Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան հրատարակչութիւնը լոյս կ՚ընծայէր ատենօք «Գրական ցոլքեր» վերնագրուած շարքը։ Առաջին հատորը լոյս տեսած էր 1944ին (Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, Հայրունի), Հ. Կ. Քիպարեանի խմբագրութիւնը վայելելով։ Հինգերորդ թիւէն սկսեալ՝ խմբագիրն էր Հ. Մ. Ճանաշեան, ու այդպէս շարունակած է մինչեւ 1960։ Ունինք այսպէս Դանիէլ Վարուժանի, Միսաք Մեծարենցի, Երուանդ Օտեանի, Թումանեանի գործերէն հատընտիրներ, ունինք մինչեւ իսկ Գաբրիէլ Սունդուկեանի Պէպոն։ Կարդալ աւելին