ՄՈՒՏՔ՝ ՈՐԲՈՒՆԻԻ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐՍ (ՇԱՐ.1)

Ա. ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԽԱՂԸ

     Դժուար է արագ ակնարկով մը ներկայացնել Որբունիի արձակը, որուն մա՛նաւանդ վիպական մարզը, «Փորձը»էն մինչեւ «Եւ եղեւ մարդ», «Թեկնածուն», «Ասֆալթը» եւ «Սովորական օր մը» անուն գործը, Փրուստէն մինչեւ Րոպ Կրիէ բաց մնալով բոլոր փնտռտուքներու դէմ՝ զարմանալի հոլովոյթ մը կրեց, եւ փորձեց դրսեւորումի իր եղանակը գտնել։
     «Բագին»ի համար կատարուած Հարցազրոյցի մը մէջ (թիւ 10, 1980), Մնձուրիի հետեւեալ հաստատումին վրայ՝ «Ես ինքզինքս կը գրեմ», Որբունի հետեւեալ ընդհանրացումը կը կատարէ.
     «Եթէ ինքզինքդ չես գրեր, կ՚ըլլաս պաշտօնեայ գրող մը։ Հիմա ես ինքզինքս կը գրեմ։ Հիմա, որ ինքզինքս կը գրեմ, Աստուծոյ պէս, իմ գործիս մէջ ամէնուր եմ։ Տիկին Երազեանն ալ ես եմ, Շուշանն ալ ես եմ, ամէնուն մէջ ալ ես կամ։ Ես ինքզինքիս հազար տեսակ երես կու տամ։ Եթէ ես ինքզինքս չգրեմ, ես կը մեռնիմ։ Չկամ, Այսինքն՝ կը մեռնիմ չգրելով։ Ուրեմն ես ամէնքն եմ։ Որբունին, զոր գիրքին մէջ կ’ուզեմ վտարել միշտ, երբ Մինասը Որբունիին կը վերագրէ որոշ բաներ, այդ կ՚ընեմ, որպէսզի չըսեն, թէ ինքը Որբունին է» (էջ 57)։
     Այս քիչ մը պարզունակ յայտարարութիւնը, որքան ալ միամիտ թուի առաջին հերթին, ստեղծագործական արտագրութիւնը քանի մը մակարդակներու վրայ կը դնէ։ Առաջին՝ հեղինակին կեանքն ու հարցերը իբրեւ գրական նիւթ կը բերէ, որ բազմաթիւ ձեւերով ու յղումներով կը դրսեւորուի: Այս մէկը, ինքնին, արդէն հարցական կը դարձնէ իրականութեան եւ գրականութեան յարաբերութիւնները, այս կերպարանափոխումի ընթացքին դնելով անկարելիութիւնը՝ իրականութեան այլակերպումին։ Այս գծով, «Թեկնածուն» խորագրով վէպին մէջ, նոյն հարցը պիտի գրուի Վահագնի բերնով.
     « …Ուրեմն սուտ է այս ամէնը: Արուեստական պատմութիւն մը ստեղծեր եմ ես ինծի, արդարացնելու համար իմ աւելորդ, իմ խայտառակ կեանքս:
     « … – Ա՜խ, իմ կեանքս ամբողջ վէպ մըն է։
     «Վէպ մըն է ո՛չ թէ իր ապրածովը, այլ՝ պատմածովը։ Նկատած եմ, որ ըսուածներուն գոնէ կէսը սուտ է։ Երեւակայութիւնը անկատարը կ՚ամբողջացնէ հնարքներով եւ ամէն կեանք անկատար է» (էջ 94)։
     Վահագնի գրութիւն-նամակը որեւէ իրականութիւն անկարելի կը դարձնէ, որովհետեւ ո՛չ միայն երեւութական իրականութենէն (phenomena) անդին կ  անցնի, այլեւ իր ապրած կեանքը, այսինքն՝ ենթակայական ճշմարտութիւնը հարցադրելի կը դարձնէ, որովհետեւ հոն արդէն երեւակայութիւնը կը գործէ եւ բոլոր սահմանները խառնուած են։
     Երկրորդ՝ երբ հեղինակը, քիչ մը պուտտայական մօտեցումով մը ինքզինք բաժնուած կը տեսնէ իր ստեղծած բոլոր տիպարներուն մէջ, բնականաբար ժխտած կ’ըլլայ իր կեանքը պատմած ըլլալու պատրանքը (վարկածը կամ առասպելը, ինչպէս որ կ’ուզէք)։ Այսինքն՝ Որբունին չի կրնար ըլլալ Մինասը, հեղինակը չի կրնար ըլլալ պատմող հերոսը, կամ՝ տիպար մը։ Ուրեմն, միայն արտադրող հեղինակը կը մնայ, որ ինքզինք կը տեսնէ իր բոլոր տիպարներուն մէջ։
     Քիչ մը աւելի անդին երթալով այս բոլորէն, մոռնալով նաեւ Որբունիի «ակամայ յիշողութեան» ու ժամանակի հարցերը, ստիպուած կ’ըլլանք տարբեր մէջբերում մը կատարել իրմէ, այս անգամ «Ասֆալթ»ի ներածական «Երկու խօսք»էն.
     «Վէպը ընթերցողին համար գրգիռ մըն է , որ իր մէջ անծանօթ հորիզոն մը կը բանայ եւ այդ հորիզոնին վրայ կը գրէ իր սեփական վէպը: Վէպը այսպէսով կ’ըլլայ նախանիւթ, որով՝ ընթերցողը կը շինէ նոր իրականութիւն մը: Հետեւարար այնքան վէպ որքան ընթերցող , սա տարբերութեամբ, որ մինչդեռ աոաջինը գրի աոնուած է, միւսները տեղի կ’ունենան ընթերցողներու երեւակայութեան մէջ։ Ինչ որ երեւակայութիւնը կ’աշխատցնէ գրութեան մը մէջ. այդ գրութեան մէջ պատմութիւնը չէ անպայման, այլ այդ գրութենէն ստացած գգայնութիւններն են, որոնք կը բնորոշեն անոր գեղարուեստական որակը:
     «Գրականութիւնը գրութիւն է իր սեփական օրէնքներով եւ կանոններով , որոնք լեզուական են եւ որոնցմով յառաջ կու գայ բանաստեղծութիւնը: Այսինքն՝ բանը ստեղծել եւ ոչ թէ պատմութիւնը պատմել։ Պատմութիւնը ինքը պէտք է դուրս գայ այդ կանոններէն, այլապէս գրականութիւն չ’ըլլար։ Պատմութիւնը անպայման գրականութիւն չէ։ Անիկա միայն հետեւանք մըն է» (էջ 17)։
     Երբ ընթերցումի նման յղացքով մը մօտենանք գրութեան, վէպը այլեւս «փակ» արտադրութիւն մը չի դառնար, որ ինքնիր մէջ ամբողջական կամ վերջնական ըլլայ։ Առաւել՝ այս պարագային յարաբերական ճշմարտութիւն մը եւ ոչ թէ մէկ ճշմարտութիւն կամ մէկ իրականութիւն կը մնայ. գործը կ’ըլլայ նախանիւթ մը, ուր ընթերցողին երեւակայութիւնը կ’աշխատի։ Այս բոլորը երկու հաստատում կը կատարեն: Նախ ա՛յն՝ որ գրութիւնը ի՛ր օրէնքներն ու իրականութիւնը ունենալով չի՛ կրնար տալ գրողին իրականութիւնը (Որբունիի կեանքը)։ Երկրորդ՝ այլեւս հեղինակը կամ ներածողը չի կրնար «Աստուծոյ պէս» բան մը ըլլալ, ինչ որ կը հակասէ Որբունիի «Միաձայն զրոյց»ին մէջ կատարուած հաստատումին։ Սակայն բազմաթիւ հակասութիւններու կարելի է հանդիպիլ Որբունիի տեսական արտայայտութիւններուն մէջ։
     Նման նշումներ, որքան ալ որ ճիշդ ըլլան յղացքային հաստատումներու կամ հակասութիւններու շրջագիծին մէջ, գիտենք, թէ ստեղծագործական կամ արտադրողական մակարդակի վրայ կը շարժին: իսկ Որբունի հաւանաբար պիտի պնդէ, որ ինք իր կեանքը կու տայ, ինչ որ կը գրուի, գումարն է իր կեանքին, տագնապներուն, անձկութիւններուն, երեւակայութեան եւայլնէ Այսինքն՝ Որբունիի ամբողջ գործը կը շարժի հեղինակի կեանքին, ներքին կամ ենթակայական իրականութեան եւ ստեղծագործական իրականութեան օրէնքներուն միջեւ։
     Այս պատճառով ալ, «Հալածուածներ»ու ամբողջ շարքին մէջ մահուան, սիրոյ (սեռի-սիրոյ), առանձնութեան, անձկութեան եւ կամ նման թեմաներ յաճախանքի պէս պիտի կրկնուին։ Սակայն իրականութիւնը միշտ ալ պիտի հետեւի գրութեան օրէնքին եւ, մինչեւ իսկ իր մանրամասնութիւններուն կամ առարկայական տուեալներուն մէջ՝ հետեւողական պիտի չըլլայ։ Օրինակ, «Եւ եղեւ մարդ»ը , որ Որբունիի կատարած բազմաթիւ հաստատումներով շարքին ամբողջութիւնը պէտք է ըլլայ, բովանդակային կամ դիպաշարի առումով (եթէ այլեւս կարելի է դիպաշարի մը մասին խօսիլ Որբունիի վերջին 3 վէպերուն մէջ) չի պարփակեր տուեալ երեք գործերը։ Նիքոլի սէրը չէր կրնար վրիպած ըլլալ հեղինակէն, սակայն Մարի-Ժոզէթը ուրիշ յարաբերութիւն է եւ երկուքին միջեւ միակ նմանութիւնը կը մնայ անոնց օտար ու մեռած ըլլալր։ Նոյնիսկ պոռնիկներու հետ հանդիպումը, որ կը պատմուի երկու անգամ, մէկ՝ «Փորձը»ին, ապա՝ «Սովորական օր մը» խորագրով գործին մէջ, իր ֆիզիքական տուեալներով տարբեր է, այսին֊քն՝ ամենապարզ մէկ տուեալով, առաջինին մէջ երկու կիներ կան, երկրորդին՝ հինգ… ինչ որ կը նշանակէ, թէ գրութեան յղացքը ո՛չ միայն այսպէս կոչուած ձեւը կը փոխէ, այլեւ՝ բովանդակութիւնը։ Այսինքն՝ ձեւ-բովանդակութիւն երկուութիւնը կը դառնայ անիմաստ եւ գրութեան յղացքը, իր ընդհանուր իմաստով, ի՛ր իրականութիւնը կը բերէ…

Կարդալ Շար.2 այստեղ

ԺԹ. Տարի, 1980 թիւ 12