ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ, ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆ ԵՒ ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Մեծավաստակ գրական քննադատ, բանասէր ու հանրային գործիչ Նիկոլ Աղբալեանի (1875-1947) կեանքի վերջին քառորդ դարը բնորոշելով, Գառնիկ Բանեան՝ անոր մահուան առիթով շարադրած կեանքի ու գործի ուրուագիծին մէջ կը հաստատէր, թէ «Սփիւռքի մէջ Ն. Աղբալեանի մտաւորական կեանքը կը հոսի՝ գրական ստեղծագործութեամբ, հանրային եւ մանկավարժական գործունէութեամբ»[1]Գառնիկ Բանեան, «Նիկոլ Աղբալեան (1873-1947) (ուրուագծեր կեանքի եւ գործի մասին)», Ակօս, ԻԱ.-ԻԲ., 1947, էջ 120։։ Միայն առաջնորդուելով այդ տարիներու գործունէութեան եւ արտադրութեան՝ Բանեանի տուած աւելի քան երկու էջ ամփոփումով, կարելի է ուղղում մը մուծել այդ նախադասութեան մէջ, ըսելու համար, թէ Աղբալեանի մտաւորական կեանքը ո՛չ միայն հոսած է, այլ յորդած է զանազան ուղղութիւններով՝ բանասիրութենէն ու լեզուաբանութենէն մինչեւ գրական-քննադատական ու քաղաքական վերլուծումը։
     Աղբալեան ընդարձակօրէն աշխատակցած է Սփիւռքի հայագիտական, գրական ու ընթացիկ մամուլին, չզլանալով նոր հրատարակութիւններու իր մասնակցութիւնը։ Գրեթէ զուգադիպութեամբ, 1945ին այդ նպատակով անոր դիմած են աւագ եւ երիտասարդ սերունդներէն երկու դէմքեր՝ Կոստան Զարեան (1885-1969) եւ Սիմոն Սիմոնեան (1914-1986)։
     1945ին, Կոստան Զարեան ստանձնած էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ Նիւ Եորքի մէջ նախորդ տարուան վերջերուն հիմնուած Հայ Դատի Յանձնախումբի (Armenian National Committee) գործավարութիւնը[2]Armenian National Committeeն կազմալուծուած է 1940ական թուականներու վերջերուն։ 1950-ականներուն զայն փոխարինող American Committee for the … Continue reading, զոր պիտի վարէր մինչեւ Եւրոպա մեկնումը՝ 1947ին։ Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ նոյն տարին հիմնուած Ամերիկա-Հայկական Մշակութային Ընկերակցութիւնը (American-Armenian Cultural Association), որուն հիմնադիր անդամներէն մէկը, ինչպէս եւ ատենադպիրը Զարեանն էր, իր մշակութային գործունէութեան ծիրին մէջ որոշած է հրատարակել եռամսեայ պարբերական մը՝ Armenian Quarterly, որ պիտի հանդիսանար անգլերէն լեզուով առաջին հայագիտական պարբերաթերթը։ Հրատարակութիւնը ձգձգուած է եւ վերջապէս հանդէսին առաջին թիւը՝ Զարեանի խմբագրութեամբ, լոյս տեսած է 1946ի գարնան։ Երկրորդ թիւը լոյս տեսած է նոյն տարուան ամրան, որմէ ետք Armenian Quarterlyն դադրած է[3]Armenian Quarterlyի հրատարակութեան եւ Զարեանի դերակատարութեան մասին, տե՛ս Վարդան Մատթէոսեան, «Կոստան Զարեանի … Continue reading։ Զարեան աշխատակցութեան հրաւէրներ յղած է բազմաթիւ օտար եւ հայ հայագէտներու, ինչպէս եւ արեւելագիտական նիւթերով զբաղող մասնագէտներու։ Հրատարակութիւնը հիմնականին անգլերէն պիտի ըլլար (թէեւ նաեւ լոյս տեսած են ֆրանսերէն նիւթեր), սակայն, պէտք է ենթադրել, որ այլ լեզուներով աշխատակիցներու գործերը պիտի թարգմանուէին։ Այդ ծիրին մէջ պէտք է զետեղել Աղբալեանին ուղղուած դիմումը, որուն ետին թերեւս նաեւ պէտք է տեսնել Հայ Դատի Յանձնախումբի մղիչ ուժերէն մէկուն՝ Սիմոն Վրացեանի յանձնարարականը։
     Աղբալեանի պատասխանը յայտնի չէ։ Անունը նշուած չէ ապագայ աշխատակիցներու ցանկին մէջ[4]Տե՛ս “Announcements,” Armenian Quarterly, Spring 1946, ետեւի կողքի ներսի կողմ։։ Եթէ պատասխան մը գրած է, թերեւս մնացած ըլլայ Զարեանի անձնական արխիւին մէջ, որ վերջերս յանձնուած է Մաշտոցի անուան Մատենադարանին եւ մշակման ընթացքի մէջ կը գտնուի։
     Սիմոն Սիմոնեանի նամակի պարագային, աւելի հանգամանալից տեղեկութիւններ ունինք, քանի որ անոր դիմումը ստուգապէս դրական պատասխանի արժանացած է։ 1935ին Անթիլիասի դպրեվանքէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Սփիւռքի ապագայ հիմնադիրը նոյն տարին վերադարձած էր Հալէպ, ուր 1935-1946ին ուսուցչական պաշտօններ վարած է «Հայկազեան» եւ «Կիւլպէնկեան» ազգային վարժարաններուն մէջ։ Միաժամանակ, հիմնադիր անդամներէն ու մղիչ ուժերէն եղած է Հալէպահայ Ուսուցչական Միութեան, որ 1944ին ձեռք բերած էր իր սեփական տպագրական մեքենան եւ կ՚առաջադրէր, ի շարս այլ հրատարակչական նպատակներու, «կանոնաւոր պարբերականութեամբ հրատարակել ուսումնասիրական եւ գեղարուեստասիրական բովանդակութեամբ տարեգիրք մը, ուր քով-քովի գան հայ Գիրին հին ու նոր աշխատաւորները»[5]«Հալէպի Ուսուցչ. Միութեան առաջադրութիւնները», Ազդարար, 26 Օգոստոս 1944։։ Ընկերութեան յառաջացուցած Հրատարակչական Մարմինը տարի մը յատկացուցած է «տպարանի մը ամբողջական կազմաւորումը, մանաւանդ այլազան տառերու փնտռտուքով» ապահովելու համար, եւ արդէն Սեպտեմբեր 1945ին վճռած էր, ինչպէս պիտի տեսնենք Աղբալեանին ուղղուած նամակին մէջ, որ անոր ծրագրած հրատարակութիւնը իր «յապաղումին մեղքը քաւելու համար» պիտի խոստանար «փոխանակ տարին անգամ մը հրապարակ գալու, երեք ամիսը անգամ մը երեւիլ»[6]«Մուտք», Սեւան, թիւ Ա., 1946, էջ 1։։ 1946ի սկիզբը լոյս տեսած է Սեւան գրականութեան եւ արուեստի եռամսեայ պարբերագիրքը[7]Տե՛ս «Ստացանք», Ազդարար, 12 Յունուար 1946։ Հետաքրքրական է նշել, որ Սեւանի լոյս ընծայումը ընդգրկուած է միութեան … Continue reading։ Ան ալ միայն երկու թիւ լոյս տեսած է՝ Սիմոնեանի խմբագրութեամբ։ Արդարեւ, տպարանն ու հրատարակչականը իրենց գործունէութիւնը շարունակած են մինչեւ 1946ի ամառը, երբ Սիմոնեանի Անթիլիաս փոխադրութիւնը՝ իբրեւ դպրեվանքի դասատու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նորընտիր Գարեգին Ա. կաթողիկոսի գիտական քարտուղար, պատճառ կը դառնայ անոնց դադրեցումին[8]Տե՛ս Ժիրայր Դանիէլեան, Բանասիրութեան բաւիղներուն մէջ, Երեւան, 2011, էջ 474-475։։
     Պարբերագիրքի խմբագրական աշխատանքներուն ընթացքին, Սիմոնեան դիմած էր բազմաթիւ գրողներու եւ մտաւորականներու՝ անոնց աշխատակցութիւնը ապահովելու համար։ Անոնց շարքին էր Նիկոլ Աղբալեանը, որ առաջին թիւին տրամադրած է կարճ, սակայն հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը Գրիգոր Նարեկացիի եւ Կորիւնի գրական աղերսներուն շուրջ[9]Ն. Աղբալեան, «Գրիգոր Նարեկացի եւ Կորիւն», Սեւան, թիւ Ա., 1946, էջ 75-77։ Յօդուածը վերատպուած է Աղբալեանի երկերու … Continue reading։ Ուսումնասիրութեան տակ, լոյս տեսած է Աղբալեանի պատասխանը՝ որոշ յապաւումով[10]Այս նամակին հետքը չկայ Աղբալեանի նամակներու հատորին մէջ (Նիկոլ Աղբալեան, Նամակներ. պաշտօնական գրութիւններ, … Continue reading։
     Ստորեւ կը հրատարակենք Կ. Զարեանի եւ Ս. Սիմոնեանի նամակները (Համազգայինի արխիւ, Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, Պէյրութ), ինչպէս եւ Նիկոլ Աղբալեանի՝ Ս. Սիմոնեանին ուղղուած պատասխանը, եւ վերոյիշեալ յօդուածի ձեռագրէն նմոյշ մը՝ Սիմոնեանի նշումով (Սիմոն Սիմոնեանի արխիւ, Պէյրութ)։
     Այս առիթով, շնորհակալութիւն կը յայտնենք թէ՛ Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան եւ թէ՛ Սիմոն Սիմոնեանի ընտանիքին՝ այս յօդուածին հիմք կազմող նիւթերը մեզի մատչելի դարձնելուն համար։

 

ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ

Ա.

22-VIII-45[11]Նոյն օրը, Կոստան Զարեան նաեւ գրած է Արշակ Չօպանեանին՝ իր աշխատակցութիւնը խնդրելու։ Նամակը, սակայն, պատռուած … Continue reading
11 West 42th Street
Room 326
New York

Յարգելի Պ. Աղբալեան,

     Ձեռնարկել ենք այստեղ հրատարակելու անգլերէն լեզւով, մի երեքամսեայ հանդէս[12]Կ՚ակնարկէ Armenian Quarterlyին։՝ նւիրւած հայ մշակոյթին. նման ժամանակին Պարիսում հրատարակուող “La Revue des Etudes armeniens”-ին[13]Revue des études arméniens հայագիտական հանդէսը լոյս տեսած է Փարիզ, 1920-1933ին։ Վերահրատարակուած է 1964ին եւ մինչեւ օրս լոյս … Continue reading։ Շատ պիտի ուզէի որ դուք էլ աշխատակցէք մեր այս հանդէսին։ «Սասունցի Դաւիթը» օրինակի համար եւրոպացիների կողմից ծանօթ չէ եւ ի՜նչ լաւ կ[ը] լինէր, եթէ դուք խտացած կերպով այդ մեր ազգային պօէմը ներկայացնէիք նրանց։
     Ձեր աշխատակցութիւնը անշուշտ պիտի վճարւի։
     Պիտի խնդրէի որ ձեր գրւածքը հասցնէիք ինչքան կարելի է շուտ, որպէս զի հասնի առաջի թուին, որ լոյս պիտի տեսնի ամենաուշը մի երկու ամսից[14]Հոկտեմբերին մամուլի մէջ լոյս տեսած թղթակցութիւն մը կը յայտնէր, թէ հանդէսին առաջին թիւը պատրաստութեան մէջ էր … Continue reading։

Սպասելով ձեր պատասխանին
մնամ յարգանօք
Կ. ԶԱՐԵԱՆ

Բ.[15]Նամակը գրուած է Սեւան տպարանի եւ հրատարակչական մարմնի նամակաթուղթին վրայ։

Հալէպ, 22 Սեպտեմբեր 1945

Սիրելի Պրն. Ն. Աղբալեան,

     Հալեպահայ Ուսուցչական Միութեան Հրատարակչական Մարմինը իր յառաջադրած Սեւան եռամսեայ պարբերականը յանձնած է մամուլի։ Գրական եւ բանասիրական լուրջ ձեռնարկ մըն է։ Արդէն կէսը տպուած է։ Ձեր մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է։ Ատոր համար է որ թերեւս հինգերորդ անգամ ըլլալով կը դիմենք Ձեզի[16]Աղբալեանի արխիւին մէջ այդ նախընթաց դիմումներէն որեւէ հետք չկայ։։ Եւ դուք Սայեաթ Նովայի «գոզալ»ին նման անգութ էք եւ լուռ։
     Կը մաղթենք Ձեզի առողջութիւն, եռանդ եւ արեւշատութիւն որպէսզի Ձեր պրպտումներէն մեզի ալ բաժին հանէք։
     Կը սպասենք անհամբեր։

Յարգանքով՝
        Ձերդ
Ս. ՍԻՄՈՆԵԱՆ

 

Գ.

1945, Հոկտ. 24
Պէյրութ

Յարգելի բարեկամ Ս. Սիմոնեան,

     Ահաւասիկ իմ պրպտումներից մի բաժին Սեւանին, եթէ հաւանէք եւ գոհանաք։ Անհնարին է ինձ համար տեւապէս աշխատել. շնչատութիւն եկած է վրաս, իսկ նախ քան այդ արեան խուժում ունէի դէպի գլուխս[17]Գ. Բանեան գրած է. «Որքան ալ բեղուն, սակայն եւ այնպէս, իր կեանքին վերջին տասը տարիները Ն. Աղբալեան ապրած է … Continue reading։ Մի կարծէք, թէ կամքն է, որ պակասում է ինձ. հնար չունեմ աշխատելու։ Մեծ բան չէ գրածս, բայց «մի բան» է կարծում եմ։ Այս մասին պիտի խօսէի բանասէրների այն հաւաքոյթներից մէկի մէջ, որին ձեռնարկած է Հ. Մսրեան[18]Յիսուսեան միաբանութեան անդամ եւ հայագէտ Հայր Յովհաննէս Մսրեան (1888-1965) Պէյրութի Սէն-Ժոզէֆ համալսարանի … Continue reading, բայց Սեւանին բաժին ընկաւ[19]Այս նախադասութիւնը կրճատուած է տպուած բնագիրէն, ներածականին եւ ստորագրութեան կողքին (տե՛ս Աղբալեան, Գրիգոր … Continue reading։ Յոյս ունեմ թէ այս փոքրիկ վաստակով պիտի ազատուեմ կշտամբանքից եւ պիտի համոզեմ բարեկամներիս թէ երբ կարենամ, չեմ մերժի նրանց հրաւէրին պատասխանելու։ Յաջողութիւն։

                                                                                                                      Սիրով՝ Ն. ԱՂԲԱԼԵԱՆ

ԾԹ. ՏԱՐԻ, 2020 ԹԻՒ 2

References
1 Գառնիկ Բանեան, «Նիկոլ Աղբալեան (1873-1947) (ուրուագծեր կեանքի եւ գործի մասին)», Ակօս, ԻԱ.-ԻԲ., 1947, էջ 120։
2 Armenian National Committeeն կազմալուծուած է 1940ական թուականներու վերջերուն։ 1950-ականներուն զայն փոխարինող American Committee for the Independence of Armeniaն (Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Յանձնախումբ) իր անունը փոխ առած է երբեմնի համանուն կազմակերպութենէն, զոր առաջին անկախութեան շրջանին հիմնած ու գլխաւորած էր Վահան Գարտաշեանը (1882-1934)։ 1965ին վերանուանուած է, դառնալով այժմու Armenian National Committee of Americaն (հայերէն՝ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ)։
3 Armenian Quarterlyի հրատարակութեան եւ Զարեանի դերակատարութեան մասին, տե՛ս Վարդան Մատթէոսեան, «Կոստան Զարեանի շուրջ», Անթիլիաս, 1998, էջ 401-427։ Վերամշակուած անգլերէն տարբերակին համար, տե՛ս Vartan Matiossian, “The Beginnings of Armenian Studies in the United States”, The Armenian Quarterly; in Barlow Der Mugrdechian, “Between Paris and Fresno”, Armenian Studies in Honor of Dickran Kouymjian, Costa Mesa (California), 2008, էջ 617-642։
4 Տե՛ս “Announcements,” Armenian Quarterly, Spring 1946, ետեւի կողքի ներսի կողմ։
5 «Հալէպի Ուսուցչ. Միութեան առաջադրութիւնները», Ազդարար, 26 Օգոստոս 1944։
6 «Մուտք», Սեւան, թիւ Ա., 1946, էջ 1։
7 Տե՛ս «Ստացանք», Ազդարար, 12 Յունուար 1946։ Հետաքրքրական է նշել, որ Սեւանի լոյս ընծայումը ընդգրկուած է միութեան վարչութեան 1944-1945ի հրատարակչական գործունէութեան մէջ («Հալէպահայ Ուսուցչ. Միութիւնը կը զեկուցէ 1944-1945ի գործունէութեան շուրջ», Ազդարար, 2 Փետրուար 1946)։
8 Տե՛ս Ժիրայր Դանիէլեան, Բանասիրութեան բաւիղներուն մէջ, Երեւան, 2011, էջ 474-475։
9 Ն. Աղբալեան, «Գրիգոր Նարեկացի եւ Կորիւն», Սեւան, թիւ Ա., 1946, էջ 75-77։ Յօդուածը վերատպուած է Աղբալեանի երկերու չորրորդ հատորին մէջ, իբրեւ յաւելուած (Նիկոլ Աղբալեան, Ամբողջական երկեր, հատոր Դ., Պէյրութ, 1970, էջ 496-498)։
10 Այս նամակին հետքը չկայ Աղբալեանի նամակներու հատորին մէջ (Նիկոլ Աղբալեան, Նամակներ. պաշտօնական գրութիւններ, կազմեց, ծանօթագրեց եւ առաջաբանը հեղինակեց՝ Գառնիկ Անանեան, Երեւան, 2003)։
11 Նոյն օրը, Կոստան Զարեան նաեւ գրած է Արշակ Չօպանեանին՝ իր աշխատակցութիւնը խնդրելու։ Նամակը, սակայն, պատռուած է եւ կարելի չէ լրիւ վերականգնել (տե՛ս Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարան, Արշակ Չօպանեանի ֆոնտ, I բաժին, թ. 2165)։
12 Կ՚ակնարկէ Armenian Quarterlyին։
13 Revue des études arméniens հայագիտական հանդէսը լոյս տեսած է Փարիզ, 1920-1933ին։ Վերահրատարակուած է 1964ին եւ մինչեւ օրս լոյս կը տեսնէ։
14 Հոկտեմբերին մամուլի մէջ լոյս տեսած թղթակցութիւն մը կը յայտնէր, թէ հանդէսին առաջին թիւը պատրաստութեան մէջ էր եւ լոյս պիտի տեսնէր դեկտեմբերին (Տեղեկատու, «Ամերիկա-Հայկական Մշակութային Ընկերակցութիւն», Հայաստանի Կոչնակ, 27 հոկտեմբեր 1945, էջ 1026)։
15 Նամակը գրուած է Սեւան տպարանի եւ հրատարակչական մարմնի նամակաթուղթին վրայ։
16 Աղբալեանի արխիւին մէջ այդ նախընթաց դիմումներէն որեւէ հետք չկայ։
17 Գ. Բանեան գրած է. «Որքան ալ բեղուն, սակայն եւ այնպէս, իր կեանքին վերջին տասը տարիները Ն. Աղբալեան ապրած է վատառողջ վիճակ մը։ Աւելի քան տասը տարի արնախռնումը լուրջ մտահոգութիւն կը պատճառէ իրեն եւ մինչեւ մահ անկէ ազատուիլ չի կրնար. աւելի ուշ՝ շնչատութիւն մը՝ ա՛լ աւելի մտահոգիչ կը դարձնէ իր դրութիւնը, որու հետեւանքով ոչ երկար քալել կրնայ, ոչ ալ լուրջ աշխատիլ» (Գ. Բ., Նիկոլ Աղբալեան, էջ 123)։ Մարտ 1946ին, Աղբալեան շնչարգելութեան ծանր տագնապ անցուցած եւ հազիւ մահէն խուսափած է։
18 Յիսուսեան միաբանութեան անդամ եւ հայագէտ Հայր Յովհաննէս Մսրեան (1888-1965) Պէյրութի Սէն-Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելեան Դպրութեանց հիմնարկի հայագիտական ամպիոնի հիմնադիր ու վարիչն էր (1933-1965)։ 1945ի կէսերուն ձեռնարկած էր «բանասիրական ասուլիս»ներու շարքի մը։ Առաջին ծանուցման համար, տե՛ս Ազդարար, 2 յունիս 1945։
19 Այս նախադասութիւնը կրճատուած է տպուած բնագիրէն, ներածականին եւ ստորագրութեան կողքին (տե՛ս Աղբալեան, Գրիգոր Նարեկացի եւ Կորիւն, էջ 77)։
նախորդ
ՍԷՐ