պատմութեան, զայն քննականօրէն օգտագործելու պայմանով: Խորաթափանց դիտող ու մտածող, ինչպէս իր բարձր մտատիպարը՝ Խորենացին, ան այսպէս՝ իր ժամանակակից եզերքէն, որ այսօր գոյութենական ճգնաժամի մատնուած Հայաստան մըն է, կը կամրջէ տասնհինգ ­դարեայ անջրպետ մը, զայն կապելով միւս եզերքին՝ Ե. դարու պետականազուրկ, «Ողբալի» Հայաստանին:
    Տեսանող՝ ան կը տեսնէ, գիտէ՛, որ «պետականութիւնը տէրութիւն է եւ տիրութիւն»: Գիտէի՞ն, գիտե՞ն ատիկա՝ ահա քառորդ դարէ ու աւելի՝ ալետատան Հայաստանի ղեկին կեցած ու կեցող իրերայաջորդ վարորդները…

­ԿԱ. ՏԱՐԻ, 2022 ԹԻՒ 2

References
1 Դասախօսութիւններ հայ մատենագրութեան մասին, հրատ, Համազգային մշակութային ընկերութեան, Պէյրութ, 1951։
2 Կ՚արժէ հոս մէջբերել նաեւ շարունակութիւնը Ալաջաջեանի պատումին.
    Նա խմբագրական խորհուրդին էր հրաւիրուած եւ իր յօդուածն էր կարդում՝ նուիրուած Մաշտոցի յոբելեանին:
    Աշխարհում միակ մարդն էր, որ որպէս հայ, մեսրոպեան տառերով չէր գրում եւ Մեսրոպի մասին էր գրում:
    — Նա իր գրերն է ստեղծել,— ասաց Ալբերտ Արիստակէսեանը:
    — Եւ յետոյ,— շարունակեց նա,— այդ բոլորը եղան, որովհետեւ մենք պետականութիւն ունէինք: Մի Տրդատ թագաւոր ընդառաջեց քրիստոնէութեանը, մի Վաղարշակ թագաւոր՝ Սահակին ու Մաշտոցին, որոնք հանճարներ էին, Հանճարներն էլ պէտք ունեն պետականութեան, պետականութիւնը տէրութիւն է եւ տիրութիւն: Եթէ չլինէր այդպէս, ո՞վ հիմա կ՚ընդունէր բռայլեան այբուբենը: Եթէ գիր պէտք է կոյր մարդուն, ապա առաւել պէտք է տեսնողին:
    Գիտէ՞ այս նրբակազմ, մեղմ դիմագծերով, համոզիչ խօսող երիտասարդը, որ սենեակում նստած են քրիստոնէութեանը չհաւատացող Նայիրի Զարեանն ու Հրաչեայ Քոչարը, կեանքում չաղօթած, գրականագէտ Սուրէն Աղաբաբեանը, աչքերը կոմունիստական շարժման մէջ բացած Ստեփան Կուրտիկեանն ու Վաչէ Պարտիզունին:
    Խմբագիր Էդուարդ Ջրբաշեանն ու Ստեփան Զօրեանը յաճախ են արտասանել «ի սէր Աստուծոյ» խօսքը, ուստի չեմ կարող ասել, որ ցնցուած էին այս կոյր երիտասարդի խօսքերով: Էդուարդ Թօփչեանին բնաւ չես բացատրի:
   
    Մաշտոցը լո՜յս է… այս չտեսնող երիտասարդն անգամ տեսնում է այդ լոյսը: Ալբերտ Մուշեղեան է անունը:
    Գրել է ու գրում է կոյրերի համար ստեղծուած ուռուցիկ տառերով, հիմնադրել է մի այնպիսի տպարան, ուր գիրք է տպւում կոյրերի համար: Հայ կոյրերն անգամ գրաճանաչ պիտի դառնան: Նա այդ տպարանի գլխաւոր խմբագիրն է: Տեսողութիւնից չզրկուածների հետ հաւասար սովորել է Երեւանի Պետական համալսարանում, ուռուցիկ տառերով հերունագրել է դասախօսութիւնները ու տիրապետել գերմաներէն լեզուին, որպէսզի Հայնէին ու Գէօթէին թարգմանի:
    — Հիմա,— ասաց Արիստակէսեանը,— դասագրքեր է լոյս ընծայում աչազուրկ հայ մանուկների համար:
    «Սովետական գրականութիւն» ամսագրի խորհուրդը հաւաքուել էր, որ մի ամբողջ համար նուիրուի Մեծն Մերոպին:
    Ահա, կոյրերի տառերով մի քերթուած բերեց նա ու զարդարեց ամսագիրը, աւելին՝ իր խօսքերով:
    Ծանր նստել է պահը իմ տեսնող աչքերիս մէջ, կոպերիս վրայ: Անձամբ չկարողացայ խօսել նրա հետ, չծանօթացանք իրար հետ, բայց նա մնաց իմ գրառումների մէջ իբրեւ պատուական ու խնկարկելի մարդ: Եւ նա ապրում է:
    Եթէ չլինէր Գրողների միութեան քարտուղարութեան որոշումը՝ անմիջապէս մեկնել Կիրովական՝ Վաղարշակ Նորենցի ու Սողոմոն Տարօնցու հետ, Մեսրոպական օրերի նշանաւորմանը, միւս օրն իսկ կը գնայի, կը գտնէի Ալբերտ Մուշեղեանին, աչքերի լոյսը կորցրած, բայց հոգու ու մտքի լոյսով ուրիշներից աւելի պայծառ հայ երիտասարդին:
3 Ալբերտ Մուշեղեանը ծնուել է 1931 թուականին Երեւանում։ Վեց տարեկանում դինամիտի պայթիւնից կորցրել է տեսողութիւնը։ 1939-1946 թուականներին սովորել է Երեւանի կոյր երեխաների գիշերօթիկ եօթնամեայ դպրոցում։ 1949 թուականին աւարտել է Երեւանի N3 երեկոյեան դպրոցը։ 1949 թուականին ընդունուել եւ 1954 թուականին աւարտել է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական ֆակուլտետի ռոմանօ-գերմանական բաժինը, այնուհետեւ՝ ասպիրանտուրան՝ աւստրո-գերմանական գրականութեան գծով։
    1965-1973 թուականներին եղել է Հայաստանի կոյրերի միաւորումի կենտրոնական վարչութեան նախագահը։ Ուսումնասիրութիւնները կատարել է կնոջ՝ բանասէր, թարգմանչուհի Ռիմա Յարութիւնեանի (1932-1997) օգնութեամբ։ 1956 թուականին կազմակերպել է բրայլեան տպարան՝ կոյրերի՝ ուռուցիկ տառերով գրքեր տպագրելու համար եւ նշանակուել է գլխաւոր խմբագիր, տպագրութեան պատրաստել եւ լոյս է ընծայել հայկական առաջին բրայլեան գրքերը Րաֆֆու «Սամուէլ» վէպը, Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւնների ժողովածուն, Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութիւն»ը եւ այլն)։ 1958-1973 թուականներին եղել է Կոյրերի միաւորման բրայլեան ամսագրի հիմնադիր-խմբագիրը, 1963-1975 թուականներին՝ բրայլեան հրատարակչութեան պետ, 1974 թուականից աշխատել է ՀՀ ԳԱԱ Արուեստի ինստիտուտ, 1978 թուականից՝ ՀՀ ԳԱԱ գրականութեան ինստիտուտի աւագ գիտաշխատող։ Բնական եւ հասարակական գիտութիւնների միջազգային ակադեմիայի անդամ։ […] 1980 թուականին «Աւետիք Իսահակեանի կեանքի եւ ստեղծագործութեան վաղ շրջանը» թեմայով դիսերտացիա է պաշտպանել եւ ստացել բանասիրական գիտութիւնների թեկնածուի աստիճան։
    Հեղինակ է շուրջ 100 գրականագիտական եւ հայագիտական ուսումնասիրութիւնների՝ նուիրուած յատկապէս հայ հին գրականութեան չլուծուած խնդիրներին։